Թէպէտ
զուարթութիւնը
կը
փայլէր
Թորոսի
բոլոր
կերպաբանաց
վրայ,
թէպէտ
ամէն
պատրաստութիւն
ունէր
խօսելու`
քան
լսելու,
բայց
Բաբկէնի
լուրջ
եւ
տխուր
կերպարանքը
առժամայն
ազդեցութիւն
մը
ըրին
սրամիտ
երիտասարդին
վրայ,
որ
իր
տարիքեն
անհամեմատ
վեր
էր
իր
քսան
տարիներուն
մէջն
ալ:
Բաբկէն`
թէպէտ
հազիւ
թէ
պարզ
կարդալ
եւ
անունը
ստորագրել
միայն
գիտէր,
արտաքոյ
կարգի
խոհուն,
անհամեմատ
ուժով,
տոկուն
եւ
անխոնջ
պատերազմի
մէջ,
անդրդուելի,
հաւատարիմ
եւ
նախանձայոյզ
ազգասէր
մարդ
մ՚էր:
Թորոսի
եւ
Լեւոնի
յաջողութեանց
անթոյլ
գործակից,
եւ
առաջինին
պաշտող
յիշատակին
երկրապագու
կրօնամոլ,
միտքը
դրած
էր,
որ
եթէ
Թորոս
երկայն
ապրէր,
անտարակոյս
Կիլիկիոյ
անկախութիւնը
ան
ողորմելի
վիճակը
չէր
ընկնէր.
ուստի
Լեւոն
իրեն
համար
աննման
քաջակորով
երիտասարդ
մ՚էր,
զուրկ
ան
խորագիտութենեն
եւ
նախատեսութենեն,
որ
իշխանի
մը
եւ
զօրավարի
առաջին
յատկութիւնքն
են:
Բայց
որովհետեւ
հաւատարմութեան
մէջ
անդրդուելի
էր,
խնդրեց
Լեւոնի
ծառայութեան
մէջ
մտնել
եւ
նորա
գերութեան
անբաժանելի
ընկեր
եղաւ.
բանտին
մէջ
երկրորդական
անձինք
էին
իրեն
համար
Լեւոն
ալ,
Ռուբեն
ալ.
ամէնքը
երկու
եղբայր
նման
կը
գտնէին
իրարու,
ինք
Թորոսի
եւ
իր
եղբօր
մէջ
անբաւ
հեռաւորութիւն
կը
գտնէր:
«Ռուբեն,
—
կ'ըսէր,
—
հօրը
ճիշտ
զաւակն
է,
ուժով,
թեթեւամիտ,
քաջ
մինչեւ
ի
յանդգնութիւն
եւ
ի
հրաշագործութիւն
ծանր
վտանգի
մէջ,
որ
կրնան
զինք
երբեմն
ի
յուսահատութիւն
տանիլ,
բայց
պզտիկը,
ո՛հ
իր
գլուխը
երբեք
պիտի
չի
կորսնցնէ,
իր
հօրեղբօրը
պէս
պիտի
լինի
անյոյս
վիճակներու
մէջ`
անխռով
եւ
հնարագէտ»:
Ուստի
Թորոս
իր
հայրենասէր
յոյսերուն
զաւակն
էր:
Ոչ
Ռուբենի
աչագրաւութիւնը
եւ
մահը
եւ
ոչ
Լեւոնի
վախճանը,
որ
զինք
տխրեցուցեր
եւ
դառնացուցեր
էին,
կարելի
էր
բաղդատէք
Թորոսի
փոքրիկ
մէկ
հիւանդութեան
հետ,
ուր
Բաբկէն
ինքզինք
կը
մոռնար,
ա՛լ
պարտաւորութիւնը
չէր,
որ
անքուն
կը
հսկէր
պատանուոյն
սնարին
քով,
այլ
գորովագութ
մօր
մը
աչալրջութիւնն
էր.
մինչեւ
իր
խոշոր
եւ
հաստ
ձայնը
դայլայլիկ
մը
առնուլ
կը
ձեւանար
եւ
կը
փափկանար
թէ
որ
կարելի
ըլլար
իր
ահագին
ձեռքերը
նաեւ
պիտի
մանրանային,
երբ
դեղին
սկահակը
իրեն
կ'երկնցնէր.
այնչափ
խնամք
կը
տանէր
զինքը
խնամելու
եւ
տածելու
ժամանակ:
Ուստի,
հիմա
երբ
տխուր
ու
դառն
ներկայացաւ,
Թորոս`
«Ի՞նչ
կայ,
Բաբկէն
հայրիկ,
ընքուիներդ
շատ
խաւար
կ'երեւան
այսօր,
–
հարցուց,
միթէ
ամենեւին
հայ
սրտով
մարդ
մը
չի
կրցա՞ր
գտնել»:
—
Երանի՜
թէ
չի
գտնէի.
