Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՄՓՈՓՈՒՄ

ԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ. – Հալէպի Վիլայէթին առաջին մասին մէջ, որուն տեղեկագիրը մատուցած եմ արդէն, 183 այրիներ կային վերջին դէպքէն։ Իսկ այս երկրորդ մասին մէջ կան 312, – որով Հալէպի ամբողջ վիլայէթին 1909ի դէպքին այրիներուն ներկայ թիւն է 495։ Ասոնցմէ դուրս կը մնան վերստին ամուսնացողները եւ դէպքէն ի վեր մեռնողները, – ինչպէս նաեւ այն բազմաթիւ դէպքի այրիները որոնք Կիլիկիոյ մէջ չեն։ Իսկ այրի նկատուած են նաեւ անոնք՝ որոնց զաւակը կամ եղբայրը (պաշտպանը) սպաննուած է։

ԱՇԽԱՏԱՆՈՑ. – Հալէպի վիլայէթին այս մասերուն մէջի այրիները այնքան ցրուած են որ, միայն Մարաշի մէջ կարելի է աշխատանոց բանալ, եթէ տրուած տեղեկութիւններէն ետք Կեդր. Պատ. յանձնաժողովը հարկ դատէ։ [1]

 

ՀԱՃԸՆ 11/24 ԴԵԿՏ. 1911

ՔՆՆԻՉ-ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ

 

Ժ. ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ



[1] ԾԱՆՕԹ. – Տեղեկագրին այս մասին մէջ գտնուող առաջարկները ընդունուած են յանձնաժողովին կողմէ։