Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Քանի մը տարիներ անցան, Տորոսի հայը Թորոսի լաւ խնամատարութեամբ եւ իմաստուն կառավարութեամբ երջանիկ վիճակի մէջ մտէր էր. քաղաք, գիւղ եւ խրճիթ ուրախութեան երգոց եւ նուագարանաց արձագանքներով լեռները կը զուարթացնէին: Ռուբինեանց տունը գրեթէ միեւնոյն ժամանակին մեծ հրճուանք մը կը տօներ. երկու ծնունդ ի միասին. Եւփիմէ աղջիկ մը, Մարգրիտ մանչ մը կը ծնէր, որ Ռուբեն անուանուեցաւ եւ ետքը իր նախնեաց աթոռը նաեւ ժառանգեց: Վահկայ եւ Անարզաբայ իրենց նորեկ հիւրերը կը տօնէին: Ամուտայ բերդը հազիւ թէ լուրը հասաւ` Բաբկէնի երեսը խնդաց, որ ինչպէս գիտենք ցանցառ պատահար մ՚էր, վասնզի իշխանիկը աղջիկ մ՚ունէր եւ ինք ալ սանուհի մը: Ուրիշ ծեր մ՚ալ, որ հազիւ թէ Վահկայ բերդին մէջ լոյս աչքով կը տեսնուէր, վասնզի օրնիբուն Տորոսի ժայռերոմն եւ բոյսերուն հետ զբաղած էր` հիմա օրրանի մը շուրջը զուարթադէմ կը պտըտէր փոքրիկ էակին վերաբերեալ նաժշտաց խորհուրդներ տալով: Մլեհ միայն կը մռմռար, կը գանգատէր աստուծմէ, բախտեն եւ կը նոջմեն, որ իրեն զաւակ մը չէին տար, եւ թէ բոլոր բնութիւն դաւադիր էր իր երջանկութեան:

Նոյն միջոցին յաջող լուրեր նաեւ ամէն կողմեն կը հասնէին Թորոսի. Մաղսուտ սուլթանն Եկոնիոյ եւ Միջագետաց, Նուրետտին ամիրայն Հալէպու, լատինաց բրինձն Անտիոքայ, տաճարական կրօնաւոր ասպէտք փռանգաց, եւ հայոց մեծ կաթողիկոսն իր հայրենի ժառանգութեան մտնելու ուրախակցութեան դեսպաններ կ'ուղարկէին եւ խաղաղութեան դաշինքներ կ'առաջարկէին: Հայ գաղթականներ խումբ-խումբ կ'ուգային կը դիմէին Տորոս, ոչ միայն ի Փոքր Ասիոյ եւ ի Միջագետաց, այդ մինչեւ հեգիպտոսէ հազարաւորք կը հասնէին: Զանոնք տեղաւորել, վիճակնին բարւոքել, զինուորական կրթութիւննին կատարելագործել` Թորոսի անխոնջ նախատեսութեան զբաղմունքն էին, վասնզի իր գործակալներն ի Կ. Պտւլիս, կ'իմացնէին, թէ կայսրը իր աստուածաբանական սիրելի խնդիրներէն եւ արեւմտեան պատերազմներին վայրիկ մը ոգի առնելով` ուշադրութիւնը ի Կիլիկիա կը դարձնէր. մանաւանդ որ ոչ միայն յոյնք, այլ նաեւ եղան լատին ամանք, որ նախանձոտ աչօք կը տեսնէին հայկական իշխանութեան վերածնութիւնը, գաղտնի գրգռութեամբ կը հրաւիրէին յունական իշխանութիւնը սանձահարել այս փոքրիկ տէրութիւնը, որու ապագան իրենց կասկածի նիւթ մը կը լինէր: Օրինակի համար կային` քանի մը ամրոցնէր, որոնք Լեւոնի գերութեան ժամանակ Պերպերուժեն կայսրը առած էր ի փռանգաց. հիմա, երբ Թորոս անոնց տիրացաւ, լատին իշխանք կը պահանջէին զանոնք յանուն տաճարականաց, վասնզի անոնք հաւատոց համար եկած են պատերազմելու, կ'ըսէին. թէպէտ իրենք ամէնքն ալ հաւատոց համար պատերազմելու եկած ալ լինելով, եւ ի հայոց երբեմն օգնութիւն գտած եւ երբեմն օգնութիւն նոցայ մատուցած, ժամանակին ամէն հարստահարութիւնքը քրիստոնէից, մանաւանդ հայոց վրայ ծանրաբեռնել չէին զգուշացած: ժամանակակից հեղինակ մը խստիւ կը նկարագրէ քսանհինգ-երեսուն տարի առաջ անցած դիպուածները: «Հոն, կը ցուցնէ նա, ֆռանգ իշխանները կը յարձակէին նա խանձելով հայ իշխանաց վրայ, որք փոքր զօրութեամբ պարսից ձեռքեն առած էին շատ տեղուանք իրենց քաջութեամբ եւ բնակարան կերտած էին, աւելի քան զթուրքն կը նեղէին զանոնք ու տարիով պաշարելով իրենց բոլոր գաւառները ձեռքերեն կառնուին, որոնցմէ ոմանք Ապլխարիպ Պիրի իշխանին պէս կը թողուին ամէն կալուածքնին եւ անճարեալ կ'երթային առ իշխանն հայոց Թորոս (հօրեղբայր մեր Թորոսին) հանարզաբայ. ինչպէս տղայ Վասիլն տէր Քեսնոյ, որ կ'երթար փախստական ի Կոստանդնոլպալիս ամենայն ազատոքն. ինչպէս Բագարատ, այր քաջ, տէր Արեւընդունի, որ հազիւ կը ճողոպրէր, ինչպէս Կոստանդին, տէր Կ'առկռայ, որ Սամուսատայ բերդին մէջ ի կապանս կը մեռնէր, նաեւ շատեր կային գեղեցիկ իշխանք, որ ի բանտի չարչարանաց եւ կապանաց մէջ կը մեռնէին, եւ շատեր ալ կային, որոնք աչքերը խաւարեցուցած էին, ձեռքերնին, քթերնին եւ այլ անդամներնին կտրած եւ ի կախաղան սպաննած էին. անմեղ տղայոց հետ նաեւ խստութեամբ եւ չարչարանոք կը վարուէին: Այսպիսի անհամար անզգամութեամբք գանձեր ժողուելու համար եբկիրը բոլոր աւերակ կը դարձնէին. միշտ զբաղած էին ոչ աշխատութեամբ, այլ նստած չարութիւն եւ նենգութիւն կը խորհէին, եւ ամէն չարեաց ճանապարհները կը սիրէին, բարեաց եւ երախտեաց մոռացողք լինելով: Նոցայ շատ անիրաւութիւնները կ'ուզէի գրել, բայց չի համարձակեցայ, վասնզի նոցայ իշխանութեան ներքեւ էինք»: Այսպէս կը խօսի Մատթէոս Ուռհայեցի:

Թորոս ասոնք ամէնքը կը ճանչեր. բայց իւր դրութիւնն էր յամառ եւ անդառնալի` խստութիւն չի բանեցնել, ժամանակին դիանալ, տեղի տալ, յարմարիլ եւ իրեն դէմ թշնամի չի յարուցանել. վասնզի կը տեսնէր թէ ուշ, կանուխ օրը հեռի չէր, որ Կոստանդնուպոլսոյ վրայ ժողւուած սպառնալից ամպերն փոթորկալից իրեն պիտի դիմէին: Եւ իր տեսութիւնն ստուգուեցաւ, իմացայ թէ այն Անդրոնիկոս կեսարն, որ հայոց ընդհանուր եւ Ռուբինեանց դէմ մասնաւոր ատելութեամբ լեցուն սիրտ մ՚ունէր` զօրավար կարգեալ ի Մանուէլէ կը դիմէր բանակաւ ի Կիլիկիա: Գիտէր նաեւ թէ մեծ բանակի մը օգնականք միշտ անպակաս կը գտնուէին այնպիսի ժամանակի մէջ, ուր բարեկամութիւնը հզօրաց եւ յաղթողաց համար էր: Ուստի բոլոր իր պատրաստութիւնքը տեսաւ, իր բերդերը, ամրոցներն ու լեռները զօրացուց, իր ընտանիքը ապահովեց, եւ զօրքերուն ընտիր-ընտիր խումբերը միայն հետն առած եւ իր երկու եղբարքը` գնաց Մամեստիայ սպասել թշնամուոյն, եւ հոնկից յագուրդ տալու համար Մլեհ եղբօր անհամբերութեան, որ միշտ անգործութենեն կը գանգտեր, կ'ուղարկէր զանի զօրավար հէելոց` յունաց սահմանները հասպատակութիւն: Տեսնելու էր այն ատեն զմլեհ, որ քանի մը տարի գրեթէ անգործ մնացած` ի՜նչ գործունէութիւն ձեռք կառնուր, ի՜նչ կողոպուտ եւ աւար կը հանէր երկրեն, միայն մէկ յանձնարարութիւն եղբօրը յիշելով` խնայել մարդկային կեանքին, անօգուտ անգթութեամբ պատերազմի դառն գործը աւելի չի դառնացնելով: Այսպէս կը հասնէր Մլեհ մինչեւ Տարսոնի պարֆսպներուն տակ ազատութիւն գտած բազէի պէս, ուր իր առջեւեն` մերկ փախստականներ իր խստութեան համբաւը բերած էին եւ իր սպառնալիքը` «Թէ շնորհակալ լինին հոռոմք իր եղբօր հրամանաց, ապա թէ ոչ ոչ ոք ի գերութենէ ազատ պիտի մնար իր ձեռքեն»: Եւ թէպէտ Տարսոնի մէջ վեց-յոթ հազար հոգի յառաջապահ խումբ մը կը տար պատրաստ Անդրոնիկոսի բանակին սպասող, բայց մէկը չէր համարձակէր դէմ ելնել այս երկու հազար եւ քիչ մը աւելի հեծելոց գնդին. ոչ գրգռութիւն, ոչ նախատինք, ոչ շրջակայ գիւղորէից աւերմունք եւ ծուխ չի տուին յանդգնութիւն այս մոլեկան զօրավարին դէմ դնելու: Ուստի Մլեհ տարսոնացուոցմէ յուսահատելով` յարձակեցաւ ի Լամբրոն, վասնզի գիտէր թէ նորա իշխանը յունաց Համամիտ եւ նիզակակից էր. ինչ որ համրութեանց դուրս գտաւ` ապականեց, անբաւ պաշար` արջառ, ոչխար, գրաստ բերաւ ի Մամեստիայ` աւելիով կատարելով Թորոսի հրամանը, որուն փափագը զանդրոնիկոս սովով նաեւ նեղել էր:

Անդրոնիկոսի բնական կատաղութիւնը չափ չունեցաւ, երբ իմացաւ Մլեհի ըրածները, հազարապատիկ վրէժ հանել ի հայոց կը խոստանար` կերդնոյր եւ առանց դադրելու կը քշէր բանակը յառաջ. երկայն կ'երեւար իրեն ճամփան Տարսոնէ մինչեւ Մամեստիայ, ուր լսէր էր թէ Թորոս կը բանակէր: Արդէն իր տասներկու հազար զօրաց վրայ նոյնչափ մ՚ալ աւելցեր էին նիզակակիցք, որոնց մէջ քանի մը հատ երեւելի հայկազն իշխանք ալ կային, ոմանք հաւատարիմք յունական կայսրութեան, ոմանք ի Թորոսէ եւ ոմանք իրենց բռնութեանց համար ժողովրդեան ապստամբութեամբ զրկուած իրենց կալուածներէն:

Իսկ հայոց իշխանը իւր զօրօք նստած ի Մամեստիայ, կը սպասէր թշնամուոյն. իր հանդարտ եւ զուարթ երեսը մեծ վստահութեան մ՚էր իր զօրաց, եւ իբրեւ աւետիս ընդունեցաւ թշնամուոյն հասնելուն լուրը:

Բայց զօրապետաց եւ գնդապետաց զարմանքը բոլորովին այլայլութեան դարձաւ, եւ Մլեհինը կատաղութեան, երբ առ ժամայն զամենք խորհուրդի հրաւիրելով, հրամայեց Բաբկէնի առնուլ իրեն լաւ թարգման մը եւ երթալ յունաց բանակը առ Անդրոնիկոս կեսար` խաղաղութիւն խնդրելու համար, ըսելով. «Մենք ալ կայսեր ծառայքն ենք, միայն կը խնդրենք, որ նա հաճի մեզի հետ բարեսրտութեամբ վարուիլ. ինչպէս մենք մեր հայրենի ժառանգական երկրին սահմաններէն դուրս չելանք եւ թէպէտ դիւրին էր Տարսոնի նաեւ տիրանալ, բայց չուզեցինք, որպէսզի կայսեր իրաւացի բարկութիւնը չի շարժենք. ուստի ինչ արդար խաղաղութեան պայմաններ որ ունի` առաջարկէ, եւ անօգուտ արիւն եւ աւերմունք չի բերենք այս երկրին վրայ»:

Իսկ Բաբկէն այս խօսքերը լսելուն թէպէտ սառեցաւ վայրկեան մը, բայց որովհետեւ լաւ կը ճանչեր զթորոս եւ գիտէր անոր քաջութեան չափը ու միանգամայն խոհեմութիւնը, դանդաղ քայլ մը առաւ երթալու` թէպէտ ակամայն իր երեսին վրայ նկարուած էր եւ կը մտածէր թէ արդեօք սխա՞լ հասկցաւ, երբ տեսաւ թէ իշխանը խօսք մը չաւելցնէր ելաւ հրամայուածը կատարելու:

Բայց ապուշ սառնութիւնը, որ ընդհանուր էր` անհետացաւ, եւ ընդհակառակն, բորբոք մը սկսէր էր յաջորդել ամէնուն սրտին մէջ. արդէն Մլեհի երեսները կարմրեցան, եւ աչքերը արիւն լցուեցան, եւ Թորոս անոր սրտին տրոփը քովեն գրեթէ կը լսէր. միայն ինքն կայր անխռով եւ սկսաւ խօսիլ:

«Ո՜վ իմ քաջ նիզակակիցքս, կը զարմանաք իմ այս դեսպանութեանս վրայ, եւ կարելի է, որ ձեր մէջեն ոմանք, եւ թերեւս ամէնքդ ալ բարկութեամբ եւ դառնութեամբ կը լցվփք լսելով այս իմ խոնարհական լեզուս, եւ ես թէ որ իմ սրտիս ձայնը լսէի ոչ երբեք այդ խօսքերը թշնամուոյ մը` եւ այսպիսի անզգամ թշնամուոյ մը պիտի ընէի. բայց ո՛վ որ ժողովրդոց առաջնորդ եւ իշխան է, պէտք է մարդկանց, աստուծոյ եւ իր խղճմտանքին առջեւ լաւ քննէ ամէն բան եւ արդարութիւն գործէ: Մենք մարդկային արեան ամէն մէկ կաթիլին համար պատասխան պիտի տանք աստուծոյ. անոր համար մեր փառասիրութիւնն ու մեր ամբարտաւանութիւնը պէտք չէ որ մեզի առաջնորդ առնունք, այլ մեր ազգին օգուտը: Ես ձեզի յայտնի կը խոստովանիմ, թէ հայ ազզին օգուտը կը պահանջն, որ յունաց հետ եղբայրաբար երթանք, անոնց նիզակակից լինինք ընդդէմ այն թշնամեաց, որ զմեզ կը շրջապատեն եւ օրաւուր կը զօրանան: Յունաց կայսրութիւնը թէ որ ճանչեր իր օգուտը` փոխանակ զմեզ նեղելու, զմեզ կը զօրացնէր եւ պատնէշ մը զմեզ կը կանգնէր այն ամէն այլակրօնից դէմ, որ մեծ ծովու պէս կը դիզուին` կը բարձրանան եւ զինքն ալ պիտի ողողեն: Ես իբր քրիստոնէ եւ իբր հեռատես իշխան պարտաւոր էի այս դեսպանութիւնն ընելու, եւ խաղաղութեան սկիզբ մ՚ընելով զօրաւոր դաշնակցութիւն մը հաստատելու ջանալ ի մէջ երեք քրիստոնեայ ազգաց, որ միաբան կրնային թումբ մը կազմել ընդդէմ այլակրօնութեան, մինչդեռ հիմա, ընդհակառակն, բաժան եալ ատելութեամբ պիտի կործանին եւ անհետ պիտի լինին: Պէտք էր քրիստոնէից` նոյնիսկ մահմեդականաց օրինակին հետեւին, որ իրենց մէջ ծագած պատերազմներու մէջ իրենց կրօնապէտք ամէն ջանք կ'ընեն խաղաղութիւն հաստատելու եւ արիւնը դադրեցնելու: Երբ համօթ եւ ի նախատինս քրիստոնէութեան մերայինք չնչին եւ մտաց անհաս խնդիրներու համար արեանց գետերու պատճառ կը վինին… Բայց դուք ինչո՞ւ գայթակղեցաք, ինչո՞ւ զայրացաք, դուք թշնամին չէ՞ք ճանչեր, դուք Անդրոնիկոս չէ՞ք տեսեր. ես տեսեր եմ. ես պատերազմէր եմ իրեն դէմ, եւ մեր մէջ ամենեն աղէկ զինքը ճանչցող մէկը թէ որ կայ եւ սուր-սուրի եկած է իր հետ, նա է, որ հիմա իբրեւ դեսպան խաղաղութեան` գնաց իրեն հետ խօսելու: Անդրոնիկոս ոչ միայն խաղաղութիւն պիտի չընդունի, այղ մեր խոնարհական դեսպանութիւնը մեր տկարութեան նշան պիտի համարի, եւ մենք անպարտ կը մնանք աստուծոյ առջեւ այն արիւնեն, որ պիտի թափի: Բայց թէ որ անհաւատալին հաւատալի լինի եւ յոյնք շնորհեն մեզի խաղաղութիւնն, որ մենք կը խնդրենք, արդար եւ իրաւացի ասպարէզ մը կայ մեր առջեւ արեւելք ու հարաւ ընդարձակելու եւ զօրանաղու համար եւ մեր խեղճ, անտէրունչ ազգը ժողուելու եւ գերութենէ ազատելու համար: Ահա պատճառները, որ զիս այս պատգամաւորութեան յորդորեցին. ո՛վ որ կամի բացատրութիւն մ՚ուզել, պատրաստ եմ տալու»:

Քանի որ խօսեցաւ Թորոս, կիրքերը խաղաղեցան եւ նոյն ինքն Մլեհ հանդարտեցաւ, մանաւանդ երբ Թորոս Անդրոնիկոսի խաղաղութեան ընդունելութիւնը անկարելեաց կարգը դրաւ` զուարթութիւն մը եկաւ երեյսին վրայ եւ ըսաւ.

Բացատրութեան պէտք չունինք, երբ կը տեսնենք թէ այս դեսպանութիւնը նախատինք մը չի կրնար բերել մեր պատուոյն եւ մեր քաջութեան:

Ժողովքը ցրուեցաւ դարձեալ գումարուելու համար Բաբկէնի վերադարձին. երբ քաղքին դռները բացուեցան, եւ ծեր զինուորը մտաւ եւ եկաւ կայնեցաւ ատ եանին մէջ, լուռ` ամէնքը պշուցեալ իրեն կը նայէին եւ կը սպասէին:

Իշխանդ մեծ, ըսաւ Բաբկէն, հոռոմք մեզի հետ խաղաղութիւն ընել չեն ուզէր:

Ի՞նչ կ'ըսեն, այն պատմէ մեզի, Բաբկէն իշխան, զրուցեց Թորոս:

Որովհետեւ կ'ուզէք, որ ձեզի պատմեմ եւ այն Անդրոնիկոսին ըսածները կրկնեմ, լաւ լսեցէ՛ք: Նախ մեզ տարին վրան մը գոցեցին, իբր թէ անպիտան գերիներ լինէինք, ի՜նչ նախատական խօսքեր, որ ամէն ատեն սովորութիւննին է զրուցել հայուն անձին ու հաւատքին` ականջնուս կը մռմռային վրանին շուրջը. ետքը զմեզ առին Անդրոնիկոսի առջեւ հանեցին, որ մեծ վրանի մը մէջ բարձր ուռած նստած, մեր խոնարհ պատգամը մտիկ ըրաւ. եւ անարգանոք ու քամահրանոք այս խօսքերը զրուցեց. «Գնա՛, զրուցէ ապստամբին` ապստամբին տղուն թէ` շղթայները, որով քու հայրդ կապեցինք, մէկտեղ ունիմք, որ զքեզ ալ կապենք, տանէնք»: Եւ ձեռամբ ըրաւ, որ զմեզ դուրս հանեն: Մենք ալ բոլոր յունական բանակին հայհոյանքներն ու քրքիջները ետեւնես` հեծանք մեր ձիերն ու դարձանք: Ահա մեր դեսպանութեան բոլոր պատմութիւնը: Եւ այս խօսքերն ըսելով զայրագին նստաւ Բաբկէն:

Լսեցիք, իշխանք, ըսաւ Թորոս, տեսնենք հիմա աստուած զո՜վ պիտի խնգացնէ: Ես նորա արդարութեան միշտ հաւատացեր եմ, ինք վկայ է, որ ես ջանացի խնայել մարդկային արեան, կայսրը եւ Անդրոնիկոս չուզեցին. ընենք ուրեմն մեր պարտքը, ցուցնենք թէ մեր հարց որդիքն եմք, եւ թէ դիւրին չէ ամէն անգամ, շղթայ անցնել Ռուբենի թոռներուն վիզը եւ հայուն համբերութեան հետ խաղալ:

Այս խօսքերը ըսաւ եւ ելաւ, ու ամէնքը ցրուեցան իրենց տեղը. ինք միայն պարսպին բարձր մէկ կողմը Դիոնիսին դիտակը ձեռքը կը դիտէր, կը նայէր այդ բանակին, ուր խառնակութիւն եւ վստահութիւն կը թագաւորէին. կը տեսնէր երաժիշտներ եւ գուսաններ, կը տեսնէր զինուորաց հետ խառնակեաց կանանց խումբեր, եւ ինքնիրեն կրսեր. «Այդպիսի անկարգ բանակ մը հիմա զօրաւոր յարձակմամբ մը անկարելի չէ ցրուել, բայց աւեւի ապահով միջոցներ ինչո՞ւ չի գործածենք, խնայենք մեր արեան, սպասենք յարմար առթին, հեռու չէ անշուշտ»:

Երբ իջաւ պարսպեն, անմիջապէս կանչել տուաւ Սարգիսը, որուն յաջողակութեան եւ արթնութեան վրայ մեծ համարմունք ունէր.

Այս գիշեր պէտք է Անարզաբայ երթալ:

Լաւ՛, իշխան:

Ստեփանէի իմացնել, թէ պահեստի գտնուած բոլոր զօրքերը դումարելու եւ թշնամուոյն ճամփան կտրելու խորհուրդը պէտք չէ ուշացնել, այլ մինչեւ երեք օր պէտք է կատարել. վասնզի այս կը նամարդեայ յանձնապաստան բանակին համար չէ այն զգուշութիւնները, ինչ որ առաջ իրեն հետ որոշէր էինք: Ուրեմն քեզ տեսնեմ, բարի յաջողումն:

Եւ ահա Սարգիս ելաւ իշխանին քովեն, փոքրիկ դուռը, որ պարսպեն գետը կը հանէր, հոն իջաւ, ջուրերը շարժեցան եւ քիչ վերջը մութին մէջ կորովխ ընթացքով կը հեռանար` կ'երթար Անարզաբայ ճամփան: