Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶՕՀՐԱՊ ԻՐ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
(Խտացում Պ. ԳՐԻԳՈՐ ՄԱԼԽԱՍի ճառին)

Բանախօսը նախ վերյիշումներ ըրաւ անձնական յիշատակներէ՝ Գրիգոր Զօհրապի մանկութեան մասին: Յիշեց անոր անցուցած մանկութիւնը Լուսաւորչական եւ կաթոլիկ վարժարաններու մէջ, եւ այդ մանկութեան ազդեցութիւնը ապագայ Զօհրապին վրայ: Յետոյ մէջբերումներ կարդաց Զօհրապի զանազան նորավէպերէն՝ երեւան բերելու համար հեղինակը ինչպէս որ է: