Հայրենի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՏԷՐԻՆ ՈՃԻՐԸ
*****

Ս. Յակոբի առտուն էր։ Տարապայման սարսուռ մը մթնոլորտին մէջ կը շրջէր։

Նախորդ գիշերն երեք կիներ սառեր էին գետնայարկի մը մէջ։

Այս աղէտը Տէր Բարթողը լեցուց ցաւագին տպաւորութիւնով։ Ոճիր մը կը գործէր իր ժողովուրդին հանդէպ, զայն այսպէս լքելով։ Ի՜նչ, ամենքը անօթի՞ պիտի մնային ու ինք բան մը, օգնութեան բեկոր մը չպիտի՞ կրնար տանիլ անոնց։

Մինչեւ երեկոյ, քահանան որոճաց, կքեցաւ սենեակին անկիւնը, աղտոտ վերմակի մը տակ սարսռուն, ու ժամերով Տէր Բարթողի հէք, գերագրգռուած միտքը կարծեց տեսնել բռունցքներ կմախքներու, իրեն երկարած, կատաղութեան, հայհուչի աղաղակներ իր անօթի ծուխերուն բերաններէն նետուած։ Իրեն երեւցաւ դրացի հնակարկատ ձեռնատ Յուսէփը, որուն կապուտցած լեզուն երկու կզակներուն մէջէն դուրս կ’իյնար։ Տեսաւ Մարիամը, իր հին սպասուհին, իր խրճիթին անկիւնը՝ կռնակի վրայ տարածուած՝ կոճղի մը նման անզգայ։

Կրօնքի մարդը դժոխքի ժամեր անցուց։

Երբեմն կը ցատկէր ան կատաղօրէն ու շրջելով սենեակին մէջ՝ կը գոչէր.

Վաղն առտու, վաղն առտու եավրուներս, սպասեցէք քիչ մ’ալ, մի աճապարէք. վաղն ամէնուդ ալ պիտի հասնիմ։

Սակայն ծրագրին գործադրութեան այնքան մօտաւորութիւնը կը սոսկացնէր կրօնականն ու կ’ըսէր ինքնիրեն Տէր Բարթող տատամսումով։

Ե՞ս ալ խեղճ Յիսուսը պիտի մերկացնեմ իր շրջանակէն, իր զարդէն, վա՜յ ինծի։

Վերջալոյսին մօտ կրկին ձիւնը կը սկսէր, ու ճերմակ վարագոյր մը կը շարժէր ուժգին հովէն՝ մօտակայ երդիքներուն վրայ։

Տէր Բարթող կարծեց լսել աղէկտուր ձայներ, ու երդիքի մը փլուզումը։

Յուսահատ ձայն մ’ալ զինքը կը կանչէր ընդհատ։

Տէրտէ՜ր, Տէրտէ՜ր, հա՛ց, հա՛ց, արեւուդ մատաղ հա՜ց լմնցանք…։

Քահանան իջաւ բակը ու մեկնիլ կ’ուզէր, իր այրող երեւակայութիւնը կը պոռար ու շատ ուժգին։

Ուր, Տէր Բարթող, ճչաց շուարած կինը։

Ո՜ւր. չե՞ս լսեր, կը կանչեն զիս, երէցկին, կը կանչե՛ն, շատ հոգեվարք կայ, երթամ կարդամ բեր Մաշտոցս, բե՛ր, շո՜ւտ ըր…։

Խելքի՞դ եկաւ, մարդ Աստծոյ, աս օդին դուրս կ’ելլուի՞, տեղդ նստէ, Տէրտէր, տեղդ։

Քահանան բակին մէջ տիրող ցուրտէն ցնցուեցաւ մինչեւ ոսկորներուն ծուծը, ու զարմացաւ ինքն իսկ թէ ինչո՞ւ մեկնիլ կ’ուզէր։

Մօտեցաւ երէցկինին, որ թոնիրին մէջ աթարի սկաւառակները կը նետէր, շաղուած ափ մը ալիւրէն քանի մը լաւաշ թխելու համար։ Թանձր ծուխ մը բակը կը լեցնէր, ու շնչառութիւնը կը դժուարացնէր։

Երէ՛ցկին, յանկարծ լռութիւնը խզեց քահանան, երէ՛ցկին, ինծի նայէ։

Հրամմէ՛ Տէրհայր։

Բան մը ըսեմ քեզի, լաւ խորհէ ու պատասխան տուր, կ’իմանա՞ս։

Ըսէ՛ ճանս, փաղաքշեց էգը։

Քահանան մտախոհութեան մէջ ինկաւ երկվայրկեան մը, ու նստաւ թոնիրին եզերքը։

Ըսէ՛ Տէր հայր, կը լսե՞ս։

Բակին մէջ մութ էր, ու զիրար հազիւ կը նշմարէին ամուսինները՝ երբեմնակի թոնիրէն ցայտող կապոյտ, ծխացող բոցերէն։

