ԿԱՂԸՆՏԻՆ
ԶՈՀԸ
*
—
Ըսէ՛,
Տէրա
պապիտ,
ասիկա
կեա՞նք
է,
շունն
ալ
կրնա՞յ
տոկալ
այս
չարչարանքին,
իմ
մարդս
ե՞րբ
կուգայ,
ղարիպ
ղուրպէթն
է
ինկեր,
հոն
ի՞նչ
կ’ընէ,
ո՞վ
գիտէ։
Գիտե՞ս
դարման
մը,
Տէրա
պապիկ։
Դուն
ալ
գրէ
Արութին,
գրէ՛
ըսէ՛,
լաճն
է
մեծցեր,
ես
ալ
հատեր
եմ,
հերիք
չէ՞
որքան
պանդուխտ
ապրեցաւ,
ինք
ալ
մեղք
է։
Պետոյին
հարսը
Զարման
վերջին
բառերուն
հետ
փղձկեցաւ,
—
Հա՛րս,
Զարման,
կուլա՞ս,
չէ՛
հանդարտէ
բուսուլա
մ՚ալ
ես
կը
գրեմ,
Աստուծոյ
զօրութիւնը
մեծ
է.
աղօթէ՛,
պահքիդ
ու
ծոմիդ
հոգ
տար,
Նոր
Տարին
ալ
հասաւ,
ի՞նչ
մնաց.
գիշերը
վաղ
նայէ
որ
աղբիւր
լուացուելու
երթաս
ու
լաւ,
շատ
լաւ
լոգնաս,
բաղդդ
կը
ժպտի
անպատճառ։
Ծերուկ,
կքած
քահանան
կազդուրող
բաներ
մ՚ալ
ըսաւ
Զարմանին,
շոյեց
անոր
գլուխը։
Հարսն
համբուրեց
ջերմագին
ծերունիին
աջը
խոշոր
ու
դողդոջուն։
Քահանան
հեռացաւ։
Զարման
շաբաթ
իրիկուն
Եկեալքին
կծու
խունկն
անգամ
մ՚ալ
շնչեց
բոլոր
կուրծքովը,
ծնրադրեց
գաւիթին
քարերուն
վրայ,
համբուրեց
գետինին
փսիաթը
փոշոտ՝
ու
հեռացաւ
թեթեւցած,
լեցուած
տկար
յոյսով
մը։
Խոստովանած
մեղքերէն
կիսով
թեթեւցած,
հիմա
ապաշխարելու
օրեր
ունէր
իր
առջեւ,
ծոմ
պիտի
պահէր
Հաղորդութեան
վայելքին
արժանանալու
համար։
Կուգային
հանդիսաւոր
օրերն
եւ
Զարման
կը
պատրաստուէր
աւելի
ինքնազրկման
հաճոյքին։
Մէջքի
շալին
մէջ
զետեղեց
կեսրայրին
դարակէն
գողցած
նամակը,
զգոյշ
քալեց
դէպի
տուն
տանող
զառիվայրէն
կիսովին
անյայտ
ձիւնին
տակ։
Գիւղը
ձիւնի
սպիտակ
օթոցներուն
մէջ
սուզուած,
թաղուած,
խեղդուած,
կեանքը՝
փուխերիկներուն
ծուխովը
կը
զգացնէր։
Խայթող
ցուրտ
մը
կը
լեցնէր
ամայի
գիւղին
անջրպետը
ու
կսկծալի
մռմռուքով
կ՚ողողէր
Զարմանի
դէմքը։
Ձիւնը
նորէն
կը
սկսէր
մաղուիլ։
Զարման,
հակառակ
իր
սովորութեան,
չաճապարեց,
դիտեց
ուշով
բոլոր
ծառերը,
ինչքա՜ն
ողորմելի
էին
գետեզրի
ուռիները
տերեւաթափ,
մերկ,
ուրուային
ու
ձիւնով
ժանեկաւորուած։
Բարձրաբերձ
կաղամախները
պատանքուած
հսկաներ
էին,
անոնց
տեսքը
այնքան
սարսռալի
էր,
Զարման
ցնցուեցաւ։
Ան
կը
փնտռէր,
կ՚որոնէր
բան
մը
ու
վարանումէ
մը
վերջ
մօտեցաւ
ընկուզենիի
մը,
անհրապոյր,
ձիւնին
սպիտակութեան
տակ
կծկուած
էր
ամառուան
հսկան։
Զարման
համբոյր
մը
տուաւ
անոր
բունին
ու
հին
քաղցր
օրի
մը
երազովը
միտքը
որոճաց.
առաջին
անգամ
հոն
հանդիպեր
էր
Արութին,
եւ
դեռ
անգամ
մ՚ալ
կարծես
ծոծրակին
շուրջ
զգաց
գալարուիլը
հուժկու
ձեռքերու
եւ
ուժեղ
համբոյրի
մը
պատրանքը
սթափեցուց
հարսը։
Քալեց
արահետէն
ծածկուած
ձիւնին
տակ,
անփոյթ
մխրճուելով
մինչեւ
իր
ծունկերը
կակուղ
օթոցին
մէջ։
Մտաւ
գոմը,
կենդանական
արտաշնչութիւնով
ու
թրիքով
ջերմացած
մթնոլորտ
մը
հեշտագին
հարսին
սառ
դէմքը
կը
փայփայէր,
կովերուն
ու
ոչխարներուն
տուաւ
առատ
խոտ,
փայփայեց
իրենց
մագիներուն
կակուղ
բուրդը
ու
կիցի
հարուածներով
հեռացուց
քիւրտ
Սուլէմանի
ոչխարները
մրմռալով։
—
Ի՞նչ
օրէնք,
ի՞նչ
իրաւունք՝
քիւրտին
ոչխարն
ալ,
ողջ
ձմեռը
վեց
ամիս,
Հայը
պիտի
խնամէ
եւ
սատկածին
տեղն
ալ
իրենը
տայ։
Զարման
յանկարծ
գութով
լեցուեցաւ
ու
շոյեց
քանի
մը
քիւրտ
ոչխարներու
գլուխն
ալ։
—
Ի՞նչ
է
յանցանքը
անասունին,
ի՞նչ
ընէ
ոչխարը
եթէ
տէրն
է
անիրաւը։
—
Գոմէն
դէպի
բակը
հասնող
սանդուխէն
ելաւ։
Տակաւին
ցուրտը
կը
խայթէր
իր
թուշը։
—
Լաւ
աղօթեմ,
կը
կրկնէր,
պահքիս
ու
ծոմիս
աւելի
հոգ
տանիմ,
է՜,
Տէրը
ողորմած
է,
ի՞նչ
գիտնամ
որ
զիս
մեղքերուս
համար
չի
պատժեր,
եւ
Կաղանդի
գիշերը
կանուխ
աղբիւրն
առաջին
լուացուողն
ես
ըլլամ,
ու
Զարման
կ՚աշխատէր
յաջորդ
օրերուն
սովորականէն
աւելի
եռանդով։
Հայաստանի
գիւղ
մը
հանդիսութիւնով
կը
տօնէ
Նոր
Տարին։
Օրն
ի
բուն
իր
երկու
նորեկ
հարսներուն
հետ
զբաղած
էր
եփելու
պահքի
կերակուրները,
չոր
լուբիան,
կորկոտով
թանձր
ապուրը,
որուն
մէջ
թթուած
սալորը
սեւ
կը
լեցնէր
առատ,
չորցուած
լեռնային
աղցանները
կը
խաշէր։
Զարման
տենդոտ
այդ
գործունէութեան
մէջ
կ՚օրօրուէր
երազներով։
Նոր
Տարի,
ի՞նչ
պիտի
ըլլար
իրեն,
իր
մարդն
Արութը
պիտի
գա՞ր։
Ինչո՞ւ
չէր
գիտեր
գրել
ինք
որ
երկտող
մը
հասցնէր
մեծաւորին
ձեռքը,
ըսէր
ծովի
չափ
տէրտը,
հասկցնէր
կրած
զրկանքները,
ինչո՞ւ
քանի
մը
գիր
իրարու
քով
դնել
չգիտնար,
պատմելու
համար
կեսրայրին
ու
կեսուրին
անհնարին
խստութիւնը,
ծածկամտութիւնը,
անոնք
մինչեւ
մահ
զինքը
պանդուխտ
պիտի
ձգէին,
յագուրդ
չունէին.
պիտի
գրէր
թէ
ի՛նչպէս
զինքը
կը
զրկէին
նոյն
իսկ
սիրականի
մը
նամակներէն
եւ
տարիներով
տասնոց
մը
իսկ
չէին
տուած
իրեն
ղրկուած
այնքան
ոսկիներէն
եւ
յետոյ,
իր
զաւակը
Ղեւիկն
իսկ
չէր
կրնար
սիրել
տնեցիներուն
աչքին
տակ։
Մինչեւ
ե՞րբ
պիտի
շահագործէին
ճիվան
սիրականի
մը
բարութիւնը։
Տագրերն
ալ
ծոյլ
ծոյլ
կը
սլքտըկային։
—
Ա՜խ,
Արութ,
թեւ
ունենայի
անցնէի,
թռչէի
ժամ
մը,
սօլուխ
մը
օտաիդ
բանճիրան
գայի,
ըսէի
քանի
մը
խորոված
խօսքեր
ականջիդ
ու
դառնայի,
կը
մրմնջէր
Զարման,
դիտելով
չորս
կողմը,
մի
գուցէ
կեսուրը
մտածումն
իսկ
կռահէր։
Հարսն
երբեք
այդքան
անհամբեր
չէր
եղած,
բայց
դանակն
ա՛լ
ոսկորին
կը
հպէր,
կեսրայրը
տղան
գիւղ
կանչելու
կողմնակից
չէր,
ա՜խ,
սոսկալի
մարդ,
ի՞նչպէս
ինք
բնաւ
չէ՞ր
սիրած
սա
զառամ
պառաւը,
չէ՞ր
զգար
թէ
ի՞նչպէս
կը
քանդուէր
երիտասարդ
արեւը,
ի՜նչ
կրակով
կը
հատնէր։
Տարի
ու
կէս
ապրեր
էր
Արութին
հետ,
աշխարհք
չէր
կրցած
վայելել,
այրիի
մը
վիճակէն
աւելի
վատ
կը
գտնէր
Զարման
իր
կեանքը,
ամուսին
ունէր,
ճիվան
ամուսին,
ու
տասը
տարիէ
ի
վեր
միայնակ
կ՚իյնար
անկողինին
մէջ։
Ի՞նչ
ընէ
ան
սիրտն
որ
միակ
կը
բաբախէ։
Իր
դէմքն
այրող
ջերմին
շունչի
մը
կարօտովը
կը
սպառէր,
համբոյրի
մը
պապակովն
ամէն
երկար
գիշերներ
անքուն
կը
լողար
քրտինքներու
մէջ,
հապա
սարսուռները,
որոնք
կողէն
դէպի
ազդրերը
կը
սողային
մահուան
ցունցերու
չափ
զօրաւոր։
Զարման
ամօթով
կը
նայէր
իր
կուրծքին,
ո՞ւր
էր
հին
օրերու
հպարտ
կամարաձեւ
լանջքը.
հարթացած,
սմքած
էր
ան.
ասիկա
տխրութեամբ
կը
համակէր
Արութի
կինը։
Եթէ
Արութ
յանկարծ
գար,
չպիտի
հաւնէր
իրեն,
ան՝
որ
տեսած
էր
Ստամպօլի
կիները։
Զարման
իրեն
յատուկ
առասպել
մ’էր
շիներ
այդ
կիներուն
համար,
անոնք
ամէնն
ալ
հրապուրիչ
էին,
խելք
թռցնող,
կը
պտըտէին
կիսովին
մերկ։
Ո՞վ
արդեօք
իր
Արութին
սիրտն
էր
դարձուցած,
ո՞ր
անիծուած
քածը։
Թերեւս
Արութ
այդ
պատճառաւ
իսկ
չէր
վերադառնար։
—
Տասը
տարի
է
ուխտի
կ՚երթամ,
կը
մրմնջէր,
թօնիրին
տաք
շրթներէն
լավաշները
հանելով,
հազար
սուրբի
մոմ
եմ
վառեր
ու
տակաւին
վիճակս
աս
է.
ո՜վ
Տէր,
զօրութեանդ
մեռնիմ։
Այս
ամէնուն
մէջ
անյուսութիւն
մը
կար.
Զարման
անցեալին
յիշատակները
կը
գրգռէր,
անոնց
մէջ
յուսադրող
բան
մը
չէր
գտնար։
Սակայն
կ՚ուժեղնար
հաւատքով
յանկարծ,
որովհետեւ
նոր
տարիէն
բարիք
մը
կը
սպասէր,
ամուսինին
վերջին
նամակն
ալ
յուսադրող
էր
մի
քիչ։