Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԿԵՍՈՒՐԸ
(ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)
5


Վիշտը, տագնապը, եւ ամուսնէն բաժնուելու ցաւը այն ամուսնէն՝ որը սկսեր էր սիրել դեռ նոր արթնցող կոյս սրտի մը բոլոր ուժգնութեամբն ու գուրգուրանքովը, եւ որը իր պաշտպանը, իր բարեկամը, իր սիրելին էր միեւնոյն ժամանակ կաթը ցամքեցուցեր էր Ալմաստի ստինքներէն։

Մանուկը այծի կաթով սնանելու դատապարտուած էր։

Գաւառական բարքերու ու սովորութիւններու համեմատ, նորահարս մայրը պիտի քաշուի իր մանկան խնամքն ու հոգածութիւնը ստանձնելէ, դա՝ հայ կնոջ աւանդական պարկեշտութեան արատ՝ հետեւաբար եւ ամօթ է համարուած։

Նա՝ բոլորովին չէզոք դիրք պէտք է բռնէ ընտանեկան կեանքի մէջ եւ հանդէպ անոնց՝ որոնք իր կեանքին է՛ն սրբազան մասնիկները, իր հոգւոյն է՛ն թանկագին հատորներն են։

Ուստի եւ Ալմաստ ստիպուած էր գլուխ ծռել այդ անիրաւ ու անբնական պահանջքին առաջ, եւ իր սիրական մանուկը թողուլ խստաբարոյ կեսրոջը անտարբեր ու կամայական խնամքներուն …։ Ու արդարեւ ի՞նչ են սէրը, խնամքը անոնց՝ որոնք իրենք չեն ծներ զաւակը…։

Ադոնք ինչքան ալ գորովալի ինչքան ալ խղճմտալից ըլլան, միթէ կրնա՞ն հաւասարիլ մօր մը խորունկ անձնուիրութեանն ու գերագոյն խանդաղատանքին։

Ալմաստ կը տեսնէր որ մանկան մաքրութեանը հոգ չէր տարուեր. մանուկը բաւարար սնունդ չէր առներ, վասն զի կաթը հարկաւոր քանակութեամբ չէր տրուեր անոր. այնպէս որ խեղճը անօթի, եւ թաց ու աղտոտ շորերուն մէջ անհանգիստ, օրն ի բուն կը ճչար…։

Եւ Ալմաստ կը զգար թէ՝ մանկան կրած զրկումներուն ու չարչարանքներուն պատճառը՝ աղջի՜կ ըլլալն էր… անո՛ր մեռնի՜լը կ՚ուզէին… օ՜հ, ա՛յդ ըսեր էր իրեն կեսուրը կատաղութեան վայրկենի մը մէջ… ինչո՞վ էր նա մեղաւոր միթէ աղջիկն ալ Աստուծոյ ստեղծածը չէ՞…։

Անգամ մը, երբ կեսուրը նեղացած տղուն անդադրում ճիչերէն, կը պօռար ու կը գոռար. Ալմաստ դողդոջուն ձայնով մը վերջապէս յանդգներ էր ըսելու թէ՝ տրուած կաթին անբաւականութիւնն է տղուն լացին պատճառը, թէ մանուկը անօթի է։

Կեսուրը՝ վիրաւորուած իր մեծի, ու բանգէտ տանտիկնոջ արժանապատուութեան մէջ։

Շա՛ն աղջիկ, գոռացեր էր, դո՞ւն եղար այսքան տարուայ կնկան խելք սորվեցնողը. ես իմ ըրածս չե՞մ գիտեր. սվո՛ր նայէ… կեսրոջը խրատ տալու ելեր է յետոյ զայրագին նայուածքով մը սե՜ւ է եղեր այն օրը որ դրանս սեմը ոտք կոխեր է քեզի պէս լկրտած հարսը։

Խեղճ աղջիկը նախատինքներու այդ տարափին տակ սասանած լռեր էր… եւ տղան միշտ կը ճչար…։

Ո՜ւր էր նոր ծնած օրերուն այն աղւոր ու լեցուն դէմքը, նիհարցե՜ր, գունատե՜ր, տգեղցեր, կմա՜խք էր դարձեր իր ճերմակ հացի պէս ճերմակ ու փափուկ մարմնիկը։

Աստուա՜ծ իմ… կ՚աղօթէր թշուառ նորատի մայրը. Աստուա՜ծ իմ, գոնէ ա՛ռ հոգին, որ այսպէս, աչքերուս առջեւ անօթի, չարաչար տանջուիլը չտեսնեմ իմ խե՜ղճ զաւկիս… ու կուլա՜ր, կուլա՜ր… ծռած մանկան օրօրոցին վրայ… Արցունքները կը թրջէին տղուն դէմքն ու բերանը, որը կը ծծէր այդ աղին ու լեղին անյագաբար, կաթի տեղ…։