Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՐՏԷՐԻՆ ՈՃԻՐԸ
*

Երբ եկեղեցիէն տուն դարձաւ Տէր Բարթող՝ յայտնապէս կը դողար, ու լայն դէմքին վրայ, նեղ ճակատին մէջտեղ, մկաններու խիտ ծալքերն հոգեկան խորունկ խռովք մը կը մատնէին։

Վա՜յ, վա՜յ դժոխքի ոգիներ, Աստծոյ տունին ալ չեն խնայեր, մրթմրթաց, ու մերկ սենեակին փայտէ սէտիրին անկիւնը կծկուեցաւ, գոցեց աչքերն ուժգին, երկու ձեռքերը քունքերուն՝ հակեցաւ վար, ու ինկաւ խոր մտածողութեան մէջ։

Բ. քաղաքին հայ տուներուն չէին խնայած, տասն օր թալլած, սպաննած էին, բայց ի՞նչպէս յանդգնած էին ձեռք դպցնել եկեղեցիին, Աստուծոյ տանը։ Այս հարցումը կը շրջէր քահանային մէջ։ Տէր Բարթող բացաւ աչքերն ընդոստ, դիտեց իր սենեակին մերկութիւնը։ Խուժանին աւերող ձեռքը հոն ալ դպած էր, ասեղ մը իսկ չէր ձգած իր տանը մէջ։

Կրօնականը զզուանքով փակեց թարթիչները ու իրեն անանկ թուեցաւ որ այդ պահուն կրկին կը գտնուէր այն քառակուսի ահագին փոսին եզերքը գերեզմանատան մէջ, ուր՝ իրարու վրայ դիզած էին վիրաւոր, յօշոտուած անճանաչ դիակները։

Քահանան դողաց վախով։ Ուրիշ պատկեր մը մտաբերել ուզեց, բայց վայրկենապէս ան կրկին կարծեց տեսնել մերկ դիակներուն մէջ տակաւին ոգեւարողներուն սարսուռը, լսեց հռնդիւններ՝ դիզուած մարմիններուն ստորոտէն թռող, որոնց վրայ երկարած էր խաչն ու զանոնք օրհնած։

Քահանային դէմքը մռայլ էր, բայց հեգնութեան ծիծաղ մը ուրուագծուեցաւ անոր վրայ.

Հիմա միամիտ, հաւատաւոր մարդը կը տանջուէր շատ աւելի։ Ան յոյս ունէր եկեղեցին գէթ անվնաս գտնել։ Ու ի՞նչ տեսած էր, վա՜յ իր աչքերուն։

Վա՜յ ինծի, վա՜յ ծովացեալ մեղացս, կը սաղմոսէր երբեմն մութին մէջ քահանան։ Անոր գանկը կ’այրէր կրակներու մէջ, մինչ ոտքերուն մատները ցուրտէն չէին զգար։

Խունկի, կնդրուկի սուրբ, անուշ շունչ մը սենեակին մէջ տարածուեցաւ բաց դռնէն: Կրօնականն իր ռունգերն անասունի մը պէս ընդլայնեց ու շնչեց հեշտանքով: Իր թաւ մօրուսէն ու պեխերէն վեր հրճուանքի կծկում մը շարժեցաւ, մեղմօրէն վեր առաւ ձեռքն ու խաչակնքեց աղօթք մը ծամծմելով:

Խունկին խիտ բոյրը զինքը փոխադրեց հին աղէկ օրերու ձմեռ գիշերներուն խնծիղին մօտ, լայն Քիւրսիին գաղջ վերմակին տակ թմբիրով անզգայ: Քահանան բերնին մօտ զգաց ձեռք մը որ հավանք եղած խնկացած, քահրիպարի երանգով խաղողի ողկոյզ մը կը մօտեցնէր շրթունքներուն. բացաւ շրթներն ու գոցեց տենդով:

Կրկին սթափեցաւ կրօնաւորը: Սենեակին մէջ մառանի մը չափ մութ էր, ու պատուհանին մօտ լուրթ կապոյտ մը հազիւ կ’զգացուէր:

Լամբար ալ չունինք, ա՛յ անիծուած կեանք, շշնչեց: