Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒՌ ՀԵՐՈՍԸ
*

Ծօ՛, վարժապե՛տ, դուք մարդ չէ՛ք, աղջի՛կ էք, աղջի՛կ, ձեր, հազարէն մէկ տղայ մարդ չի շինուիր, գոչեց Մանուկ չէլէպի ու բարձրաձայն ծիծաղեցաւ, շուրջը դիտելով յաղթական։

1895ի աշունն էր։ Հինգ հոգի էին ամայի սրճարանին մէջ, գիւղաքաղաքի դասատուն, սրճեփն ու երեք ջոջեր։ Սրճարանին դուռները կեսով գոցուած էին։ Քանի մը օրերէ ի վեր ջարդի մը վրայ կը խօսուէր ու աւանին մէջ հայեր կը զգուշանային իրենց տուներէն հեռանալ։

Իրա՜ւ է, լեզուն է բռնուեր պատուելիին, ձայնեց սեղանին անկիւնէն՝ նիհար անդամներով, չար հայեացքով Աղա մը, Սրապ։

Արծուաքիթ ծերուկ մը, Գաբիկ աղան, մրթմրթաց քմծիծաղով.

Դէ՜հ, վարժապետ, ի՞նչ կը խորհիս, ջա՜րդ կայ, ջա՜րդ, հայերը կը մեռնին։ Հոս ալ մեր քիւրտեր կը շարժին, զէնք ունի՞ս, գէթ զմելի մը կամ խարտոց մը։

Խնդուքն ընդհանուր եղաւ, զսպուած խնդուք մը վախի դողով օծուած։ Վարժապետը, Կարօն, աղջկան մը չափ վախկոտ էր, այդպէս կը հաւատային տեղացիք։ Ան քիչ ալ կը խօսէր, լռակեաց մը։ Սրճեփը, երիտասարդ մը, գարշանքով նայեցաւ դէպի դասատուն, ծիծաղի նոպայէ մը բռնուեցաւ ու մէջքերուն յեցած բիրտ ձեռքերը ինկաւ աթոռի մը վրայ։ Սրճարանը պզտիկ հրապարակի մը անկիւն էր։ Զինւորականները կ՚անցնէին հրապարակէն շտապով, ու թուրքեր ցանցառ կ’երթեւեկէին, հանդարտօրէն ծխելով։ Ձիաւոր մը յանկարծ սրարշաւ թռաւ սրճարանին առջեւէն։

Բօստաճի՞ն է, լսելի ըրաւ վարդապետը։

Բօստաճի՜ն ի՜նչ մեծ բան, ի՞նչ կայ, այո՞, բօստաճին, վախցա՞ր, վարժապե՛տ, ծաղրեց Գաբիկ աղան։ Կրկին վայրկենական ժպիտ մը տիրեց ու յետոյ ամէնին ալ մտածեցին։ Սրճեփն յարգանքով առաւ սուրճի գաւաթներն աղաներուն առջեւէն, ու ըսաւ հեգնոտ սուլումով մը.

Գաւաթդ տո՛ւր, Պատուելի…։

Վարժապետը հնազանդեցաւ։ Մարդը թաղծոտ էր, անյոյս կ’երեւար։ Դրօշակի վերջին թիւերն Հայուն ցաւը կը նկարէին։ Ջարդերը կարգաւ կը կազմակերպուէին նահանգներուն մէջ։

Ու մարդը լուռ, կը մռայլէր, դալուկ մը կ՚անցնէր ճակատէն։ Կը խորհէր անյոյս օրերուն վրայ ի՞նչ պիտի ըլլար խեղճուկ այդ աւանին ճակատագիրը։ Կորովի բազուկներն ինչո՞ւ պակսէին ինքնապաշտպանութեան համար, ու կ’անիծէր մտովի հայ ջոջը որ ամէն գիտակցութիւն վիժել տուած էր գիւղացիներու հոգւոյն մէջ։

Աղաները կը ջանային կրկին խնդալ։ Յանկարծ Մանուկ չէլէպի խզեց լռութիւնն ու պօռաց կատղած.

Հէ՛, վարժապետ, ուր ե՞ս, մարդ Աստուծոյ, ինքզինքիդ եկուր, հոս մարդ է նստեր, շուն չէ իմացա՞ր ծօ՛, ես այս օրս քեզի պէս հարիւր ծառայ ունիմ…։

Վարժապետը ցնցուեցաւ եւ խոր կարեկցութիւնով դիտեց աղաները։ Ան կրկին անխօս մնաց մթամած։

Իրիկունը հեռու չէր, արեւին լոյսը աւելի մեղմօրէն կը տեղար փոշոտ հրապարակին վրայ։ Պզտիկ ցուրտ հով մը չոր տերեւները կ’աւլէր հեռուի անկիւնները։ Ձիու մը թոփիւնն հրապարակին լռութիւնը խզեց։ Հինգ մարդիկը դէպի դուրս դիտեցին ուշով ու զարմացած զիրար նկատեցին։ Ասիկա անսովոր բան մ’էր։

Ձիաւոր զինւորակա՜ն մը, Աստուած բարին կատարէ, սրճեփն ապշած մրթմրթաց։

Վարժա՛պետ, ի՞նչ է այս, հետաքրքրուեցաւ Սրապ աղան վախի մտերմութիւնով։ Վարժապետը չխօսեցաւ։ Հեռուէն անորոշ գոչիւններ կուգային.

Պապանծած է, յարեց Սրապ սրտմտութիւնով։

Ձգէ, ՛ ձգէ, Սրապ, վախը ոսկորներուն է անցեր, մուկ է կտրեր, մահը մահ է, ա՜յ մարդ, սանկ մեռնիլ, նանկ մեռնիլ մէկ է, կրկնեց Գաբիկ աղան ու շարունակեց. Աշխարհի վրայ ո՞վ ունիս, վարժապետ մէկ գլուխ, մէկ…։

Ուժգին պայթում մը ծերուկին խօսքը կասեցուց։ Բնազդով հինգերն ալ վեր ցատքեցին։

Ի՞նչ է ա՜ս… սոսկումի աղաղակով ձայնեցին։

Կրկին պայթիւններ, աւելի որոշ, աւելի չոր, ու փողի աղէտալի երկարաձիգ վանկեր, որոնք քօնաքին մօտէն կուգային։

Մեռանք, գոչեց Մանուկ չէլէպի ու ինկաւ գունատ սէտիրին վրայ։ Վարժապետը դէպի ի հրապարակ վազեց շնջասպառ վերադարձաւ, ու գրեթէ հրամայեց.

Վե՜ր ելէք, վե՜ր, վերնայարկը, կուգան այլազգիները, շո՜ւտ, շո՜ւտ…։

Բոլորն ալ հնազանդեցան գերիներու պէս։ Վարժապետը ուժգին գոցեց սրճարանին կիսաբաց դուռը ու երկաթն ամրացուց։ Սրճարանին մէջ գիշերը տեւեց։ Յուշիկ ինքն ալ վեր բարձրացաւ խարխուլ, շարժուն սանդուխէն որ դէպի առաստաղին մուտքը կը տանէր, ու զայն ոտքով գետին գլորեց։

Երեք աղաներուն սիրտին զարկը տխուր մթնոլորտին մէջ որոշ կ’ըլլար։ Սրճեփը կուլար բաներ մը հեծկլտալով։

Դէ՜հ մի լար, դուն մեզ պիտի մատնես մրմնջեց վարժապետը։

Դուրսը զէնքերը կ’որոտային, երթեւեկը կ’երագուէր, ու հեռաւոր աղէկտուր ձայները կ’ընդհատուէին, սուրեր կային շաչող մօտերը։

Կը ջարդեն Հայերը, վա՜խ, աս ի՜նչ ճակատագիր, աս ի՜նչ բաղդ, պիտի մեռնի՞նք հառաջեց Գաբիկ աղան։

Զէնքերը միշտ աւելի ուժգին կը պայթէին, ու պոռչտուքներն հասկնալի ըլլալու չափ մօտերէն կուգային։ Կատաղի խուժան մը կը հոսէր հրապարակ, ուր զէնքի ձայներ, հայհուչ, պայթում, պաղատանք, դժոխային մթնոլորտ մը կը շինէին սարսռուն սրճարանին շուրջ։

Անհամար բերաններ կ’ոռնային որոշ, սրճարանէն քիչ հեռու։

Զարկէ՛ք կեավուրները, զարկէ՛ք, մի խնայէք, անոնց մալերը, կիներն ու աղջիկները ձեզի հալալ… բռնաբարեցէք, կողոպտեցէք յանուն մարգարէին։

Հինգ անձերը փռուած էին այդ խաւարին մէջ. ծերունի Գաբիկին կզակները կը կափկափէին ուժգին, լուռ կ’արտասուէին սրճեփն ու երկու աղաները։ Վարժապետը գլուխը ձեռքերուն մէջ կը մնար անմռունջ ու կը դողար։

Ամբոխը վար կ’եռար, կը շրջէր, կը խորդար կատաղի մրրիկի մը հանգոյն։ Խորտակումի ձայներ կուգային, ու հեծեծումներ, պաղատագին ջայլեր։

Ասիկա ջարդն էր։

Մէկէն ձայն մը ուժգին գոչեց սրճարանին առջեւ։

Հոս մարդ կա՜յ, հասէք, հասէք, կեավուր հատ մը մի ձգէք։

Հինգ Հայերն երերացին, սողալու շարժումով մը, ու կսկծալի ա՜խ մը թռաւ ամէնուն բերնէն։

Անծանօթը կ’ոռնար դրան առջեւ տակաւին։

Զարկէ՛ք, զարկէ՛ք մի խնայէք, Աստուծոյ սիրուն. զարկէք կեավուրները, հո՜ս, հո՜ս եկէք։

Զաւակնե՜րս, հեծեց Մանուկ չէլէպին, զաւակներս, կինս…։

Տապարի հարուածը կրկնուեցաւ։

Ախ, նոր ամուսնացած եմ, շշնջեց Սրապ, կինս, զաւա՛կս Սերգոն։

Սուրբ Սարգիս արեւուդ մատաղ դուն ազատես, Սուրբ Յովհաննէս ոտքերուդ ղուրպան, բոլոր մալերս հալալ ձեզի, հազար ոչխար մատաղ, կ’աղօթէր ծերունի Գաբիկ աղան։

Սրճեփը կուլար վարժապետին ձեռքը սեղմած ուժգին։

Վարժապետը խաւարին մէջ հակած՝ ոտքի կանգնեցաւ։

Լռեցէ՛ք գոչեց, ապա թէ ոչ պիտի մեռնինք։

Չորս մարդիկը շունչերնին քաշեցին իբրեւ թէ մեռած էին։ Վարժապետը անհետացաւ։

Մի քանի րոպէ վերջը դուռը խորտակուեցաւ։

Ատրճանակի վեց ուժգին պայթումներ կրպակն աղմկեցին, ու ցնցեցին։

Վիրաւորւողի քֆրող ձայներ ոռնացին շուներու պէս։

Զէնքի որոտ չոր ձայներ կրկնուեցան, հայհուչներ կրկնուեցան ու միաբերան գոչեցին տասնեակ մը մարդեր.

Ա՜հ, կեավո՜ւր…։

Խորտակուող անօթները շաչեցին գետիններուն վրայ ու սրճարանն ամայացաւ…