Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՇՆՈՐՀՆԵՐ
       Երեք փշուր գրքոյկներ ի լոյս ածինք 1874-75 թուականին, որք համակրութեան արժանացան այնքան, որքան չէին արժանի։ Իբր ի քաջալերութիւն մեր տկարութեան ընդունելով ինչ-որ խրախուսական եւ գովասանական խօսքեր, նամակներ եւ հրապարակական գրուածքները տեղի ունեցան թէ՛ խմբագրաց եւ թէ՛ մասնաւորաց կողմանէ։ Ամենեցուն բարեացապարտ՝ իմ սրտագին շնորհակալութիւնս կը ձօնեմ՝ սկսեալ Սիօնէն, Արեւ. Մամուլէն, Կ. Պօլսոյ համայն Հայ լրագիրներէն մինչեւ Թիֆլիզի Մեղուն եւ Մշակի Մէլիքզատէն, որ մկրտեցին, օծեցին իրենց զգացման աւիւնով եւ շնորհաց իւղով մեր երախայ գրիչը։
       Համբուրեմ զաջ Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Ս. պատրիարք հօր, որ իւր միւռոնահոտ մատերով հոտաւորեց իմ անհոտ «Շուշանս»։
       Համբո՜յր Պատկանեան տէր Գաբրիէլ ծերունի հօր, որ իւր նարդոսածոր գրչով իւղ անոյշ եւ ցօղ սրսկեց նոյն վայրի «Շուշանիս», եւ զուարթացոյց եւ բուրեցոյց զայն։
       Համբո՜յր Հ. Ղ. Ալիշանեանի, որ իւր հայրենաշունչ շնորհաց արժանի ըրած է իմ անշնորհ «Գրոցն ու Բրոցն»։
       Ողջո՜յն Պ. Յ. Շահնազարեանին, որ իւր ոգեռանդ խանդով եւ բարձրաթռիչ մտքով ոգեւորած եւ թեւաւորած է նոյն «Գրոց ու Բրոցիս» քօղեալ եւ թաղեալ իղձեր ու մաղձերը։
       Օրհնութիւն եւ գոհութի՜ւն Աղայ Յովսէփ Իզմիրեանին, որ ի գիր եւ ի գանձ հանդիսացաւ ինձ Մեկենաս, գնահատեց իմ՝ գնոց անարժան «Հնոցն ու Նորոցն», եւ յոյս ու խրախոյս ընձեռնեց նոր-նոր վաստակոց, ոչ միայն ինձ, այլ եւ ամէն գրասիրաց լինիլ մրցանակող։
       Զորս յանուանէ շնորհակալեցի, նոցա շնորհաձիր գիրերը կը շարեմ աստէն, որպէսզի նոցա պատուականութեամբ գրքոյկս պատուի, նոցա համով Մանանայս համեմի։ Հուսկ՝ իմ մէկ ուղերձն կը կցեմ։
       ***
       …Գարեգին Վ. Սրուանձտեանց.
       Սիրելի եղբայր ի Քրիստոս.
       Ինձ մատուցած «Շուշանդ» ընկալայ. անմահն Եղիշեայ դարաստանէն քաղել էիք. ճանչցայ եւ համբուրեցի զցօղ, որով ցօղեալ էր Ձեր փունջն. հառաչեցի Եղիշէի եւ Ձեր՝ որ անոր թոռն էք՝ սրտերէն ելած հառաչանքով. օրհնեցի զՁեզ՝ որ այսպէս պարզ ու գեղեցիկ թարգմանեցիք զՄեղուաշուրթն Եղիշէն. եւ աղօթեցի՝ որ Հայոց խօսնակին զգացմունքն՝ եւ նորա հռչակած Հայ խոստովանողաց եւ արիագունդ նահատակաց սիրտն ու ոգին ի Ձեզ հանգչին ընդ միշտ. եւ զշունչ յետին՝ Աւարայրի սուրբ դաշտին հաւատարիմ քրտնաջան մշակն լինիս ի ցնծութիւն եւ ի մխիթարութիւն հոգւոյ մերոյ եւ ամենայն Հայաստանեայց։
       Աղօթարար
       Պ. Կ. Ներսէս Արքեպիսկոպոս
       1875 Յուլիս 12
       Պատրիարքարան Հայոց
       ***
       …Գարեգին վարդապետ.
       Սրինգ Աստուածային Հոգւոյն.
       ԶՇուշանն Շաւարշանայ՝ կապեալ ի փունջ՝ ընկալայ ի զմայլումն երիթացեալ հոգւոյս. որ ի բազմաց հետէ զրկեալ է ի հոտառութենէ, յազդեցութենէ սառնամանեաց. այլ անուշութիւն բուրմանց նորին, եւ անարատ սպիտակութիւն լուսատեսիլ փայլմանց, յորս նիշք բոսորայինք ի կայլականց արեան մերոց խնկաւորեալ դիւցազանց, որք սկզբնաւորեցան Վարդանաւ եւ վերջացան Գարեգնաւ, նման երկնատեղաց ցօղոյ՝ զիւրաքանչիւր թերթիկ նորին որպէս յակնթօք գոհարաց զարդարեալ, նորոգեաց որպէս արծուոյ զմանկութիւն իմ. եւ շարժեաց նախանձ՝ ագահիլ առ մէն մի ակն յեռեալ ի նոսին։
       Հրաման տուր՝ ե՛րիտասարդ արդիւնարար, զառամեալ եւ անպիտանացեալ ծերոյս, ձօնել համբոյրս ջերմիկս այնոցիկ մատանց, որ ի վերայ Գրոցին եւ Բրոցին, Հնոցին եւ Նորոցին, զայս նոր փունջ Շաւարշանեան Շուշանին բոլորեաց, եւ հայցել յամենապարգեւ շնորհաց Վերնոյն՝ կազդուրել զնոսա ի պէտս կարեաց ազգիս եւ եկեղեցւոյ նորա. եւ ընձեռել նոցա զայն զօրութիւն, զոր եդեալ էր ի թաթն երեւեալ յակումբ խրախճանացն՝ որ ի Բաբիլոն։
       Հա՛յր սուրբ, դուք Շուշան Շաւարշանայ արարեալ էք զՎարդան եւ զընկերս նորա, եւ ընտրեալ էք զմասն բարի, որ եւ ո՛չ բարձցի ի ձէնջ, այլ ծերունիս զառամեալ՝ Շուշան Շաւարշանայ արարեալ էր զՍանդուխտ, զՊատարագն նորա նկարագրելով յանձուկ դաստառակի։ Արիացիր մշա՛կդ ի բազմաց ակնկալեալ, եւ ուրախ արա՛ զծերոյս զառամելոյս թախծեալ սիրտ, որում անդադար լսելի լինի ձայն հոգւոյն, թէ՝ Նմա պարտ է աճիլ եւ քեզ մեղմանալ։
       մնամ…
       Ծերունի Գաբրիէլ Պատկանեան.
       1875 Յուլիսի 25
       Ս. Պ. Բուրգ.
       ***
       Ս. Ղազար, 16 Յունվ. 1875.
       …Տէր Վարդապետ.
       Քաղքիդ լրագրաց մէջ նախ կարդալով Ձեր Գրոց եւ Բրոց ծանուցումն՝ գրեցի առ թղթակիցս խաւրել ինծի օրինակ մը. բայց իրմէ առաջ ընդունեցայ Ձեր իսկ ընծայածը, որով կ՚իմանաք թէ ինծի քանի՛պատիկ հաճոյ եղաւ, եւ ո՛րքան շնորհակալ եմ, թէ՛ ընծայելուդ եւ թէ՛ ընծայիդ. որ աւելի հաճոյացաւ երբ կարդացի, եւ երբ իմ ընկերակիցքս ալ նոյն հաճութեամբ կարդացին։ Շատոնց իմ երթեւեկ փափաքանացս մէկն ալ էր լսել ի զանազան կողմանս Հայոց աշխարհի զտեղական աւանդութիւնս եւ հաւատարմութեամբ նշանակել. եւ ահա նոյն է Ձեր ըրածն ալ. եւ ուրիշ քանի մ’ազգասէր վարդապետաց, զոր յիշէք, եւ որոց հաւաքման հրատարակութեանց ալ սպասեմ փափաքանօք, եւ արդէն շատ ալ սպասած եմ, որովհետեւ տարիներով առաջ խոստմունք եղած էր՝ յազգային լրագիրս՝ այդպիսի հրատարակութեանց, յորոց մէկն ալ էր Ղեւոնդ վարդապետի հաւաքեալ Յիշատակարանք Ձեռագրաց։
       Ձեր հրատարակեալ աւանդութեանց մէկ մասն արդէն ծանօթ էր ինձ՝ մեր Հ. Ներսէս վարդապետի ուղեւորութեամբ, բայց գտայ եւ նոր զրոյցներ Ձեր քով։ Միայն թէ ես այդչափով գոհ չեմ ըլլար, աւելի մեծ Բրոցներ կ’ուզեմ որ Գրոցն ալ աւելի ընդարձակ ըլլայ։ Ունէի քանի մը հարցունելիք ալ, այլ գրքոյկդ ուրիշի քով ըլլալով՝ մնաց ուրիշ առթի։ Միայն յիշեմ որ յ’85 երես երգ մը յիշես, փափագէի այդոր օրինակն ունենալ։ -Յ’82 երեսն այլ յիշէք Կապուտան ծով մը. իմ գիտցածս նոյն պէտք է ըլլայ ընդ Որմիայ ծովուն։
       Փափագէի եւս որ Դաւթի պատմութեան մէջ գրուած քանի մը բառից ծանօթութիւն ըրած ըլլայիք, որք ինծի պէս ի պանդխտութեան ծնած եւ ապրածի անծանօթ են։
       * զոր հաճեցէք ընդունիլ. եւ ողջ լերուք։
       Հ. Ղեւոնդ Մ. Ալիշանեան.
       ***
       1875 Մարտ 4, Կ. Պօլիս
       Մէքթէպի Սուլթանի.
       …Գարեգին վարդապետ.
       Ձեր Գրոց ու Բրոց գրքոյկն է այն ազգի գրութիւններէն՝ որք շատ քիչ անգամ ի հրապարակ կ’ելլեն, եւ որք իրենց պատուականութեան համար միշտ փնտռուած ու կարդացուած են։ Ընթերցողն ձեր գրքոյկին մէջ չգտներ միայն վէպեր, զորս պարզ ու կարճ կերպով կը գրէք կ’անցնիք, բաց ի պայծառութենէ մի որ ունի շատ մը նուրբ եւ կորովի դարձուածքներ, կը գտնէ նա ամէն տեսակ նիւթոց առատութիւն մի՝ իր ուշադրութիւնը գրաւելու արժանի։ Երկրաբանին կը ցուցնէք իրեն անծանօթ բոյսեր։ Աշխարհագիրին ընդարձակ ու ցանկալի տեղեկութիւններ կուտաք սիրելի երկրի մի վրայ, որոյ ոտքերդ կոխեր է հողն, ու բերանիդ շնչեր է օդը. Հնախօսին սիրտը եռանդ կը ձգէք խուզարկութիւններ ընելու այն երկրին մէջ, ուր շատ քաջութեան հետքերն ընդ հողով ծածկեալ՝ դիպուածով միայն յերեւան գան մերթ ընդ մերթ. իսկ Բանաստեղծին կը վառէք կը բորբոքէք սիրտն ու խանդը, երբ շնորհալի առասպելները քաղելով բնակչաց շըրթներէն մեզ կը պատմէք։ Բայց ի՞նչպէս յայտնեմ Ձեզ այն ազդեցութեան ոյժն ու սաստկութիւնը, որ Գրոց ու Բրոց առջի տողէն սկսեալ մինչեւ յետինը կ’ազդեն ազգասէր սրտից վրայ։ Բանահիւսն մինչեւ ցարդ յուսակտուր ջայլեր արձակելով իր աւերակուռ աշխարհին վրայ չընդարձակէր, չսաստկացնէր ի մեզ ա՛յլ զգացմունք մի, բայց միայն ծանրակիր անյուսութիւն մի. Դուք՝ թէեւ նման անոնց ունիք իբրեւ առարկայ ձեր խօսից զհողն ու ջուրն այն տխուր երկրին, Դուք տարբեր ազդում մի կը գործէք կրծքի եւ երեւակայութեան վրայ, վասնզի յանդիման կարծես մեր աչաց կը բերէք Դուք կը դնէք գրութեամբ մի կարի յոյժ սիրելի երկիր մի՝ իր բոլոր աւերակներովն, ուր միանգամայն վեհագլուխ սարերու ստորոտն փոշւոց հետ խառն տեսնելով սննդագործ ցողուններ ու բարունակներ, մեր կենդանի յոյսեր, տրտմելու փոխան կը քաջալերուին ու կը զուարթանան։ Այսպէս ես, եւ հաւանականաբար շատերն ալ ինձ նման, երբ կը կարծէի թէ Հայերն Հայաստանի մէջ ընկճուելով հազարամեայ թշուառութեանց տակ, կորուսած ըլլային իրենց հարանց դրոշմն ու բարբառը, եւ ասոնց հետ մէկտեղ ամէն մտաւորական գոյութիւն, սքանչացած կը կարդամ այն սիրուն առասպելները, ուր կ’ըսուի թէ «Հայաստանի լճակներ եւ գետերը հրեղէն աղջիկներ ունին իրենց ալեաց մէջ»։ Չգիտեմ ասո՞նք աւելի գեղ ունին արդեօք թէ Յունաց Նայեադք։ Երեւակայութեան շատ ընտիր մի ծնունդ է այն Մշոյ մշուշին բացատրութիւնը. «Ահա՛ չքնաղ Աստուածուհի մի, որ կը լոգանայ, ահա՛ սրտատրոփիկ պատանիներ լերանց բարձանց վրայ խարոյկ արկանել կ’ուզեն կրակին լուսով դիտել այդ գեղեցկութիւնը, որ սրտմտած հրաման կուտայ իր աստուածային իշխանութեամբ մռայլներու՝ մշուշներու՝ իջնալ պատել, իբր պատիժ, այն անոյշ ջրերն ու հողերը»։
       Միտքս իրաւապէս կը յափշտակուի երբ կը կարդամ այն խորհրդային բանաստեղծութիւնը, որ մեզ իբր «մի հրաշալի դիտարան կը ցուցնէ Վարագայ Սարը, ուր ելլողը կը տեսնէ եղեր թէ ի՞նչպէս օրուան թագաւորն ցերեկին՝ եւ թագուհին ալ գիշերայն՝ իր աստղաճաճանչ նաժիշտներով լռելեայն, ամչկոտ, ու քօղ ձգած երեսին, կ’ընթանան երկնից գաւառներէն. թէ այն աղօտավառ լոյսերն որ կը տեսնուին Յարդգողին մէջ՝ ի՞նչ են»։ Ո՞ր խօսքն աւելի յարմար է արեւուն զօրութիւնը իմացնել տալու քան այս խօսքը. «Այդ լերան լուսեղէն ճպոթներով ճառագայթի պէս կը զարնեն. ԼԵՌԸ ԿԸ ՑԱԾՆԱՅ, ԱՄԷՆ ՍԱՐԵՐՆ ԻՐԵՆՑ ԳԼՈՒԽԸ ԿԸ ԽՈՆԱՐՀԵՆ»։ Իսկ մրրկի գոռում գոչումը, փայլակը, կայծակը եւ ծիածանը՝ մէկմէկ մտաւորական վսեմ յղութիւններ են։ Ասուպներու տեղափոխութիւնն այնչափ շնորհալի բանաստեղծութիւն մի կ’երեւայ ինձ իր պարզութեան մէջ, որ անհնարին է զգացմանս աստիճանը յայտնել Ձեզ։
       Միեւնոյն ժամանակը որ գրիչնիդ հարեւանցի զասոնք գրելով կ’երթայ յառաջ, կաթիլ մի մաղձ հոս եւ հոն թափելով կը սահի կ’անցնի։ Չկայ թերթ մի, որ իր տխուր մասը չունենայ զգացող սրտին համար, եւ եթէ այդ ստորագրութեանց մէջ երբէք երբէք կարճ բացագանչութիւն մ’ալ տեսնուի, բաւական է ան ի վեր ի վայր յուզելու միտքն ու սիրտը։ Ո՞րչափ խորունկ կը հնչէ սրտից մէջ այս խօսքը. «Ո՜հ, միթէ կարելի՞ է գերեզմաններն ալ կրօնափոխ ընել»։ Է՜հ, միթէ մնա՞ց ուրիշ բան մ’ալ, այդ քարերուն սրբութի՞ւնն ալ կողոպտել կ’ուզեն։ Լոկ անուն մի, որով կը պարծենանք, տեսէք ահա եղծանել, փոխել կ’ուզեն զայն ալ. «Քիւրտիստան կը կոչեն առաւել անգթութեամբ քան թէ անգիտութեամբ այն երկիրը, որ տակաւին մինչեւ այսօր եւ մինչեւ յաւիտեան Հայաստան է ու Հայաստան պիտի մնայ»։ Ո՜հ, որչափ ալ դժնդակ է այն ցաւը, զոր կ’զգայ Հայու սիրտն իմանալով՝ որ իր եղբայրք կը նուիրեն իրենց հանճարը օտարին, թէ «Քրտերու եւ Տաճկաց կեանքին վերաբերեալ խաղերէն ալ շատը՝ կը յօրինեն Հայեր»։ Թո՛ղ, թո՛ղ կարկամ մնան այն ատեն շրթունք։
       Աշխարհագրական տեղեկութիւնները շատ թանգագին են մեր ազգաց առջեւ. սակայն կարծեմ թէ ինչպէս ինձ, նոյնպէս շատերուն ալ շատ փափաքելի է ունենալ աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ «Հասնանցի կամ Մըմըկանի Քրդից վրայ որ Մամիկոնեան տունն ենք» կ’ըսեն. նմանապէս Պըլըգցւոց վրայ որ «Հայ եմք եղեր, կ’ըսեն, որ մեր ազատութեան համար զէնքը չձգեցինք, հաւատքը փոխեցինք»։ Դարձում մի, որ ազատասէր սիրտ մի չկարէր շատ պարսաւել։
       Մեծ զարմացման մէջ ինկայ, երբ կարդացի այն տողերը ուր կ’ըսէք թէ «Կինճ լերանց բնակիչք ի հնուց մինչեւ ցայժմ անկախ վիճակ մի ունին, թէ Սասնոյ եւ Խոյթայ ներկայիս բնակիչք իրենց զէնքն ու վառօդը իրենք կը շինեն, եւ որոց կանայք իսկ զէնք կը կրեն»։
       Հոս կանգ կ’առնում, եւ առանց քաղաքավարութեան ստապատիր ձեւերը գործածելով խօսքիս մէջ, կ’աղաչեմ ձեր ազգասիրութենէ տալ ինձ մի քանի ուրիշ տեղեկութիւններ այս երկիրներուն մարդոց կենցաղավարութեան վրայ. «հարկ է մեզ զմեզ լաւ ճանչնալ», նոյնպէս եւ մեր երկիրը ու իր այլ եւ այլ ազգերը։ Չեմ նայիր որ Դուք ամենեւին զիս չէք ճանչնար, նոյնպէս եւ ես զՁեզ. մի գրութիւն կամ մի տող գիր կամ մի խօսք միայն բաւական է գրողին սիրտը ընթերցողին առջեւ գրքի մի պէս բանալու որ մէջը կարդայ։
       Առ այժմ այսչափով գոհանալով կը մնամ յարգանօք.
       Յ. Շահնազարեան.
       ***
       4/16 Մարտի 1875, Ս. Պետերսբուրգ.
       Հա՛յր.
       Ի վերջաբանի Ձեր պատուական գրքոյկին որ կոչի «Հնոց եւ Նորոց»՝ ուրախութեամբ սրտի կ’ընթեռնում որ դուք մտադիր էք շարունակել Ձեր հրատարակութիւնքը, եթէ ազգայինք մեր դրամօք քաջալեր հանդիսանան Ձեզ առ այդ։
       Արդ որպէս համակրող Ձեր արդիւնաւոր վաստակոց՝ ես եւս կը ցանկամ նոցա տպագրութեան ձեռնտու ընթերցողներէն մին լինիլ եւ յօժարութեամբ կ’առաքեմ սոյն 200 ֆրանկի մուրհակը, զոր կ’խնդրեմ ընդունել իբրեւ դուզնաքեայ՝ բայց անկեղծ նպաստ վասն յաջողութեան Ձեր փութաջան երկոց եւ իբրեւ համեստ նշան յարգանաց առ անձն Ձեր մեծարոյ, որոյ հայրական օրհնութեանց
       մնամ միշտ կարօտ
       Յովսէփ Իզմիրեան.