Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
(Կենսագրական ակնարկ Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻի)


Գրագէտը որ մեր այսօրուան Գրական ասուլիսին նիւթը կը կազմէ, Ռուբէն Զարդարեանն է, մէկը թրքահայ գրականութեան վերածնութեան դէմքերէն, որոնք 1890էն ասդին նոր շունչ մը բերին թրքահայ գրական կեանքին մէջ, ոմանք իբրեւ ներկայացուցիչները եւրոպական մտքին եւ ուրիշներ ցեղին երակներէն քաղելով պատուաստը վերածնուող հայ գրականութեան: Զարդարեան կը պատկանի այս վերջին դասակարգին, եւ Թլկատինցիի հետ կը կազմէ գլխաւոր առանցքը գաւառական գրականութեան շարժումին [1] ՝ որ 1890էն սկսած արդէն, հետզհետէ ուռճացաւ, դառնալով վերջապէս գրական որոշ եւ կենսունակ հոսանք մը:

Ռուբէն Զարդարեան 1874ին Խարբերդի մէջ ծնած իր նախնական ուսումը ստացած է քաղաքին ազգային վարժարանին մէջ [2]: 1892ին նուիրուած ուսուցչութեան մինչեւ 1903 պաշտօնավարած է տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանին մէջ, իբրեւ աւագ ուսուցիչ, դասաւանդելով գլխաւորաբար հայերէն լեզու, գրականութիւն եւ պատմութիւն: 1903ին իբր յեղափոխական ձերբակալուած Խարբերդի մէջ, անպարտ արձակուելէն քիչ ետք, 1904ին կը թողու Խարբերդը, գալ հաստատուելու համար Իզմիր, ուր ատեն մը Մանիսայի ազգային վարժարանին տեսչութիւնը կը վարէ: 1905ին, նոր ձերբակալութենէ մը հազիւ ազատուած, խոյս կուտայ Իզմիրէն դէպի Ֆիլիպէ, ուր նոյն տարին կը սկսի հրատարակել Ռազմիկ թերթը, զայն շարունակելով մինչեւ 1908, երբ Սահմանադրութիւնը հռչակուած, կը դառնայ Պոլիս, ուր 1909էն ի վեր կը վարէ Ազատամարտ օրաթերթի խմբագրապետութիւնը:

Զարդարեան իր գրական գործունէութիւնը սկսած է կանուխէն, 1890ին, երբ դեռ հազիւ տասնըեօթը տարեկան

կար: Թլկատինցիի գրական շունչին եւ ներշնչումներուն տակ սնած պատանի, գրական սեռը կը փորձէ իր դպրոցական գրասեղաններէն իսկ: Իր առաջին գրութիւնը կ’երեւայ 1890ի Ծաղիկին մէջ, զոր կը հրատարակէր Յովհան Փալագաշեան: Յաջորդաբար կ’աշխատակցի Զօհրապի եւ Ասատուրի Մասիսներուն, 1891-1892, եւ աւելի յետոյ, 1895ին, Չօպանեանի Ծաղիկին, ուր քաջալերական ընդունելութիւն մը կ’ըլլայ իրեն: Զարդարեան իր հէքեաթները եւ գաւառական պատկերները կը շարունակէ հրատարակել Գալուստ Անդրէասեանի եւ Զօհրապ-Ասատուրի օրաթերթ Մասիսներուն (1898-1899), եւ 1900էն սկսեալ Արեւելեան մամուլի մէջ: Յետոյ յաջորդաբար աշխատակիցը կ’ըլլայ Արեւելքի, Շամտանճեանի եւ Անտոնեանի Ծաղիկին, Շիրակի, Բանբերի, եւ հուսկ ուրեմն իր խմբագրութեամբ հրատարակուող Ռազմիկին, ուր կուտայ իր լաւագոյն էջերէն մէկ քանին: Զարդարեան Սահմանադրութենէն ասդին հրապարակագրութեամբ կլանուած, շատ քիչ գրական էջեր արտադրած է: Իր հէքեաթներէն ոմանք թարգմանուած են ֆրանսերէնի, անգլիերէնի եւ թուրքերէնի: Իսկ վերջերս Փարիզի մէջ հրատարակուեցաւ իր Ցայգալոյսին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը [3] ՝ կատարուած Արշակ Չօպանեանի, Եդուարդ Գօլանճեանի եւ Գրիգոր Եսայեանի կողմէ:

Զարդարեանի գրականութիւնը գաւառի տոհմիկ գրականութիւնն է՝ արուեստագէտի նուրբ վրձինով պճնուած: Ֆրանսական ռօմանթիք դպրոցով սնած եւ մեղկութեան տարուած թրքահայ գրականութեան մէջ՝ Զարդարեանի էջերը իրաւ թէ գեղեցիկ ցնցում մը բերին:

«Զարդարեան, կ’ըսէ Ֆրէտէրիք Մաքլէր Ցայգալոյսի ֆրանսերէն թարգմանութեան իր յառաջաբանին մէջ, այն գաւառացի սակաւաթիւ գրագէտներէն է, որոնք թրքահայ գրականութեան շեղումներուն դէմ փորձեցին հակազդել՝ ներմուծելով պոլսական թուլամորթ եւ կեղծ գրողներու արուեստին մէջ հայրենի երկրին կենդանի գոյնը, հէքեաթներու գրաւիչ քաղցրութիւնը, գեղջկական հոգւոյն միամիտ ջերմութիւնը» [4]:

Զարդարեանի ներշնչման աղբիւրը ընդհանրապէս բնութիւնն է եւ իր խորհուրդներն են, ժողովուրդին հոգին մէջէն դիտուած. իր ոճն ու լեզուն, առանց օտար ազդեցութեանց, գաւառի հոգին գոհարներովը կերտուած է, արուեստագէտի խնամոտ ճաշակին ենթարկուելէ ետք:

«Քերթողի ճշմարիտ սիրտ մը, կը վերջացնէ Կասթօն Պօնէ Մօրի՝ Ցայգալոյսի իր յառաջաբանը, բնութեան գեղեցկութիւններու հանդէպ զգայուն, հաւատարիմ իմ մայրենի երկրին, ազատութեան, արդարութեան եւ երջանկութեան սիրահար, բայց իր հայրենիքին տառապանքներովն ու աքսորին դառնութիւններով սգաւոր» [5]:



[1]            1890-ական թթ. արեւմտահայ գրականության մեջ ձեւավորված գրական շարժում, որի նպատակն էր պատկերել գավառի կյանքն ու բարքերը:

[2]            Խարբերդի ազգային Կեդրոնական վարժարան, հիմնվել է 1887 թվականին, Խարբերդի Ս. Հակոբ եկեղեցուն կից ծխական դպրոցի հիման վրա։ Վարժարանը փակվել է 1915 թ. -ին:

[3]            Տե՛ս Roupen Zartarian, Clarte nocturne, Trad. par A. Tchobanian, E. Colangian, G. Essayan; Pref. par G. Bonet-Maury, Paris: Leroux, 1913, XVIII+ 170 p.

[4]            Տե՛ս Roupen Zartarian, Clarte nocturne, Trad. par A. Tchobanian, E. Colangian, G. Essayan; Pref. par G. Bonet-Maury, Paris: Leroux, 1913, p. XIII.

[5]            Տե՛ս Roupen Zartarian, Clarte nocturne, Trad. par A. Tchobanian, E. Colangian, G. Essayan; Pref. par G. Bonet-Maury, Paris: Leroux, 1913, p. XVIII.