Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Այս տխուր դիպուածեն վերջը Թորոս զզուանք մը իմացաւ եղբօրմեն, ինչպէս իմացեր էր իր փեսեն: Մտքին մէջ շարունակ Դիոնիսին խօսքերը կը դառնային, որ երբեմն իշխանութեան ժառանգութեան վրայ ըսած էր. եթէ իրեն նման քանի մը յաջորդներու աթոռը ձգելու բարեբախտութիւնը ունենար, կրնար յուսալ թէ Ռուբինեանց հարստութիւնը տեւողութիւն պիտի ունենար, ուստի նայելով շուրջը` Ստեփանէի մեծ որդին ալ Ռուբեն նաեւ իր տղայամտութեամբ յուսահատութիւն կը բերէր իրեն. Լեւոն միայն` նորա պզտի եղբայրը յոյս մ՚էր, բայց Մլեհ եւ Ռուբեն արգեւք մ՚էին: Այս խորհրդածութեամբ, տխուր շատ անգամ կը մտածէր, եւ միտքը կը վազեր, այն հին Ելլա դա եւ Հռոմի հասարակութեանց, ուր ազգի մը բախտը մարդու մը կ'արողութենեն չէր կախուէր, այլ ազդին բարոյական զօրութենեն. բայց ո՞ւր էր այդ բարոյական զօրութիւնը, ո՞ւր էր այդ բարոյական զօրութիւնն ստեղծելու դաստիարակութիւնը: Այս մտածութիւններն ահա` իր Եւփիմէին սուգին յիշատակը առանց իր սրտեն վերցնելու` զինք հռրդորեցին, ժառանգ մը տալու համար աթոռին, ամուսնութիւն մը ընելու Թովմաս անուն իշխանի մը աղջկան հետ, որ ըստ իւր փափագանաց` մանչ զաւակ մը իրեն տուաւ եւ զօր ի յիշատակ ցեղապետին եւ իր սիրելի եղբօր Ռուբեն անուանեց:

Բայց բախտը չէր ներէր, որ Թորոս հանգիստ առնուր պատերազմներէ, կռիւ մը հազիւ կը վերջանար, նոր մը կը ծնէր. երբ իր երկիրն հիւսիս, հարաւ եւ արեւելքի կ'ողմերեն կ'ապահովէր, պէտք էր արեւմուտք իրեն դէմ թշնամի հարուստներ: Հիմա ալ նոյնպէս ահա հին օձը գլուխը կը վերցնէր. իր բանտերեն, իր գերութենեն ճողոպրած, Անդրոնիկոս Կոմսին Մանուէլ կայսեր հետ հաշտուած` մեծագանձ պարգեւներով ճոխացեալ, իմացաւ թէ իր վրայ կ'ուգայ, ուստի իր պատրաստութիւնները տեսաւ, եւ արթուն կը սպասէր արժանաւոր ընդունելութիւն ընելու համար: Եւ իրօք, երբ Մամեստիայ նստած էր Թորոս իր բանակաւ` լուր առաւ թէ յունաց նաւատորմը Ալեքսանդրիս ծոցը կը մտնէր, եւ Անդրոնիկոս ցամաք կ'ելնէր. գիտնալով թշնամուոյն յանդգնութիւնը` թոյլ տուաւ, որ նա իր բանակին վրայ արշաւի եւ նոյն միջոցին, ինք քանի մը ընտիր գունդեր հետն առած` Ամանոսի բարձանց վրայեն կը դիտէր յունական բանակին խլրտմունքը եւ աւարառուաց մեծ եւ պզտի խումբերու անզգուշութիւնքը յանկարծահաս յարձակմամբ մեծ բանակեն բաժնելով բնաջի՛նջ կը կոտորէր:

Իսկ Անդրոնիկոս թէպէտ հաւասար իր չարութեան` քաջութիւն` ալ ունէր, եւ ինչպէս անառակութեանց, նոյնպէս պատերազմներու մէջ ալ կը ծերանար, դիանալով նաեւ իր թշնամուոյն արթուն քաջութիւնը, որու փորձն առած էր, բայց ատելութեան կ'ատաղութենեն` կուրցած` արհամարհել կը ձեւացնէր իւր թշնամին, եւ ամբարտաւան պատգամաւորներ կ'ուղարկէր առ Թորոս, ի հնազանդութիւն գնա կոչելով: Իսկ Թորոս դեսպաններուն ամէն ըսածներուն լուրջ եւ հանդարտ մինչեւ ետքը մտիկ ընելեն վերջը, նոյն ինքն Մանուէլ կայսեր ոսկի հրովարտակը առջեւնին նետեց արհամարհանոք. «Գնացէ՛ք, ըսէ՛ք ձեր զօրավարին, ըսաւ, թէ ես զինքը ոչ օրինաւոր սպարապետ, այլ աւազակապետ մը կը համարիմ, թէ որ իր տէրը, որ մեծազօր ինքնակալաց յաջորդ է եւ չգիտէր իր այս հրովարտակը յարդել, թէ որ իր տեղակալք անգութ եւ անզգամ դաւաճանութեամբ ամէն դաշինք ոտնակոխ ըրին եւ զմեզ բռնադատեցին արդար վրէժխնդրութեամբ Յոյն իշխանութեան հետքն ու անունը այս երկրեն ջնջելու, հիմա նոյն կայսրը չամչնար, չի կարմրիր առնուլ իմ վրաս ղրկել այդ ոչինչ մարդը, որու գոռոզ ամբարտաւանութեան հաւասար է պատերազմական տգիտութիւնը: Յիրաւի ուրեմն արդար է, որ կ'իմանամ թէ ձեր կայսրը աստուածաբանական գիտութեանց ինքզինքը տալով, բոլորովին յիշողութիւնն ալ կորուսէր է, մոռցեր է թէ այդ իր ընտրած զօրավարը նոյն այդ մարդն է, որ ասկից տասնեւհինգ տարի առաջ իմ վրաս գալով եւ այսպէս դարձեալ մեծ-մեծ ջարդելով անարգաբար կիսամերկ փախաւ. թէպէտ նոյն ատենն ալ դարձեալ հռոմէական կեսար անունը կ'աղտոտէր եւ. սպարապետ անունը ծիծաղելի կ'ընէր. տէ՜, գացէ՛ք, դուք խեղճ մարդիկ, նայեցէք, որ իրմէ առաջ փախչելու ճարը տեսնէք, վասնզի հիմա իմ զօրքերս ձեր Անդրոնիկոսներուն, ձեր կեսարներուն, ձեր խեղճ զինուորներուն խնայութիւն ընել չեն գիտէր, այլ մինչեւ վերջինը սպաննել ուխտած են: Գնացէք ձեր բանակը, այսպէս պատմեցէք»:

Այս պատասխանը Անդրոնիկոսի կատաղութիւնը յիմարութեան վիճակի մը հասուց, եւ իր բանակին նորահնար ձեւ մը տալ ուզելով, կենդանուոյ մը կերպարանք տուաւ, կըսէ, պատմութիւնը, գլխով, ոտքերով եւ ագիով, եւ այսպիսի դասաւորութեամբ մը յարձակեցաւ Թորոսի բանակին վրայ: Իսկ Թորոս, որ այսպիսի պատկերահանութենէ չէր հասկնար, այլ միշտ իր լեռներուն եւ անտառներուն դիրքեն օգուտ քաղելէ կը հասկնար, նոյնպէս այս անգամ ամէն իր բանակն այնպէս յարդարեց, որ թշնամուոյն փախչելու ճամփայ չի ձգէ, ուստի ամէն կողմ թշնամին պատեց դարանամուտ զօրքով, եւ իր բանակին ճակատը հողապատնշներով ամրացնելեն վերջը, ընտիր հեծելագնդով մը անցաւ թշնամուոյն կռնակը, եւ երբ Անդրոնիկոս իր գլխովն ու. ոտքերով, թեւերովն ու ագիով կը պատերազմէր` իր դիմացի բանակին հետ աջեն ու ձախեն եւ կը ռնկեն հարուած հարուածի վրայ հասցնելով, բանակը քայքայուեցաւ եւ խորտակեցաւ եւ անխուսելի խայտառակութիւնը երկրորդ անգամ վերահաս նկատելով, երբ յուսահատ կը մտածէր, տեսաւ զթորոս զբաղուած խորտակելու իր զօրաց վերջին ճիգն իր աջ թեւին վրայ, գազանի մը պէս իր բոլոր զօրութեամբ յարձակեցաւ նորա վրայ, որ հազիւ ժամանակ ունեցաւ վահանը ընդդէմ դնելու անակնկալ հարուածին, եւ ձիեն վար ընկաւ: Բայց Անդրոնիկոս` երբ ինկած թշնամին վայրկենին ոտքի վրայ տեսաւ եւ որ դարձեալ հական քթթել նորէն ձիուն վրայ կը ցատկէր, իմացաւ վտանգը եւ ձիուն գլուխը դարձուց եւ բռնեց նոյն փախստեան Անտիոքայ ճամփան, որ երբեմն իր կեանքը ազատէր էր: Կեանք մը, որ ամէն չարութեամբ լեցուն` չարաչար սկսած` թէպէտ կայսերական գահույից վրայ չարաչար ալ պիտի վերջանար:

Անդրոնիկոսի այս պարտութեան լուրը երբ Կոստանդնուպոլիս հասաւ, Մանուէլ կայսրը այսչափ նախատինք բաւական չհամարելով, շուտ մը նոր բանակ մը կազմեց եւ Կոստանդին Կալաման դուքսը սպարապետ կարգելով` Թորոսի վրայ ղրկեց, վերջին փորձ մ՚ալ ընելով: Պատերազմն Տարսոնի քովերն տեղի ունեցաւ, եւ հոն յունական բանակն սպառսպուռ խորտակեալ եւ զօրավարը գերի բռնուեցաւ Թորոսենք եւ Բիւզանդիոյ կայսրութիւնը` իր բոլոր ամբարտաւանութեամբ իր ապստամբ թշնամուոյն ձեռքեն ծախու առնել զիջաւ այս մեծ իշխանը` ծանր փրկանք վճարելով:

Ա՛լ անկից վերջը խաղաղութեամբ տիրեց Թորոս բոլոր Կիլիկիոյ եւ մեծ մասին Իսաւյւիոյ եւ Փռիւգիոյ. հաստատեց իր աթոռը ի Մամեստիայ իբրեւ կեդրոն իւր իշխանութեան: Անոնք, որ իր քսանեւհինգ տարուան պատերազմներուն փառքովն եւ սպիներով էին զարդարուած` իշխանութեամբ եւ ասպետութեամբ բարձրացուց, վասընզի իր սկզբունքն էր առաքինութիւնը վարձատրել եւ անզգամութիւնը պատուհասել:

Իր օրով հայը, որ ամէն տեղ հարստահարեալ, թշուառութեան էր դատապարտեալ, Թորոսի երկիրոյ հանգստութիւն եւ պաշտպանութիւն կը գտնէր:

Զինուորը քաշ էր եւ աներկիւղ նորա օրով, եւ բոլոր շրջակայից ահաւոր եղաւ Ռուբինեան խաչը, որ հայ դրօշակին վրայ կը ծածանէր:

Տորոսի լեռներն ոչ միայն ուրախութեան ու նուագարանաց ձայներուն արձագանք կ'ուտային, այլ նոցայ երկիրը իր մետաղական հարստութեամբ աշխատող ժողովուրդը կը վարձատրէր:

Վանքերը Ս. լեռան վրայ ոչ միայն աստուծոյ փառաբանութիւնք հերկինս կը բարձրացնէին, այլ նաեւ ժողովրդեան դպրոցնէր էին: Կիլիկիոյ բեղմնաւոր դաշտերը մշակեալ` հասկերով եւ պտղատու ծառերով կը զարդարուէին, ամէն տեսակ ընտանի կենդանեաք հոտեր իր հարստութեան աղբիւրքն էին:

Քաջ պատերազմի մէջ, արդար եւ աշխարհաշէն խաղաղութեան մէջ` ոչ միայն մեծ իշխանի անուն ունեցաւ, այլ առաքինի եւ ազնիւ մարդու համարմունք ստացաւ: Իր բարեկամութիւնը փնտրեցին իր սահմանակից օտար իշխանք եւ թագաւորք եւ յարգեցին, վասնզի տեսան, որ պաշտպան էր որբոյն եւ տկարին:

Ո՛վ որ ազգային պատմութիւնն ուսնի ուշադրութեամբ, հայ դիւցազանց առաշին կարգին մէջ կը նշմաըէ այս մեծ հանճարը, որ ոչ միայն իր ժամանակեն, այլ նաեւ իր բախտեն վեր էր: Իր քաջութեան հաւասար էր իր խոհեմութիւնը, վասնզի գիտէր դժուարին եւ ապերախտ պարագաներէն օգուտ քաղել, գիտէր ժամանակին տեղի տալ եւ սպասել, որ իշխանաց առաշին կատարելութիւնն է թէպէտ ռամկական աչքեր չի շլացնէ:

Կրօնասէր առանց նախապաշարմունքի, այնպիսի ժամանակի մէջ` եւ այնպիսի քաղաքի մը մէջ դաստիարակուած` ուր իշխանք եւ ինքնակալք անբացատրելի աստուածաբանական խնդիրներով կը զբաղէին երկրին պիտոյքը երեսի վրայ թողած, նա գիտցաւ իր միտքը եւ իրենները անարատ պահել այդ յիմարական հիւանդութենեն, ինչպէս գիտցաւ կրօնքի ճշմարտութիւնները յարգել եւ յարգել տալ իր ժողովրդեան: