ՄԵՐ
ՈՒԺԸ
Պարտէզին
մէջ
մայիսի
արեւ
մը
կը
խայտար
ու
աքասիաներու
ծաղիկներ
յամրօրէն
ստուերներուն
մէջ
կը
թաւալէին։
Շուշան
աթոռակի
մը
վրան,
յամրօրէն
կը
հիւսէր
գուլպան,
ու
իր
առջեւ
թարմ
մարմանդին
վրան
փոքրիկ
մը
անհանդարտ
կը
շարժէր,
կը
քրքչար
ու
անհասկնալի
բարբառ
մը
կը
նետէր
մեծ
մօրը
երեսին։
Կինը
յաճախ
գաղտագողի
ու
պաշտպանող
ակնարկով
մը
զայն
կը
լրտեսէր.
քաղցրօրէն
կը
ժպտէր
ու
կը
շարունակէր
հիւսել։
Յոգնած
կին
մը,
որ
տակաւին
ծեր
չէր
համարուեր,
բայց
աւերուած.
հատած
ու
նիհար։
Յայտնի
կերեւար
վիշտերու
գծած
կնճիռները
դիմագծերուն
վրայ,
որոնց
վրայ
սակայն
կարելի
էր
նշմարել
թարմութեան
քանի
մը
շեշտեր։
Մազերը
այրիին,
որոնք
սեւ,
ու
լրթագոյն
ծաղիկներով
եզերուած
լաջակէն
կ՚իյնային
դէպ
ի
կզակները,
կանխահասօրէն
սպիտակ
էին
կարմիր
դեղնութիւնով
մը։
Կինը
անհուն
զրկումներու
կեանք
մը
կը
յիշեցնէր։
Պահ
մը
Շուշան
լքեց
ձեռքերը
վարդագոյն
գոգնոցին
վրան.
սպիտակ
բուրդէ
գուլպան
բռնած։
Դէպի
ետին
ձգեց
գլուխը,
ծառի
բունին
կրթնցուց,
ու
հեշտանքով
գոցեց
աչքերը,
հանգստաւէտ
թուլութիւն
մը
զգաց
կանխահաս
ծերունին,
արեւէն
գինով։
Երբեք
այդքան
եզական
խաղաղութիւն
չէր
զգացած,
տառապանքի
վարժ
ու
ցաւերու
մէջ
ծնած,
այդ
սփոփ
վայրկեանը
իրեն
համար
գերագոյն
նուէր
մ’էր։
Հով
մը
կը
շարժէր
իր
քթանէ
մազերը
ու
արեւը
սփոփանք
կուտար
իր
դէմքին։
Շուշան
հետզհետէ
աւելի
երանութեան
մէջ
կ՚իյնար,
ո՛չ
մէկ
յուզում,
տաժանելի
աշխատութիւն
զինքը
կը
զբաղեցնէր։
Ատանկ
գարուն
մը
առաջին
անգամ
էր
որ
կ՚անցնէր
խորհեցաւ
ու
իր
երակներէն
զգաց
սողալը
տեսակ
մը
խայտանքի
եւ
յաղթութեան
երգի։
Ուրեմն
ամէն
հոգ
վերջացա՜ծ
էր,
ալ
կ’ապրէ՞ր։
Պահը
հազուագիւտ
էր։
Բոլոր
երկարատեւ
հոգերը,
կեանքի
անարգութիւններ,
տարապայման
աշխատութեան
ժամերը,
կազմուելու,
դէպքի
կործանումէն
վերականգնելու
երազը
չէին
ձգած
իրեն
անդրադառնալու,
անցեալին
վրան
գէթ
անգամ
մը,
յիշելու
հին
կեանքը,
բայց
լաւ
էր
որ
այդպէս
եղած
էր։
Յաղթականը
պէտք
է
պայքարէն
վերջ
ամփոփուի
ու
տեսնայ
յաղթութեան
մեծութիւնը։
Եւ
Շուշանի,
հէգ
Կիւրեղենց
Շուշանին
համար
պահը
աւելի
նպաստաւոր
էր
արթնցնելու,
քրքրելու
գզերու
հին
կնճիռներուն,
անհամար
յուզումներուն,
գերագոյն
ճիգերուն,
հերոսական
կամքի,
հաւատքի,
եւ
ցեղային
անգիտակից
իտէալի
յիշատակները։
Շուշան
այս
երանութեան
վայրկեանին
պէտքը
կը
զգար
բնազդօրէն
բանի
մը
ու
ատիկա
իր
հին
կեանքին
հաշուէտուութեան
պէտքն
էր,
կեանքին
փոթորկոտ
տարիներուն։
Երկու
մանչերը
հեծցուցեր
էր,
փոքրիկ
քաղաքին
մէջ
անոնք
հարուստ
կը
սեպուէին,
եւ
իր
տունը,
իր
տունը
հիմա
առատութիւն
կար,
կէյիկի
կաթն
անգամ
չէր
պակսեր,
եւ
ո՞վ
գերագոյն
երջանկութեանը
հարս
մ’ալ
ունէր,
հարս
մը
եւ
ի՜նչ
հարս…։
—
Փա՜ռք
Տիրոջը,
փա՜ռք
ստեղծողին
մենախօսեց
Շուշան
ու
ինկաւ
աւելի
խոր
անշարժութեան
մէջ,
ցաւագին
արտայայտութիւն
մը
զգալի
եղաւ
իր
դէմքին
վրայ։
Դէպքին
վրայ
կ’անդրադառնար,
իր
կեանքը
դէպքէն
կը
սկսէր,
մոռցած
էր
հարսնութեան
ամօթխած
գոհունակ
օրերը։
Աշխարհ
ճանչցած
էր
դէպքէն
վերջ,
եւ
ի՜նչ
դէպք,
ի՜նչ
աւերող
շրջան։
Փոքրիկ
բարգաւաճ
քաղաքը
մոխրակոյտի
մը
վերածուած
էր։
Շուշան
կրկին
կ’ապրէր
դէպքը
եւ
անոր
երեւակայութիւնը
կը
կազմէր
պատկերներուն
ամենէն
վայրագը։
Կը
լսէր
հեռաւոր
վայնասունները,
տապարներու
հարուածները,
զէնքերուն
ուժգին
չոր
պայթը,
կը
տեսնէր
հրդեհները
մօտաւոր
այգիներուն
մէջ,
կը
հոտուըտար
դաշտերուն
մէջ
այրող,
պոհրուող
ցորեններուն
բոյրը։
Մանաւանդ
պատկեր
մը
կը
ցնցէր
զինքը,
իր
դրացիին
տանը
առջեւ
կատարուած
նախճիրը։
Ա՜խ
ի՜նչպէս
կտրուած
ականջներէն,
դունջերէն,
ձեռքերէն,
ստինքներէն
արիւնը
կը
հոսէր
աղբիւրի
նման։
Շուշան
ցնցուեցաւ,
տագնապով
դիտեց
չորս
դին,
փոքրիկը
խոտերը
կը
կրծէր։
Լռութիւնը
երկինքէն
կ’իջնար
պարտէզին
մէջ
ու
արեւը
միշտ
աւելի
ջերմին
կըլլար։
Տունէն
պղինձներու
հունչը
կուգար։
Այրին
նորէն
մրափեց
եւ
ահա
ամբոխը
հայու
արիւնին
էն
յետին
կաթիլին
ծարաւի,
տեսաւ
իրենց
տան
առջեւ։
Թաթար
մը
կը
պարպէր
մաշրապայով
արիւնը
կոկորդէն
վար
իբրեւ
գինի,
ուրիշ
մը
որ
ստինք
մը
կը
ծամծմէր։
Ան
ի՜նչ
ակնարկ
ամուսինինը,
իր
Գոգորինը,
երբ
վերջին
անգամ
մ’ալ
կը
համբուրէր
զինքը։
Ահա
իր
անճանաչ
մարմինը
ճապաղիքներու
մէջ,
եւ
դահիճ
մը
որ
անընդհատ
կը
խանջէ,
կը
հայհոյէ
կ’իջնայ
եաթաղանով
անոր
կուրծքին
կրկնելով.
—
Մեռի՛ր,
կեավուր,
ա՛յս
է
հայուն
արժանի
վախճանը…։
Այդ
մարդը
Շուշանի
առջեւն
է,
ան
աչքերը
բացած
իսկ
իրապէս
կը
տեսնայ
ոճրագործը,
թունաւոր
լերկ,
ձիթագոյն
դէմքով
մը,
խոշոր
սպիով
մը
ճակատին
մէջտեղ։
Կը
տեսնայ
այդ
մարդը,
որ
իր
տունը
կը
թալլէ։
Կեանքոտ
համեմատաբար
երջանիկ
քաղաքը
կը
նստէր
մոխիրի
վրայ։
Շուշան
կուրծքը
ծանրացած
զգաց
թարախով,
շնչառութիւնը
կ’երագուէր,
ու
զինքը
անտանելի
դրութեան
մը
կ’ենթարկէր,
շարժեց
թեւերը,
ձգեց
գուլպան
ոտքերուն
առջեւ։
Փոքրիկը
կը
սողար,
առաւ
զայն
ծունգերուն
վրայ։
Մանուկը
հանգչեցուց
գլուխն
մեծ
մօրը
կուրծքին։
Շուշան
մեղմով
երգել
սկսաւ.
Օրօ՜ր
ըսեմ
քնանաս,
Քնանա՜ս
որ
մեծանաս,
Մեծանա՜ս
որ
զօրանաս,
Զօրանա՜ս
մեծ
մարդ
ըլլաս։
Տղան
կը
մշար…։
Նորէն
անիմանալի
պէտք
մը
կը
մղէր
Շուշանը,
սուզուելու
անցեալին
մէջ։
Ան
քալել
սկսաւ
տարիներու
փշալից
ճամբան։
Ամէն
բան
լրացած
էր,
բայց
բան
մը
կար։
Ապրեցնել
փոքրերը։
Ապաշխարութեան
կեանքը
կը
սկսէր։
Հաւատքը
կը
մնար,
հայ
կնոջ
գերագոյն
մխիթարութիւնը։
Կիւրեղենց
Շուշանը
տասը
մատներ
ունէր
որոնք՝
չէին
դողար
տակաւին։
Օր
տեսնող
կին
մը
չի
կրնար
մուրալ։
Պատիւն
ալ
միակ
վարձքն
է
հայ
կնոջ։
Պատուհասէն
վերջ,
առաջին
ամիսները
ինչքա՜ն
դժնդակ
եղած
էին։
95ի
դէպքը
աշունին
էր
եղած։
Ձմեռը
մօտալուտ
էր։
Տառապանքի
այս
հողին
վրայ
ամէն
ծրագիր
հաշիւով
մը
կը
յօրինուի։
Շուշան
կը
խորհէր
հիմա
թէ
քանի՞
գիշեր
քնացած
էր
ամբողջ
ձմռուան
մէջ,
երբ
կը
կարէր,
ու
կը
հիւսէր
անհատնում,
աշխարհի
չափ
երկար
թելերով
գոյնզգոյն
գուլպաներ,
միշտ
աւելի
արագ,
տենդոտ,
աւելի
ծախելու
համար։
Մինչ
մանչերը
կ’իյնային
փսիաթի
մը
վրան,
պատռտած
վերմակին
տակ,
Շուշան
անհատնում,
սառ,
անշշուկ
գիշերներու
հետ
միայնակ,
փոքրիկ
մրափող
ճրագին
առջեւ
կը
հիւսէր,
կը
հիւսէր
մեռած
հոգիով,
արցունք
կուլ
տալով,
սոսկումէն
հերոս
կտրած,
միշտ
աղօթելով,
կ’աշխատէր
հեռացնել
քարի
նման
աչքերուն
վրայ
ճնշող
քունը,
վիրաւորելու
աստիճան
խածնելով
փայտացած
մատները։
Այրին
կը
տեսնէր
հիմա
որ
գուլպաներուն
հետ
իր
կեանքն
ալ
գործուած
էր։
Շուշան
հարիւր
տարուան
պատմութիւն
մը
կը
կարծէր
յիշել
հոտ
կծկուած։
Թշուառութեան
երանգները
այնքան
ճոխ
էին։
Միակ
տենջ
մը
ունենալը
կը
յիշէր։
Երկու
եղբայրները
տեսնալ
համեստ
կրպակի
մը
մէջ։
Արդէն
դպրոցն
աւարտած,
իր
զաւակները
գործի
կ՚երթային
շաբաթական
հինգ
դահեկանով։
Հայաստանի
քաղաքիկի
մը
համար
չարեէկը
հարստութիւն
է,
եւ
տասնոցի
մը
հետ
ակնածանքով
կը
խաղան։
Շաբաթները
կ’անցնէին
ու
ստացուած
չարեէկները
իր
գօտիին
մէջ,
մէջքին
վրայ
կը
բազմապատկուէին։
Իր
իտէալը
չարչիի
կրպակ
մը
բանալ
էր։
Զաւակներն
ալ
կ’աշխատէին,
քարէն
հաց
ճարող։
Հոս
ազատ
շնչեց
Շուշանը։
Կ’զգար
թեթեւութիւն
մը,
ու
իր
արշաւին
ստոյգ
յաղթութեան
գիտակցութիւնը
գինով
կ’ընէր
զինք։
Որբեւայրիի
կեանքին
վեցերորդ
տարին
կրպակը
բացուած
էր։
Շուշան
չէր
յիշեր
հիմա
թէ
երանութեան
աւելի
մեծ
օր
մը
ունեցա՞ծ
էր
այդ
օրէն
զատ։
Տղաքը
կտրիճ,
գործունեայ,
եփուն
էին։
Փոքրը
գիւղերը
կ’արշաւէր
պերճանքի
չնչին
առարկաներ,
ապակիէ
գոյնզգոյն
ապարանջանները,
ոսկեգոյն
թիթեղեայ
օղերը,
պռօշները
կը
փոխանակէր
ցորենի,
չորթանի,
կորկոտի,
ընկոյզի,
իւղի
հետ։
Այգի
մ’ալ
գնելու
ձեռնարկած
էին։
Այրիին
դէմքը
լոյս
կ’առնէր,
անոր
հորիզոնը
պայծառ
կը
դառնար,
ճակատին
տժգոյն
գիծերուն
վրայ
կը
բարձրանար
գոհունակութիւնը
հոգիին։
—
Մեռնի՜մ
Աստուծոյ
ողորմութեանը,
եէթիմներու
պաշտպա՜նն
է,
ձայնեց
կինը,
ու
ջերմ
համբոյր
մը
դրաւ
քնացող
փոքրիկին
ճակատին։
Շուշան
կարծեց
լսել
յանկարծ
սուր,
հնչեղ
շեշտերը
զուռնային,
ու
թմբուկին
բամբ
որոտը։
Մեծ
զաւակը
կ’ամուսնացնէր։
Ո՜վ
երջանիկ
օր։
Պարողները
հադուած
պարտէզին
մէջ
կը
դառնան։
Գինիի
գաւաթները
ձեռքէ
ձեռք
կ’անցնին,
ոտքերը
գետինները
կը
դոփեն
համաչափ։
Տասնոցները
կը
փակին
նուագողներու
ճակատին։
Շուշանի
ոտները
կը
ծեծեն
գետինը,
ու
կը
յիշէ
պարերգի
մը
նագարաթը։
—
Տէ՛հ
գնա՛
կուգա՛մ,
նորէն
կուգամ։
Շուշան
սթափեցաւ
իր
թանկագին
վերապրումէն։
Պարտէզին
դուռը
կը
ծեծէին
ուժգին։
Սարսռուն
ձայն
մը
կը
բարձրանար։
Դրաւ
մանուկը
դալարիքներու
վրայ
յուշիկ։
Բացաւ
դուռը։
Դէպի
ներս
սոսկումի
քայլ
մը
առաւ,
զզուանքով
պօռալով,
—
Ի՞նչ
կ’ուզես
մենէ…։
—
Խանը՜մ,
ոտներուտ
փոշի՛ն
կուլ
տամ,
քիչ
մը
հա՜ց,
հի՛նգ
զաւակներս
անօթի՛
պիտի
մեռնին։
Շուշան
կը
զննէր
անծանօթը։
Պիտի
ճանչնար
զայն,
պիտի
ճանչնա՛ր,
սպի
մ’ալ
ճակատին
վրայ։
Արեւէն
խաշուած
աղաղուն
անդամներով
փոքրեր
կառչած
էին
մուրացիկին
թեւերուն։
—
Խանո՛ւմ,
պատառ
մը
հա՜ց,
զաւակներո՛ւդ,
ամուսինի՜դ
հոգուն
համար,
տե՛ս
սրանք։
Վազեց
ներս
Շուշան,
վերադարձաւ
հաց
մը
նետեց
շտապով
մուրիկին,
գոցեց
դուռը…։
—
Ա՜խ
էրկանս
ճալլա՜թն
էր
մրմնչեց…։
Ու
մինչ
զոյգ
մը
արցունք
դեղնած
այտերէն
կը
սահէր
վար,
անհուն
ժպիտ
մը
անցաւ
դիմագծերէն…։