ՏԷՐՏԷՐԻՆ
ՈՃԻՐԸ
*
*
*
*
Ձմեռն
արդէն
սկսած
էր
ու
խիստ
ձմեռ
մը։
Ձիւնը
Բ.
ի
փողոցներուն
ու
երդիքներուն
վրայ
կէս
մարդաչափ
կը
բարձրանար,
եւ
հազիւ
քանի
մը
երդիքներէ
նիհար
կապտորակ
ծուխ
մը
կ’ոլորուէր։
Իրաւ
որ
Հայաստանի
քաղաք
մը
տխուր
է
ձիւնին
տակ
տէսակ
մը
գերեզման։
Տէր
Բարթող
յետին
ճիգերը
կը
թափէր
հոգալու,
պատսպարելու
իր
ժողովուրդը։
—
Ի՞նչ
կրնայ
ընել
մինակ
մարդ
մը,
ի՞նչ
կրնայ
ընել։
Դուն
ողորմիս,
Ս.
Փրկիչ,
դուն
ողորմիս
Ս.
Քրիստափոր,
կը
մռլտար,
ու
մօրուքը
սառ
հովին
տուած,
կուրծքը
ձիւներուն
կը
շրջէր
փողոցէ
փողոց,
տունէ
տուն,
թեւին
տակ
դրած
յաճախ
քանի
մը
լաւաշ
կամ
պատռտած
էնթարի
մը,
կամ
խեղաթիւրուած
զոյգ
մը
կօշիկ։
Հացը
սուղ
չէր
Բ.
ի
մէջ,
ու
միսին
քաշը
երեք
դահեկան
կ’արժէր
թէեւ,
բայց
ո՞վ
դրամ
ունէր։
Տասը
փարային
համար
երկու
կիներ
իրարու
մազ
էին
փետտեր
քահանային
աչքերուն
առջեւ։
Տէր
Բարթող
շատ
աւելի
նիհարցած
էր.
իր
լայն
դէմքին
կարմիրը
կը
մաշէր,
ու
այտոսկրները
կը
ցցուէին,
աչքերն
ալ
խորունկը
կ’իջնային
հետզհետէ։
Պառաւներն
անգամ,
իրենց
սեւ
լաջակներուն
տակէն,
լալկանութենէ
կարմրած
աչքերով,
կը
զգային
ատիկա։
—
Տղերք,
Տէրտէրն
ատ
ի՞նչ
վիճակի
է
հասեր,
կը
խօսէին
իրարու
մէջ։
Իրաւ
հազիւ
շաբաթն
երկու
անգամ
ոսպով
տաք
ապուր
մը
կ’ուտէր
քահանան.
բայց
տրտունջք
մ’իսկ
չէր
բարձրացներ։
Մէկ
բան
մը
միայն
կ’աւերէր,
կ’ընկճէր
յաղթ
մարմինով
մարդը
ու
զայն
կը
կքէր։
Մտածում
մը,
ականի
մը
պէս
կը
ծակէր
հոգին
հաւատաւոր
մարդուկին,
ու
անոր
մէջ
անհաւատութեան
քանի
մը
սերմեր
կը
նետէր։
Անոր
մէջ
երկու
հակակիր
տարրեր
կը
պայքարէին։
Հաւատքն
ու
Տարակոյսը։
Եկեղեցիին
վերջին
պատահարէն
յետոյ,
ա՛լ
որ
եւ
է
տկար
ճիգ
մ’անգամ
չէր
կրցած
ընել,
նուազեցնելու,
կասեցնելու
համար
իր
մէջ
դեգերող
հարցումը։
Քահանան
ալ
հպատակը,
ստրուկն
էր
իր
ուղեղին
քմահաճոյքներուն,
ու
կամքը
յամառօրէն
կը
շիջանէր
անոր
մէջ։
Հիմա
սկզբնական
օրերու
վախի
սարսուռն
ալ
չէր
համակեր
զինքը,
ու
ամէնէն
անողորմ
մտածումներն
ու
լիրբ
հարցումները
կ’անցնէին
մտքէն
իբրեւ
շատ
հասարակ,
սովորական
բաներ։
Օրէ
օր
ցուրտը
աւելի
կ’ըլլար
Բ.
ի
մէջ։
Այնքան
ցուրտ
որ
կաւէ
սափորներն
առտուն
խրամատուած
կ’ըլլային
պոռթկացող
սառերէն,
ու
քահանային
բերնէն
թափող
ջրաշոգին
մօրուսին
վրայ
կը
բիւրեղանար։
95ի
այդ
դժբաղդ
ձմեռը
ձիւնն
երկարատեւ
էջքեր
կ’ունենար,
ու
առտուները
երդիքներու
քուանկիւններէն
կախուած
սառի
բիւրեղ
գուլաներն
աւելի
հաստ,
աւելի
երկար
կ’ըլլային։
Պատառ
մը
հացի,
ափ
մը
կորկոտի,
չոր
թանի
մը
կարօտ
անսուաղ
կիներու
խումբեր
կը
դեգերէին
կուտար
եկեղեցիին
շուրջը,
ու
Տէր
Բարթող
ապշանքով
կը
դիտէր
որ
մայրերը
շատ
քիչ
կ’արտասուէին
իրենց
շիջող
փոքրերուն
վրայ։
Ցաւին
դժնդակ
կուտակումն
ողբալի
վիճակներ
կը
ստեղծէ։
—
Արցունքնին
հատած
է,
կը
տրամաբանէր
կրօնականը՝
իրաւացի
կերպով։
Ու
Տէր
Բարթող
շաբաթը
չորս
հինգ
փոքրեր
կը
թաղէր,
ամենքն
ալ
ցուրտին
ու
անօթութեան
զոհ։
Նպաստի,
օգնութեան
աղբիւր
մը
չէր
մնացած։
Տէր
Բարթող
Պոլիս
քանի
մը
հեղ
նամակ
գրեց
ու
նկարագրեց
խեղճութիւնը.
պատասխան
անգամ
չստացաւ։
Տուներու
տախտակորմեր,
սանդուխի
բազրիկներ,
նոյն
իսկ
ջուլհակի
կազմածներ
թոնիրին
մէջ
մոխիր
դարձուցած
էին
բազմաթիւ
տուներ։
—
Ասանկ
չպիտի
ըլլայ,
երէ՛ցկին,
գոչեց
օր
մը
քահանան,
ի՞նչ
է
այս
վիճակը,
ի՞նչ
կեանք
է
աս։
Եթէ
ասանկ
շարունակէ՝
բոլորս
պիտի
սատկինք
անօթութենէ։
Սա
Էվրոփացիները
հաւատաւոր
չե՞ն,
քրիստոնեայ
եղբայր
չե՞ն,
մայր,
քոյր,
զաւակ,
ընտանիք
չունի՞ն,
չեն
իմանար
այս
երկրին
մէջ
տիրող
զուլումը։
—
Տէրտէր,
աս
անցաւոր
աշխարքին
մէջ
ամէն
մարդ
իր
բոսթը
ջուրէն
հանելու
կ’աշխատի,
ի՞նչ
ընէ
ֆրէնկը
կամ
ուրիշը,
մեզի
թող
Ս.
Քրիսթափորն
ողորմի,
տրտնջաց
երէցկինն
ու
աւելցուց
վրդովուած
դեմքով։
—
Հաւատքնի՞ս
ալ
պակսած
է,
ի՛նչ,
տէրտէր,
հսկում
մը
ըրէ,
թերեւս
ողորմութիւն
մը
գայ
վերէն։
Տէր
Բարթողի
մարմինէն
տաք
հոսանք
մը
սողոսկաց
ու
դժգոհանքով
գոչեց։
—
Լռէ՛,
քա՛
կնիկ,
հիմա
քու
Աստծ…։
—
Տէր
ողորմեա,
տէր
ողորմեա,
մրմնջեց
քահանան,
հիմա
բերնէս
հայհոյանք
պիտի
ելլէր։
Ու
թշուառը
մտախոհութեան
մէջ
թաղուեցաւ։
Ձայն
մը
կը
գոչէր
իրեն
միշտ։
—
Տէր
Բարթող,
ամէնքնիդ
ալ
անօթութենէ
շան
սատակ
պիտի
ըլլաք։
Բայց
խորհուրդ
մը
նորէն
լուսաւորեց
քահանային
միտքը,
պժգալի
խորհուրդ
մը.
Եթէ
հարիւրաւորներ
կողոպտած
էին
եկեղեցին,
զայն
աւերած,
պղծած
ու
անպատիժ
էին
մնացած,
ի՞նչ
պիտի
պատահէր
իրեն,
եթէ
ինքն
ալ
արծաթէ
շրջանակը
վերցնէր
իր
տեղէն։
Իբրեւ
անբնական
մտածում
մը՝
պահ
մը
կանգ
առաւ
ասոր
վրայ
Տէր
Բարթող,
բայց
տրամաբանութիւնը
չկասեցաւ
գործելէ
իր
մէջ։
Յետոյ,
որո՞ւն
համար
պիտի
վերցնէր
այդ
աւելորդ
ու
անօգուտ
զարդը
կամարէն,
չէ
որ
հարիւրաւորներ
պիտի
փրկէր
ստոյգ
մահէն,
ու
մուրացիկները
քանի
մը
օր
հանգիստ
պիտի
մնային։
Աստուած
ալ
կ’ուզէր,
խորհեցաւ
որ
իր
արարածներն
անօթութենէ
կորսուէին։
Այս
գիւտը
գոհունակութիւնով
լեցուց
կրօնականին
հոգին։
Յաջորդ
օրերուն,
քանի
մը
անգամներ
եկեղեցիին
մէջ
երկար
դեգերեցաւ,
ու
դէպ
ի
կամարը
բարձրանալու
միջոցները
փնտռեց։
Կամարը
բարձր
էր,
հոն
հասնելու
համար
կար
կեդրոնի
ջահին
ողորկ
հաստ
երկաթը
որ
կամարի
տիտան
գերանէն
կախուած
էր։
Երկաթին
վարի
ծայրը
կարճ
շղթայ
մը,
սուր
կարթի
նման
կեռով
մը
կը
վերջանար։
Քահանան
մագլցելու
մէջ
ճարտար
էր,
ու
դէպի
կամար
երկարող
երկաթն
ալ
ամուր,
հաստ։
Կը
մնար
մինչեւ
երկաթը
բարձրանալու
եռոտանի
սանդուխը
գտնալ։
Յանկարծական
խղճի
խիթ
մը
կ’անցնէր
քահանայէն
բնազդօրէն
իր
այդ
զննութիւններու
պահուն,
բայց
փաստ
մը
իրեն
ուժ
կուտար.
—
Աստուած
կրնա՞ր
պատժել
զինքը,
երբ
պիտի
ընէր
այդ
վերջին
կողոպուտն
իր
ոգեւարող
հօտին
համար,
եւ
յետոյ,
իրմէ
առաջ
մէկը
չէր
պատժուած…։
Այս
այցելութիւններէն
վերջ
երբ
կրօնաւորը
տուն
կը
դառնար,
զուարթ,
անհոգ
ու
յուսալից
կ’երեւար։
—
Տէրտէր,
բարի
լո՞ւր
մ’ունիս,
խէր
ըլլայ,
կը
ժպտէր
երէցկինը
քահանային
կռնակը
ծեծելով։
—
Ոչի՛նչ
կայ,
երէցկին,
ոչի՛նչ
Եփրոս,
սպասենք
քանի
մ’օր
ալ,
թերեւս
բան
մը
կ’ըլլայ։
—
Ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
մեր
վիճակը,
ամա՜ն,
կը
դժգոհէր,
միջահասակ,
կլոր
դէմքով
կինը,
ա՛լ
տէրման
չունինք,
քանի
մը
դրամ
ըլլար,
ու
մքլոտ
հաց
մը
կարենայինք
ուտել։
Եփրոս
այս
յանկերգն
ամէն
օր
կը
կրկնէր։
Ու
քահանան
լուռ
համակերպութիւնով
ոչինչ
կը
պատասխանէր։
Բայց
ասոր
հոգիին
մէջ
խորունկ
փոփոխութիւնը
մտած
էր։
Միեւնոյն
տանջող
մտածումներուն
երկար
դեգերումն
այդ
գեղջուկ
գանկին
տակ
ապականած
էր
հոգին,
թէեւ
ան
երբեմն
ցնորանքի,
կատաղութեան
վայրկեաններ
կ’ունենար
իր
նոր
ծրագրով
զբաղուած
ատեն։