Ի
ՄԱՐԴԻԿ
ՀԱՃՈՒԹԻՒՆ
(Ծնունդի
պատմութիւն)
*
*
Կ
էս
գիշերը
կ’անցնէր։
Հով
մը
կը
սկսէր
փոքրիկ
պատուհանները
ցնցել։
Ցուրտը
աւելի
զգալի
կ’ըլլար
հիմա
բակին
մէջ,
որ
ստուերին
մէջ
կը
մրափէր։
Ծերուկ
կինը
իր
գլուխը
կը
կքեցնէր,
կը
թաղէր
մուշտակին
մէջ։
Անկարելի
կ’ըլլար
իրեն
ննջել։
Անուշ
բուրումը
պատուական
իւղի,
հաւկիթի,
անիսոնի
մուշկահոտութեամբ
օծուած,
կը
լեցնէր
բակը։
—
Հանե՛նք
կաթաները
փուռէն։
Մեղմիւ
ծեծեց
Հեղնա
Օհանջանի
ուսը։
Օհանջան
ընդոստ
ցատկեց։
Բուռն
բոյր
մը
խուժեց
բակին
մէջ։
Փոքրիկին
ռունգերը,
շրթունքները
դողացին,
կատու
մը
աղաչաւոր
միաւով
մը
ուղտացաւ
Հեղնայի
ոտքերուն
քով։
Աղօտ,
աղտոտ
դեղնորակ
լոյսին
տակ
մխացող
լամբարին,
կաթաները
կը
շարուէին
թարաքին
վրայ։
Օհանջան
պոնդեր
տուաւ
քանի
մը
կաթաներու։
Հեղնա
հպարտութիւնով
նայեցաւ
անոնց։
Օհանջան
ինկաւ
աթոռակի
մը
վրայ։
Գլուխը
պատին
տուաւ,
աչքերը
խփեց,
մինչ
դեռատի
կինը
ծրար
մը
կը
քակէր
զգուշութեամբ,
հանեց
դամասկեան
կերպասէ
իր
մետաքս
էնթարին,
կոճիկը՝
ոսկեճամուկ։
Կերպասները
կը
խշրտային։