Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առաւօտուն ասորուոց վանքին դռները երբ բացուեցան, տասներկու զինեալ մարդիկ ելան դուրս, եւ առջեւեն բոլորովին սպառազէն, արաբ ձիու մը վրայ հեծեալ ասպետ մը նոցայ կ'առաջնորդէր. իր երկայն հասակը, իր անվեհեր եւ խոր նայուածքը մեզի յայտնի կ'ընեն թէ ո՞վ էր այդ անձը, որուն խաղալիք մ՚էր ձիուն իւրաքանչիւր ծածանմունքը, եւ որ արդէն իբրեւ լեռներուն իշխան եւ տէր կը թուեր իր ընթացքին մէջ:

Լուռումունջ կ'ընթանային ետեւեն տասներկու երիտասարդները, այն Սեւ լեռան խորդուբորդ ճամփաներուն վրայեն. երիտասարդը գրեթէ մոռցած էր թէ իրեն հետեւող մարդիկ կային, որոնց ճակտեն քրտինք կը վազեր, բայց ոչ հոզնած կ'երեւէին եւ ոչ լքեալ: Սակայն երբեմն իրենց քաջալերիչ աչք մը կը նետեր առանց ընթացքը երբեք ընդհատելու. երբեմն նաեւ առանց արհամարհանաց եւ մանաւանդ թէ բարեգութ կերպիւ մը` «Ո՛վ որ յոգնած է ձեզմէ, տղաք, թո՛ղ տուն դառնա», կ'ըսէր: Բայց ոչ ոք այս յորդորանաց հնազանդելու պատրաստութիւն կը ցուցնէր, եւ ամէն ոք հաստատ եւ կորովի իր ճամփան կը շարունակէր:

Երեք ժամ միակերպ այս ընթացքը շարունակելեն վերջ, մեր ասպետը, որ Թորոս ինքն էր, ժայռերու եւ թուփերու մէջ կեցաւ, ձիեն վար ցատկեց եւ յանձնելով զայն աղոց մէկուն` «Դուք հոս` սա տեղ պէտք է սպասէք, ըսաւ, մինչեւ որ փոքրիկ տասը-տասներկու տարեկան տղեկ մը ձեզի գա եւ ճերմակ դրօշակ մը ցոյց տա. հետեւեցէք անոր անկասկած»: Այս խօսքերն ընելով սրբացաւ եւ մեծաքայլ իջաւ լեռնեն վար, շակուեցաւ Բաբկէնին տունը, ուր առջի իրիկուն զինքը տեսած էինք: Երբ դռնեն ներս մտաւ, ձառերուն տակ երեք-երեք, չորս-չորս զինեալ երիտասարդներ ցրուած էին. ոմանք նստած, ոմանք ընկողմանեալ, եւ երբ զինքը տեսան, ամէնքը ցատկեցին ոտք ելան իբրեւ թէ աներեւոյթ զօրութենէ մը ցնցեալ: Ամենեւին իր պարզ ձեւը առանց փոխելու, մէջերնին կեցաւ, իր կենդանի աչքերը ամէն աչքերու մէջ մը պտտցուց, Սարգիս, Բաբկէն եւ Տորոսի ճամփորդութեան ընկերները ամէնքը տեսաւ, նաեւ անոնք, որ առաջին անգամ կը նշմարէր: «Հայու տղա՛ք, Թորոսն եմ ես` Լեւոնի որդի, ես բանտէ, շղթայներէ ազատած եկայ ձեր մէջ, բայց ձեզ ալ կը տեսնեմ, որ գերութեան մէջ կը հեծէք. մեր Հայրերը այդ գերութենեն ազատելու համար իրենց Հայաստանի դաշտերն ու քաղաքները թողին եւ աս լեռները եկան. թէ որ գերութիւնը նախատինք էր, օտարութեան մէջ նոյն վիճակին մատնուիլ` այդ նախատանաց անտանելին է. ես ուրեմն եկայ, որ ձեզի հետ այս գերութեան, ամօթոյ եւ նախատանաց շղթաները կոտրեմ. ո՛վ որ ինձի պէս սրտին մէջ այդ փափագը կը զգայ եւ մահուընէ չի վախնար, թո՛ղ ետեւես գա, լուռումունջ ինձի հետեւէ, եւ ես ի՛նչ որ ընեմ, նոյնը ընէ՛»:

Ամէնքը շարուեցան կարգով եւ լռութեամբ իրեն կը նայէին: Բաբկէնին ակնարկ ըրաւ Թորոս եւ կամաց ձայնով մը հրամաններ տալեն վերջը, տեսաւ Եւփիմէ, որ տանեաց վրայ կեցած իրեն կը նայէր, գլխով զինքը բարեւեց. երբ սկսաւ սրանալ, ամէնքը` քսանհինգի չափ երիտասարդք իր ետեւեն գացին, ու ինք Ամուտայ ամրոցին անմատչելի կողմը վերելակեց:

Ամառուան տաք օրերն էին, եւ կէսօրուան ժամանակը շատ մօտ էր. մարդ չի կար դուրսը ամենեւին. ուստի մեր զինուորները մէկուն չի հանդիպեցան, բայց արդէն շատերը գայթակղած էին իրենց զօրավարին յանդուգն ձեռնարկութեան, եւ տղայական խաղու մը տեղ կը դնէին. այս ընթացքը գիտեն, որ շատ երկայն չի կրնար քշել. բայց տեսնելով զսարգիս, որ անմռունչ եւ լուրջ հաւատով իշխանին կը հետեւեր` նոյնը ամէնը միամտաբար կատարեցին, մինչեւ Թորոս իր թուփերուն առջեւ հասաւ, հոն առանց խօսելու սրոյն օգնութեամբ թուփերը մէկդի ընելով, երբ գետին պառկեցաւեւ քիչ-քիչ զգուշութեամբ ծակեն ներս մտաւ եւ անհետացաւ, ամէնքը զարմացան մնացին, ահա Սարգիս ալ նոյնպէս եւ անոր ետեւեն ութ, տասը, քսան, եւ բոլոր խումբը ներս մտան:

Վերջի մտնողները երբ հասան, ծառատունկին մէջտեղ կեցած էր Թորոս եւ անխռով իրեններուն կը սպասէր, դարձաւ. «Տղա՛ք, ըսաւ, անօգուտ արիւն-եղեռն է. ո՛վ որ անզէն եւ անդիմադիր մէկուն զէնք վերցնէ, մարդասպան է եւ վատ. եկէք ուրեմն»: Կէսօրը արդէն քիչ մ՚ալ անցէր էր, ուստի երբ յարձակեցաւ Թորոս սպառազէն, եւ իր զինեալ մարդկանց ընթացքը բնակարանին դռան առջեւ լսուեցան, իրենց զէնքերուն փայլը տեսնուեցաւ, վայնասուն եւ աղաղակ մը փրթաւ. պահապանք եւ զօրականք զէնքի կը դիմէին. կանայք եւ տղաք կուլային, կը ողբային եւ կը ճչէին. դռներ, վանդակներ, փեղկեր շառաչմամբ կը գոցուէին. վերջապէս սոսկալի շփոթութիւն մը տիրեց բնակարանին մէջ: Իսկ Թորոս անխռով, Սարգսին հրաման տուաւ բերդին մեծ դռան վրայ վազել, քանի մ՚ընկերով բանալ, եւ Կ'ոստանդնի զօրքը թէ որ հասած էին` ներս առնուլ ու բերդեն ողջ մարդ ամենեւին դուրս չի թողուլ: Իրօք Սարգիս յաջողեցաւ դուռը գտնել եւ քանի մը պահապաններն, որ հոն կեցէր էին, սպաննել եւ զինաթափ ընել. բայց Կոստանդին չի կար. ուստի ինք հոն սպասելու հետ եղաւ. իսկ Թորոս առանց ժամանակ կորսնցնելու յարձակեցաւ բնակարանին դռանը, մէկ-երկու զինուոր, որ իրեն դէմ կը խիզախէին, իւր սոսկալի սուրին հատուածով գետինը փռեց եւ շարունակ ահագին ձայնով կը գոչէր թէ` «Ո՛վ որ անձնատուր լինէր, անոր մահ չի կար. վա՛յ դէմ դնողին», բայց ներսի աղաղակները աւելի կը բարձրանային. ամէն դուռ, ամէն սանդուխ, ամէն սրահ, ամէն պատուհան կռուի տեղ եղած էր. վահան, նիզակ, սուր, կացին ամէն տեղ կը շողար. հերարձակ եւ կիսազգեստ կատաղի կանայք` պատուհաններէ ձեռքին եկածը կը նետէին. հոռոմ իշխանը յանկարծակի վախեն եւ ընտանեաց վտանգեն խենթեցած` ներքնաբերդին դռանը նեղ սրահին առջեւ կանգնած սուր մը եւ վահան ձեռքը` յուսահատաբար կը կռուէր, եւ արդէն քանի մը հոգի` Թորոսիններէն` այս կատաղութեան զոհ ինկած էին, երբ Թորոս ինք վրայ եկաւ եւ հրաւիրեց թողուլ զէնքը ու անձնատուր լինիլ. ասոր պատասխան իշխանին սուրը շողաց, որուն ընդդէմ` կայծակի պէս Թորոսի սուրը, որ թշնամի թուրը թռուց, եւ անզէն հոռոմը Թորոսի զինուորները բռնեցին ու կապեցին:

Աս միջոցին համրոցը կը խուժէին Կոստանդին իրեններով եւ Բաբկէն ասորիներով. պարտէզը լցուեցաւ պատերազմողաց բազմութեամբ, զօր երբ տեսան յունաց մնացեալ պահապանք` զէնքերը թպղլով անձնատուր կը լինէին, կանանց յուսահատ կատաղութեան չքում յաջորդեց, եւ Թորոս Բաբկէնին հրամայեց կանայք եւ տղաք սենեակ մը փակել եւ զինուորաց հրամայեց բոլոր ամրութիւնները գրաւել, դիակները վերցնել, արեան նշանները մաքրէի երբ ամէն բան կարգի մտաւ, Բաբկէն տեսնուեցաւ, որ իր տղոց մէկուն օգնութեամբ ելած ներքնաբերդին տանեաց վրայ, յունական արծուեկիր դրօշը վար ձգէր եւ տեղը (հուրին եան խաչակիր դրօշը կը հաստատէր: Բոլոր բազմութիւնը աս տեսնելուն ուրախութեան աղաղակներով օդը կը լեցնէր, որոնց արձագանքը լեռնե-լեռ տարածուելով` շրջակայ բնակիչքը` արք, կանայք եւ տղայք այս խաչակիր դրօշակին փոխարէն ուրախութեան աղաղակաւ ու խաչակնքելով, երկինք նայելով աստուծոյ շնորհակալութեամբ ողջոյն կ'ուտային, ծերերն ու պառաւները, կուլային: Եւ ահա գեղեցիկ տիկին մը բեհեզեայ ոսկեթել զգեստներ հագուած, արաբ ձիուն վրայ հեծած, Բաբկէնի կինն ու աղջիկները ետեւեն, կը մտնէր բերդին դռնեն ներս. ամէնքը յարգանօք կը շարուէին իր առջեւ, զէնքերը կը խոնարհէին, եւ զինք ճանչցող, չի ճանչցող երեւակայելով թէ Թորոսի էր նա, համակիր աղաղակներն կը կրկնէին, երբ նա իբր թագուհի մը` իր ժողովուրդը սիրալիր կը բարեւէր: Թորոս զինք դիմաւորեց` ձիեն վար առաւ եւ հոն ներքնաբերդին դռանն առջեւ ամէնուն, որ դիմած էին ամրոցն ի վեր խուժելով` նշան ըրաւ թէ կուզեր խօսիլ. «ո՜վ հայեր, ո՜վ իմ «ազգս, Լեւոնի որդին Թորոսն է, որ ձեզի կը խօսի. աստուած ի՛նք բանտին դռները բացաւ եւ զիս հոս բերաւ, որպէսզի ձեզի ալ օգնեմ, հայկական գերութիւնը եւ նախատինքը մէկտեղ ջնջեմք, եւ այդ ազատ լեռներուն վրայ ազատ մարդիկ միայն երեւանք: Աստուած, որ ամէն ձեռնարկութիւն մինչեւ այսօրս ինձի յաջողեց, անտարակո՜յս իմ բոլոր փափագներս պիտի լեցնէ եւ այս լեռներուն գլխեն մինչեւ ծով մեզի նոր Հայաստան մը պիտի շնորհէ. միայն թէ դիանանք սիրով եւ միաբան լինիլ, իրարու օգնել. անարգ նախանձ եւ պզտիկ սիրտ չունենալ. մեր անձնական շահուն հասարակաց օգուտը նախադասել: Կինը, որ հոս քովս կը տեսնէք, որ իմ ազատութեանս առաջին գործիքն եղաւ, այս` իմ հօրս սուրը ձեռքս տուաւ, մինչեւ այսօր իմ փախստեանս բոլոր վտանգներուն անբաժան մասնակից եքլաւ, ահա ձեզի կը ներկայացնեմ, անոր պատիւը իմ եւ ձեր պատիւն է, ինչպէս ձեր մարդոց, կանանց եւ զաւակաց պատիւը իմս է…»:

Ուրախութեան եւ «ապրի՜»-ներու աղաղակներ ու երդումներ իր ձայնը ծածկեցին եւ բոլոր ժողովուրդը զթորոս իր քաջութիւնը եւ իր իմաստութիւնը կը պատմէին եւ ինչպէս սովորութիւն է, շատ մը չափազանցական վրադիրներ դնողներ աչ կը գտնուէին. իւրաքանչիւրն իւր տեղ սկսան ցրուիլ, եւ փողատարները ամէն չեռան եւ բլրոց գլուխներ կ'ընթանային զէնքի կոչեւու հայ ժողովուրդը, որովհետեւ Թորոս` Լեւոնի որդին, զիրենք կը հրաւիրէր Ամուտայ բերդին ստորոտը, որու վրայ հայկական խաչադրօշը կը ծածանէր:

Իսկ երբ ժողովուրդը ցրուեցան գնացին, Թորոս զուարթ կերպարանքով, պարզ ճակատով բոլոր զօրաց առջին`

Բաբկէն հայրիկ, ըսաւ, այս բերդը, որ տէր չունի հիմա, վասնզի Ապլղարիպ չի կայ, ըստ դրացութեան իրաւանց` տէրը դու ես իր բոլոր կալուածներով, մենք, որ քու հիւրդ ենք, ամէնիս ալ, շատերնիս հեռու տեղուանքներէ եկած, կէսօրը անցած լինելուեւ անօթի, ծարաւ կը ջարդուինք, մեր այս վիճակին ճար եւ ճարակ քեզմէ կը սպասենք:

Տէ՛ր մեր եւ իշխան, ըսաւ Բաբկէն աչքերը լցուելով եւ Թորոսի խօսքին մէջ տեսնելով իր այնչափ տարուան հաւատարմութեան վարձատրութիւնը, ի՜նչ որ կայ` ամէնն ալ ձերն է, ինչպէս որ գիտէք թէ ես ալ ձերն եմ, եղած եմ եւ պիտի ըլլամ միշտ. տեսնենք ուրեմն թէ աս հոռոմները մեզի համար ի՛նչ պատրաստէր են, եւ վայելեմք:

Մէկեն Բաբկէն հրամայեց յոյն իշխանին տնտեսը առջեւը բերել եւ կապանքը քակել, խոստացաւ իրեն թէ որ հաւատարմութեամբ ծառայէ եւ թէ որ իր հիւրերը գոհ ընէ` վարձատրութիւն եւ ազատութիւն: Նոյնպէս Շուշիկ տիկին` շուտ մը իր տանտիկին սովորութեամբ եւ աղջկանց հետ թեւերը սոթտեց եւ գործին գլուխը՞ անցաւ: Հորթ, ոչխար, այծ եւ հաւ կը մորթուէին, կը խորովէին, կրակներու մուխը երկինք կը բարձրանար, գինուոյ կարասներ կը պարպուէին, դաս-դաս հայ զինուորը բերդին գլխեն Կիլիկիոյ դաշտին ընդարձակութեան հանդիսատես այսօր եւ վաղը տէր կ'ուտէր, կը խմէր, կ'երգէր, կը զուարճանար:

Իսկ Թորոս միշտ արթուն, միշտ անկարելին, նաեւ մտածող, իբրեւ թէ զուարճութեան համար, բայց բուն դիտելու համար զինուորին բարոյական եւ նիւթական վիճակը, պահպանութեան կէտերը կ'ելնէր պտտելու հետն առած Կոստանդին, Սարգիս եւ քանի մը գիւղապետներ, որ կամաւ եկեր խառնուէր էին զօրաց խումբին հետ եւ առանց պատերազմի յաղթութեան մասնակից էին, բայց որոնց համար երկրորդ օրը խիստ եւ յարատեւ աշխատութիւն կար, երկրին կատարեալ ազատութեան համար. հոն Թորոս, որ իր սրամտութեան եւ քաջութեան փորձը անոնց քանի մը հատին ցցուցեր էր քանի մը շաբաթուան մէջ, միշտ Կոստանդնին խօսելով` «Լաւ, կ'ըսէր, պէտք է զինուորը ուրախ լինի. բայց հոս պէտք էր պահապան դնել, հոս պէտք էր դէտ մ՚ունենալ, հոս այս դուռն ամրացնել», եւ այսպէս կը շարունակէր իւր այցելութիւնը: Իրարու երես կը նայէին, եւ Կոստանդին, որ նորա հօրն ու հօրեղբօրը ծառայած եւ քանի մը օր առաջ ինքնիրեն կը մռմռար երբեմն Թորոսի արարքներուն` հիմա ամէն ըրածներուն գլխով եւ աչքով իրաւացի լինելն կը հաստատէր, եւ այցելութենեն վերջը Թորոս դարձաւ հոն, ուր իրենց կը սպասէր սեղանը:

Իշխան մեր, ըսաւ Կոստանդին, ներէ՛, որ երթամ ձեր արդար դիտողութիւնները գործադրեմ, եւ ներէ՛ մեր պակասութեանց, որ անկարծելի յաղթութեան ուրախ հետեւանքն եղան, յաղթութեան, որուն բոլոր արժանիքը ձերն է միայն:

Ոչ ոք միայնակ յաղթութիւն չի կրնար տանիլ, պատասխանեց Թորոս, յետին հիւանդապահ զինուորը մասնակից է մեր յաղթութեանս, եւ մենք եղածը գործողսւթեանց սկիզբն պիտի համարենք, իշխան Կոստանդին, գնա եւ շուտով դարձիր, որպէսզի անօթի չի մնանք:

Սեղանին գլուխը նստած էր Եւփիմէ, Թորոսի քով, Շուշիկ իր կերակրոյ հանդերձանքներուն զբաղած չէր երեւար, բայց Բաբկէնին աղջիկները իրենց տիրուհուոյն ետեւ նստած անոր կը ծառայէին. նոյն միջոցին եւ հազիւ թէ նստեր էին` մեր Կիպրոսի վանուց վանահայր վարդապետը ջորուոյ մը վրայ հեծած, կէսօրուան արեւուն բոլոր ճառագայթներէն այրած եւ մրկած` կը հասնէր, եւ ուրախութիւնը աւելցաւ, երբ տեսաւ թէ ճիշտ ժամանակին եւ սեղանի մը սկիզբը կը հասնէր:

Բարի եկա՜ր, հայր սուրբ, մեր սեղանը օրհնելու, կանչեց Թորոս:

Ի՛նչ երանելի վիճակ վարդապետի մը համար, կ'ըսէր բազմական մը ծիծաղելով:

Այո՛, մանաւանդ ան վարդապետին համար, որ մեզ արքայաբար հիւրընկալելեն վերջը մեր փախստական եւ թաքթաքուն վիճակին մէջ, մեր նաւուն ղեկավարը նաեւ գիտէր լինել, նեղ ժամանակին եւ իր կեանքը վտանգի մէջ դնել նաեւ Կիլիկիա ափափայից վրայ տաժանելի ուղեգնացութեանց մէջ: Պէտք չէ մոռնալ թէ որովայնապարար եւ խաբեբայ եկեղեցականաց քով կան գործունեայ եւ աշխատասէր եկեղեցականք ալ, որ իրենց ազգը եւ ժողովուրդը կը սիրեն եւ գիտեն նաեւ զիրենք անոնց համար զոհել. անոնց սեղանն ալ, պատիւն ալ, աստիճանն ալ…

Դեռ խօսք չէր լմնցուցեր, որ զինուորաց խումբը միաձայն Ռուբենի երգը կ'երգէր, Ռուբենի անուան տեղ Թորոսինը դնելով:

ԵՐԳ ՌՈՒԲԵՆԻ

Ի դառն հողմոց արտասահման հայրենական մեր երկրեն,
Օտար դաշտեր` Սեւ լեռներու պանդուխտ եղանք տարադէմ.
Չի կար Մովսէս, ոչ զօրավար եւ սիւն լուսոյ ուղեցոյց,
Մեզ զօրավար եւ սիւն լուսոյ արքայական արմատեն`
Ընձիւղ պատուոյ` հիւս ծագեցաւ քաշն ու արին մեզ Ռուբեն:
Հայկայ տղոց աղեղանց լարք թուլցեր էին եւ թեւեր,
Վահան, սուսեր, նիզակ եւ տէգ անկեալ կային ժանգոտէր.
Հայուն անուն վատթարացեալ` Էրմեն ոչ ոք կ'անուանէր,
Մինչ մեր անշուք անկեալ փառաց արքայական արմատեն
Ընձիւղ փառաց` լոյս ծագեցաւ քաշն եւ արին մեզ Ռուբեն:
Մեր այգիներն փուշ բուսուցին, դարձաւ քացախ մեր գինին,
Ուրախութիւն հալածեցաղ, եւ սուգ տիրեց սրտերին.
Հարսի երգին, փեսի ձայնին փոխան բուեր ողբացին,
Մինչ կործան եալ աւերակաց արքունական արմատեն`
Ընձիւղ գալար` յոյս ծագեցաւ քաշն եւ արին մեզ Ռուբեն:

Մեր այգիներն ոսկի ողկոյզ, անուշ գինի կը հոսեն,
եր աղջիկներն քաղցր ձայնիւ եւ քնարիւ գեղգեղեն.
Մեր կըտրիճներ ազատութեան զէն եւ սուսեր ըշկայեն,
Զի կործան եալ մեր գահույից արքայական արմատեն`
Ընձիւղ դալար` յոյս ծագեցաւ քաշակորովն մեզ Ռուբեն: