Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Ինչպէս ըսի, վերջին տարին, դպրոցին մէջ վայելած ազատութիւնս քիչ մը աւելի ստուարացնելու նպաստեց մեր տեսակցութիւնները։

Յետոյ պարտէզի այն մասը՝ ուր կը նայէր իր սենեակին պատուհաններէն մին՝ հիմա ազատօրէն կրնայի մտնել ամեն ատեն։

Գիշերները, շատ անգամ, ժամերով կ’երթայի առանձին դիտելու այն լոյսի մեղմ ցոլացումը՝ որ իր պատուհանին վարագոյրին հիւսկէններէն դուրս կը թափանցէր։ Մաքուր երազներ կը հիւսէի հոն մտքիս մէջ։

Օր մը խօսակցութեան ատեն, ինչպէս՝ չեմ գիտեր պանդխտութեան վրայ խօսեցանք։

Այրող բան է Տիգրան, ըսաւ ընտանիքի կարօտը, ինծի որ գոնէ երկու տարին մէյ մը ծնողքս կը տեսնեմ՝ երբ այնքան դժուար կուգայ ընտանիքէս հեռու ըլլալ, պահա քեզի համար որ հինգ արի է շարունակ չես տեսած սիրելիներդ, բայց բարեբախտաբար ալ ասիկա վերջինն է։

Վերջինը։ Սարսռացի։

Ուրիշ օր մը, երբ դարձեալ խօսքը այս նիւթին վրայ էր դարձած եւ համակերպող ձայնով մը ծնողքը կարօտցած ըլլալը կը յայտնէր ինծի։

Բայց շատ առանձնացած կ’ապրիք, օրիորդ ըսի, թերեւս ատիկա ալ աւելի կը շեշտէ ձեր կարօտը։

Եւ իրաւ, ընտանեզուրկ վարուժանի մը պէս մինակ կ’ապրէր այդ հրետակը։ Իր միակ զբօսանքը մանկապարտէզի պզտիկներն էին։ Միշտ անոնցմով կ’զբաղէր։ Որքա՜ն կը սիրէր զանոնք։ Միշտ կը դիտէի այն գոհունակութեան անմեղ ու խորունկ ժպիտը՝ զոր իր ներկայութեանը կը ցոլացնէ այդ բոլոր սիրուն պզտիկ դէմքերուն վրայ։ Ամէնէն չարաճճի, ամէնէն անառակներն անգամ հլու ու հանդարտ էին իր ներկայութեանը, եւ ատիկա ո՛չ թէ վախնալնուն համար որովհետեւ երբէք վախ չէր ազդեր իր հրեշտակի ժպտուն դէմքը այլ որովհետեւ կամայ ակամայ իրենց մէջ պատկառանք ու յարգանք կ’զգային հանդէպ անոր, կը հմայուէին, կը սիրէին զայն։

Ես որ կեանքիս մէջ, ո եւ է առթիւ, չեմ ունեցած տղայութեան տարիքիս վերադառնալու բաղձանքը, հիմա ի՜նչ սրտագին տենջանք մը ունէի այն պզտիկներէն մէկուն տեղ ըլալու, այդ նուրբ, փափաուկ ու թափանցիկ ձեռքին գգւանքը, շոյանքը վայելելու համար։

Իր սրբանուէր կեանքին միակ նպատակը անոնք էին, տղա՛քը, անոնց զարգացումը, թարմ հոգիներու կազմութիւնը, կրթութիւնը, այդ անբիծ սրտերուն իրենց մաքրութեանը մէջ պահպանուիլը։ Վսեմ նպատակ, որուն բովանդակ գիտակցութիւնը ունէր։

Զինքը տեսնել ու չյարգել անկարելի է։

Բոլոր դպրոցին մէջ չեմ տեսած տղայ մը որ յարգանքով չվերաբերուէր իր անունին հանդէպ, որ ակնածոտ սէր մը չզգար իրեն համար։ Բայց, կը խորհէի ինքնիրենս, սրբապղծութիւն էր ենթադրել թէ այդ ամէնուն մէջ գտնուէր մէկը որ կարենար ինծի չափ սիրելե զայն, կամ նոյն իսը զինքը բոլոր ճանչցողները, հաւաքաբար, կարենային ինծի չափ սիրել ու յարգել զանի։

Արդէն սէր մը չէր զգացածս, ո՛հ, սէրէն ալ աւելի բարձր բան մը, պաշտում մը, զոր արտայայտելու համար կը սիրեմը շատ պզտիկ կը գտնէի ինքզինքիս անգամ ըսելու։

Պաշտում մը։ բան մը որ կ’զգացուի բայց չարտայայտուիր։

Երջանկութեան միակ երազս, իր ներկայութիւնը վայելել, երբեմն զինքը տեսնել, հեռուէն յարգել ու պաշտել էր։ Ահա այդչափ։