Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԼՈՒՌ ՀԵՐՈՍԸ
* * *

Քանի մը աքլորներ կը խօսէին։ Սովորական առաւօտ մը պիտի լուսնար։

Փառք Տիրոջ, մրմնջեցին չորսը մէկ։

Երթանք, փախչինք ասկէց ըսաւ սրճեփը, աքաղաղները կ’երգեն, առտու է։

Մեծ ճիգով ամենքն ալ նստան, շարժելու անկարող, իբրեւ թէ ճականներով ծեծուած ըլլային։

Երթա՛նք, մեկնինք, ձայն չկայ, անօրէնները գացին, տուն երթանք Աստուծոյ սիրուն, Սրապ աւելցուց։

Երթանք, երկրորդեց մահամերձ Գաբիկը։

Ու, հակած, սմքած, սարսռուն, բորոտ շուներու պէս խարխափով, սողալով խաւարին մէջ, փնտռեցին էջքի ծակը, ծածկոցը քաշեցին։

Սրճեփը ցատկեց վար, դրաւ սանդուխն ու դողահար, անդամալոյծներու պէս իջան երեք աղաները։

Սրճարանին մէջ մութ էր տակաւին, գաւաթներու բեկորներ կը փշրուէին անոնց ոտքերուն տակ։

Չորս մարդերը, ձեռք ձեռքի անցուցած դողահար յառաջացան ու իւրաքանչիւր քայլի գլորեցան գետին իրենց ոտքերուն կառչող չորս դիակներուն վրայ։ Չորս անգամ չափեցին արիւնոտ գետներն ու բարձրացան կորսուած, խելակորոյս, մթագնոտ աչքերով։

Կոյրերու պէս շօշափեցին դուռին տախտակէ որմերը։ Փորձեցին ցատկել փողոց, կրկին արգելք մը իրենց ոտքերուն առջեւ, իրենց ոտքերը գրկող մը կար, յաջորդաբար իրենց հապճէպ ոստումին մէջ, ինկան դիակի մը վրան որ մերկ էր։ Սարսա՜փ…։

Վեր բարձրացող չորս կուրծքեր հծծեցին.

Վարժապե՜տը…

Ու չորս ստուերներ առանց յետադարձ ակնարկի, հալածուեցան դեւերու նման։

Ամպամած արշալոյսի տմոյն հեւք մը դիւցազնին դէմքը կ’որոշէր, ու վէրքը կ՚արիւնէր տակաւին լուռ հերոսի կուրծքին վրայ։