Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՕՀՐԱՊԻ ՀԵՐՈՍՈՒՀԻՆԵՐԸ
(Ճառ ՏԻԿ. ԶԱՊԵԼ ԱՍԱՏՈՒՐի)

Պարոններ եւ տիկիններ,

Զօհրապի գրականութեան վրայ կարող գրագէտներու դատողութիւնները լսելէ յետոյ, բոլորովին աւելորդ պիտի ըլլար ինծի համար խօսք առնել, եթէ իբրեւ կին՝ մասնաւոր ըսելիք մը չունենայի իր նորավէպերու մասին, զորս տարիներ առաջ կարդացած, կը յիշեմ բոլորն ալ, իբր թէ երէկ կարդացած ըլլայի:

Անոնց վրայ խօսելու համար սակայն պէտք է որ քսան տարի ետ դառնամ, եւ քիչ մը իմ մասիս ալ խօսելու անպատշաճ հարկին մէջ գտնուիմ:

Զօհրապ թերեւս այն գրագէտն է որ ամէնէն աւելի տպաւորութիւն գործած է վրաս: Ասոր պատճառը շատ պարզ է. մենք, կիներս, աւելի կը յիշենք զմեզ հարուածողները քան զմեզ փայփայողները, որովհետեւ փայփայանքի վարժուած ենք արդէն, եւ Զօհրապի գրականութիւնը ճշմարիտ հարուած մը տուած է իմ հաստատ ու միամիտ հաւատքիս՝ կնոջական արժանապատուութեան եւ կանացի սրբութեան մասին:

Այն միջավայրին մէջ ուր ապրած ու դաստիարակուած եմ, այն շրջապատին մէջ ուր անցուցած եմ մանկութիւնս եւ երիտասարդութեանս մէկ մասը, սա համոզումը ներշնչած են ինծի թէ՝ Զօհրապին հերոսուհիները մասնաւոր դասակարգի մը կը պատկանին, որոնք իրաւունք չունին պատուաւոր մարդկանց սիրոյն եւ յարգանքին: Կրնաք երեւակայել իմ շուարումս, անոնց բացարձակ աստուածացումը տեսնելով՝ ամէն հիացման ու յարգանքի արժանի մեծ գրագէտի մը գրչին տակ:

Ի զուր ժամանակակից գրագէտները կը ջանային տարհամոզել զիս իմ աղանդիս մէջ, եւ ջրել հաւատացեալի խորունկ դաւանանքս, ըսելով թէ իմ ճանչցած

կիներս ռօմանթիք գրականութեան կը պատկանէին, թէ նորաձեւութենէ ինկած էին իրենց ընտանիքին, իրենց տունին-տեղին փարած, յաւիտենական սիրոյ մը կապուած կիները, անձնուիրութեան եւ պարկեշտութեան հերոսուհիները, որոնց տիպարը ճանչցուած է մասնաւորապէս հայուհին:

Այս դաւանանքը Զօհրապինը եղած է մասնաւորապէս, ինքն է որ զայն քարոզած է ամէնէն առաջ մեր մէջ, քանի որ Արփիարի, Բաշալեանի, Կամսարականի հետ, սքանչելի տաղանդով մը անշուշտ, ինքն է որ հիմը դրած է իրապաշտ դպրոցին մեր մէջ եւ շարունակած է զայն:

Արդարեւ ամէն ազգի մէջ բացառիկ ուժեր պէտք են՝ նորութիւնները ընդունելի ընելու համար ժողովուրդին, որուն աւանդապահ ու տարամերժ դիւրազգածութիւնը անընդունակ է օտար ու նորօրինակ երեւոյթներու: Զօհրապին հզօր գրիչը միայն կրնար իր եզական հրապոյրներովը սիրելի ընել մեզի Ֆլօպէռի գրականութիւնը:

Ի՞նչ է արդէն Իրապաշտ գրականութիւնը, երկու բառով, եթէ ոչ ֆիզիքական տիեզերքը մանրամասնօրէն տեսնելու եւ զայն առանց վերապահութեան նկարագրելու ազատութեան նուիրագործումը, Բնապաշտ դպրոցին վրայ չեմ խօսիր, որովհետեւ Զօհրապ բնապաշտ գրագէտ մը եղած չէ երբեք: Մինչդեռ ռօմանթիքութեան գլխաւոր դերը եղած է նկարագրել ինչ որ չենք տեսներ, այլ զոր կը զգանք եւ կը գուշակենք մեր զգացման, մեր մտածումին համաձայն:

Վիպագիրներէն ոմանք արտաքին աշխարհն ու զգայութիւնները կը բացատրեն. իրապաշտներն են անոնք: Ոմանք զգացումներն ու մտածումները կը վերլուծեն. ռօմանթիքներն են ասոնք:

Եւ սակայն տգեղութիւններ նկարագրելու իրաւունքը չի վտարեր գեղեցկութիւնները արտայայտելու պարտականութիւնը:

Եւ չենք կրնար համոզուիլ որ իրապաշտ գրականութիւնը մեր մէջ մուտ գտած օրէն՝ անհետացած ըլլան մտքի եւ սրտի տէր կիները, տեղի տալով անոնց որոնք իրենց ֆիզիքական շնորհներովը միայն կոչուած են ընտանեկան եւ ընկերային կեանքը յեղաշրջելու:

Զօհրապին նորավէպերը սակայն ասիկա հաստատելու բնոյթը ունին:

Դիտեցէ՛ք. իր քառասունէ աւելի նորավէպերուն մէջ՝ չկայ մէկ կին մը գոնէ որ ուղղամիտ, պարկեշտ եւ սրտով ու մտքով հաւատարիմ մնացած ըլլայ իր սիրոյն:

Սկսինք իր ամէնէն սուրբ վէպերէն. ի՞նչ է Տալիլան. փոփոխամիտ, թեթեւաբարոյ աղջիկ մը: Ի՞նչ է Աննիկը, Կարծեմ թէին հերոսուհին. կեղծիքի գլուխ-գործոց մը:

Ի՞նչ է Սառան, զոր ինք առաքինի կին մը կը համարէ. հասարակ պչրուհի մը որ իր ամուսնին հետ կ’ապրի սիրով, եւ ուրիշ մըն ալ կը կապէ իրեն խօստումներով:

Վերադարձըին Մաքրիկը, Դիմակըին մանիշակաբոյր տիկինը, Երջանիկ մահըին հերոսուհին սրտի եւ մտքի մեղաւորներ են ամէնքն ալ: Խարիսխըին Սուրբիկ հանըմն ալ, գերազանցօրէն անբասիր կինը, սոսկալի տիպար մըն է շահախնդրութեան որ սակարկութիւն կ’ընէ Աստուծոյ հետ իր բարեպաշտութեան մասին, եւ իր ջերմեռանդ աղօթքներուն ու վառած մոմերուն փոխարեն վարձք կը պահանջէ անկէ:

Առջի սէր առջի բարիին Թագուկ տուտուն միայն բացառութիւն կը կազմէ այդ թափորին մէջ, բայց ան ալ անցեալին կը վերաբերի, մեր սերունդէն չէ:

«Իր դէմքը... խորշոմներով լեցուն, կաթնապուրին երեսը ծածկող պարուտակին կը նմանի, մաքուր ու փոթ փոթ»:

Աւելորդ է կարծեմ խօսիլ Պարահանդէսին վաղորդայնըին մէջ՝ Տիկին Յովսեփեանին, Փօսթալին մէջ՝ Սուրբիկ հանըմին եւ Փոթորիկին մէջ՝ Նարդիկին եւ Մամայիդ բարեւ ըրէ, Այրին, Միւսը նորավէպերուն մէջ յիշուած կիներուն վրայ, որոնք բարեբախտաբար հազուագիւտ ցուցանքներ են մեր ազգին մէջ, եւ սակայն իրենց անբարոյականութեամբ ոչ միայն չեն զզուեցներ զինքը, այլ երբեմն կը հիացնեն իսկ:

Կը փորձուիմ հարցնել թէ արդեօք իրապաշտ դպրոցը անբարոյական կինե՞ր միայն ներկայացնելու համար կազմուած է:

Ուրկէ՞ կրցած է գտնել Զօհրապ այն պարկեշտ, ազնուասիրտ, ուղղամիտ, յաւիտենապէս իրենց իտէալին յարած տիպարները, որոնք արական սեռին կը պատկանին, եւ որոնք իր հերոսներու վսեմ պարը կը կազմեն:

Պարահանդէսին վաղորդայնըին բանաստեղծը, Կատակին դժբախտ զոհը, Միւսիւ Սէֆէրեանը, Միւսին հաւատարիմ սիրահարը, Ֆուրթունան, Այինկաին Սահակը, Յուսեփ աղան, Տալիլաին Տօքթօրը. բոլորն ալ ռօմանթիք տիպարներ, անստգիւտ նկարագիրներ, բոլորն ալ հաւատարիմ իրենց սէրերուն, բոլորն ալ զոհերն են թեթեւաբարոյ, խաբեպատիր կանանց անսիրտ մեքենայութիւններուն:

Հապա Ճիտին պարտքըին Յուսեփ աղա՞ն, այն բարի, անձնազոհ հայրը. հապա Ժամին բակըին տէրտէ՞րը որ իր սրտին ցաւէն կը մեռնի, անարժան մարդ մը եկեղեցիին մօտ թաղած ըլլալուն համար:

Լուսահոգիին ողորմելի խոստումներն անգամ գոնէ սիրոյ մէջ հաւատարիմ պահելու շնորհ կ’ընէ, ինչ որ կը զլանայ սիրուած, պաշտուած, երկրպագուած կիներո՛ւն զորս իր անզուգական տաղանդը կը բանաստեղծացնէ, իրենց մոլութիւններէն իսկ առաւելութիւններ քաղելով իր նիւթին համար: Ո՛չ մէկը այդ կիներէն դատապարտուած, ո՛չ մէկը նախատուած է, հեղինակը ո՛չ մէկուն համար գործածած է անարգական բառ մը, որովհետեւ անոնք լեցուն իրաններ, հրդեհի նման բոցավառ կամ ածուխի կոտրտուածքի պէս փայլուն մատեր եւ վրդովիչ, յիմարացնող նայուածքներ ունին: Աչք կը գոցէ անոնց ամէն հրէշութիւններուն, եւ անտարբեր կը մնայ, երբ իրենց պզտիկ ձիւնաթոյր թաթիկներուն մէջ կը ճմլեն կը բզկտեն զիրենք սիրող սիրտերը:

Արդէն գրագէտը՝ կնոջ ճակատագիրը, գրեթէ անոր նպատակը կը նկատէ իր խաբէութիւնը, կեղծիքը, անհաւատարմութիւնը, պչրանքը, այն ամէն զզուելի հանգամանքները, որոնք մարդը կը նուաստացնեն, եւ որոնց դէմ յաւիտենական կռիւ կը մղեն գիտութիւնն ու դաստիարակութիւնը:

Ինքը ըսած է տեղ մը. «Արմենիսա ուղղամիտ կին մը ըլլալով, հետաքրքրական եւ շահագրգիռ ըլլալէ դադրեր էր»:

Ի՞նչ սարսափելի գաղափար կազմած է ուրեմն ինքը կնոջ մասին որ չի կրնար տոկուն ուղղամտութեան նկարագիր մը տալ անոր:

Իր ամէնէն սուրբ, ամէնէն համակրելի եւ խոհական կնոջ տիպարը մայրապետն է, որուն բարեհաճած է ըսել տալ. «Քանի որ ինծի տուած չէր աշխարհքը վայելել, ջանացի որ ուրիշներ առանց ցաւի վայելեն զայն. իմ զրկումովս ուրիշներուն վայելքը շինեցի»:

Այդ միեւնոյն մայրապետը քիչ մը ետքը կ’ըսէ սակայն. «Էրիկ մարդոց ցաւատանջ գոռում գոչումները մտիկ ընելով իմ սրտիս զսպուած ու անմռունչ ցաւերը գոհացում կը ստանան, կը մեղմանան»:

Ճշմարիտ ճիւաղ մը չէ՞ այն կինը որ իր սիրահարը լքուած ըլլալուն համար՝ վրէժ կը լուծէ բոլոր այրերէն:

Բայց ինչո՞ւ այս յոռետեսութիւնը կանանց մասին. ինչո՞ւ մոռնալ իրենց անկեղծ հրայրքներուն անձնատուր, անոնց համար տանջուող, անոնցմով մեռնող գերազանցապէս հերոս կիները, որոնք ամէն չարչարանք սիրով կը տանին՝ հաւատարիմ մնալու համար իրենց հոգւոյն մէկ խորունկ զգացմանը:

Պիտի փափաքէի որ վարպետը մտնէր սեմերէն ներս ո՛չ միայն սրահներուն, ուր կիները հոլանի լանջքերով, մետաքսի շրշիւններով, իրենց ծոծրակին բուրումնաւէտ շնորհքը կը պտտցնեն, այլ նաեւ հոն ուր կինը պարզ շրջազգեստի մը մէջ նոյնքան գեղանի, պարտքի, աշխատութեան եւ ճշմարիտ սիրոյ կեանքը կ’ապրի, թող ըլլայ զրկանքով, տոկունութեամբ լեցուն կեանք մը, որմէ իրեններուն երջանկութիւնը կը կազմուի:

Բայց յարգելի հեղինակը երես կը դարձնէ այդ կիներէն, աչքերը կը գոցէ զանոնք չտեսնելու համար, որովհետեւ գուցէ կը վախնայ անոնց յաւիտենական հրապոյրէն, ինչ որ վնասակար պիտի ըլլար իր թէզին: Ինքը աչքի առջեւ ունի միայն իր հերոսուհիներուն աշխարհքը եւ կ’ըսէ.

«Ընկերական կեանքի մէջ, կինը թշուառութեան եւ անիծից տարր մըն է միայն եւ ոչ այլ ինչ: Իր խոստացած երջանկութիւնը խաբուսիկ երազ մ’է միայն, եւ ինքը Կալիբսոյի նման հեշտամոլ եւ պաշտելի դիցուհի մը, ուրիշ նպատակ չունի, բայց եթէ մոլորեցնել մարդը աշխատութեան ճամբէն, եւ իր ինքնայօժար գերութեամբը ձեռք բերել այն իշխանութիւնը զոր պահանջելու համար ուրիշ տիտղոս մը կարող չէ ցոյց տալ»:

Զօհրապ իրաւունք ունի, բայց թո՛ղ ներողամիտ ըլլայ որ ըսեմ, իր հերոսուհիներուն համար միայն: Ահա՛ իմ բողոքս, որուն արդարութիւնը վճռելու համար, բաւական է որ իր խղճմտանքին խորը իջնէ:

Բայց այս բողոքը, ենթադրելով որ հայ իգական սեռին մեծամասնութեան սրտին աղաղակը ըլլար, ծաղիկ մը չպիտի՞ աւելցնէր արդեօք իր փառքին դափնիներու վրայ: Որերնի՞ս նկատողութեան պիտի առնէինք մեր սեռին իրաւունքներուն դէմ զանցառութիւն մը, նոյն իսկ անիրաւութիւն մը հասարակ գրչի մը կողմէ: Բայց Զօհրապը գերազանցապէս կանանց գրագէտն է, ան որուն գրչին տակ պիտի ուզէինք անմահացած տեսնել Հայ կինը իր դարաւոր առաքինութեան դերին մէջ. իր նորավէպերը այսօրուան չեն վերաբերիր միայն, ապագայինն են անոնք, եւ եռանդագին պիտի բաղձայինք որ դարեր ետքը, այդ հոյակապ յուշարձաններուն մէջ՝ ապագայ սերունդները իր հերոսուհիներէն տարբեր կիներ ալ գտնէին, ստոյգ գաղափար մը կազմելու համար ԺԹ-Ի դարու Հայուհւոյն նկատմամբ:

Որովհետեւ իր գեղեցիկ նորավէպերը, որոնք հատորներ կը կազմեն, իբրեւ գրական թանկագին գոհարներ, իբրեւ անկեղծութեան եւ մեծ տաղանդի շքեղ ճառագայթումները ձեռքէ ձեռք պիտի անցնին անտարակոյս, իրենց անմահ հեղինակին անունին հետ:

Իբրեւ գրականութիւն, անոնց արժէքը այնքան մեծ է, որքան քիչ յաւակնութիւն դրած է անոնց մէջ: Չկայ մէկը որ

իր անձէն, իր սրտէն, իր մտածումէն, իր ճաշակէն բան մը գտած չըլլայ այնտեղ:

Որովհետեւ Զօհրապ, հակառակ իր նիւթապաշտ մարդու առերեւոյթ ձգտումներուն, բանաստեղծ մըն է որ իմաստասէրի եւ երազատեսի միտք ունի: Եւ իմաստասէրները յաճախ ճշմարիտ բանաստեղծներն են:

Իր ոճը, յստակ, մաքուր, պարզ եւ բացայայտ, լուսապայծառ պալատի մը կը նմանցնեմ, ուր մութ խորշ մը, ստուերոտ անկիւն մը չկայ: Անիկա կը գրէ առանց յաւակնոտ ճիգերու, անսեթեւեթ, առանց ճամարտակութեան, առանց փնտռտուքի, առանց խճողումի: Գրական ազնուապետութիւնը իր թերութիւնը եղած չէ ամենեւին, որովհետեւ մասնաւոր դասակարգի մը համար չէ որ կը գրէ, եւ ամէնէն անգրագէտ մարդիկ կը հասկնան զինքը առանց ճիգի:

Ասոր հակառակ, ամէնէն շատ բանաստեղծութիւն, նկար, անակնկալ, հնարք եւ արտայայտութեան նորութիւն կայ իր գրուածքին մէջ: Իր նմանութիւնները ճշգրիտ, զմայլելի եւ անտիպ են. իրն են բոլորն ալ, ցոլացումը իր քաջասիրտ, անկեղծ եւ արտասովոր նկարագրին:

Ի՜նչ սրտառուչ տողեր կան Ֆուռթունային մէջ որ կը լացնեն, իրենց զգացուած խորունկութեամբը, եւ ի՜նչ լայն, ի՜նչ ներողամիտ ոգի դժբախտներուն թերութեանցը համար: Ասիկա ճշմարիտ մարդասէրի զգացում մըն է որ երջանիկներուն, բախտէն սիրուածներուն յատկութիւնը չէ ընդհանրապէս:

Ինծի համար, մեր գրականութեան անմրցելի հրաշակերտները պիտի մնան Ճիտին պարտքը, Անդրշիրմի սէրը, Այինկան, որոնց մէջ հեղինակը իր տաղանդին այլազան կարողութիւններովը ի յայտ կուգայ, իբր դիտող, իբրեւ զգացող եւ արտայայտող:

Իր լեզուն, ոճին պէս պարզ եւ դիւրին, դասական չէ անշուշտ, տեղ տեղ ֆրանսաբանութիւններ եւ տաճկաբանութիւններ կարելի է գտնել, որոնք ջիղերը թունդ պիտի հանէին հայկաբան պատուելիներուն, եւ որոնք սիրուն, հաճելի, զարտուղի եւ հրապուրիչ են:

Ինքը կարգ ու սարքի թշնամի նկարագիր, ինքզինքը շղթայազերծ ըրած է քերականական կարգ մը կապանքներէ, որոնք անհրաժեշտ են միջակ գրողներու համար, բայց իր տաղանդը պէտք չունի անոնց:

«Շատ մը բաներու մէջ, վայելցնելը մեծագոյն ճշմարիտ արդարացումն է» ըսած է ինքը, եւ իր քերականական շեղումները կը վայլեն իրեն, ինչպէս պիտի վայլէր արտաքոյ կարգի գլխարկ մը շատ գեղեցիկ գլուխի մը:

Սակայն իր ամէնէն մեծ, ամէնէն նշանաւոր յատկութիւնը պիտի մնայ գրելու հազուագիւտ ճաշակը, ինչ որ մեծ գրագէտները կը յատկանշէ: Կարելի չէ գտնել տող մը, զոր աւելորդ համարես իր գրուածքներուն մէջ, կամ վայրկեան մը ձանձրանաս իր երկերուն ընթերցումին մէջ: Իր նկարագրութեանց մէջ հոյակապ, սակաւապետ, նոյնիսկ ագահ այնքան, որ անոնց վրայ հիացած պահուդ իսկ՝ յանկարծ կ’աւարտին: Այս պարագային իր ոճը գործածելով պիտի ըսեմ. պչրող կին որ խնայողութեամբ կը գործածէ իր հրապոյրի գանձերը, վախնալով որ մի գուցէ անոնք շուտով սպառին: Իր խորհրդածութիւնները այնքան թափանցող, այնքան հզօր, երկու բառէ միայն կը բաղկանան: Իր տեսիլքները, իր անձկութիւնները, իր հեգնանքը լեցուն բաժակէ մը յորդող կաթիլ մը նեկտարն է, որուն շրթունքդ հազիւ մօտեցուցած՝ բաժակը ետ կը քաշուի իսկոյն:

Ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը երկու երեք նախադասութեանց մէջ, որուն վրայ կարելի է հատորներ գրել եւ որոնք իրենց անկեղծ, խիզախ, սլացող, քայքայող ու շինող իր մտքին փայլակներն են եւ կը լուսաւորեն ու կը ներշնչեն ամէն դասէ, ամէն սեռէ ընթերցողները: Ամէն մարդ կը կարդայ զինքը հաճոյքով, անհամբերութեամբ, սքանչանքով, ծերերն ալ, երիտասարդներն ալ, աղջիկներն ալ, դպրոցական տղաքն ալ՝ հակառակ մեր արգելքին, եւ գրագէտն ալ, ռամիկն ալ, ու ամէնքը կը հասկնան, ամէնքը կը փնտռեն զինքը, եւ իր կարօտը կը զգան:

Այս չէ՞ արդէն գրագէտին մեծագոյն փառքը եւ անմահութիւնը: