Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.
ՊԷՅԼԱՆ

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Սոյն Գազան ճամբէս դուրս գտնուելուն պատճառաւ անձամբ տեսնելու պատեհութիւն չունեցայ, հետեւաբար անոր մասին չի պիտի կրնամ մանրամասնութիւններ տալ Պատ. Կեդր. յանձնաժողովին։

ԱՅՐԻՆԵՐ. Իրենցմէ ղրկուած ցանկին համաձայն Պէյլան ունի 48 աշխատելու կարող այրիներ։

ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԸ. Հալէպի մասնաժողովին հետ կարծիքի փոխանակութիւններ ունեցայ Պէյլանի յարմար գործի մը մասին։ Տեղւոյն աղջկանց դպրոցին մէջ 3-4 գորգի տէզկեահ հաստատած են անցեալ տարի, Հալէպի մէջ ծանօթ գորգի գործատէր Կարապետ էֆ. Քէհեաեանի աջակցութիւնով։ Կը կարծեմ թէ նոյն գործը կարելի է տրամադրել նաեւ այրիներուն։ Քէհեաեան էֆ. ի հետ տեսնուեցայ այդ մասին, եւ եթէ յանձնաժողովը պէտք եղած ծախքերը ընէ, ինք ամէն կերպով յօժար է դիւրութիւններ տալու, եւ իր կողմէ հայթայթուելիք նկարներու համաձայն շինուելիք գորգերը գնելու։ Քէհեաեան էֆ. ի այս բարեացակամութենէն օգտուելով Պէյլանի մէջ գորգաշինութիւնը մտցնել եւ տարածել լաւագոյն բանը կը թուի ինծի։