գէշ,
իշխանիկս,
գէ՜շ:
—
Ի՛նչ
գէշ,
զրուցէ՛
գլուխդ
երերցնելուդ,
ո՞ւր
է
գէշութիւնը:
—
Միտ
դիր,
իշխանիկս.
ես
հոսկից
ելայ
անծայր
քաղքին
մէջ
բոլոր
շուկաները
պտտեցայ,
մէկ
կիլիկեցի
հայ
մը
տեսնեւու
համար,
որ
կարէնամ
լուր
մը
առնուլ
թէ
մեր
լեռները,
մեր
տղաքը
ի՞նչ
եղան.
իրիկուն
եղաւ,
ալ
յոյսս
կտրէր
էր,
մեյ
մ՚ալ
մէկը
զիս
դրդեց
կամաց
ձայնովի
«Բաբկէն
եղբայր»,
ձայնեց.
գլուխս
վերուցի,
նայիմ`
երկայն
հասակով
մէկը,
բեռնակրի
հագուստներով,
չի
ճանչցի.
«Մի՛
խօսիր,
—
ըսաւ,
—
միայն
ետեւես
եկու,
ես
ալ
զքեզ
կ'ուզէի
տեսնել»:
Ո՞վ
էր,
չգիտէի,
ան
քիչ
մը
առջեւեն,
ես
ալ
անոր
հետեւելով
շարունակեցինք
ճամփան`
մինչեւ
խղճուկ
իջէան
մը
հասանք,
եւ
սենեակ
մը
բացաւ:
Երբ
դուռը
գոցեց
«Զիս
չի
ճանչցի՞
ր»,
հարցուց.
«Չէ»
ըսի:
«Բարի
նշան,
թէ
որ
դու
ալ
զիս
չի
ճանչցիր,
ուրեմն
սատանան
ալ
զիս
չի
կրնար
ճանչել:
Վահկեցի
Կոստանդինը
չե՞ս
ճանչեր»:
Իրօք
Վահկեցի
բերդակալն
էր,
եւ
սկսաւ
ինձի
պատմել
թէ
ինչպէ՞ս
բերդին
անձնատուր
լինելեն
վերջը,
բռնէր
էին
զինք
հոռոմք
ու
շղթայակապ
նաւումը
մէջ
դրած
Պոլիս
կը
ղրկէին,
եւ
թէ
ինչպէ՞ս
շղթաները
կոտրելով
նաւաստիներն
ու
պահապանները
սպաննէր
եւ
նաւը
Սելեւկիոյ
ծովեզրը
կրցեր
էր
խրեւ
եւ
անկից
Տորոսի
ծովեզրեայ
ժայռերուն
եւ
մացառներուն
մէջեն`
գիշեր-ցերեկ,
շատ
անգամ
անօթի,
ծարաւ`
քանի
մը
ձիթուն,
քանի
մը
եղջիւր
միայն
ուտելով,
վերջապէս
Սեւ
լեռ
գտեր
էր,
եւ
թէ
ինչպէ՞ս
հոռոմները
ամէն
տեղ
զմեր
հայրերը
կը
հալածէին,
կը
չարչարէին,
եւ
թէ
ամէնքը
կը
մրմռային,
եւ
թէ
ան
մեր
անպիտան
ազգուրաց
Լամբրոնի
իշխան-ները`
անհոգ,
անկարեկիր
էին
անոնց
նեղութեանց,
որովհետեւ
իրենք
իրենց
առ
կայսր
հաւատարմութեան
վարձք
առած
էին
պատիւ
եւ
իշխանութիւն:
Իսկ
Մամեստեայ
հոռոմ
կուսակալը`
ամէն
օր
զհայն
ու
իր
հաւատքը
կը
հայհոյէր,
եւ
ամէնքը
աոտուծմէ
Լեւոնի
տղոց
մէկուն
հասնելուն
կը
սպասէին,
որ
զէնքի
վազեն:
Ուստի
Կոստանդին
հարցուցեր
էր
թէ
ո՞ւր
են
Մլեհ
եւ
Ստեփանէ.
եւ
իմացեր
էր
թէ
Հալէպու
Նուրետտին
ամիրային
ծառայութեան
մէջ
մտած
էին.
ելեր
գնացեր
էր
զանոնք
գտնելու,
եւ
հազիւ
թէ
Ստեփանէ
համոզուէր
էր
Կոստանդինի
հետ
Կիլիկիա
դառնալու,
Մլեհ
վրայ
հասնելով,
ոչ
թէ
միայն
իր
եղբօրը
միտքը
շրջելու`
այլեւ
զկոստանդին
մատնելու
երդում
ըրած
էր,
եթէ
նոյն
օրը
տաճկին
հողերեն
դուրս
չելնէր:
Կոստանդին
ալ
յոյսը
տրած
եկեր
էր
Պոլիս,
որ
թէ
կարելի
է
մեր
կղզուոյն
բանտը
կոխէ,
հայրդ
ու
զքեզ
ազատէ
եւ
տանի
Կիլիկիա
կամ
մեռնի.
ուստի
զքեզ
կուզէ
հիմա
տեսնել:
Իսկ
Թորոս
աս
պատմութիւնը
մտիկ
ընելեն
վերջը
առանց
պատասխան
մը
տալու
եղաւ
եւ
մտախոհ`
սենեկին
մէջ
վեր-վար
կը
շրջագայէր`
երբ
Բաբկէն
արձանի
պէս
անշարժ
կեցէր
էր.
վերջապէս
Թորոս
դառն
ժպիտով
մը`
—
Բաբկէն
հայրիկ,
—
ըսաւ,
—
շատ
կ'ուզէի
Կոստանդինը
տեսնել,
վասնզի
կ'երեւակայեմ
թէ
ինչչափ,
որ
շատախօս
է,
նոյնչափ
եւ
աւելի
ալ
քաջ
է,
բայց
այս
անիծեալ
կառավարութիւնը,
որ
աւազակներու,
գողեր
ու
համար
ինչչափ
անփոյթ
է,
այնչափ
արթուն
է
մեզի
պէս
գերիներու
համար,
ո՛վ
գիտէ
թէ
Կ'ոստանդնի
հոս
գտնուիլը
ոստիկանութեան
լրտեսները
չեն
գիտէր,
եւ
արդէն
կամաւ
թողած
են,
որ
պատի
եւ
տեսած
ու
տեսնուած
մարդիկը
նշանակեն:
Քանի
որ
Մլեհ
այդչափ
անարգ
սիրտ
մը
ունի,
եւ
Ստեփանէ
այդչափ
հողդողդ
է,
քանի
որ
Լամբրոնի
իշխանքը
հոռոմոց
գերութենեն
չեն
ձանձրացեր,
ես
պէտք
է
իմ
ազգիս
գլխուն
ճարը
տեսնեմ.
զրուցէ
Կոստանդնին,
որ
զիս
տեսնել
անօգուտ
է,
թող
զիս
Սեւ
լեռը
սպասէ:
Այսչափ
տարի
համբերեց,
շատ-շատ`
տարի
մ՚ալ
համբերէ:
Ի՛նչ
տեղեկութիւն,
որ
բերէր
է`
ինձի
բաւական
է:
Բայց
չի
հարցուցի՞ր
թէ
ինչ
միջոց,
քանի
հոգի
ունի
եղեր,
որ
աս
մայրաքաղաքին
դռան
առջեւ
կը
ղզիի
մը
բանտ
մը
կոխելու
յանդգնութիւնը
ունեցեր
է:
—
Քիչ
մը
դրամական
օգնութիւն
գտնելով
քանի
մը
եկեղեցականներէ,
գենովացի
նաւ
մը
վարձեր
է,
հինգ
ալ
ընկեր
գտեր
է
իրեն
պէս
անվեհեր
մարդիկ
եւ
աս
խորհուրդը
մտածէր
է:
—
Բայց
դու
ի՞նչ
ըսիր,
Բաբկէն,
աս
մեր
Կոստանդնին
մտածութեանը:
—
Ըսի
թէ
յիմարութիւն
է,
եւ
բարեբախտութիւն
մ՚է,
որ
արդէն
բանտին
դուռը
բացուած
լինելով
իրենց
քաշութեան
կարօտութիւն
չէ
մնացած,
որ
Կիլիկիոյ
միմիայն
յուսոյն
թերեւս
անօգուտ
մահը
պիտի
պատճառէր:
Ուստի
չե՞ս
ուզէր
իրեն
գալը
զքեզի
հետ
տեսութեան:
—
Չեմ
ուզէր,
որ
այսպիսի
քաջ
մարդիկ
հուսակտուր
լինին,
ուստի
դու
կրնաս
խոհեմաբար
զիս
տեսնելու
անօգուտ
եւ
վնասակար
հետեւանքը
իմացնել:
—
Արդէն
գրեթէ
իմացուցի,
եւ
ինք
շատ
տխրեցաւ,
վերջին
պատասխանի
մը
կսպասէ
վաղը
շուկայի
մեծ
դռան
առջեւ:
—
Ահա,
վերջին
պատասխանն
ալ
դարձեալ
աս
պիտի
լինի:
Երթալ
եւ
մեր
լեռներուն
մէջ
ինձի
սպասեւ:
—
Այսչա՞փ:
Ուրի՞շ:
—
Կ'երեւայ
թէ
ուրիշ
մտածութիւն
մ՚ալ
դու
ունիս,
Բաբկէն
հայրիկ:
—
Այո՛,
ունիմ:
—
Զրուցէ՛
ուրեմն:
—
Կը
հրամայե՞ս,
որ
զրուցեմ:
Ի՞նչ
կարգիլէ,
որ
մենք
ալ
Կ'ոստանդնի
պատրաստ
նաւով
դառնանք
Կիլիկիա.
կարելի
չէ՞,
որ
Կոստանդին
հազիւ
հասած
դեռ
մարդ
իր
գալուն
հոտը
չառած,
մտնենք
իրեն
հետ
նաւը
եւ
շուտով
ճամփայ
ելնենք:
Եւ
այս
խօսքերը
ըսելուն`
Բաբկէն
իր
երկայն
ընքուիներուն
տակեն
իր
սուր
աչքերը
Թորոսի
բիբերուն
վրայ
տնկած
պատասխանի
մը
կը
սպասէր:
Այդ
նայուածքը
եւ
նորա
նշանակութիւնը
միայն
Թորոս
կրնար
իմանալ,
ուստի
անխռով
պատասխանեց,
ոչ
թէ
Բաբկէնի
մտքին,
այլ
սրտին
խօսելով:
—
Մենք
մեր
բանտեն
ելնելուն
երկրորդ
օրը
թէ
որ
այս
բնակարանը
թողունք
եւ
փախինք,
կարելի
է,
որ
կարէնանք
ողջ-առողջ
Կիլիկիա
հասնիլ,
միթէ
բոլոր
յունաց
սրընթաց
նաւերը
մեր
ետեւեն
չե՞ն
սրանար,
միթէ
ան
կառավարութիւնր,
որ
Լեւոնի
մահուընեն
գրեթէ
տարի
մը
վերջը
իր
ապուշ
տղան
բանտեն
ազատելու
համար
այնչափ
բարեխնամ
աղաչանաց
խուլ
եղաւ,
եւ
հազիւ
շնորհք
մը
ընելու
զիջաւ,
կը
յուսա՞ս
թէ
գաղտնի
մեր
վրայ
չի
հսկէր
եւ
մեր
առաջին
անխոհեմութեան
անյուշ
բանտի
զմեզ
չի
դատապարտէր:
Ես
ալ
կը
սիրեմ
ազատութիւն,
ես
ալ
կը
յիշեմ
մեր
լեռներուն
պայծառ
արեւը,
երեկոյեան
զով
քամին
եւ
անջինջ
երկնքին
պարզութիւնը,
եւ
բան
մը
չի
կայ,
աս
լաւ
լսէ՛,
Բաբկէն,
բան
մը,
որ
կարէնայ
զիս
իմ
պարտքես,
իմ
առաջաղրութենես
կասեցնել,
բայց
ուխտ
ալ
ունիմ,
որ
հախուռն
բան
մը
չընեմ:
Աս
վերջին
խօսքերը,
որ
Բաբկէնի
ճակատը
պարզեցին
եւ
յօնքերը
իրենց
բուն
տեղը
տեղաւորեցին,
դեռ
իր
վստահութիւնը
ամբողջ
չի
կրցան
գրաւել,
եւ
Թորոս
լուռ
կը
նշմարէր,
ուստի
իբրեւ
թէ
նորա
մտաք
խորունկը
չի
թափանցած`
քանի
մը
պտոյտ
ընելէ
վերջ,
սենեկին
մէջ,
ըսաւ.
—
Ես
քեզի
ուրիշ
գաղտնիք
մը
պիտի
հաղորդէի,
սա
գռան
գաղտնիքը,
որ
պարզուեցաւ:
Օրիորդը,
որ
դու
նախ
տեսար,
որու
թերեւս
միայն
պարտական
ենք
մեր
ազատութիւնը,
հայ
է
մօր
կողմէ
եւ
սրտով
բոլորովին:
—
Փա՜ռք
աստուծոյ:
—
Այդ
կողմեն
ալ
սիրտդ
հանգիստ
բռնէ.
առ
սա
քանի
մը
ոսկին,
անցիր
դիմացի
կողմը
Ղալաթիոյ
քաղաքը,
հոն
հայոց
եկեղեցի
ալ
կայ
նայէ՛,
տեսնուէ՛
ազգայնոց
հետ,
ի՞նչ
վիճակի
մէջ
են,
իմացիր,
թէ
որ
առանց
կասկածի
ստուեր
տալու
կրնաս
իմանալ
թէ
գենուացի
նաւեր
կան,
որ
ոչ
Միջերկրական
միայն`
այլ
նան.
Պոնտոսի
ծով
կ'երթան,
տեղեկութիւն
ա՛ռ,
ամէն
ճամփայ
լաւ
է
Կիլիկիա
մտնելու
համար:
Ամենեն
ապահով
տեղ
տեսնուելու
համար`
հայ
եկեղեցին
կրնայ
լինիլ.
բայց
այդ
նաեւ
ինձի
համար
արգիլուած
է,
թերեւս,
ինձի
համար
աս
բանտը
չեմ
գիտէր
առաջինեն
որչափ
ընդարձակ
է:
Տեսնենք…
Դու
խոհեմութիւն
ունիս,
պէտք
չէ
որ
ես
քեզի
կը
կրկնեմ
թէ
ինչ
վիճակի
մէջ
ալ
լինիս,
պէտք
է
ջանաս
իմանար
բայց
միշտ
առանց
հարցնելու:
Ժամանակը
արդէն
ուշ
է,
դու
ալ
յոգնած
ու
անօթի,
երթանք
կերակուրի:
Թէպէտ
Բաբկէն
իրօք
անօթի
էր,
բայց
կար
բան
մը,
որ
դեռ
իրեն
համար
վարագուրեալ
էր
մասամբ,
այսինքն`
աղջիկը,
որ
«մօր
կողմէ
հայ
էր
եւ
որ
իրենց
ազատութեան
համար
աշխատէր
էր».
եւ
քանի
որ
մանրամասն
պատճառները
չէր
իմացեր,
իր
ախորժակը
կատարեալ
չէր.
բայց
որպէսզի
Թորոսի
կամաց
դէմ
չի
մեղանչէ,
որ
աններելի
յանցանք
կը
համարէր,
ամէն
կերակուրներէն
կշտապինդ
կերաւ,
Կիզիկոնի
վճիտ
գինին
լաւ
մը
խմեց,
եւ
երբ
Թորոս
ելաւ
քաշուեցաւ
իր
սենեակը,
իր
լայն
յօնքերը
վեր
առնելով
եւ
իր
սուր
աչքերը
գոհութեան
ժպիտով
մը
անոր
յետոց
վրայ
դարձնելով
«Աստուած
յաջողութիւն
տա,
իշխանիկս»,
կը
մռմռար
քթին
տակեն,
«Դու
շատ
խելօք
տղայ
ես,
որ
աղջիկ
մը
խելքդ
հափափէ
ու
քեզ
կնիկ
դարձնէ,
ալ
ես
այս
գիշեր
հանգիստ
կրնամ
քնանալ.
դու
զուարճացիր
ինչչափ
կ'ուզես,
բաւական
է,
որ
տարին
չանցած
աս
նզովուած
քաղքին
պարիսպներէն
մէկ
մը
դուրս
նետուինք…:
Մեր
լեռները
հարցուցի,
մեր
ազգին
ընդհանուր
վիճակը
հարցուցի…
իմիններս
ամչցայ
հարցնելու`
վախեցայ
հարցնելու…
ո՞վ
գիտէ,
ի՞նչ
եղան,
ո՞ղջ
են,
մեռա՞ծ
են,
ո՞ւր
են…
իրաւ
է
որ
անոնք
հարցնելու
ժամանակ
ալ
չի
կար,
անշուշտ
ան
ալ
չէր
գիտեր…
Լաւ
տղայ
է
Կոստանդին,
քաշ
է,
ի՛նչ
օգուտ,
որ
թեթեւ
է.
ո՛վ
գիտէ
Մլեհի՞ն
էր
յանցանքը
թէ
իրեն…»:
Այս
մտածութիւններով
սկսաւ
մրափել
Բաբկէն
հայրիկ
իր
նստած
տեղը,
եւ
իրօք
ալ
իրեն
ան
մրափը
իր
տղայութենեն
ի
վեր
ամէնուն
քունին
տեղ
կը
բռնէր,
եւ
որ
իրեն
համար
բաւական
էր
քսանչորս
ժամ
պատերազմելու
եւ
քառասունութ
ժամ
քալելու: