Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի ՄԱՐԴԻԿ ՀԱՃՈՒԹԻՒՆ  (Ծնունդի պատմութիւն)

* * *

Յանկարծ սարսուռ մ’անցաւ տունին լայնանիստ որմերէն, ուժգին ցնցում մը յաջորդեց անոր։ Օճախին փուխերիկէն հողի կոյտեր թափեցան գետին։

Տէ՜ր ողորմեա՛, գոչեց պառաւը, խաչակնքելով։ Փոքրիկն արթնցաւ, երկչոտ, շուարած։

Երկրաշա՜րժ կայ, գոչեց Օհանջան, քանի մը քայլ դռան մօտենալով։ Մելիքենց Հեղնան ձգեց մազերուն խիտ, սեւ երկար խուրձը։ Յուզումի ձայներ կը շարունակուէին լսուիլ, բարձր եւ հետզհետէ աւելի որոշ։

Բան մը, չարիք մը պատահած է Սէթենց, աղաչեց մանկամարդ կինը, անոնց ձայներն են։ Վազէ՛, օգնութեան հասիր։ Ճիչերն ընդհատ կ’ելլէին, լուռ պահեր է վերջ։ Ցուրտէն ղոփացող մարդիկ կային դուրսը։

Հասի՛ր, Աստուծու սիրուն, կրկնեց պառաւը՝ ոտքի ելլելու ճիգով մը, տղամարդ չունին տունը։ Գուգորը գիւղէն առտուան դէմ կուգայ, Օհա՛նջան։

Օհանջան դուռը բացաւ, փուք մը սառոյցի կտորի մը պէս բակին մէջ տարածուեցաւ։

Երկու վայրկեան վերջ վերադարձաւ ցասկոտ դիմագծերով երերցնելով գլուխը հեգնորէն, գրեթէ հայհոյելով։

Սէթենց տան պարտէզին վրայի ժէռէն փրթած խոշոր քար մը, դէպի ձոր գլորեր է։ Ամէնն ալ դուրս լեցուած են։

Պէտք է հո՛ս բերել, տիրական շեշտով վճռեց պառաւը։ Հեղնա՛, գնա շո՛ւտ հոս բեր զիրենք։

Օհանջան սարսուռ մը ունեցաւ, զզուանքի արտայայտութիւններով մը իր կանոնաւոր դիմագծերը ծամածռեց, քանի մը կոճղ նետեց թոնիրին մէջ մարմրող։ Յետոյ նստաւ անխօս, դալկացած, հիւանդի մը նման, աթոռակը մը վրան։

Ցուրտն անտանելի կ’ըլլար։

Քանի մը րոպէ վերջ, գեղանի մանկամարդ աղջիկ մը, երկու կիներ, տղայ մը ներս կը մտնէին։ Հեղնա ասոնք թոնիրի մօտ տեղաւորեց. կը դողային եւ լուռին մէջ կը լսուէր ակռաներու կակաւիլը։ Օհանջան գաղտուկ, անհամարձակ կը դիտէր արտասովոր այս հիւրերը։ Իր այնքան ատած այս ընտանիքն իր տանը մէջ։ Կ’ատէր զանոնք, բայց տակաւ կը գթար ատոնց վրայ, հին սէր մը կը ծնէր։

Շո՛ւշան, աղջիկս վնասուե՞ցաւ տունը։ Աստուած ազատեց։ Անցեալ ըլլայ անձկութեամբ վրայ բերաւ դրացուհին, կիսադէմքը դարձուց պառաւին կողմը, պատասխանեց երկչոտ։

Բա՛ն չկայ, վնաս չունինք, բայց վախցանք, տունը խոտի մը պէս երերաց։

Թոնիրին բոցերը աթոռակներու վրայ նստող հիւրերը կը լուսաւորէին, անոնց տօնական օրերու թաւշեայ կոճուկները, դրուագուած, ծաղկեբանուած կլապտաններով, ոսկեգոյն, կը շողային. էնթարիները մետաքսէ՝ կը ծփային, լոյսը կը թացնար անոնց վրայ, կը սահէր, կ’ալեկոծուէր։ Մելիքենց Հեղնան հիմա հեշտ կերպով կ’անցնէր վերջին իր շար շար մեծ ոսկիները։

Ան կը դիտէր իր դրացիները խանդաղատանքով։

Թղթուած լուսամուտի մը երկաթները կը գծագրուէին աղօտ թուղթին վրայ։ Ծերուկ կինը՝ կը փսփսար, կը սաղմոսէր։ Նարեկէն հատուածներ կ’արտասանէր։ Օհանջանը չէր վրիվեցներ ակնարկէն։ Հարսին հասակը կը չափէր գորովալի։

Էնթարիները կը վժվժային, կը սարսռային։ Վզնոց ոսկիները կը փսրտային անուշ հունչերով։ Պզտիկ լաճը հազիւ 7 տարու, կը մշար, նուռ այտերը մուշտակին տակ պահած։ Կ’երազէր։ Փշփշանքներու, ոսկի արծաթ վարախներու մէջ պլլուած Յիսուս մը, լոյսերու մէջ ողող, ծանր երգերով, իրեն անծանօթ ներդաշնակութիւններով, զորս կրնար համեմատիլ տան դիմացի ծառերուն երգին հետ միայն, կ’իջնէր երկինքէն։ Յիսուսի հետ հրեշտակները կողովներով կը բերէին կլոր լուսնի նման պտուղներ։ Հովիւները գառնուկներ շալկած, նորածին Յիսուսի կը վազէին։ Ծերուկն այնպէս էր պատմած իր թոռան։