Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անարզաբայ իշխանը անձամբ իւր համբարանոցները աչքէ կանցոմներ, տարի են աւելի ժամանակի պաշար գտնելով` կը հանդարտէր. նոյնպէս ամէն տեսակ զէնք քննութեան կ'առնուէին, զօրաց կրթութեան հանդէսներ կը լինէին. բոլոր ճամփաները ասդիս, անդին լրտեսներ կ'ուղարկէին. եւ ամէն օր նոր-նոր լուրեր կ'առնէր նա ի շրջակայից նաեւ ի հեռուստ. եւ ոչ մէկը գոհացուցիչ չէին: Հինգ օրէն վերջը Տարսոնի իշխանեն նամակ մը առաւ, որ իրեն կ'իմացնէր թէ թէպէտ անկարող էր առժամայն իրեն հասնելուն, բայց թէ յոյս ունէր քիչ ատենեն մեծ եւ զօրաւոր օգնութեան գտնելու Կ'ոստանդնուպոլսեն. վասնզի գրած եւ իմացուցած էր թէ Հայք բոլոր ապստամբին հետ միանալով, ինք պաշտպանողական գիրք մը բռնելու պարտաւորուած էր:

Ամէն օր քանի մը կասկածելի անձինք ոչինչ պատճառներու համար, նաեւ մէկ թշնամական գրգռութեան համար` միջնաբերդը կը բերուէին, կը տանջուէին, կը բանտարկուէին, բայց ապսպրուած էր ամէնուն, որ ամէն այս տեսակ գործեր գաղտնի եւ լռելեայն լինին ըստ կարելուոյն, որ «Մարդ չիմանայ», այսինքն` Օրիորդը չիմանայ: Վասնզի իշխանը, որ իր աղջիկը կը սիրէր առաջ, քանի կ'երթար կը յարգէր նաեւ զանի, եւ քիչ-քիչ կը սկսէր ակնածել իրմէ:

Այս ակնածութիւնը բոլոր ընտանեաց իւրաքանչիւրը մէկ-մէկ կերպով ունէին իրեն համար, Տիկինը առանց սիրելու այս զաւակը` կը դողար, որ յանկարծ իր անկարգութիւնքը չի նշմարէ աղջիկը, ինչպէս ամէն յանցաւոր մայր` նաեւ նա, որուն բարոյականը ի մեծ նաւակոծութեան կը գտնուի, կուզէ անվտանգ երեւնալ իր զաւկին. անդրանիկը իր կնոջը թափած արցունքներուն մխիթարիչ ի նա կը գտնէր. սրբազանր, որովհետեւ նա ալ կերպով մը ընտանեաց մաս կը Համարուէր, որ զինք կ'ատէր հիմա սրտին բոլոր զօրութեամբ բոլորովին իր ձայնին անուշութիւնը, բառերու եւ իմաստներու վայելչութիւնը ու ձեւերու քաղաքավարութիւնը պատրաստի ունէր անոր համար:

Թորոսի դէմ եղած պատրաստութեանց մէջ կար նաեւ քաղքին պարիսպներէն հեռանալու արգելքը, որով մեր որսորդ իշխանիկը Բակուրան կը պարտաւորէր ակամայ բանտուիլ, ինչպէս Տիկինը եւ սրբազանը, որ իրենց ձիարշաւները դադարեցնելու պարտաւորուած կին: Այս արզելքները բոլորովին անհիմն չէին, վասնզի ասպատակ ձիաւորաց խմբեր երբեմն քաղքին պատերէն կ'երեւային եւ անհետ կը լինէին: Իսկ քաղքին մէջ բոլոր դէմքեր թէպէտ տխուր կը տեսնուէին, բայց մեծին ու պզտկին սիրտր ուրախութեամբ կը տրոփէր, եւ անհամբեր կը սպասէին թէ ե՞րբ պիտի երեւայ ազատարար դրօշը:

Այս սպասողներուն յոյսը պարապը չելաւ, վերջապէս պատգամաւորին եկած օրէն ութ օր վերջը, առաւօտուն մեծ ամպ մը փոշուոյ` քաղաքը պատեց, եւ երբ փոշին անհետացաւ` տեսնուեցաւ Թորոսի բանակը, ուր քսան հազարի մօտ մարդ վարժ աչք մը կրնար դատէի եւ ուր զարմանալի բարեկարգութիւն մը կը տիրէր անծանօթ բոլորովին երկրիէ բնակչաց. վրանները կանոնաւոր` ի կարգ շարուած էին, բանակին չորս կողմը խրամներ կը փորուէին եւ անոնցմէ պեղած հողը պարսպապէս ամուր պատնէշ մը կը կազմեր բանակին չորս կողմը. մեքենաներ կը բերուէին կարգաւ կը շարուէին յարմար դիրքերու դէմ, ուր պիտի գործադրուէին, եւ որ դիտելու արժանի էր, գեղեցիկ եւ բազմաթիւ հեծելազօրաց խումբ մը կ'երեւար, որոնց կէս մասը արաբացի ձիերէ կազմուած էր: Եւ երբ Թորոս տեսնուիցաւ բարձր եւ ահիպարանոց ձիու մը վրայ` զիովորաց ուրախութեան աղաղակը բոլոր Անարզաբայ կը թնդացնէր:

Իր աջ կողմեն բեհեզներով եւ ծիրանիներով զարդարուած, իշխանական պսակ ի գլուխ, ճերմակ ձիու մը վրայ ռնաբար հեծած կ'ուգար Եւփիմէ, եւ երկուքին քովին երկու երիտասարդք ոսկեփայլ սաղաւարտներով եւ արծաթապատ վահաններով ճոխացեալ` նժոյգներու վրայ կը շահատակէին, ասոնք էին Մլեհ եւ Ստեփանէ, որ իրենց եղբօր յաջող գալուստր լսելով, Հալէպու ամիրային ընծաներով եւ հինգ հարիւրի չափ հեծելազօրք կ'ուգային` ուրախութեամբ իրենց եղբօրը դարձը վայելելու, որ Կիլիկիոյ դռները կը բանար յաղթապէս այնչափ տարուան օտարին ծառայութենեն վերջ: Այս երկու երիտասարդք ալ իրենց եղբօրը կը նմանէին կերպարանոք եւ քաջութեամբ, եւ իրօք առիւծու կորիւններ էին. ամէն աչք զիրենք տեսնելուն միայն կրնար վկայել թէ մեծ պատերազմական զօրութիւն մը կը հասնէր Թորոսի: Թէպէտ Թորոսի հեռատես աչքերը մէկեն կշռեցին զիրենք, օգտի եւ վնասու բաժինը նշմարեցին վայրկենին, բայց դարձեալ միշտ անթափանցելի եղբայրական սրտով եւ սիրով գրկեց, ընդունեցաւ զիրենք բոլոր բանակին առջեւ, ներկայացուց իր սիրասուն կնոջ, որ անկեղծ սրտով իբր եղբայր ընդունեց զիրենք, եւ ամէն սիրտ ուրախութեամբ լցուեցան եւ նոցայ գալուստը տօնեցին: Եւ որովհետեւ ժամ էր ելնելու ի Մամեստիոյ հանարզաբայ, բանակը արդէն ելած էր, եւ հարազատք քիչ մը հանգչելէ վերջ` ելան նոյնպէս բանակին ետեւեն:

Երկայն տարիներու պարագաներ այս ճամփորդութեան մէջ կը պատմուէին, ծնողաց կորուստ, դժբախտ եւ ուրախ օրեր, արկածներ կը յիշատակուէին: Նոյն միջոցին Կոստանդին եւ Բաբկէն զրահաւորք, որ քովե-քով կը ձիավարէին, իրարու աչք մը նետեցին, Բաբկէնի սպարտական բնութիւնը գոհ եղաւ ակնարկեն, բայց Կոստանդին`

Կը յիշե՞ս, Բաբկէն, Կոստանդնոլպոլսոյ մեր տեսութիւնը եւ քեզի ինչ որ պատմեցի այս տղոց համար, ըսաւ, հիմա ես կը վախեմ թէ իշխանին գլխուն ասոնք մեյ-մէկ փուշէ պսակ լինին… Ստեփանէ անվնաս թերեւս, բայց պզտիկը աստուած հեռի ընէ: Իրաւ, Բաբկէն, առջի նայելուդ ասոնք եղբայր են կերպարանոք, գայց նայէ, դիտէ, Մ լեհին աչքերուն մէջ բան մը կայ, որ մարդուս սիրտը կը ճմլէ եւ կը քստմնեցնէք Պատասխան չե՜ս տար:

Եղբա՛յր, ի՛նչ զրուցեմ, քիչ մը կամաց խոսէ:

Դու ալ լաւ մարդ ես, եղբայր, բերանդ չի բացուիր, բացուի ալ, խրատ տալու համար միայն կը բացուի:

Դու ալ լաւ մարդ ես, քաջ մարդ ես, ինձի պէս վաթսունը կը գտնես քանի մը տարիեն, բայց բերանդ շարունակ կը բացուի` միշտ գանգատի համար կը բացուի:

Հա՛, խօ՞սք էր ըսածդ, թէ որ միշտ գանգատի համար կը շլացուի իմ բերանը. քանի ամիս է մէկտեղ ենք, ո՞վ օր մը Թորոսի Համար բան մը, խօսք մը լսեց բերնես:

Ես:

Իէ՜, ե՞րբ, զրուցէ նայիմ:

Թէ որ կամաց խօսիս, չի պոռաս, կիրք չելնես, կը զթուցեմ, ըսաւ Բաբկէն ծիծաղելով եւ ձայնը աւելի ցածցնելով:

Լաւ՛, մտիկ ըրէ: Լամբրոնի առաջ, այն գիշերը մի՞տքդ է, երբ իշխանիկը մարդիկը կապեց, դու կ'ուզէիր մեռցնել…

Ես ի՞նչ ըսի…

Է՜հ. թէ որ իմ ըսածս ասանկ արգիլես, ես խօսք մը չունիմ:

Կը լռեմ, զրուցէ՛:

Անկից առաջ երկայն չեռան ճամփան բռնել տուաւ իշխանը, դու ալ գանգատողներուն առաջինն էիր… է՛հ, համբերէ՛, լմնցուցի: Ամուտայ բերդին առջեւ հասար չի հասար` «այս բերդը կ'առնուի՞» ձայնդ ձգող տղոց առջեւ դու էիր, միտքդ կ'ուգա՞յ: Իշխանը ասոնք գիտէ, բայց ես լաւ զինքը կը ճանչեմ, չի խօսիր, չի մոռնար, եւ մարդկանց գործը միշտ բարի կողմը կուզէ մեկնել:

Քեզի բան մը ըսաւ՞… Մարդ գտանք հարցնելու, այդչափ որ խօսեցար, շնորհակալ պէտք է լինիլ:

Կոստանդին եղբայր, իշխանը չի խօսիր, ես քեզի ըսի, բայց ամէն բան կը տեսնէ ու կը լսէ: Քու քաջութիւնդ կը գովէ, միայն մէկ բանի մը սիրտը նեղացաւ, եւ ինձի յատկապէս ապսպրեց քեզի ըսել, թէ Սարգսին հետ լաւ վարուիս:

Ես Սարգսին ի՜նչ ըրի:

Կամաց, եղբայր, հիմա կը ձգեմ կ'երթամ, ըսաւ Բաբկէն ձին մէկդի քշելով:

Մի նեղանար, Բաբկէն, ինձի անհամբեր կ'ըսեն, դու ինձմէ անհամբեր ես, Ես Սարգսին ի՛նչ եմ ըրեր, որ իշխանին սիրտը նեղացեր է:

Ես գիտե՞մ, դու մտածէ, անշուշտ կը գտնես:

Երբ իշխանը անոր տասը բերդ ալ տա` իմ ի՞նչ հոգս. միայն այնչափ ըսի, չեմ ուրանար, թէ մենք բոլոր Կիլիկիոյ ալ տիքենք, աժեմին-չաժեմին պարգեւելով քաղաք ու բերդ իշխանի բնակութեան տեղ չպիտի մնայ: Ինձի Բարձր բերդը տուաւ, քեզի` Ամուտան, Սարգսին` Առիւծը, խեղճուկ գիւղացուոյ մը տղուն բերդ մը տալ ինձի առատաձեռնութիւն չերեւար, այլ շռայլութիւն: Այտ զրուցէր եմ, յանցա՞նք մի ըրեր եմ: Եղբայրները եկան. անոնց ի՞նչ պիտի տայ. թէ որ Վահկայ մէկուն տա, Մամեստիայ ալ միւսին` ինք դէտի նը պիտի նստի:

Այս խօսքերը իշխանին իրեն կրնա՞ս զրուցել:

Ինչո՞ւ պիտի չի զրուցեմ:

Երբ դու այս խօսքերը կը կրկնես, ալ մի՛ զրուցէր թէ Սարգսին ի՞նչ ըրի. երբ անի աժեմին-չաժեմին կարգը կը դնես, երբ գիւղացուոյ տղայ լինելուն բերդ մը իրեն շատ կը տեսնես, իշխանին առատաձեռնութեան վրայ չէ քու կիրքդ. ուրիշ տեղ փնարէ դու անօթ պատճառը: Աստուած վկա՛յ, ես Սարգսի առ իշխանն ըրած ծառայութիւնը չեմ կրնար մոռնալ. ի՛նչ որ տրուի իրեն` արժանաւոր է: Մեր պարտքն ի՞նչ է, Թորոս մենէ ի՞նչ կուզէ. սիրով վարուիլ, իրարու հետ, ազգին ազատութեան եւ լաւութեան համար աշխատիլ. գոհ լինինք, եղբայր, մեր եւ ազգին վիճակեն, փառք տանք աստուծոյ. փուճ խօսքերով ինչո՞ւ իրար թունաւորենք. ես ծերացայ. դու ալ ծերանալու վրայ ես. քիչ մը հանդարտէ. խելօք եղիր. տղաքը որ կը հասնին, շահելու նայէ. չի տեսա՞ր քանի անգամ իշխանը մեր երկուքը ցուցնելով տղոց` «Ասոնք մեր հայրերն են, ասոնք մեր խելօքներն են, մենք ասոնց խօսքը մտիկ ընելու ենք», ըսաւ. հիմա կ'ըլլի՞, որ մենք անոնց սիրտը կոտրենք, կարծել տանք թէ մենք կը չարանանք եւ կը նախանձինք:

Բաբկէնի այս ճառին վրայ Կոստանդին տխրեցաւ` ձայնը քաշեց: Եւ ինչպէս որ զրուցեցինք` զօրաց աղաղակը իրենց զօրավարին ընդունելութեան համար, մեր երկու ընկերները իբրեւ, քունէ մը արթնցուցին` իմացնելով թէ Անարզաբայ առջեւ հասեր էին:

Սարգիս սրամիտ եւ արթուն, ինչպէս որ հասկցուցեր էր Թորոս իրեն, նոյն կերպով ճիշտ բանակը ճակատեցուցեր էր բերդաքաղաքին պարիսպներուն դէմ, երեքի բաժնելով, իւրաքանչիւրին իրեն խրամները եւ պատնէշները որոշելով ու ցուցնելով, վրանները կանոնաւորեալ շարել տալով. վրան չեղածներուն` ծառերու ճիւղեր բերել տալու հրաման ընելով, որպէսզի տաղաւարներ շինուին, եւ ամէնքը կանոնաւոր միակարգ եւ ոչ խառնիխուռն անկարգ:

Երբ Մլեհ եւ Ստեփանէ, որ տաճկաց զինուորական ծառայութեան մէջ անցուցեր էին իրենց օրերը, այս կանոնաւորութիւնը տեսան, զարմանոք Սարգսի մօտենալով, սկսան հարցնել, թէ ուսկի՞ց ուսեր էր այսպէս բանակ զարնել տալ. իսկ նա ցուցնելով զթորոս` «Իշխանին հրամանաւն եւ կարգադրութեամբ ամէն բան ընել կ'ուտամ», ըսաւ: Իսկ Թորոս այն միջոցին հրաւիրելով զեւփիմէ եւ Դիոնիս հանգչելու իրեն պատրաստուած վրանին տակ, քաղքին շուրջը պտոյտ մը կ'ընէր թէ քաղաքը դիտելու եւ թէ բանակը զննելու համար, ամէն տեղ ինչ պակասութիւն կար Բաբկէնի, Կ'ոստանդնի եւ ուրիշ զօրավարաց կը ցուցնէր համառօտ եւ ճիշտ խօսքերով: Երբ իւր քննութիւնը լրացուց, եկաւ հանգչելու վրանին տակ: Խօսեցաւ եղբարցը հետ դարձեալ, շատ մը հարցմունքներ ըրաւ Հալէպու ամիրայի` Նուրետտինին վրայ, անոր բնաւորութեան, վարմունքին, զօրութեան, տաճկաց պատերազմելու ընդհանուր կերպին վրայ: Վերջը սեղանը պատրաստել հրամայեց, հրաւիրեց զամենքը, որ նստին կերակուրի, յանձնելով Եւփիմէի պատուիլ իր նորեկ եղբայրները, որ դեռ հիւր էին քանի մի ժամու համար, եւ որ քիչ մը վերջը տնեցի պիտի լինէին բոլորովին. զինուորներուն հետ պատառ մը հաց կերաւ եւ յետոյ ելաւ դաիձեալ պտոյտ մ՚ընելու, ամէնուն տեղեկութիւն հարցնելով Անարզաբայ վրայ, մանաւանդ անոնց, որ նոյն քաղաքացի էին. տեսաւ նաեւ մէկ քանի երիտասարդ ալ, որ Սմբատի ծառայութեան մէջ գտնուած էին անոնք առանձին հարցուփորձ ըրաւ, եւ ինչ տեղեկութիւն որ կ'առնէր` ամէնքն օգտակար համարելով, բան մը չէր արհամարհէր: Երբ նորէն իւր վրանը եկաւ, տեսաւ, որ անոնք իրենց կերակուրը կերած էին, սկսաւ Բաբկէնի հարցմունքներ ընել Վահկայ բերդին նորոգութեանց վրայ, որուն համար ապսպրէր էր բոլորովին նոյնպէս ընել, ինչպէս իրեն հօրեղբօր եւ հօր ժամանակ. ու երբ իմացաւ թէ նոյնպէս կատարուէր է, գոհ եղաւ եւ ամէնքը արձակելով հանգչեցաւ քունի:

Թէպէտ հազիւ թէ ամիս մը եղած էր, բայց զինուոր եւ զօրավարը ամէնքը գիտէին իրենց իշխանին արթուն սովորութիւնը, ուստի ամէն ոք գիշերապահ եւ գիշերայած իր պաշտօնը ճշտիւկը կատարէր, վասնզի որոշ գիտէր թէ չի կարծած եւ չսպասած վայրկենին զօրապետը ներկա էր, խիստ եւ ներողամիտ միանգամայն, որ գիտէր թէ երբ գործադրելու է պատիժ եւ վարձատրութիւն, ուստի ամէնքը թէ կը վախէին եւ թէ կը սիրէին զինքը:

Երբ առաւօտ եղաւ, ամէնքը տեսան զթորոս, որ ոտքի վրայ էր, եւ Սարգսի միջոցով աղեղնաւորաց խմբի մը կը հրամայէր նետաձիգ լինել ի քաղաք: Նետերուն վրայ թուղթեր կապել տուաւ, որոնց վրայ գրուած էր. «Թէ որ կ'ուզէք պաշարման նեղութենէ եւ ձեր իշխանին բռնութենեն ժամ առաջ փրկուիլ, միացէ՛ք եւ բացէ՛ք դռները, մենք ձեզ ազատելու համար եկեր ենք, գիտցէք, որ թշնամի չենք, այլ բարեկամ»: Այսպիսի հարիւրաւոր նետեր նետուեցան քաղքին մէջ. Սմբատ իմանալով, խստիւ հրաման ըրաւ, որ ժողովուին եւ իրեն բերուիէն:

Երբ խուրձեր այս նետերէն կը բերէին եւ իշխանին առջին կը լեցնէին, ինք կատաղութեամբ ակռաները կը կրճտէր ու կը հայհոյէր. «վատ, դաւաճան, մատնիչ» բառեր բերնեն դուրս կը թափուէին շարունակ եւ իր բորբոքած փրփրած ժամանակը կը սպառնար, կը հրամայէր կրակի տալ քաղաքը, Թորոսեն ալ, բնակիչներէն ալ վրէժ առնելու համար: Այսպիսի ժամանակ ոչ կինը, ոչ տղան, ոչ սրբազանը եւ ո՛չ ոք չէր համարձակէր իրեն մօտենալու. ուստի ամէնքը հեռու կը պտըաէին: Նոյն միջոցին էր, որ Մարգրիտ իր ծերուկ Մարտիրոս ծառային հետ քաղքին հիւանդաց այցելութենեն ետ կը դառնար, ձեռքն առած այն նետերէն մէկ հատ մը: Իր ծանր եւ լուրջ դէմքը, որ ամէն ժպիրհ նայուածք կը խոնարհեցնէր, հրեշտակի կերպարանք մը ունէր, երբ իր հօրը կատաղութեան վայրկեանները կ'արթննային. ուստի երբ միջնաբերդը մտաւ եւ իր սենեակները երթալու ատեն իր հօրը գոռգոռալուն ձայնը լսեց, ճամփան շեղեց եւ հօրը հովանոցն ուղղուեցաւ ու ձեռքը նետը դէպի հայրը գնաց, որ զինքը տեսածին պէս, անցաւ դառն գանգատներու` ընդդէմ Թորոսի, ընդդէմ քաղաքացուոց, ընդդէմ բերդապահ զօրականաց, ընդդէմ իր ծառայից եւ նաեւ ընտանեաց: Մարգրիտ արձանի մը պէս մտիկ կ'ընէր այս խօսքերը, եւ երբ հայրը իր բոլոր կատաղութեան ճարտասանութիւնը եւ շունչը հատուց ու լռեց, այն ատեն քովը մօտենալով ու կարեկից աչքով սկսաւ նայիլ դարձեալ առանց խօսելու. Սմբատ վերջապէս կանչեց. «Զրուցէ՛, Մարգրիտ, դո՛ւ զրուցէ, միթէ ես իրաւունք չունի՞մ այս անիծեալ քաղաքը այրելու»: Երկայն լռութիւն մը այս խօսքերուն յաջորդեց, եւ իշխանը տեսնելով իր զաւկին ձեռքը այն նետերէն, որ իր բարկութիւնը գրգռել էին.

Դո՞ւ ալ այդ նետերէն ձեռքդ կը պտըտեցնես:

Քաղաքը կ'երեւայ թէ ողողուած էր ասոնցմով, որովհետեւ ես ալ հատ մը գտայ:

Անիծի՜ց քաղաք, հիմն ի վեր տապալելու արժանի. անիծեա՜լ բնակիչք:

Այս խօսքերը դեռ բերանն էին, երբ աղմուկ եւ աղաղակ լսուեցաւ. ձայները վերը միջնտաբերդն կը բարձրանային, եւ պարիսպնեբուն միայն մօտենալով, կը տեսնուէր, որ ժողովուրդը եւ պահապանները իրարու հետ կը կռուէին, անոնք ուզելով դռները բանալ եւ ասոնք արգիլել: Ա՛լ կատարեալ մոլեգնելով Սմբատ զէնքերն առաւ, եւ առանց աղջկան ձայնին լսելու` դիմեց օգնելու իր զօրականաց, որ ժողովրդեան բազմութեան դէմ կը մաքառէին: Իշխանին տեսութիւնը փոխանակ հանդարտեցնելու, ալ աւելի զայրացուց ամբոխը. քարեր անձրեւի պէս կը տեղային, եւ միջնաբերդին դռնեն մինչեւ պարիսպները տուն, տանիք չի կար, որ զօրաց վրայ ունեցածը չի պապեր, իշխանը տեսնելով վտանգը ետ դառնալ կուզեր, բայց անկարելի էր շուարեալ մնացեր էր. իրաւ իր զօրքերը անգործ չէին կենար, արիւնը կը վազեր, բայց ի՜նչ օգուտ, որ մէկ ինկածին տեղ տասը-քսան կը բուսնէր. վերջապէս ձայն մը ելաւ, թէ ժողովուրդը կրցաւ դռներուն մէկուն տիրանալ` բանալ եւ թշնամին ներս խուժել. ուստի Սմբատ նոյն միջոցին գոնէ միջնաբերդը կուզեր ինքզինքը նետել, բայց կարելի չէր. այս յուսահատ վայրկենին ձայն փրթաւ ժողովրդեան եւ զօրաց մէջ:

Օրիո՛րդն, Օրիո՛րդն, պոռացին երկու կողմեն եւ լռութիւն մը տիրեց, քարի եւ նետի կարկուտը դադրեցաւ. Մարգրիտ երեւցաւ գլուխը բաց, անպատսպար. վազելով գնաց եւ ինք հօրը ձեռքեն բռնած, իբրեւ վահան զինքը ծածկելով, զօրքերն ալ ետեւեն` բերաւ մտուց միջնաբերդը, եւ դռները գոցուեցան: Ժամանակ էր, վասնզի միւս գռնեն Թորոսի զօրքերը գունդագունդներս կը խուժէին եւ քաղաքացուոց հետ եղբայրաբար կը գրկուէին, եւ միջնաբերդին վրայեն աեսնողներուն յայտնի էր, որ եթէ Մարգրիտ քանի մը վայրկեան աչ ուշանար` հայրը ողջ կամ մեռած թշնամեաց ձեռքն ինկած էր: