ՀԱՐՍԻՆ
ՎՐԷԺԸ
*
*
*
Արշալոյսին,
կովերն
երկարաձիգ
բառաջեցին
ու
այծերու
բոժոժները
գիւղն
աղմկեցին։
Համբոյի
դուռը
գոց
մնաց։
Ճամբորդներ
պատգարակի
մը
վրան
բերին
Պետոյի
անշունչ
մարմինը
դաշունահար։
Ամբոխ
մը
հիւղին
դուռը
խորտակեց
ու
սարսափով
խելայեղ
տեսան
պառաւ
Բրաբն
անշունչ,
Համբօն
հոգեվարքի
հռնդիւններուն
մէջ
եւ
կատաղի,
արիւնաներկ,
հերարձակ
կին
մը
նստած
դիակնացած
Էշղիային
մօտ
խանչարը
սեղմած
ափին
մէջ։
Այդ
կինը
Գոհարն
էր…։