ՏԷՐՏԷՐԻՆ
ՈՃԻՐԸ
*
*
Քահանան
բոլոր
գիշերն
հսկեց:
Մինչեւ
արշալոյս
թեւն
իբր
բարձ
տուած
երէցկինին:
Ժամերով
համրեց
դուրսը
հնչող
ճոկաններուն
քանակը,
եւ
տանջուեցաւ
կողոպուտի,
սպանութեան,
պղծումի
յիմարացնող
տեսիլներով:
Կարճատեւ
պահերու
մէջ
ամէն
զգացում,
պատկեր
կ’անհետանային
անոր
մէջ,
ու
Տէր
Բարթող
ծանրացած,
այրող
ճակատը
կը
հակէր
ննջելու
համար,
բայց
ահա
եկեղեցիին
բակն
էր,
գաւիթը,
տաճարին
մէջ,
ջահերու
բեկորներուն
վրայէն
կ’անցնէր
զգոյշ
ոստոստելով,
խորանին
մօտ
վերջապէս,
պատառուն
սրածուած
սրբազան
պատկերներու
լերկ
գանկերուն
քով,
Աստուածածնի
աղբոտուած
պատկերին
առջեւ։
Ո՛չ
մէկ
անօթ
կը
գտնար
իր
տեղը,
կը
ծռէր
համբուրելու
միւռոնի
անօթին
խորշիկը,
հոն
արիւնոտած
քուրջ
մը
կը
գտնար
ու
քանի
մը
փամփուշտ։
Ընդոստ
գլուխը
վեր
կը
ցցէր
ու
աչքերը
կը
բանար
մութին
մէջ։
Քահանան
յետին
ճիգ
մը
ըրաւ
ասոնք
վանելու
ու
զղջաց
եկեղեցի
գացած
ըլլալուն։
—
Ա՜խ,
Տէր
Աստուած,
ե՞րբ
կը
լուսնայ,
ե՞րբ,
-
կը
գոչէր
Տէր
Բարթող։
Ժամ
մ’անընդհատ
«Առաւօտ
Լուսոյն»
ու
Նարեկէն
հատուածներ
սաղմոսեց։
Խաչակնքեց
բիւր
հեղ
ու
համրիչին
ծայրի
սատափէ
խաչը
պտտցուց
դէմքին
ամէն
մասերուն
վրայ։
Հարցում
մ’ալ
շատ
օտար,
այդ
պատկերներուն
հետ
կուգար
քահանային
շրթներուն
վրայ։
—
Աստուած
ինչո՞ւ
արդեօք
թող
տուաւ
որ
իր
տունը
թալլեն…։
Այս
մտածումը
բնական
մէկ
հետեւանքն
էր
Տէր
Բարթողի
մտքին
միամիտ,
հաւատաւոր
կազմուածքին,
թէեւ
ան
շատ
անբնական
երեւար
իրեն։
Բայց
անմիջապէս
իր
մտածումը
կը
չքմեղէր
կրկնելով
քահանան,
—
Է՜,
մեծ
է
Տիրոջն
արդարութիւնը,
ե՞ս
մնացի
իր
գործերը
քննողը,
ու
թեթեւցած
կը
զգար
ինքզինք։
Բայց
ի՞նչ
անիծուած
միտք։
Հարցումը
հակառակ
կամքին,
կայծի
մը
նման
կ’ակօսէր
միտքն
ու
զայն
կը
ցնցէր։
Արշալոյսին
մօտ
քիչ
մը
մրափեց
տէրտէրը։
Երբ
ելաւ
տեսաւ
թէ
արեւը
սենեակին
տիրած
էր։
Դրաւ
փակեղը,
ու
հողաթափերով
ուղղուեցաւ
եկեղեցի։
—
Երթա՛մ,
երէ՛ցկին,
երթա՛մ
ժամ,
աղօթք
մը
կարդամ
ու
քանի
մը
տուն
պտտիմ,
պարտքս
կատարեմ։
Եկեղեցիին
դրան
մօտ
հանեց
փակեղը,
ընկճուած
ներս
մտաւ,
գնաց
խորանին
առջեւ
ծնկաչոգ
ինկաւ
ու
աղօթեց
երկար։
Երբ
ելաւ
աղօթքէն
զգաց
թէ
կուլար,
չորս
կողմը
զննեց,
ամէն
իր
աւելի
տխուր
թուեցաւ
իրեն։
Արեւն
առատ
լոյսով
կը
լուար
տաճարին
տախտակամածը։
Ճիշտ
մէջտեղն
ուղղուեցաւ,
կամարին
տակ,
ու
լաւ
մը
զննեց
գետինի
փշրած
շրջանակները,
նկարները
ամէնքն
ալ
սրահար
էին
եղած,
հակեցաւ
աւելի
ու
Յովհաննէս
Առաքեալին
աչքերը
սուրի
ծայրով
փորուած
գտաւ։
Ելաւ
արագ
քայլով
խորանին
վրայ
ու
հոն
կրկին
անհուն
թախիծով
դիտեց
Աստուածածնի
աղարտուած
դէմքը,
փնտռեց
սկիհը,
քշոցներն,
որոնց
զանգակիկներէն
մի
քանին
տափակցած,
նշմարեց
խորանին
մարմար
յատակին
վրայ։
Կրկին
դժնէ
հարցումը
կրկնուեցաւ
իր
մէջ։
—
Աստուած
ինչո՞ւ
չպատժեց
իր
տունն
անպատուողները,
աս
ի՞նչ
զարմանալի
բան։
Ու
աւելցուց.
—
Մեղա՜յ,
մեղա՜յ,
Ամենասուրբ
Երրորդութիւն,
մեղա՜յ։
Այդ
խօսքերուն
պահուն
իսկ
կրկնուեցան
իր
մէջ
նոյն
հարցումը։
Սրտնեղած,
կարկամ
քայլերով
աճապարեց
դուրս
ելլել։
Տաճարին
մէջտեղ
կանգ
առաւ,
ու
վեր
նայեցաւ,
դէպ
ի
կամարը։
Հոն,
կամարին
մէջտեղը,
երկու
որմերն
իրար
կապող
հաստ
գերանին
ետին
կը
փայլէր
Յիսուսի
պատկերն
իր
հաստ
արծաթեայ
շրջանակին
մէջ։
Հրճուանք
մը
լեցուց
քահանային
սիրտը.
—
Ան
իր
տեղն
է,
կրկնեց,
անօրէնները
չեն
տեսեր,
ի՛նչ
որ
է…։
Դուրսը
ոստիկանները
փողոցները
խռնուող
սովատանջ
կիներու
հաց
կը
բաշխէին։
Քահանան
անցաւ
անոնց
մէջէն՝
զանոնք
տխրօրէն
ողջունելով։
Պտըտեցաւ
թաղերն
ամայի,
քանի
մը
տուներ
մտաւ։
Ամենքն
ալ
իրար
լաւ
կը
հասկնային,
եւ
ոչ
մէկուն
մխիթարութեան
խօսք
մը
գտաւ
ըսելու։
Որբեւայրի
հարսեր
հազիւ
թոյլ
մը
կը
համբուրէին
քահանային
ձեռքը
եւ
խորունկ
մը
կը
շնչէին,
որ
խեղդուած
հառաչի
կը
նմանէր։
Պառաւները
կ’երերային
բոպիկ
ոտքերով,
քուրջերու
վրայ
ինկած,
մեռելի
կայուն
ակնարկով,
ու
երբեմն
իրենց
դողդոջ
մատներով
իրենց
գլխի
սեւ
լաջակները
կը
սեղմէին։
Տէր
Բարթող
կարծր
սիրտ
մը
ունէր
ինչպէս
բոլոր
իր
ընկերակիցները,
ան
շատ
մահ
տեսած
էր,
բայց
յուզումէն
կը
դողար
տուն
վերադարձի
միջոցին,
ու
իրեն
անանկ
կը
թուէր
թէ
Հայուն
գործը
լրացած
էր
ա՛լ։
Աստուած
վերջին
դատաստանը
Հայէն
սկսած
էր
կը
կարծէր։
Երբ
հրապարակէն
կ’անցնէր՝
տեսաւ
ամբոխ
մը,
կանգ
առաւ
ու
դիտեց։
Մարդ
մը
բարձր
կ’աղաղակէր.
—
Ա՛ս
որո՞ւնն
է՜…
աս
որո՞ւնն
է՜.
–
տէր
չիկա՜յ…
հէ՜յ…..
։
Տէր
Բարթող
աւելի
մօտեցաւ,
ու
տեսաւ
որ
թալան
եղած
անպէտ
իրեր,
կարասիներ,
հազարումէկ
մանր
առարկաներ
հրապարակին
մէջտեղ
դիզուած
էին։
Կառավարիչին
հրամանով,
կողոպտուած
առարկաներէն
մաս
մը
աւարառու
խուժանին
ձեռքէն
ետ
առնուած
էր
տէրերուն
վերադարձուելու
համար։
Քահանան
խորհեցաւ
իր
կարասիները
փնտռել
հոն,
բայց
հպարտութիւն
մը,
որ
ատելութենէ
կուգար՝
արգիլեց
զինքն
ամբոխին
մօտենալէ,
ու
տուն
դարձաւ
շփոթած,
հազար
մտածումներու
անձնատուր։
Այդքան
մտազբաղ
վիճակ
մը
երբեք
չէր
ունեցած
կրօնաւորը
կեանքին
մէջ։
Թերեւս
մօտալուտ
փոթորիկի
մը
սկզբնաւորութիւնն
էր
ատ։