Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Անդրոնիկոս ա՛լ ապահով էր յաղթութեան համար. միթէ ապստամբը չէ՞ր, որ խոնարհաբար հպատակութիւն խոստանալով խաղաղութիւն կեր խնդրէր, ուրեմն մինչեւ որ շղթայները գործածելու ժամանակը հասնէր` փախստեան ճամփաները պէտք էր գոցել, խրամներ պեղել եւ պատնէշներ կանգնել քաղքին դռներուն առջեւ բաւական համարեցաւ, եւ տուաւ ինքզինքը զուարճութեան. երկու գիշեր իրարու վրայ գիներբուք, երգք եւ երաժշտութիւնք բանակին զբաղմունքն էին: Իրաւ յունական բանակին մէջ կային անձինք, որ ինչպէս Թորոսի խոնարհ պատգամաւորութեան վրայ կասկածանոք գլուխ շարժած էին, հիմա ալ այս անհոգ անառակութեան վրայ գլուխնին կը շարժէին դարձեալ. բայց ո՜վ կրնար կեսարու մը` կայսեր հօրեղբօրորդուոյ մը` ընդհանուր արեւելից սպարապետի մը համարձակիլ զրուցել թէ` «Մի՛ հաւատար այդ խոնարհութեան, վասնզի առիւծը երբեմն աւելի լաւ ծուղակը ձգելու համար իր որսը` կրնայ դերը փոխել եւ աղուէսի մորթը վրան առնուլ», ո՛վ կրնար իրեն զրուցել թէ` «Այդ հանդէսները աւելի յարմար էին յաղթութենեն վերջը, քան թէ առաջ». ուստի իմաստունք կը լռէին, յիմարք եւ մեծապանծք կը խոսէին:

Իսկ Թորոս, երբ գիշերն հասաւ, յունական բանակին հակառակ կողման պարիսպը հրամայեց քանդել եւ հազիւ թէ գործը սկսաւ դիւրանալ, սոսկալի փոթորիկ մը ահա փրթաւ, որոտում, կայծակ, անձրեւ, կարկուտ իրար կը խառնուէին, ուժգին հովը ժայռեր կը կործանէր, վրաններ փետուրի պէս կը յափշտակէր, յունական բանակը շփոթած անձրեւեն եւ տիղմեն շաղախեալ` շուարեալ մնացեր էր բոլոր զիշեր, թէպէտ Անդրոնիկոս իւր զուարճութիւնքն ու գինարբուքը ամենեւին չի դադրեցուց գիշերն ի բուն: Արշալոյսը երեւցաւ, եւ հայոց գնդերը աշխոյժ եւ կորովի` պարսպին պատռուածեն կիսաշրջան մ՚ընելով, գրոհիւ կը յարձակէին թշնամուոյն վրայ, որ անպատրաստերբ թշնամին դիմացը ի բանտ կը կարծէր քովը կը գտնէր զայն. սուրն ի կող մխելով: Ալ պատերազմ չէր, այլ փախուստ մէկ կողմեն, կոտորած միւսեն. հոն Մլեհ իւր մոլեգին հեծելագնդին հետ դաշտին տաոածութեան մէջ անխնայ կոտորածը դեռ քիչ գտնելով` «Զարկէ՛ք, տղաք, մի՛ խնայէք» կը գոռար, եւ իր օրինակն ալ սոսկալի էր. իսկ Թորոս տեսնելով իր պատրաստածն աւելիովն ի գլուխ ելած, կը յորդորէր իւր զինուորն ի գթութիւն եւ հազիւ թէ յոյն եւ հայ իշխաններէն կրցաւ մաս մը մահվնէ ազատել: Իսկ թշնամուոյն այն մասը, որ փախստեան յառաջընթացն եղած էր եւ ազատութիւնն ապահով կը կարծէր, Ատանայի ճամփան բռնելով Ստեփանէի եւ Սարգսի խումբին հանդիպեցան, որք առանց փոթորկին ուշ դնելու չորս հազարի չափ մարդ իրենց կը սպասէին: Փախստականաց մէջն էր Լամբրոնի իշխանը իր գնդով, որ յուսահատ ջանք մ՚ըրաւ պատռելու հայոց խումբը եւ անցնելու իր ճամփան, բայց վրայ հասաւ սաստկութեամբ Ստեփանէ եւ այնպիսի նիզակի հարուած մը տուաւ, որ թաւալգլոր ձիեն կործանելով Օշին, վայրկենին զինաթափ եւ կալանաւոր եղաւ: Այդ ահագին բանակեն հազիւ թէ կէս մասը ազատեցան, եւ բուն ազատեալք անոնք էին, որ իրենց նաւերը կրցան մտնել, մնացեալք ամէնքը կամ ջարդուեցան կամ գերի ընկան: Իսկ բուն չարեաց սկզբնապատճառը եւ սա խեղճ ու խայտառակ պատերազմին հեղինակ եւ զօրագլուխ կեսարն Անդրոնիկոս յանկարծ ի քունէ եւ ի գինուոյ սթափ եալ հազիւ թէ ժամանակ գտած էր ինքզինքը իր ձիուն վրայ նետելու եւ Անտիոքայ ճամփան բռնելու, բարեբախտաբար իրեն համար, որով անվտանգ ազատեցաւ. թէպէտ Բաբկէն ամէն բան թողած` զանիկայ կը փնտրեր կոտորածին մէջ, խոստանալով ինքնիրեն կիսկատար հարուած մը չի տալ անօրէնին:

Իսկ Թորոս, որ այս անգամ եւ ոչ սուրը պատեանեն հանած էր, այլ արթուն` ամենայն պատրաստած, վասնզի վտանգ չի կար եւ ոչ ծանր պատերազմ, այլ ջարդ, կոտորած եւ աւար, այդ սպանդանոցին վրայ կեցած կը նայէր, կը խորհրդածէր մարդկային անմտութեան վրայ, որ խաղալիք քանի մը անպիտան, յիմար եւ թեթեւ գլուխներու, այդչափ ճապաղեաց տեղի կ'ուտար:

Այս խորհրդածութեամբք ձգեց պատերազմին` մանաւանդ թէ կոտորածին դաշտը, մտաւ թշնամուոյն բանակը իւր անձնապահապետաց` խմբովը. գիշերուան փոթորիկը եւ աւելի սաստիկ առաւօտեան հայ արշաւանաց փոթորիկը` ամէն բան խառնափնթոր եւ ողորմելի վիճակի մէջ կը ցուցնէր այդ բանակը, կիսակործան եւ կանգուն վրաններ, վահաններ, նիզակներ, սուրեր գետին փռուած, թամբեալ ձիեր ոտնկապ կը խխնջէին հեծեալներու սպանելով, որք չի կային. այս աեսարանին վրայ ակնարկ մը ձգելով Թորոս, ակնարկ, ուր գոհութիւն եւ արհամարհանք հաւասար էին, մտաւ Անդրոնիկոսի վրանը, որ գրեթէ պալատ մ՚էր իւր ընդարձակութեամբ եւ բաժանմունքներով, իսկ հանդերձանաց հարստութեան, զեխութեան եւ պերճանաց չափ չի կար. գորգեր, բեհեզեայ անկողիններ, ծիրանի վերմակներ, ոսկի եւ արծաթեայ զէնքեր, կանանց զարդարանք, երաժշտութեանը նուագարանք խառնիխուռն դրուած էին, այնպէս որ արդի մեծ թատրոնի մը մթերանոցի կը նմանէր, քան թէ սպարապետի մը վրան: Թորոս աս ճոխութիւնքը տեսնելով մեծ ուրախութիւն մ՚ունեցաւ ոչ թէ անոր համար, որ իր գանձը պիտի երթային անոնք` ոչ, այլ անոր համար, որ հայ զինուորը զինուորական կանոնաց ու զօրապետին հրամանաց հնազանդիլ սովրէր էր. յետադարձի փողը չի հնչած մէկը չէր համարձակէր աւարառութեան ձեռք զարնել, այլ թշնամին հալածելու միայն զբաղած էր: Ուստի ինքն ալ ցուրտ նայուածք մը ձգելեն վերջ այս թուլամորթութեան կահուց վրայ, հետաքննին աչօք բան մը կը փնտրեր, որ վերջապէս գտաւ, այսինքն բանակին դիւանական գրութիւնքը, որ վայրկենին մատանիովը կնքեց եւ իւր ատենադպրին յանձնեց: Անկից վերջը հրաման տուաւ շուտ մը մեռելները թաղելու գործողութեան, որպէսզի օդը չապականի: Նոյն միջոցին էր, որ Ստեփանէի բանակն ալ գերիներով ծանրաբեռն եալ կը հասնէր, կը միանար իր բանակին. իսկ Մլեհի մոլեկան հեծելագունդը անհետ եղած էր բոլորովին, եւ իրօք մեծ բարեբախտութիւն մ՚էր հայ իշխանաց համար, որ Ստեփանէի ձեռք ինկած էին, վասնզի Մլեհեն գթութիւն յուսալ անօգուտ էր, նա գիշերուան մութուն առանց կալանաւորի մը դարձաւ գոհ եւ արիւնաթաթախ:

