ԿԱՂԸՆՏԻՆ
ԶՈՀԸ
*
*
*
—
Տէրտէ՛ր,
Նարեկէն
տուն
մը
քաղէ
հարսիս
գլխուն
ու
հաւատքով
քաղէ,
հաղորդութիւն
ալ
տուր,
դառնօրէն
ձայնեց
տանուտէրը
Պետոն.
Զարման
երկարած
էր
անկողինին
մէջ,
կը
խնդար,
կը
զառանցէր,
քրտինքի
հեղեղ
մը
այտերէն
վար
կը
թափէր.
փոքրերը
անկողինին
եզերքը
շարուած
էին
ապշած,
կարծես
հանդիսաւոր
տեսարանի
մը
ականատես,
ու
կեսուրը
կծու
չարաշուք
դէմքով
կը
դիտէր
հիւանդը։
Քահանան
հանեց
գրպանէն
գիրքը,
համբուրեց
ու
սկսաւ
խորթ
անհամբոյր
բարբառով
մը
մրմռալ.
ան
կը
մօտեցնէր
ուսին
մօտ
բռնուած
մոմին
յաճախ
գիրքը
ու
կը
սրբագրէր
կարդացուած
տողը,
բայց
անոր
ձայնը
հանդիսաւոր
էր,
սարսռազդեցիկ
ու
վայրի
երաժշտութիւնով
զեղուն,
կարծես
մահ
մը
կը
նախազգար։
Իր
միրուքը
աղտոտ,
երկար,
ծխոտած,
կը
շարժէր
անընդհատ
իբրեւ
հովէ
մը։
Ան
երկար
գլուխներ
քաղեց
ու
յետոյ
աւետարանէն
էջ
մը
եղանակեց
հարսին
գլխուն
մօտ։
Պահ
մը
խաղաղեցաւ
Զարման,
սենեակը
անայլայլ
մնաց
ու
յոյս
մը
ժպտեցուց
բոլոր
տնեցիները։
—
Ի՞նչ
է
այն,
ո՞ւրկէ
կուգաս…
ի՞նչ
է
ադ,
ջուրերուն
վրայէն
կը
քալէ…
հօ,
հօ,
եկուր
լաւ
է
աս…
իջիր,
կամաց
իջիր,
ջուր
է,
խաղաղ
է…
արեւուդ
մատաղ
Արութ,
հա
սանկ
ցամաք
ոտքդ
դիր…
ի՞նչպէս,
ի՞նչպէս
անցար
ջուրերուն
վրայէն,
ո՞վ
բերաւ…
Զարման
կը
զառանցէր։
Սենեակին
բնակչութիւնը
ապշութիւնով
զիրար
նկատեց։
Քահանան
կքեցաւ
սնարին
մօտիկ,
ու
վիշտը
օծեց
բոլոր
դէմքերը։
—
Օ՜հ,
ինչպէ՜ս
դաշտերը
կանչցեր
են,
աղբիւրներու
ջուրը
ինտո՜ր
զուլալ
է,
քիչ
մը
արագ
քալէ՛
ա՜յ
մարդ…։
Ո՛չ,
ո՛չ,
ձիւն
կուգայ,
մեղմով
Արութս,
լեռան
ճամբան
դաշտին
ուղին
չէ,
ձիուդ
սանձը
լաւ
բռնէ՛,
տե՛ս,
ձորը
որքան
խոր
է,
ճամբուն
եզրը…
ու
ջուրը
մէջէն
ի՛նչպէս
կ’երթայ…
իմ
սիրտս
ալ
խոր
է
ու
արիւն
կը
հոսէ,
որքան
ալ
խոր…
կամաց,
ձիւնը
խաբող
է։
—
Կամաց,
նորէն
կամաց,
զառիվարը
սառեր
է…
իջի՛ր,
իջիր
ձիէն
վար
կ’իյնաս…
ադ
քէրվանը
սխալ
ճամբով
կ’երթայ…
ո՞ւր
կ’իջնաք
ա՜յ
մարդիկ…
Ո՞ւր
կը
տանիք
Արութս…։
—
Չէ՛,
թող
չեմ
տար,
սխալ
ճամբէ
հա՛,
հերիք
չէ՞
այսքան
տարի
մեռած
եմ
ապրեր,
ու
հիմա
նորէն
խուրպէթ…։
Զարման
լռեց,
շնչեց
խռկալու
չափ
ուժով,
Ղեւիկը
կը
հեկեկար,
ինկած
վերմակին
վրայ.
բոլորն
ալ
ընկճուած,
անշարժ
կ’սպասէին,
արդեօք
խելառա՞ծ
էր…
ինչպէ՞ս
ամուսնին
անունը
կրնար
տալ
օտարներուն
դիմաց…
վա՜հ…։
—
Օ՜խ,
օ՛խ,
լաւ,
տէհ
հիմա
աղէկ
է…
դէպի
հոս…
շուարեր
եմ,
մեղա՜յ,
լաւ
ծածկուէ՛
Արո՜ւթ,
շատեր
սառեր
փայտ
են
կտրեր
այդ
ճամբուն
վրայ…
տէր
քիչ
մը
արագ…
Տէր
Աստուած,
ի՜նչ
ձիեր,
զա՛րկ,
զա՛րկ
ուժով…։
Քահանան
երկար
աղօթք
մը
կը
ծամծմէր
անլսելի։
—
Չէ՛,
զգո՜յշ,
ճա՛նս,
հազարին
մէջ
հատիկ
մը,
գէշ
տեղ
է,
վա՜տ
է,
վա՜տ
է,
չե՞ս
տեսներ,
շունչ
ալ
մի
առներ…
—
Հա՜…
հա՛…
հա՛…
աչքերս
քօռանայ…
քիչ
մ’ալ
շուտ,
կը
պրծիք
հիմա…
—
Ի՞նչ
է.
զանկին
ձայները…
ձայն
մի՛
հաներ…
ա՜յ
ձի
մի
խրխնջար…
—
Հօ՜…
հօ՜…
հօ՜…
հօ՜…
Վա՛յ
Արութ,
վազցուր
հայվանը…
Հեծկլտուքներ
կ’արթննային
կուրծքերու
մէջ,
պահուած
ցաւերու
բոլոր
ուժովը,
սեղմուած
ու
տարտով
լեցուն։
—
Մեղա՜յ,
ամենասուրբ
Երրորդութիւն
մեղա՜յ…
մեղա՜յ
հծծեց
քահանան։
Հովը
բուխերկին
մէջ
կը
քրքջար…։
—
Ի՜նչ
ճամբայ…
ի՜նչ
սար…
ի՜նչ
դաշտեր…
ձիւնն
է
եկեր
պատեր,
սիրականիս
պեխէն
սառոյցի
լուլայ
է
կախեր…։
—
Մի
մոլորիր,
ձին
գիտէ
տան
ճամբան
հա՜
օրուան
մը
տեղ,
լա՜ւ
հանգիստ
ըրէ
գիշերը
խանին
մէջ,
լա՛ւ
հսկէ
մալերուդ,
լաւ
պահէ,
դրամդ
ծոցդ
պառկէ…
այս
տեղի
հրեշտակներն
ալ
գող
են,
գո՛ղ…
աւազա՛կ…
Ծերուկը
ծունգերը
կը
ծեծէր,
կքած
դէպ
ի
առաջ,
կեսուրը
կը
մնար
շուարած,
հեծկլտուքներն
աւելի
երկար
կ’ըլլային
ու
ճշմարիտ
լացի
կը
փոխուէին։
—
Ընկալ
քացրութեամբ
Տէր
Աստուած
հզօ՜ր,
զդառնացողի՜ս…
կը
հառաչէր
կրօնքի
մարդը։
—
Կանո՜ւխ
ճամբայ
ելիր,
Արութ
աղօթարանը
չբացուած,
մաշեր
եմ,
ճրագս
մարելու
մօտ,
արագ
քալէ,
թռիր,
եկո՜ւր,
ծոցիդ
կարօտն
եմ,
աչքերս
ճամբաներուդ
վրայ
կը
մաշի,
հալեր
եմ
մաղ
դարձեր…
ուրիշ
հարսեր,
տասը
զաւակ
են
բերեր,
ես
ի՞նչ
ունիմ,
հատ
մը,
Ղեւիկը
Արութ,
շո՜ւտ,
շո՜ւտ…։
Զարմանի
ձայնը
կը
դողար
կը
մեղմանար
ու
վերջին
բառերն
այլեւս
հեւքի
մը
կը
վերածուէին։
—
Պահապան
ամենայնի
Տէ՛ր
Քրիստոս,
աչք
քո՛
հովանի…
կը
հեւար
քահանան,
հառաչանք
մը
ողբագին՝
որմերը
սարսռացուց,
ու
րոպէ
մը
մահուան
լուրը
տարածուեցաւ։
—
Կը
հասնին…
հա՜
ժամուն
քովն
է,
վեր
կուգայ…
վազէ՛
Ղեւիկ…
վազէ՛
հօրդ
գիրկն
ինկիր
լակո՜տ,
վա՜յ
Արութ,
պօյուդ
հոգուդ
մատաղ…
մատա՜ղ…
ղուրպա՜ն…
թո՜ղ
տուէք…
ելլամ
ինչո՞ւ
կը
բռնէք…
թեւերս
են
կապեր,
քակեցէք
բոլոր
չուանները…
քակեցէք
հա՜…
վա՜յ,
մեր
դուռն
է…։
Ախ,
Արութս
բարո՜վ։
Հարսն
անկողնին
մէջ
ցցուեցաւ,
թեւերը
պիրկ,
երկարած,
կ’ուզէր
կանգնիլ,
թռչիլ,
խոյանալ…։
Սարսափի
հեծեծուն
աղաղակ
մ’ընդհանուր
եղաւ,
աղեկտուր
ու
սոսկալի…։
Զարման
կրկին
գլորեցաւ
բարձին
վրայ,
խոր
հառաչներու
նման
շշուկներ
կոկորդէն
դուրս
կը
քշէր
տաժանքով,
խողխողուած
ոչխարի
մը
նման,
ու
կը
տժգունէր
սպիտակ
դէմքը
շատ
սեւ
մազերու
շրջանակին
մէջ
ձմեռ
գիշերուայ
լուսնի
մը
նման։
Վերմակը
ծածկուած
էր
հեծկլտացող
թշուառ
կուրծքերով։
Քահանան
կը
սաղմոսէր
ծնրադիր,
վերացած,
ու
զոյգ
չոր
մատներով
կը
գոցէր
կոպերը
հարսին։
Պախրցին
եղերական
ջայլ
մը
կը
վառէր
ծխնելոյզին
մէջ։
Ախոռին
մէջ
աքլորները
անդադրում
կ’աղաղակէին,
կովեր
կը
խորթային…։
Ու
լոյսը
կը
ճեղքուէր
անյուսօրէն
ձիւնին
տակ
թաղուած,
կորսուած
հիւղերուն
վրայ…։