Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այսպէս ահա երբ խաղաղութիւն գտած երկրին բարեկարգութիւնն նկատելով` իր փոքրիկ Ռուբենին զարգանալը ախորժ աչօք կը տեսնէր, եւ նօթայ դաստիարակութեան կերպը կը մտածէր. երկու նպատակ մի կին իր մտաց մէջ, ազգն ու զաւակը, զօրս չէր կրնար զատել:

Բայց նախախնամութիւնը ուրիշ կերպ որոշէր էր: Բուռն հիւանդութիւն մը վրայ հասաւ, եւ այդ զօրաւոր կազմուածքը, որ այնչափ պատերազմաց, այնչափ մտատանջութեանց, այնչափ կսկիծներու եւ այնչափ բարոյական նեղութեանց անընկճելի դիմացեր էր, տեսաւ թէ մահը կը մօտենար, նորա առջեւն ալ դարձեալ անընկճելի կեցաւ եւ հանդարտ սպասեց: Իր հիւանդութեան լուրը բոլոր Կիլիկիոյ իշխանքն ու բերդակալք, զօրավարք, եւ ասպէտք եւ հայ ժողովուրդք ահուդողի եւ տխրութեան մէջ ընկղմեց: Մամեստիոյ ճամփաներն ու եկեղեցիներն ժողովուրդը կը խոներ, հոն իրարու կը հարցնէին առողջութեան ձայն մը, յոյս մը փնտրելու համար. հոս ծերք եւ կանայք, փոքրիկ տղայքը սուրբ սեղաններու առջին ձգած` անոնց անմեղութիւնը կ'ուզէին միջնորդ առնուլ առ աստուած: Արքունի սրահներուն եւ գաւյիթներուն մէջ կը վխտային ամէն հասակի, ամէն կարգի զինուորականք, եւ այդ խրոխտ արեւեն սեւցած, ժանգոտած կերպարանքները, որ պատերազմական փողին ձայնին, նոյնն է մահուան ձայնին, քսանեւհինգ տարիներ անխռով մնացեր էին, հիմա անձայն, անշշունջ իրարու կը մօտենային, առանց բարեւելու իրարու կը նայէին` շրթունքնին կ'ամփոփէին եւ վերջը անսովոր արցունք մը ծածկելու համար առանձին տեղուանք կը փնտրէին:

Բոլոր հայ Կիլիկիոյ մէջ անխռով մարդ մը միայն ինք Թորոս թերեւս մնացեր էր, որ մահուան անկողնին մէջ տարածուած, իր վերջին կամքերը կը կատարէր, եւ ի՞նչ էին իր վերջի կամքերը:

Փոքրիկ տղայ մը` Ռուբեն` վեց-յոթը տաբու, շփոթած ամէնուն արցունքն երէն եւ տխրութենեն, կեցէր էր հօրը մահճաց քով. տղուն պապ` Թոմաս իշխանը` տխուր, բայց յուսահատ տխրութեամբ արձանի պէս նոր, ա քով կը կենար. անկողէին միւս կողմը Գոհար ծունկի վրայ ծածուկ արցունքներէ եւ անքուն գիշերներէ աչքերուն փայլը կորուսած, մեյ մը հօրը երեսը, մեյ մը երկինք կը նայէր յուսոյ նշոյլ փնտրելով. քիչ մը անդին կեցած էին Ռուբեն եւ Լեւոն` իր եղբօրորդիքը լուռ եւ տխուր: Իսկ իշխանաց եւ զօրաւորաց երեւելիքը սենեկին չորս կողմր կազմած էին. շնչառութեան ձայն անգամ չէր լսուէր, լռութիւնն այնչափ սաստիկ էր:

Երբ ամէնքը չորս կողմը շարուած տեսաւ Թորոս, աչքերը փայլ մը առինչ հսկայ իրանը անգամ մը շարժեցաւ եւ հանդարտ ձայնով մը սկսաւ խօսիլ.

«Ո՜վ դուք, սիրելիք իմ, բարեկամք եւ նիզակակիցք իմ, որ հոս զձեզ փափագեցայ անգամ մ՚ալ տեսնելու` հրաժարական ողջոյնս տալու եւ վերջին յանձնաբարութիւնքս ընելու համար… դուք որ միշտ ձեր քաջութիւնը ցոյց տուիք մինչեւ այսօր, պէտք է որ այս հանդիսաւոր վայր կենիս նաեւ քաջ եւ անխռով կենաք, տկարութիւն հեռի՜ մեզմէ: Մտիկ ըրէք ուրեմն այն մարդուն վերջի կամքերը, որուն երեսուն տարի բարեբախտութիւն շնորհեց աստուած ձեր իշխանը լինելու: Այո՛, աստուածային մեծ շնորհքն էր, եւ ես կը խոստովանիմ եւ միշտ կը յիշեմ այն օրը, որ տարագիր, անծանօթ, պանդուխտ եւ մոռցուած այս ափունքը կ'ելնէի քանի մը ընկերներով եւ նաեւ չէի հավտար թէ իմ նախահարցս գործերէն աւելի մեծերը, անոնց իշխանութենեն աւելի ընդարձակը սահմանէր էր ինձի նախախնամութեան ձեռքը իմ ազգիս զիս առաջնորդ եւ պատսպարան ընելու համար, եւ այս գործիս մէջ ձեր քաջութեան ձեռնտուութիւնը ինձ տուաւ… Հիմա որ ես կ'երթամ, առաջի աստուծոյ` ետքը ձեզի աւանդ կը յանձնեմ այս տկար տղան. թէ որ տիրոջ կամքն է, այս ալ կը մեծնայ, կը զօրանայ` հօրը պէս իր ազգին նեցուկ եւ առաջնորդ լինելու մանաւանդ թէ ձեր կորովփ բազուկները օգնական լինեն իրեն: Ուրեմն սիրով եղէք, միաբան եղէք իրարու հետ, ազգին համար, ձեզի համար, եւ այս անմեղ տղուն համար: Մի մոռնաք թէ հայ խաչին դրօշակը այս լեռներուն վրայ եղբայրութեան սիրով հաստատուեցաւ, ատելութիւն, նախանձ, ամբարտաւանութիւն առաջին օրը, որ զայն կործանեն, գերութեան եւ թշուառութեան կը հասնին հաւասար ամէն մեր զաւկներուն վրայ, նաեւ ամէն այն հայոց վրայ, որ աշխարհիս յետին ծայրեն հոս կը դիմեն ազատութեան օդ շնչելու համար: Մնաք բարեաւ՜, սիրելի նիզակակիցք իմ, աստուած ձեզի օգնական լինի միշտ` ինչպէս երբեմն որ մէկտեղ էինք»:

Շրջանը աւրուեցաւ, հեկեկանաց ձայներ ոմանք ափերնուն մէջ, ոմանք թաշկինակներու մէջ կը խղդէին, ամենեն քաջերը աչքերնին արցունքով լեցուն կ'ուգային լռիկ` առնելու եւ համբուրելու այն աջը, որ այնչափ տարիներ առաջնորդէր էր իրենց պատերազմի եւ խաղաղութեան մէջ, եւ փառօք ու մեծութեամբ լցուցեր էր զիրենք: Բայց Թորոս դեռ դռան կը նայէր եւ առանց հարցնեղու մարդ կը փնտրեր: Բաբկէն չէր երեւար, խեղճ ծերը թէպէտ ութսունը անցած` իմանալուն պէս ելեր էր Ամուտայ բերդեն գալու համար, բայց դեռ չէր հասեր. Թոռնիկ հազիւ կրցաւ երեւալ եւ իր այլայլութիւնը ծածկելու համար փախուստ կ'ուտար:

Ամենեն թշուառը ամենեն երջանիկն էր նոյն միջոցին. Ռուբեն որդին, որ իր ապագայ թշուառութեան չափն ալ չէր կրնար իմանալ, եւ չէր կրնար հասկնալ խեղճ որբ` թէ այնպիսի հայր մը կորսնցնելով իշխանութեան ժառանգութիւնը սպառնալիք մ՚էր իր անմեղ կենաց:

Ոչինչ պակաս թշուառ չէր նաեւ Գոհարի ապագան, որ չէր գիտէր թէ ինչ ընդունելութիւն պատրաստած էին իր լամբրոնացիքը, որ հօրը վախեն մինչեւ այն օրը լաւ կը վարուէին իրեն հետ: Բայց խեղճ կինը զինք մոռցեր էր այն միջոցին, միայն այնպիսի հորմէ բաժնուիլը կը նկատէր:

Իսկ Թորոս այն վայրկենին, որ մահը դէմառդէմ տեսաւ, հանդերձեալ անմահութիւնն ալ տեսաւ. յանձնեց նախախնամութեան իր ազգն ալ, իր երկու զաւկներն ալ, իր հոգին ալ:

Կրօնական ամէն պարտաւորութիւնները կատարեց, եւ երկրորդ օրը եկեղեցին իր տխուր երգերը կ'երգէր, իսկ ազգը կոպար այնպիսի իշխանի մը վրայ, որ հայր եղեր էր ժողովրդեան, եւ նորա ողյբը տարիներ քաշեց, մինչեւ որ Լեւոնը իր հօրեղբօրը յաջորդելով` ազգին արցունքները սրբեց:

Թաղեցաւ Թորոս համանուն հօրեղբօր քով ի Դրազարկ, ուր Եւփիմէի աճիւնը տարիներով յառաջ իրեն կը սպասէր:

Վերջ