Երբ
միջնաբերդին
վերնա
գաւառները
զանազան
կիրքեր
կը
յուզուէին,
վարը
պահապան
զօրաց
խումբը
նստած
կը
խորհրդածէին
պատգամաւոր
երիտասարդին
տուած
լուրերուն
վրայ:
—
Տղա՛յ,
—
կ'ըսէր
տարէց,
կորովի
քառակուսի
մարդ
մը,
որուն
աչքերը
կը
փայլէին
իր
արեւեն
թխացեալ
դէմքին
վրայ,
—
ի՜նչ,
խելա՞ռ
ես,
ի՞նչ
ես,
թող
գայ
ըսելն
դիւրին
բան
է…
«Ապստամբ,
ապստամբ»
կ'ըսեն
կ'երթան.
անոր
հայրն
ալ
ապստամբ
էր,
հօրեղբայրն
ալ
ապստամբ
էր,
բայց
տաճիկն
ալ,
փռանգն
ալ,
հոռոմն
ալ
անոնց
անունեն
կը
դողային:
Այս
մեր
բոլոր
իշխաններն
անոնց
առջեւ
բարեւ
կը
կենային,
երբ
կը
հրամայէր,
կը
նստէին.
նեղն
որ
մտնէին`
անոնց
ծոցը
կ'ընկնէինք
անիրաւութիւն
մէկն
որ
ընէր`
անոնցմէ
կ'ակնածէր:
Հոռոմն,
որ
կայսր
ունինք,
մեծ
քաղաքը
կը
սէր,
կը
պարծէր,
տարին
տասն
անգամ
ալ
անոնց
ճամփան
կը
չափեր,
կը
շողոքորթէր,
վասնզի
գիտէր,
որ
այն
կայսրը
շատ
հեռու
էր
թէ
որ
քուն
չէր.
փռանգը,
որ
մեծ
թագաւորներ
ունինք
արեւ
մուտք
կ'ըսէր,
գիտէր,
որ
եթէ
երբ
գան,
ճամփան
անօթի
չմեռնին,
ողջ
հասնին
այստեղ`
շատ
բան
կրնան
ընէի
բայց
ծովն
ու
ցամաքը
անոնց
ոսկորները
լցուցին
ամէն
անգամ
որ
եկան.
անոր
համար
էր,
որ
երկուքն
ալ
անոնց
հետ
լաւ
կը
վարուէին,
մինչեւ
որ
մէկ
անգամ
կայսրն
եկաւ,
այն
աղուէսները
քովն
եկան
ժողովուեցան,
եւ
ապստամբներուն
վրայ
ինկան,
տունը
քանդեցին.
ես
այս
մեր
իշխանին
հետ
մէկտեղ
էի,
երբ
Լեւոն
բռնեցին
կայսեր
բերին,
աստուած
վկա՛յ,
ես
ամչցայ,
երբ
նա
հայ
իշխաններուն
ու
զօրքերուն
վրայ
աչքը
դարձուց.
չգիտեմ
ինչ
կար
այն
աչքերուն,
այն
նայուածքին
մէջ:
Այն
Լամբրոնի
սեբաստոսները,
այն
մեծ
հայ
իշխանները
մինչեւ
ականջ
կարմրեցան,
երբ
այն
մարդուն
ձեռքերը
շղթաներ
անցուցին,
ես
չի
կրցայ
դիմանալ,
լացի…
—
Դո՞ւն
լացիր,
—
ըսաւ
անդիեն
զուարթ
ու
սկրդած
երիտասարդ
մը,
—
տէ՜
տղայք,
Աւագ
աղբարն
լացէ՛ր
է,
կը
լսէ՞ք.
գետնաշա՞րժ
եղաւ
այն
օր
թէ
փոթորիկ:
—
Հա՛,
—
զրուցեց
Աւագ,
—
անանկ
փոթորիկ
մը
եղաւ,
որ
հայուն
անուն
ինչ
պատիւ
ունէր
տարաւ
այն
օր,
այսօր,
հոռոմն
ու
փռանգը,
տաճիկն
ու
թուրքը
մեր
վրայ
քամահրանքով
կը
նային.
մեր
իշխանը
Պապերոնի
տէրն
է,
Անարզաբայի
կուսակալս
է
կրսենք,
քանի
մը
մուրիկ
հոռոմ,
որ
կայ
քաղքին
մէջ`
անկից
աւելի
մեծ
ձայնով
կը
խօսին.
ամէն
օր
մենք
ենք
քաղքին
տէր,
կ'ըսեն,
ձեր
իշխանը
մեր
կայսեր
ծառան
է,
կ'ըսեն,
եւ
մեր
իշխանը
անոնց
ձայնը
չի
լսէր,
ու
մնացեալ
ո՜վ
որ
մնայ,
կը
դողացնե…
—
Մինակ
ինքն
ալ
Տիկինեն
կը
դողա,
—
ըսաւ
մէկ
ձայն
մը
քրքիջով:
—
Ինչպէ՞ս,
Տիկի՞նն
ալ
սրբազանեն
կը
դողա,
—
ըսաւ
ուրիշ
մը,
եւ
ծիծաղը
ընդհանուր
եղաւ:
Միայն
Աւագ`
խոժոռ,
չէր
խնդար
եւ
դաժան
կերպով
մը
ըսաւ`
—
Իրաւ
որ
ես
չեմ
կրնար
խնդալ
այդ
ըսածներուդ
վրայ,
վախեմ
այդ
եպիսկոպոսին
պատիժը
մենք
ամէնքս
պիտի
քաշենք.
կաթողիկոսին
հրամանին
չի
հնազանդեցաւ
մեր
իշխանը,
այն
ալ
նզովեց,
մեր
բանը
բուսած
է.
մարդ
սխալական
է,
այսօր`
կսպաննէ,
վաղը
կավազակէ,
կը
յափշտակէ,
անգթութիւն
կընէ,
աստուած
կը
բարկանայ,
տէրտէրն
«ողորմիս»
կըսէ,
թողութիւն
կ'ուտայ.
բայց
երբ
կաթողիկոսի
հրամանը,
որ
Լուսաւորչայ
փոխանորդ
է,
եպիսկոպոս
կարհամարհէ,
աստուած
տէրտէրին
ողորմիսին
չի
լսէր.
մեղքերն
ա՛լ
չեն
արձակուիր,
աստուած
ալ
թողութիւն
չի
տար.
մենք,
փա՛ռք
աստուծոյ,
մեղաւոր
ենք
ամէնքս,
հոս`
վարը,
ժողովուրդն
արիւն
արցունք
կուլայ
ձեր
ձէոքեն,
թէ
որ
երբեմն-երբեմն
մեր
մեղքերը
չի
քաւուին,
Անարզաբայ
վրայ
երկնքեն
կրակ
կը
թափուի,
ամէնքս
ալ
կը
լափէ,
եւ
մենք
ոչինչ
կը
լինինք:
—
Ի՞նչ
կ'ըսես,
մւսրդ,
—
ըսաւ
ուրիշ
մը,
—
թէ
որ
կրակ
կայ
երկինք
թափելու,
թող
եպիսկոպոսին
վրայ
թափի,
նա
է
չարեաց
պատճառ:
—
Փա՛ռք
տուէք
աստուծոյ,
որ
Մարգրիտ
օրիորդը
կայ,
—
ըսաւ
անդիեն
ուրիշ
մ՚ալ,
—
մէկ
հոգի
մը
թէ
որ
կայ,
որ
մաքուր
է
աստուծոյ
առջեւ`
այդ
աղջիկն
է
այս
միջնաբերդին
մէջ.
թէ
ոչ`
աստուած
իրաւ
կը
կործանէր,
եւ
ամէնքս
քարին-հողին
տակ
կը
ծածկէր:
—
Թէ
որ
պատգամաւորին
պատմածն
իրաւ
է
Թորոսի
համար,
քարն
ու
հողը
նա
պիտի
ծածկէ
մեր
գլխուն,
—
ձայնեց
թեթեւսոլիկ
տղայ
մը:
—
Տէ՛,
մանուկ,
դո՛ւն
ուսկի՞ց
գիտես,
անոր
պատմածն,
—
ըսաւ
խստութեամբ
Աւագ:
—
Ես
հոս
էի,
երբ
խօսեցաւ
ձեր
հետ,
ետքը
երբ
իշխանին
քովն
ելաւ,
ես
ալ
ետեւեն
ելա…
Իշխանին
ըսաւ,
որ
քու
մարդիկդ
գող
են.
ժողովուրդը
մի՛
շարչարէք.
քու
մարդիկդ
զայն
կը
չարչարեն.
ետքը
իշխանը
բարկացաւ,
տեղաց
ցատկեց,
փրփրած`
աչքերը
սանկ-սանկ
շարժեց.
ես
փախայ,
ետքը
մարդն
ալ
ելաւ,
ձին
հեծաւ,
հա՜
կը
վազեր,
կը
վազեր…
—
Տէ՛,
լռէ՛,
—
ըսաւ
Աւագ,
—
հիմա
ծեծը
կուտես:
—
Տղան
այս
խօսքը
լսածին
պէս`
հեռացաւ,
զգուշութեամբ
միջոց
մը
ձգելով
իր
եւ
Աւագին
մէջ:
—
Կատակը
մէկդի,
Աւագ
եղբայր,
—հարցուց
երիտասարդ
մը,
—
թէ
որ
այս
մեր
Անարզաբան
պաշարեն,
դու
ի՞նչ
կարծես,
վտանգ
կա՞յ
առնուելու:
—
Պաշարմունքը
գիտէ.
Անարզաբայ`
կայսրը
պաշարեց`
առաւ
Լեւոնեն
թէ
որ
տկար
մէկը
պաշարերի
Լեւոնին
ճանկեն
ի՞նչ
կ'առնէր:
—
Ամուտայ
բերդապահ
զինուոր
մը
տեսայ
այսօր`
վարը`
քաղաքը.
դուք
պատրաստ
եղէք,
կըսէ,
ձեր
բերդը
մերինեն
շատ
տկար
է:
Ապստամբին
համար
կը
պատմէ
թէ
մէկ
հարուածը
չի
կրկներ.
աչքերեն
կրակ
կը
թափի,
ինք
մինակ
ութ-տասը
հոգի
գետին
փռեց,
անոր
ձէոքեն
ինկնողն
ողջ
չելաւ:
—
Չըսե՞ս,
այդ
նզովյից
արմատ`
հօրը
զաւակն
է,
—
ըսաւ
Աւագ
ճակատը
թթուեցնելով:
—
Երբ
ես
լսեցի,
վախն
զիս
առաւ,
թէ
որ
հոս
մէկ
մը
երեւա
վարի
քաղաքացին
դռները
մէկեն
իրեն
կը
բանայ,
մենք
միջնաբերդին
հետ
կը
մնանք:
—
Ես
ալ
քաղաքացի
որ
լինիմ,
դռները
կը
բանամ,
դուք
ծեծ
ու
փետ,
հայհոյութիւն
միայն
գիտէք.
թէ
որ
ապստամբը
ձենն
աղէկ
է…
—
Տէ՛,
—
պոռաց
Աւագ,
—
դու
դեռ
հո՜ս
ես
եւ
կը
խօսի՜ս,
ես
այդ
լեզուդ
չի
կտրեմ`
մարդ
չեմ,
—
եւ
դեռ
նա
ոտք
չելած
մանուկ
աներեւոյթ
եղաւ:
Ամէնը
սկսան
ծիծաղիլ,
եւ
Աւագ,
որ
ծիծաղելու
արհեստը
չէր
գիտէր`
գլուխը
շարժէլով`
—
Հիմկու
խենթերն
ամենեն
խելօք
կը
խօսին,
քաղաքացին
մենէ
ի՜նչ
աղէկութիւն
տեսած
է,
որ
հաւատարիմ
մնա:
Այն
միջոցին
Վասիլի
սուր
քիթը
երեւեցաւ
գաւթին
ծայրը,
եւ
լռութիւն
մէկեն
յաջորդեց,
վասնզի
գիտէին
թէ
իշխանին
լրտեսն
է:
Երբ
աներեւոյթ
եղաւ`
—
Դժոխքի
պատուհա՜ս,
սատանայի
գիրկն
իյնա՜ս,
—
ըսաւ
մռմռալով
երիտասարդ
մը
մուր
տալով
ետեւեն,
—
ես
քեզի
լրտեսութիւն
կը
սորուեցնեմ,
վաթսուն
գաւազան,
ութ
օր
բանտ,
չոր
հաց,
հէ՞:
—
Թէ
որ
իշխանին
օրիորդը
քու
ձայնդ
չիմանար,
չաղաչէր,
հարիւր
յիսունը
պիտի
ուտէիր,
բախտ
ունիս
եղեր:
—
Ինչ
որ
կերայ,
խմեցի,
բախտ
է
ատիկայ,
բայց
հոգ
չէ,
Վասիլին
չի
մնար,
օր
մը
ես
ան
կը
հոգամ:
—
Այդ
շանը
հետ
մ՚իյնար,
տղա՛յ,
կ'ըսեմ
քեզի,
—
ըսաւ
Աւագ,
—
ետքը
հանգիստդ
կ'աւրես,
տեղեդ-հացեդ
կ'ըլլաս,
ես
փորձով
քեզի
հետ
կը
խօսիմ:
Երբ
քսան
տարու
էի,
Լամբրոնի
իշխանին
քովն
էի,
հոն
վերակացու
մը
կար,
իրաւ`
ասոր
պէս
անպիտան
չէր,
բայց
խիստ
մարդ
էր.
պզտի
բաներու
համար
խարազանի
հարուած
կը
բաժնէր,
օր
մ՚ալ
աղջիկ
մը
փախուցեր
էի
լեռը,
հայրն
ու
մայրը
եկան
գանգատեցան…
ի՞նչ
կը
զարմանաք,
հոն`
Լամբրոն
ասանկ
բանի
համար
կատակ
չեն
ընէր,
Անարզաբայ
չէ:
Վերակացուն
զիս
բռնեց,
իշխանին
պիտի
տանէր,
շատ
աղաչեցի,
որ
թող
տայ.
բերդին
դոան
առջեւ
էինք,
ազատելու
ճար
չի
կար.
դանակը
մեյ
մը
որ
կողր
մշտեցի,
այն
ելնելն
էր,
մէկ
մ՚ալ
այն
տեղուանք
չի
տեսանք:
Բայց
լաւ
դուռ
էր,
հոն
մնացողը
մարդ
կը
լինի,
սրիկայ
չլինիր:
—
Հոս
այդպէս
բանի
նեղութիւն
չի
կայ:
Ահա
իշխանիկը
կ'ուգայ:
Եւ
ամէնքը
ոտք
ելան,
շարուեցան:
Քսանհինգ
տարու
երիտասարդ
մը
ներս
կը
մտնէր
նոյն
միջոցին,
երեք-չորս
զինեալ
ծառաներով,
բարակներով
եւ
բազէներով
որսէ
կը
դառնար:
Գեղեցիկ
եւ
գոռոզ
երիտասարդ
մ՚էր,
հազիւ
թէ
աչք
մը
ձգեց
պահապանաց
խումբին
վրայ,
առանց
բարեւելու
իջաւ
ձիեն
եւ
իւր
սենեակները
գնաց:
Յայտնի
է
թէ
մօրը
ամենասիրելի
տղան
էր
այս.
ինչ
հաճոյք,
որ
կարելի
էր
հոգալ
իր
անդրանիկին
հօրը
կամքը
կ'ընէր
եւ
կը
ճարէր,
եւ
որպէսզի
աչքին
առջեւեն
չի
կորսնցնէ,
դեռ
տասնութը
տարեկան
կարգած
էր
վայելուչ,
թարմեւ
միամիտ
աղջկան
մը
հետ,
որ
այս
շփացած
տղուն
հաճույից
համար
ստեղծուած
լինելն
հաւտալով,
նորա
բռնաւորութեան
եւ
ամէն
կոպիտ
վարմունքներուն
աղախնաբար
կը
տանէր:
Խեղճ
կինը,
որ
արդէն
երկու
զաւկի
ալ
տէր
էր,
միմիայն
մխիթարութիւն
մը
թէ
ունէր
եւ
խորհրդատու
իր
տալը`
Օրիորդն
էր,
որուն
սուր
միտքը,
առաքինի
ծանրութիւնը
ամէնուն
ակնածութիւն
կը
բերէին,
մանաւանդ
որ
հօրը
ամենասիրելին
էր:
Սեւ
աչք,
սեւ
ընքուի,
սեւ
մազերէ
պսակեալ
բարձր
ճակատ
մը,
վայելուչ
հասակ
մը,
նայուածք,
որ
դիմացինին
սրտին
գագտնեաց
կը
թափանցէր.
տարիքեն
առաջ
անսովոր
ուշիմութիւն
իւր
բնաւորութիւնն
էին.
ներքին
եւ
արտաքին
ամէն
իր
հօրը
տան
եւ
իշխանութեան
անկարգութեանց
տեղեակ
եւ
վերահաս,
եւ
դարմաններու
անհնարութեան
նախատես
շատ
անգամ
ուղեր
էր
կուսանաց
վանք
մը
քաշուիլ,
եւ
միայն
հօրը
աղաչանաց
զիջէր
էր,
եւ
ոչ
թէ
մօրը
հրամանաց,
որ
շարունակ
զինք
կարգելու
կ'ելնէր,
միշտ
մերժուելով
եւ
աղջիկը
տեսակ
մը
անզգայ
կը
համարէր:
Իր
կեանքը
կանցուներ
աղօթքի,
բարեգործութեանդ,
իր
հարսին
մխիթարութեան
եւ
նորա
տղայոց
խնամքներու
հետ.
թէ
որ
բարի
նախախնամութեան
մէկ
նշոյլը
Անարզաբայի
պարիսպներէն
կրցեր
էր
սպրդիլ,
անշուշտ
այդ
աղջիկն
էր,
եւ
տառապելոց
միակ
յոյսը
իր
վրայ
էր,
թէ
որ
կարէնային
յաջողիլ
իմացնելու
անոր
իրենց
վիճակը`
անհողդողդ
պաշտպան
մը
կը
գտնէին.
բայց
շատ
անգամ,
նաեւ
այն
պաշտպանութիւնը`
վերջը
սոսկալի
վտանգներ
եւ
վրէժխնդրութիւն
կրնային
պատճառել,
անոր
համար
շատերը
իրենց
վիշտերը
անկից
նաեւ
կը
ծածկէին:
Այսպիսի
էր
Մարգրիտ
այդ
պալատին
մէջ`
փշոտ
մացառներու
եւ
տատասկներու
մէջ
աննման
ծաղիկ
մը,
որ
ամենեն
ժպիրհները
եւ
անզգամները
կը
յարդէին
ու
կը
պատուէին,
բացի
մէկ
անձէ,
որու
անարգ
բզէզի
սիրտը
եւ
վատ
զգացմունքները`
այդ
աղաւնոյն
մաքուր
սրտին
բարձրութիւնը
չէին
կրնար
հասկնալ:
Մինչեւ
անգամ
մի
յարմար
առիթ
գտնելով
համարձակէր
էր
աղտեղի
սրտին
գարշութիւնքը
իբրեւ
փափուկ
զգացմունք
Օրիորդին
առջեւ
տարածել,
իսկ
նա
այնպիսի
արհամարհոտ
ծիծաղով
մը
պատասխանեց
սրբազանին,
եւ
իր
պզտիկ
ոտվներով
այնպիսի
անխնայ
սաստկութեամբ
կոխկռտեց
այդ
գարշութեամբ
լեցուն
փամփուշտը`
զօր
նա
սիրտ
կ'անուանէր,
որ
ալ
պայթելով,
զեղանելով`
համարձակեցաւ
Օրիորդին
թեւը
բռնել,
իբրեւ
թէ
բռնութեամբ
առ
ինք
ձգելու
համար,
բայց
չէր
գիտէր
նա
ի՞նչ
անընկճելի
բնաւորութիւնք
կան.
մէկեն
սոսկալով
ետ
քաշուեցաւ,
վասնզի
Օրիորդին
աջ
ձեռքին
մէջ
փոքրիկ
սայրասուր
դաշոյն
մը
այնպիսի
արագութեամբ
իր
աչքերուն
փոյլեցաւ,
որ
նուիրական
անձը
բոլոր
իր
սրբութեան
վերարկուն
հագնելով,
ինչպէս
օձն
իր
շապիկը,
խոստովանեցաւ
թէ
փորձելու
համար
էին
ամէն
խօսքերն
ու
շարժմունքները,
եւ
թէ
շատ
գոհ
էր
Օրիորդին
առաքինութենեն,
որ
նոյնպէս
պարզութեամբ
խնդրեց
իրմէ
իւր
միամտութիւնը
ուրիշ
անգամ
չի
փորձել,
վասնզի
այդ
տեսակ
փորձութեանց
ու
կատակներու
փոխարէն
կրնար
հարուած
մը
տալ
եւ
ամէն
բան
հօրը
իմացնել.
եւ
ոսկեպատեան
փոքրիկ
դաշոյնը
իր
զգեստներուն
մէջ
դարձեալ
ամփոփեց
եւ
հեռացաւ:
Նոյնպէս
սրբազանը
իր
ճամփան
գնաց`
ուխտ
եւ
դաշինք
դնելով
մտքեն,
ուրիշ
անգամ
այսպիսի
վայրենի
եւ
անամոք
սրտերու
փորձութեան
խաղ
ամենեւին
չի
խաղալ:
Գիտեն
մեր
ընթերցողք,
թէ
ինչ
տաժանելի
գիշեր
մ՚անցուց
Սմբատ
իշխանը.
ուստի
առտուն
կանուխ
ելաւ
ծաղկանց
պարտէզը
պտոյտ
մ՚ընելու
համար,
եւ
զարմացաւ
այն
ժամանակ
հոն
գտնելով
իր
աղջիկը,
որ
վարդի
կոկոն
մը
ձեռքը
կը
պտըտէր:
—
Աս
ատեն
դու
ելեր
ես,
աղջի՛կս,
ի՜նչ
զարմանք:
—
Զարմանք
թէ
որ
կայ`
քեզի
համար
է,
հայրիկ,
որ
միշտ
ուշ
կ'ելնես,
իմ
սովորութիւնս
միշտ
այս
ատեն
հոս
գտնուիլն
է:
Ուրեմն
արտաքոյ
կարգի
վիճակի
մը
մէջ
ես:
—
Այո՛,
արտաքոյ
կարգի
երազներ
զիս
անհանգիստ
ըրին:
Չե՞ս
հարցնէր
թէ
ինչ
երազներ
էին:
—
Գիտեմ,
—
ըսաւ
Օրիորդը:
—
Ի՞նչ,
իմ
երազներս
գիտե՞ս,
—
հարցուց
իշխանը,
աչքերդ
մեծ,
մեծ
բանալով:
—
Գիտեմ
թէ
Թորոսի
հետ
էիր
բոլոր
գիշերը:
—
Ինչե՞ն
գիտես:
—
Անկից
գիտեմ,
որ
մենք
տասը
տարիէ
ի
վեր,
քանի
որ
ես
ինքզինքս
կը
ճանչեմ,
այսպիսի
վտանգի
մը
մէջ
չէինք
գտնուէր.
եւ
կարելի
է,
որ
քանի
մը
օր
վերջը
թէ
որ
չընկնինք
իր
ձեռքը`
փախստական
եւ
թափառական`
օտարներու
դուռը
պիտի
զարնենք
ասպնջականութիւն
փնտրելու
համար:
—
Այս
ի՜նչ
յուսահատ
եւ
թշուառ
գուշակութիւններ
են,
քա
աչքերդ
կ'երեւայ
թէ
ամէն
բան
սեւ
ու
տխուր
կը
տեսնեն:
—
Թէ
որ
ես
սեւ
ու
տխուր
կը
տեսնեմ,
միթէ
ի՞մ
է
յանցանքը:
Հինգ
տարի
է,
հայր
իմ,
որ
ամէնուն
եւ
քեզի
շատ
անգամ
աղաչեցի,
որ
քիչ
մը
գութ
ունենաք
խեղճերուն
վրայ,
որոնց
բախտը
ձեր
ձեռքն
է
յանձնէր
աստուած.
եւ
ինձի
մտիկ
չըրիք:
Այնչափ
աղաչեցի,
որ
սա
անպիտան,
անգութ
եւ
սրիկայ
զինուորաց
տեղ
պարկեշտ,
համեստ
եւ
ուղիղ
մարդիկներէ
խումբ
մը
կազմել,
եւ
թէ
որ
աւելի
քիչ
ալ
լինէին`
կարելի
էր
աւելի
վստահութիւն
ունենալ
մտիկ
չըրիք:
—
Աւելի
քիչուոր
թէ
լինէին,
ինչպէ՞ս
աւելի
վստահութեան
արժանի
կ'ըլլային:
Չեմ
հասկնար:
—
Շատ
պարզ
էր.
քաղքին
բոլոր
ժողովուրդը
մեզի
հետ
կը
լինէր.
երբ
հիմա
աս
աւազակներուն
պատճառաւ,
նաեւ
մեր
հարըս
տահարութեանց
պատճառաւ`
ամէնքը
մեզի
հետ
թշնամի
են
եւ
վաղը
առաջին
վտանգին
մեզի
դէմ
պիտի
միաբանին:
Եւ
որ
աւելի
մեծն
է,
այս
անպիտան
աւազակներուն
վստահիլ
կարելի
չէ,
եւ
մեծ
անխոհեմութիւն:
Այս
խօսքերուն
իշխանը
տխուր`
աչքերը
գետինը
սեւեռած
կը
մտածէր
եւ
լռութիւնը
երկար
քշելեն
վերջ,
ըսաւ.
—
Ուրեմն
ես
շատ
գէշ
ըրի,
երբ
երէկ
բարկութեամբ
եւ
նախատանոք
մերժեցի
Թորոսի
պատգամաւորը:
—
Անտարակոյս,
դժբախտաբար
ես
երբ
իմացայ`
շատ
ուշ
էր,
եւ
պատգամաւորը
արդէն
ձի
կը
հեծնէր:
—
Բայց
դու
իմացա՞ր
թէ
ինչ
ամբարտաւան
պատգամ
ինձ
յուղարկել
յանդգնէր
էր
այդ
ապստամբը:
—
Ամէնն
ալ
իմացայ
տեղն
ի
տեղ:
—
Էյ՜…
—
Կեցի՜,
սիրելի
հայրիկ,
արդար
լինելու
համար
դու
ինքզինքըդ
Թորոսի
տեղ
դիր,
Թորոս
եղիր
վայրկեան
մը,
բանտեն
փախած
ութը-տասը
օրուան
մէջ
հինգ-վեց
բերդի
տէր
եղիր,
տասը,
քսան
հազար
զօրաց
հրամայէ,
եղի՛ր
քաշ,
եղիր
խելօք,
Տարսոնի
կուսակալը
խորտակե…
—
Բայց
դու
այս
առասպելներուն
կը
հաւատա՞ս,
աղջիկ:
—
Բայց
ասոնք
առասպել
չեն,
ստուգութիւն
են:
—
Դու
ուսկի՞ց
գիտես:
—
Ես
այս
քաղքիս
մէջ
քու
լրտեսներեդ,
ամենեն
եւ
Վասիլեն
շատ
աւելի
աղէկ
գիտեմ
ինչ
որ
կ'անցնի:
—
Ի՞նչ
կ'ըսես:
—
Այո՛,
ես
երբ
առտուները
իմ
ծերուկ
Մարտիրոսը
հետ
առած,
իմ
դեղերու
տռւփս
մէկտեղ
կ'իջնեմ
քաղաք,
յսմեն
տուն
կը
մտնեմ,
հայ,
յոյն,
տաճիկ
իրենց
հիւանդութիւնները
եւ
վէրքերը
ինչպէս
տուները,
ինձի
կը
բանան,
ամէն
բան
կ'իմանամ.
գիտեմ,
որ
բոլոր
քաղաք
այր
եւ
կին,
ծեր
եւ
տղայ,
քահանայ
եւ
աշխարհական
մեզի
թշնամի
են,
գիտեմ,
որ
երբ
թշնամին
գա
ու
բանակը
զարնէ,
առանց
նետ
մը,
քար
մը
նետուելու,
դռները
պիտի
բացուին.
ետքը
այս
միջնաբերդը
իր
բերդապահները
պիտի
մատնէն:
Եւ
գիտեմ
թէ
թշնամին,
որ
մենք
ապստամբ
կ'անուանենք,
մեր
կ'արծածեն
եւ
լսածեն
շատ
աւելի
զօրաւոր
է:
—
Բայց
դու
ինչի՞ն
իմացար
այս
ամէն
բան:
—
Ես
քանի
օր
է
յոյն
այրի
կը
նկան
մը
աղջիկը
կը
նայիմ,
որ
ծանր
ջերմով
կը
պառկի,
եւ
որուն
եղբայրը
Մամեստիոյ
իշխանին
ծառայութեան
լինելն
գիտէի,
երէկ`
կէսօրէն
վերջը`
երիտասարդ
մը
տեսայ
հիւանդին
սենեակը
վիրաւոր,
որ
էշ
մը
հեծուցած
բերէր
էին
Ատանայի
պատերազմեն
իր
մօրը
տունը.
տղուն
վէրքը
նայեցայ,
որ
ծանր
չէր,
այլ
անխնամ
մնալեն
ծանրացեր
էր.
ետքը
իրեն
պատմել
տուի
ամէն
բան,
իմացայ
թէ
այդ
ապստամբը
սովորական
մարդ
մը
չէր
եւ
ինքնիրեն
ամբողջ
բանակ
մը
կարժէր
իր
քաջութեամբ,
խոհեմութեամբ
եւ
առաքինութեամբ:
—
Թողունք
հիմա
այդ
մարդը
իր
կատարելութիւններով:
Բայց
դու
ըսիր
թէ
քահանաներն
ալ
մեզի
թշնամի
են
հոս,
այս
քաղքիս
մէջ:
Ես
անոնց
ամէնուն
փիլոնն
առնուլ
կ'ուտամ:
Հիմա
սրբազանին
հրաման
կ'ուղարկեմ:
—
Ի՜նչ
օգուտ
անոնց
փիլոնը
առնելեն.
անով
մեզի
աւելի
բարեկա՞մ
կ'ընենք
զիրենք:
Արդէն
այդ
սրբազանն
ալ
միթէ
մեր
վէրքերուն
մէկը
եւ
մեծը
չէ՞…
ի՜նչ
պարապ
տեղ
կը
խօսիմ
այս
նիւթերուս
վրայ,
տեսնենք
դիպուածները
մեզի
ի՞նչ
կը
պատրաստեն:
Երկար
լռութիւն
մը
յաջորդեց:
Իշխանը
իր
պտոյտը
սկսաւ
շարունակել
պարտէզին
մէջ
վայրկեան
մը,
եւ
վերջը
անհետացաւ
գնաց
իր
սենեակը`
իր
լրտեսներուն
հետ
խորհրդակցելու
համար: