ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՍ
ԴՐԱՄԱԿԱՆ
ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ
ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ
ՈՉ
ՄԷԿ
ԴԻՄՈՒՄ.
–
Ծանօթ
է
որ
Սահմանադրութեան
հռչակումէն
ի
վեր
ազգ.
զանազան
բարենպատակ
հաստատութիւններ,
յարաճուն
պէտքերէ
մղուած,
խիստ
շատ
անգամներ
դիմած
են
հանրութեան։
Հետեւաբար
յանձնաժողովս
սկիզբէն
ի
վեր
հարկ
դատեց
գոհանալ
միայն
պետական
նպաստով,
եւ
անոր
համեմատ,
իր
միջոցներու
սահմանին
մէջ
մատակարարել
գործերը։
ՊԵՏԱԿԱՆ
ՆՊԱՍՏ.
–
Երբ
յանձնաժողովս
կազմուեցաւ,
Դուրեան
Սրբազան
Պատրիարքի,
օրուան
վարչութեան,
եւ
հայ
երեսփոխաններու
ջանքերով
1,
000,
000
ղրշ.
գանձուած
էր
արդէն,
թէեւ
այն
ատենի
դահլիճին
կողմէ,
նախապէս
խոստացուած
տարեկան
20,
000,
հետեւաբար
5
տարուան
համար
100,
000
ոսկին
զեղջուելով
իջած
էր
1,
000,
000
ղրշ.
ի։
Այս
գումարէն
յանձնաժողովիս
ինկած
բաժինն
էր
4872½,
օսմ.
ոսկի
եւ
այս
եղած
է
այրիախնամի
առաջին
դրամագլուխը։
Ազգ.
Վարչութեան
եւ
հայ
մէպուսներու
(մասնաւորապէս
ելմտական
յանձնաժողովի
մէջ
գտնուող
Զօհրապ
էֆ.
ի)
ջանքով
նոյնքան
գումար
մը
անցաւ
նաեւ
1327ի
պիւտճէին
մէջ
եւ
երկրորդ
100,
000
ղրշ.
ը
յանձնուեցաւ
Պատրիարքարան,
1912
Յուլիս
29ին.
Որբախնամ
եւ
Այրիախնամ
Յանձնաժողովները
խառն
նիստ
կազմելով
իրենց
մէջ
բաժնեցին
զայն
հաւասարապէս։
ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ
ՏՈՒՐՔ.
–
Պատրիարքարանը
194
Օ.
Ո.
93%
դիւանական
տուրք
գանձեց
ամբողջին
վրայէն,
որով
իւրաքանչիւր
Յանձնաժողովի
բաժինը
եղաւ
4775
Օ.
Ո.
85%։
ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ
ՆՊԱՍՏ.
–
Սակայն
ասկէ
զատ,
տեղապահ
սրբազանը
Պատրիարքարան
դիմող
այրիներու
իբր
անհատական
նպաստ
25ական
ոսկի
եւս
վար
դրաւ
սոյն
երկու
Յանձնաժողովներու
դրամներէն։
Յանձնաժողովս
բողոքեց։
Բայց
կարգադրութիւնը
կարգադրութիւն
եւ
բողոքը
բողոք
մնաց։
Սոյն
2րդ,
1,
000,
000
ղրշ.
ի
գանձումէն
անմիջապէս
ետք,
յանձնաժողովս
ջանադիր
եղաւ
որ
1328
ելմտական
տարւոյ
պիւտճէին
մէջ
եւս
նոյն
գումարը
անցնի,
եւ
Խորհրդարանէն
վաւերացուելով
Պատրիարքարանի
յանձնուի։
Յանձնաժողովիս
կողմէ
այս
մասին
շատ
կանուխէն
եղած
թելադրանքները
Տեղապահ
սրբազանին
եւ
Ազգ.
վարչութեան
կողմէ
նկատի
առնուելով,
գրաւոր
ու
բերանացի
անվերջ
դիմումներ
կատարուեցան։
Այս
մասին
Տեղապահ
սրբազանին
կողմէ
գրուած
չորս
թագրիրները
նոյնութեամբ
մէջ
կը
բերենք
թուականի
կարգով.
–
[օսմաներէն]
ՀԱՅ
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԸ.
–
Տեղապահ
Սրբազանին,
Ազգ.
Վարչութեան
եւ
Յանձնաժողովիս
կողմէ
եղած
դիմումներու
օժանդակեցին
նաեւ
հայ
Մէպուսները
եւ
մասնաւորապէս
Զօհրապ
էֆ.
որ
դարձեալ
ելմտական
յանձնաժողովին
մէջ
կը
գտնուէր։
Նորընտիր
Ամեն.
Տ.
Արշարունի
Սրբազան
Պատրիարք
հայրն
եւս
ձեռք
առաւ
խնդիրը
եւ
իր
կողմէ
հարկ
եղած
ազդու
դիմումները
կատարեց
եւ
սակայն
այս
տեղեկագրին
տպագրութեան
յանձնուած
պահուն
դեռ
որոշապէս
յայտնի
չէ
թէ
պիտի
վճարուի՞
3րդ
1,
000,
000
ղրուշը։