Նոյն գիշերը զինուորը մաս մը յունաց բանակատեղը, մաս մը Մամեստիայ անցուցին, թշնամուոյն գինուով եւ կերակրով զուարճացեալ եւ յղփացեալ, բայց միշտ գիշերապահ զգուշութեան օրէնքը խստիւ պահպանելով, վասնզի Թորոս կը տեսնուէր յանկարծ ամէն բան անձամբ քննելով: Բայց իրեն զբաղմունք նոյն գիշերը եղաւ բոլոր Անդրոնիկոսի քով գտնուած թուղթերը հետախոյզ ընել: Հոն կը տեսնէր չորս տարուան միջոցի մէջ քանի անգամ դրացիք, որ բարեկամութիւն ձեւացնելով շնորհաւորութեան դեսպաններ ղրկած, էին` իրեն դէմ որոգայթ լարած` յունաց հետ գաղտնի դաշինք կը դնէին եւ կը հրաւիրէին պատերազմի: Հոն կը տեսնուէր մանաւանդ Անտիոքայ իշխանին Ռընալտի եւ տաճարականաց շահասիրութիւնը, որ երբեք վնաս չէին տեսած, այլ օգուտ, նաեւ Հաշիշենց պետին մէկ գիրը է որ յորդոր եալ ի յունաց սպաննել զթորոս, լի նախատանոք կը պատասխանէր այսպիսի առաջարկութեան մը յիշեցնելով թէ այդ հայը երբեք անիրաւութիւն մը ըրած չէր ընդդէմ մահմեդականաց: Հոն կը տեսնէր թէ իր եղբայրը` Մլեհ, նշանակուած էր իբրեւ կարելի գործիք մը իր կենաց եւ աթռռոյն դէմ. հոն կը գտնէր շատ մը գրգռութեան թղթերու օրինակներ ուղղեալ կայսերական կառավարութեն են առ մահմեդական իշխանս Մաղսուտ սուլթան եւ Նուրետտին ամիրան իր նորածին իշխանութիւնը կհրծանելու համար: Թէպէտ Թորոսի հանճարը ասոնք ամէնքը կը գուշակէր, բայց ուրիշ էր վկաներ եւ ստուգութիւններ ի ձեռին ունենալ. ուստի արշալուսոյ մօտ էր, երբ պզտի քուն մը քաշեց եւ կանգնեցաւ առոյգ եւ զուարթ, որովհետեւ իւր կորովի կազմուածքը շատ դիւրութեամբ կը տանէր ամէն տաժանմանց եւ փոքրիկ հանգստութեամը դիւրաւ կը սթափէր:

Նախ ատեան կազմեց իւր զօրաւորաց, հոն գերիներուն համար նոցայ կարծիքը քննեց, Մլեհ մէկեն առաջարկեց զամենքն յուղարկել Հալէպ եւ վաճառել, վասնզի, կ'ըսէր` այդ անպիտան ժողովուրդը քրիստոնեայ պէտք չէ համարիլ: Ամէնքը Թորոսին կը նայէին եւ մարդ կարծիք չէր տար: Այն ատեն Թորոս մարդասիրութեան եւ քրիստոնէութեան օրէնքները առաջ գրաւ, բացատրեց թէ չափաւորութեան օրէնքներն ինչչա՛փ օգտակար էին, եւ եթէ բախտը ինչչա՛փ անհաստատ էր. այսօրուան յաղթողը կրնար վաղր յաղթուիլ, եւ թէ Հալէպ այդ քրիստոնէից ծախուելովք քանի մը ուրացութեան մեղք պիտի ծանրանար իրենց վրայ, ուստի կողոպտել եւ ճամփանին թողուլ որոշուեցաւ: Իսկ Մլեհ իւր անյօդ ձեւով կ'ըսէր թէ իր խղճմտանքը թեթեւ էր, վասնզի ինք դերի մը նաեւ բերած` չէր բանակը, եւ թէ որ Ստեփանէ` հաւելոյր ծիծաղելով` իրեն պէս շարժած լինէր թշնամուոյն հետ` այս խնդիրը հիմա տեղի չէր կրնար ունենար Ուստի հրաման եղաւ, որ հասարակ զինուորը կապտեալ եւ կողոպտեալ ազատ երթան ուսկից որ եկած էին: Խնդիրը կը մնար գլխաւորաց համար, որ բերել տուաւ Թորոս, հոն հայ եւ յոյն իշխանաց կապանքը արձկել հրամայեց. նստել տուաւ եւ զուարթ կերպարանոք սկսաւ իրենց հետ այսպէս խօսիլ.

«Ասկից քանի մը օր առաջ գիտէք թէ մենք ձեզի խաղաղութիւն առաջարկեցինք խոնարհաբար, եւ դուք Կսրհամարհանոք մերժեցիք, կ'երեւայ թէ սխալ իմացեր էիք մեր դիտաւորութիւնը, եւ կարծեցիք թէ վախն էր, որ զմեզ խաղաղութեան կը յորդորէր, կը տեսնէք հիմա փորձով թէ մենք խաղաղութեան սիրով միայն շարժեմ ցանք, վասնզի քանի տարի է, որ ձեզի կը սպասէինք եւ կը պատրաստուէինք, իսկ դուք պատերազմը խաղալիք համարելով, այսպէս խայտառակաբար յաղթուեցաք այսչափ մեծ բանակաւ: Միայն կը ցաւինք, որ հոս ձեր սպարապետը` փոխարքան մէկտեղ չէ եւ յաջողէր է փախչել, հոգ չէ, թերեւս օր մը նորէն կ'ուգայ եւ կը տեսնուինք: Իսկ դուք, որ մեծ իշխաններ էք եւ բերդերու, պալատներու եւ հարստութեան տեարք, եւ մենք, որ աղքատ եւ միամիտ լեռնականներ ենք, դուք քաղաքակրթութեան վերջին նրբութեան էք հասած, իսկ մենք ասիական բարբարոսներ ենք ձեր աչքին, դուք քրիստոնէական ուղղափառութիւնը ունիք, իսկ մենք հերետիկոսութեան ենք ժառանգք, կ'ուզենք զձեզ ալ ձեր զօրաց պէս արձկել, որ երթաք ձեր տուները, միայն օրէնք է, որ փրկանք մը մեզի վճարէք, եւ որովհետեւ ձեր արժէքը մեզ դժուար է գտնել եւ գնահատել, ձեզ իւրաքանչիւրոցդ կը թողումք զրուցել, թէ ի՞նչ կարժէք` վճարել եւ երթալ ձեր ճամփան խաղաղութեամբ»:

Հոռոմ իշխանքը, որ այսպիսի առաջարկութիւն երբեք չէին սպասէր, զարմանքով իրարու երես սկսան նայիլ շփոթած: Լսուած չէր մինչեւ այն օրը թէ երբեք կալանաւոր ոք իր փրկանաց գինն որոշէի պզտիկ արժէք մը տալ անձանց` իրենց մեծամտութեան կը դպչեր, գինը բարձր բռնել յունական ամբարտաւանութիւնը գոհ կ'ընէր, բայց պէտք էր վճարել, ուստի դարձեալ փախուստ տալով առաջարկեցին, որ ինք դին կտրէ: Իսկ Թորոս կերպը փոխելով` լի արհամարհանոք`

Եթէ բան մը արժէիք, զձեզ չէի թոյ զուր, որ երթաք, ըսաւ եւ դառնալով իւրայնոց. տարէք այս իշխանները, որ իրենց արժանեաց վրայ մտածեն, մենք բաւական զբաղմունք ունինք հիմա եւ պէտք չէ ժամանակ կորսնցնել:

Եւ երբ իշխանները դեռ վրանին դռնեն դուրս չէին ելած բոլորովին, լսելի ձայնով աւելցուց.

Այս օրվնէ տարին չի լցուած, պէտք է որ հոռոմ մը չի մնայ Կիլիկիոյ մէջ: Պատրաստենք եղբարք բանակը Տարսոնի վրայ:

Իրօք բանակը սկսաւ շարժիլ, մեծ էր ուրախութիւնը զօրականին, եւ քան զամենայն ոք մեծ էր ուրախութիւնը Մլեհին:

Իսկ մեր կալանաւորքը տեսնելով թէ խնդիրը կը ծանրանար, `վասնզի եթէ բանակը Տարսոնի վրայ երթար, Թորոս գտնել աւելի դժուարին պիտի լինէր եւ ո՜յ գիտէ յաջողութիւնն ալ աւելի հպարտացնելով վերջը պայմանի զիջուցանել գնա աւելի դժուար, մանաւանդ որ կային այնպիսիք, որոնց իշխանութեան երկիրները Կիլիկիոյ մէջ լինելով` թերեւս իրենց ունեցածեն ալ պիտի զրկուէին, ուստի խնդրեցին իրաւախոհ լինիլ եւ ծանր դիներ որոշելնին իմացուցին: Եւ շուտ մը իրենց ծառաներէն մարդիկ ղրկեցին Տարսոնդ Լամբրոն, Կոռիկոս, Փայտս, Անտիոք եւ մինչեւ Կիպրոս, որ փրկանքը շուտով հասցնեն եւ ժամ առաջ ազատին:

Նոյն միջոցին Ատանա քաղաքը Ատեփանէի մէկ փոքր ցոյցին վրայ անձնատուր կը լինէր եւ դռները կը բանար Թորոսի եղբօրը: Իսկ հայ յաղթութեան լուրը Կ'իլիկիայեն դուրս առջի տանողը նոյն ինքն Անդրոնիկոս եղած էր, երբ իւր քանի մը մնացորդներով խայտառակաբար հազիւ կրցեր էր ճողոպրիլ Անտիոք: Կալանաւորաց մէջ, ինչպէս գիտենք, գլխաւորն էր Օշին, տէրն Լամբրոնի, զօր ամենեւին ուրիշ հայ իշխանաց հետ չէր ուզած որոշել Թորոս ի յունաց, եւ անոնց կարգը գնելով զանոնք` միշտ այնպէս կը վարուէր, որ իբրեւ թէ հոռոմ եղած լինէին ազգաւ եւ կրօնիւք: Օշին հիմա վախեն ծանր Փրկանք մը յանձն առած էր, եւ կը սպասէր հասնելուն ի Լամբրոնէ, իւր անդրանիկին հետ, վասնզի քառասուն հազար ոսկուոյ տուգանքին կէսը միայն առժամայն վճարել կարող էր եւ միւս կիսուն համար պատանդ պիտի թողուր տղան: Այս պայմանաց համար ամենայն բանագնացութիւնք Բաբկէնի միջնորդութեամբ կը լինէին, որուն յանձնուած էր բոլոր կալանաւորաց պահպանութիւնր: Բանակը արդէն կը շարժէր, երբ փրկանաց մեծագոյն մասը հասաւ, հրամայեց Թորոս բերել բոլոր յոյն իշխանները, բերել նոյնպէս անոնց ազատութեան դիները, եւ երբ ամէն դրամները համրուեցան եւ ճիշտ գտնուեցան`

Ազատ էք ուրեմն, գնացէք ձեր ճամփան:

Եւ դեռ անոնց ներկայութեան` հրաման տուաւ բաժնել զօրաց բոլոր ստակր, որ գանձ մ՚էր, եւ երբ իշխանները զարմանք յայտնեցին այս հարցմամբ թէ`

Այդչափ ստակ ինչպէ՞ս կարելի էր այդ սինլքոր զօրականին բաժնէի

Որպէսզի դարձեալ ձեզ եւ ձեր նմանիքը բռնեն ինձի բերեն, եղաւ Թորոսի պատասխանը:

Ալ սկսաւ Թորոս հայրենական սահմաններէն դուրս ելնել, Տարսոն խիստ պաշարմունքէ մը վերջը անձնատուր եղաւ. իր յաղթող բանակին աջթեւը մինչեւ Կոռիկոս կը տարածուէր, ձախը մինչեւ Ալեքսանդրիս ծոցը, որ անկից ետքը Հայոց ծոց սկսաւ զրուցուիլ: Իր զօրավարները ամէնքը վարձատրեց, Մլեհ եղբօրը Կ'ոռիկոսի բերդը իր սահմաններովը տուաւ` յորդորելով, որ ի բաց առեալ զհոյնս լաւ վարուի ամէնուն հետ: Իսկ Փայասի ծովեզերեայ փոքրիկ բերդը սարգսի յանձնեց` յորդորելով, որ երբեմն ծովասպատակութիւնն շարունակէ յօգուտ իրեն եւ ի վնաս թշնամեաց, միանգամայն Սարգսի արթնութենեն կը յուսար, որ իր խռովայոյզ եղբօր կերպով մը դէպ կը լինի դրկից գտանելով, եւ նորա անճոռնի շարժմունքներն իրեն կիմացնէ:

Բայց միշտ մտքեն չէր կրնար հանել այն գաղտնի նամակաց ընթերցմունքն, որ բոլոր իւր դրացեաց ոգին իրեն յայտնի կը պարզէր, ուստի պէտք էր զանոնք իրարմէ բաժնիլ: Այն նամակները` յայտնի իրեն կ'իմացնէին թէ Անտիոքայ իշխանը խոստացեր էր յունաց օգնել, եւ կը գուշակէր թէ Անդրոնիկոսի ամբարտաւանութիւնն էր միայն պատճառ, որ այս օգնութիւնը տեղի չէր ունեցեր, եւ իրօք այնպէս էր: Ուստի Թորոս երբ այս խորհրդածութեանդ վրայ էր, Տարսոն` ուր իր գործողութեանց կեդրոն ըրած էր այն ժամանակին, ահա յանկարծ հին բարեկամ մը, ասպնջական մը` Բարսեղ վարդապետ, առաջնորդ Կիպրոսի հայ վանուց` ներս կը մտնէր Կ'ոստանդնի հետ մէկտեղ:

Ո՜հ, ըսաւ Թորոս խնդալով, ահա մեր հին երկու սուրբ միանձունքը. ո՛ւր գտար, հայր սուրբ, քու հին միաբանդ, թէ ոչ նա զքեզ գտաւ, քանի տարի է, որ զմեզ մոռցար, մենք ալ զքեզ չի կրցանք յիշել, ներէ, գիտես թէ Եւփիմէ միշտ զքեզ կը զրուցէ: Բայց տխուր կերեւիս… խոսէ` ի՛նչ ունիս:

Մեծ իշխան, մենք գիտէինք թէ դուք զմեզ կը յիշէիք, վասնզի քանի անգամ իշխանուհին թէ մեր վանուց եւ թէ մեր կիպրաբնակ հայոց կարօտելոց համար օգնութիւն ղրկեց, իսկ ես քանի անգամ ուզեցի գալ, որպէսզի ձեր հզօր պաշտպանութիւնը խնդրեմ մեր խեղճ ժողովրդոց համար, բայց յունաց չարութենեն արգիլուեցայ, տարի մ՚էր, որ բանտն էի Նիգոսիայ, վասնզի զմեզ իբրեւ հերետիկոս չարչարել, հալածել սովորութիւն ըրին Կիպրոսի հոռոմք եւ ինչ որ մինչեւ հիմա յարաբտացուոց չի տեսանք, ասոնցմէ կը տեսնենք, կրօնք, կեանք, ստացուածք` ամէն բան վտանգի մէջ է: Ո՞ւմ դիմէի, շփոթած էի. ուխտ ըրի աստուծոյ, որ բանտեն ազատած միջոցիս Կիլիկիա ձեզի դիմեմ, եւ ոսկի խաչ մը, որ միայն մնացեր էր, կաշառք տալով բանտապանին, ազատեցայ եւ վանք եկայ: Իմ խե՜ղճ վանքս, դռները այրած, միաբանքս ոմանք ցրուած, լեռները փախած, ոմանք սպաննուած, եկեղեցին պղծեալ, սուրբ սպասք յափշտակեալ գտայ: Թէ որ արաբացի նաւ մը զիս հոս չի հասնէր, չեմ դիտէր ինչ մահուամբ ալ զիս պիտի սպաննէին այդ նզովեալ ազգը, ահա իմ վիճակս. եթէ Կոստանդին իշխանը ինձի շնորհք չընէր այս հագուստները ճարելու` զիս մուրացկանի հագուստներով հիմա պիտի տեսնէիք:

Ցաւալի եւ անպատմելի բան մը թէ կայ` միայն մեռածներն են, հայր սուրբ, որոնց ճար չեմ կրնար ընել, իսկ մնացեալ ամէնուն հնարքը դիւրին է, փառք աստուծոյ. դու հիմա քիչ մը հանգչէ՛, հայր սուրբս, քիչ մը հանդարտէ. ես բոլոր քու կորուստներուդ փոխարէն տասնապատիկը հատուցանել կ'ուտամ: Կոստանդի՛ն իշխան, քեզի կ'ընկնի առնող քու վանահայրդ, շինել տալ անոր ցուցակ մը բոլոր իւր կորուստներուն, եւ տանիլ զինքը, ամենայն քաղաքավարութեամբ ու քաղցրութեամբ հոս` Տարսոնի յունաց արքեպիսկոպոսին, եւ ինձմէ բարեւ ընելով յորդորել զինքը, որ անոնց փոխարէնը տա. վասնզի ինչպէս օրէնք է, որ սպասաւորը սեղան են ուտէ, նոյնպէս արդար է, որ հարուստ սեղանը կողոպտեալ սեղանին բաժին հանէ: Մենք յունաց եկեղեցեաց ամենեւին չի դպանք, բայց նոցայ եկեղեցիները պէտք է գոնէ մեր եկեղեցեաց վնասը տուժեն, երբ իրենց կրօնակիցք զանոնք կը կողոպտեն: Իսկ քու կիպրացիքդ, հող մ՚ընէր, հայը սուրբ, իրենց պատիժը կը գտնեն:

Վանահայրը եւ Կոստանդին ելան իրենց պաշտօնը կատարելու: Կրնան երեւակայել, ընթերցողք թէ Կոստանդին եւ թէ հայր սուրբը քանիցս բազմապատկեցին իրենց կորուստները, եւ թէ ինչչափ ճուացուցին խեղճ արքեպիսկոպոսն, որ իր վիճակին աղքատութիւնը, պատերազմներու պատճառաւ իր եկամտից կորուստը, եւ թէ ջրհեղեղեն եւ Պօղոս առաքելոյն Տարսոնի քաղաքացի լինելեն ի վեր ինչչափ վնաս կրած էր իւր եկեղեցին` զանոնք կը համրէր: Բայց ոչ վեղարաւոր եւ ոչ անվեղար գլուխը այս իրաւաբանութեան ուշադրութիւն տալու փափկութիւնն ու թափանցկութիւնը չունէին, մէկ կողմեն ապառաժի պէս անզգայ` իրենց պահանջմունքը կը նորոգէին եւ միւսեն զլանալու ամէն ջանք կ'ընէին, եւ այս խաչի, սկիհի, աւետարանի, պատկերի, միանձանց ապրուստի եւ վանքի եկամտից առեւտրին մէջ` Կոստանդին զինուոր մարդ, անհամբերութեամբ երբեմն կ'ելնէր, երբ արքեպիսկոպոսը եւ վանահայրը, թէպէտ ոսոխ, կը միանային զինքը նստեցնելու, իմացնելով գոնէ այս հրաւէրով, թէ եկեղեցականը գիտէ տեղի տալ միշտ, բայց ի վերջին կէտին: Այսպէս նաեւ եղաւ հիմա, յոյնը, որ Կիպրոս կողոպտէր էր հայուն վանքը, Կիլիկիա կը տուժէր քառապատիկ, ոսկիները համրուիցան, արծաթներու կապոցները շինուեցան. հայ կրօնաւորն ամենայն յարգանօք եւ խոնարհութեամբ իր յոյն պետեն ի դասակարգութեան աջն առնլուն եւ օրհնութիւնը խնդրելուն` մօրուքն ի վար կը ծիծաղէր եւ, փոխարէն նորա բերանը, երբ անուշ օրհնութիւն կը բխէր, հազար դառն անէծք սրտին խօրէն կը տեղացնէր, դժբախտաբար Աւետարանի բարոյականին համար` անշահասիրութեան քարոզն, Քրիստոսի հոն չէր, որ չուտնեայ խարաղանաւ այս իր երկու սիրելի աշակերտները լաւ մը դրոշմէր:

Կողոպուտն բեռնակրի շալակաւ բարձեալ` մեր հայ սուրբը կը դառնար Թորոսի իր շնորհակալութիւնքն ընելու, եւ երբ իշխանական պալատին դռան մօտեցաւ` ոչ սպասաւորաց բազմութիւն, ոչ սպայից ելեւմուտ, ոչ սուրհանդակաց երթեւեկ` ոչինչ չէր երեւար. այլ խաղաղ լռութիւն մը կը աիրեր, եւ դռան քով լռիկ երկու զինուորներ սուր ի ձեռին կայնած էին:

Կ'երեւայ թէ իշխանը մեկնած պիտի լինի, ըսաւ Կոստանդին:

Ո՞ւր, պատասխանեց եկեղեցականը:

Ո՜Յ գիտէ, այնպիսի մարդ մ՚է, որ դոզ, դադար չգիտէր, մենք երբեմն իր հօրեղբօր վրայ կը զարմանայինք, բայց այս անցաւ զանի, լռիկ, անխօս կը մտածէ, երբ որոշէ` ա՛լ դանդաղիլ, դադրիլ չգիտէ, իր նպատակին կը վազէ, տեսնենք, իմանանք թէ ո՞ւր է:

Մտան պալատը եւ տեսան Բաբկէն, որ ձեռքերը ետին կապած կը շրջագայէր եւ երբ այս մեր երկու բարեկամները եւ բեռնակիրը ետեւնուն տեսաւ, որ կ'ուգային, աննշմարելի ծիծաղ մը երեսին եկաւ, յիշելով այն Կիպրոսի Ս. Մակարայ թաքստեան տարտամ վիճակի օրերն, երբ նոր գերութենէ ազատած, սիրտ ի դող, ելից իրաց կը սպասէին անփորձ երիտասարդ իշխան մը գլուխնին ունենալով, որ յոյս կ'ուտար իրաւ իրեն` Բաբկէնի, բայց ո՜յ կարծէր թէ այնչափ խոհեմութիւն, այնչափ քաշութիւն եւ նախատեսութեան հետ պիտի ընկերացնէր եւ բոլոր իր պապերուն ըրածը, քանի մը տարուան մէջ աւելիովը պիտի ընէր եւ գերազանցէր.

Ո՛հ, աստուած օգնական, հայր սուրբ, բարի ես եկեր:

Ողջոյն, Բաբկէն հայրիկ, աստուած պահապան, պատասխանեց հայր սուրբը:

Բայց իշխանը ո՞ւր է, կը հարցնէր Կոստանդին:

Իշխանը Փայաս գնաց:

Փայաս գնա՞ց: Բայց քու իշխանիկդ յիրաւի զարմանալի մարդ է, Բաբկէն, յանկարծ կելնե…

Իմ իշխանիկի ըրածը թագաւորները չեն կրնար ընել, ես կ'ըսէի երբեմն թէ իր հօրեղբօր պէս թէ լինի` շատ է մեզի, բայց հիմա, հէ՜, ոչ հօրեղբայրը, ոչ հայրը, ոչ պապը… Լուսաւորչայ պէս մարդ է պիտի ըսեմ, թէ աստուած չի բարկանայ. քանի՜ տարի է, օր մը թեթեւ գործ մը չի տեսանք… Դու, ես, այս հայր սուրբը իր կարգովը, կաթողիկոսն իր սուրբ մեռոնով, աստուած վկայ թող լինի, եղբայրասպան կը լինէր թէ որ Մլեհի խօսքերը օր մը միայն լսեր… բայց իմ իշխանիկս ամէն բան կը լսէր, գիտէր, ձայն չէր հանէր, սուտ խուլ կը լինէր: Օր մը, խոստովանանք թող մնայ, քանի մը ամիս կայ իշխանուհին ինձ ըսաւ. «Բաբկէն հայրիկ, կը զրուցեն թէ Մլեհ իշխանը իր եղբայրը չի սիրէր եւ անոր դէմ երբեմն կիրքով կը խօսի եւ սպառնալիք ալ կընէ, իրաւ՞ է, պէ՞տք է հաւտալ»: Հաւատա՛, Կոստանդին, մեր եղբայրութիւնը վկայ, պաղեցայ մնացի: Իշխանուհին տեսնելով իմ շփոթութիւնս մէկեն վրայ բերաւ… շա՜տ խելօք կին է. իրաւ որ մեր լեռներուն մէջ նմանը չի կայ: «Ես չեմ հաւատար ի՛նչ որ լսեմ, Բաբկէն հայրիկ, մարդիկ չարալեզու են, խօսքերը ծուռ կը մեկնեն, վերադիր կ'ընեն. դու, որ ամէնուն հօր պէս ես թէ որ օգտակար գտնես` խրատէ զինքը, որ խոհեմ լինի. իրաւ, եղբայր են, բայս կրնայ մէջերնին պաղութիւն մտնել»: Ես ամաչեցի այս խօսքերեն, գիտէք թէ ամօթը ինձի համար էր, Մլեհին բան զրուցել պարապ էր, բայց պարտք է, ըսի, զրուցեմ` խղճմտանքես ազատիմ. այս մտքին վրայ էի, մէկ մ՚ալ իշխանը ինձ օր մը յանկարծ, երբ մինակ էինք` «Բաբկէն հայրիկ, ըսաւ, քանի օր է դու միտքդ կը յոգնեցնես, գիտեմ, Մլեհին հետ խօսիւ կ'ուզես, կը պատրաստուես շատ անգամ, կը տեսնեմ, երբ Մլեհ իմ քովս գա` ներս կը մտնես, դուրս կ'ելնես, միշտ հոս կ'ուզես գտնուիլ. հոգ մ՚ընէր, անոր սիրտը գէշութիւն չի կայ, նա, որ զրուցէ, չի գործադրէր, փուճ տեղ մի յոգնիր, շատը գնաց, քիչը մնաց. Մլեհ խենթ, խելօք դուրս կ'ուտայ, նորա ամէն պակասութիւնը անգործութենէ է. չափը լեցուեցաւ, քանի մը օրէն Մլեհ գոհ եւ երջանիկ պիտի լինի. դարձեալ կ'ըսեմ հոգ մ՚ընէր. ոչ մէկու բան մ՚ըսէր»: Իրօք մէկ մ՚ալ լսեցինք թէ մեր վրայ հոռոմները պատերազմի կ'ուգան. Մլեհ փոխուեցաւ, եղբօրը պէս ոչ մարդ կար, ոչ իշխան: Հիմա գնա աս միջոցիս Մլեհ կը գտնես Կ'ոռիկոսի դռներուն առջեւ` ծովեզրը նստած, օղին կը նետէ եւ եղբօրը գովասանութիւն կը կարդայ, ինչպէս ասկից քանի մը ամիս առաջ Վահկայ հովանոցին մէջ նստած օղին կը նետեր` նզովք կը կարդար: Մլեհին ի՛նչ զարմանամ. Թորոսի կը զարմանամ, որ եղբօրը ամէն ասածը գիտէ, իմ մտքես անցածը գիտէ, Հոռոմի թագաւորին ընելիքը գիտե…, աս մարգարէ է, ի՞նչ է, դու ըսէ, հայր սուրբ, դու որ շատ կարդացէր ես. բայց գիտցիր թէ մեր իշխանիկը քեզմէ շատ կը կարդայ:

Եղբայր, հայր սուրբեն ի՞նչ կ'ուզես, կանչից Կոստանդին, թէ որ Մլեհ, որ Կ'ոռիկոսի իշխան եղաւ` օղին կը խմէ եւ եղբօրը գովասանք կը կարդայ, օղին բերել տուր մեզ ալ, տե՛ս թէ հայր սուրբը ի՛նչ օրհնութիւն պիտի կարդայ մեր իշխանին. այս բեռը կը տեսնե՞ս, բոլոր արծաթ ու ոսկի է, բոլոր եկեղեցական սպաս ու դրամ է, նորա խրատով մէկին տեղ տասն առաւ հոռոմ եպիսկոպոսեն. տեսնէիր խեղճ մարդը, մինչեւ մօրուքը քրտնեցաւ: Տէ՛, օղի՜ն, օղի՜ն, օղին բերել տո՛ւր, ըսաւ Կոստանդին, եւ իւր ահագին հասակով տարածեցաւ գետին:

Եւ մեր երեք բարեկամները բոլորեցան սեղանի մը շուրջը, անցեալին, ներկային եւ ապագային վրայ խօսելով` մինչեւ քունը իրենց աչաց վրայ ծանրացաւ: Բայց երբ Կոստանդին եւ հայր սուրբը կը խորդային բոլոր գիշեր, Բաբկէն, որու յանձնուած էր Տարսոնի կառավարութիւնը, երեք-չորս պտոյտ ըրաւ նոյն միջոցին` պահապանաց հսկողութեան ուշ դնելով: