Արտաքոյ
կարգի
վիճակ
մ՚էր
այն
ատեն
Կիլիկիոյ
վիճակը.
հայ
ժողովուրդ
մը
Տորոսի
լեռներուն
մէջ
օրաւուր
կ'աւելնար,
վասնզի
Հայաստան
եւ
Փոքր
Ասիա
այլակրօնք
տիրանալով
անտանելի
կնէին
հայուն
հայրենական,
անձնական
եւ
կրօնական
ազատութիւնը,
հալածանք
եւ
գերութիւն
իր
եւ
ամէնքին
բաժինն
էին:
Ժողովուրդը,
ինչպէս
ասիական
ամէն
ժողովուրդք,
երբեք
չէր
երեւակայած
այնպիսի
ազատ
կառավարութիւն
մը,
ինչպէս
որ
յոյնք
եւ
հռովմայեցիք
իրենց
պատմութեան
մէկ
ժամանակին
կրցեր
էին
ունենալ
եւ
ի
գործ
դնել`
եւ
զօր
հանրապետութիւն
անուանած
էին
ի
փառս
եւ
ի
պատիւ
հայրենեաց
ու
մարդկային
ազգին:
Մեր
եկեղեցական
նախնի
հայրապէտք
հազիւ
թէ
քրիստոնէական
կրօնից
գրքեր
ու
գաղափարներ
թարգմանելու
եւ
տարածելու
ժամանակ
ունեցեր
էին,
եւ
ազգային
պատմութեան
մշուշ
համառօտութիւնը
Մովսէս
Խօրէնացուոյ
շնորհիւք
այնչափ
տկար
էր
ժողովրդեան
մտքին
մէջ,
որ
հայ
զօրավարներ
իրենց
զօրաց
քաջալերութեան
օրինակի
համար
հրէից
պատմութեան
դիմելու
պարտաւորուած
էին:
Եւ
ի՜նչ
զարմանք:
Թէ
որ
եւրոպական
ժողովուրդք
ասկից
հարիւր
յիսուն
տարի
առաջ
հայրենեաց
եւ
ազգութեան
գաղափար
հազիւ
թէ
ունէին,
ասիական
ժողովրդոց
համար
նոյնը
երեւակայել
ասկից
եօթ
հարիւր
տարի
առաջ,
բոլորովին
տղայամտութիւն
կրնայ
համարուիր
Ուստի
Տորոսի
վրայ
ժողովուած
հայուն
բազմութիւնը,
ինչպէս
նաեւ
ժամանակակից
օտարազգիք
ալ
կը
վկայէն,
երկու
կատարելութիւն
ունէր.
պատերազմական
քաջութիւն,
քրիստոնէական
հաւատք.
ամէն
մարդ
զինուոր
եւ
ամէն
մարդ
իր
Հայրենի
կրօնին
գերին
է:
Իրեն
համար
ազգային
դրօշակ
խաշն
էր,
եւ
իր
բոլոր
աստուածաբանութիւնը
Լուսաւորչայ
կրօնք
անփոփոխ
պահպանելն,
ուրիշ
նրբամիտ
ժողովրդոց
բաժինն
էր
իրեն
համար
կրօնական
դաւանութեանց,
արարողութեանց
եւ
վարդապետութեանց
համար
փոփոխութիւններ
մտցնել,
ինք
որ
պարսից,
յունաց
եւ
արաբացուոց
դէմ
իր
բոլոր
զօրութեամբ
այն
իւր
կրօնքին
պաշտպանութեան
համար
ամէն
բան
զոհած
էր,
աս
մասին
անդրդուելի
էր:
Ուստի
հալածանք
սելջուկեանց,
հալածանք
ամիրապետաց
եւ
անթիւ
մահմեդական
ամիրայից,
հալածանք
բիւզանդական
կայսերաց,
հալածանք
նաեւ
ի
վրաց,
զինք
քշէր
բերէր
էին
Տորոսի
բարձունքը,
եւ
հոն
կը
լեցուէր,
կը
դիզուէր
ամպի
պէս
ժողովուրդը,
որ
կարելի
չէր
թէ
քիչ-քիչ
իբրեւ
վտակ,
վերջը
իբրեւ
գետ
եւ
էն
վերջը
իբրեւ
հեղեղ
չիջնէր
եւ
դաշտը
չողողէր:
Բայց
ժողովուրդը
միշտ
առաջնորդի
պէտք
ունէր,
ինչպէս
ամէն
ժողովուրդք
ունեցեր
են
եւ
պիտի
ունենան.
հաւասարութեան,
որ
Սպարտիոյ
օրէնսդիրն
անգամ
չէր
երեւակայած
անկարելի
է,
քանի
որ
բնութիւնը
զմարդիկ
հաւասար
չէ
ստեղծած
նիւթական
եւ
մտաւորական
կատարելութեամբ,
ուրեմն
մեր
հայ
ժողովուրդը
միշտ
կը
նկատէր
երկու
տեսակ
մարդիկ.
իր
կրօնական
գլուխները,
որ
զինք
միշտ
կը
յորդորէին
Պօղոսի
հետ
«Հնազանդ
լինիլ
մարմնաւոր
տէրանց»
եւ
նախարարական
հին
սերնդոց
պայազատքը,
որ
իբրեւ
թէ
փառաց
ճաճանչմը
գլխնուն
վրայ
կը
կրէին,
յարգանք,
պատիւ
եւ
իշխանութիւն
աննախանձ
եւ
անուրանալի
սեփականութիւն
անձանց
համարելով:
Ամէն
ամրոց,
բերդ,
դղեակ,
իշխանի
մը
ստացուածքն
էր,
որ
միշտ
Արծրունի,
Բագրատունի,
Կամսարական,
Սիւնի,
Պահլաւունի,
Մամիկոնեան
եւ
ուրիշ
ասռնց
նման
սերնդոց
կը
վերաբերէին,
որք
ազնուականաց
բնական
առաքինութեամբք
եւ
թերութեամբք
առաք
կամ
ետ
կ'երթային,
յօգուտ
կամ
ի
վնաս
անձանց
եւ
հայութեան,
ժողովուրդը
միշտ
իր
սրտի
ձայնին
եւ
մտքին
համոզման
հետեւելով,
այս
իշխանաց
եւ
բերդակալաց
մէջ
զանոնք
կը
վերադասէր,
որ
առաւել
ինքնիշխանութեան
եւ
հայրենի
հնաւանդ
կրօնից
եւ
սովորութեանց
պաշտպան
էին,
եւ
հետեւապէս
իրենց
ազգին
անհատից:
Ասկից
նաեւ
Ռուբինեանց
ժողովրդականութիւնը,
որոնք
հայութեան
բուն
ներկայացուցիչքն
էին
իր
աչքին,
մինչ
իբրեւ
օտարածին
կ'արհամարհէր
յունացեալք
եւ
լատինացեալք,
որք
Սեբաստոսութեան,
Տուքաթեան
եւ
այլ
ուրիշ
տիտղոսներով
բիւզանդական
կայսրեն
մեծապատիւ
կը
վարձատրուէին:
Կային
նաեւ
անոնց
մէջ
այնպիսիներ,
որ
ոչ
միայն
իրենց
ազգին
պաշտպանութիւնը
կ'արհամարհէին,
այլ
օտարաց
հաճոյ
լինելու
համար
իրենց
ազգը
արհամարհել,
եւ
անկից
օտարանալն
ու
զանի
հարստահարելն
իրենց
սովորութիւն
ըրած
էին:
Երբ
Թորոս,
յաղթանակաւ
եւ
աւարաւ,
ժողովրդեան
ծափահարութեամբ
եւ
գովասանական
երգերով
կը
մտնէր
Մամեստիայ,
իր
ամուսինը
քովն
ունենալով,
որուն
ազնուական
գեղեցկութիւնը
ժողովրդեան
աշխոյժը
կը
ոգեւորէր,
հոն
իրարու
վրայ
կը
հասնէին
իր
տեղակալքը.
Կոստանդին,
որ
Բարձր
բերդի
տիրէր
էր,
եւ
Սարգիս,
որ
Առիւծ
բերդն
առէր
էր,
եւ
այսպէս
իրարու
վրայ
յաջողութիւնք
կրնային
ո՛յ
իցէ
գլուխ
մը
գինեհարել,
բայց
Թորոսի
ուշիմ
լրջութիւնը
շատ
հեռու
էր
ինքզինքն
կորսնցնելէ:
Անոր
համար
միշտ
կը
հարցնէր
եւ
կը
տեղեկանար,
թէ
ո՞ւր
էր
թշնամուոյն
զօրութիւնը.
ի՞նչ
դիրք
կար,
ի՞նչ
զօրութիւն
կար
իրեն
վնասակար
լինելու:
Քաղքի
մը
անուն
կար
իր
մտքին
մէջ,
ժառանգութիւն
հայրենական,
ուր
իր
տղայութեան
մէկ
մասը
ուրախ,
զուարթ
անցուցեր
էր,
բայց
կը
սպասէր,
որ
ուրիշները
զրուցեն
եւ
յիշեն:
Վերջապէս
Կոստանդին
զրուցեց.
«Թէ
որ
կ'ուզէք
աս
հողը
անպիտան
եւ
վնասակար
խոտերէ
մաքրել,
պէտք
է
բոլոր
զօրութեամբ
Անարզաբայ
տիրենք»:
—
Ո՞վ
է
անոր
կուսակալը:
—
Մանաւանդ
թէ
ըսենք`
ո՞վ
է
անոր
տէրը,
ո՞վ
է
անոր
բռնաւորը:
—
Ինքնիշխան
տուրեմն
հոն
կը
տիրէ:
—
Պապեռոնի
տէրը,
որ
յունաց
հաւատարիմն
էր,
հօրդ
գերութենեն
վերջը
Անարզաբայի
կուսակալ
եղաւ,
եւս
անարզաբացի
հայերէն
քանի
մը
հոգի,
որ
ինձ
եկեր
էին
դողալով`
հոս
մէկտեղ
բերի
եւ
իրենց
վիճակին
ինչ-որ
պատմեցին,
ինձի
զզուանք
բերաւ.
լսեցէք
ու
դատեցէք:
Այս
խօսքերն
ըսելով,
Կոստանդին
հրամայեց
իր
մարդկանց,
որ
ներս
բերեն
անարզաբացիքը:
Ցնցոտիներով
ծածկուած
երեք-չորս
հոգի
մտան
շարուեցան
սրահին
մէջ,
նոցայ
խոնարհ
կերպարանքը,
վզերնուն
կորութիւնը,
յուսահատ
նայուածքը,
որ
շատ
հեռի
էին
իրենց
լեռնաբնակ
ազգայնոց
խրոխտութենեն`
յայտնի
կը
քարոզէին
իրենց
վիճակին
թշուառութիւնը:
—
Ի՞նչ
կ'ուզէք,
ինչո՞ւ
էք
մեզի,
—
հարցուց
Թորոս:
—
Ո՜վ
որդի
մեր
իշխանին,
—
ըսաւ
ծեր
քահանայ
մը
մէջերնեն,
—
տասը
տարի
է,
քանի
որ
դուք
մեզ
թողիք
գնացիք,
տասը
անհատնում
տարի
եղան,
որ
մենք
անարզաբացիքս,
խիստ
կը
չարչարուինք:
Թէ
որ
բռնաւորը
պարսիկ
լինէր,
արաբ
լինէր,
յոյն
չիներ,
խաչ
չունի,
հաւատք
չունի,
Լուսաւորիչ
չի
ճանչեր
կ'ըսէինք,
կը
համբերէինք,
բայց
այդպէս
չէ,
այս
անիծից
ծնունդը
ազգաւ
հայ
է,
անունով
Սմբատ
է,
ցեղով
Մամիկոնեան
է
կըսէ,
կը
պարծի,
Վասակի
գործ
կը
կատարէ,
հարկ-տուրք
կառնէ,
մեզ
ու
մեր
տղաքը
անօթի
կը
մեռցնէ,
ի՛նք
չի
կշտանար.
մարդ
մ՚ունէի,
որ
արդարութեան
համար
դատաւոր
դրած
է,
դատաստան
ուզող
չի
կայ`
դատ
կը
հնարէ,
սուտ
վկայ
կստեղծէ,
որ
բանտի,
պատժոյ,
տուգանքի
ճար
գտնէ,
կաշառք
առնէ,
արիւն
թափէ,
չար
սիրտը
զովացնէ.
ուրիշ
մարդ
մ՚ալ
ունի,
որ
աստուծոյ
պաշտօնեայ`
քահանայ,
վարդապետ,
եպիսկոպոս
է
կ'ըսեն,
բայց
մենք
պճնասէր,
արծաթասէր
եւ
հեշտասէր
տեսանք
զինք.
այր
է
կ'ըսեն,
կը
նկան
պէս
բեհեզներ
կը
հագնի,
սնդուրով
ներկուած
կը
տեսնենք:
Պատւհաս
քահանայից,
պատիժ
ժողովրդեան,
բարեկամ
օտարաց
եւ
անհաւատից:
Մեր
գեղերը
քանդուեցան,
մեր
տուներն
աւերակ
դարձանք
ինք`
պալատներ
կը
շինէ,
պարտէզներ
կը
շինէ
մեր
աւերակաց
վրայ.
իր
ամէն
ազատքը
մեյ
մէկ
աւազակ,
մեյ
մէկ
պատուհաս
են
գլխունուս
վերեւ,
մեր
տղայքը,
մեր
աղջկունքը
իրենց
ծառայութեան
եւ
զուարճութեան
համար
են
ստեղծուած.
մեր
լեզուն,
մեր
հաւատքը
հոռոմեն
աւելի
կը
նախատեն,
օտարին
նախատել
կ'ուտան.
քաղաքը
գեղ
դարձաւ,
միջնաբերդ
ապարանքը
Բաբիլոն,
Սոդոմ
Գոմոր
եղաւ:
Ես
ա՛լ
չեմ
խօսիր,
մնացածը
դու
գնա,
հասկցիր:
Մենք
հոս
եկանք,
թէ
որ
դու
ճար-ճարակ
չընես,
մենք
մեր
տուները
չենք
կրնար
դառնալ.
մեր
զաւկներուն
կեանքը
ո՜յ
գիտէ,
հիմա
ի՞նչ
վտանգի
մէջ
է,
վասնզի
երկիրը
լրտեսներով
լեցուն
է:
Մենք
անգամ
մը
Տարսոնի
կուսակալին
բողոքեցինք.
անոնք,
որ
Տարսոն
գնացին,
չգիտենք
թէ
ո՞ղջ
են
թէ
մեռած.
բանտ
մտան,
մէկ
մ՚ալ
չելան.
կնիկնին,
զաւկընին
Հալէպ
ծախուեցան,
ա՛յն
գիտենք:
Քահանան
լռեց,
տխուր
լռութիւն
մը
տիրեց
ամէնուն.
ամէն
աչք
Թորոսին
կը
նայէր,
եւ
ոչ
ոք
հարցմունք
ընել
չէր
համարձակէր,
մինչեւ
որ
Թորոս`
—
Տէր
հայր,
—
ըսաւ,
—
թէ
որ
տխուր
մտածութիւն
մը
եկաւ
մեզ
ամէնուս`
սա
ձեր
պատմածներուն
վրայ,
մի
կարծէք
թէ
դժկամակութիւն
մ՚ունինք
ձեզի
օգնելու,
կամ
աշխատութենէ
կը
փախչինք
անոր
համար,
ո՛չ
երբեք.
մենք
ըսածներուդ
վրայ
տխրեցանք,
որովհետեւ
աս
ձեր
իշխանը
հայ
է,
որովհետեւ
դուք
ալ
իրեն
կրօնակից
եւ
ազգակից
եղբարքն
էք,
եւ
մենք
ձեր
փրկութեան
համար
պիտի
պարտաւորինք
հայու
հետ
պատերազմիկ
հայ
արիւն
թափել.
զօր
մեծ
մեղք
կը
համարինք:
Բայց
քեզի
բան
մը
պիտի
հարցնեմ.
չէ՞ք
ճանչեր
մէկը,
որու
խօսքը
անցուկ
լինի
այդ
ձեր
իշխանին
առջեւ:
—
Մարդու
խօսք
ազդեցութիւն
ընէ՜,
հրեշտակ
ամենակալին
գա`
մտիկ
չընէր:
Այդ
իր
եպիսկոպոսին
անարգանաց
եւ
վատութեան
վարմունքը
կաթողիկոսին
ականջ
գնացեր
հասեր
էր,
չենք
գիտէր
ի՞նչ
կերպով.
նա
ալ
իշխանին
օրհնութեան
թուղթ
գրած,
զեպիսկոպոսն
ուզած
էր
Ծովք`
ի
կաթողիկոսարանն,
որ
խրատէ.
քաղաքն
ու
դղեակ
տակնուվրայ
եղան,
կաթողիկոսի
յիշատակութիւնն
արգիլուեցաւ
պատարագի
մէջ,
եւ
քահանայ
մը,
որ
կամ
անգիտութեամբ
հրամանին
կամ
գիտութեամբ
յիշած
էր
Սրբազանին
անունը`
այնչափ
ծեծ
կերաւ
եւ
այնչափ
ամիս
բանտը
կեցաւ,
որ
ելնելեն
վերջը
հազիւ
երեք
ամիս
ապրեցաւ:
—
Լաւ,
—
ըսաւ
Թորոս,
—
մենք
իրեն
քաղցրութեամբ
ազդարարութիւն
կուղարկեմք,
եւ
թէ
որ
իր
ընթացքը
չի
փոխէ,
այն
ատեն
միայն
խօսքով
չեմք
շատանար
եւ
պէտք
եղածը
կը
գործադրեմք:
Մարդիկը
դուրս
ելան,
բայց
հոն`
վարը
դռան
քով
մնացին,
եւ
յայտնի
կը
զրուցէին
թէ
իրենց
իշխանին
խրատ,
ազդարարութիւն
ոչինչ
օգուտ
չէր
ընէր,
սուրը
միմիայն
մէկ
հատիկ
դարման
էր`
«Բայց
ա՛ն
ալ,
կ'ըսէին,
ինչ
օգուտ
ունի
Անարզաբայ
պարիսպներուն,
արդէն
իշխանը
լսելուն
Մամեստիոյ
առնուիլը,
թո՛ղ
հոս
մեր
վրայ
գային,
տեսնէինք
ո՜վ
որի
անձնատուր
կը
լինէր.
կը
կանչվռտէր,
աստուած
ինք
մեզի
ողորմի»:
Նոյն
միջոցին
երիտասարդ
մը
ելաւ
պատգամաւոր,
որ
մէկեն
ձի
հեծաւ
եւ
Անարզաբայ
ճամփան
բռնեց
սրընթաց.
հրաման
ունէր
նոյն
իրիկունը
դառնալու:
Ուստի
տղան
կ'երթար
անդադար
կրակի
պէս,
ոչ
հաջ
եւ
ոչ
հահեակ
նայելով,
եւ
երեք
ժամ
հազիւ
թէ
եղած,
կ'իջնէր
Անարզաբայ
միջնաբերդին
դռան
առջեւ,
իմացնելով
թէ
պատգամաւոր
էր
Ռուբինեանց
Թորոսի,
որդուոյ
Լեւոնի,
իշխանին
Վահկայ,
Մամեստիոյ,
Առիւծու,
Ամուտայ,
Բարձր
բերդի
եւ
Սիմանայ
կլայ:
Թէպէտ
երիտասարդը
անհամբեր
կը
սպասէր,
բայց
Սմբատ
իշխանը
կամաւ
քամահրելու
համար
զթորոս
անոր
սպասել
կ'ուտար:
Բայց
Թորոս
գուշակութեան
ոգին
ունէր,
ուստի
թէպէտ
երիտասարդ
մը
ընտրած
էր
իրեն
պատգամաւոր,
բայց
լաւ
քննէր
էր
զանի
եւ
առանձին
խրատէր
էր
թէ
ինչպէ՞ս
պիտի
վարուի:
Ուստի
տղան
թէպէտ
անհամբեր,
բայց
նոյն
միջոցին
իր
իշխանին
պատմութիւնը
կընէ
բերդապահաց
թէ
ինչպէ՞ս
հինգ-վեց
օրուան
մէջ
անառիկ
բերդերը
առիկ
ընելու
սքանչելի
զօրութիւն
մը
կար
իր
քով,
թէ
ինչպէ՞ս
անշահասէր
եւ
առատաձեռն
էր
եւ
թէ
ինչչա՛փ
որ
խիստ
էր
պատերազմի
մէջ`
նոյնչափ
ալ
գթած
էր
խաղաղութեան
մէջ
եւ
նայելով
Անարզաբայ
միջնաբերդին
ամրութեանց,
կը
բաղդատէր
Ամուտայ,
Վահկայ
բերդերուն
հետ
եւ
ոչինչ
կը
գտնէր
անոնց
քով
զայս.
եւ
այնպիսի
վստահութիւն
ու
զուարթութիւն
կար
իր
խօսակցութեան
մէջ,
որ
պահապանաց
աներկիւղները
նաեւ
կասկած
մը
սկսան
յղանալ:
Վերջապէս
ժամեն
աւելի
սպասեցնելեն
վերջ`
հրաման
ըրաւ
իշխանը
պատգամաւորը
բերելու:
Հովանոցի
մը
մէջ`
բազմոցներու
վրայ
ընկողմանեալ
էր
Սմբատ.
ծաղկազարդ
մարմարէ
աւազանի
մը
իր
ցնցուղով
կը
զովացնէր
օդը.
զինեալ
ծառաներ
առջեւը
բարեւ
կեցած
էին
անշշունջ,
ինք
դաժան
կերպարանքով
հարցուց
երիտասարդին.
—
Ո՞վ
ես,
ուստի՞
գաս:
—
Մամեստիոյ
իշխան
Թորոս`
որդի
Լեւոնի,
զիս
ձեզի
պատգամաւոր
կուղարկէ:
—
Ի՞նչ
կուզէ
ինձմէ,
ի՞նչ
յարաբերութիւն
կայ
իմ
եւ
ապստամբ
փախստականի
մը
մէջ:
—
Ձեր
այն
փախստական
եւ
ապստամբ
ըսածը,
այսօր,
տասը-տասներկու
հազար
պատերազմողի
հրամանատար
է,
եւ
այսօր
շաբաթ
մը
չկայ`
վեց
ամրութեանց
տէր
է,
դեռ
երէկ
Տարսոնի
կուսակալին
բանակը
ջարդուբուրդ
հանեց
եւ
ցիրուցան
ըրաւ,
Ատանա
քաղաքը
ընդ
հարկաւ
ըրաւ,
եւ
վաղը
ձայնին
երեսուն
հազար
հոգի
պատրաստ
են
դիմելու.
կարծեմ
թէ
շատ
հաւատարիմ
հպատակներ
այս
ապստամբին
հաւասարիլ
երջանկութիւն
պիտի
համարին:
Արդէն
դաժան
իշխանին
աչքերը
կրակով
լեցուեցան
եւ
իր
դիրքը
փոխելով
ու
շտկուելով`
—
Անզգա՜մ,
—
որոտաց,
—
որովհետեւ
գիտես
թէ
պատգամաբեր
ես,
անոր
համար
կը
համարձակիս
իմ
առջեւս
այդպէս
խօսելու,
բայց
միտքդ
դիր
թէ
ես
անոնցմէ
եմ,
որ
ուշ,
կանուխ
գիտեն
վրէժ
հանել:
Ի՞նչ
կուզէ
ինձմէ
քու
տէրդ:
—
Իմ
տէրս,
Թորոս
իշխանը,
Լեւոնի
որդին,
Անարզաբայ
քաղքին
օրինաւոր
ժառանգը,
—
ըսաւ
երիտասարդը,
—
միշտ
հանդարտ
եւ
անխռով
չի
կրնար
անտարբեր
մնալ
այս
քաղքիս
եւ
իր
շրջակայ
գիւղերուն
բնակչաց
աղերսանաց
եւ
պաղատանաց,
ուստի
անոր
համար
զիս
ձեզի
կուղարկէ,
որ
ձեր
զօրծակալաց
խիստ
եւ
անլուր
վարմունքը,
որ
անշուշտ
ձեր
անգիտութեամբ
կը
գործուի`
չափաւօրէք
եւ
արգիլէք,
բարի
դրացութիւնն,
որ
հայ
իշխանաց
կը
վայլէ`
չաւրուի
եւ
հայ
արիւն
փուճ
տեղ
չի
վազէ:
—
Ի՜նչ,
քու
իշխանդ
օրինաւոր
ժառա՞նգ
է
այս
բերդաքաղաքիս…
ի՜նչ,
քու
փախստական
աւազակդ
ինձի
հետ
բարի
դրացութիւնը՞
կուզէ
պահել…
իմ
գործակալացս
անգթութիւնը
եւ
խստութիւնը՞
կուզհ
չափաւորել…
ո՜հ,
յիրաւի
աս
անտանելի
է…
կորի՛ր
առջեւես
թէ
որ
չես
ուզէր
հիմա
հոս
շան
սատակ
իյնալ,
եւ
գնա՛,
զրուցէ՛
տիրոջդ
թէ
աւազակ
մ՚է
իր
հօրը
եւ
հօրեղբօրը
պէս,
եւ
թէ
շատ
չի
քշէր
ուսկից,
որ
գողի
պէս
եկաւ
հոն
պիտի
դառնայ
եւ՜
կախաղանն
իրեն
կսպասէ:
Տէ՜,
ելի՛ր
ու
կորի՛ր:
Երիտասարդն
աչս
խօսքերը
դարձեալ
անխռով
մտիկ
ընելեն
վերջ,
առանց
պատասխան
տալու
եւ
առանց
երկիւղի
նշան
մը
ցուցնելու
իշխանին
կատաղի
եւ
թունաւոր
նայուածքն
երէն,
գլխով
բարեւ
մը
տուաւ,
իջաւ
դուռը,
հեծաւ
իր
ձիուն
վրայ
եւ
նոյնպէս
սրարշաւ
անհետացաւ.
ու
երբ
հասաւ
Մամեստիայ,
արդէն
մութը
տարածուած
էր
քաղքին
վրայ:
Բայց
ամէն
հայու
տուն
ուրախութեան,
երգերու
եւ
նուագարանաց
ձայներ
կը
լսուէին,
զինուորները
եկեղեցեաց
բակերն
ու
գաւիթները
եւ
հրապարտակները
կը
լեցնէին,
լեռնցի
հայն
ու
դաշտեցին
իրարու
հետ
կը
պագտուէին,
աստուծոյ
այցելութեան
հասնիլը
կը
պատմէին,
երբ
անդին
յունաց
թաղերն
ու
տները
լռին
տխրութիւն
կը
թագաւորէր,
եւ
հազիւ
թէ
դիպուածական
անցորդ
մը
միայնութիւնը
կ'ընդհատէր:
Բայց
մենք
դառնանք
Անարզաբայ,
ուր
տեսարանը
բոլորովին
տարբեր
էր.
հոն
միջնաբերդին
մէջ
Սմբատ
իշխանը
կատղած
կը
պտտէր,
մռմռալով
եւ
հայհոյելով,
բայց
ամէն
բան
վերջ
մը
ունի,
ուստի
այս
կատաղութիւնն
ալ
երկայն
չի
տեւեց,
վասնզի
երբ
յիսուն
տարիքին
կը
հասնի
մարդ
եւ
կ'անցնի`
կ'ամա-ակամայ
խոհեմութիւն
մը
կը
սկսի
կատարեալ
կամ
անկատար.
ուստի
թէպէտ
բնաւորութեամբ
դեգ,
ժանտ
եւ
կամակոր,
բայց
վերջապէս
սկսաւ
մտածել
լսածներուն
վրայ.
եւ
դժբախտաբար
դիւրագրգիռ
լինելուն
չէր
կրցեր
հանդարտ
մտիկ
ընել
պատգամաւորին
ըսածներուն,
ուստի
թէպէտ
գիտէր
Ամուտայ
եւ
Մամեստիոյ
առումը,
բայց
«Տարսոնի
կուսակալին
զօրաց
ջարդուբուրդ
եւ
ցանուցիր»
բառերը
դեռ
իր
ականջին
կը
հնչէին.
արդեօք
իրաւ՞
էր
թէ
զինքը
վախցնելու
համար
շինծու
խօսք
մը.
տե՛ս
դժբախտութիւնն
ալ,
որ
ուրիշներու
հարցնել
տեղեկանալու
ալ
կ'ամաչէր.
ուստի
վեր-վար
պտտելով
կ'անցնէր
ժամանակը.
ահա
ուրիշ
դժբախտութիւն
մ՚ալ,
որ
երբ
այն
յուզեալ
վիճակին
մէջ
կը
գտնուէր
հազիւ
քանի
մը
հոգի
միայն
կային,
որ
կարէնային
համարձակիլ
քովը
մօտենալ
եւ
հետը
խօսակցիլ,
եւ
անոնց
երկուքն
ալ
այն
միջոցին
ձիերով
ժուռ
գալու
ելեր
էին
մէկտեղ,
այսինքն`
եպիսկոպոսը
եւ
իւր
կինը,
որու
ամէնքը
սրբազան
անունը
կ'այտային:
Ուստի
մեր
Սմբատ
իշխանը,
իր
բարկութեան
եւ
հանդարտութեան
սահմանակէտը
հասած`
ուժով-ուժով
իր
պիսակ
մօրուքը
կը
խառնէր.
բարեբախտաբար
այս
իր
տանջանքեն
ազատելու
համար
վրայ
հասան
Տիկինը
եւ
երիտասարդ
եպիսկոպոսը:
Դիտելու
արժանի
էր
այս
երկու
անձանց
մուտքը,
եւ
այս
մուտքը`
խոստովանութիւն
մ՚էր
դիտող
աչքի
մը,
մանաւանդ
թէ
ամէն
աչքեր
ու,
որ
նայիլ
գիտեն,
եւ
միայն
էրիկներու
աչքերը
տեսնել
չեն
գիտէր:
Կինը,
որ
արդէն
քառասուն
եւ
քիչ
մ՚ալ
աւելի
տարիք
ունէր,
համարձակ
եւ
զուարթ
կերպ,
ձայն
ուժովդ
քիչ
մը
կերկեր,
նայուածք`
հաստատուն,
քայլուածք`
վսեմ,
գրեթէ
խրոխտ,
երես`
սնգուրած,
արտէանունք`
ներկուած,
ձեռքը
խարազան,
մատերը
մատնի.
երբ
իր
էրկան
եւ
տիրոջ
մէկ
նայուածքով
ճակատը
տեսաւ,
իբր
քաշ
նաւապետ
ճանչցաւ
թէ
փոթորիկ
մը
անցէր
է
հոնկից,
բայց
խնդիրը
պէտք
էր
իմանալ,
ուստի
զօրաւոր
ձայնով
մը`
զօր
պարագան
աւելի
կը
զօրացնէր
—
Այս
ի՞նչ
է,
տխուր
ենք,
տէր
իմ,
ի՞նչ,
մտածելու
նիւ՞թ
մը,
կիրք
ելլելու
առի՞թ
մը
ունեցանք
դարձեալ,
—
ըսաւ:
—
Ոչի՛նչ,
—
պատասխանեց
իշխանը
իր
յօնքերը
խոժոռ
իջեցնելով:
Այս
«ոչի՛նչ»-ը,
յօնքերու
խոժոռ
խոնարհումը,
մեր
երկու
ամոլներուն
ահուդող
պատկառեցին,
եւ
փայլակի
պէս
ակնարկ
մը
իրարու
ձգելեն
վերջ,
ակնարկ
մը,
ուր
խղճի
խայթը,
ոճիրը,
յայտնութեան
երկիւղը,
հետեւանքը`
ամէնքը
կը
պարունակէր,
Տիկինը
դարձեալ
խօսքը
առաւ
անհամբեր
ձեւով
մը.
—
Թէ
որ
մարդ
իր
կնոջ
եւ
բարեկամաց
ալ
իր
սրտնեղութեան
պատճառները
ծածկէ,
սուտ
են
ուրեմն
ընտանութիւն,
բարեկամութիւն
եւ
վստահութիւն:
—
Քիչ
մը
առաջ
հոս
որ
լինէիք,
կրնայիք
տեսնել
ապստամբին
որդուոյն
ինձի
ըրած
պատգամաւորութիւնը,
եւ
դուք
ալ
անձամբ
կրնայիք
դատել
թէ
իրաւունք
ունի՞մ
բարկութեան
շարժէլու:
Այս
յայտնութիւնը
մեր
երկու
սիրասուն
անձանց
մեծ
շունչ
մը
առնել
տուաւ,
եւ
գոհութեան
ակնարկ
մը
այս
անգամ
յաջորդեց.
եւ
ալ
խօսելու
կարգը
սրբազանին
էր,
որ
մինչեւ
հիմա
երկիւղալի
լռութիւն
մը
կը
պահէր,
բայց
աչ
երկիւղը
փարատելով,
երեսին
վստահութիւն
եկաւ,
թէպէտ
շատ
դժուարին
լինէր
շպարեալ
երեսի
մը
վրայ
բարոյական
կիրքերը
նշմարել:
Եւ
յիրաւի,
այս
անձը,
որ
ճանչեցինք
քիչ
մը
վերը,
երբ
շատ
խիստ
կը
նկարագրեր
մեր
խեղճուկ
տէրտէրը`
ի
Մամեստիայ
Թորոսի
եւ
իւր
խորհրդականաց
առաջին
գրեթէ
երեսունհինգ
տարեկան
երիտասարդ
մ՚էր,
միջահասակ,
համեմատ
եւ
վայելուչ
կերպարանքով,
որու
շնորհիւք,
եւ
հետեւաբար
շնորհիւք
մեր
Մամիկոնեան
տիկնոջ
(եւ
այս
երկու
շնորհքներուն
մէջ
յայտնի
է
թէ
երկնային
շնորհք
ամենեւին
միջամտութիւն
չընեղով)
քիչ
ժամանակի
մէջ
եպիսկոպոսութեան
աստիճանի
արժանի
եղաւ:
Բնականաբար
այսպիսի
երկնային
տուրք
մը,
այսինքն`
դիմաց
վայելչութիւն,
որ
իրեն
յառաջադիմութեան
այնչափ
օգնէր
էր,
մեծ
խնամքով
կը
տարածէր
եւ
օրուան
քանի
մը
վայրկեաններ
անոր
զոհել
իրաւունք
կը
համարէր:
Ինչ
գործիք,
որ
մարդկութիւնը
գտեր
էր
գեղեցկանալու,
ածելի,
խլիչ,
վրձին,
զանազան
հեղուկներ
եւ
փոշիներ`
Բիւզանդիոն
իրեն
կը
մատակարարէր:
Աւելցնենք
ասոնց
վրայ
քնքուշ
եւ
շինծու
ձայն,
նազելի
գրեթէ
իգական
քալուածք,
մը,
մատնիներով
զարդարուած
ձեռքեր,
որոնց
ճերմակութիւնը
պահելու
համար
սրբազանը
փոքրիկ
բազկատարածութիւն
մը
հնարած
էր,
որ
արմունկներէն
կը
սկսէր.
մարդը
կատարեալ
կ'ունենանք,
եթէ
յիշենք,
որ
իր
հասարակ
սերունղեն
դժգոհ
նախարարական
տոհմերու
կը
դիմէր
ազնուական
ճիւղագրութիւններ
հնտրելով:
Ուստի,
աղու
ձայնով
եւ
գլխու
կոտրտուք
շարժմունքով
սկսաւ
խօսիլ.
—
Մեծազօր
իշխան,
Ձեր
տէրութիւնը
այս
ամուր
բերդաքաղաքին
մէջ
ոչ
միայն
ապստամբի
որդի
մը
արհամարհելու,
այլ
նաեւ
զօրաւոր
ինքնակալութեան
մը
զօրութեան
դէմ
խիզախելու
իրաւունք
ունի:
—
Այո՛,
սրբազան,
—
պատասխանեց
իշխանը,
—
Բայց
թէ
որ
իրաւ
է
պատգամաւորին
մեծաբանութիւնը,
այս
տղան
շաբթուան
մը
մէջ
այնչափ
առաջ
անցէր
գնացեր
է,
որ
իր
հայրն
ու
հօրեղբայրը
տարիներու
մէջ
մտքերնեն
չանցուցին
երթալ:
Տասը-տասներկու
հազար
հոգիի
բանակ
կազմել…
Տարսոնի
դքսին
բանակը
խորտակել,
ցիրուցան
ընել…
եւ
մեզի
ազդարարական
պատգամ
ղրկել,
որ
մեր
ժողովուրդը
քաղցրութեամբ
կառավարենք…
—
Ի՜նչ,
—
ըսաւ
Տիկինը
վեր
ցատկելով
վիրաւոր
եալ
վագրի
մը
պէս,
—
ա՛յս
միայն
կը
պակսէր,
այս
երէկուան
սրիկան
մեզի
հրաման
խրկելու
ելե՜ր
է.
շա՛տ
բան,
իրե՛ն
էր
մնացեր:
—
Բայց
հոս
խնդիրը,
—
ըսաւ
սրբազանը
խորհրդածելով,
—
երկու
կէտ
ունի
ստուգութեան
արժանի,
ճշմարի՞տ
է,
որ
կրցեր
է
տասներկու
հազար
հոգի
գլուխը
ժողուել,
ճշմարի՞տ
է,
որ
խորտայ
կեր
է
Տարսոնի
դքսին
բանակը:
—
Տեսնենք
մեր
տղաքը
բանի
մը
տեղեկութիւն
ունի՞ն,
—
ըսաւ
իշխանը,
որ
կուզեր
անհոգ
եւ
արհամարհոտ
ձեւին
տակ
իր
սրտին
մեծ
տանջանքը
հանդարտեցնել:
—
Տղա՜ք,
Վասիլին
ձայն
տուէք:
Լռութիւն
մը
յաջորդեց
այս
մեր
երեք
ժողովրդականաց
մէջ,
ուր
Տիկինը
շատ
յուզեալ
ինքզինքն
կը
ցուցնէր
քան
թէ
ինչ
որ
էր
եւ
ուր
սրբազանը
իր
իգական
փափուկ
շարժմունքներուն
մէջ
գոհութեան
ժպիտներ
առ
նա
կ'արձակէր,
վասնզի
ներկա
վտանգը
անցէր,
եւ
հեռաւոր
ու
կասկածելի
ապագայի
մը
վրայ
էր
խնդիրը,
երբ
որ
Վասիլ
երեւցաւ
իր
տխուր
եւ
կատուի
աչքերով
(այս
անարգ
անձը
իշխանին
երեւելի
լրտեսն
էր,
իր
տանը
ընդհանուր
գործակալն
էր,
եւ
առաջին
գողր
ու
մեր
երկու
հրեշտակային
անձանց
կցորդակից
միանգամայն)
իշխանը
ըսաւ.
—
Վասիլ,
դու
ի՞նչ
կը
լսես
ապստամբին
համար,
իրաւ՞
է,
որ
Մամեստիայէ
զատ
քանի
մը
բերդերու
ալ
տիրէր
է:
—
Տէ՛ր,
իմ
լսածիս
թէ
որ
հաւտալ
պէտք
լինի,
այս
շրջակայքը
Անարզաբայէ
զատ
ամէն
տեղի
տէր
եղեր
է,
եւ
բոլոր
Տորոսի
ժողովուրդը
զէնք
առած
գունդագունդ
կը
վազեն
իր
դրօշակին
տակ
մտնելու
համար,
կը
պատմեն
նաեւ
թէ
Տարսոնի
դուքսը
արտորնօք
զօրքը
առած
Մամեստիոյ
վրայ
գալու
ատեն,
ապստամբը
զինքը
դիմաւորէր,
մեծ
յաղթութիւն
մը
ըրեր
է.
այս
վերջինը
ստուգութեան
է
արժանի:
—
Լաւ՛,
իմացայ,
Վասիլ,
—
ըսաւ
իշխանը,
եւ
գործակալը
կրցածին
չափ
պզտիկնալով
եւ
ետ-ետ
քաշուելով
անհետ
եղաւ:
—
Ինչպէ՞ս,
սրբազան,
լսեցի՞ք
հիմա:
—
Զարմա՜նք:
Բայց
Վասիլ
ալ
կը
զրուցէր
թէ
ստուգութեան
կարօտ
է
այս
վերջի
լուրը:
—
Փուճ
տեղ
կայլայլիք,
—
ըսաւ
Տիկինը
քաջասրտութեամբ,
—
անոր
հօրն
համար
ալ
կ'ըսէին,
մեծ-մեծ
կը
ջարդէին,
երբ
ես
նոր
հարս
էի,
դեռ
տղայ
էի,
ետքը
կայսրը
եկաւ,
հայրն
ալ,
մայրն
ալ,
տղաքն
ալ,
ամէնն
աղ
կապեց,
առաւ
Պոլիս
ապրաւ,
երկիրն
ալ
խաղաղեցաւ:
Տիկնոջ
ամէն
ըսածը
շիտակ
էր,
բա՛ց
իր
տարիքեն,
վասնզի
այն
ժամանակներն
ալ
երեսուն
տաբու
եւ
աւելի
կար
եւ
արդէն
տասներկու
տարեկան
տղու
մը
տէր
էր:
Իսկ
Սմբատ,
որ
թէպէտ
Մամիկոնեան
ալ
լինէր,
փոքրոգի
մէկն
էր,
յաջողութեան
մէջ
մեծամիտ,
հիմա
աւելի
կը
մտածէր
մերձակայ
վտանգին
վրայ`
քան
թէ
իր
Տիկնոջ
տարիքին
սխաղը
շտկելու,
կերակուրի
նստաւ`
ախորժակ
չունէր,
անկողին
մտաւ
քուն
չունէր,
եւ
երբ
վերջապէս
շատ
դժուարաւ
քունը
տարաւ,
անհանգիստ
երազներ,
որոնց
մէջ
Թորոս
մեծ
դեր
կը
խաղար`
զինքը
անհանգիստ
ըրին: