Թորոս Լեւոնի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դիոնիս թէպէտ ուրիշները ապահովցուց Բաբկէնի համար, բայց զինքը մէկ-երկու ժամ ամենեւին չի թողուց, եւ պաղ ջուր շարունակ գլխուն վրայ դնել հրամայելեն եւ իրեն խօսիլն արգիլելեն վերջ, ելաւ պտոյտ մը ըրաւ անկելոց մէջ. ամէնքը մեռած կամ հոգեվարք էին. տասնմէկ հոգի: Ծերը սկսաւ մտածել. ուրեմն երկուքը փախած էին, եւ առաւօտուն երկրորդ այցելութիւն մը կարելի էր Անդրոնիկոսի կողմեն, որ անոնց մէջ չի կար. եւ Դիոնիս կ'երեւակայէր թէ անշուշտ այդ խումբին գլխաւորը գտնուած էր նա, ուրեմն փախած էր եւ պիտի դառնար, եւ թերեւս Բաբկէնի հարուածը տուողը նա ինքն էր: Ուստի ծառայ մը առած հետն եւ լապտէր մը, դէպի ծովեզրն գնաց եւ ծովուն քով մարդ մը տեսաւ, որ կը ջանար գրկելու ուրիշ ահագին մարդ մը, որ ինկած էր գետին, եւ որ տեսնելով թէ երկու հոգի դէպ իրեն կ'ուգան` ցատկեց մակոյկի մը մէջ, որ ծովերն էր, ու միջոց մը անցնելով կեցաւ եւ սկսաւ դիտել. ծռեցաւ Դիոնիս եւ զննեց մարդն ու իր վէրքը, մարդը Անդրոնիկոս ինքն էր, վէրքը սուրի մը հարուած, որ աջ թոքը վիրաւորած էր, եւ թէ որ թողուէր, մահաբեր կրնար լինիլ, ուստի շուտ մը ծոցեն շիշ մը հանելով թաշկինակը թրջեց եւ վէրքին բերանը խցեց, արեան դադրիլը եւ դեղին զօրութիւնը Անդրոնիկոսի հառաչանաց ձայն մը հանել տուին: Այն ատեն ծերը քիչ մը մտածելեն վերջ դէպի ծովեզրը գնաց եւ մակոյկին մէջ կեցող մարդուն ձայն արձկեց.

Բարեկամ, ըսաւ, դու կը տեսնես, որ մենք քու տիրոջդ թշնամի չենք, իր վէրքը պատեցինք, եւ թէ որ կ'ուզես իր կեանքը ազատել` եկ մեզ օգնէ, որպէսզի կատարելապէս մահվնէ ազատենք զինքն:

Մարդը քիչ մը մտածելեն ետք խրեց իր մակոյկը ցամաք, ելաւ նաւեն եւ ծառային հետ շալկելով վիրաւորը շտկուեցան դէպի տուն: Եւ այսպէս Դիոնիս ապահովեցաւ թէ ալ մարդ չի կար լուր տանելու մայրաքաղաքը: Մանաւանդ որ բուն թշնամին իրեն ձեռքն էր: Միայն չէր կրնայ գուշակել թէ ի՞նչ ընդունելութիւն պիտի ընէր Թորոս իր մահացու թշնամին ափն անցնելով. եւ գոհ եղաւ` երբ լոյսը մօտեցնելով տեսաւ, որ նա անտարբեր եւ հազիւ թէ արհամարհոտ աչք մը ձգեց իր ոխերիմ թշնամուոյն վրայ, եւ Բաբկէնին մօտ կուզեր տեղաւորել, որպէսզի դիւրին լինի երկուքին ալ միասին խնամք տանիլ: Բայց ծեր բժիշկը, որ Թորոսի մեծահոգիութիւնը կը տեսնէր, նոյնը չէր հաւատար ոչ Անդրոնիկոսի եւ ոչ Բաբկէնի համար, ուստի զատ սենեակներ երկուքն ալ զետեղել կը մտածէր: Եւ ահա Եւփիմէ երեւցաւ սենեկին դուռը Բաբկէնի ձեռքեն բռնած, որուն անխռով կ'առաջնորդէր դէպի սենեակը, իմացնելով Դիոնիսի թէ ինք իւր հիւանդը նայելու մտադիր էր, իսկ թշնամուոյն խնամքը ուրիշներուն կը վերաբերէր:

Դիոնիս` մակոյկին պահապանը եւ ծառայ մը Անդրոնիկոսի քով ձգելեն վերջ, երկու մնացած ծառայից հետ մօտակայ ամայի եւ անջրդի հեղեղատի մը մէջ նետել տուաւ դիակները ու երբ ամէն թան կարգի դրաւ, դարձաւ տուն իր վիրաւորները տեսնելու: Անդրոնիկոս կը զառանցէր, ուստի պէտք եղած դարմանները ինչ որ կարելի էր այնպիսի տեղ ապսպրելեն վերջ, Եւփիմէի սենեակը դռան առջեւ եկաւ եւ տեսաւ Բաբկէն, որ անկողնին մէջ նստած կը պատմէր Թորոսին:

Ինձի ըսիր թէ դռնեն ողջ մարդ պիտի չելնէ, ես տեսայ փախչողները, ըսածդ մոռցայ. հօրեղբայրդ ըսած էր մեզ. «Տղա՛ք, փախչողին մի դպէք, թողէք երթան», միտքս հոն գնաց, երբ ուշադրեցի, վազեցի ետեւնուն, մէկը դռնեն տասը քայլ անդին գետին փռեցի, միւսը մեծ էր, ուժով կը թուեր. ծովուն մօտ հասայ, դարձաւ, ի՜նչ տեսնեմ, մեր մարդն էր: «Աղուէ՛ս, կա՛ց, ըսի, առիւծին ձագը տեսա՞ր», հազիւ թէ սուրը կուրծքին դրի, գլխուս սուրի լաւ հարուած մը իջուց, ինք ալ գլորեցաւ: Աչքերս մթնցան, աղբիւրին վազեցի, լուացի արիւնը, տեսայ որ չի կտրիր. վերարկուս վիրքին վրայ բռնեցի գոցեցի. հոս եկայ. գլուխս պտոյտ կ'ուգար: Տիկինին ձայնը լսեցի, որ «Բաբկէն հայրիկ» կը կանչեր, եւ ալ ինչ եղայ, չիմացա…

Լաւ, ըսաւ Դիոնիս, ես ալ քեզի արգիլած եմ, որ չխօսիս, հանդարտ պէտք է նստիս: Բաբկէն լռեց եւ Եւփիմէ ամէնը ճամփեց ու իր վրան առաւ գնա խնամել. դուրս ելան եւ հոն Թորոս ու Դիոնիս սկսան խորհուրդ ընել երկրորդ օրուան ճամփորդութեան վրայ` եթէ նաւը գա, եւ որոշեցին, որ Թորոս երթա, իսկ Բաբկէն առողջանայ լեն վերջ Դիոնիսի եւ Եւփիմէի հետ գա:

Ուստի աս որոշմունքն ընելէ վերջ արդէն կէս-գիշերն անցած էր, Թորոս ընկողմանեցաւ բազմոցի մը վրայ, իսկ ծերը երբեմն իր `հիւանդներում այցելութիւն կ'ընէր, երբեմն կը մրափէր, մինչեւ արշալոյսը երեւցաւ: Բաբկէն քանի-քան ի անգամ նոյն գիշերն աղաչեց Եւփիմէի, որ զինքը թողու եւ հանգչի, բայց նա շարունակ պաղ ջուր դնելով գլխուն եւ լռել հրամայելով լուսցուց: Եւ երբ տնտեսն, ըստ սովորութեան, իրենց պատրաստ կերակուրը բերաւ, իջաւ առանձին պատուերներ տալու եւ ետքը իր հիւանդին քով քաշուեցաւ:

Թորոս եւ Դիոնիս նաւուն գալը կը գիտէին, եւ նաւ չէր երեւար, ծովեզրը կ'իջնէին, լուր չի կար, եւ այսպէս կ'անցունէին ժամանակը մինչեւ կէսօր: Անդրոնիկոսի վիճակը աւելի ծանր էր, թէպէտ Դիոնիս չէր յուսահատած, իսկ Բաբկէն թէպէտ ինքզինքը լաւ կը գտնէր` կամայ ակամայ իր բռնաւոր տիրուհուոյն ձեռքը մնացեր, Թորոսի կը հարցնէր` «Ա՛լ բաւական չէ՞», որ կը ժպտեր եւ պատասխան չէր տար: Կէսօր եղաւ, եւ ճաշի նստան, թէպէտ ամէնուն սիրտը անհանդարտ. Դիոնիս երեւակայելով, որ Անդրոնիկոսի մը անհետանալը չէր կրնար յուզմունք ար չհանել եւ ոստիկանութիւնը Թորոս փնտրելով զանի պիտի գտնէր. Թորոս, որ նաւուն կը սպասէր եւ Եւփիմէեն ու Բաբկէնեն պիտի բաժնուէր. Բաբկէն, որ իր տիկնոջ խնամքն երէն կը քաշուէր, կ'ամաչէր եւ ձեռք են ազատելու ճարը չէր տեսնէր, միայն Եւփիմէ անխօս, անմռունչ բժշկին հրամայած պաղ ջուրը Բաբկէնին գլխուն առանց պակաս ընելու` նստած տեղեն ծովը կը դիտէր. անոր համար ալ հազիւ քանի մը պատառ առած ելաւ հիւանդին քով երթալու: Դիոնիս իմացուց թէ ալ Բաբկէնին համար վտանգ չի կար. եւ թէ ուղեղին ցնցմունքն, վէրքին եւ հարուածոյն հետեւանք հիւանդութիւնն ալ անցէր էին, ուստի հանգիստ կրնար ընել. իսկ Եւփիմէ առանց պատասխան տալու գնաց վեր եւ հազիւ թէ սենեակը ելաւ եւ պատուհանին աչք մը ձգեց` գողի մը պէս մատուըներուն վրայ կռխեղով` իջաւ սանդուխեն եւ պարտէզին դուռը գտաւ. հոն տնտեսը դիմաւորելով` ձեռքի կապոցը առաւ. Նաւեն լուր առի՞ր, հարցուց:

Գենովացի նաւը կ'ուգայ, ջուրը պիտի առնու եւ ճամփայ ելնէք

Լաւ, դու մտիր սեղանատուն եւ իմաց տուր:

Եւ ինք կապոցը ձեռքը սրացաւ վեր, մտաւ իր սենեակը:

Բաբկէն հայրիկ, բժիշկը քեզի հրաման կ'ուտայ ելնելու եւ հանդարտ ծանր քալելու. դու ինչպէ՞ս ես:

Ո՜հ, Տիկինս, աստուած քեզի երկար կեանք տա, ես լաւ եմ, ահա կը տեսնես, ըսաւ ճակտին լաթը վերցնելով եւ կանգնելով:

Չէ, մ՚արտորար, ըսաւ Եւփիմէ, վէրքը լաւ մը փաթթեց, ինչպէս տեսեր էր Դիոնիս են, գլխարկը գլուխը գրաւ, հիմա հանդարտ քայլերով դուրսի սրահը գնա, ինձի սպասէ:

Եւ աս խօսքերը այնպէս մայրենի անուշութեամբ մը ըսաւ, որ խեղճ Բաբկէնի աչքերը չցուեցան, եւ առանց բերանը բանալու ձեռքը երկնցուց. Եւփիմէ ձեռքը տուաւ եւ կորովի ծերը իր շրթունքները վրան դնելուն երախտագիտութիւնն եւ որ մեծն է մանաւանդ իր համարմունքը կը յայտնէր, բոլորովին զղջալով իւր առաջին գիշերուան կասկածանաց վրայ: Ուստի դուրս ելաւ, նստաւ սրահը եւ որովհետեւ Տիկինը րսած էր թէ ալ առողջ էր, միտքն ինկաւ թէ անօթի է, եւ զղջաց թէ ինչպէ՞ս Տիկնոջը չէր հարցուցեր թէ ի՞նչ կրնար ուտել:

Այս ծանր խորհրդածութեան վրայ էր Բաբկէն, երբ Թորոս եւ Դիոնիս սանդուխին վրայ երեւցան կամաց ձայնով խօսելով:

Դու չե՞ս ճանչեր Եւփիմեն, կ'ըսէր ծերը, ոչ թէ միայն դու, ես նաեւ չգիտեմ թէ ի՞նչ կերպով պիտի կարէնամ ազատիլ ձեռքեն:

Ես ալ չեմ ուզէր եւ չեմ կրնար իրմէ զատուիլ, բայց դու, ազնիւ բարեկամդ իմ, դու, որ աշխարհք կը ճանչես, լաւ կրնաս դատել իմ վիճակս եւ թէ ի՛նչ վտանգներու դիմագրաւ պիտի երթամ. ինչպէ՛ս այսպիսի անձ մը, բայց դուռը կը բացուի…

Երկու խօսակիցք ապուշ մնացին, տեսնելով, որ սենեկեն դուրս ցատկեց վայելուչ եւ պարզ հագուստով, մէջքը դաշոյնով, խիստ ժպիտով տասնութ տարեկան գեղեցիկ եւ կորովի պատանի մը, որ առանց խօսելու սրահին մէջ կանգնեցաւ, եւ անքթիթ իրենց կը նայէր: Անոնց զարմանքեն աւելի մեծ եղաւ Բաբկէնի հիացումը, որ ձեռքերը երկինք վերցնելով`

Փա՜ռք աստուծոյ, կեցցէ՜ մեր քաջ Տիրուհին, կանչեց:

Եւ լռութիւնը դարձեալ յաջորդեց: Վերջապէս Դիոնիս դառնալով Թորոսի`

Տեսա՞ր, իշխան, զրուցեց, ես քեզի չասի՞…

Լաւ՛, ըսաւ Թորոս, ես կեանք մը ունէի զոհելու ազգիս համար, կէսը դու կը յափշտակես, Եւփիմէ:

Ոչ այդպէս, կեանք մը ունէիր նուիրելիք ազգիդ, ահա երկուք ունիս անոր նուիրելիք, իմ երակացս մէջ ալ կայ այդ քու Արծրունեաց արիւնեդ. եւ Դիոնիսին դառնալով աւելցուց Եւփիմէ անխռով, ժամանակ պէտք չէ կորսնցնել, երթանք: Բաբկէն բաւական զօրեղ է, ի՞նչ կը դանդաղինք:

Դու պէտք է մտածես թէ ձեր օգտին համար ես հոս պէտք է մնամ, գոնէ քիչ մ՚ատեն:

Մեր օգուտը` աստուած եւ քու ընկերութիւնդ է: Անոնք փուճ խօսքեր են, հայրիկ, ոչ դու առանց ինձի կրնաս ապրիլ, եւ ոչ ես առանց քեզի եւ Թորոսի: Ահա ինչ որ ստացուածք ունիմ, հոս է, իսկ մնացածը որ չեմ կրնար տանիլ` կը թողում յափշտակողին, կա՛մ ան է, որ Թորոսի բախտը ինձի հազարապատիկը կ'ուտայ, կա՛մ ան է, որ եթէ ողջ մնացինք անշուք եւ առանձին կեանք մը կը վարենք գոհութեամբ աստուծոյ այն անհամար արարածոց պէս` որոց վաղիւն նա ինք կը հոգա:

Եւ ձեռքը ծերուն բերնին վրայ դնելով, ժպտելով մը, որ չի պատասխանէ` ձեռքեն բռնեց եւ Թորոսի ալ ակնարկեց ծրարը առնուլ, որ ներսն էր, ու ինք առջեւեն կ'իջնէր. իսկ Թորոս երբ սենեակը մտաւ, իր աչքին առջի բանը որ դիպաւ, Եւփիմէի դեղձան մազերու ոսկեփայլ կոյտն էր, որ գետինը փռուած կը կենային, առաւ համբուրեց անոնք եւ նայեցաւ երկինք, շնորհակալ եղաւ, որ աստուած այսպիսի կին մը իր առջեւ կը հանէր, որ հայրենեաց զոհողութեանց աոաջինը իր գլխուն վրայեն կը սկսէր: Ուստի առանց երկմտելու առաւ վերարկուն, զէնքերը ու ծրարը եւ սկսաւ հետեւիլ անոր, որ զուարթ երեսով ամենեն առաջ կ'երթար անվախ եւ համարձակ:

Հիւսիսային հովը ուժով եւ յաջող կը փչէր. նաւը իր բոլոր առագաստները բացած կը սահէր, կը թռէր, եւ մեր չորս ճամփորդները երեւալէ զգուշանալով` նաւակներու հետաքրքիր նայուածքներէն կը հեռանային Վոսփորի ափունքներէն, եւ վերջը ահագին մայրաքաղաքին տեսութենեն գոհ եւ ուրախ սրտով, եւ դեռ մութը չի հասած, ցամաքը սկսաւ անհետանալ, եւ Մարմարայի մէջ կը յառաջանային հանդարտ ու խաղաղ:

Խեղճ Բաբկէն դեռ անօթի էր, թէպէտ ուրախ, եւ իր ուրախութիւնը կ'աւելնար, քանի որ միայն երկինք ու ծով կը տեսնուէր: Երբ մեր նաւորդքն իրենց, սպարտական ընթրիքն ըրին, եւ վերջը Դիոնիս Բաբկէնի վէրքը զննեց եւ լաւ վիճակի մէջ գտաւ, երբ ամէն թան յաջող եւ երջանիկ սկիզբով երջանիկ կատարած կը խոստանար Բաբկէն ոչ թէ առողջ, այլեւ երիտասարդ կ'երեւէր, եւ երբ Եւփիմէ իրեն աս աշխուժին վրայ կը կատարէր, նա, Տարտանելը թէպէտ գէօ շէին անցէր, ծիծաղելով կ'ըսէր` «Տիկին, մի՛ զարմանար, իմ լեռներուս հոտը ես արդէն շնչեցի»: