Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւփիմէ ուրախ էր, վասնզի ինչ որ սրտին սիրական ունէր` հետն էր. Բաբկէն ուրախ էր, վասնզի կին, զաւակք եւ հայրենիք պիտի տեսնէր. Թորոս` թէպէտ անթափանց` ուրախ էր, վասնզի կը յուսար` քանի որ կը հեռանար. ազատութիւն, փառք, հայրենի ժառանգութիւն եւ ամենայն ունենալու. թէ որ մէկը կար, որ անտարբեր կ'երեւար եւ որ թերեւս դժգոհ ալ էր առանց յայտնելու` Դիոնիս էր. սրամիտ, փորձ եւ նախատես. ամէն բան կը քննէր, ամէն բան կը հարցնէր. նաւապետին, նաւաստիներուն հետ կը խոսէր, հեռուն նաւ մը, ծոց մը իր սուր աչքերեն չէր փախչէր. եւ դիտակը, նորահնար գործիք ձեռքը, իր հետաքրքրութեան օգնականն էր: Նաւը, որ ինք վարձեր էր թէպէտ Կիլիկիա երթալու նպատակաւ, բայց Գենուացի նաւապետին Կիպրոս զրուցէր էր. ան միտքով, որ Կիլիկիոյ սահմանները երբ հասնին` հոն ելնեն: Մանաւանդ որ ինք համոզուած էր թէ Կիլիկիոյ բոլոր ծովեզերքը խիստ պահպանութեան վիճակի մէջ էին, եւ տէրութեան նաւեր Թորոսի սպասելու հրաման առած էին: Ուստի երբ առանձին իր մտածութեան հետ կը մնար, Եւփիմէի Յանդուգն յամառութիւնը կը նզովեր եւ ինքզինք կը մեղադրէր, որ բաւական քաշութիւն չէր ունեցեր դիմադրելու նորա աս ուղեւորութեան. թէպէտ երբ անոր մօտենար` իւր բոլոր մաղձը, տխուր նախատեսութիւնքը, անոր զուարթ կատակներուն եւ ծիծաղներուն առշեւ կ'անյետանային: Եւ եթէ մխիթարութեան առիթ մը կար` այն էր, որ, տասն օր հազիւ թէ եղած` նեղուցները անցէր եւ միշտ յաջողակ հողմով աջ ու ձախ Արշիպեղագոսի կղզիներու նջեն կը հասնէին. ոչ Սարակինոսաց հեն, ոչ ասպատակ, որ այն ժամանակներ սովորական էին եւ ոչ Բիւզանդական կայսրութեան պատերազմական նաւ մը իրենց հանդպած չունէր: Ձախ կողմը Տորոսի լեռներ արդէն իրենց ժայռոտ զլուխները կը ցցնէին, որոնց վրայեն Բաբկէնի աչքերը չէին զատուէր. վասնզի սկիզբն եւ նախաշաւիղ էին իր Սեւ լեռներուն. ուստի կամաց եւ անմռունչ կ'երգէր երգը` զօր Ռուբենի առջի ընկերները` Տորոսի բարձանց վրայ նոր հասած` երգեր էին:

Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:

Հեռու երկիր բարձրաբերձ են մեր լերինք,
Սպիտակափայլ միշտ ձիւնազարդ գըլխընին,
Հոն արեգին պայծառ նշոյլք չեն տոչոր,
Ի բնակիչսն նոքա անուշ կ'ակնարկեն:

Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:

Փոթորկալից մեզ բուռն հողմեր հոս բերին,
Մեծին Հայոց Մասիսն էր մեր խանձարուրք,
Արագածու գլուխն էր մեր արքունիք,
Նրպատ, Գրգուռ, Բիւրակն էր մեր շտեմարան:

Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Տէր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր,
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:

Ըսէք ուրեմն թէ օտար չեմք, ո՜վ ամպեր,
Մեծին Հայոց մենք եւս որդիք հարազատ,
Հոս վըտարեալ ի մարդադէմ գազանաք,
Ազատութեան ի սուրբ անուն կը գոռամք:

Սեւ լեռներ, սեւ լեռներ,
Ձեր գըլուխներ է համպերէ մըթընցեր,
Դուք, ամպեր, սեւ ամպեր,
Ուսկի՞ց կ'ուգաք, ո՜վ ամպեր.
Ինչո՞ւ մութ էք, ո՜վ ամպեր:
Ո՜վ բարեկամ դուք, ամպեր,
Տո՛ւք մեզ ձեր շուք, ո՜վ ամպեր,
Եւ ի շռինդ եւ հօր մարտի,
Մեզ օգնութիւն տո՜ւք շանթեր:

Պայծառ գիշեր մ՚էր, նա կ'երգէր. երիտասարդութեան գեղեցիկ օրեր, սիրոյ եւ յաղթութեան յիշատակներ` ամէնքն այն երգին հետ իր անդրդուելի սիրտն կը տրոփէին, երբ փոքրիկ թաթի հարուած մը յուս զինք յուշի բերաւ:

Ի՞նչ է, Տիրուհիս:

Բաբկէն հայրիկ, ըսաւ Եւփիմէ անուշ ձայնը, ի՞նչ կ'երգէիր:

Է՜հ, մեր լեռները, մեր երիտասարդութեան յիշատակները կ'երգէի, մեր տղաքը ո՜յ գիտէ ինչ կ'երգեն, ննջեցելոց երգեր թերեւս. տեսնենք թէ մեռելներու քունեն ինչպէ՞ս պիտի արթննան:

Ի՞նչ կարծես, հիմա որ երթանք, չէ` կարելի, որ անտարբեր մնան ձեր իշխանները Թորոսի ձայնին:

Մեր իշխանները, Տիրուհիս, միշտ անտարբեր կը մնան. բայց մեր լեռնցիք զանոնք կ'արթնընեն, թէ որ պէտք ալ լինի կը բռնադատեն, որ միանան եւ նաեւ հնազանդին. թէ որ իշխաններան մնա, որ թէպէտ քաշ են` բայց նախանձոտ եւ հպարտ, մենք միշտ ողորմելի գերի կը լինէինք ամէնուն` յոյնին եւ սարակինոսին: Բայց ժողովուրդը տեսա՞ր, ամէնքն ալ զինուոր են, ամէնքը կը կռուին. անոնք էին, որ Ռուբենի, Կ'ոստանդնի, Թորոսի ձայնին միացան ու ժողովուեցան. ո՜հ Թորոսը տեսնէի՜ր, հա, մեր իշխանիկը՛ անոր կը նմանի. բայց ի՜նչ մարդ էր, երկու աչերն երբ մէկուն վրայ ձգէր, գիտէիր թէ սիրտդ կը կարդայ, գէշ մտածողն ալ, լաւ մտածողն ալ աչքին երեւալեն կը վախնային. մեր մեծ վարդապետները, ան մեծմօրուք եպիսկոպոսները` ամէնքը կը վախնային իրմէ. ինչ խօսք, որ զրուցէին կը չափէին. մեր լեռը` բոլոր վանք ու անապատ է, կարգաւոր աբեղայ լեցուն է, մէկ հատ չի կար, որ անկից չակնածէր. շատին խօսիլ չէր տար. մարգարէի պէս գիտէր թէ ինչի՞ համար եկած են, ի՞նչ կ'ուզեն. մենք անոնց սեւ հրեշտակ կ'ըսենք, Թորոսին սպիտակ հրեշտակ կ'ըսէինք. նա անոնցմէ խելօք էր. լաւ՜, բայց բան մը զրուցե՞մ, Տիրուհի, օր մ՚եղաւ, որ մենք անկից խելօք բան խորհուրդ տուինք, նա մտիկ չըրաւ: Ան մեծ կռիւն, որ եղաւ, ուր Լեւոն` աս մեր իշխանիկին հայրը, որ առիւծի մը կը նմանէր, այնպէս քաջացաւ, որ ողջ բանակի մը գործ կատարեց, ամէն իշխանք զարմացեր մնացեր էհն, ժողովուրդը` «Միայն Ռուբինեանք կ'ուզենք» ըսին. մենք ալ կայինք հոն` ժողովրդեան քանի մը հարիւր խելօքները. ըսինք, որ այդ իշխանները այսօր Թորոսի ու Լեւոնի քաշութեամբ ազատեցան սկիւթներէն, վաղը անոնց դէմ դաւաճանութիւն կ'ընեն. քանի որ պատրաստ այստեղ են` ամէնքը բռնենք հաւի պէս կարտենք` արքայութիւն ուղարկենք. շատ չէ յիսուն-վաթսուն հողի մեծ ճօճերեն, բոլոր երկիրը կը խաղաղի, ամէնքն ասոնց կը հնազանդին, հայր կը լինի մէկ սիրտ, մէկ հոգի: Իրենք ներս էին Վահկայ բերդին աւազանին վրայ նստած մեծ ու պզտիկ իշխանք, մենք պարտէզին ծայրը կայնած էինք: Հոն մեծ իշխանը, մենք ինչ որ առանձին խոսէր էինք` բառ առ բառ իշխանաց ըսաւ թէ ասոնք ազգին խաղաղութեան համար, հիմա աս վայրկենին դուրսն այսպէս խօսեցան եւ խորհուրդ ըրին թէ զձեզ ջարդեն. մենք ապուշ մնացինք, իսկ Թորոս մեզ յանդիմանեց, իշխանները վստահեցուց, սիրոյ, խաղաղութեան յորդորեց, եւ ըսաւ, որ` «Եթէ աստուած` իր ծառաներէն ոմանց առաւելութիւն տա, պէտք չէ հպարտանալ եւ ոչ ալ նա խանձիլ, այլ յօգուտ ժողովրդեան եւ ի սէր ազգութեան եւ արդարութեան գործածել», ու ամէնքը սիրով ու ընծայուք ճամփեց: Այսպիսի անձ մ՚էր, որ իր թշնամիներն անգամ դիտէր բարեկամ ընել, թէ որ անգամ մը միայն տեսնուէր: Ետքը իր եղբօր օրով մենք գիտենք, որ հայ իշխաններ, լատին իշխաններ եկան ձեր թագաւորին հետ միացան, որ առաջ բարեկամ էին կուտէին, կը խմէին մէկտեղ, թէ որ մենք անոնք ամէնքը սպաննած լինէինք, ուսկից ետք մեր վրայ պիտի ժողւուէին: Էն խելօքն ան անիրաւութենէ որ վախնայ, անիրաւին կերակուր կը լինի:

Չէ՛, այնպէս չէ, Բաբկէն, ըսաւ Թորոսի կամաց բայց խիստ ձայնը, անիրաւութիւն միշտ վատ բան է. ան կարծուած այսօրուան օգուտր շատ եւ չի կարծուած վնասներ կը ծնանի. աւելի լաւ է արդարութեամբ մեռնիլ, քան թէ անիրաւութեամբ իշխել:

Ես գիտեմ, որ դու հօրեղբօրդ պէս կը մտածես, փառք աստուծոյ, որ անոր ալ կը նմանիս, եւ կը յուսամ թէ նոյնպէս ալ յաջողիս:

Բայց ո՞ւր պիտի հանէ զմեզ նաւը, հարցուց Բաբկէն:

Այդ ինձ չի վերաբերիր, ահա մարդը, որ պաշտօն ստանձնեալ է զմեզ ցամաք հանելու: Ան վայր կենին իր պաշտօնը կը լմննայ, իմս կը սկսի:

Այո՛, ըսաւ Դիոնիս, որ Կիլիկիոյ ափանց վրայ շտկած իր դիտակը անթարթափ կը նայէր, բայց մենք, իշխան, չպիտի կարէնանք հոս ցամաք ելնել, այլ պէտք է շիտակ Կիպրոս երթալ` վասն-

զի շարունակ ծովեզրը նաւեր կ'երեւան, որ կ'երթեւեկեն, անշուշտ մեզի համար է իրենց զգուշութիւնը:

Ո՛վ որ հնազանդիլ չգիտէր` չգիտէր հրամայել, քու է հիմա իշխանութիւնը, ըրէ՛ ինչպէս գիտես, ինչպէս արժան կը դատես:

Ուստի Դիոնիս ուղղուելով նաւապետին եւ իրեն հետ քիչ մը խորհրդակցելեն վերջ, նաւը շտկեցին Կիպրոսի վրայ, մանաւանդ որ հովը յաջող էր եւ քիչ վերջը ահա ցամաք սկսաւ անհետանալ եւ կղզին երեւիր Իրօք մեր ճանապարհորղքը բաւական ձանձրացեր էին ծովեն, ցամաքի զուրկը սկսէր էր զիրենք յոգնեցնել, ուստի Եւփիմէ առանց իր զուարթութիւնը կորսնցնելու նաեւ ցամաք մը ոտք կոխելու մեծ փափագ ունէր, եւ երբ Կիպրոսի հիւսիսային կողմը սկսաւ նկարուիր, արմաւենեաց բարձր գլուխներն երեւիլ, Դիոնիս, որ զգուշութիւն եւ նախատեսութիւն ինքն էր, կասկածելով խնդրեց նաւապետեն, որ փոխանակ Կիւրինէ քաղքին մօտենալու քիչ մը դէպի արեւելք անշեն տեղ մը ցամաք հանէ, ուր գիւղ մը եւ քանի մը հիւղեր կ'երեւէին ցիրուցան. շուտով մակոյկ մը մեր չորս ճանապարհորդքն ծովեզրը դուրս դրաւ, եւ նաւն սկսաւ հեռանալ իր ճամփան:

Թէպէտ Բաբկէնի սիրտը տխուր էր Կիլիկիոյ ափանց հեռանալուն, բայց զարմանքով կը նայէր այս կզզոյն, որ շատ նմանութիւն ունէր իւր հայրենի երկրին հետ. նոյն ծառերն էին, նոյն բերքերն եւ նոյն լեռներու գօտիներն, նոյն կլիման ու բրինձն. միայն հոս հայու լեզու եւ հայու կերպարանք չի կար: Ուստի տրտում կ'երթային ծովեզրը հիւրընկալ տեղ մը գտնելու համար, երբ Եւփիմէ, որ Թորոսին թեւն ի վար կախուած կը քալէր`

Տե՛ս, ըսաւ, սա սեւազգեստ մորուոք հեծեալը, որ անսովոր գլխարկ մը դրած լեռան ստորոտը կը ձիավարէ:

Թորոս մէկեն թեւն ազատեց եւ սրացաւ դէպ նոյն կողմն, վասնզի հայու վարդապետ մը տեսաւ վեղարաւոր, եւ երբ «Հայր սո՜ւրբ» ձայնեց ուժզին, եկեղեցականը ձին դարձուց եւ սկսաւ դէպի նա ձիավարել հանդարտիկ եւ երբ հասաւ` մօտեցաւ Թորոս ակնարկ մը նետելով եւ երկայնահասակ, թիկնաւէտ, կենդանի աչքերով վաթսուն տարեկան ծեր մը տեսաւ, որ աւելի զինուորի կը նմանէր իր շարժմունքներէն, քան թէ խաղաղութեան քարոզ` սեղանի պաշտօնէի մը, որ նոյնպէս իր սուր աչքերն Թորոսի ուղղելով, կը զննէր:

Աստուած օգնական, հայր սուրբ:

Աստուած պահապան, որդեակ:

Այս կողմերը հայոց բնակարան ո՞ւր կրնայ գտնուիլ:

Հոս` մեր Ս. Մակարայ վանքը կայ:

Ձեզ նեղութիւն ընել չէ մեր միտքը, բայց քանի որ ազգային անձինք կան, մեզ աւելի սիրելի է անոնց հիւր լինիր Հեռո՞ւ է շատ վանքը հոսկից, հայր սուրբ:

Երկու ժամի չափ կը տեւէ:

Ուրեմն ներեցէք մեզի` ձեր ազգայնոց, որ ձեզ ընկերանանք:

Սիրով եւ ուրախութեամբ, որդեակ, ըսաւ վարդապետը, եւ խորազնին ակնարկ մը ձգելով ամէնուն վրայ եւ երիտասարդի մը պէս ցատկելով ձիեն ու Եւփիմէին նայելով, աւելցուց.

Կը տեսնեմ, որ ձեր մէջ այնչափ երիտասարդ եւ տկար անձինք ալ կան եւ որ աւազի վրայ քալելեն այնչափ յոգնած ու կարմրած են, որ աս դարուերն շատ նեղութեամբ պիտի ելնեն. ուստի սիրով կ'ընծայեմ իրենց իմ կենդանիս:

Այս խօսքին շնորհակալութեան բառ մ՚ըսելով Թորոս, փետուրի պէս ձիուն վրայ դրաւ զեւփիմէ եւ Բաբկէնին յանձնելով, ինքն ալ հայր սուրբին ընկերութեամբ սկսան յառաջանալ: Քիչ մը ատեն Լռութեամբ ճամփան շարունակելեն վերջ, իբրեւ թէ երկու կողմն ալ կը սպասէին իրարու, որ առաջին լինին խօսելու, վերջապէս հայր սուրբ չի կրնալով համբերել եւ Թորոսի յամառութենեն ձանձրացած ըսաւ ժպտելով.

Զարմանք է, տիար, որ այսպիսի թարմ պատանեակ մը հետերեւիդ աս օտար երկրները կը պտտցնէք:

Զարմանքի ժամանակի մէջ կապրինք, հայր սուրբ, ըսաւ Թորոս անխռով, անոր համար կը տեսնէք զիս, որ բանի մը վրայ եւ ոչ ձեզի պէս աստուածաշնորհ անձի մը երկսայրի սուրին վրայ կը զարմանամ, եւ մանաւանդ թէ ուրախութիւն նաեւ կը զգամ, որ քաջ նիզակակից մը մեզի կ'աւելնայ:

Լաւ՛, որդեակ, ըսաւ վարդապետը, ուրախ եմ, որ ժամանակին յարկը կը ճանչէք, եւ ես ձեր աս տարիքին վրայ` տեսնելով այդ սրատես խոհեմութիւնը` մեծ յոյս կառնում եւ իմ փափագներս ու երազներս գրեթէ կատարեալ կը տեսնեմ:

Շատ մութ կը խօսիք, հայր սուրբ:

Ես շատ պայծառ կը խօսիմ, բայց դուք, իշխան, չէք ուզէր հասկն աղ եւ ձեր խոհեմութիւնը չափազանցութեան կը տանիք, եւ ան մարդուն, որ իր կեանքը քառասուն անգամ` մանաւանդ թէ հազար անգամ ձեր եւ ազգին փրկութեան համար վտանգի դրած է, վստահութիւն ցցնելէ ալ կը զգուշանաք, եւ դեռ նոր տեսութիւն մը իրմէ զլացաք:

Խնդրեմ ձեր անունը ինձ շնորհել, ըսաւ Թորոս հետաքննին եւ հրամայական աչք մը դարձեալ հայր սուրբին վրայ նետելով:

Կոստանդին Բարձրբերդցին եմ, որ անցեալները դեռ ամիս ու կէս հազիւ կայ Բաբկէնին հետ տեսնուեցայ Պոլիս, դուք զիս չէք ճանչեր, եւ ես ալ զձեզ Բաբկէնին ընկերութենեն երեւակայեցի:

Եւ Բաբկէն դարձեալ քեզ չի ճանչե՞ց:

Ան ատեն զիս ուրիշ հագուստներով տեսաւ եւ սեւ մորուոք:

Բայց դու վտանգ մը անցուցիր Պոլիս, եւ շատ չէ, որ հոս եկար:

Այո՛, աս նզովից արմատ յոյները իմացեր էին իմ գալուստս, ուստի նոյն գիշեր զիս բռնել միտք դրած էին, եւ ես փոխանակ դռնեն անցնելու, ինչպէս կը սպասէին, երդիկեն անցայ եւ իմ ճամփաս գնացի խաղաղութեամբ եւ փոխանակ Կիլիկիա ելնելու, ինչպէս կը յուսային, եկայ Ս. Մակար քանի մը ամիս ճգնելու, մինչեւ որ այցելութիւն լինի հաստուծոյ:

Եւ երբ Թորոս աս խօսքին վրայ փոքրիկ ժպիտ մ՚արձակեց, Կոստանդին ծիծաղով մը պատասխանեց, բայ դարձեալ շուտով ծանրութիւն մը առաւ, վասնզի երիտասարդին վսեմ կերպն ակնածութիւն կը հրամայէր, եւ Կոստանդին կ'ըսէր ինքնիրեն թէ` «Յիրաւի Թորոս անունովն ալ, բնութեամբ ալ կենդանացէր է հեղբօրորդին. տեսնենք քաջութեամբ ալ թէ անոր կը նմանի` Թորոս Բ. կ'ունենանք»:

Ծովեզրը արդէն ձգէր էին եւ դար վեր կ'ելնէին անտառոտ ժայռերու եւ պարտէզներու մէջեն, հեղեղատի մը աջն ու ձախ շաւիղին հետեւելով. եւ Բաբկէն, որ անկարծելի տեղ մը հայոց վանք գտնելուն ուրախ էր եւ շատ ալ նմանութիւն իր Սեւ լեռան բնութեան եւ կղզոյն մէջ եւ նաեւ Եւփիմէի անվեհեր ձիավարութեան վրայ` զուարթ դէմքը զգեցաւ բոլորովին: Անոր` հայր սուրբին պաշտօնին վրայ, հայոց ընդհանուր եկեղեցականաց վրայ տեղեկութիւն կ'ուտար, անոնց ճգնաւորական կեանքին վրայ գալով, կը պատրաստէր Եւփիմէ անապատական ընթրիքի մը, վասնզի օրն ալ արդէն սկսած էր երեկոյիլ: Եւ ահա մեծամեծ աւազաններ եւ տեղ-տեղ պարտէզներ, ուր մշտադալար նարնջենի եւ կիտրոնի էր, շէնքի մը մօտիլը կը ցուցնէին, եւ վերջապէս եղեւին անտառի մը ստորոտը երեւցաւ Սրբոյն Մակարու վանքը, եւ մեր հինգ բարեկամները քանի մը վայրկեան ետքը առաջնորդութեամբ վանահօր` իրենց բնակարանը կը հանգչէին: