Ի
ՄԱՐԴԻԿ
ՀԱՃՈՒԹԻՒՆ
(Ծնունդի
պատմութիւն)
*
*
*
*
Դոփիւն
մը
հեռաւոր,
տակաւ
կը
մօտենար։
Ձիու
մը
արագ
ոստումները
վայրկեաններու
լռութենէ
վերջ,
սառերու
վրայ
չոր
հնչիւններ
կուտային։
Հեծեալը
կը
մօտենար։
Շուշան
ոստում
մ’ըրաւ։
Ոտքի
ելան
բոլորն
ալ։
Օհանջան
դող
մը
զգաց։
Հեծեալը
կեցաւ։
—
Հեղնա՛,
Գոգորն
է,
գոչեց
Շուշան։
Երկու
կիները
դուրս
վազեցին։
Ծերունի
հանին
անհանդարտ
կը
շարժէր,
ժպտուն՝
դրան
կողմը
կը
նայէր։
Գոգոր
երեւցաւ
իր
ահագին
վերարկուին
մէջ,
ան
դրան
սեմին
վրայ
կեցաւ,
ընկրկեցաւ։
Հեղնա
մօտեցաւ
ամուսինին,
փսփսաց
բաներ
մը
Օհանջանի
ականջին։
Շուշան
մեղմիւ
ներս
կը
հրէր
ամուսինը,
բաներ
մը
մրթմրթալով։
Երկու
այրերը
կը
մնային
սառած,
զիրենք
խաչաձեւող,
պաղատող
ակնարկներու
մէջ։
—
Է՜հ,
տղաս,
պիտի
մնա՞ք
այսպէս։
Փաթթուեցէք
իրարու,
պագէք
զիրար,
հաշտուեցէ՛ք,
վաղը
Ծնունդ
է,
—
պօռաց
ծերուկ
կինը։
Անզգալի
շարժումով
երկու
հարսեր
հրեցին
իրենց
մարդիկը։
Օհանջան
եւ
Գոգոր
գահավիժեցան
իրարու։
Լայնօրէն
բացուած
հուժկու
բազուկներ
զիրար
գրկեցին։
Հեշտանքի,
գոհութեան,
երջանիկ
շունչ
մը
թռաւ
զսպուած
կուրծքերէ։
—
Պիտի
խոստովանի՛ն,
Ճաշա՜կ
պիտի
առնեն,
փա՜ռք
քեզ,
Մանուկ
Յիսուս,
գոչեց
ցնծութեամբ
պառաւը։
Ու
երբ
իրար
գրկած
կը
մնային
երկու
գժտուած
հոգիները,
այդ
համատարած
անդորրին
մութի
եւ
լոյսի
գիրկընդխառնումի
պահուն,
եկեղեցիին
զանգակը
եւ
կոչնակները,
տարածուն,
ներդաշնակ,
անորակելի
թինդերով
կ’աւետէին
Ծնունդը…։