Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իսկ Թորոս այս միջոցիս կը սուրար, կ'երթար տասներկու հեծելոք միայն, ինչպէս իւր սովորութիւնն էր, հասնելու իր բանակին ձախ թեւին, որ արդէն մինչեւ Փայ եաս տիրած էր, եւ հասած ի դռունս ասորուոց, եւ հոն իրենց կը սպասէր: Ոչ թէ ինք անցնելու միտք ունէր այն դռունքը, ո՛չ, վասնզի միտքը չէր դրած Անտիոքայ սահմանները կոխել, այլ միայն այնպէս կարծեցնել տալ Ռընալտայ. վասնզի իւր քաղաքագիտութիւնը շատ հեռի էր այն յանձն ապաստանութենեն, որ բոլոր դրացիները իրեն դէմ կրնար հանել. իւր միտը ցոյց մ՚ընել եւ մօտեն ճանաչել էր մարդ մը, որու հանդզնութեան եւ շահասիրութեան համբաւը իրեն ծանօթ էր, եւ որ Յունական կայսրութենեն կուզեր խոտորցնել:

Դեռ քիչ մը հանգիստ չառած` պատգամաւոր ղրկեց այս Անտիոքայ բրնձին, տեսութեան փափագ իրեն յայտնելով, ապահով էր, որ յաղթող իշխանի մը այսպէս առաջարկը սիրվ պիտի ընդունուէր, ինչպէս եղաւ. երկու օրէն վերջը սուրհանդակը կը դառնար, եւ երկու իշխանք, ամենայն զգուշութեան պայմաններն պահելով, հարիւրական ձիաւոր զինուոր հետերնին առած, կիրճերուն վերեւը բլուր մը կը հասնէին, ուր վրան մը պատրաստուած էր:

Հոն երկուքն ալ ձիերնեն իջան` մտան պատրաստ եալ վրանը մեյմէկ թարգման առած, թէպէտ երկուքն ալ բաւական յունարէն գիտէին իրարու միտք հասկնալու համար:

Սովորական քանի մը խօսքերէ վերջը, ուր Ռընալտ Թորոսի շնորհաւորութիւններ կ'ընէր իր յաղթութեանց վրայ, եւ թէ ինչպէս ախորժելի էր իրեն նման դրացի ունենալ, քան զհունաց կայսրութիւնը, որուն ոչ միայն մեծութիւնքը, այլ խաբեբայ դրութիւնը սկզբունքը նաեւ բարեկամութեան ապահովութիւն չէին տար. Թորոս կարճեց խօսքը, ըսելով թէ` «Երկուքս ալ կը տեսնեմ թէ գործի մարդ ենք եւ մեր նպատակին կը դիմենք, այսինքն` մեծնալ եւ ընդարձակիլ. ուրեմն բարեկամութեան եւ լաւ դրացիութեան վրայ ձայն չի բարձրացնենք, ոչ ես եւ ոչ դու այդ տեսակ խօսքերու չենք հավտար (եւ Ռընալտ սկսաւ ծիծաղիլ), ուրեմն մեր օգտին խորհուրդ հարցնենք, նայինք թէ ի՞նչ պէտք, է ընել շահաւոր լինելու համար: Զիրա՞ր ջարդել, ինչ վաստակ կայ մեզի, դու թէ որ իմ լեռներս կոխես, աւարես, քանի մը բերդ յափշտակես` ի՞նչ զարմանալի կարողութիւն պիտի քաղես. ես քու հողերուդ վրայ գամ, թէ որ յաջողիմ, ի՞նչ աւար կը տանիմ: Անոր համար փնտրենք տեղ մը, ուր քիչ աշխատութեամբ մեծ օգուտ կրնայ քաղուիլ»:

Հոս Թորոս դադրեցաւ խօսելէ, Ռընալտի աչքերը սկսան փայլիլ բոլոր իւր մթերեալ շահասիրութենեն գրգպալ եւ անհամբեր`

Այդ տեղը, այդ տեղը անուանէ՛, կը զրուցէր:

Այդ տեղը, ըսաւ Թորոս անհոգ ձեւով մը, այդ տեղը… դու ամէն միջոց ունիս այդ տեղն ելնելու` եւ ես չունիմ… բոլոր օգուտը քեզի պիտի լինի:

Ընկերաբար ամէն բան կ'ընենք, կը կարգադրենք:

Լաւ՛, թէ որ այդպէս յանձն առնելս, ահա՜ տեղը, ըսաւ Թորոս մատնանիշ էովուն անհունութիւնն ցուցնելով:

Ո՜ւր, ծովուն վրայ, ի՜նչ…

Կիպրոս. ահագին, հարուստ, անպատսպար, անդուռն կղզի մը, բաց ամենայն յարձակմանց: Թէ որ ես նաւ ունենայի, ժամանակ ունենայի…

Ես նաւ կը գտնեմ, հոգ մ՚ընէր:

Ես շատ-շա՛՛տ` խումբ մը զօրք նիզակակից կրնամ տալ քեզ, թէ որ կը հաճիս:

Ամենայն հաճութեամբ, մանաւանդ որ աւարը գտնողն իրաւունք ունի մասնակցելու:

Երբ որ պատրաստ լինին նաւերը` իմ գունդս ալ պատրաստ է իր զօրավարին հետ:

Երբ Թորոս տեսաւ իր մարդուն յափշտակութիւնը այս դիւրին եւ հարուստ աւարին վրայ եւ իմացաւ թէ հարուածը տեղը գտաւ, վասնզի մարդը չէր կրնար հանդարայ տեղը նստել, ալ ոտք ելաւ եւ պատշաճ հրաժարական ողջոյնն տալու ժամանակ, մէկ կողմն առնելով զինքը.

Բայց, ըսաւ, պէտք չէ մոռնալ, որ զինուորը նաւ մրացնելու ժամանակ նաեւ պիտի չգիտհնայ թէ ո՛ւր կ'երթայ. եւ դու հիւր մ՚ունիս, թերեւս բարեկամ մը, որ քու տունդ է եւ ամէն ըրածներդ կրնայ իմանալ. պէտք է արթուն կենաս իրմէ, որովհետեւ շատ խորամանկ եւ վտանգաւոր մարդ է:

Կ'իմանա՛մ, Անդրոնիկոսի համար կ'ըսես, թէ որ կ'ուզես` կապած քեզի ղրկեմ վաղը, իբր նշան դաշնակցութեան:

Ոչ, անոր պէտք չունիմ, բաւական է թէ հեռացնես զինքը. վտանգաւոր հիւր մ՚է, ոչ միայն դրացեաց, այլեւ ասպնջականին համար:

Հոգ մ՚ընէր, դիւրին գործ մ՚է այդ ինձի համար, ութ օր չեղած իմ նաւերս պատրաստ են արշաւանքի համար:

Եւ ահա մեր իշխանքն բաժանուեցան: Թորոս կ'երթար Տարսոն իր երկիրը բարեկարգելու, իսկ Ռընալտ` իր զօրքերը պատրաստելու, որ շատ դժուարին չէր այնպիսի մարդկանց համար, որ ուրիշ զբաղմունք մը չունէին պատերազմէ զատ. եւ իրօք այս գործիս մէջ ամենայն զգուշութեամբ վարուեցաւ եւ գաղտնապահութեամբ: Մլեհ իր հազար հոգուոյ գնդովը մտաւ նաւ հալեքսանդրիոյ մեր Ս. Մակարի հայր սուրբին հետ, եւ հեռացան փռանգք իրենց նիզակակից խմբովը:

Ի՛նչ որ պատմութիւնը զրուցած է, աւելորդ է հոս յիշել, վասնզի ամէն ազգի հեղինակք, հոռոմք, փռանգք եւ հայք` միաբան են պատմելու թէ Կիպրոս ոչ երբեք այնպիսի բարբարոսական հարուած մը ընդունած էր եւ ոչ իսկ ի սարակինոսաց:

Այս մոլեգին գունդը, որ հազիւ թէ տկար դիմադրութիւն մը գտաւ խեղճ բնակչաց կողմէ, հուր, սուր ի ճեռին կը վաղեր կռուոյն ամէն կողմը, ոչ տարիք, ոչ սեռ, ոչ կրօնք, ոչ պատիւ չէր խնայէր. ամէն տուն, ամէն պալատ, ամէն եկեղեցի աւար եւ կողոպուտ ընելեն վերջր, մեծ ու պզտիկ, աշխարհական ու եկեղեցական կը համրէր, կը դիզէր ծովեզրը, եւ այն ահագին բազմութիւնն, որովհետեւ կարելի չէր տանիլ մէկտեղ, պատուաւոր եկեղեցականք եւ իշխանազունք միայն կառնուր կը տանէր հանտիոք, որպէսզի ահագին փրկանաց գինը ամբողջ վճարուի: Հոն Մլեհ իմացաւ թէ աւազակութեան եւ անզգամութեան արհեստին մէջ իրմէ յառաջադէմն ալ կար, Ռընալտ Անտիոքացին. հոն տեսաւ թէ այն փռանգ զօրաց մէջ, եկեղեցական, տաճարական ասպէտք (զօրս Փռերք Դամբլունայ կ'անուանեն հայ պատմագիրք) շատ յարմար ընկերք էին իրեն թէ քաջութեան եւ թէ անզգամութեան մասին. եւ այն ատեն հակամիտեցաւ թէ օր մը անոնց կարգակից պիտի կարէնար լինիր

Ի՛նչ մեծ տարբերութիւն կար Մլեհ ի եւ Ռրնալտի գործողութեանց եւ Թորոսի զբաղմանց մէջ այն քանի մը ամիս ժամանակին մէջ: Թորոս կը նորոգէր, կը շինէր, իր տիրած երկրներուն մէջ ամէն ազգի, ամէն կարգի անձանց ապահովութիւն, կենաց եւ ստացուածոց կը հայթայթէր, աւարառուն եւ կաշառակուրծը խստիւ կը պատժէր, կողմնապահներով եւ բերդերով իր երկիրը կը ջանար ամրացնել ամէն յարձակման դէմ: Մենք զրուցեցինք վերը թէ առջի օրէն ինչ փոյթ եւ ջանք ցուցուց զինուորութեան յառաջադիմութեան համար, եւ անոր շարունակութիւնն էր, որ երբ Ռուբինեանց տէրութիւնը շատ տկարացեր էր նաեւ, ամէն հայ` զինուոր լինելուն համար դեռ երկրին կերպարանք մը կ'ուտար: «Հայերն ամէնքը զինուոր էին, գրեթէ նոյնչափ վայրենի, որչափ իրենց լեռներն, ուր կը բնակէին, կըսէ պատմիչ մը, եւ գրեթէ միշտ զէնքը ձեռվնին, եւ բոլոր պատմիչք զիրենք կը ցուցնեն արագ` դաշնակցութիւնք լուծելու ինչպէս կազմելու` միշտ իրենց շահուն համարն: Իսկ ճանապարհորդ մը, որ մեր Թորոսի եղբօրորդուոյն ժամանակ Հայոց թագաւորութեան երկրներէն կ'անցնէր, այսպէս կըսէ Կիլիկիոյ բնակչաց համար. «Երկիրը բնակեալ է ի Փռանգաց, ի Յունաց, եասորուոց, ի Թրքաց, ի Հայոց եւ հայլոց, բայց սակայն Հայերն են, որ կը տիրէն: Այս Հայերը շատ կրօնասէր մարդիկ են եւ գերագոյն քրիստոնեայք»:

Այս զբաղմունքներուն հետ էր Թորոս. դուլ եւ դադար չունէր, երկիրը կը պտրտեր անձամբ քննելու ամէն բան: Այսպէս անգամ մ՚ալ, երբ (հապան կ'երթար տասներկու ձիաւորով եւ ջոկատ մը հետեւակոք, աւարառու թրքաց խումբ մը զիրենք շրջապատեցին յանկարծ. իսկ նա անվեհեր` հաջ ու ձախ կոտորելով երեք հազար` հոգի` մնացածը կը հալածէր եւ ի չիք կը դարձնէր:

Իսկ Յունական կայսրութիւնը, երբ իմացաւ իր զօրավարին խայտառակ պարտութիւնը, եւ Կիլիկիոյ ամբողջ կորուստը, եւ Անտիոքայ իշխանին հայոց մասնակցութեամբ Կիպրոսի չարաչար անցքը, որովհետեւ կայսրը զբաղած էր պատերազմի Եւբոպիոյ մասին մէջ` դեսպան կ'ուղարկէր, գանձ կը խոստանար Իկոնիոյ սուլթան Մա զսուտին, որ հայոց վրայ դիմէ եւ իւր վրէժը առնու: Մաղսուտ ալ բարեպատեհ առիթ համարելով այս հրաւէրը, մեծ բանակաւ մը յարձակեցաւ ի Կիլիկիա, կարծէր անպատրաստ գտնել զթորոս, եւ զարմացաւ, երբ քուն կարծած թշնամին դիմաց պատրաստ գտաւ ամուր դիրք մը բռնած եւ անխռով:

Մեծ բանակի մը առջեւ պզտի բանակ մը զարմացուց սուլթանը, ուստի դեսպան ղրկեց իմացնելու թէ ինք թշնամութեան ոգի չունէր ընդդէմ հայոց իշխանին, այլ կուզեր, որ հայք հնազանդին եւ ի յունաց առած քաղաքնին ետ դարձնեն: Իսկ Թորոս քաղաքավար եւ անուշ լեզուաւ շահեց դեսպաններուն սիրտը, տարտամ պատասխաններ տուաւ. «Մեծազօր թագաւորաց հնազանդիլ մեզ նախատինք չէ, կ'ըսէր, բայց յունաց քաղաք դարձնել անհնար է»: Սուլթանը, մեծ օգուտ չի տեսնելով այս արշաւանքեն, ետ դարձաւ, Թորոսի աւելի իրաւունք տալով, քան կայսեր:

Բայց տարի մը չեղած դարձեալ յունաց գրգռութեամբ աւելի մեծ պատրաստութեան ձեռք զարկաւ մտնելու ի Կիլիկիա: Բայց ինք բանակը չի շարժած, երբ Կիլիկիոյ դռները ձեռք կ'առնէր, Թորոս իր լրտեսներէն իմացած, բոլոր իր բնակիչքը ապահոված, լեռանց, ամրութեանց, բերդերու եւ բերգաքաղաքներու մէջ, եւ անոնց հսկողութիւնը Ատեփանէի յանձնած, բանակին մէկ մասը անոր հաւատալով, ինքը բանակին մեծ մասամբ իջաւ լեռանց դժուար անցքերեն եւ ափափայներէն, Իկոնիոյ երկիրը սկսաւ աւարել, քանդել եւ կործանել: Սուլթանը իւր երկրին պաշտպանութեան դիմեց, եւ Թորոս իւր աւարաւն ու գերեաւ քաշուեցաւ իւր լեռները: Մաղսուտ այս վնասակար պատերազմին վերջ տալ կը մտածէր խաղաղութեամբ, երբ յունաց կայսեր դեսպանները հասան յորդորներով եւ մեծագոյն ընծայիւք. կայսեր այս վերջին փաստը անհերքելի էր, ուստի Մաղսուտ իր բանակը աւելի ստուարացուցեալ մտաւ ի Կիլիկիա ամենայն զօրութեամբ, բայց պարսպապատ քաղաքներ կը գտնէր եւ աւերակ գիւղեր, դաշտեր ապական եալ էին բոլորովիմբ, ոչ հունձք կար եւ ոչ արմտիք, եւ ոչ իսկ խոտ. ամառուան արեւր կը տոչորէր, մարդ եւ կենդանի կարեւորը չէին գտնէր, ուր մնաց աւարն ու կողոպուտ: Իսկ Իկոնիոյ եւ Սեբաստիոյ կ'ողմերեն շարունակ սուրհանդակ սուրհանդակի վրայ կ'ուգար իմացնելու վնասն ու կոտորածը, որ կը հասցնէր Թորոս իր երկրին. գիւղեր, (աւաններ աւերակ կը դառնային, երկիրը զուրկ ի զինուորաց կը հեծէր այս նոր տեսակ պատերազմին առջեւ: Իսկ սուլթանը առանց այս լուրերուն միտ դնելու, կը յառաջանար աւերակ երկրին մէջ, կը հասնէր, կը ողողէր, կ'անցնէր բոլոր դաշտը, կը պաշարէր զմամեստիայ եւ զանարզաբայ:

Մամեստիայ` յանձնած էր Թորոս երիտասարդի մը, որուն անունը Թոռնիկ էր, եւ որ լսելով իշխանին գալուստն ու համբաւը` թողած էր իր Սա սուն գաւառը, եկեր էր նորա զինուորութեան մտնելու. Թորոս շուտ մը տեսաւ եւ որոշեց նորա քաջութիւնն ու սրամըտութիւնը, հարցուց ո՛վ լինիլը եւ իմացաւ թէ համբաւաւոր սասունցի Թոռնկայ Թոռնիկ էր: Ուստի այս կարեւոր քաղքին պաշտպանութիւնը երթալեն առաջ իրեն յանձնեց: «Նայէ՛, քաջ տղայ, ըսաւ, ես ոչ միայն քեզի, այլ նաեւ պապուդ համբաւոյն կը յանձնեմ այս քաղաքս. բայց քաջ լինիլ բաւական չէ, քաջութեան հետ խոհեմութիւն ալ ունենալու է. մեռնիլ յիմարաբար, անօգուտ տեղ քաջութիւն չէ, ես քեզի քաղաք մը կը յանձնեմ, լաւ միտքդ դիր թէ քու դիակդ չէ որ կը փափագիմ տեսնել, այլ իմ քաղաքս ողջառո՜ղջ ինձի յանձնելդ կ'ուզեմ»: Թոռնիկ, որ քիչ կը խոսէր, «Աստուծով, իշխան, քաղաքդ քեզ կը դարձնեմ», պատասխանեց:

Թորոս Անարզաբան կը նկան մը յանձնեց, եւ կինը կը ճանչենք. Մարգրիտ` պարզ, խոհեմ եւ միշտ գեղեցիկ, երբ իմացաւ թէ Թորոս կ'ուգայ, իջաւ միջնաբերդեն ի քաղաք զինքը դիմաւորելու, իսկ Թորոս, որ քիչ ժամանակ ունէր, ոտքի վրայ հարսին հարցմունքներ կ'ընէր. թէ բաւական բերդապահ ունէ՞ր, թէ բաւական երկար ժամանակի պաշար ունէ՞ր եւ թէ քաղաքացուոց վրայ վստա՞հ էր. երբ ամէն ու համար ճիշտ ու գոհացուցիչ պատասխան առաւ, երբ իմացաւ ինչպէս կ'երեւակայէր թէ այդ իմաստուն կինը կ'արծածեն ալ աւելի պատրաստ էր եւ մանաւանդ թէ թեւը մտած կը տանէր կը ցուցնէր ցորենի շտեմարանները, զէնքերու մթերանոցները, զինուորներու եւ քաղաքացուոց խումբերը իրեն ակնարկութեան միայն կը սպասէին: Թորոս հրաժարական համբոյրը տալով իրեն` «Գիտե՞ս, իշխանուհի, ըսաւ, որ Ստեփանէ ինչպէ՞ս զբաղած է, բոլոր Սեւ լեռան բնակիչք ու ամրութիւնք իրեն յանձնեալ են, գիտե՞ս դարձեալ, որ ես բանակին հետ կ'երթամ, բայց թշնամին կ'ուգայ, եւ պէտք է գա, վասնզի իւր ճամփաները ազատ ձգուած են, դու պէտք որ չինի տարի մը պիտի պաշտպան ես քաղաքդ, ես քու վրադ ապահով եմ, աստուած հետդ լինի, նա քեզի օգնէ»: «Աստուած որ զքեզ կը պահէ, զմեզ լ քեզի կը պահէ», եղաւ Մարգրիտի պատասխանը:

Այս երկու քաղաքներն միանգամայն պաշարեց սուլթանն, ոչ իւր բաբաններն, ոչ սանդուխներն եւ ոչ նետաձգութիւնները չազդեցին այս քաղաքաց վրայ: Երբ իրեն իմացուցին թէ Անարզաբայ բերդակաչը կին մ՚էր, «Թէ որ ասոնց կանայք, կ'ըսէր, այսպէս կը պատերազմին, չըսէ՞ք, որ մարդիկն, որ մեր երկիրը արշաւած են ոչ աւերակ, այլ անապատ ուրեմն դարձուցին»: Եւ կը ցաւեր մարդը, որ յունաց կայսեր թելադրութեամբ այս անխոհեմ պատերազմին ձեռք զարկեր էր, բայց ի՞նչ ընէր, գոնէ պատուով պէտք էր ելնէր այդ բաւղին մէջեն: Արդէն ձիերու հիւանդութիւն ինկած էր բանակին մէջ, որոնք շարունակ կը սատկէին, զինուորը, որ բաւական պաշար չունէր, չէր կրնար բանակին մարմինեն զատուիլ եւ հեռանալ, վասնզի աներեւոյթ թշնամիներ ամէն ժայռի, ամէն ծառի ետեւեն զինք կը վիրաւորէին ու կը սպաննէին: Ուստի Մաղսուտ յուսահատած այս երկու քաղաքները առնելեն, գնաց պաշարեց զթիլն Համտնոյ, որ աւելի անառիկ էր, քան ղնախայիշեալքն, եւ իր մէկ փեսան` Եաղուպ Մելիք անուանեալ` երեք հազար զինուորաց գունդով մը ղրկեց Անտիոքայ սահմանները արշաւել եւ աւերէի այս ժանտ մարդը յանդգնութեամբ, երբ Անարզաբայեն անդին լեռանց մէջ մխեցաւ անկասկած` յանկարծ զինքը շրջապատեալ գտաւ Ստեփանէի եւ տաճարական ասպետաց խումբերեն. ինք եւ բոլոր իր գունդը ի ծուղակի բռնուած` մինչեւ վերջինը ջարդուեցան, հազիւ թէ մէկ քանի գուժաբեր ազատեցան: Նոյն միջոցին անսովոր փոթորիկներ, փայլակնէր, կայծակ, կարկուտ եւ անձրեւի հեղեղներ օրերով բանակը կը նեղէին Թիլն Համտնոյ առջեւ. եւ երբ այս կոտորածին լուրն ալ ելաւ, ա՛լ սոսկումը պատեց բանակը, զինուորին գանգատը ապստամբութիւն կը սպառնար. սուլթանը թողուց գնաց, եւ այն մեծ բանակը ոչ թէ կանոնաւոր, այլ խառնաշփոթ փախստեամբ ցանուցիր եղաւ, թողլով իր կահն ու կարասին եւ բոլոր իր ունեցածը:

Իսկ Թորոս, որ մինչեւ Սեբաստիոյ մօտերը քշած էր իր բանակը, դիմադիր մէկը չի գտնելով համարձակ ոտնակոխ ըրած էր բոլոր երկիրը, կը դառնար մեծ աւարաւ եւ կը տեսնէր թէ իր բոլոր պատրաստած յատակագիծը լիովին եւ իր կ'արծածեն աւելի ի գլուխ ելաւ. փառք կ'ուտար աստուծոյ, վասնզի թշնամուոյն աւարը ոչ միայն բաւական եղաւ իւր ժողովրդեան վնասը հանելու, այլ նաեւ առատապէս վարձատրելու համար իր զինուորը: Իսկ որ դիտելու արժանի է պատմութեան մէջ, այն է թէ իրարու վրայ երկու մեծ թշնամեաց բանակներ կը հալէին, կ'անյետանային առջեւեն, առանց մեծ արիւնահեղութեան իր զօրաց եւ առանց անդարմանելի կորստեան ժողովրդոց: