Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա.

Կը ճանչէի զինքն երբ տակաւին իր վարպետին աշակերտն էր՝ հազիւ տասնեւութ տարեկան։ Աղուամազն իր երկու ծնօտին քովերը կը ծածանէր, ամչկոտութեան կարմրին պէս, այտերուն վրայ կը տարածուէր։ Շալվար էր հագած, մոռ գօտին անոր ծալքերուն վրայ բոլորակ մը կը յօրինէր, սպիտակ գուլպաները, միշտ նոր, մաքրութեամբ կը ծփծփային։ Ճաշակ ունէր այդ խանի տղան։ Իր ուշադրութիւնը մասնաւորաբար մե՜ծ էր իր կարմիր ֆէսին վրայ, զոր մէկ քով կը ծռէր։ Վարպետն ըսած էր օր մը գինովութեան մէջ. «Տեսնե՛նք. միւս աշակերտներուս չնմանիր, Աստուած տայ որ ես սխալած ըլլամ»։ Վարդ իր վարպետին առեղծուածն եղած էր։

Բ.

Երկու տարիէն լաւագոյն արհեստաւոր էր շնորհիւ այն մասնաւոր խնամոց զորս վայելեց, շնորհիւ այն ընդունակութեանց՝ զոր տուած էր բնութիւնն այդ խանի տղուն։ Ուրագով, սղոցով բրտացած ձեռքերուն տակ՝ կը դնէր ձմեռ գիշերները սպիտակ թուղթը, եւ մինչ այլք, խոնջ ցերեկուան աշխատութենէն, կը քնէին, Վարդ գիծեր կը քաշէր, ճարտարապետական ուրուականներ կը կանգնէր. գծած էր Էսկի-Սէրայի պատկերը, որ շրջանակի մէջ առնուած՝ իր վարպետին գլխուն վերեւ կը կախուէր. Չրաղանը, Պէյլէրպէյին իր կապարին տակ ոգի առին։ Պէտք է ըսել որ մեր խաներուն ճարտարապետները գծելէ առաջ ուրագով ու սղոցով շինելու կը սովորին, եւ այսպէս գործնականէն դէպի տեսականը կ’ելնեն։ Վարդ այս ուղղութեամբ իր արհեստին մէջ զարգացումն առաւ. իրեն համար ինչ որ գործնական չէր, տեսականին մէջ անգոյ էր։ Քիչ քիչ սկսան իր վրայ խօսիլ «Վարդ լաւ րէսիմ կը քաշէ»։

Իր վարպետը, շնորհքով մարդ, ուզելով փորձել անոր ինքնագործութիւնը, փոքրիկ գործ մը կը յանձնէ, չորս սենեակով տուն մը։ Վարդ կը յաջողի որչափ կարելի չէր յուսալ. տանտէր ու վարպետ անհունապէս գոհ կը մնան։ Իրիկուն մը, սեղանի ժամուն, մինչ գինին յոգնած գլուխներէ վշտի մշուշը կը փարատէր, վարպետը կ’ըսէ յանկարծ իր աշկերտին. «Վա՛րդ, ես քու մեղքէդ ալ ելած եմ. այս չորս տարի է որ քովս ես, զաւկիս պէս նայեցայ, էշ ըսի գէշ ըսի եւ Տիրոջը աջողութեամբը մինչեւ հոս բերի։ Տե՛ս որ ըսեմ, զաւակս, դուն ա՛լ բնաւ մեզի պէս մարդոց կարօտ չես. ուրագ ունիս, կարկին ունիս, մատիտ ունիս, եւ ոչ իսկ մէկ տեղ քեզ հաց կը պակսի, միայն թէ ջանա՛ որ միշտ լաւ ըլլաս։ Ալ բան չեմ ըսեր. Աստուծոյ օրհնութիւն քու վրադ ըլլայ»։ Կը լցուին բաժակները, վարպետն իր ձեռքովը մէկ գաւաթն իր աշակերտին կը հրամցնէ, եւ սեղանակից եղբայրներու առջեւ՝ վարպետն ու աշկերտ բաժակ բաժակի կը զարնեն իբրեւ գործնական ապացոյց թէ այլ եւս Վարդ հաւասար էր իր վարպետին իրենց արհեստական ընկերութեան մէջ, անոր չափ յարգի եւ պատուաւոր. առաւելութիւնը կը մնար միայն տարիքին ու բարեացը մէջ, զորս վարպետն ունեցած էր իր աշկերտին վրայ։

Այդ օրէն սկսեալ Վարդ յառաջադէմ կը զարգանար. վարպետին պատուովն աշկերտն ալ կը փնտռուէր այլազգի տուներէ, ուր մտած ու ելած էր անոր շնորհիւ. ո՛չ մէկ տեղ անպատուութիւն չբերաւ։ Մինչեւ քսան երեք տարիքն ապրեցաւ այդպէս առանց մեծ փոփոխութեան իր կեանքի մէջ, եւ անմեղութեան ծիրանին իր այտերուն վրայ մնաց անթարշամ՝ զերծ խամրիչ շունչերէ։

Գ.

Միակ տէրն էր իր անձին. հայր տեսած չէր բնաւ, իր սիրելի վարպետն ալ հայրենիք դարձած էր արդէն, եւ փորձանքը կ’սկսէր քիչ քիչ Վարդի մօտենալ։ Այդ տարիքին փորձանքը… իրաւ, ի՜նչ սիրուն կ’երեւի անփորձ աչքերու։ Սպիտակ հագուած հրեշտակ մըն է, երկնքէն կ’առնու իր գեղեցկութիւնը։ Գիսակներն իր թիկանցը վրայ կ’իյնան ցրիւ ու ցանցառ, թեթեւ հովիկը կը տատանէր զայնս ըստ հաճոյս եւ կը յօրինէ այնպիսի անկարգութիւն մը, որ լի է վայելչութեան հրապուրանօք։ Աչքերը մեղուշ եւ անուշ են, շունչն առաւօտեան հովին պէս զովարար, նայուածքը կախարդիչ, ճակատն աստղերով շողշողուն, մէկ խօսքով՝ բանաստեղծական հուրի մըն է՝ լուսնի շողերն հագած, վարդերով եւ շուշանով հիւսուած։ Պէտք էր մենամարտիլ անոր դէմ. զարնել այդ սրբուհին ու գլորել։ Բայց ոչ. Վարդ ցոյց տուած էր արդէն իսկ որ կանացի տկարութիւն ունի իր խառնուածքին մէջ, վայրկեան մը միայն պէտք եղաւ ինքզինքը նետել իր ոսոխին ճանկերուն տակ, անոր քնքուշ թաթիկներուն, որ գառնուկին ասրանիւթ պատմուճանին փակած դժնիկ փուշին պէս, բզիկ բզիկ պիտի ընէր զնա։

Այս փորձանքը պահուած էր մե՜ծ յաջողութեան մը ետեւ, որ ելաւ գտաւ Վարդը. թա՜րմ, անթառա՜մ եւ գգուելի՜։ Իշխանազուն մը, օգոստոսի լուսավառութեան համար, վարպետի մը պէտքն ունեցած էր. կը գրէ մեծ պաշտօնատան մը։ Վարպետներ կը կոչուին, կը հրամայուի որ մէյմէկ րէսիմ մատուցանեն։ Վարդ, քսաներեք տարեկան, ինքն ալ րէսիմ մը կուտայ։ Կը հաւնին, ներս կը կոչեն, կը խօսին հետը, շնորհքով պատասխաններ կ’ընդունին, կը գտնեն այդ խանի տղուն վրայ կատարելութիւններ իր տարիքէն վեր. իսկ պակասութիւն, որ աչքի զարկած էր, իր շալվարն էր միայն, զոր փոխելու յորդորեցին։ Պէտք եղած պատուէրները կը տրուին, եւ Վարդ երկու օրէն, բանթալօն հագած, իր իշխանազուն տիրոջն առջեւը կ’ելնէ՝ սիրուն ու գեղեցիկ հագուած։

Գործը մէկ ու կէս ամիսէն աւելի կը տեւէ. նորատի շինուածապետն սքանչելիքներ յօրինել կուտայ։ Լուսավառութեան երկրորդ օրը բաւական խօսուած էր այդ շէնքին վրայ, իշխանազունն ալ, ի նշան իր մեծ գոհունակութեանը, կարգեց զնա շինուածապետ իր անհատնում կալուածոցը։ Այդ օգոստոսէն մինչեւ յաջորդ օգոստոս 8900 ոսկուոյ նոր շէնքեր շինեց Վարդ իր տիրոջը։ Կը վաստկէր ու կը վաստկցնէր, կը շահէին կառապանք ու ձիավարները։ Ի՜նչ առատաձեռն են մեր վարպետները, կուտան, անհաշիւ կուտան. անհաշիւ տուած էր Վարդ, ինչպէս որ ալ անհաշիւ առած, մէկ տարուան մէջ 950 ոսկի։

Դ.

87 ի օգոստոսն էր. լուսավառութեան նախընթաց ցերեկը Պէօյիւք-Տէրէ ելած էր Վարդ. իր քովն ունէր նոյն օրը 340 ոսկի՝ մէկ օր առաջ գրպանը դրած։ Իր միտքն էր իրիկուան տասնի շոգենաւով վար իջնել, զի անհրաժեշտ էր հետեւեալ առաւօտուն գտնուիլ իր պաշտօնատեղին, ուր նոր շէնք մը տակաւին ի ձեռին ունէր։ Վարպետորդի մը, որ հեռուէն մօտէն ճանչցած էր զնա իշխանազնին ապարանից մէջ, ուզեց խաղ մը խաղալ, եւ յաջողեցաւ բռնել ծուղակի մը մէջ, ուր իբրեւ խայծ կարթին ծայրը դրուած էր Զարմուհի, մանկամարդ կին մը, գեղանի եւ շնորհաշուք։

Իրիկուան ճաշին կը հրաւիրեն զնա. Վարդ, մեծամեծ դժուարութիւններէ ետքը, ուր ուրեմն յանձն կ’առնու չկոտրել Սերոբէ աղան։ Ժամը տասն էր. ամբոխը տակաւ վար կ’իջնէր Հիւնքեարէն։ Քէստանէի սաղարթագեղ ծառոց տակ սեղան մը յարդարուած էր. տասներեք հոգի շարուած էին, գլուխը նստած էր Զարմուհի իբրեւ անհամեմատ զարդ մը սեղանին. Թ. քնարահարն, որ արդէն փորձած էր մեր Վարդն, իր խմբովն եկած նստած էր. քառաղին, որ աղեղնակին տակ կը թրթռար, մաստիքայի շոգուոյն հետ ուղեղները կը տաքցնէր, ջիղերը կը թուլցնէր։ Երկու ժամ ծալլեցին դրին ծառերուն տակ։ Վար կ’իջնեն, բայց ո՞ւր։ Վարդին գաղտնի կարգադրութեամբը շոգեկուր մը եկած կեցած էր Մէզար-Պուռնույի նաւամատոյցին քով. նուագածուաց խումբը, չնչին պատրուակաւ մը, Պէօյիւք-Տէրէի զբօսարանապետին հետ գժտուելով, ինքզինքը Վարդի տրամադրութեան ներքեւ դրաւ. 15 ոսկի մէկ գիշերուան համար, եռապատիկ վարձք։

Շոգեկուր կը մտնեն տասներեք հոգին ալ։ Նստողներուն շարքը նենգաւոր եղաւ. Վարդ Զարմուհւոյն քովն ինկած էր, ժամ խնդի՜ց եւ աղէտից…։ Շոգեմակոյկը կը սահէր լուսերու եւ շողերու տակ. հրաբերձիկ փամփուշտներ կը պայթէին օդին մէջ՝ կարմիր, կանաչ, սպիտակ լուսերու անձրեւ մը թափելով հողմածփիկ Վոսփորին վրայ։ Ասիական եւ եւրոպական եզերքները շողերու եւ երանգներու մէջ կը խեղդուէին։ Լուսինը թեթեւ շղարշի մը տակ կը ծրարէր իր գեղոյն պայծառութիւնը՝ տարածելով աղօտ եւ նուազ սպիտակութիւն մը, որ կը մարէր նոյն գիշեր լապտերներու, կանթեղներու եւ հրթիռներու կենդանութեանը մէջ։ Երկինք տեղի կուտար…։ Տասն եւ մէկ թիւ շոգենաւը կ’անցնէր հանդարտիկ. երկա՜ր ալիք մը, որ կը ձգուէր միշտ ծալքի մը պէս անիւներուն բախմամբը, կը հասնի, շոգեկուրին կողին կը զարնէ մեղմով. քիչ մը դէպի մէկ կողմ երերում, եւ ահա Զարմուհւոյն քնքուշ թաթիկները Վարդի վրայ. վէպն այդ վայրկեանէն կ’սկսի՝ թուլցած եւ լքուած էր Վարդ. ալ բերէք ի՛նչ որ կուզէք։

1000 հատ հրթիռ։

100 հատ մայթապ ։

Պիւֆէ ին ամբողջ ծախքը։

Վեր ու վար կը տանէր զիրենք շոգեմակոյկը. Արեւելեան մեղկ նուագը, օդի եղկ հոսանքի մը պէս, կը տարածուէր չորս կողմ, հրթիռները կը սլանային, մայթապները տժգոյն սպիտակութիւն մը կը պարզէին նաւորդաց գինով, Զարմուհւոյն արբշիռ եւ Վարդի տարփոտ դէմքերուն վրայ։ Ամէն անգամ որ կանգ առին քիչ մը նաւամատոյցի մը քով, ամբոխը կ’ըսէր. «Հովարտան կ’անցնի կոր»։ Ժամը մինչեւ ութուկէս ծովին վրայ կը մնան։ Աղօթարանը կը բացուէր. կանթեղներն օրհասականի ցոլքերը կ’արձակէին, հաճոյից վայելքը կը թուլցնէր մարմինները, քառաղին ալ խոնջած էր եւ քնարահարին խման կտնտոցին տակ իր ճամբուն ուղղութիւնը կը կորսնցնէր՝ պատէ պատ գացող գինովին պէս։ Վարդ Զարմուհին միայն տեսած էր. լուսավառութիւն, ծով, ծփանք, նուագ, շարգը, չեղածի չլսուածի պէս անցած էին։

Շոգեկուրն իր վերջին ձայնն արձակեց Մէզար-Պուրնուի նաւամատոյցը. ցամաքը կ’ելնեն. Վարդ հիւր տարուեցաւ Զարմուհւոյն տունը, սպանդանոցն իր կեանքի անմեղութեան։ Երազներով զարդարուն քուն մը կ’ունենայ։ Ժամը ցերեկուան հինգը կը զարնէր, կ’արթննայ ընդոստ. աչքերը կը բացուին։ Երանութեան սենեկի մը մէջ էր, անո՜ւշ ձայն մը կը տարածուէր տանը վարի յարկը։ Հագուեցաւ, վար իջաւ, ճաշեց եւ հրաժեշտ առնելով վազեց նաւամատոյց։ Հազիւ թէ ելած էր դուրս, այն ատեն միայն որոշակի զգաց թէ բան մը կը թողուր իր ետեւը, բան մը առ որ շղթայակապ կը ձգուէր…։ Ծանօթ մը կը հանդիպի. շա՜տ ստիպում, եւ Վարդ նոյն գիշեր կը մնայ վերստին Զարմուհւոյն։ Ալ գերեալ էր…։

Գիշերոյն այնորիկ շիջցին աստեղք աղօտաջահք.

Հետեւեալ օրն իր պաշտօնատեղին գնաց. 96½ ոսկի ծախք եղած էր։ Փոյթ չըրաւ սակայն. զի այնպիսի կեանք մը սկսած էր, որուն քով աշխարհք մը կ’ոչնչանար։ Զարմուհին իր երազն էր, խենթի պէս անձնատուր եղաւ անոր։ Եթէ կրակին մէջ ալ գտնուէր, շաբթուան մէկ օրը կը զոհէր անոր, մանաւանդ հարկ չկար որ միշտ ինք վեր ելնէր. Զարմուհին այս ու ան պատրուակաւ վար կ’իջնէր իր ամուսնոյն հետ, մէկ օր գլխարկի փետուր մը պէտք կ’ըլլար, միւս օր հովանոց մը, այսօր ձեռնոց մը, վաղը վզնոց մը, անհատնում բաներ։ Եւ մինչ Մանկասար աղա, ամուսինը, վաթսունին վրայ երերո՜ւն, շուկան կ’ելնէր, Զարմուհին կամուրջին միւս ծայրը կը գտնէր Վարդը՝ միշտ հաւատարիմ իր ժամադրութեանը։

Ցերեկուան վեց ժամերը մէկտեղ կ’սպառէին. տասներորդը կը բաժնէր զանոնք՝ կուռ ու կուշտ հաճոյքէն, այսօր յափրացած եւ վաղը սովեալ նորեր սպառելու։ Զարմուհին սիրտն ու թեւերը բացած էր Վարդին վանելու համար կարկամ բազուկներու սարսուռն, զոր ազդած էր իրեն ոսկւոյ ամուսնութիւնը. Վարդ, անթառամ վարդ առաւօտեան ժամերուն մէջ, մղուած տարիքին բուռն հոսանքէն՝ մրրկաց հրուանդանին քովերը կը խաղար. բոլորովի՜ն փոխուեցաւ…։

Ե.

Ա՛յսչափ փոփոխութիւնք այդ կեանքին մէջ չէին կրնար անտես անցնիլ։ Իր իշխանազուն տէրը նշմարած էր որ նորատի վարպետը անյագ տզրուկի պէս փակած էր հաճոյից։ Բաւակա՜ն երկայնամիտ գտնուեցաւ կեանքի վրայ ունեցած համոզումներովը, եւ ուր ուրեմն, գթութենէ մղեալ, միջնորդներով ջանաց զգաստութեան բերել, բայց զուր։ Վարդ ամէն դարձին, զոր կը դնէր անբաւ վայելից, ու անհաշիւ դրամներու վրայ, կ’որոշէր ալ կեցո տէր ըսել. բայց հազիւ քանի մը օր անցած, եւ ահա սրտով ու սիրով թարմացեալ մարմնոյն մէջ հաճոյից աղաղակը կ’արթննար. ալ բա՛ն մը չէր երեւեր աչքին։ Կ’երթար, կը կորսուէր յանկարծ. ո՞ւր, ոչ ոք գիտէր։

Չզգաստացաւ, իշխանազուն տէրն արձակեց զնա իր դռնէն, եւ Վարդ գնաց անտրտունջ՝ փակելով վաստակի մե՜ծ դուռ մը, զոր քիչ անգամ կրնայ ձեռք ձգել վարպետ մը, գոցեց ու քարեց աղբիւր մը այդ նորատի կնկան սիրոյն համար։

Այդ կորուստին վրայ ցաւելու չէ, բախտին սիրական զաւակն էր։ Մէկ ամիս հազիւ անցած, քանի մը շէնք մէկանց կ’սկսի, տասներկու տուն. 4000 ոսկի իր ձեռքէն պիտի գլորէին. հարիւրին տասն առնելով՝ շահած կ’ըլլար 40-50, 000 դահեկան, թողունք մանր մունր հաշիւներ։ Յաջողութիւնը կարծես հաճոյք կ’զգար այդ երիտասարդին առջեւ ծաղիկներ ցանելու. միշտ ժպտեցաւ իրեն, եւ եթէ ըլլար որ գարնան ջինջ երկնից պէս մերթ պղտորէր թեթեւ ամպերու տակ, յանկարծ կը պատռէր կ’իյնար սեւ շղարշը մէկ շնչով, եւ ժպիտը վերստին կ’երեւէր տամկացեալ աչքերուն վրայ գեղածիծաղ։ Վարդ նոր գործեր կ’սկսէր։

Իր յաջողութեանց մէջ կայ պարագայ մը, զոր թերեւս բախտ ըսուածը ոչ մէկուն համար ստեղծուած ըլլայ։ Օտար մը, որում ծանօթացած էր եւ ընտանեցած ատաղձ գնելով, օր մը տեսնելով Վարդը Ճըրճըռի ծառերուն տակ Զարմուհւոյն քով նստած, մե՜ծ հաճոյք մը կ’զգայ, անլոյծ վրէժխնդրութեան հաճոյք։ Այդ մարդը տարիքով Մանկասար աղայի ժամանակակից, ոսկիներով ալ անոր չափ նախանձելի, տարփոտ աչքերով Զարմուհւոյն նայելու յիմարութիւնն ունեցած էր. ոսկին ի՞նչ անմտութեան չտանիր իր ժառանգորդները։ Բաց Զարմուհին արդէն զոհ նետուած ոսկիներուն առջեւ, այնպիսի խո՜ր արհամարհանք մը կը նետէ այդ ընչեղ օտարին ալեխառն մազերուն վրայ, որք քանի մը օրէն ճեփ ճերմակ կը կտրին։ Ալ քանի՜ անգամ որ կը պատահէր մանկամարդ կնոջը քարափին վրայ, դողդոջուն ձեռքը մօրուացը տանելով՝ գլուխն ու աչքերը դէպի վար կը քաշէր՝ արհամարհանքին տակ ընկճած։ Իսկ երբ կը տեսնէ այդ օրը իր երիտասարդ բարեկամը Զարմուհւոյն քով նստած յաղթական, բազմութեան առջեւ, առանց բնաւ քաշուելու, աղաղակ մը կ’արձակէ. «Երանի՜ երանի՜ քեզ» …։ Օտարն իր տղուն կը հրամայէ որ Վարդ հետեւեալ առաւօտուն գայ տեսնէ զինքը։ Տեսած էր, եւ 100 ոսկի նուէր առած պայմանաւ որ ամէն շաբթու որոշեալ ժամու մը՝ Վարդ Զարմուհին թեւն առած, իր տանն առջեւէն անցնի։ Վարդն իր օտար բարեկամին սիրտը չկոտրեր, եւ ամէն անգամ որ կ’անցնէին, ծերունին սպիտակափառ գլուխը պատուհանէն դուրս հանած, կ’ըսէր սրտագին եւ դողդղալով. «Երանի՜ երանի՜ քեզ»…։

Զ.

  Եօթը տարի է այնուհետեւ կեանքի ամէն շրջանի մէջ մտաւ, ամէն տեսակ ելեւէջներէ անցաւ։ Տարիքն է այսօր քսանեւեօթը. թարմ է տակաւին անթառամ ծաղկի մը պէս։ Ոսկիները եկան ու գացին հաճոյից բուռն ու կրից կուռ հոսանքներուն պէս։ Բերայի վարձակները կը պաշտեն զինքը. կառապանք ու զբօսարանապետք տեսնեն թէ չէ, կը բերկրին, օգոստոսի լուսավառութեան գիշերը Վոսփորի մէջ յիշատակ մը կը թողու։ Կ’ընէ չյոգնիր, կուտայ չհատնիր, ի՜նչ անսպառ տղայ… մեր Հովարտան այսպէս է։

Լուսավառութեան հետեւեալ օրը Վոյվոտան դէմս ելաւ. ժամը հինգն անցած էր. գինովի մը կերպարանքն ունէր, նոր ելած էր քնէն։ Աչքերուն ու ճակտին վրայ, խոնջութեան ներքեւ հաճոյից հետքերն այնպէս կը տեսնուէին ինչպէս կարմրութիւնը ամպի մը եզերքը տարածուած։ Նստեցանք, խօսեցանք, կամ մանաւանդ խօսեցայ կարեկից սրտով։ Զղջումը կուգար կ’երեւէր, հաւանութիւն տուաւ, ինչպէս ամէն անգամ. անառակ տղայք ալ այսպէս են։ Երկրորդ օրը վերստին տեսակցութիւն, խորհրդակցութիւն կեանքի վրայ. Հիւանդանոցն ալ յիշեցուցի, բայց անօգուտ, կ՝ըսէ.

«Զարմուհին չեմ կրնար թողուլ։

Ջանամ ոսկիներս տնտեսել եթէ այս անգամ նոր յաջողութիւն ունենամ»։

Երկու շաբաթ անցած էր, օր մը ուրախութեամբ լսեցի որ նոր շէնք մը սկսած է Վարդ։ Գացի գտայ զինքը ժամադրութեան մը համեմատ։ Երկու էին սենեկի մը մէջ. մանկամարդ կին մը, սիրո՜ւն ու վայելուչ հագուած, թիկնաթոռի մը վրայ կը նստէր, միջահասակ. վարդով ու շուշանով շինուած դէմքին վրայ զոյգ մը աչքեր կը վառէին, մազերու փոքրիկ ճղիկ մը աջ կողմը ճակտէն դէպի վար կ’իջնէր։ Վրձինէ դուրս եկած հելէն դիցուհի մը կարծեցի։ Իր հրապուրանաց զօրէղ մասը, զորս բնութիւնն անգթութեամբ շռայլած էր անոր, հայերէն նախադասութեանց հետ խառն հեշտալուր արտասանութիւնն էր։ «Զարմուհին է», ըսաւ։ Ճարտար խաղ մըն էր ա՛յս Վարդի ձեռքով պատրաստուած։ Զարմուհին բերել տուած էր որպէսզի չկարենամ իրեն դէմ կռուիլ։ Իրաւ ալ, միտքս դրած բաներ ոչ մին խօսեցայ, եւ թէեւ մեր խօսակցութիւնը կեանքի ապականութեանց վրայ դարձաւ, սակայն լռիկ եզրակացութիւնն այս եղաւ որ Զարմուհի վրէժ մը կը լուծէր բնական օրինաց զեղծումներուն դէմ, եւ Վարդ պատուհասող գործիք մը եղած էր անոր փափուկ ձեռքերուն մէջ։

 

«Մասիս» 1890. թ. 3849.