Այս
առաքինութեան
յաղթանակեն
վերջը,
ուր
անզէն
աղջկան
մը
երեւոյթը
զինաթափ
ըրաւ
պատերազմող
ձեռքերն
եւ
իր
հայրը
կորստենէ
ազատեց,
Սմբատ
փոխուեցաւ
բոլորովին:
Իր
հովանոցին
մէջ
նստած
ոչ
կը
խոսէր,
ոչ
կ'ուտէր,
ոչ
կը
խմէր.
Տիկինը
եւ
սրբազանը
մէկ
քանի
մը
ջանացին
իր
յամառ
եւ
անտարբեր
լռութիւնը
ընդմիջել,
բայց
ճար
չելաւ.
ուստի
Օրիորդին
դիմեցին,
որ
հօրը
հետ
խօսի,
բայց
ի՞նչ
խոսէր,
այն
չէին
կրնար
որոշել:
Իսկ
թշնամին
քաղքին
ամէն
կողմին
տիրելեն
վերջ
պատրաստութիւններ
կը
տեսնէր,
հողապատնէշներ
կը
շինէր,
ճամփաներ,
տուներ,
հաղորդակցութեան
միջոցներ
կ'ապահովէր,
բերդականաց
ձգողական
զէն
քերեն
պաշտպանուելու
համար,
ինչ
որ
պէտք
էր,
կ'ընէր
եւ
կը
զարմանար,
թէ
նոքա
կենաց
նշան
ամենեւին
չէին
տար:
Եւ
իրօք
իշխանին
այն
վիճակը
ամէնը
լքոյց,
պատճառը
ոչ
աք
չէր
հասկնար,
վարձկան
զօրականք
սկսած
էին
քրթմնջել,
եւ
վերը
արդէն
Տիկինն,
նամանաւանդ
սրբազանը,
իշխանին
խելքին
վրայ
ցնորք
մը
նշմարելով
լռութենեն,
սկսած
էին
դաւադիր
լինել`
կերպով
մը
տղան
Բակուրայ
տեղը
նստեցնել
խորհելով,
երբ
նա,
որ
մինչեւ
այն
օրը
վտանգ
մը
տեսած
չունէր,
եւ
իր
հաճոյքներէն
ու
զուարճութիւնն
երէն
զատ
բան
մը
չէր
երեւակայէր,
այս
միջնաբերդին
մէջ
բանտ
եալ
վիճակեն
ազատելն
ուրիշ
բան
չէր
մտածէր,
ուստի
իր
այս
թեթեւութիւնն
ալ
աւելի
խայծ
մ՚էր
տիկին
մօրը,
տղուն
անունով
կառավարել:
Երբ
Մարգրիտ
այս
վիճակը
տեսաւ
եւ
գուշակեց,
երբ
կիսակտուր
բառեր
ամէն
բան
յայտնեցին
եւ
երեւակայեց
թէ
չարեաց
չարագոյն
վիճակ
մը
պիտի
ծագի,
որոշեց
հօրը
մօտենալ,
եւ
իր
պարզութեամբ
քովը
նստելով
սկսաւ
հարցմունքներ
ընել,
թէ
ինչո՞ւ
տխուր
էր,
թէ
ինչո՞ւ
չէր
ուտէր
խմեր…
եւ
առանց
ձանձրանալու
այնչափ
անուշ
եւ
այնչափ
երկար
խօսեցաւ
եւ
կրկնեց
հարցմունքները,
որ
Սմբատ
սկսաւ
փոխուիլ,
իր
գետին
սեւեռող
նայուածքն
ու
խլութիւնը
անհետացաւ,
սկսաւ
իր
աղջկան
խօսքերուն
ուշադրութիւն
ընելն
յայտնել
եւ
վերջապէս,
իբրեւ
քունէ
մը
ցնցուելով
եւ
արթննալով,
պատասխանեց:
—
Դու,
Մարգրիտ,
դու
չէի՞ր,
որ
ըսիր
թէ
քաղաքաըիք
պիտի
ապստամբին:
—
Այո՛,
հայր
իմ,
—
ըսաւ
աղջիկը,
հօրը
աջն
իր
ձեռքերուն
մէջ
ամփոփելով
փաղաքշանոք:
—
Ապստամբեցան
եւ
քաղաքը
մատնեցին:
—
Այո՛,
հայր
իմ:
—
Դու
չէի՞ր,
որ
ըսիր,
թեւ
այս
վարձկան
եւ
սրիկայ
զինուորները
զիս
պիտի
մատնէն:
—
Այո՛,
հայր
իմ:
—
Ուրեմն
ճար
չի
կայ,
պէտք
է
սպասել
այս
վիճակիս,
պէտք
է
սպասել
գերութեան,
պէտք
է
սպասել
աստանդական
շրջելու
ապաստարան
մը
փնտրելու
համար.
դու
ըսիր`
ուրեմն,
ասոնք
պիտի
լինին.
դու
գուշակեցիր`
ուրեմն
վերահաս
է
եւ
պիտի
հանդիպի.
լաւ՛
է
ուրեմն
մեռնիլ:
—
Ինչո՞ւ
համար
դու
այսպէս
կը
յուսահատիս,
հայր
իմ,
—
ըսաւ
Մարգրիտ`
տեսնելով
թէ
իր
նախատեսութիւնքը
ինչչա՛փ
վնասակար
եղած
էին
հօրը,
—
ես
մարգարէութեան
հոգուով
չի
զրուցէցի
բան
մը,
այլ
բոլոր
իմ
խօսքերս
ըրած
ղիտողութեանցս
վրայ
երեւակայական
ձզտումներ
էին.
դու
թէ
որ
ուզես,
ես
հիմա,
ես
տկար
աղջիկ
մը
ամէն
բան
կ'արզի
կը
դնեմ,
միայն
հրաման
տուր:
—
Ինչպէ՞ս
կարգի
կը
դնես
դու
այս
վիճակը,
որ
արդէն
իր
վախճանը
գտած
է:
—
Հիմա
Թորոսին
քու
կողմանեդ…
—
Թորոսին
իմ
կողմանես
պատգամաւոր
կամ
նամակ
չի
կրնար
երթալ
եւ
պհտք
չէ՛
երթա:
—
Բայց,
հայր
իմ:
—
Հայր,
մայր
չի
կայ.
փուճ
տեղ
ինձի
հետ
մի
խօսակցիր,
զիս
մի
նեղիր.
ամէն
մարդ
իր
բախտին
պէտք
է
հետեւի.
