Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԿԱՐԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ
* *

Երկու ամիս վերջ, իրիկուան մը մօտ, կայսեր ծնունդի տարեդարձին օրը. բանտին դուռը բացուեցաւ, կրկին քէօռ Հիւսնին կանգնեցաւ սեմին վրայ ու գոչեց բարձրաձայն.

— Ակոբ, Սիմոն, Գրիգոր հոս թող գան։

Անկիւնէն երեք հայերն յառաջեցան դուռ դողահար։

Հիւսէյին հատիկ հատիկ ըսաւ.

— Շնորհիւ Ն. Կ. վեհափառութեան անհուն գթութեանը, ձեր յանցանքը ներուած է, կրնաք մեկնիլ։

— Աստուած երկար կեանք տայ մեր փատիշահին, մրմնչեցին, ու ծռեցան մինչեւ գետին յարգանքով…։

Քիչ վերջ երեք կմախքներ կը հեռանային քօնաքէն։