Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒՌ ՀԵՐՈՍԸ
* *

Փող մը կրկին իր արիւնոտ, յաղթական երգը բարձրացուց։ Չորս ապրող դիակները սարսռացին առիքին մէջ։ Մէկն հրապարակին վրայ հատիկ հատիկ գոհ պոռուքով կը ձայնէր։

Մայնա՜… մայնա՜…։ Եղբայրնե՜ր ցրուեցէ՛ք, գոր չմնաց ա՜լ…։

Էզանը կ’երգուէր հանդիսաւոր, յաղթական։ Գիշեր մը եղած էր ա՛լ։

Ձայները համրօրէն դադրած էին։ Հազիւ հեռաւոր պայթիւն մը երբեմն կը զօրացնէր աւանին մեռնող մթնոլորդը։

Քաղաքիկը խողխողուած, թալանուած ու արիւնոտած էր։ Դահիճները աւարները պիտի բաժնէին իրենց արջերուն մէջ հիմա։

Տղա՜ք մեղմ հառաջեց Մանուկ, տղա՜ք ո՞ղջ էք ա՜խ ի՜նչ էր աս…

Ո՛չ ոք ձայնեց։

Մարմինները խաւարին մէջ դողացին բնազդօրէն, իրարու մօտեցան սողալով, ու խաւարին մէջ խարխաբող ձեռքեր սոսկումով իրարու հանդիպեցան։ Կրկին ատեն մեռաւ ամէն շարժում։ Անզգայ՝ չորս հայերը մնացին իրարու շատ մօտ, գիրգ գերկի. իրարու զգեստ պինդ բռնած, խեղդամահ եղած ոչխարներու նման տապալուած։

Գաբիկ աղա՜, Գաբիկ աղա՜, հազիւ լսելի ըրաւ Սրապ…։

Գաբիկ անշարժ էր, լեզուն բռնուած, իբրեւ անդամալոյծ մը։

Գաբիկ, Գաբիկ, գոչեց Սրապ ու խածաւ ուժգին ծերուկին ցուցամատը։ Մարմինները կծկուեցան այս ձայնէն, ու խուլ աղմուկ մը լեցուց առիքը։ Ծերուկը կէս մը բարձրացաւ ինկաւ գետին ու բանդագուշելով կակազեց։

Վարժապետը տղաք, վար… ժա… պետն ո՞ւր է…։

Փախա՜ւ, լսելի ըրաւ դողահար սրճեփը, ու աւելցուց, գիշե՛ր է։

Ախ զաւակնե՛րս, կի՜նս, մրմնջեց Մանուկ։

Շուշանս, Սերգոս, ամբողջացուց Սրապ։

Մանուկ չէլէպի Սաղմոսէն հատուածներ կ’արտասանէր զառամածի մը նման ու պահ մը ցեղնայարկին մէջ ամէնն ալ աղօթեցին միաբերան։