Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓԱԿՄԱՆ ԽՕՍՔ
(Ամփոփում Ռ. ԶԱՐԴԱՐԵԱՆի ճառին)


Սիամանթօն վերլուծելով երեք էական գիծեր կը գտնենք անոր մէջ. Սէմպօլիզմը, Միսթիցիզմը եւ Լաւատեսութիւնը:

Լաւատեսութիւնը արդէն հայուն նկարագրին գլխաւոր գիծը կը կազմէ: Հայ արուեստը ծայրէ ծայր կարծես լաւատեսութիւնով է թրծուած: Հայ լաւագոյն գրագէտները լաւատեսներ են եղած: Նոյն իսկ հայ երաժշտութեան մէջէն ծայրէ ծայր լաւատեսութիւն մը կ’արտահոսի:

Սիամանթօ ռազմի երգիչն է: Բայց մինչ իր նախորդները կռիւի կը դրդէին եւ ժողովուրդը պայքարի կը հրաւիրէին, Սիամանթօ ընդհակառակը կռիւը կ’երգէ: Ան կ’երգէ տանջանքը եւ զայն յոյսի կը փոխէ:

Այս շեշտն է որ Սիամանթօի քերթուածներուն մէջ մարգարէական շունչ մը կը դնէ: Հատորը որ մեր առջեւն է, Սիամանթօի Ամբողջական գործը, ցեղին մարգարէութիւնը կը բովանդակէ: Կ’ողջունենք անով նոր դարերու հայ մարգարէն: