Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այն գիշերը մեծ ուրախութեամբ եւ զուարթութեամբ վայելեցին վանքին հիւրընկալութիւնը մեր ուղեւորք, եւ Բաբկէն զարմանքով տեսաւ սեղանին վրայ իր քով նստած աշխարհականի զգեստներով ճերմակ մորուոք մը, որ առանց խօսելու իր բոլոր ծանրութեամբ եւ լաւ ախորժակով կ'ուտէր, Բաբկէն երբեմն-երբեմն քովնտի ակնարկ մը կը նետեր սա նոր սեղանակցին, որ ամենեւին իրեն ուշ չէր դնէր: Վերջապէս վանահայրը տեսնելով թէ սեղանին վրայի լռութիւնը այս պատճառաւ իրօք վանականաց սեղան մը կը դառնար, ինք որ աբեղաթող կը համարէր այն օրը իր միաբանից

Բաբկէն հայրիկ, ըսաւ, ձեր ճամփու ընկեր վարդապետը չե՞ս փնտրեր:

Հայր սուրբ, ես կը յուսայի եւ կը փափագէի զինքն հոս գտնել, բայց ձեր հրամանը գիտէ տնօրինել. մենք զինուոր ենք կրօնաւորաց համար ալ լսէր ենք թէ զինուոր են` իրենց վանահօր կը հնազանդին:

Նորա փոխարէն ահա քեզի ուրիշ բարեկամ մը ես գտայ, Սեւ լեռնեն է նա ալ, իրեն տեղեկութիւն ինչու չես հարցնէր:

Բաբկէն քննող աչօք դարձեալ նայեցաւ քո վինին, բայց չի կրնալով ճանչել, եւ սեղանին հորթի, կաքաւի եւ կաթնեղէնի պատրաստուած խորտիկներն ու համադամներն, Կիպրոսի տեսակ-տեսակ գինիներն իր ախորժակին յարմար գալով, եւ նորա յամառ լռութենեն ձանձրացած

Հայր սուրբ, ըսաւ, սա բարեկամը ինձմէ անօթի կ'երեւայ, ոչ անուն կ'ուտայ եւ ոչ ձայն կը հանէ:

Բաբկէ՛ն, ըսաւ քովինը շեշտակի իրեն նայելով, զիս չե՞ս ճանչեր:

Աստուած վկայ Կոստանդին ինքն է, նա է, անոր ձայնն է, ըսաւ Բաբկէն դէպ անոր դառնալով եւ աչքերը խոշոր-խոշոր բանալով, փառք աստուծոյ, ողջ է:

Փառք աստուծոյ, որ զիս ճանչեցիր:

Թէ որ ձայնդ չի լսէի, խա՛չ, որ պիտի չճանչէի:

Ամէնքը սկսան խնդալ, ուրախութիւնը կը տիրէր սեղմանին վրայ. վանահայրը, որ պատուական եւ իմաստուն անձ մ՚էր եւ որու իմացուցած էր Կոստանդին ո՛վ ոք լինելն, կատարեալ հիւրատմեծար գտնուեցաւ իրենց, եւ խոստացաւ ամէն դիւրութիւն եւ ապահովութիւն ճարելու Տորոսի լեռները գտնել տալու համար հայ իշխանին: Ահ գիշերը ապահովութեան եւ վստահութեան վիճակի մէջ` Դիոնիս իր տաժանելի աչալրջութենեն յոգնութիւն կառնուր, Բաբկէն ուրախ էր ամէն բան դիւրանալուն, Թորոս թէպէտ սակաւախօս` գոհ էր ամէն բան մինչեւ այն օր անվտանգ յաջողելուն: Եւփիմէ միւսին գոհութիւնը տեսնելով զուարթութիւնը գեղեցկութեան հաւասար կը փայլեցնէր, իսկ Կ'ոստանդնի ուրախութիւնը անպատմելի էր: Այս մարդը շարունակ իր Մեծին Հայաստանի ճամփորդութիւնները կը պատմէր, վասնզի հայաբնակ երկիր չի կար, որ հինգ տարի շարունակ պտտած չլինէր, Վրաստանէ մինչեւ Միջագետք, Սպիրէ մինչեւ Ատրպատական` տեղ չէր ձգած, որ խուզած չըլլար, վասնզի կենաց յոյս մը կը փնտրեր Կիլիկիայէ դուրս եւ չէր գտնէր. հայ թագերու պաշտպանութեան համար շինուած բերդեր, բերդաքաղաքներ օտարին իշխանութեան եւ բռնութեան գործիք ու ամրութիւն եղած էին: Անի նաեւ, մեծ Անին, հազար ու մէկ եկեղեցուոյ Անին, նա՛ ալ կենդանութեան յոյս չէր տար. եւ ժողովուրդը, որ անգամ մը գնացեր իր թագաւորաց գերեզմաններուն վրայ ողբ դրեր, լացէր էր, ալ չէր հավտար թէ նոցայ ստուերներն դարձեալ պիտի ելնեն կանգնին, փրկել Հայաստան: Քրիստոնեայ դրացի եւ ազգակից ժողովուրդ Վիրք, նաեւ հայ զօրավարաց ձեռամբ վարեալ, հայ ազգը հալածելու եւ հարստահարելու կը նկրտէին. Վասպուրականի դասալիք Արծրունեաց յիշատակը անհետացեալ էր գրեթէ, եւ յիմար ժողովուրդ մը կործանեալ գահին պատուանդաններուն վրայ կաթողիկոսական բաժանման աթոռ մը հաստատելով կը մխիթարուէր:

Այս երկար պատմութեան ամէնքը կը մրափէին, Թորոս միայն այս կենդանի աշխարհագրութեան եւ վիճակագրութեան մէկ բառը չէր կորսնցնէր եւ մութ մնացած խնդիրները կը պրպտէր, կը լուսաբանէր. Կոստանդին կը զարմանար, կը շփոթէր իր իմաստալից հարցաքննութեան առջեւ, որ ամէն բան կը ճշտեր` տեղերը, վիճակները, հեռաւորութիւնները: Երբ ամէնքը իրենց տեղը գնացին ննջելու` դեռ աս երկու անձինքը նստած կը խոսէին Կիլիկիոյ վրայ. հայ եւ օտար ժողովրդոց թուոյն, վիճակին, յոյսերուն, իշխանաց, կառավարութեան ձեւին, զօրաւոր դիրքերուն եւ ամրութեանց վրայ. մինչեւ որ նաեւ հաւերն ալ սկսան խօսիլ, եւ Կոստանդին ինք պարտաւորեցաւ յորդորել զթորոս երթալ քնոյ հանգիստն առնուլ: Երբ Թորոս գնաց, տեսաւ, որ իր սենեկին դռանն առջեւ Բաբկէն մէկ աչքը քուն, միւսն արթուն կը պտտի. եւ երբ զինքը տեսաւ` գնաց իր հին զինուորակիցը գտնելու: Մտաւ սենեակը, ուր Կ'ոստանդնի հետ պիտի պառկէին. առջի խօսքը, որ ըսաւ Կոստանդին` աս եղաւ.

Բաբկէն, աստուած վկայ, որ աս իրիկուն համոզուեցայ թէ Կիլիկիա իր փրկիչը գտաւ. սա երիտասարդը` թէ որ ինչչափ խելք ունի, այնչա՛փ ալ քաշութիւն ունի` հորմեն ալ վեր, հօրեղբօրմեն ալ վեր պիտի լինի:

Դու ի՞նչ կ'ըսես, եղբա՛յր, անցեալ օր վեց-յոթ հոգի իրար վրայ անշունչ գետինը ձգեց, տասներեք հոգի էին մեր վրայ յարձակողները:

Այդ հոռոմ ծերը եւ իր աղջիկն ի՞նչ բան ունին ձեր հետ:

Աղջիկը Հոռոմ չէ, իշխանին պսակեալ կինն է. մեր Արծրունի թագաւորաց ցեղեն է:

Իշխանը պսակուեցաւ՞… Արծրունի կին առաւ՞… լաւ, հա՛, քիչ մ՚ալ սա ծերն հայ մկրտիր, Բաբկէն:

Ծերը հայ չէ, բայց հոռոմ ալ չէ, վասնզի շատ լաւ է եւ հայու բարութիւն կուզէ:

Բաբկէն, դու ցնդէր ես, խելքդ կորուսէր ես, այս մարդը հոռոմ է, ոգեմն լաւ մարդ չի կրնար ըլլալ, հայու ալ բարութիւն չի կրնար ուզել:

Տէ՛, ի՞նչ կ'ըսես. նայէ՛ աս իմ գլուխը հայու գլուխ է, խոթէ սա մատդ ոսկորին մէջ, աս գլուխը հոռոմները կոտրեցին այդ մարդ լաւցուց. հիմա հաւտացի՞ր… մենք բանտեն ուսկի՞ց պիտի եւնէինք թէ որ աս մարդը չըլլար, թէ դա աղջիկը չըլլար: Ատօնք մեզ ազատեցին. մենք նորէն բանտ մտած էինք քու պատճառաւդ` թէ որ աս ծերը մէգի չի փախցներ… թէ որ աս ծերը մեզ հետ չլինէր, մենք հոռմի նաւերուն մէջ ինկած բռնուած էինք. ծոցը պզտի. հաստ գաւազան մ՚ունի ծակած, մէջը փայլուն. կը դնէ աչքին, կը նայի աշխարհքին ծայրը ինչ կ'ընեն մարդիկ` կը տեսնէ, կ'իմանայ:

Հիմա հաւտացի թէ լաւ մարդ է այդ ծերը եւ հոռոմ չէ, ըսաւ Կոստանդին եւ կօշիկները հանելով վերարկուն քաշեց գլուխն` երկնցաւ պառկելու:

Նոյնը ըրաւ Բաբկէն, բազմոցին միւս կողմը, եւ սկսան քնել: Վանահայրն իր հիւրերուն քունը չի խանգարելու համար առանց զանգակի իջեր էր իր միաբանից հետ Վանայ անշուք եւ փոքրիկ եկեղեցին, ժամերգութիւն կատարելու. պատարագին ամէնը ներկա էին, եւ երբ սարկաւագը «Ազատութիւն եղբարց մերոց գերելոց» կ'երգէր` Բաբկէն մեծաձայն «Ամէն» գոռոց, ու ամէն գլուխ, երբ իրեն կը դառնային, ինք անխռով եւ մեծ հաւատոք իւր աղօթքը կը շարունակէր:

Երբ եկեղեցիեն ելան, վանահայրը լաւ ճաշ մը պատրաստել աւէր էր իր հիւրերուն. եւ վերջը անոնց փափագը կատարելու համար ինքն ալ իրենց հետ որսի ընկերացաւ: Կոստանդին ուրախ աչօք կը տեսնէր եւ կը համոզուէր Թորոսի թեւին զօրութեան եւ աչքին ճշտութեան ի նետաձգութիւն, նորա սրընթաց կորովոյն, որ այծեման պէս վախերու եւ գահավէժներու եզերքը կը վազեր, եւ այնչափ տարուան անշարժութիւնն, որ իր միտքը սրացուցեր եւ բարձրացուցեր էր, ջիզերուն ուժը չէր թմրեցուցեր: «Ահա երիտասարդը, որ մէկ հատիկ մարդ է մեր փրկութեան համար. ես յիմա՜ր, որ Հալէպու ամիրային պալատը կ'երթայի մարդ փնտրելու եւ երկու թեթեւամիտ տղաք կը գտնէի, որոնց մէկուն սիրտը այնչափ չար էր, որչափ գլուխը թեթեւ. իրաւ աստուած մեր խեղճ լեռները կը սիրէ եղեր»: Ետքը կը դիտէր Եւփիմեն, որ ծերուն հետ կը քալէր միշտ աչքը Թորոս են չի զատելով: «Հա՛, մեր Լեւոնին տղան բարեբախտ ալ է, այդ կինը գեղեցիկ եւ ազնուական է, եւ մեր իշխանը սրտանց կը սիրէ. բայց այդ ծերը ի՜նչ է իր սուր եւ արհամարհոտ աչքերով, հազիւ թէ աղջկան ըսածներուն պատասխան կ'ուտայ, միտքն ալ գիտես թէ ուրիշ տեղուանք կը պտտի…»: Եւ աս խորհրդածութեան մէջ յանկարծ, երբ որսը միտքը գար` երկու նետ կը նետեր, որք երբեք պարապը չէին սլանար: Երբ Թորոս բաւական զուարճացաւ, եւ որսն ալ առատ դիզուեցաւ, վանքին վերի գլուխը, ուր վանահայրը եղեւնի ծառերուն շուքին տակ սեղանը պատրաստել տուած էր կանաչ խոտին վրայ ծովը առջեւնին եւ անդին ամպերու պէս դիզուած Տորոսի լեռները, բաժակներ քամուեցան Կիլիկիա ազատութեան եւ անոնց կենդանութեան համար, որ կեանքերնին այղ սուրբ նպատակին համար պիտի վտանգէին:

Երկրորդ օրը, Թորոս` վանահօր եւ Կ'ոստանդնի ընկերութեամբ` ծպտեալ սրընթաց կենդանեօք կ'երթար Լեֆքոսիայ քաղաքը տեսնելու եւ անկից վերջը ութ օր շարունակ բոլոր շրջակայքը կը պատեր` կը քննէր բնակչաց կեանքը, իրենց զուարճութեանց զեղծմունքը, կղզուոյն պաշտպանութեան զօրութիւնը, բերդերուն վիճակը կուսներ: Իր սուր դիտողութենեն բան մը չէր ազատէր: Իր բոլոր աս արշաւանաց ընկեր էր նաեւ Եւփիմէ, որ թէպէտ ի բնութենէ հետաքրքիր` տեղեակ լինել կուզեր այն ամէնուն, որ Թորոսի խուզարկութեանց պատճառ էին:

Բայց ամէնքը, որ կը պտտէին Թորոսի հետ, մէկը չի կար, որ հասկնար իր միտքը, բացի Դիոնիսեն, որ հեռուեն կը դիտէր եւ կ'իմանար այդ լուռ եւ անխոնջ բնութեան նպատակը, ուր կը նշմարէր հայրենասիրութեան հետ նաեւ վրէժխնդրութեան ոգին: Ուստի ինք բնութեան ուսմունքով պարապեալ եւ ոչ կուզեր տեսնել քաղաքական կիրքերը, որ իր շուրջը կը յուզէին. եւ կը վերադառնար բոյսի մը, քարի մը խոտի մը կտորի վրայ հառիլ, պշնուլ, քան թէ ուրիշ թանով մը զբաղիլ:

Այսպէս լեռները կը պտտէր Դիոնիս, երբ երեկոյ մը Թորոս արշաւանքէ դարձած եւ տեսնելով գծերը լեռան բարձր գագաթան վրայ մուրճ ի ձեռին` ժայռի կտոր մը զննելով, ելաւ քովը գնաց.

Հայրիկ Դիոնիս, ըսաւ, մենք այս դի, այն դի կը վազվռտենք, դու ուրիշ աշխատութեամբ կը տաժանիս. ինչո՞ւ այս ժայռերը կը կոտրտես:

Տե՛ս, ըսաւ ծերը, տե՛ս, այս կոտրած ժայռերու կոտոր վանքին մէջ ծովային խեցիները, որ կը վկայէն թէ անյիշատակ ժամանակաց մէջ ծովը կը ծածկէր աս լեռներուն գլուխները:

Եւ իրօք կը տեսնէր Թորոս ծովային խեցին ժայռին ծոցը փակուած. երկայն լռութիւն մը յաջորդեց. նստաւ ծերը եւ Թորոսին ակնարկ մը ըրաւ քովր նստելու, սուր աչքերը երիտասարդին յառելով ծանր-ծանր աս խօսքերն սկսաւ զրուցել.

Ո՜վ երիտասարդ, կը տեսնեմ թէ որ չափ հեռու ենք մենք իրարմէ. դու երիտասարդ, կորովի, եռանդուն` վաղը միայն կը նշմարես եւ ապագային կը դիմես. ես ծեր, տկար, դանդաղ երէկուան եւ հազարաւոր տարուան անցեալին կը նայիմ: Բայց օր մը կար, որ ես ալ ներկան եւ ապագան կը դիտէի եւ իմ շրջանիս մէջ հայրենիք, փառք, մեծութիւն եւ թագաւորութիւն կ'ուզէի. բարեբախտաբար երկար չի քեցին ան փափագները, եւ ուսմունք բնութեան` մարդկային սրտին ու մարդկութեան անցելոյն զիս բժշկեցին այն անձուկեն, որ զքեզ կը տոչորէ. անոր համար է, որ դու կը տեսնես զիս անցելոյն խորը իջած, եւ ես զքեզ կը նշմարեմ, որ ապագային բարձունքը կը մագլցես: Չեմ զարմանար, դու երիտասարդ ես, եւ անուն մ՚ունիս ազգիդ մէջ, հայրենիք մ՚ունիս կորած եւ ինկած, անձնական ու ընտանեկան նախատինք` բանտն եւ քուկիններուդ մահուան յիշատակն մտքիդ մէջ կը յածին եւ շարունակ կը մտածես վիրականգնել, սրբել եւ վրէժ առնուլ: Քեզի հետ խօսողը պէտք է համոզուիս, որ ազգի մը չի վերաբերիր. մարդկութեան զաւակն է, եւ ամենեն ատելի մարդիկ իրեն` աշխարհակալներն են. ուստի քեզի զինուորիդ իմ խրատս այս կ'ուզեմ լինի, որ անիրաւ եւ անգութ չլինիս վրէժխնդրութեան հոգուով. յիրաւի՛, անիրաւ աշխարհիս մէջ չանիրաւել դժուար է, բայց դու մեծ հոգի ունիս, եւ ես կը ճանչեմ մարդկային բնութիւնը, անոր համար այս խօսքերը քեզի կ'ընեմ: Չեմ ես այն անմիտ փիլիսոփայական կարծուած դպրոցեն, որ հայրենասիրութեան գաղափարը կը վտարէ մարդասիրութեան գաղափար մը առաջ քշելով. անոնք, որ այդ վարդապետութեանց քարոզք են, իրենց սրտին անարգ անտարբերութիւնը եւ վատ անձնասիրութիւնը սուտ եւ սխալ տրամաբանութեամբ վարագուրել կ'ուզեն: Թէ որ այսօր ազգութեան եւ հայրենեաց գաղափարը վերցնենք, վաղը գերդաստանի եւ ընտանեաց գաղափարը ո՞ւր դնենք: Ուրեմն լաւ իմացիր իմ միտքս, իշխանդ, ինձի փափագելի էր, որ Հայքդ նեցուկ լինէիք Յունաց կայսրութեան Ասիոյ մէջ, բայց որովհետեւ ատելութիւն եւ արեանց հեղեղներ զձեզ կը բաժնեն, եւ ի՛նչ որ անոնցմէ առնուած քաղաքականութիւն եւ ուսմունք կայ` եղած վնասներուն չեն փոխարինէր. դուք յաւիտեան պիտի չի մոռնաք ձեր Անուոյ հոզեվարք թագաւորութեան ընդունած վերջի դաւաճան հարուածը յունական ձեռքերէ, եւ մեր յունական ամբարտաւանութիւնն ալ երբեք պիտի չի մոռնայ ձեր Կիլիկիոյ յափշտակութիւնը եւ անկախ եկեղեցին: Որովհետեւ մարդիկ երբ զօրաւոր են, կ'ուզեն իշխել, երբ տկար են` ազատ լինիլ: Ուստի ալ քու իրաւունքդ պիտի ձեռք բերես այսօր, վաղն ալ վրէժ խնդրելու պիտի ելնես. բայց քու անձիդ եւ քու: ազգիդ օգտին համար միշտ յիշէ ծերու մը վերջին խօսքերը. միշտ չափաւոր եղիր, եւ չըլլայ թէ յաջողութիւնը զքեզ կուրացնէ, վասնզի մարդկանց կեանքին մէջ յաջողութիւն եւ անյաջողութիւն իրարու կը յաջորդեն: Ես, որ կտակ մը կ'ընեմ, աւելորդ կը համարիմ քու սրտիդ յանձնարարել Եւփիմեն, գիտեմ, որ նա զքեզ ինչպէս կը սիրէ, դու ալ գնա նոյնպէս կը սիրես…

Աս խօսքերուն ծերուն ձայնը փոխուեցաւ եւ աչքերը լցուեցան.

Դու որ խելք ալ ունիս, սիրտ ալ ունիս, կ'իմանաս ծերուն փափագները, երբ ձայնը իրեն կը պակսի, գնա, աստուած հետդ ըլլա, գնա՜, շէնքդ, որ պիտի շինես երկարատեւ ըլլա…

Եւ ի՞նչ պէտք է ընել, ըսաւ Թորոս, որ երկարատեւ կարէնայ լինիլ:

Թէ որ աստուած լաւ յաջողութիւն մը տա, եւ քեզի պէս չորս-հինգ յաջորդ ունենաս` կրնաս տեւողական Հայաստան սա լեռներուն վրայ փոխադրել, թէ ոչ առօրեայ ստուեր մը եւ քանի մը աւերակ աւելի կը ձգես այդ աւերակաց երկիրը Սարդանաբալին գերեզմանին քով: Նայէ, որ զաւկներդ քաջ, գործունեայ եւ օգտակարացն գիտուն լինին: Թէ որ դու բանտիդ մէջ վանքին գրատունը եւ կարդալու փափագ չունենայիր` ոչ քու գեղեցկութիւնդ, ոչ սրամտութիւնդ, ոչ բազուկներուդ կորովը չէին կրնար զքեզ բարձրացնել. այլ դարձեալ բնութեան ամէն ձիրքերովդ ալ պակասաւոր էակ մը կը չիներ փոխանակ այդ խոհեմութեան յանձնապաստանութիւն, փոխանակ հետաքննութեան անհոգութիւն, փոխանակ համբերող դիտողութեան հապճեպ դատաստան բաժինդ պիտի չիներ: Տամ նաեւ քեզի օրինակն աչ, տխուր օրինակ, եղերական օրինակ, բայց դու շատ զօրաւոր սիրտ ունիս եւ կրնաս մտիկ ընել: Քու եղբայրդ` Ռուբեն, թէպէտ սրամիտ, գեղեցիկ եւ կորովի, բայց չունէր ոչ քու համբերութիւնդ, ոչ գիտութեանց սէրդ, ոչ քու խոհեմութիւնդ. եւ անոր համար աչ ամէն բան եւ կեանքն աչ կորսնցուց. գիտեմ, նախանձը կըսէ աշխարհք, բայց նախանձ չի գրգռելն ալ իմաստութեան մասն է. ի՛նչ որ դու համբերութիւն ցոյց տուիր տարիներով, նա օր մը չի ցցուց. թշնամի արքունեաց մէջ նուիրական բան մը չի կար իրեն համար, երբ բարկութիւնը սիրտը լեցնէր, եւ հազիւ թէ Գառագեղեն դուրս մէկ ոտքը դրած սարսափելի մռնչիւններ կը ձգէր: Ես փուճ տեղ զինքը կը խրատէի եւ կը զգուշացնէի: Քեզի հիմա այս խօսքերս միայն անոր համար է, որ վյրեժխընդրութեանդ մէջ չափաւոր չինիս, միշտ ջանաս թշնամութիւնը անհաշտ վիճակի մէջ չի մտցնել:

Ծերուն այս խօսքերը անօգուտ չէին այնպիսի երիտասարդի մը համար, որ ծանր միտ կը դնէր լսածներուն եւ կը խորհրդածէր տըխուր լռութեամբ:

Եւ ահա Եւփիմէ լեռն ի վեր կ'ուգար կ'ելնէր, երկուքն իրեն նայելով կը սպասէին` երբ անոնց մէջ եկաւ նստաւ եւ քիչ մը շունչ առաւ`

Մինչեւ ե՜րբ սա կղզին պիտի նստինք, ըսաւ, ալ ձանձրացայ. ես չեմ կրնար քեզի պէս, Թորոս, լեռներու, գիւղերու, բերդերու ծակուծուկը խառնել եւ զուարճանալ, եւ ոչ քեզի պէս, հայրիկ, մուրճ մը ձեռքս քարեր կոտրտել, բոյսի մը երակներուն վրայ ժամերով յափշտակութեամբ սքանչանաչ. չէ՛, այդ իմ կ'արողութենես վեր է. ժամ մը առաջ ջանանք մեր տեղն հասնիչ եւ գործի սկսինք:

Ո՜հ, ըսաւ Դիոնիս փոքր հեգնութեան ժպիտով, Եւփիմէ աչ գործի պիտի սկսի, պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել, երբ որ լեռներուն վրայ փողերը գոչեն, գինուց շռինդը սկսի, քաղաքներ ու, գիւղերու մուխն ու մոխիրը երկինք բարձրանայ, վիրաւորներն հառաչեն, տղայք եւ կանայք անտէր, անբնակարան, որբ եւ այրի լան ու կսկծին, ան ատեն գործի պիտի սկսիս:

Այո՛, ճիշտ ան ատենն է իմ գործիս ժամանակը, պատասխանեց Եւփիմէ եռանդով եւ ձայնը բարձրացնելով, իմ պարտքս է վիրաւորները դարմանել, որբերու, այրիներու հաց, բնակարան ու մխիթարութիւն ճարէի յուսահատները քաջալերել, այո՛, դիտեմ իմ պարտքս ասոնք են, եւ թէ որ ասոնք ես չի կատարեմ արժանի չեմ իշխանի մը ոչ թէ կին, այլեւ ոչ աղախին լինելու:

Եւփիմէ, ես քու սկզբունքներդ դիտեմ, գիտեմ նաեւ թէ ինչ առնացի սիրտ մը ունիս, բայց այսպիսի հանդուղն եւ մեծ զոհողութեան մէջ գիտեմ նոյնպէս թէ ի՜նչ վտանգներ կան ծածկուած, զօրոնք նախատեսել անկարելի է շատ անգամ, ուստի հեգնութիւն մ՚իմանար իմ խօսքերս, այլ խոհեմութիւն, կ'ուզես ծերերու վատ խոհեմութիւն համարէ, բայց միտքդ դիր ու դու հիմա Թորոսի անբաժանելի ուղեկից լինելովդ աւելի իրեն արգելք մը, հոգ մ՚ես, քան թէ օգնութիւն:

Նայէ՛, հայրիկ, աս քարոզները, քանի որ կնորոգուին, ինձի ոչ թէ յուսահատութիւն, այլ կիրք կը բերեն, եւ զիս ի խոր կը վիրաւօրէն, թէ որ…

Ո՛չ, ո՛չ, ըսաւ Դիոնիս տեսնելով, որ խօսակցութիւնը անախորժ ձեւ կառնուր, դու կիրք մ՚ելնէր. մենք ինչպէս ճամփայ ելանք` նոյնպէս եւ կը կատարենք:

Հա՛, այս է, իմ փնտրածս, հիմա, ահա գոհ եմ, եւ ձեզի խօսք կ'ուտամ, որ իմ բերնես ամենեւին չպիտի լսէք ոչ յոգնութիւն, ոչ երկիւղ, ոչ յուսահատութիւն եւ ոչ հառաչանք անգամ, այլ թէ պէտք լինի անշշունջ յանձն պիտի առնում իյնալ մեռնիլ, քան թէ գանգտիլ:

Ծանր պարագաներու մէջ խոհեմութեամբ տեղի տալ հարկին առջեւ սկզբունք մեզի դնելով, իմ սիրելի Եւփիմես, ըսաւ Թորոս ոտքի վրայ ելնելով եւ ծանրութեամբ, միշտ կը ջանանք իրարմէ վայրկեան մը չի զատուիլ:

Եւ երեքը միատեղ սկսան լեռնեն ծանր-ծանր վար իջնել: