Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Նոյն միջոցին վանահայրը վանքին դռան դրսի դին կեցած թիկնաւէտ, հաստաբազուկ եւ արեւեն սեւցած երիտասարդի մը հետ կը խոսէր կամաց ձայնով եւ շարունակ հարցմունքներ կ'ընէր իրեն, եւ թէպէտ յայտնի էր թէ ախորժելի չէին իրեն առած պատասխանները, բայց դարձեալ, երբ իր հիւրերը տեսաւ` զուարթ ընդունելութեամբ հրամցուց զիրենք, եւ ինք ամենեն վերջը դռները գոցել հրամայեց, վասնզի արդէն ժամանակը ուշ էր:

Ընթրիքը ընելէ վերջ, Թորոսի ակնարկ մ`ընելով եւ առանձին սենեակ մը հրաւիրելով ու երիտասարդը ցցնելով`

Ահա, իշխանդ, ըսաւ, սա երիտասարդը հիմա նոր կը հասնի Կիլիկիայէ, ես չեմ կարծէր թէ գտնուի մէկը, որ ասոր չափ լաւ ճանչէ այդ երկրին զանազան կողմերը եւ վիճակը. թէ որ ընդունելիք տեղեկութեանդ վրայ ուզէք դարձեալ ամէ՛ն վտանգաց դիմագրաւել եւ երթալ, չեմ կարծէր թէ ասկից քաջ, ասկից լաւ եւ ասկից հաւատարիմ առաջնորդ մը կարէնաք գտնել:

Թորոս այս խօսքերը լսելուն, ուշի-ուշով տղան կը դիտէր, որու բաց ճակտին վրայ անվեհերութիւն դրոշմած էր եւ իր նայուածքը կը զրուցէր թէ մարդիկ, տարերք եւ մահ գիտէր արհամարհել:

Անունդ ի՞նչ է, բարեկամ, հարցուց Թորոս:

Սարգիս ծառայ, ըսաւ տղան ձեռքը իր լայն կուրծքէն վրայ դնելով:

Ինչչա՞փ ժամանակ է, որ Կիլիկիոյ ափունքը թողիր:

Այս առաւօտ:

Ի՞նչ նաւով էիր:

Մեր նաւով:

Դու նաւ՞ ունիս:

Պզտի նաւ մը, ըսաւ երիտասարդը ժպիտով, վանահօր նայելով:

Դու կը կառավարե՞ս նաւը:

Այո՛:

Ուրեմն ի՞նչ կարօտութիւն ունինք ուրիշի դիմելու, երբ հայր սուրբը զքեզ կը ճանաչի եւ քու քաջութիւնդ եւ տեղեկութիւնդ կը գովի:

Բայց իմ նաւուս թշնամին շատ է, իշխան, եւ բոլոր յունաց նաւերը զիս խեղդելու կաշխատին, բոլոր ծովեզրը զիս կը փնտրեն, ես ալ ծածկուելու համար հոս անցայ քանի մ՚օր:

Չըսես, որ ընկեր ենք. ինձ ալ կը հաւատացնեն թէ զիս կը փնտրեն:

Այո՛, քեզ ալ կը փնտրեն:

Ի՞նչ գիտես. զիս ուսկի՞ց կը ճանչես, զրուցէ ի՛նչ որ գիտես:

Նախ ես զքեզ կը ճանչեմ, տղայութեանս ամէն օր մէկտեղ էինք Վահկայ բերդը, Թաթուլին Սարգիսն եմ. այս իրիկուն, երբ վանքին դուռր տեսայ, հայր սուրբ բան չըսած, զրուցեցի թէ Թորոս իշխանն է (մեծաւորը գլխովը նշանացի կը հաստատէր): Ես քանի տարի է ծովու վրայ ասպատակութիւն կ'ընեմ, հոռոմները իմ երեք նաւս այրեցին, ես անոնց քսանը կողոպտեցի այրեցի, ես նաւու ստակ չեմ տար, բայց տասնհինգ օր մը կայ, որ պահպանութիւնը սաստկացուցին. մեր ծովուն ամէն ժայռերը, ծակն ու ծուկը կը քննեն, կը նային, ցամաքն աղ Մամեստիոյ իշխանին զօրքերը աւելցուցին, անզգամութիւնը շատցուցին, հայը ամէն տեղ կը հալածեն, եւ կը զրուցեն թէ ձեր իշխանը փախեր է բանտեն արքայական քաղաքը, ան կը փնտրեն: Ձեզ ամէնքդ ալ պիտի ջարդենք: Մեր ծերերը կ'ըսեն թէ այսպիսի հալածանք չենք տեսեր: Ուր որ երկայն հասակ, սեւ աչուի, սեւ ընքուի երիտասարդ կը տեսնեն, կը կապեն Մամեստիայ կը տանին. մեր լեռներն ալ այդպիսի մարդ շա՛տ. մինչեւ հիմա քսան, երեսուն մը տարին: Թէ որ մէկ ոտք կոխես, աստուած վկայ, ամէնքը ոտք պիտի ելնեն: Բայց ծովեզրին պահպանութիւնը խիստ է:

Ըսել է, որ դու ալ կը վախե՜ս, Սարգիս:

Աստուած չընէ, իշխան, որ ես բանէ մը վախեմ, հիմա հրաման ըրէ Տարսոնի գետն ի վեր շտկեմ պզտի նաւս, աս մարմինը (կուրծքին մեծաձայն հարուած մը տալով) մէկ անգամ միայն պիտի մեռնի:

Լաւ, ըսաւ Թորոս գոհութեան ժպիտով եւ ուսին պզտի հարուած մը տալով, կը տեսնեմ թէ քաջ ես, քունաւդ պիտի տանի զիս Կիլիկիա:

Հէ՜… հիմա ահա սկսեցի վախել, ըսաւ երիտասարդը քայլ մը ետ առնելով եւ մտածելով: Գիշերները մթնելեն երեք ժամ ետքը արեւմտեան հով մը կը փչէ, կրնանք Ամանուրի եւ Կ'որիկոսի մէջ հազար ծոցերուն մէկը խոյանալ եւ մտնել, մէկ մը ցամաք որ ելնենք, ո՞վ կարող է մեզ ժայռերուն եւ անտառներուն մէջ համարձակիլ հալածէր Ես հինգ տղայ ունիմ, մէկը տասն մարդ կարժէ, Բաբկէնը տեսայ, տասն մարդ ալ այն կարժէ. ծերացեր է, բայց ամուր շինած է. մենք եօթն հոգի կրնանք այդ չեռան ժայռերու ճամփորդութիւնն ընել, եւ աստուծով կը հասնինք: Այն օր Սեւ լեռները հարսնիք կը լինի:

Սարգիս իր անվեհեր արիութիւնը գտաւ աս վերջի խօսքերուն հետ. եւ աջ թեւը գօտիին մէջ դրած կը սպասէր, բայց Թորոս էր հիմա, որ կը մտածէր: Յայտնի է թէ իրեն համար չէր մտածութիւնը, Եւփիմէ էր, որ իր միտքը կը տանջէր: Վասնզի ինք լաւ կը յիշր եւ կը ճանչեր Տորոսի ափափայքն ու գահավէժները, եւ կ'երեւակայէր թէ ինչչա՜փ տաժանելի պիտի լինէր այս ըսած ուղեգնացութիւնը քաջակորով մարդկանց համար, ո՜ւր կը մնար բիւզանդական պալատներու մէջ քնքուշ սնած աղջկան մը համար զանի դիմագրաւել:

Եր՞բ կրնանք ուրեմն— ըսաւ իշխանը, այս կղզին թողուլ:

Չորս օրէն: Հիմա ես վաղն պէտք է դառնամ եւ հոն իմ պատրաստութիւններս տեսնեմ, թէ որ անկարծելի արգելքի մը չի հանդիպիմ` չորրորդ գիշերն հոս եմ, եւ նոյն իրիկուն ճամփայ կ'ելնենք:

Ինչո՞ւ համար հիմա ճամփայ չելնենք մենք ալ միատեղ:

Պատրաստութիւնը, իշխան, ոչ քեզի եւ ոչ ինձի համար է, ըսաւ Սարգիս դանդաղելով, ես այնպէս կարծեմ թէ դու չես ուզէր այդ ծերը եւ այդ… պատանին, որ քեզ հետ այս իրիկուն վեռնեն իջաւ` հոս թողուլ, ուստի անոնս համար գոնէ երկու ջորի պէտք է ճարել. քիչ մը ճամփու պաշար ժայռերու մէջ տեղ-տեղ ծածկել եւ մէկ քանի տղայ հոն ձգել, որպէսզի որոշեալ գիշերին ու ժամուն կրակ վառելով մեզի ուղեցոյց լինին:

Ապրիս, Սարգիս, գնա՛ ուրեմն եւ պատրաստութիւններդ տես: Կարելի է ստկի պէտք ունենաս. ա՛ռ, ըսաւ ու քսակ մը իրեն երկնցուց:

Սարգիս ետ քաշուելով`

Ներէ, իշխան, ես փառք աստուծոյ, հարուստ եմ, քանի ործովուն վրայ հոռմի նաւ կը պտտի եւ ես ալ կը պտտիմ, ստկի նեղութիւն չեմ գիտէր ի՜նչ է: Ուրիշ ազգի` աստուած վկայ, դպած չունիմ, անոնք մեզի ի՜նչ ըրին եւ ինչե՜ր կ'ընեն: Մնա՜ս բարով ուրեմն, վյսաւ եւ անհետ եղաւ:

Երբ վարդապետն ու Թորոս մնացին`

Չորս օր դեռ ձեզի հետ պիտի լինիմք, ըսաւ Թորոս:

Երանի՜ թէ աւելի երկայն ժամանակ զձեզ հիւր ունենայի, պատասխանեց վանահայրն, բայց կ'երեւայ թէ այս օրերս հոս ալ նան իրենց չարութիւնը աւելցուցեր են հոռոմք, վասնզի սկսէր են թշնամական հոգի ցուցնել եւ նեղութեան տալ Լեֆքօշեայ մեր ազգայնոց. ամէն կողմ հալածանք մեր անտէրունչ ազգին վրայ կը տեղա, աստուած մեր աղաչանաց լսէր եւ փրկութեան դրօշակը տար ան ձեռքին, որ իր ընտրեալն է արդէն, տա՛ր իրեն զօրութիւն եւ յաջողութիւն իր գործը ի գլուխ հանելու:

Այս է ահա մեր ցերեկուան ու գիշերուան աղօթքը, երանի թէ մեր ձայնը ընդունելի լինէր:

Հայր սուրբ, թէ որ ձեր ցցուած նաւավարին եւ ձեր հիւրնկալութեան հաւասար է աղօթքը` մեր ամէն գործը պէտք է յաջող երթա: Աս երիտասարդը, որ յիշեցի` իմ տղայութեանս ընկեր, երբ անունը տուաւ, շատ քաջ եւ սրամիտ տղայ կ'երեւայ, ես շատ շնորհակալ եմ ձեզի:

Մենք ձեզի շնորհակալ պէտք է լինինք, ազգ եւ եկեղեցի, երբ յաջողիք մեծ գործը ի գլուխ հանել. քանի որ ձեր հայրը` Լեւոն եւ դուք գերի եղաք, ալ յունաց լրբութեան չափը անցաւ ամէն տեղ, ամէն հարստահարութեանց, ամէն բռնութեանց, ամէն նախատանաց ենթակայ եղաւ մեր ազդը. մեր եկեղեցին, մեր խաչն ու աւետարան կը հայհոյեն, չի կրցանք հասկցնել այս ամբարտաւան ազգին թէ խաչ եւ աւետարան միեւնոյն է ամէն քրիստոնեայի համար. տէրն ինք այց ընէ մեր տառապեալ ազգին. քանի անգամ աղերսագիր ըրինք կաթողիկոսին, որ գոնէ Լամբրոնի իշխանաց ձեռոք կայսեր խնդիրք անէ, որ զմեզ չի չարչարեն. բայց Կիպրոս ո՜ւր, կայսր ո՜ւր. Լամբրոնի իշխանքն ալ կէս հոռոմցած. թէ որ կաթողիկոսն իրենց ազգակից չլինէր, մինչեւ հիմա բոլորովին հոռոմ եղած էին: Դարձեալ կրսեմ, աստուած քու սուրդ հատու ընէ, իշխան:

Աս խօսքերուն վրայ ելան, Թորոս ամէն բան Եւփիմէի հաղորդեց, ամէն վտանգ աչքին առջեւ գրաւ, որ հանդարտ մտիկ ընելեն վերջ`

Քու այդ Սարգիսդ շատ լաւ տղայ մի է, ըսաւ ծիծաղելով, թէ որ աստուած յաջողէ մեր ձեռնարկութիւնը` գերագոյն ծովապետ մը ունինք: Հիմա ես օրերը պիտի համրեմ. ուրբաթ առտու հոս է Սարգիս, նոյն իրիկուն ճամփայ կ'ելնենք:

Եւ այսպէս պատրաստ ամէն վտանգի այս դիւցազն կինը անհամբեր կը սպասէր ուրբաթին, եւ ամէն երեկոյ կառնուր իր ծեր Բաբկէնը կ'իջնէր ծովեզրը տեսնել թէ նաւը եկա՞ծ էր, եւ սրտնեղ` վանք կը դառնար մութուն անօգուտ սպասելեն վերջ:

Երկրորդ ուրբաթ մը եկաւ, եւ Թորոս անգամ կ'այլայլէր` թէպէտ երեսեն բան մը չէր իմացնէր. Եւփիմէ` այդ ջղային կազմուածքը` գաղտուկ արցունք կը թափէր, այնչափ իրեն նեղ կ'ուգար կղզին, եւ Թորոսի անտարբերութեան դէմ կը գանգտեր, որ զինք հանդարտեցնելու կը նայէր եւ համբերութիւն սորուիլ կը յորդորէր: Ուրիշ ճար մը կը մտածէր այս երկրորդ բանտեն ազատելու, եւ Կոստանդին` նաւու մը խօսք կ'ընէր, որ Անտիոք պիտի երթար, եւ կը համոզէր թէ ապահով միմիայն ճամփան այն էր Սեւ լեռն երթալու եւ երբ աս խյյրհուրդին վրայ էին` Բաբկէն ներս մտաւ շունչը հատած.

Աւետիս, իշխանիկս, Սարգիսն եկաւ, հիմա հոս կը հասնի:

Ի՞նչ վիճակի մէջ, հարցուց Եւփիմէ:

Լաւ, շատ լաւ վիճակի մէջ, Տիրուհիս, պատասխանեց` Բաբկէն:

Եւ իրօք Սարգսին սեւ երեսը երեւցաւ, բայց աչքերն ուրախութեան հուր կը ցոլացնէին. դեռ մութը չէր կոխած:

Կը ներես, իշխան, ըսաւ, բայց կիսակատար գործ չեմ սիրէր, ամէն բան պատրաստ ընելու համար պէտք էր անձամբ Վահկայ մօտերն երթալ, եւ ձեր ապահովութեան համար օգնական խումբ մը բերել: Բոլոր լեռը ոտք հանել կրնայի թէ որ անունդ տայի, բայց խոհեմութիւն չի սեպեցի, տասներկու տղաք առի ընտրանոք, ո՛վ Լուսաւորիչ կը սիրէ` չի հարցնէ, թո՛ղ հետս գա ըսելով, ամէնքը լեռներուն վրայ ցրուեցի, իրենց սպասելու տեղերը ցցուցի, պաշար, գրաստ ամէն բան զետեղեցի, դուք միայն պակաս էք, թէ որ կ'ուզէք աս գիշեր կ'երթանք, օդն ալ յաջող է, փառք աստուծոյ: Ո՜ւր, ըսաւ վանահայրը, այսպէս անօթի-ծարաւ, անկարելի է: Մէկեն սեղան դնել տուաւ, ընթրիքը շուտ մը պատրաստեցին, բարի յաջողութեան համար գաւաթը պարպեցին, ետքը իջան եկեղեցին, «Տէր ուղղէան» ըսին, եւ մութը կոխէր էր, երբ Եւփիմէ ջորին հեծած` Բաբկէն քովին անբաժանելի ելան եւ իջան ծովեզրը. նաւը արդէն պատրաստ էր` եւ երբ ամէնքը մտան` իր բոլոր առագաստները պարզեց եւ յաջողակ հողմով սկսաւ սուրալ ծովուն վրայ, ձայն չի կար ամենեւին բացի Սարգսի ձայնեն, որ երբեմն համառօտ հրամաններ կ'ուտար ղեկին գլուխը նստած:

Այս լռութիւնը շատերուն քունը բերաւ, արդէն Եւփիմէ հանգիստ եւ ուրախ գլուխը Թորոսին կուրծքը դրած շատոնց քուն էր, եւ Կիպրոսի եզերքը կ'անյետանային, երբ Սարգիս քովինին, որ անշշունջ նստած էր` ըսաւ.

Հայր սուրբ, դու սա ղեկը գործածէ, ես պէտք է նաւուն ծայրը երթամ եւ զինեմ:

Եւ իրօք իր սուր աչքերով, որ մութուն ալ մեն բան կը տեսնէին, իր բոլոր նաւաստեաց եւ Կ'ոստանդնի օգնութեամբ անցուց նաւուն քիթը տապարաձեւ երկաթ մը եւ եկաւ իր տեղը նստաւ:

Հիմա թող թշնամի նաւն ալ գա, ըսաւ ղեկավարին, զօր «հայր սուրբ» կ'անուանէր, կ'իջեցնեմ մէկ հարուածով ծովուն տակ:

Չի գայ թող, որդեակ Սարգիս, պատասխանեց նա, եւ խաղաղութեամբ ցամաք մէկ մը գտնէինք:

Թորոս, որ աս խօսքերը կը լսէր եւ անշարժութեան դատապարտուած էր Եւփիմէի պատճառաւ, ալ չի կրցաւ համբերել եւ կամաց մը ձայնեց.

Սարգիս, ո՞վ է հայր սուրբը:

Վանահայրը, իշխան:

Մեր հե՞տն է:

Այո՛, իշխան, պատասխանեց վարդապետը, ես ալ ծովու լեզուեն կը հասկնամ քիչ մը, քսանհինգ տարի է նաւավար էի, եւ ձեզի օգտակար լինելու յուսով մէկտեղ եկայ:

Շնորհակալ եմ: Բայց ի՞չ է գործիքդ, Սարգիս, որ թշնամի նաւը մէկ հարուածով ծովուն տակ կիջեցնէ:

Նորաձեւ ցռուկ մ՚է, իշխան, Անտաքցի Աւետիք վարպետի շինած, մինչեւ հիմա տասը հոռմի նաւ իջեցուցի անով: Քամին լաւ է, արդէն կէս ճամփան առինք, քիչ մ՚ալ ասանկ երթանք, կ'իջեցննեմ այս առագաստները, սեւ առագաստ միայն կը թողում:

Լաւ՛, չի տեսնուելու համար թշնամիեն. լաւ խելք է:

Դարձեալ լուռ եւ յաջող գնացին,, ձայն չի կար նաւուն մէջ, Թորոս լուռ կը դիտէր. երբ յանկարծ Սարգիս ցատկեց տեղաց` «Տղա՛ք, ըսաւ, պատրաստ կացէք, նաւ մը կը տեսնեմ մեր ճամփուն վրայ, իջուցէք հիմա առագաստները», վայրկենին առագաստները իջան, հազիւ թէ ճախարակաց ձայները կը լսուէին, այնչափ խնամքով եղոտած էին: Թորոս կը նայէր, բայց բան մը չէր տեսնէր, ինքնիրեն կ'ըսէր թէ պէտք է գիշերային թռչնոյ մը աչք ունենալ Սարգսին պէս մութուն տեսնելու համար: Անցան նաւը հեռուանց եւ շարունակեցին իրենց ճամփան անվտանգ: Կէս-գիշերն անցէր էր, առաւօտեան երկու ժամ հազիւ կար, եւ ահա Սարգիս «Փառք աստուծոյ» գոչեց. եւ երբ Թորոս պատճառն իմանալ ուզեց`

Կը տեսնե՞ս սա լոյսը դիմացը, որ մերթ կը տատանի, խաչաձեւ կը շինէ, ահա մեր նշանն է. թշնամի չի կայ եւ մենք ալ մօտ ենք ցամաքին, ըսաւ: Հա՜, տղաք, թիակները օգնութեան, բացէ՛ք բոլոր առագաստները, ալ ո՜վ որ կուզէ, թո՛ղ գայ: Ամէնքը արթնցան. լուսնոյ վերջին ճառագայթը աղօտ լոյս մը ձգեց ծովուն վրայ: Հազիւ թէ կէս ժամ վերջը նաւը կը խրէր աւազին վրայ եւ վեց կորովի տղաք զայն կը շրջապատէին ջահեր ձեռքերնին. Սարգիս նաւուն ծայրը կեցած` «սանդուխը» ըսաւ, եւ սանդուխ մը դրուեցաւ նաւուն:

Իշխան, ըսաւ Սարգիս, ահա հարցդ երկիրը, քեզ կը վայելէ նախ ոտք դնել հոս:

Յանուն աստուծոյ ամենակարողի, ըսաւ Թորոս եւ ցատկեց դուրս, ու Եւփիմէի, որ սանդուխին գլուխն էր` ձեռք տուաւ եւ վար առաւ:

Հոն ան փոքրիկ խմբակը Կ'ոստանդնի առաջնորդութեամբ աւազին վրայ ձեռքերնին երկինք տարածելով հաւատարմութեան երդում ըրին` «յանուն ատուծոյ» մեռնիլ հայութեան եւ Թորոսի համար:

Նաւը քանի մը վայրկենի մէջ իւր ամէն կարասի քէն մերկացաւ, առագաստ, ղեկ, զէնք, պաշար վերի անելանելի մացառուտներուն եւ ժայռերուն մէջ ծածկուեցան, եւ երբ ամէն բան անհետացաւ, Սարգիս հրամցուց խորը լեռան ստորոտը ջուրին գլուխը իւր հիւրերը նախաճաշիկ ընելու: Պայծառ եւ աննման աղբիւր մ՚էր, որ գետնեն կը բխէր, ամէն դար, ամէն լեզու գեղեցիկ աչքի մը կը նմանցնէին զայն, որ հանդարտ եւ լայնաբերան` վճիտ ջուր մը կը պոռթկար:

Բայց նախ, Բաբկէն Հայրիկ, ըսաւ Սարգիս, քու տըղաքդ ահա հոս են: Երկու կորովի տղաք Բաբկէնի ձեռքերուն պլլուեցան, եւ Բաբկէն հաւատարիմ ասիական սովորութեան` հայրական սէրը խեղդել կը ջանար սրտի՛ն մէջ, թէպէտ ապստամբ աչքերը ուրախութեան արցունք կը թափէին:

Նահապետական էր սեղանը. ահագին ոչխար մը խորոված իր մորթին մէջ փոսի մը խորշեն դուրս ելաւ: Կիպրոսի գինին կումերով առատապէս գաւաթէերու մէջ կը փրփրար. երբ ամէնքը կերան եւ յագեցան, Եւփիմէ ուրախ եւ զուարթ Սարգսի ծովապետին կենաց խմել առաջարկեց գինին, որ զիրենք անվտանգ անցուց եւ բերաւ:

Երբ ելան կ'երակուրեն, երեք հատ չոր, ջղուտ ջորիներ մօտեցուցին հայ տղայքը, ուր Եւփիմէ եւ վերջը Դիոնիս նստան, երրորդը Թորոսի համար էր, բայց նա մերժեց եւ հրամայեց ջուրի տիկեր բեռցնել եւ ինք սկսաւ Սարգսի առաջնորդութեամբ լեռն ի վեր շահատակել: Ետեւեն կ'ուգար Բաբկէն շատ անգամ ձեռքը Եւփիմէի ջորուոյն գլուխը բռնած, վերջը Դիոնիս, ետքը մեր բոլոր զինուոր եւ նաւաստի աղոց խումբը, եւ էն վերջը Կոստանդին իր հասակաւը, եւ այլոք վարդապետին հետ:

Սելեւկիոյ եւ Կ'որիկոսի մէջտեղ հրուանդանի մը քով կ'իյնար այս կէտը, ուր մեր կարաւանը կապուեցաւ, եւ իրաւունք ունէին հիները անուանելու գնա Կորակեսիոն գեղեցիկ, վասնզի ժայռն ու անտառ, ծովն ու վտակ, երկինք ու երկիր հոս գեղեցկութեամբ զարդարած էին. կէտ մը` ուր ժայռ ու մացառ իրարու հետ կը կռուէին ուր ոտից կռուան մը գտնել միշտ դժուարին եւ երբեմն գրեթէ անհնար կը լինէր, մանաւանդ մեր ճամփորդներուն համար, որ ժայռերու ընկերութիւնը աւելի կը վերադասէին, քան մարդկանց թշնամութիւնը: Այդ Տորոսի գօտիները երբեմն յանկարծ կը պատռէին տեղի տալու համար հեղեղատի մը. երբեմն բոլորակ թատրոն մը կը ձեւանային ծոց մը շինելու համար ծովուն, եւ երբեմն ճանապարհորդ չեռան գագաթը ելնել կը պարտաւորէին, երբեմն ծովեզրը իջնել. ելեւէջ միշտ վտանգաւոր, միշտ տաժանելի սոսկում կը բերէր նայողին, բայց մեր կարաւանը անխօս, անշշունջ կը շարունակր իր ճամփան սպառնալից, վասնզի նիզակներուն շողիւնը, վահաններու, սուրերու եւ տաղաւարտներ ու շառաչը, եւ այդ հաստատ երիտասարդաց քայլերը այդ փոքրիկ եւ ընտրեալ խմբին անընկճելի լինելուն վկայքն էին:

Երեք ժամու չափ ճամփայ հազիւ առած էին, եւ Սարգիս իր սուր աչքերը կը նետեր քննելու համար լեռանց գագաթները, երբ տեսաւ, որ ճերմակ դրօշակ մը կը ծածանէր, մատնանիշ ցուցնելով զայն Թորոսի` «Յաջող եւ բաց է ճամփանիս, իշխան, ըսաւ, ահա նշանը»: Քիչ մը վերջը սպառազէն երիտասարդ մը խառնուեցաւ խմբին, իմացնելով թէ վտանգ չի կար, եւ ոչ ոք տեսած չէր:

Կ'որիկոսի պահապանք ի՞նչ կրնէին, հարցուց Սարգիս:

Մեռելի պէս դռները գոցեր նստեր էին, բերդի շուրջը բնակող գիւղացիք ալ չեն գիտէր թէ բերդապա՞հք աւելի վնասակար են իրենց թէ աւազակք:

Եւ իրօք քիչ մը առաջ, երբ եկան մերայինք` Կ'որիկոսի կրկին բերբերն ցամաքային ու ծովային երեւեցան. ցամաքի բերդը իր բարձր քառակուսի եւ բոլորշի աշտարակներով, երկաթապատ դռներով պզտի քաղքի մը երեւոյթն ունէր. անոր դիմացը, մօտը, ծովուն մէջ բերդապատ կղզի մը արհեստական լեզուով մը միւսին հետ իբրեւ կամրջով միացած կ'երեւար. հոս Սարգիս կեցաւ եւ սկսաւ մտածել:

Ի՞նչ կը մտածես, ըսաւ Թորոս:

Կը տեսնես, իշխան, ճամփան երկուք է, մէկը կարճ, որ բերդին ստորոտեն կ'անցնի, միւսը երկայն` եւ ուր լեռան վրայեն պէտք է պտտիլ:

Երկայն ճամփեն երթանք. քար մը, նետ մը կրնայ մեր մէջեն մէկուն կեանքը վտանգի դնել, անօգուտ քաջութիւնը մեղք է:

Երկայն ճամփան բռնեցին եւ գերեզմաններու մէջէ կ'անցնէին. ի՜նչ անհատնում եւ քարակոփ գերեզմաններ, եւ ի՜նչ բարբարոս ու սեղանակապուտ ժողովուրդք անցէր էին հոնկից. գերեզման մը չի կար, որու կափարիչը խախտած չլինէր, կային գերեզմանք չորս բարձր սիւներու վրայ հաստատուած, բայց ամբարիշտ եւ գերեզմանակրկիտ ձեռքը հոն ալ հասեր էր եւ ահագին միակտուր երեք կանգուն եւ աւելի մեծ կափարիչը խախտեր էր, աճիւնն ու ոսկորը ցրուէր էր: Երկայն մղոններ աս տեսարանը կը շարունակուէր եւ մեր ճամփորդք իրենց ճամփան կ'երթային, երբ հակարծ վարեն վայերու ձայն լսուեցաւ, եւ ամէնքը կանգ առին. բերդապահ մը Կ'որիկոսեն ելած արտորնօք կը դիմէր խումբեն առաջ անցնելու վարի ճամփով, երբ նետի հարուած մը Կոստանդնին աղեղեն եկած խեղճ մարդը յերկիր կործանեց, երկրորդ նետ մը անշուշտ մահացու հարուածով մարդուն հոգին պիտի հանէր, երբ Թորոս բարձր ձայնովի

Մի՛, բաւ է, կանչեց:

Կեցաւ Կոստանդին` «Թէ որ, կ'ըսէր ինքնիրեն մռմռալով, մենք այսպէս պիտի պատերազմինք աս անիծած ազդին հետ, վերջը շատ կը զղջամք, եւ անոնք կուտեն կը հատցնեն մեզ»:

Շարունակեցին իրենց ճամփան: Կէսօրուան արեր իր կրակը կը թափէր. Թորոս ետ դարձաւ Եւփիմէի երեսները տեսաւ կարմրած տաքեն եւ յոգնութենեն. վար նայեցաւ, տեսաւ զեղեցիկ դղեակ մը, որուն պարիսպները դէպի ծով կը խոնարհէին, փորձութիւն մը եկաւ հիւրընկալութիւն խնդրելու հոն, բայց միշտ շրջահայեաց եւ խոհեմ

Սարգիս, ըսաւ, մենք ո՞ւր դադար պիտի առն ունք:

Հոս, սա դղեկին մէջ, որ առջեւնիս է, տե՛ս, ահա մեր ճերմակ դրօշակը կը ծածանի:

Եւ իրօք զարմանքով տեսաւ Թորոս, որ դրօշակ մը կը ծածանէր:

Մարդ չի կա՞յ ուրեմն յօդ:

Ոչ, տէր իմ, լքեալ դղեակ մ՚է, Այաշ կ'անուանեն զայդ տաճիկք, մենք ճերմակ բերդ կ'ըսենք, եւ երբ ծովեզրը ապահով է մեզի համար, հոս կ'ուգանք հոռոմները կատղեցնելու համար, քանի մը ժամ կ'անցնենք, քանի մը նետ կ'ուղարկենք իրարու ի նշան սիրոյ եւ բարեկամութեան, որ մեր երկու ազգաց մէջ միշտ յարատեւ եղած է եւ պիտի լինի. անկից կը մտնենք նաւ եւ կը հեռանանք:

Եւ աս ըսելով կը մտնէին դղեկեն ներս, որու մուտքը միայն կար, եւ դուռը արդէն յարութիւն առէր էր: