ՀԱՃԸՆ
ԴԻՐՔ.
–
Հորիզոնը
ամէն
կողմէ
բարձր
լեռներով
փակուած,
տուները,
ձորին
վարի
ծայրէն
սկսելով,
իրարու
վրայ
դիզուած
են,
ժայռուտ
մեծ
բլուրի
մը
երեք
կողերն
ի
վեր։
ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆ.
– |
|
1700 |
|
տուն |
|
Հայ
լուսաւորչական |
|
|
200 |
|
տուն |
|
Հայ
Բողոքական |
|
|
50 |
|
տուն |
|
Հայ
Կաթոլիկ |
|
|
50 |
|
տուն |
|
Թուրք |
Գումար |
|
2000 |
|
տուն |
|
|
Բնակչութիւնը
ընդհանրապէս
տուն
գլուխ
5
հոգի
կը
հաշուուի
մեր
մէջ։
Սակայն
Հաճընի
համար
միջինը
առ
նուազն
7
պէտք
է
հաշուել։
ՋԱՐԴԻ
ՎՆԱՍԸ.
–
Ծանօթ
է
Հաճընի
ինքնապաշտպանութիւնը,
որով
տեղւոյն
վրայ
մարդ
չէ
սպաննուած,
բաց
ի
յարձակող
խուժանին
հեռուէն
արձակած
գնդակներէն
պատահաբար
զարնուող
քանի
մը
հոգիներէ։
Սակայն,
առանց
տեղւոյն
վրայ
ջարդ
պատահելու,
ամենէն
մեծ
անձի
կորուստ
ունեցող
տեղն
է
Հաճըն։
Դուրսը
գտնուելով
ջարդուողներուն
թիւը
(որոնց
մէջ
կան
նաեւ
կիներ
ու
տղաքներ)
կը
հասնի
հազարներու։
Իբր
նիւթական
վնաս,
տեղւոյն
վրայ
այրուած
ու
թալլուած
է
Ս.
Յակոբի
վանքը,
զոր
յետոյ
նորոգած
են
դուրսէն
ու
տեղւոյն
վրայ
հաւաքուած
նուէրներով,
եւ
ուր
հաստատուած
է
հիմա
Ազգ.
Որբանոցը։
Սակայն
սխալ
կ’ըլլար
միայն
ատոր
մէջ
սահմանափակել
Հաճընի
նիւթական
վնասը,
որ
տարեկան
քանի
մը
հազար
ոսկիի
կը
հասնի,
որովհետեւ
Հաճընցիներէն
շատերը,
դուրսը
–
մասնաւորապէս
Ատանայի
դաշտին
մէջ
–
կ’երթային
ճարել
իրենց
ապրուստը,
եւ
այդ
իսկ
պատճառաւ
այնքան
բազմաթիւ
զոհեր
տուած
է
Հաճըն։
Արական
սեռը,
դէպքէն
առաջ,
թիւի
առաւելութիւն
ունեցած
է
Հաճընի
մէջ,
(ինչպէս
հիմա
Զէյթուն)
սակայն
դէպքէն
յետոյ
հաւասարութիւն
գոյացած
է։
Կեանքը
կարճ
է
հոս,
միջինը
45ը
չանցնիր,
ու
կարծեմ
ատոր
գլխաւոր
պատճառներն
են
առողջապահական
պայմաններու
անգիտակցութիւն
եւ
բնակչութեան
չափազանց
խճողուած
ըլլալը։
ՏՆՏԵՍ.
ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.
–
Արտածուած
նիւթերու
առաջին
տեղը
կը
գրաւէ
այծի
ու
եզան
մորթը,
տարեկան
1000
ոսկիի
չափ։
Երկրորդ
կարգի
վրայ
կու
գայ
աղուէսի,
սանսարի
եւ
մուշտակաւոր
մորթերու
արտածումը,
տարեկան
500-600
ոսկիի
չափ։
Ցորենը
դուրսէն
կու
գայ,
գլխաւորաբար
Ազիզիէէն։
Հաճընի
այգիները
հազիւ
տեղացիներուն
կը
բաւեն
եւ
չամիչի
ու
գինիի
արտածում
չկայ։
Տեղւոյն
վրայ
կը
շինուի
եւ
կ’սպառի
տարեկան
5-600
ոսկիի
մօտ
բուրդէ
ապա
եւ
շալվար,
նոյնքան
ալ
մանուսա
կը
շինուի
եւ
կ’սպառի
տեղական
մանուսայագործարանին
մէջ,
որուն
վրայ
պիտի
խօսիմ
առանձին։
Հաճընի
մէջ
կան
200ի
չափ
խանութպաններ
որոնց
մէկ
մասը
մանիֆաթուրայի
եւ
այլ
ապրանքներու
ներածութիւնով
կը
զբաղի,
ու
մեծ
մասն
ալ
արհեստաւոր
է,
գլխաւորապէս
կօշկակար։
Ասոնցմէ
զատ
կան
200ի
մօտ
շրջուն
բերեզակներ
եւ
150ի
չափ
շրջուն
կօշկակարներ
(աւելի
ճիշտ
է
ըսել
ուրիշներու
շինածը
ծախող
կօշիկի
վաճառորդներ)
որոնք
շրջակաները
կ’երթան
սպառելու
իրենց
ապրանքները,
դրամով
ծախելով
եւ
կամ
ցորենի
եւն.
ի
հետ
փոխանակելով։
Կան
նաեւ
Ատանայի,
Տարսօնի,
Ղարսի,
Սիսի,
Օսմանիէի,
Ճիհանի,
Տէօրթ
Եօլի
մէջ
աշխատող
1200ի
չափ
Հաճընցի
գործաւորներ։
Ջորեպանութիւն
ընողներն
ալ
սակաւաթիւ
չեն։
Ամբողջ
պտտած
վայրերուս
մէջ,
միայն
Զէյթունը
բացառութիւն
ըլլալով,
ո՛չ
մէկ
տեղ
այնքան
շեշտուած
գտայ
աղքատութիւնը,
որքան
Հաճընի
մէջ։
ԱՅՐԻՆԵՐ.
–
Հաճընի
մէջ
դէպքէն
արկածեալ
այրիներուն
ներկայ
թիւն
է.
|
|
493 |
|
Հայ
լուսաւորչական |
|
|
20 |
|
Հայ
Բողոքական |
|
|
25 |
|
Հայ
Կաթոլիկ |
Գումար |
|
538 |
|
որոնցմէ
մօտ
200ը
աշխատելու
անկարող
են,
ծերութեան
կամ
տկարութեան
պատճառով։ |
ԲԱՑՈՒԱԾ
ԱՇԽԱՏԱՆՈՑՆԵՐ.
–
1.
Գորգագործարան։
Ներկայ
աշխատանոցներուն
մէջ
մեծագոյնն
է
Արեւել.
Գորգի
Ընկերութեան
գործը,
ուր
հիմա
100
տէզկեահի
վրայ
կ’աշխատին
500ի
չափ
գործաւորուհիներ,
8էն
20
տարեկան։
Սակայն
անոնց
մէջ
հազիւ
15
այրիներ
կան,
որովհետեւ
գորգի
գործը
աւելի
երիտասարդ
աղջիկներու
կը
յարմարի։
Ընկերութիւնը
նպատակ
ունի
նոր
շէնք
մը
շինելու
այս
տարի
եւ
գործաւորուհիներուն
թիւը
բարձրացնելու
1000ի։
Գորգաշինութիւնը
Հաճըն
մտցնելու
նախաձեռնարկ
եղած
է
Այրիախնամ
Կեդր.
Յանձնաժողովը,
նախ
դիմումներ
ընելով
սոյն
ընկերութեան
կեդրոնին
մօտ,
եւ
յետոյ,
անոր
վարանումը
տեսնելուն,
ինք
սկսելով
գործը,
զոր,
ընկերութեան
մուտք
գործելէն
յետոյ,
անոր
փոխանցեց
շատ
աննշան
վնասով
մը։
2.
Գուլպայագործարան։
Կեդր.
Այրիախնամին
կողմէ
1911ի
սկիզբը
բացուած
եւ
հետզհետէ
ընդարձակուած
սոյն
աշխատանոցը,
որ
հիմա
100ի
չափ
այրիներ
կ’աշխատցնէ,
ամէնէն
աւելի
կը
ծառայէ
դէպի
արկածեալները
հոգալու
նպատակին,
որովհետեւ
միայն
այս
աշխատանոցին
մէջ
պահուած
է
լոկ
դէպքի
այրիներ
ընդունելու
սկզբունքը,
եւ
հետեւաբար
ամէնէն
շատ
այրի
աշխատցնողն
աս
է։
Այժմ
գործող
42
մեքենաներով,
որոնց
20ը
դեռ
վերջերս
հաստատուեցան,
աշխատանոցը
պիտի
կրնայ,
յառաջիկայ
տարեշրջանին
1000
ոսկիի
մօտ
արժէքով
գուլպայ
արտադրել
ու
հետզհետէ
բարգաւաճիլ,
եթէ
արտադրութիւնը
նպաստաւոր
ու
արագ
կերպով
սպառող
հրապարակներ
գտնելու
մասին
Կեդր.
Յանձնաժողովի
ըրած
ջանքերը
յաջողութեամբ
պսակուին։
3.
Մանուսայագործարան։
Պետական
դրամագլուխով
հիմնուած
եւ
տեղական
յանձնաժողովի
մը
կողմէ
կառավարուած։
Յանձնաժողովին
նախագահն
է
տեղւոյն
գայմագամը,
եւ
ատենապետը՝
միսիօնարական
հաստատութիւններու
տնօրէն
Մր.
Կարտընըր։
Այս
հաստատութեան
մէջ
կ’աշխատին
80ի
չափ
գործաւորուհիներ,
որոնց
70ը
դէպքէն
կամ
բնական
այրիներ
են։
Տարեկան
5-600
ոսկի
արժէքով
մանուսա
կ’արտադրէ,
որ
գրեթէ
ամբողջովին
տեղւոյն
վրայ
կ’սպառի։
Այս
հաստատութիւնը
միւսներուն
վրայ
տնտեսական
մեծ
առաւելութիւն
մը
ունի,
այն
է
իր
բերած
գործիքներուն
եւ
ապրանքներուն
մաքսէ
զերծ
ըլլալը։
Ցաւալի
է
որ,
Հակառակ
Կեդր.
Այրիախնամի
քանիցս
դիմումներուն,
կառավարութիւնը
այդ
նպաստաւորող
բարեացակամութիւնը
ցոյց
չէ
տուած
մեր
գուլպայագործարանին
հանդէպ,
ու
հարկադրուեցանք
մեքենաներու
եւ
նիւթեղէնի
համար
մաքս
վճարել՝
այրիներուն
իբր
նպաստ
տրուած
դրամէն։
Մէկ
ձեռքով
նպաստ
տալու
եւ
միւս
ձեռքով
կերպով
մը
մասամբ
զայն
ետ
առնելու
այս
սխալ
ըմբռնումը
եթէ
վերնար,
մեծապէս
օգտակար
պիտի
ըլլար
գուլպայագործարանին,
քանի
որ
անիկա
ոչ
մէկ
տարբերութիւն
ունի
մանուսայագործարանէն,
–
երկուքն
ալ
նոյն
նպատակին
համար
հիմնուած,
մանաւանդ
երկուքն
ալ
նոյն
աղբիւրէ
բղխած
դրամագլուխներով
հաստատուած։
4.
Զարիֆիէի
գործ։
Դրամագլուխը
կէս
առ
կէս
հայթայթուած
Պոլսոյ
Աշխատանքի
տան
եւ
Եգիպտոսի
Հ.
Բ.
Միութեան
կողմէ.
տարեկան
200
ոսկիի
մօտ
բանուածոներ
դուրս
կը
ղրկուին
ծախուելու
համար։
Կ’աշխատին
25
այրիներ,
անխտրաբար
դէպքէն
կամ
բնական։
ԲԱՑՈՒԵԼԻՔ
ԳՈՐԾ.
–
Ներկայ
չորս
աշխատանոցներէն
զատ,
բացուելու
վրայ
է
նաեւ
բուրդէ
վարագոյրի
(ճիճիմ)
գործ
մը,
որուն
դրամագլուխը
ղրկուած
է
Եգիպտոսի
Հ.
Բ.
Միութենէն
եւ
ուր
պիտի
կրնան
աշխատիլ
70ի
մօտ
այրիներ։
ԱՆԳՈՐԾ
ՄՆԱՑԱԾ
ԱՅՐԻՆԵՐ.
–
Դէպքէն
արկածեալ
եւ
աշխատելու
կարող
340ի
չափ
այրիներու
թիւէն
զեղչելով
բացուած
ու
բացուելու
վրայ
եղող
գործերուն
մէջ
աշխատողները,
ու
նաեւ
անոնք՝
խիստ
սակաւաթիւ՝
որ
պէտք
չունին
աշխատելու,
դեռ
100ի
մօտ
դէպքէն
այրի
կը
մնայ
կարօտ
ու
անգործ։
Նկատի
առնելով
հանդերձ
ասոնց
համար
ալ
հետզհետէ
միջոցներու
ներածին
չափ
գործ
գտնելու
պէտքը,
հարկ
է
անվերապահ
կերպով
ընդունիլ
թէ,
աշխատանոց
հիմնելու
գաղափարը,
մասնաւորաբար
Հաճընի
համար,
խիստ
օգտակար
եղած
է
այրիներուն,
նիւթական
ու
բարոյական
կրկին
տեսակէտներով։
Աշխատանոցի
գաղափարին
հակառակողները,
որոնք
սկիզբէն
ի
վեր
գոյութիւն
ունեցած
են,
թիւերու
պերճախօսութեան
առջեւ
պէտք
է
լռեն
գոնէ։
ՕՐԱՎԱՐՁ.
–
Այրիախնամի
գուլպայի
աշխատանոցին
մէջ
այրիները
կը
ստանան
5էն
–
նուազագոյն
չափ
–
մինչեւ
8
մէթալիկ
օրավարձ.
միջին
հաշւով
նոյն
է
միւս
գործերուն
մէջ
ալ։
Մեծ
քաղաքներու
համար
շատ
չնչին
կը
թուի
այս
վճարումը,
սակայն
տեղական
պայմանները
նկատի
առնելով
կարծուածին
չափ
անբաւական
չէ։
Այրիները
դժգոհ
չեն
եւ
հաճոյքով
դիտեցի
որ,
մանաւանդ
Հաճընի
մէջ,
ընդհանրապէս
ծոյլ
չեն
կիները
եւ
դրամական
նպաստի
անբարոյացնող
ձեւէն
աւելի
կը
նախընտրեն
աշխատելով
ապրիլ։
ՆԿԱՐԱԳԻՐ.
–
Տարակոյս
չկայ
որ
խելացի
է
Հաճընցին
եւ
իր
մտաւոր
մակարդակը,
ուրիշ
գիւղերու
հետ
բաղդատելով,
զգալիօրէն
բարձր,
եւ
դէպ
ի
աւելի
վեր
ձգտելու
տրամադիր։
Սակայն
դժբախտաբար,
նոյն
լաւատեսութիւնով
կարելի
չէ
խօսիլ
իր
բարոյական
ուրիշ
յատկութիւններուն
վրայ։
Ազգային
գործերու
մէջ
պատուակալ
պաշտօններու
հոգի
տուող,
բայց
իր
շահէն
ուրիշ
գործի
մը
համար
խղճմտօրէն
աշխատելու
շատ
քիչ
տրամադիր
է։
Իրարու
նախանձով
նայելու,
զիրար
հարուածելու
ցեղային
ունակութիւնը
կարծես
մասնաւորապէս
շեշտուած
է
հոս։