Քահանան ասկէ խրախուսուեցաւ։

Երբ մարդ մը հացի կարօտ ըլլայ, ի՞նչ պէտք է ընէ, հարցուց Տէր Բարթող։

Պէտք է օգնել, զարմացումով ըսաւ կինը։

Աղէ՛կ, պէտք է օգնել բայց եթէ մարդ չի կրնար օգնել, եթէ ինքն ալ կարօտ է։

Չօգներ. խնդաց կինը, անանկ չէ՞։

Այո՛ չօգներ։ Բայց եթէ անօթիները շատ ըլլան, ու մահամերձներ գտնուին։

Կրցածը կ’ընէ ամէն մարդ, մնացածը Աստծոյ գործն է Տէրտէ՛ր։

Երէ՛ցկին, մա՛րդ կայ, մա՛րդ ալ կայ, երբ անձ մը ուրիշները խնամելու, շատերուն վրայ հսկելու պաշտօն ունի։

Է՜, յօրանջեց երէցկինը ձանձրոյթով, կատակի ատեն չէ, Տէրտէ՛ր, հացին ատենը կ’անցնի։

Թոնիրին մէջ աթարները կրակ կտրած էին ու թոնիրին եզերքներն անօսր ծիրանեգոյն մը կ’երերար։ Կինը լաւաշներուն խմորն երկարեց լայնցուց՝ փայտէ բոլոշի սեղանին վրայ ողորկ փայտով։

Քահանան շարունակեց խօսիլ, ցուրտէն կը դողար ու իր յուզումն ատով կը ծածկուէր։

Կ’ըսեմ որ, եթէ շատերն անէ մը կախում ունենան, ու անիկա չկրնար բան մը ընել։

Մէկ հոգին Աստուա՞ծ է որ կարենայ ամէնուն հասնիլ, ի՞նչ բաներ կ’ըսես Տէրհայր։

Տէր Բարթող շնչեց, զգաց որ կը թեթեւնար, իր երեւակայած պատասխանատուութեան ծանրութենէն ու խրախուսուեցաւ։

Ըսէ՛, հոգիս երէցկին, կրկին ձայնեց քահանան պաղատանքով, ես պէտք եղածը ըրի՞ իմ ժողովուրդիս համար։

Ալ ի՞նչ կրնաս ընել, Տէրտէր, ա՛լ ի՞նչ ընես դուն, ամենքս ալ մէկ մանգաղով զարնուած ենք, ձեռքէդ ի՞նչ կուգայ։

Բայց, երէցկին, կրնամ տակաւին բան մ’ը ընել հօտիս փրկութեան համար։

Ի՞նչ բան, հետաքրքրուեցաւ կինը։

Քեզ չի հետաքրքրեր, բայց շատ օգտակար կրնայ ըլլալ սովածներուն համար, վերջապէս ամէնուս համար։ Աստուծոյ պաշտօնեայ մը պէտք չէ՞ ի գործ դնէ ինչ որ կրնայ…։

Այո՛, բայց ի՞նչ կրնաս ընել դուն Տէրհայր, հերիք տատեցար, հերիք չարչրկեցար, գոնէ յարգդ գիտնային։

Հոգ չէ, Յիսուսն ալ խաչեցին, բայց ան քի՞չ բարիք ըրաւ իր թշնամիներուն։

Երէցկինը լաւաշներուն խմորները ձակտկեց ցուցամատով ու զանոնք փակցուց թոնիրին մէջի շրթունքներուն։ Վեր կանգնեցաւ յետոյ, մօտեցաւ քահանային ու ըսաւ մտերմօրէն.

Տէրտէր, տէրտ մը ունիս, ըսէ՛, ի՞նչ է ճանս, յետոյ նիհար ալ կը տեսնամ քեզի, վա՜խ, վա՜խ։

Ազգին խեղճութիւնը քի՞չ տէրտ է, երէ՛ցկին։

Ամա՜ն, բան մը որ մեր ամէնուն գլուխն ալ է։

Այո՛, բայց ես միջոց մ’ունիմ դժբախտութիւնը թեթեւցնելու, պէ՞տք է որ անկէ ետ կենամ։ Անանկ գործ մը որ հարիւրներու օճախը կը վառէ, ու ստամոքսները կը լեցնէ։ Ըսէ՛, երէցկին, պէ՞տք է ետ կենամ։

Քահանան այս խօսքերէն վերջ կանգնեցաւ ու բակը չափել սկսաւ եւ գոչեց սրտնեղած.

Ըսէ՛, կնի՛կ, ի՞նչ կը պապանձիս, ըսէ՛, ամէն միջոց պէտք չէ՞ գործադրեմ իմիններուս համար, որոնք կը մեռնին ձիւնին տակ։

Այո՛, այո՛, Տէր Բարթող, միջամտեց կինը, ըրէ՛ ուզածդ, ազատ ես, ինչո՞ւ կը սրտնեղիս, դուն ցաւ մը ունի՛ս նորէն մարդ Աստծոյ. ու երէցկինը փոքրիկ լամբարը վառեց։

Տէր Բարթողի շէկ մօրուսը կ՚երերար տենդով, ու աչքերէն տաքութիւն ու կատաղութիւն կը կաթէր։ Մարդն օրերէ ի վեր տուած որոշումին հետ հիմա կրկին կը պայքարէր։

Պիտի գողնար վերջապէս կամարին վրայ բարձրանալով, Յիսուսի նկարին արծաթ շրջանակը։ Զայն հալեցնելով պիտի ծախէր եւ դրամը պիտի բաժնէր աղքատներուն։

Եփուած խմորի քացղած բոյր մը լեցուց բակը։

Տաք, տաք լավա՛շ մը կեր, Տէրտէր, շատ աղէկ եփեցան։

Ախորժակ չունիմ, մեղմիւ ձայնեց քահանան, երէցկին, ախորժակ չունի՛մ, դուրսը անօթի մեռնո՛ղ կայ, մեռնող։ Տէր Բարթող անշշուկ սենեակ բարձրացաւ։

Գիշերն ամբողջ հսկեց ան, մինչ իր կինը կը մշար։ Աչքերը լայն բացած, ջերմի մը կրակներովը մարմինը ողողուն, քահանան կը սպասէր լոյսի առաջին սպիտակութեան, մեկնելու համար եկեղեցի։

Այս անհատնում սպասումը քահանան յետին սրտնեղութեան կը մատնէր։ Ան ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ այդ գիշեր, սոսկումի, որոշումներու, նախապէս տպաւորուած պատկերներուն մէջ տատանեցաւ ժամերով։

Երբեմն աչքերը գոց, կծկուած, երեւակայութիւնով կը մեկնէր կանուխ, առտուն՝ իր պատրաստած սանդուխը ուսին, ամայի փողոցներէն, ձիւներուն մէջէն գինովի մը պէս իյնալով, բարձրանալով։ Եկեղեցիէն ներս կը մտնար, կը տեղաւորէր սանդուխը ու վեր կը սողոսկէր, ու կամարին հաստ գերանին վրայ էր. սխալ շարժում մը գահավէժ կ’ընէ զինք։ Ահաբեկ կը բանար աչքերը՝ քրտինքի ուղխի մը մէջ, ջերմի հոսանքով մը վեր կ՚ոստնուր, կը նայէր մութին մէջ, կ’անիծէր այդ դժնէ որոշումն իր մէջ արթնցնողը։ Կրկին մրափանքի մէջ կ՚իյնար։ Այն ատեն նորէն աղեխարշ ձայներ ականջներուն մօտ կը բզզային, կարծես մայրեր կ’աղերսէին

Տէ՜ր Բարթո՜ղ, Տէ՜ր Բարթո՜ղ, մեր մատղաշ մանուկները հոգի կը քաղեն, հասի՜ր, մեր ցամքած ծիծերուն մէջ կաթ չմնաց, կուրծքերնիս տախտակի պէս հարթացաւ, հասի՜ր, հասի՜ր…։

Յետոյ սուլումներ, յետոյ հայհուչներ աւելի բիրտ, ոռնումներ, կմախքներ խնդացող չար դէմքով, կոծեր, աւերակներ, անոնց վրայ պառաւ կիներ թեւերնին քահանային ցցած սպառնական։

Կրկին դիակներ փոսերու մէջ ցուցամատերնին քահանային վրայ ուղղած։

Քահանան աղօթք մը իսկ չկրցաւ արտասանել, համրիչն անգամ լքեց մատներն այնքան խոնջած էին եւ մահամերձի մը նման անկարող կը զգար անդամները շարժելու։

Գիշերուան արշաւող հովը դադրած կը թուէր ու Տէր Բարթող կարծեց լսել աքլորի մը խեղդուկ երգը։ Արշալոյս կը ծագէր, խորհեցաւ։

Ելաւ զգոյշ վերմակին տակէն, խաչակնքեց կնոջը դէմքին վրայ եւ իջաւ վար, բակը։ Շալակեց սանդուխը պզտիկ պարկ մը անցուց ուսէն, որուն մէջ պիտի պահէր արծաթ շրջանակը, ու ելաւ տունէն դուրս ուղղուեցաւ Աստուծոյ տան կողմը…։

Բ…ի երդիքները լոյսով ողողուած էին, ու տկար արեւ մը ձիւներուն վրայ կը խաղար։ Երկու պառաւներ իջան փողոցէն ու եկեղեցի մտան։

Տէր Բարթո՜ղը, Տէրտէ՜րը, վա՜յ Աստուածամար, մրմռացին պակուցումով ու դիտապաստ շրջեցան իրենց դէմքերուն վրայ։

Կրօնքին մարդը պարապին մէջ մօրուքը դէպի ի վեր, գլուխն ետին հակած մեղմօրէն կը ճօճուէր, ջահակալին կեռէն կախուած եւ ուսէն ձգուած պարկին մէջէն արծաթէ շրջանակին ցցուած լեզուակը կը փայլատակէր։

Բ…ի բոլոր սոված բերանները հրճուանքով ըսին այն օրը.

Վերջին թալանճի՜ն… չքահանա՜ն…

Ու մահամերձներն իսկ Աստուծոյ արդար դատաստանը երգեցին…։