ի՛նչ
որ
մինչեւ
հիմա
քու
հօրդ
համար
ըրիր`
բաւական
է,
աստուած
քեզ
օրհնէ
ու
վարձատրէի
ինչչափ
որ
գէշ,
անպիտան
եւ
չարագործ
ալ
լինի
մէկը,
իր
զաւկին
համար,
մանաւանդ
երբ
զաւակը
այնչափ
առաքինի
է
քեզի
պէս,
մէկ
անգամուայ
համար,
երբ
աղօթէ`
աստուած
անոր
ձայնը
կը
լսէ,
ուստի
նորէն
կ'ըսեմ,
ես
ա՛լ
բան
մը
չունիմ,
ամէն
թան
լմնցած
է
ինձի
համար,
ոչ
իշխանութիւն,
ոչ
կարողութիւն,
ոչ
հարստութիւն,
ամէն
բան
կորան
եւ
անոնց
հետքն
անգամ
չի
մնաց.
հոս
անզգամութեան
չափը
լցուեցաւ,
դու
միայն
մնացիր
անարատ
այս
գարշութեանց
մէջ,
աստուած
քեզ
վարձատրէ՛,
աստուած
քու
վերջդ
բարին
ընէ՛:
Եւ
այս
խօսքերը
զրուցելուն
իշխանը
ձեռքը
զաւկին
գլխուն
դրած,
աչքերը
արտասուալից
երկինք
վերուցած
էր:
Տխուր
եւ
դառն
սրտիւ
մտիկ
կ'ընէր
այս
խօսքերը
Օրիորդը,
երբ
հայրը
ոտքի
վրայ
ելաւ,
հանդարտ
էր
բոլորովին
եւ
սկսաւ
վեր-վար
շրջագայել,
ու
յանկարծ
կենալով
հրամայեց,
որ
Վասիլ
կանչեն,
եւ
երբ
նա
սոսկումով
ներս
մտաւ
—
Գնա՛,
—
ըսաւ,
—
բոլոր
բանտարկեալները
հոս
բեր
հիմա:
Քանի
մը
վայրկեան
վերջը
քառասունի
չափ
անձինք
իր
առջեւ
շարուեցան
շղթայակապ:
—
Ամէնքն
ասոնք
ամբողջ
ներկա՞
են,
—
հարցուց
իշխանը,
—
չի
կայ
ոք
պակաս:
—
Ո՛չ,
տէր,
—
պատասխանեց
Վասիլի
ռնգային
ձայնը:
—
Շուտ
ասոնց
շղթայները
քակեցէ՛ք:
Եւ
երբ
հրամանը
կատարուեցաւ`
—
Գնացէք
ձեր
տուները,
ազատ
էք
ասկից
վերջը
զիս
եւ
իմ
յիշատակս
նզովելու,
անիծելու
եւ
հայհոյելու,
միայն
շնորհակալ
եղէք
եւ
օրհնեցէք
այս
աղջիկը.
ինչ
որ
մինչեւ
հիմա
ապրեցաք
եւ
պիտի
ապրիք`
գիտցէք`
ի
շնորհս
նորա
է:
Տէ՜,
մ՚երեւաք
աչքիս,
գնացէ՛ք:
Այնպիսի
դառնութեամբ
զրուցուեցան
այս
խօսքերը,
որ
իբրեւ
թէ
ինքնիրեն
կը
վախեր,
որ
կրնար
զղջալ
եւ
հրամանը
հետս
կոչել:
Ուստի
մարդիկն
ալ
զարմանքով
եւ
ահով,
դողով,
երբ
միջնաբերդին
դռնեն
դուրս
ելան,
մեծ
ծանրութիւն
մը
գնաց
իրենց
վրայեն:
Բայց
այս
ամէն
եղելութեանց
Մարգրիտ
նստած
ձեռք-ձեռքի
վրայ
դրած
կը
մտածէր,
թէ
ինչպէ՞ս
կարելի
էր
այս
քարասիրտ
մարդուն
սիրտը
կակղեցնէի
ուստի
ելաւ
վերջին
ճիգ
մ՚ալ
ընելու,
վասնզի
այս
մարդը
ինչ
աստիճանի
անզգամ
ալ
որ
լինէր,
իր
հայրն
էր
քովը
մօտեցաւ.
—
Սիրելի
հայր
իմ,
—
ըսաւ,
—
կը
տեսնեմ
թէ
սոսկալի
որոշմունք
մը
ունիս,
բայց
դու
չես
մտածէր
թէ
ես
քեզմէ
զատ
մէկը
չունիմ
աշխարհիս
վերա,
դու
միայն
իմ
յոյսս
եւ
իմ
պաշտպանս
ես,
ես
առանց
քեզի
ի՞նչ
պիտի
լինիմ:
Այս
խօսքերով
կը
յուսար,
որ
յուսահատ
որոշմունքէ
մը
զինք
ետ
կեցնէ,
բայց
իշխանը
այնչափ
միամիտ
չէր:
—
Դու
փուճ
տեղ
կը
վախես,
աղջիկս,
—
ըսաւ,
—
ես
դեռ
իմ
վերջին
որոշմունքս
չեմ
ըրած,
եւ
զքեզ
ալ
պաշտպանութեան
կարօտ
չեմ
գտնէր,
վասնզի
երէկ
դու
զիս
պաշտպանեցիր,
արդէն
քու
փափագդ
յայտնի
է
ինձի.
դու
միշտ
մենաստան
մը
քաշուիլ
կ'ուզէիր,
մենք
զքեզ
արգիլեցինք
մինչեւ
այսօրս.
ուստի
դու
հանգիստ
եղիր.
բոլոր
քաղաքը
զքեզ
կը
պաշտպանէ,
եւ
դու
ո՛ւր
որ
ուզես
կրնաս
քաշուիլ:
Այս
խօսքերը
խստութեամբ
զրուցուեցան.
ուստի
իմանալով
Օրիորդը
որ
ճար
չի
կար,
տխուր
իր
սենեակը
քաշուեցաւ`
աստուծոյ
յանձնելով
ինքզինքը
եւ
երեք
անմեղները`
հարսը
եւ
իւր
պզտի
տղայքը,
որ
ուրիշներուն
յանցանքը
կը
տուժէին:
Սոյն
միջոցին,
որ
ինք
հօրը
հետ
վերոյիշեալ
խօսակցութիւնը
կ'ընէր,
Տիկինը,
տղան
Բակուրայ
եւ
սրբազանը
մէկտեղ
կ'իջնէին
վարի
մեծ
գաւիթը,
ուր
զինուորաց
խումբը
կը
կենային:
Քանի
մը
ճրագներ
եւ
քանի
մը
կանթեղ
տկար
եւ
տխուր
լոյս
մը
կը
ձգէին.
ուստի
երբ
այս
մեր
երեք
անձինքը
սանդուխին
վարը
կ'եցան,
բոլոր
խումբը
հոն
ժողովուեցան,
իմանալու
համար
թէ
ի՞նչ
կը
նշանակէր
այս
անսովոր
այցելութիւնը:
Սրբազանը
սկսաւ
տխուր
ձայնով
մը
վիճակին
ծանրութիւնը
նկարագրել,
վերջը
հոն
բերաւ
խօսքը
թէ
ինչպէ՛ս
իշխանը
յուսահատ`
բոլորովին
հակասական
հրամաններ
կ'ուտար.
երէկուան
դատապարտուածները
այսօր
կ'արձակէր,
թէ
ինչպէ՛ս
փոխանակ
պատերազմի
պատրաստութեան
կամ
բանագնացութեան
մունջ
եւ
համր
եղած`
հարցմունքներուն
նաեւ
պատասխան
չէր
տար,
եւ
թէ
ինչպէս
Օրիորդն
անգամ
իրմէ
գոհացուցիչ
պատասխան
մը
չէր
կրցած
առնուլ…
Ուստի,
—
աւելցուց
սրբազանը,
—
թէ
այսպիսի
պարագայի
մէջ
Տիկինը
եւ
ինք,
եւ
Օրիորդը
աղաչէր
էին
Բակուրայ
իշխանազունը,
որ
յանձն
առնու
կառավարութիւնը
այսպիսի
ծանր
պարագայի
մէջ,
որպէսզի
քաղաքն
անիշխանութեան
չի
մատնուի:
—
Մենք
իշխանը՛
միայն
մեզի
տէր
կը
ճանաչենք,
ո՞ւր
է,
թող
գայ,
—
ըսաւ
ձայն
մը:
—
Մենք
ձեզի
հաւատարմութիւն
չունինք,
—
աղաղակեց
ուրիշ
մը:
—
Օրիորդը՛
թող
գայ,
այն
խօսի,
—
ըսաւ
մէկ
ուրիշ
ձայն
մ՚ալ:
—
Անոր
միայն
վստահութիւն
ունինք:
—
Օրիորդը՛,
Օրիորդը՛
կ'ուզենք,
—
սկսան
գոչել
խառն
ձայներու
բազմութիւն
մը:
—
Դուք
ալ
մեզի
պէս
անպիտան
էք,
անպիտաննե՜ր,
անզգամնե՛ր:
Եւ
ձայները
կը
բարձրանային,
ու
գաւիթը
կը
թնդար,
մեր
երեք
անձանց
վիճակը
վտանգաւոր
էր.
ետ
դառնալ
եւ
սանդուխներէն
վեր
փախչիլ
անկարելի
էր,
գազանի
մը
կռնակը
դարձնելն
յայտնի
է
թէ
յիմարութիւն
է:
Երեք
անձինք,
որ
ինքզինքնին
ծուղակի
մէջ
ձգեցին`
բոլորովին
շփոթեցան.
եւ
յիրաւի
ամենեն
քաջ
մարզիկն
նաեւ
այդ
արիւնալի
եւ
գազանային
աչքերը
որ
տեսնէին,
կարելի
չէր
սոսկում
զիրենք
չի
պատեր:
Տիկինը
իւր
բոլոր
հնարիմացութիւնը
ժողուելով
նշան
ըրաւ,
որ
կուզեր
խօսիլ.
բայց
հազիւ
թէ
փոքրիկ
լռութիւն
մը
կը
սկսէր`
աղաղակները
դարձեալ
կը
բարձրանային
եւ
անհնար
կը
լինէր
խօսք
լսեցնէի
այս
տագնապին
մէջ
էին,
երբ
յանկարծ
ճերմակ
գիշերազգեստ
հագած,
մազերը
կռնակն
ի
վար
թափած
երեւցաւ
Մարգրիտ,
որ
խառնակ
աղաղակներէն
կարծելով
թէ
միջնաբերդն
ալ
առնուէր
էր,
մէկ
ձեռքը
ճրագ,
միւսով
եղբօրը
փոքրիկ
տղան
գրկած
դէպի
սանդուխը
կը
վազեր,
հարսն
ալ
միւս
տղան
գիրկը
իրեն
կը
հետեւեր,
երբ
զինքը
տեսան
այն
կէս
գազան
զինուորները,
պատկառանաց
լռութիւն
մը
տիրեց
եւ
Տիկինը
սիրտ
առնելով`
«Ե՛կ
աղջիկս,
ե՛կ,
մեր
զինուորները
քեզ
կ'ուզեն,
որ
խօսիս,
եւ
հանդարտին»
կանչեց:
Եւ
երեքն
ալ
մէկեն
դէպ
անոր
կ'ելնէին
սանդուխներէն
ապահովելով
համար:
—
Ապրի՜
Օրիորդը,
կեցցէ՜
Օրիորդը,
—
կը
կանչէին
զինուորները
մէկ
բերան:
Այս
խառնակութեան
եւ
աղաղակներուն
մէջ
մայրը
աղջկանը
իմացուց
քանի
մը
խօսքով,
թէ
ինչե՞ն
էր
այս
գրգռութիւնը,
եւ
թէ
ինք
միայն
կրնայ
այս
մոլեգին
զօրականը
հանդարտեցնել:
Ուստի
Մարգրիտ
առաջ
անցնելով
սանդուխներէն
քանի
մը
ոտք
իջաւ`
միշտ
տղան
գիրկը,
ձեռքով
նշանացի
ըրաւ,
որ
լռեն:
Գեղեցկութիւն,
երիտասարդութիւն
եւ
առաքինութեան
դրոշմ
կը
նկան
ճակտի
վրայ`
այնպիսի
ազդեցութիւն
ունի
մարդկանց,
որ
անոնց
գազանները
նաեւ
անկից
ազատ
չեն,
ուստի
շուտ
մը
լռութիւնը
տիրեց,
եւ
Օրիորդը
այսպէս
խօսեցաւ:
—
Ձեզմէ
շատերը
իմ
տղայութիւնս
գիտեն,
կան
մէջերնեդ
մարդիկ,
որ
ես
իբրեւ
հայր
ճանչցեր
եմ
եւ
որոնց
պաշտպանութիւնը
վայելէր
եմ
զանազան
ուխտագնացութեանց
մէջ.
մէկ
հարկի
տակ
բնակեալ`
ամէնքնիդ
իբրեւ
եղբայր
ճանչիր
էի
մինչեւ
այսօր,
եւ
այնպէս
կը
յուսայի
թէ
մեր
այս
թշուառ
վայրկեաններուն,
մէկ
սիրտ,
մէկ
հոգի
մեր
ցաւերը
պիտի
չաւելցնէք,
եւ
այս
վիճակեն
ելնելու
համար
ինչ
կերպով
որ
կարելի
է
ճարը
մէկտեղ
միաբան
պիտի
հոգանք:
Այս
բարկացայտ
աղաղակները,
որ
զիս
այս
վիճակիս
մէջ
դուրս
ձգեցին
սենեկես,
այս
անմեղ
տղայոց
արցունքը,
որ
զիս
շփոթեցին,
ինձ
այսպէս
կարծել
տուին,
թէ
թշնամին
առէր
է
այս
մեր
վերջի
ապաստանն
ալ,
եւ
մզ
գերութենէ
զատ
ուրիշ
բան
չէ
մնացեր:
Իսկ
հիմա
կը
տեսնեմ,
թէ
մենք
մեր
տանը
մէջ
խռովութիւն
կը
հանենք,
զիրար
կ'ուզենք
հարուածել.
մի՛
կարծիք
թէ
այսպէս
մէջերնես
մէկը
օգուտ
կրնայ
քաղել.
պէտք
է
ամէնքս
լաւ
ըմբռնենք,
թէ
մեր
մէջեն
նա,
որ
հիմա
վազէ
այս
դուռը
բանալու
եւ
ներս
հրաւիրէ
թշնամին,
է՛ն
արհամարհը
ինքն
է
նորա
աչքին.
մատնութեան
պէս
անարգ
ի՜նչ
կայ
աշխարհիս
վրայ,
ո՛վ
մէջերնես
Յուդայի
անունը
եւ
բաժինը
կուզէ
ժառանգել:
Ո՛չ
ոք:
Այս
աղաղակները,
այս
կիրքը
նաեւ
մեզի
ի՜նչ
գէշ
հետեւանքներ
պիտի
բերեն:
Հանդարտինք,
եղբարք
իմ,
ձեր
մէջեն
կը
տեսնեմ
ես
քանի
մը
խոհեմ
ծերեր,
անոնց
խորհուրդ
հարցուցէք,
անոնք
իբրեւ
հայր
յարգեցէք,
անոնց
խօսքը
մտիկ
ըրէք,
բանի
մը
թէ
կը
փափագիք`
անոնցմով
մեզի
իմացուցէք.
իշխանը`
իմ
հայրս,
գիտէք,
որ
քիչ
մը
հիւանդ
է,
այսպիսի
աղաղակներով
իր
վիճակը
կը
ծանրանայ,
եւ
դուք
տիրասպան
լինելու
նախատինքն
ու
աղտը
ձեր
անուան
վրայ
կը
դրոշմէք,
զգուշացէ՛ք:
Այս
խօսքերը
լուրջ
եւ
տխուր
դառնութեամբ
մը
զրուցուած,
բեմի
վրայէ
տրուած
քարոզէ
մը
աւելի
ազդեցութիւն
ըրին
այս
աւազակաց
վրայ,
եւ
այս
մաքուր
շրթունքներէն
ելած
խօսքերը
իբրեւ
թէ
զանոնք
մկրտեցին,
հազիւ
թէ
մէկ-երկու
խենթուկներ
«Կեցցէ՜
Օրիորդը»
պոոյսցին,
«լռութիւն»
բառը
ամէն
բերնէ
զանոնք
պապանծեցուց,
եւ
մեր
իշխանական
ընտանիքը
խաղաղութեամբ
ելաւ
իր
սենեակները:
Մարգրիտ
տղեկը
յանձնեց
հարսին,
եւ
ինք
առանց
ուշադրութիւն
ընելու
մօրը,
եղբօրը
եւ
սրբազանին
գովասանական
անհամ
խօսքերուն,
որ
վտանգէ
ազատելնուն
ի՛նչ
զրուցածնին
չէին
գիտէր,
լի
դառն
գուշակութեամբ
հօրը
հովանոցը
ուղղուեցաւ,
հազիւ
թէ
դռանը
մօտեցաւ,
իր
ծեր
եւ
մունջ
Մարտիրոսը
տեսաւ,
որ
անսովոր
համարձակութեամբ
«Օրիո՛րդ,
մի՛
մտնէր.
հոս
ի՞նչ
բան
ունիս»
ըսելով
կուզեր
զինք
արգելուլ:
Այս
արգելքը
զինք
իր
համոզման
մէջ
հաստատելով`
արգելքը
վանեց
եւ
տախտին
մօտեցաւ,
ուր
սովորաբար
իր
հայրը
կը
հանգչէր,
եւ
տեսաւ
գնա
տարածեալ`
սուր
մը
սրտին
մէջ
գամուած,
արիւնը,
որ
առուակի
պէս
կը
վազեր,
հասկցաւ,
որ
ամէն
բան
լմնցեր
էր.
չոքեցաւ
հոն,
բազմոցին
եզերքը,
նայեցաւ
այն
աստեղազարդ
երկնքին,
իր
մտքին
աչքերը
դեռ
անդին
աւելի
բարձր
ողորմութեան
աստուածը
տեսան,
որուն
գթութիւնը
անսահման
է
եւ
անչափ,
անոր
աղօթեց,
իր
թշուառ
հօրը
ձեռքերուն
վրայ
գրաւ
իր
շրթունքները,
իւր
մաքուր
եւ
որդիական
արցունքները,
որ
արիւնը
կը
լուային,
ինք
կը
հաւատար
թէ
ոճիրները
նաեւ
կը
լուային
երկինքը.
եւ
երբ
աղօթքը
վմնցուց
եւ
հաւանոցին
դռնեն
դուրս
ելաւ,
տեսաւ
զինուորաց
ութ-տասը
հատ
ծերերը
շարուած,
որ
իրեն
կը
սպասէին,
ամենայն
յարգանօք
իրեն
ըսին.
—
Ո՜վ
ազնիւ
Օրիորդ,
աստուած
քեզ
մխիթարութիւն
տա,
ինք
տէրն
ողորմի
մեր
իշխանին
հոգուոյն,
մեր
բոլոր
զինուորակիցքը
իրենց
ցաւակցութիւնը
քեզ
կը
յայտնեն
զմեզ
պատգամաւոր
յուղարկելով
եւ
կը
խնդրեն,
որ
իրենց
աղաչանաց
մտիկ
ընես
եւ
յանձն
տոնուս
յաջորդ
լինիլ
հօրդ,
քո
իմաստութեամբ
եւ
առաքինութեամբ
տնօրինես:
Իրենք
յայտնի
կ'իմացնեն,
թէ
ոչ
տիկինը,
ոչ
սրբազանը
եւ
ոչ
քու
եղբայրդ
Բակուրայ
իշխանը,
կրնան
ճանչել
յաջորդ
իշխանին.
իսկ
եթէ
դու
յանձն
չես
առնուր,
այն
ատեն
իրենք
գիտեն
իրենց
ընելիքը
եւ
անոր
համար
ալ
առաջուց
թողութիւն
կ'ուզեն:
—
Ասանկ
վայրկենի
մը
մէջ
գոնէ
մինչեւ
վաղն
առաւօտ
ինձի
ժամանակ
պէտք
է
տաք
խորհրդածելու.
ձեր
այս
առաջարկութիւնը
գիտէ՞ք
որչափ
ծանր
է,
ամէն
կարգ
ու
կանոն
տակնուվրայ
կընէ,
եւ
աշխարհք
ի՞նչ
կը
զրուցէ,
երբ
ես
իմ
մէկ
հատիկ
եղբայրս
ղրկեմ
ժառանգութենէ`
հօրս
դիակը
դեռ
հող
չի
մտած:
Խնդրեմ,
այսպիսի
բռնաւորական
գործ
մի՛
ընէք,
եւ
նայինք
թէ
ոչ
վերը,
ոչ
վարը
բաժանմունք
չլինի
մէջերնիս.
ձեզ
իբրեւ
հօր,
անոնց
իբրեւ
եղբօր
կ'աղաչեմ
իմ
այս
խօսքերուս
վրայ
մտածել:
Առանց
պատասխանելու
ծերերը
ելան
գնացին,
եւ
Օրիորդը
հազիւ
թէ
իր
սենեակը
մտաւ,
զարմացաւ
տեսնելով
հոն
մայրը,
եղբայրը
եւ
անբաժանելի
սրբազանը,
որոնք
սոսկումով
պատած
սկսան
աղաչել
իրեն,
որ
յանձն
առնու
ամէն
առաջարկութիւն,
ամէն
իշխանութիւն,
միայն
թէ
զիրենք
եւ
իրենց
կեանքը
ազատէ
այս
կատաղի
աւազակաց
գնդին
ձեռքեն,
որ
իրմէ
զատ
բան
մը
չէին
ակնածէր,
եւ
որ
վարը
արդէն
զուասիլ
յօշ-հոշ
պատառելով
սպաննած
էին,
իբրեւ
լրտես
եւ
բանսարկու:
Իսկ
երբ
Օրիորդը
իրենց
պատմեց,
թէ
ինք
ինչպէս
պայման
դրած
էր
մինչեւ
առաւօտ
սպասելու,
սկսան
երեքը
միաբերան
լալ,
ողբալ
եւ
կոծուիլ,
մանաւանդ
սրբազանը,
թէ
շատ
գէշ
բան
եղած
էր,
թէ
շատ
կարելի
էր,
որ
«Այդ
անզգամ
չարագործները,
որ
ոչ
աստուծմէ
կը
վախէին
եւ
ոչ
մարդկանէ
կ'ամաչէին`
դառնային
գային
եւ
անկարծելի
ոճրագործութեանց
ձեռք
զարնէին»:
Սենեկին
դուռը
բաց
էր,
երբ
այս
խօսքերը
զրուցուեցան`
Աւագին
գլուխը
ներս
երկնցաւ
նոյն
վայրկենին,
եւ
իր
երկու
բոցի
պէս
աչքերը
իւր
սեւացեալ
երեսին
վրայ
փայլեցան
նստողներուն
աչքին.
դաժան
երեսով
եւ
սպառնալից
ձայնով
այս
խօսքերն
արտասանեց.
—
Օրիո՛րդ,
մեր
գունդին
կամքն
այս
է,
որ
կամ
հիմա
յանձն
առնուս
ամէն
իշխանութիւն,
կամ
թէ
ոչ,
որոշ
յայտնես,
եւ
մենք
գիտենք
ընելիքնիս:
—
Թէ
որ
միաբան
այդ
որոշմունքը
ունիք
մէջերնիդ,
թէ
որ
միաբան
իմ
ամէն
հրամանացս
պիտի
հնազանդիք,
ինչպէս
հօրս
միշտ
կը
հնազանգէիք`
լաւ՛,
կընդունիմ.
բայց
թէ
որ
իմ
անունիս
քօղին
տակ
ամէն
անկարգութիւն
պիտի
տիրէ,
ես
գիտեմ
հօրս
ետեւեն
երթալու
ճամփան:
—
Մի՛
վախեր,
մենք
ամէնքս
կեցէր
ենք,
քու
խօսքերդ
Աստուածամօր
խօսքի
պէս
պիտի
ընդունուին.
հոգ
մ՚ընէր,
Օրիո՛րդ:
—
Մենք
կեցէր
ենք
հոս
ամէնքս,
—
ըսին
տասը
ձայնը,
որ
դուրսը
կեցած
էին
եւ
որոց
ոմանց
գլուխները
կ'երեւար`
ոչինչ
պակաս
ահարկու,
քան
զաւագինը:
—
Հրամայէ
ուրեմն,
իշխանուհիդ,
—
ըսաւ
Աւագ,
—
որ
երեւաս
մեր
զօրականին:
—
Վայրկեան
մը
ինձի
ժամանակ
տուէք,
—
ըսաւ
խեղճ
աղջիկը
արցունքը
սրբելով,
եւ
վրան
սեւ
հագուստ
մը
ձգեց,
ու
ետքը
միայն
իր
Մարտիրոսը
առած
իջաւ
վարի
գաւիթը,
ուր
բոլոր
զինուորները
ժողովուած
իրեն
կը
սպասէին:
Հոն,
Աւագ
Օրիորդին
կողմանէ
եղած
պատասխանը
հաղորդեց,
այն
ատեն
գաւիթը
թնգաց,
վասնզի
«Կեցցէ՜
մեր
իշխանուհին»
բառերը
երեք
հարիւր
բերան
որոտացին:
Օրիորդն
ալ
քանի
մը
բառով
յորդորեց
զիրենք,
որ
երթան
հանգչին
եւ
իրեն
ալ
ժամանակ
տան,
որ
կարէնայ
հանդարտիլ
եւ
գիտենա
թէ
ինչ
պիտի
ընէ:
Զինուորները
իրենց
խշտիները
քաշուեցան:
Օրիորդը
ծանրածանր
եւ
մտախոհ
կ'երթար
իր
սենեակը
պարադաներուն
դառնութեանը
վրայ
խորհրդածելով
եւ
առաջադրելով,
որ
այս
վիճակեն
ազատած
օրը
իր
փափագած
կուսանաց
վանքը
քաշուի
անդանդաղ:
Միւս
կը
սղմեն
կը
կշռէր
վիճակը,
կը
տեսնէր
թէ
անկարելի
էր
դէմ
դնել
այսպիսի
անկարգ
աւազակներով
Թորոսի
պէս
թշնամուոյ
մը
առջեւ,
ուստի
կը
մտածէր
թէ
ի՞նչ
դաշինքներով
կարելի
էր
պատուով
ազատել
ընտանիքը,
եւ
այս
խորհրդածութեամբ
յուզեալ
հազիւ
թէ
առաւօտեան
դէմ
մրափ
մը
առաւ
իր
անկողնին
վրայ
նստած
եւ
արշալոյսին
հետ
արթնցաւ:
Առաւօտուն
Սմբատայ
մարմինը
դիապատեցաւ,
սենեկի
մը
մէջ
դրուեցաւ
Օրիորդին
հրամանաւ:
Ընտանիքը
ժողովքի
կանչեց
եւ
անոնց
միտքը
հարցուց,
բայց
անոնք
տեսաւ
թէ
ահաբեկեալ`
ազատիլ
միայն
այն
վիճակեն
կը
փափագէին
եւ
ամէն
բան
իրեն
կը
թողնէին:
Ուստի
առանց
ժամանակ
կորսնցնելու
ձի
մը
պատրաստել`
քանի
մը
ծեր
զօրագլուխներուն
իրեն
հետեւիլ
եւ
միջնաբերդին
դուռը
բանալ
հրամայելով`
ուզեց
որ
իմացնեն
Թորոսի
թէ
պատգամաւոր
պիտի
գար
խաղաղութիւն
խօսելու:
Բոլորովին
սեւեր
հագած,
սեւ
ձիու
մը
վրայ
հեծած,
տխուր
եւ
դիմացը
նայելով`
մազերնին
ճերմկցած,
արեւեն
սեւցած
զինուորներէ
շրջապատեալ
կ'երթար
իշխանուհին,
եւ
բոլոր
քաղաքը,
որ
արդէն
զինքը
կը
ճանչէին
եւ
կը
յարդէին,
գիտենալով
թէ
հօրը
սգաւորն
էր,
աւելի
ակնածութիւն
կը
ցուցնէին.
կանայք
դաները
եւ
տանիքները
կը
լցուէին
տեսնելու
համար
զինքը`
«Աստուած
զքեզ
մխիթարէ,
աստուած
զքեզ
օրհնէ,
աստուած
քեզի
երկայն
օրեր
տա»
ձայները
ետեւեն
կը
հասնէին:
Ոչ
միայն
զարմանալի
էր
Սմբատայ
մահուան
լուրին
տարածուիլը
բոլոր
քաղքին
մէջ,
այլ
նաեւ
ժողովրդեան
կրից
ներողամիտ
լռութիւնը,
որ
թէպէտ
լի
էր
ատելութեամբ
նորա
յիշատակին
դէմ`
այլ
թշուառ
եւ
առաքինի
աղջկան
մը
ականջին
ծանր
եւ
նախատանաց
բառ
մը
չի
լսեցուց:
Երբ
քաղքին
դռնեն
ելաւ
Օրիորդը
եւ
բանակին
մօտեցաւ,
տեսաւ
խումբ
մը
հետեւակ
մարդիկ,
որ
իրեն
կ'ուգային,
առաջնորդները
իմացուցին
թէ
իշխանը
անձամբ
կ'ուգար
զինքը
դիմաւորելու.
մէկեն
Մարգրիտ
իջաւ
ձիեն:
Թորոս
մօտենալով
եւ
ողջունելով,
կրկին-կրկին
հրաւիրեց
դարձեալ
ձի
հեծնել
մինչեւ
վրանները.
իսկ
Օրիորդը
հրաժարելով
հետի
կը
քայլեր
իրեն
հետ
լռութեամբ,
մինչեւ
որ
հասան
իշխանական
վրանը,
ուր
Եւփիմէ
եւս
պատուով
ընդունեցաւ
զպատգամաբերը:
Մարգրիտ
այն
ընտրեալ
եւ
արտաքոյ
կարգի
բնաւորութիւններէն
էր,
որոնց
լռութիւնը,
նայուածքը,
շարժմունքը
նաեւ`
կը
խօսի
եւ
կարտայայտէ
հոգուոյն
կատարելութիւնքը,
եւ
նոյն
բնութեան
վիճակեալ
անձինք
իրար
շուտ
կը
հասկնան:
Այնպէս
ալ
հոս
հիմա
Հանդիպեցաւ.
Թորոս
ու
Եւփիմէ
վայրկենին
ճաւնչեցին
Օրիորդին
բարձր
բնութիւնը,
ինչպէս
նա
ալ
զանոնք
ճանչեց
եւ
դատեց:
Քանի
մը
վայրկեան
լուռ
կ'ենալեն
վերջ,
Թորոս
յարկ
համարեցաւ
խօսքը
բանալու.
—
Ազնիւ
իշխանուհի,
ձեր
այսպիսի
պատգամաւորութիւնը
պատիւ
կը
համարիմ
եւ
կը
փափագիմ,
որ
այնպիսի
առաջարկութիւններ
ընէք,
որ
առանց
արեան
կաթիլ
մը
թափելու
կարէնանք
խաղաղութիւնը
կնքել
եւ.
այս
կռիւը,
որ
եղբայրասպան
կրնայ
համարուիլ`
վերջացնենք:
—
Ո՜վ
մեծ
իշխան,
—
պատասխանեց
Մարգրիտ,
—
ես
պայման
չեմ
բերածդ
հոն`
ներսը,
ընտանիք
մը
կան,
որ
իրենց
սուգին
մէջ`
դաշնադրաց
պայմաններու
վրայ
մտածելու
վիճակի
մէջ
չեն.
ձեր
իմաստութիւնը
կրնայ
նրեւակայել`
ես
չեմ
երկայնաբաներ.
ձեր
վեյանձնութիւնը
ինչ
որ
կամի`
պատրաստ
եմ
ստորագրել,
միայն
թէ
ձեր
սրտեն,
եւ
ոչ
մեր
վարմունքեն`
կը
խնդրեմ,
որ
թելադրէք:
—
Ես
ներսի
միջնաբերդին
ընտանեաց
վիճակեն
եւ
սրտիս
վեյանձնական
թելադրութենեն
աւելի
առաքինութեան
տիպար
մ՚ունիմ
առջեւս,
ուրեմն,
նա
հիմա
թող
հրամայէ
եւ
երաշխաւորէ,
որ
ասկից
վերջը
մարդասիրութեան
օրէնքներ
միայն
պիտի
կառավարեն
Անարզաբան,
ես
իմ
ժառանգական
բոլոր
իրաւունքներես
կը
հրաժարիմ
եւ
բանակիս
կը
հրամայեմ
հիմա,
այս
վայրկեանիս
ասկից
հեռանալ:
—
Այսչափ
վեյանձնութեան
եւ
այսչափ
մարդասէր
առաջարկութեան
պէտք
էր,
որ
ես
ուրախութեամբ
յանձնառութիւն
ցուցնէի,
եւ
դժբախտաբար
պիտի
չի
կարէնամ.
ո՜վ
եմ
ես,
որու
երաշխաւորութիւնը
այնչափ
արժէք
ունենա.
թշուառ
աղջիկ
մը
պատրաստ
է
սիրով
եւ
սրտանց
աշխարհես
հրաժարելու
եւ
այս
պաշտօնը
միայն
քանի
մը
անմեղ
անձանց
ապագային
համար
յանձն
առած
է:
—
Բայց
ես
իմացայ
թէ
բոլոր
զօրականաց
եւ
ընտանեաց
միաբան
ընկերութեամբ
ձեզի
կատարեալ
յաջորդական
իշխանութիւն
տրուէր
է,
եւ
դուք
ընդունէր
էք:
—
Այո՛,
ընդունէր
եմ,
որպէսզի
ինչչափ
որ
կարելի
է,
մարդկային
արեան
հեղեղներ
կարէնամ
արգիլել
եւ
անկարգութիւններ
սանձահարէի
միմիայն
ասոնց
համար:
—
Լաւ՛,
իշխանազուն
Օրիորդ,
ես
իմ
պայմաններս
զրուցեցի,
ձեզի
կը
մնա
ձերիններն
ինձ
հաղորդել:
—
Իմիններս
չափաւոր
են
եւ
գոհացուցիչ
մեր
վիճակին
եւ
մեր
անցեալին
համար:
Ա.
փոխարէն
Անարզաբայ`
մեր
հայրենի
Պապեռոնի
դղեակը
շնորհուի,
ուր
եղբայրս
իր
ընտանեօք
եւ
մայրս
բնակին
ու
ապրին`
իրենց
ամէն
ստացուածքը
հոն
փոխադրելու
իրաւունք
ունենալով:
Բ.
մինչեւ
ցայսօր
հօրս
ծառայող
զինուորները
իւրաքանչիւրն
իրենց
աստիճանաւ
ընդունուին
ձեր
բանակին
մէջ
ծառայելու
պայմանաւ:
—
Միայն
բան
մը
մոռցաք.
ձեր
անձին
համար
բան
մը,
չորոշեցիք:
Շատոնց
որոշած
էր
վիճակս`
թէ
որ
թշուառ
հօրս
կամքը
արգելք
չլինէր.
ուրեմն,
հիմա
աստուած
ի՜նչ
տնօրինած
է,
թող
կատարուի:
Այս
խօսակցութեան
երկու
հոգի
միայն
ներկա
էին.
Եւփիմէ
եւ
Ստեփանէ:
Ամէնն
ալ
այս
ազնուական
աղջկան
պարզ
համարձակութեան
վրայ
կը
զարմանային,
վասնզի
իւր
որոշմունքը
յայտնի
կ'երեւար,
եւ
այդ
չաշխարհիկ
ծաղկին
թառամիլը
տխրութեամբ
կը
լեցնէր
զիրենք:
—
Ճշտենք
ամէն
պայմանները,
—
ըսաւ
Թորոս:
—
Ա.
Անարզաբայ
միջնաբերդը
ինձի
պիտի
յանձնուի:
Բ.
Ես
ձերայնոց`
հոս
մօտիկ`
Պապեռոնի
ամուր
բերդը
պիտի
տամ,
որու
հիմա
բանալիները
ինձի
րերուեցան:
Գ.
Ձերայի՜նք
իրաւունք
ունին
ամէն
ինչք
եւ
ստացուածք
առնուլ
եւ
ելնել:
Դ.
Ո՛վ
որ
ձեր
հայրենի
զինուորաց
յանձն
առնու
իմ
ծառայութեանս
մտնել
իւրաքանչիւրն
իւր
աստիճանաւ
ընդունելի
լինի:
—
Ե…—
ըսաւ
եւ
կեցաւ
Թորոս,
առանց
շարունակելու:
Օրիորդը
ուշադրութեամբ
սպասեց
եւ
երբ
տեսաւ,
որ
չէր
խոսէր`
ըսաւ.
—
Խիստ
դաշինք
մը
կ'երեւայ
թէ
ձեր
վեյանձնութիւնը
կարգիլէ:
—
Դուք
դատեցէք,
Է.
Անարզաբայ
քաղքին
կառավարութիւնը
եւ
եկամուտը
Մարգրիտ
իշխանուհուոյն
կը
վերաբերի
յաջորդաբար:
Այս
խօսքերը
լսելուն,
կարմրութիւն
մը
պատեց
Օրիորդին
երեսը
եւ
պատասխանեց.
—
Ո՛վ
մեծ
իշխան,
ձեր
հինգերորդ
դաշինքը
ձեր
սրտին
վեյանձնութեան
արդիւնքն
է,
ես
իբրեւ
կատակ
մը
կը
լսեմ.
արդէն
նա,
որ
աշխարհք
կը
ձգէ
առանձնութեան
եւ
աստուծոյ
համար,
ոչ
ժառանգութեան
պէտք
ունի
եւ
ոչ
յաջորդութեան:
Դարձեալ
ձեր
մեծութիւնը
պէտք
է
գիտնա
թէ
ես
շատ
ուշացայ
հոս
եւ
սիրտս
հանգիստ
չէ,
վասնզի
հոս
ինչ
որ
կը
խոստանամ
չգիտեմ
թէ
ազատ
պիտի
լինի՞մ
հոն
բերդի
մէջ
գործադրելու:
—
Առջի
ըսածներուդ
վրայ
իբրեւ
հին
եւ
բազմամեայ
բարեկամ
մը
կը
խնդրեմ
եւ
կը
պահանջեմ,
որ
արտորնօք
որոշմունք
մը
չընէք.
ես
թէ
որ
անհոգանամ`
ապահով
եմ,
որ
հոս
ուրիշ
մը
կայ,
որուն
ձեռքեն
չէք
կրնար
ազատիլ,
—
ըսաւ
Թորոս
Եւփիմէի
նայելով,
որ
գլխով
ըրածը
կը
հաստատէր.
—
իսկ
վերջի
ըսածնիդ
կը
խնդրեմ
մեկնել,
վասնզի
չեմ
կրնար
հասկնալ:
Այն
ատեն
Մարգրիտ
վրանին
դռանը
աչք
մը
ձգեց.
Թորոս
զինքը
ապահովցուց
թէ
մէկը
չի
կար
իրենց
խօսքը
մտիկ
ընելու
համար.
ուստի
Օրիորդը
բերդձապահ
զօրականին
նկարագիրը
ըրաւ
համառօտիւ
եւ
պատմեց
թէ
ինչպէ՞ս
իր
ներկայութիւնը
միայն
բոլոր
գիշեր
կրցեր
էր
զիրենք
հանդարտեցնել:
Թէպէտ
այս
պատմութիւնը`
իր
գովասանութեան
մասին
շատ
համառօտ
էր,
բայց
իրերը
եւ
վիճակը
այնչափ
յայտնի
էին,
որ
ամէնքը
զարմանքով
լեցուեցան
եւ
Թորոս,
որ
բաւական
սրամիտ
էր
մասեն
ամբողջը
գտնելու
համար,
ոտքի
վրայ
ելաւ
եւ
ձեռքը
տալով
Օրիորդին`
—
Ի՛նչ
պարագայի
եւ
ի՛նչ
վիճակի
մէջ
որ
գտնուիք
հիմա,
վաղը
եւ
ապագային,
կը
խնդրեմ
եւ
պարտաւորութիւն
կը
ձգեմ
ձեզ
ինձի
դիմել,
եւ
ես
ձեռքես
եկածը
թէ
որ
չընեմ,
յանցաւոր
եմ
առաջի
աստուծոյ:
Ահա
եղբայրս`
Ստեփանէ,
եւ
կինս`
Եւփիմէ
վկայ
լինին
իմ
երդմանս:
Արդէն
ես
հիմա
քաղաքապահ
զօրաց
հրաման
կ'ուղարկեմ,
որ
ձեր
ամէն
ակնարկութեանց
հնազանդին
իբրեւ
ինձի:
—
Թէ
որ
հրաման
ընէք,
—
ըսաւ
եղբօրը
Ստեփանէ,
որ
մինչեւ
այն
վայրկեանը
բերանը
չէր
բացէր
այլ
խորին
ուշադրութեամբ
մտիկ
կ'ընէր
եղբօրը
եւ
Օրիորդին
խօսակցութիւնը,
—
ես
ալ
կը
նկերանամ
իշխանուհուոյն
եւ
ինչ
որ
յարկ
տեսնէ,
կը
գործադրեմ:
—
Շատ
լաւ
կը
վինի,
եղբայր
իմ,
միայն
թէ
ինք
ինչ
որ
հրամայէ`
այն
մինակ
ի
գործ
դիր:
—
Այո՛,
այդպէս:
Եւ
ահա
պատգամաւոր
խումբը
ճամփայ
ելաւ,
եւ
Թորոս
մէկ-երկու
անգամ
յանձնարարելով
Ստեփանէի
զգոյշ
լինիլ,
եւ
ընկերանալով
նոցայ
մինչեւ
բանակին
մուտքը`
ետ
դարձաւ:
—
Ի՞նչ
կը
մտածես
Եւփիմէ,
—
ըսաւ
Թորոս,
—
Սմբատի
պէս
գազանի
մը
այս
հրեշտակ
զաւկին,
թէ
որ
բոլոր
Անարզաբայ
բնակիչը
եւ
գործքերը
չի
վկայէին
թէ
իմաստութիւն
եւ
առաքինութիւն
անձնաւորեալ
է
ի
նմա`
չէի
հավտար:
—
Շատ
լաւ
եղաւ,
որ
Ստեփանէ
ներկա
էր
այս
խօսակցութեան,
—
ըսաւ
Եւփիմէ,
ուրախ
ժպիտով
մը,
—
թէ
որ
մեր
երկուքին
վրայ
այնչափ
ազդեցութիւն
ըրաւ
Օրիորդին
հոգուոյն
եւ
դէմքին
գեղեցկութիւնը,
ի՞նչ
կը
յուսաս
Ստեփանէի
վրայ:
—
Թէ
որ
Ստեփանէ
ուզէ,
եւ
Մարգրիտ
յանձն
առնու,
ասկից
յարմար
եւ
օգտակար
բան
մը
չեմ
կրնար
երեւակայել
ու
փափագիլ.
Ստեփանէ
այն
ատեն
ապահով
մերն
է:
—
Ինչ
ըսել
կ'ուզես,
չեմ
հասկնար:
—
Այն
կ'ուզեմ
ըսել,
որ
իմ
այս
երկու
եղբայրներս,
որոնց
քաշութեան
եւ
կորովին
համար
կասկած
ունենալ
կարելի
չէ,
դժբախտաբար
մեզի
հետ
գերի
չէին
եկած
Պոլիս,
այլ
աստանդական,
բարբարոսաց
մէջ,
զուրկ
ամէն
բարոյականէ,
ամէն
կրօնական
սկզբունքէ,
ամէն
ուսմունքէ,
ամէն
բարի
օրինակէ,
իրենց
փափուկ
տարիները
անցուցեր
են
սուր
եւ
նիզակ
շարժէլով`
հաջ
ու
ձախ
շահատակելով
եւ
ամէն
անգթութեանց,
ոճիրներու
մասնակցելով:
Մլեհի
համար
ես
յոյս
չունիմ,
վստահութիւն
չունիմ,
ինք
կորսուած
երիտասարդ
մ՚է:
Ստեփանէի
համար
կը
մտածէի,
հիմա
թէ
որ
այս
դիտողութիւնդ
ստուգուի,
այսպիսի
կին
մը
ինչ
որ
իրեն
կը
պակսի`
կը
լեցնէ,
եւ
ես
այս
ծանր
գործիս
մէջ,
որուն
դեռ
սկիզբն
ենք,
աջ
բազուկս
գտած
կը
լինիմ
եւ
դժուարութեան
մը
տեղ,
օգնութիւն
մը
կ'ունենամ:
—
Դու
անհոգ
եղիր,
այս
գործը
ի՛մս
է,
եւ
ես
կը
խոստանամ
ի
գլուխ
հանել:
—
Ինչ
դիւրութիւն
որ
ուզես,
իմ
կը
սղմես
ամէնն
ալ
քեզի
կ'ուտամ.
Անարզաբան
արդէն
ես
Օրիորդին
ժառանգութիւն
համադրեցի,
դու
կ'ուզես
օժիտ
համարէ,
կ'ուզես
սեփականութիւն.
Ստեփանէ
իրմով
գերագոյն
կին
մը
եւ
դաստիարակ
մը
կ'ունենայ,
եւ
իր
զաւկներուն
ալ
սքանչելի
մայր
մը:
—
Ուրեմն
անոնց
ետեւեն
ես
ալ
քաղաք
կ'երթամ:
Եւփիմէ
ելաւ
Բաբկէնին
հետ
հանարզաբայ
երթալու,
երբ
Թորոս
իր
անբաւ
զբաղմանց
հետ
սկսաւ
պարապիլ: