Պանդուխտի կեանքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Հով մըն է գրեթէ որ կը փչէ օր մը, եւ քանի մը շաբաթ չանցած՝ կը քանդէ կը տարտղնէ ամբարտաւան եւ գոռոզ շէնքերն, ուր շաղախին ջուրն եղած են բռնաբարուած քրտինքի կաթիլներ խառն արցունքի հետ։

Այդ հովն է որ անծանօթ բերնէ կամ ծակէ փչելով, հաստատութիւն տուած է բարոյական առածներու, որոնք վայրի խաւերու մէջ Սաղմոսի կամ Յիսուսի խօսքերու պէս են, թէ՝ Դուն ալ պատիժդ կը գտնես. Շատեր եկան ու գացին. Աստուծով քեզի՛ ալ ողորմութիւն պիտի տանք. աս եւ ասոնց պէս բաներ ըստ պատշաճի։ Ե՛ս ալ, չգիտեմ որ թուականէ սկսեալ, ատ նախադասութենէն մէկը փոխ առած կ’արտասանէի անո՜ւշ դառնութեամբ, երբ դիպուածով դէմս ելլէր եւ բարեւ մը կորզէր ինձմէ։

* * *

Մարդ արարածի վրայ բնութեան եղծումներու հաւաքածոն էր ատ անձը։ Կէս մարդու հասակ, մանր ու ճպռոտ աչքեր, ծաղիկէն ծակծակ երեսներ, աղաւաղ ձայն մը, բերնէ շրթունքէ դուրս թափած խօսակցութիւն մը՝ ուր խելքէ զատ ամէն բան կարելի էր գտնել։

Բախտ կամ դիպուած, ընդունեցէք ո՛րն ալ կ’ուզէք, զինքը ներս մտցուցին օր մը մեծ տունէ մը. եւ ունեւոր սեղանի փշրանքներէն կերակրուած շան պէս, խոհանոցին աւելցուքները բաժին առաւ իրեն։ Իր շնորհքն ատ մեծ դրան առջեւ՝ իր բոլոր անշնորհքութիւնն էր, որու կը միանային կապկութիւն, կեղծաւորութիւն եւ ամէն ինչ որ մարդէն դուրս է։

Ինչպէս կ’ըսեն, բախտը անձնահաճ աղջկան մը պէս է. յիմար ժպիտներ ունի, խենթ հաւանութիւններ։ Ժպտած էր ատ արարածին եւ ձեռքէն բռնելով տարաւ զինքը մինչեւ ճարտարապետութիւն։ Հարիւր ոսկի եկած մտած էին քսակին մէջ. հարկ էր զանոնք տեղ մը աւանդ տալ, գաղտ, մութին մէջ, ուր աչք մը չթափանցեր։ Իր հանմին կը յանձնէ 100 հատ դեղին, շողոն, շառագոյն։ Տարիներու հետ դէզը կը մեծնար, օր մըն ալ թիւը ելած էր մինչեւ 1000 տիկնոջը քնքուշ թաթիկներուն տակ։ Վերը Աստուած, վարը տիկինը, ալ անկէ անդին մարդ չէր ճանչեր։

Հազա՜ր ոսկի, բախտի կամ վիճակահանութեան թիւ չէր. տարուէ տարի, ամսէ ամիս, շաբթէ շաբաթ, իբրեւ արդար քրտինքի վարձք, առնուած գումարին թիւն էր, անիրաւ թիւ մը, գրեթէ գողօնի մը պէս շինուած։ Ատ մարդը՝ ոտքը հաստատած զօրեղ դրան մը առջեւ, թզուկ՝ հսկայի պէս կը զարնէր վարպետ ձեռքերու, եւ հո՛ս էր որ աղուէսը կը խլէր առիւծին բաժինը։

Օրին մէկը, չարաշուք օր մը օրերու թուոյն մէջ, ամուսնութեան հովեր կը փչեն իր գանկին։ Հաստատապէս ըմբռնած էր թէ Պոլիս իրեն արժանաւոր աղջիկ ծնած չէր, շրջազգեստի եւ սիրուն գիսակներու տակ ո՛չ մէկ հոգ իրեն համար. գէ՜շ, գէ՜շ ամենքն ալ գէշ։ Աչքը դուրսն էր. ձմեռ մը Բալու գնաց իր հանըմին հաւանութեամբը եւ հետեւեալ գարունը դարձաւ իր հարսին հետ. գաճաճ մը, բնութեան մէկ վիժուկը կորովի, շնորհագեղ էակի մը հետ։ Իրա՛ւ որ աղջիկները սիրտ չունին. քիչ անգամ եւ կամ քիչերն են որ գերագոյն արհամարհանքը գիտնան։ Ի՞նչ բերկրանք կամ վայելք բնութեան ատ եղծած ու քանդած պատկերին վրայ։ Բայց ոչ, լսուած էր թէ փարայ ունի... ։ Գարշելի՜ հրապոյր։

Ատ կարգի մարդոց յաջողութիւնը մէկով չըլլար. թիւեր կը միանան եւ շրջանակ մը կը շինեն. փշրանքներէ կերակրուողներ, որոնք կը նպաստեն սկսուած անիրա՛ւ յաջողութեան։ Իրաւ տեսնելու էր առտու, իրիկուն, մանաւանդ իրիկունը, գաճաճը շրջապատուած իր էակներէն, սրճարանի կամ գինետան մէջ, անօրէնութեան կապուած նենգաւորներ։ Յաջողութիւնն ալ ահարկու կ’ըլլար. տուն, տեղ, գործ, վաստակ, անուն իր դասակարգին մէջ, գգուելի պատուասիրական տիտղոսներ, զորս շողոմ շրթունքներ ճարտարել գիտեն՝ մարդոց նուաստ կիրքերը փայփայելու համար։ Ոսկիներուն թիւն ելած էր երկու հազարի, առջի տեղը սակայն, հոն ուր բոյն դրած էին ատ անիրաւ կլորիկները։

Հաւաստի գիտեմ որ երբեք գործաւորներու օրականը այնչափ ուժգին հարուած կերած չէ որչափ ատ արարածին ձեռքով. եւ ի՛նչ որ յայտնի էր՝ բերան բանալ չկար։ Իսկ ցաւալին այն էր թէ գործաւորներ անպակաս եղան միշտ. ամենքն ալ զրկուեցան իրմէ եւ ամենքն ալ նպաստեցին անոր անիրաւ յաջողութեանը։ Մարդկային աղէտքի պէս բան մըն է աս. անմեղութեան գիտակցութիւնն ունենալ, մոմին լուսով չարն արհամարհել սրտանց, իսկ արեւին տակ ձեռքով քրտինքով նպաստել անիրաւ յաջողութեանը։

* * *

Յաջողութիւնը տասնեակ տարիներ տեւեց, գաճաճի մը վրայ շինուած ամբարտաւանութիւնը, կարծեմ քիչ անգամ ատքան փքուած էր։ Զայրոյթս կ’աւելնար։ Հիւանդ որմնադրի հաց չմնաց, ուր անոր աղտոտ ճանկերը չերկարէին։ Կը մնար տակաւին մեծ յաջողութիւն մը։ Ահագին շէնքի մը վրայ ձեռք դրաւ. ահագին առնելիքներ վերջին շունչով կ’ուռեցնէին աս ամբարտաւանութիւնը։ Կորուստ մը կեղծեց՝ քրտինքներու արդար գինն անիրաւաբար կորզելու. ինքզինքը ծանծաղուտի վրայ օր մը ծփանքներու մէջ կը նետէ, խեղդուելու պէս բան մը, որ պարարտ մարմնոյ մը լոգանքէն տարբեր բան չէր, եւ այնուհետեւ կամաւոր ապշութեան ներքեւ անվճար մաքրեց մշակի, վարպետի ամէն հաշիւ։ Ատ հնարքին երկրորդ օրը 2000ին վրայ կարեւոր թիւ մըն ալ բարդուած էր։ Ի՜նչ անճառ բերկրութիւն, գաղտ, անհաղորդ բերկրութիւն գումարի մը վրայ զոր ստեղծելու համար՝ գաճաճ մը սողուն եղած էր դրան մը առջեւ, ճիւաղ եղած էր իր արհեստակիցներու համար, վագր եղած էր հառաչանքներու եւ արցունքներու մէջ։

Իր կնիկը անցած դարձածէն շատ բան չգիտեր. միայն նշմարած էր շատ անգամ որ էրիկը հաշիւներով կը զբաղի գաղտ, կասկածներու մէջ ամփոփուած կամ կծկուած. վերջին օրերը մանաւանդ այնչափ զգուշաւոր էր որ ինքզինքը մատնելու աստիճան անզգոյշ երեւցաւ։ Կը կռահէր որ բանով մը գրաւուած է էրիկը, սատանութեան պէս բանով մը։ Յատակը չխառնելու վարժութեամբ, միայն երեսանց հետաքրքիր կ’ըլլայ, եւ մարդը 2500 ոսկուոյ գումարը բերնէն կը փախցնէ։ Թեթեւ բան մը չէր. ուստի ամէն առթիւ որ կինը Սամսոնի թոյլ վայրկեանները ձեռք ձգէր, մատը կը խառնէր հաշիւներուն մէջ գաղտնիքը կորզելու. «Հանըմին քովն է. ապահով պահուած»։

Հիմա կնոջը միտքը ա՛լ անով կը զբաղէր։ Ամէն օր խօսք կ’ըլլար, անո՜ւյշ խօսք, կասկած արթնցնող խօսք։ Ի՞նչ կը նշանակէր ահագին գումար մը դնել տարիներով կնոջ մը ձեռքին տակ, եւ երթալ սողունի պէս քսուիլ դրան մը առջեւ։ Ի՞նչ ապահովութիւն։ Իրա՛ւ, ալ կասկածն արթնցաւ. պաղ շունչ մը փչած էր հոն, եւ մարդը, զրկանքի եւ անիրաւութեան մէջ քնացող ոգի, համարէ՛ թէ քուն չունէր։

«Վաղը կ’երթամ, փէշերը կը պագնեմ ու կ’ուզեմ»։ Դիւրին չէր սակայն. եւ ամէն անգամ որ կը պատրաստուէր դուրս ելլել ատ խորհրդով, կը զգար, որ գիշերուան արիութիւնը չունի առտուն։ Քանիցս գնաց եկաւ, ուզելու գնաց, չուզելով դարձաւ. ուզելու վախն ունեցաւ։ Եւ ինչո՞ւ չունենար. ի՞նչ ունէր ատ դրամներուն մէջ, Մարկոսին քրտինքը, Կիրակոսին արցունքը, մշակին ախը, բեռնակրին հախը։ Ամէնէն աւելի ապականուած մարդն իսկ խղճմտանքի ժամեր ունի։

Ու արդարութիւնը, որ այրած սրտերը սփոփելու կոչումն ունի, իր պարտքը կատարեց։ Իրաւ, երբ օրին մէկը հոգին բերանն առած ազազուն տերեւի մը պէս իր հանըմին առջեւ ստակի խօսքովն երերաց, «Անանկ բան չեմ ճանչեր. խենթեցա՞ր, ի՞նչ կ’ըսես»։ Հրաման կը տրուի, եւ սպասաւորները դուրս կը նետեն թշուառականը։ «Իրա՛ւ փախուցեր է. մենք չենք հաւատար որ ինքզինքը ծովը նետած էր. ճիշդ է, հասկցուեցաւ», ատ տանը մէջ ըսած էին իրարու. ծովը նետուած էր խեղճ աշխատաւորներու հաշիւը փակելու համար, յիմար ձեւացած էր եւ իբր յիմար դուրս նետուեցաւ։

Տուն կը դառնայ ջախջախուած սրտով ու հոգիով, եւ այնուհետե՛ւ ալ բանը բուսած էր։ Ո՞ւր էր թզուկը որ հսկայի պէս կը յոխորտար։ Խոյս տուին իրմէ իր արարածները, եւ կարծեմ ամէնէն առաջ անոնք էին որ ատ կործանած շէնքին փշրանքներուն վրայ ուրախ եղան. քիչ քիչ մխիթարութիւն տարուեցաւ խանի մը մէջ, ուր այնքան սիրտեր վառած խանծած էր։ «Օ՜խ, դո՛ւն ալ գնա մեր հախը ուտողներուն մէջ։ Մեր փարան ուտողին հալն է՛ն վերջը ատ է։ Մշակին դրամը ուրիշի տուն չշիներ։ Համալին քրտինքը օր մը կրակ կ’ըլլայ եւ ծծումբի պէս կ’այրէ»։

Աս «օ՜խ»երն ու «ախ»երը փրթան ապառաժներէ վար թափող ջուրերու պէս, եւ ահագին արհամարհանքն սկսաւ, մինչեւ որ ան մարդը մեկնեցաւ Պոլսէն անծանօթ վայրերու մէջ թափելու իր ցաւն։ Երկու տարի է որ խօսք չէր ըլլար։ Նախորդ շաբթու մէկն ըսաւ որ շատ անգամ հացի կարօտ ալ կը քաշէ։ Չեմ ցաւիր բնաւ իր վրայ, այլ կը փառաբանեմ ա՛ն ձեռքը, աներեւոյթ ձեռքը, որ ժողովուրդին մէջ բարուոյ եւ անիրաւի առածներ կը հիւսէ մշտնջենապէս, եւ զարնելով անիրաւ շէնքերը՝ մթին սենեակներու մէջ սփոփանք կը սփռէ խաւարին վրայ արձակուող ճաճանչներու պէս, կը կտրատէ ցանցերն արդարին առջեւ եւ իրենց ծուղակներուն մէջ կը բռնէ խաւարասէր ոգիները։ Պատիժ չէ՞ աս։

Իսկ ինչ որ ցաւալի կը գտնեմ ատ կեանքի վրայ, ատ կեանքէն դուրս, իր կինն ու քանի մը զաւակներն են, ամենքն ալ մատաղ։ Ատոնք հոս եկած են հիմա։ Յորդոր կուտամ մեր վարպետներուն, անոնց մանաւանդ որ զրկանք կրած, բռնաբարուած էին գաճաճին ճանկերուն տակ, հաւաքել գումար մը եւ մատաղ հոգիներուն մօրը ղրկել որ զիրենք խնամէ։

 

«Հայրենիք» 1892, թ. 268.