Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Այսպէս ընդհանուր շարժում, արթնութիւն եւ փառաբանութիւն կը սփռէ բոլոր մեր աշխարհի արարածոց մէջ Արուսեակն լուսաբեր։ Եւ ահա արշալոյսն անոր ետեւէն կը սկսի բացուիլ, զոր «Աղօթրան» կ՚անուանեն տեղացիք։ Արշալուսին ամէն տուն ընկողվանք վերցուած են. թոնիրն իջած է վառուելէ։ Ի գարնան, այս պահուս, Այգեստանեայց փողոցներէն ետեւէ ետեւ ձայներ կը լսուին. «Ձո՛ւկ առէք, ձուկ»։ Այս ձայները ամէն տարի ապրիլի կիսէն մինչեւ յունիսի կէսը կը շարունակուի, քանզի այն միջոցը միայն Վանայ ծովն, Հայկայ լիճն, այս միակ ու համեղ տարեխ ձուկն կ՚ընծայէ բնակչաց այնքան առատութեամբ, որպէս ապրիլի ամսոյն հարաւ քամիին հալեցուցած ձիւներուն լեռներէն ի վայր` ի լիճն հոսող հեղեղները։ Ձուկ ծախողները կառավարութեան ստակ կը վճարեն, գ րաստով բառնալու բերելու վարձք կը վճարեն, իրենց աշխատանքն ալ վրան դիր. ու կը վաճառեն հինգ ձուկ՝ մէկ փարայ եւ երբեմն` մինչեւ տասն ձուկ մէկ փարայ։ Ամէն տունը կը գնեն հազար հազարներ, աղը դնելէն զկնի, քանի որ նորը կուգայ, կը գնեն, թոնիրի մէջ կը կողեն, կամ կը վազեն տան մէկ անկիւնը, հաւի նոր ածած տաք-տաք ձուն կը բերեն ու ածուէն դալար բանջար, կը տապակեն արդար եղով։ Ժամէն դարձողները ձկան հոտով կը լնանին, փողոցները կը բուրէ անուշ հոտով։ Հո՜տ, որ մինչեւ հոս յիս կը բուրէ, քիմքս կը գրգռէ եւ բերանս ջրով կը լեցնէ։ Բայց, ո՜հ, անոնք կ՚ուտեն, ես կը հալիմ։
       Արշալոյս է։ Գեղերէն աղջկանց ժողված բանջարներ ը բերե ր են փողնի գլխները եւ ժամու դռները դիզեր են. սիւտկու բանջար, եղրջայ, սուխուկ, մանդակ, երնջակ, սխտորուկ, պտուկ, պողիկ, ժախ, կանգառ, շրէշ, նուիկ եւ այլն։ Մէկ կողմը դիզեր են իրարու վրայ նոր պանիր բլիթ-բլիթ, որոյ մէջ դրուած ուռցն, դաղձն եւ ուրիշ հոտաւէտ բանջարն եր, պանիրներն ու հրապարակը հոտաւէտած են։ Հոն է մանդկով ժաժիկ, պինթան, չորթան, մածուն, կարագ, եղ եւ ամէն գեղջկական բերքեր, զո րս կը գնեն ժամէն ելլողները։ Այս բերքերէն եզներու վրայ բարձած կամ իրենք շալակած, թաղէ թաղ ալ կը պտըտցունեն։ Մեծ պահոց՝ ոսպ, գլուլ, կանճրակ, կանափատ, բագլայ եւ այլ տեսակ-տեսակ հնդեղէն եւ ընտիր մեղր, ռուբ եւ նարդան գ եւ այլն։
       Իսկ աշնան աւելի զանազան են այդ բերքերը. ինչ որ արտն ու բօ ստան գեղացւոյն տուեր, հոս կ՚իջեցնեն եւ այգեստանեայց բերքերէն գեղը կը փոխադրեն։ Աշնան արշալոյսին ցորեանները սայլաբարձ կուգան ճռնչալով, անասնոց համար խոտ ու յարդ բեռնաւորած գրաստներով. ջաղացներ աղուն կը ղրկուին եւ ալիւրներ կը բերուին. հատիկ կը խաշեն, ծաւ ար ու կորկոտ կը ծեծեն, ղաւուրմացուներ կը մորթեն եւ, անոնց տիկերը հանելով, նոր գինիներ (շիրայ) կը կրեն անոնցմով։ Ցան, ցախ, փթիր, քակոր, պտըտուր, գազ բարձած եզանց` փողոցէ փողոց կը շրջին գեղացիք՝ ծախելու համար, եւ այգեստանցիք այգիներու մէջ ու փողոցները ծառերէն թափած կազալ «տերեւները» կ՚աւլեն եւ ծառերու չորուկները կ՚իստկեն։
       Արշալուսին ամէն մարդ իր գործն սկսեր է։ Արեւը կ՚ելլէ իր գահոյքէն, եւ Վարագայ սարը, իբրեւ իրեն սեմու սանդուխտ, ոտքը կը կոխէ ու կը բարձրանայ երկնից աթոռը։ Այս րոպէին ոչ ոք ի քուն պիտի մնացած լինի, ապա թէ ոչ՝ օրուան բաղդէ ն ու ղըսմաթէն կը զրկուի։ Միւտ դիր, ընթերցո՛ղ, այս բարոյականին, այս խորհրդական բանին։
       Ցերեկուան զբաղումներն յայտնի են։ Էրիկ մարդիկ առհասարակ շուկայ գնացած են, եւ որոնք տունն են, տունը կը գործեն։ Կանայք ն ալ զբաղուած են իրենց լուացքին, կար ու ձեւին, ճախրակին, միջան քրքրելուն, բուրդ եւ բամբակ գզելուն եւ կ՚աշխատին իրենց ածուները փորելուն եւ անոնց մէջ ծաղիկ եւ զանազան բանջարները ցանելուն։ Մեծ աղջիկներն իրենց մօր կ՚օգնեն, իսկ պզտիկներն ծաղիկներ կը քաղեն, կը փնջեն եւ իրենք վայելելէն զկնի, իրիկուան հայր կամ եղբայր ը գալուն՝ անոնց կ՚ընծայեն։