Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թորոս լաւ խելամուտ էր, թէ խաղաղութիւն միայն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն մը կրնար Ռուբինեանց աթոռը ամրացնել եւ Կիլիկիա ապաստանարան ընել հայ ազգութեան. ուստի, երբ ամէն բան կարգադրեց, ջանաց նաեւ ուսմունքը տարածել իր երկրին մէջ. ուստի վանքերը շատցուց, վասնզի նոքա միայն էին այն ժամանակը` միջոց գիտութեանց ծաւալման. ո՛վ կուզեր ուսանիլ` վանք մը կը դիմէր, վասնզի ուսումնարան եւ վանք այն ատեն միեւնոյն նշանակութիւնն ունէին, ոչ միայն յարեւելս, այլեւ յարեւմուտս:

Թէպէտ սիրտը դառնութեամբ լեցուն կնոջը մահուան, Մլեհ եղբօրը յիմար ձեռնարկութեանց համար, բայց դարձեալ Թորոս անհողդողդ բնաւորութեան տէր` բարեկարգութեանց կ'աշխատէր, ամէն իր այցելութիւնքը կ'ընէր երկիրը բարւոք վիճակի մէջ պահելու համար: Եւ երբ յոգնած` փախստեան տեղ մը փնտրեր, կ'երթար կը քաշուէր Տարսոն իր սեւ մաղձին քաղաքը, այն սենեկին մէջ, այն անկողնին քով ժամեր, օրեր կ'անցնէր, անցեալին վրայ տխուր խորհրդածելով: Ահա ճիշտ նոյն օրերուն մէկն էր, երբ յանկարծ լատին ուխտաւոր մը իրեն ներկայացաւ գոյժ տալով, թէ Մանուէլ կայսրը ընտիր զօրաց խմբով մը իր վրայ կ'ուգար:

Թորոս` թէպէտ անվեհեր, քաջ մարդ էր եւ բոլոր իր պատմութիւնն ալ կը վկայէ, բայց անխախտ սկզբունքներ ալ ունէր, պատերազմի բախտը վտանգի չի դնել երբ կարելի էր առանց իր զօրաց կորուստին թշնամին վտանգել, մաշել, տկարացնել եւ սովամահ ընել կը նախադասեր, եւ աս որ համար ալ տաքգլուխ երիտասարդ զօրավարին, որոնց առաջինն էին Մլեհ եւ Ստեփանէ` զիոքը կը բամբասէին, դարձեալ երբ կարելի էր բանագնացութեամբ եւ քիչ վնասով եւ ի հարկին խոնարհական ցոյցերով խաղաղութիւնը ծախու առնուլ եւ վտանգը հեռացնել աւելի կ'ընտրէր, քան թէ իր ազգին եւ իր անձին բախտը կորստեան վիհը գահավիժելու վիճակի մէջ ձգել:

Իսկ այս անգամ առանց շփոթելու այլայլեցաւ, նախ` ինք, որ միշտ իր թշնամեաց ամէն շարժմունքը կ'իմանար, այս անգամ թշնամուոյն ձեռք իյնալու վտանգին մէջ էր, պատճառը չէր կրնար մեկնել, վասնզի իր Կոստանդնուպոլսոյ լրտեսը, որ կայսեր լուրը իրեն կը հասցնէր` դիպուածով մը արգիլուած էր իմացնելեն: Երկրորդ` կայսրը շատ զգուշութեամբ վարուեցաւ իր արշաւանաց մէջ եւ փոքր գնդով մը իր վրայ կ'ուգար, եւ Թորոս այս չէր կրնար երեւակայել: Ուստի այն դրութիւնը գործածել մտածեց, որ Մաղսուտ սուլթանին դէմ ալ գործածէր էր քանի մը տարի առաջ յաջողութեամբ:

Բայց դժբախտաբար չէր պատրաստէր ժողովուրդը, ժամանակ չի կար ամէն բան աւրշտելու եւ լեռները քաշուելու. բայց պէտք էր շարժիլ, ուստի թողուց Տարսոն եւ ամէն տեղ հրամաններ ղրկեց, որ լեռները ամրանան. Մարգրիտ իր զաւկներով հրաման ընդունեց քաշուիլ լեռանց ամրութիւնքը. Թոռնիկ միայն խնդրեց Թորոսեն մնալ եւ պաշտպան ել զմամեստիայ: Իսկ ինք զօրօք կը հասնէր, կը քաջալերէր ժողովուրդքը, կը հասկցնէր թէ փոթորիկը կ'անցնի եւ երկար չի կրնար տեւել: Ամսուան մը ժամանակի մէջ մարդ եւ կենդանի Տորոսի լեռները կը ծածկէին, երբ յունաց բանակն ալ դաշտավայրը կը ծածկէր: Տարսոն, Ատանա, Անարզաբայ, քիչ ժամանակի մէջ թշնամուոյն ձեռք անցան. իսկ Մամեստիայ կայսրն ինք անձամբ պաշարեց, ձմեռ մը ու ամառ մը աշխատեցաւ մինչեւ կրցաւ առնել Թոռնկայ ձեռքեն, որ դիմադրութիւնը, երբ անկարելի գտաւ, չուանով պարիսպներէն իջաւ գիշերանց եւ գետին մէջեն երկար տեղ լողալով ազատեցաւ թշնամեաց ձեռքեն եւ հասաւ զտաւ Թորոսի խումբերը Սեւ լեռներուն մէջ: Երբ զթոռնիկ տեսաւ իշխանը` «Հա՛հ, ըսաւ, իրենց վերջի ընելիքն ալ ըրին յոյնք եւ իրենց դաշնակիցքը. ա՛լ թէ որ կ'ուզեն, թող գան զմեզ հոս գտնելու»: Եւ իրօք կայսեր դաշնակիցքը կը շատնային. լատինք` Երուսաղէմի թագաւօրէն սկսեալ, որ նոր փեսայ ալ եղած էր կայսեր, տաճարականաց մեծաւօրէն սկսեալ իրենց բոլոր պարոններով, բրինձներով եւ կոմսերով կը լցուէին, կը խռնէին յունաց կայսեր բանակը, որ Մամեստիայ արքունիք ըրած էր իրեն. հոն ահա նոր տեսարան մը վատութեան` սիրտ ունեցող ամէն մարդ քստմնեցուց. վասնզի ի տես ամենեցուն «Ներկայացաւ Անտիոքայ իշխանն Ռընալտ վատ եւ խղճալի կերպարանոք. վասնզի ոչ միայն յունաց առջեւ յանցաւոր էր, այլեւ իր քաղաքացուոց եւ անոնց պատրիարքին, զօր անարգանոք չարչարէր էր, եկեղեցուոյ սպասները կողոպտելու համար, ուստի հիմա անճար եւ անյոյս ճգնաւորի զգեստ հագած, գլխիբաց եւ բոբիկ, վիզը չուան ձգած, ինքզինք մահապարտ վճռած բոլոր Մամեստիոյ մէջ պտըտելեն ետեւ, եկաւ ընկաւ կայսեր ոտքը, մերկ սուր մը մատուցանելով անոր, իբր թէ թոյլ կ'ուտար, որ ըստ արժանուոյն գլուխը կտրուի. գունդ մը կրօնաւորաց ալ նոյնպէս գլխիբաց եւ բոբիկ ի ծունկ ընկած կայսեր գթութեան կ'ապաւինէին: Բաւական սեպեց նա այսքան խայտառակութիւնը եւ թողութիւն տուաւ, պահանջելով, որ անտիոքացիք ընդունին յոյն պատրիարք մ՚ալ եւ երբ կայսրըն ուզէ` խաւրեն գունդ մը օգնական զօրաց»:

Իսկ կայսրը ժողով կ'ընէր զօրականաց եւ իշխանաց, որ զթորոս նուաճեն եւ շուտով վասնզի բանակն արդէն նեղն էր ի կերակրոյ, կենդանիք` սովոյ եւ ի հիւանդութեանց կը հատնէին, ուստի ժամ մը առաջ պէտք էր այս աներեւոյթ ապստամբը նուաճել: Հոն, որոնք որ փորձը առած էին Տորոսի եւ անոր բնակչաց դժուարութեանց, հասկցուցին կայսեր թէ շատ դժուար եւ վտանգաւոր էր այդ լեռներուն մէջ պատերազմիլ արթուն թշնամուոյ մը հետ, որ իրենց կը սպասէր, եւ թէ ընդհակառակն շատ դիւրին էր ի հնազանդութիւն բերել զթորոս, երբ բանաւոր եւ պատուաւոր դաշինքներ իրեն առաջարկէին, եւ Երուսաղէմի թագաւորն (Պալտուին Գ. ) յանձնառու եղաւ բանագնացութեան մտնել իշխանին հետ:

Ուստի թագաւորն ինք անձամբ ի խնդիր ելաւ Թորոսի, եւ կայսեր պայմանները կ'առաջարկէր, որոնց ամենեն ծանրը անձամբ ներկայանալն էր ի Մամեստիայ ի հնազանդութիւն կայսեր, եւ անոր փոխարէն կայսրը զինք կ'ընդունէր իբրեւ իշխան կուսակալ Կիլիկիոյ, միմիայն Անարզաբայ պահելով իրեն: Յանձն առաւ Թորոս եւ եկաւ Մամեստիայ իշխանաբար` ոչ իբրեւ Ռընալտ, եւ այնպէս ներկայացաւ կայսեր, որ ցուրտ ընդունելութիւն մ՚ըրաւ իրեն, անշուշտ յիշելով Կոստանդնուպոլսոյ կալանաւորը: Բայց կէս ճամփան մնացող մարդ չէր Թորոս, յանկարծ իմացան օր մը բանակը թէ հայը թողէր գնացեր է, եւ երբ այս գործողութիւնը ոմանք չարագուշակ կը մեկնէին` տեսան թէ հայը ցորենոք արջառօք եւ ոչխարոք լեցուց բանակը, եւ գրաստի ու ձիան նուազութեան առատութիւն յաջորդեց: Արդէն կայսրը իր իմաստուն եւ կորովի կերպին հաւնած էր, իսկ այս վերջին գործողութեամբ բոլորովին իրեն յարեցաւ եւ անուանեց գնա Պանսեփաստոս եւ ոսկեկնիք հրովարտակաւ իշխանութեան մէջ հաստատեց:

Անկից վերջը Մանուէլ կայսրը ելաւ բանակաւը ի Կիլիկիա եւ մտաւ հանտիոք եւ անկից Հալէպու վրայ արշաւելու ելաւ ընդդէմ Նորետտինի, բոլոր այն կողմի քրիստոնէից յոյս տալով զիրենք ազատելու ի մահմեդականաց: Բայց դանդաղութիւնք, դեգերմունք, թպնագնացութիւնք, թոյլ պատերազմունք յայտնի կ'ընէին թէ Բիւզանդական կայսրութիւնը ուրիշ դիտաւորութիւն չունէր, այլ եթէ «Բաժանել զամենքը տիրելու համար»: Երբ բանակը Հալէպու «մօտեցաւ, սուրհանդակ մը հասաւ կայսեր ի Կոստանդնուպոլսոյ, որ զինք արտորնօք հետ կը կոչեր, ուստի առանց միտ դնելու Երուսաղէմի թագաւորին եւ քրիստոնեայ իշխանաց աղաչանաց, որ երեք օր գոնէ ուշացնել կը խնդրէին յետադարձը` խաղաղութեան դաշինք կնքեց սուլթանին հետ եւ ետ դառնալու հրաման տուաւ բանակին: Ամէնքը մեծ տխրութեամբ պաշարուեցան, բայց անոնք միայն, որ Բիւզանդական կայսրութեան քաղաքագիտութեան տեղեակ չէին կամ անոր դաւաճանութիւնքը յիշելու չափ խելք չունէին: Ուստի, երբ կայսեր բանակը Կիլիկիա հասաւ եւ Անարզաբայ մօտեցաւ, Թորոս, որ յիշողութիւն ունէր եւ գիտէր թէ մինչեւ ուր կրնայ հասնիլ յունական հաւատարմութիւնը, յանկարծ իր զօրքերը առաւ եւ Վահկայ քաշուեցաւ, Կայսրն ալ իր ճամփան շարունակեց եւ գնաց, զօրաց մէկ մասը ճամփաները ցանելով:

Ինչպէս զրուցէր էր Թորոս իր ժողովրդեան եւ իր զօրաց, փոթորիկն անցաւ անհետացաւ կայսեր հետ, թէպէտ երկու տարուոյ ժամանակ ծանրացաւ Կիլիկիոյ վրայ. խաղաղութիւն եկաւ ժողովրդեան, եւ դաշտավայրն բոլոր ծածկեցաւ հասկերոք, որթն ծանրացաւ ողկուզոք, ուրախութեան ձայներ սկսան դարձեալ լսուիի եւ հայոց իշխանը, որ խաղաղութիւնը կը սիրէր` վասնզի գիտէր ժողովրդեան օգտակարը, դաշինքները կը յարգէր, վասնզի անոնցմով միայն կարելի է տէրութեանց սահմանները ապահովել, շարունակ իր Ստեփանէ եղբօր հետ վէճի առիթ կ'ունենար, եւ այս իրեն սրտին ցաւ էր:

Այս քաջ, բայց անխոհեմ եղբայրը շարունակ միտքը դրած առանձին իրեն իշխանութիւն մը հաստատել, Քեսնոյ եւ Մարաշու կողմերը յարձակմունքներ կ'ընէր եւ միշտ գանգատներու առիթներ կ'ուտար, իրեն պէս թեթեւամիտ եկեղեցականաց խորհրդոց լսելով ոչ միայն դաշանց, այլեւ երդմանց կը դրժէր: Եւ այսպէս առիթ եղաւ անգամ մը պատերազմի ի մէջ Թորոսի եւ Նուրետտինի, եւ երբ Թորոս հաշտութիւն խօսեցաւ Նուրետտինի հետ Ստեփանէի կամաց դէմ, սկսաւ եղբօրը դէմ մեքենայել, որով իշխանը պարտաւորեցաւ բանտել զնայ առ ժամանակ մի եւ վերջը արձկել եւ դարձեալ իբրեւ եղբօր հետը վարուիլ, համոզելով զինքը թէ այդ ճամփով չէր, որ իշխանութիւն մը կը կազմուէր: Եւ իր օրինակը ցոյց կ'ուտար թէ ինչպէ՛ս իրեն դիւրին էր զհոյները հալածել ի Կիլիկիա, բայց ինքն կուզեր յարգել դաշինքները եւ առժամանակեայ իշխանութեան հետք մը թողուլ յունաց ի գոյութիւն, քանի որ առիթ չէին տար իրեն դժգոհութեան եւ դաշինքներն լուծելու:

Բայց անխոհեմ բնաւորութիւնք ոչ բարեկամութեան եւ ոչ թշնամութեան մէջ չափ չունին եւ կշիռ: Ստեփանէ յունաց հետ ընտանութիւնը շատցուց եւ մտերմաբար սկսաւ կապուիլ Անդրոնիկոս Եւփոպենի հետ, որ կայսեր ազգական եւ տեղակալն էր ի Կիլիկիա, եւ որ ճաշի հրաւիրելով զստեփանէ, Համուս բերդը եռացեալ ջրոյ կաթսայի մը մէջ զինքն սպաննել տուաւ: Այս անգութ մահուան լուրը, երբ տարածուեցաւ Կիլիկիա, բարկութեան եւ վրէժխնդրութեան կրակը բորբոքեցաւ, եւ Թորոս, որ իւր զօրօք յունաց վրայ կը քայլեր, յանկարծ իր քովը տեսաւ քինաւորեալ Մլեհն, որ խումբ մը կատաղի զօրօք մէջտեղ ելել էր եղբօրը մահուան վրէժը լուծելու: Յունաց կոտորածը սաստիկ եղաւ, տասը հազար հոգի կոտորուեցաւ, կ'ըսեն պատմիչք, Անարզաբան եւ դեռ ինչ բերդ եւ ամրոց, որ մնացեր էին Կիլիկիա, ամէնն ալ առնուեցան իրենցմէ, եւ ջարդը դեռ պիտի շարունակէր, թէ որ Երուսաղէմի թագաւորը միջնորդ չլինէր դադարեցնելու համար այս անգութ կոտորածը:

Իսկ Ստեփանէի մարմինը տարին եղբարքը եւ թաղերին հարքայազնի վանքը, եւ անմխիթար տիկինն Մարգրիտ` գնաց քաշուեցաւ ի Պապեռոն իր եղբօր բերդը իր զաւակոք: