Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Ը
       Սովորութիւն ունինք գարնան եւ յամարան պարտիզի հովաստանը կը նստինք, եկող հիւրերն ալ նոյնպէս պարտէզը կը հրամցունենք։
       -Ի՞նչ է սա իրարանցումը։
       -Հարսները տեսան, որ մարդ կուգայ, տունը փախան։ Արդէն լաթերով ծածկեալ դէմքերը ափերով ալ կրկին կը գոցեն եւ այծեմանց նման խոյս կուտան, ճիշտ ինչպէս եղնիկը խուսափի որսորդի տեսութենէն։ Իրաւ՜ է որ, ահա կը նկատեմ, թէ ի՛նչ խոր եւ խոռ տպաւորութիւն կ՚ընէ Ձեր վրայ այս սովորութիւնը, բայց ամբողջ Վանայ կանանց, հարսանց եւ հասած աղջկանց համար այդ օրէնք մի է. եւ կարելի է ասել, թէ բոլոր ասիական հին ազգաց քաղաքաբնակաց սովորոյթ մ՚է։ Աւելի ազատ են յայսմ մասին գեղջկականք, մանաւանդ քաղաքներէ հեռու եղածները, ուր քիւրդի եւ հայու ընտանիք թէ՛ հարսունք լինին, թէ՛ աղջկունք՝ մարդէ չեն փախչիր, ո՛չ ֆէրաջայի պէս ծածկող սաւաններ ունին եւ ո՛չ վրայի շապիկ ու մխմէլ. ուրեմն քաղաքաց կանանց այս վիճակը, քաղաքաց արանց բարոյականին հետեւանքն է։ Սակայն, եթէ չեմ կրնար յայսմ պաշտպան հանդիսանալ այս սովորութեան, ներուի ինձ դիտել, թէ չեմ ալ ուզեր մէկալ ծայրայեղութեան հասած տեսնել կանանց սեռը, որ ըստ ամենայնի հոլանի երեւին եւ իրենց մայրեր ու սկեսուրներն աղախնոյ պէս ծառայեն, հարսն ու աղջիկ կուռքի պէս հտպտանօք զարդարուի ու բազմի, կամ իրենց ծնողք, եղբարք, էրիկները՝ սպասաւորի մը պէս անոնց ետեւէն ընթանան, անոնց հրամանները կատարեն, ինչպէս են կիսաքաղաքակիրթ տեղերը, որ Աստուածային եւ բնական օրինաց ու կարգաց հակառակ է իսպառ։
       Ահա մայրս կուգայ։ Սրտի թնդումէն կականաբարձ կուլայ եւ, թեւերը բացած, կը թռի յիս հասնելու, զիս գրկելու, կրծոց վրայ պրկելու եւ համբուրելու… ։ Երթամ ձեռքը պագնեմ։ Ետեւէն եկողներն ալ եղբարքս են, եւ այն երամով թռվռացող կանդ ու գլուզները (մանրիկ մանկտիք) եղբարցս զաւակներն են։
       Թո՛ղ։ Ներէ ինձի վայրկեան մը ծնողական եւ ընտանեկան երանութիւնս վայելեմ, բարեկամ։ Ա՛հ, բաւակա՛ն շատ միջոց եղաւ` կարօտի եւ անձկութեան կրակը սիրտս կը լափէ… մի քանի պուտ (կաթիլ) արտսունք ալ իմ աչերէս թող կաթին որ հովանայ հոգիս…։
       Յո՜ւշ, առհասարակ պանդուխտները… Յո՜ւշ հեռացելոց եւ մնացելոց սրտի վիճակը, մորմոքումն ու լացը։
       Աստուած հանէ ամէն սիրտերը արեան կարմիր ծովէն։ Աստուած փրկէ ամէն անձերը կամաւոր գերութենէն, ղարիբ ղուրբաթի կարօտ քաշելէն։
       Ես, թէպէտ ամէնուրեք մադասիրաբար ու պատուասիրաբար հանգիստ գտած եմ, այլ սակայն չէի կրնար մոռնալ ո՛չ մեր փողոցի ծառն ու ճիւղ, ո՛չ ջուրն ու հող, ո՛չ շոգն (արեւուն տապ) ու հով, ո՛չ ժուռն (չհասած միրգ կամ ազոխ) ու խաղող, ո՛չ տանձն ու խնձոր, ո՛չ ծիրանն ու սալոր, ո՛չ աղբիւրն ու ջրհոր, ո՛չ դաշտն, ո՛չ սար եւ ո՛չ ձոր։ Երբ ուտէի հաց ու կեր (կերակուր), կը յիշէի մօրս եփածները, երբ ի պարտէզ եւ ի բուրաստան մը հրաւիրուէի, կը յափշտակուէի հոս։ Չկրցի երբէք գոհ ընել զիս եւ մոռնալ տալ սրտիս ու մտքիս այս հողաշէն անշուք խրճիթը, որ իմ հայրենական տունն է, յորում ես առաջին անգամ աչերս բացած եւ արեւ տեսած եմ։ Չկրցի մոռնալ տալ այս շուքերը, որոց ներքեւ իմ օրօրոցս օրօրուեր եւ իմ ծնող մօրս սրտաբուղխ ձայնով խաղեր եւ դարդարներ եմ լսեր, մոռնալ այս ճղերը, որոց վրայ ելլելով` ձեռօքս միրգեր եմ քաղեր եւ կերեր. մոռնալ այս դալարաւէտ եւ ծաղկաբոլոր վայրը, ուր ծնողացս, եղբարցս եւ հիւրերու ու ընկերաց հետ նստած հաց կերեր, ծաղիկ փնջեր, մանկական խաղեր եւ զուարճութիւններ անցուցած ենք։
       Ո՜, մանկական երանաւէտ օրեր եւ ժամեր, այսօր ձեզ կը հանդիպիմ վերստին եւ շատ դիւրութեամբ մէկէն կը մոռնամ տեսածս սքանչելի շէնքեր, պալատները, պարտէզներ, ջրեր, ճոխութիւնք եւ վայելչութիւնք պայծառ եւ մեծամեծ քաղաքաց, որք իրենց ամէն պերճութեամբ եւ շքեղութեամբ չկրցան մոռցնել տալ զձեզ ինձ, այլ յաւէտ առ ձեզ կը գտնուիմ յափշտակեալ։
       Եղան, թերեւս, ծնողքէս աւելի խնամածուք ինձ, եղան եղբայրներէս ու մանկական ընկերներէս առաւել սիրողք եւ մտերիմք ինձ, այլ չեղաւ հնար, որ միեւնոյն յարգանք ու համակրանք գրաւէին, ինչպէս այս պառաւ մայրս, այս հասարակ մարդ երեւցած ընկերքս եւ եղբարքս։
       Քանի՜ բուռն է բուն վայրն ու տուն, բուն հայրենիք մարդուն։
       Աստուած դարձնէ ամէն ղարիբ ղուրբաթ իւր տեղն ու տուն։
       Այս տեղը, սիրելի բարեկամ, ուր նստեցանք մենք, աչերդ վեր առ, տես ի՛նչպէս մրգաւէտ ծառոց ճղերը իրարու պլօլուած հով գործած են մեր վրայ, աչերդ շուրջ ած, բոլոր-բոլոր վարդի թփեր են, եւ ահա որը բացուած, որը կոկոն, քաֆուր վարդ, սիւտակ վարդ, դեղին վարդ, կարմիր վարդ, բոզ վարդ, որոյ թերթի մէկ երեսը կանանչ է, մէկ երեսն՝ բոցագոյն կարմիր, տես լէլաղ ծաղկի ծառերը վարդենեաց շրջապատն, իսկ ստորոտները կարմիր կակաչ, դեղին կակաչ, մանուշակ, սուսամբար, բարդիսաբահ, զումբուլ, նօնօֆար. այս ծաղիկները, որ իւրաքանչիւր ամսոյն կարգ ի կարգ կը ծաղկին, իրենց տեսքով ու հոտով դրախտի մանրանկարը կը կազմեն։ Բարակ առուով մը ջուրը պտոյտ կ՚ընէ այդ փոքրիկ դրախտին շուրջը եւ կ՚անցնի ոռոգելու քովի ածուները, ուր ցանուած են ռէհան, նանա, տըրխուն, նարգիզ, համեմ, սեւ սունիչ, բադրաբօ, գինձ, կարօս, բողկ, սոխ, սպանախ, բազուկ, շողգամ, դդում, վարունկ, սխտոր, կանճրակ, գլուլ, բագլայ, տապղին, եւ այլն։
       Իսկ առուի եզերքները` խոտերու մէջ, կը բուսնին ուտելու բանջարներէն կովու ճակտիկ, պառւու մէզար, սիւեղ, աղջկուտակ, գառու դմակ, մատուկ, աւելուկ, փշփշուկ, ճնճղկու պաշար, խինձ, թանի բանջար, ճարճրտուկ, եղինճ եւ այլն։
       Այս կարգով ու ճաշակով յօրինուած են մեր Այգեստանեաց ամէն այգիները։ Վերը նայէ, խնձորենին, տանձենին, սալորենին, ծիրանին, կեռասը, շարտաղուկն (դեղձ) իրենց ճղերով կանանչ երկինք մ՚են կազմեր մեր վրայ, եւ այս կամարէն կախուած են պտուղներ գոյնզգոյն` ո՛ր ժուռ, ո՛ր հասուն։ Շրջապատիդ անուշաբոյր հոտերէն չե՞ս զմայլիր։ Հո՜ս, այստեղ կը դնեն մեր մայրերը իրենց մանկանց օրօրոցները, եւ ծառերու ծաղկած օրերը ծաղիկներով կը ծածկուի մանկան օրօրանը, հոտաւէտ խոտերու եւ ծաղկանց հոտով կը շաղախուի մանկան ծծած օդն, երբեմն կ՚արձակէ մայրիկն տղեկի պինդերը (տղան օրօրոցի մէջ կապելու կապն) եւ կը դնէ իր ծաղիկը այս ծաղկանց ծոցը, որ գլորուելով, թաւալելով ծաղկանց թերթերը կը ճռփէ, ուր փմփուս կատւու ձագ մ՚ալ իրեն նման փափուկ մանկիկին թաթիկներուն հետ խաղ կ՚ընէ, մէկ կողմէն ալ ճնճղուկները աչքի տակով կը դաւէ։
       Այգեստանեայց այգիներու ձեւը միապէս են, ինչպէս կը տեսնաս, չորս կողմը ուղղանկիւն պատ մը կը գործեն։ Պատերէն մէկ կանգուն հեռաւորութեամբ ջրի առուն է, առուներու երկու շրթները բարդի ծառեր են, պարտիզին մէջտեղը՝ ծառոց հովերէն հեռու, խաղողի այգին է՝ թումբ-թումբ բարձրացած, որուն «ափներ» կ՚ըսեն, որոց վրայ է որթատունկն, եւ խաղողները կը պառկին արեւուն հանդէպ ու կը ջեռնուն ափներու հողերուն վրայ։ Ափները կը փորեն ամէն գարնան։ Թումբերու միջոցները փոս առուներ կը մնան, որոց մէջ ջուր կը կապեն` որթերու արմատը ջրելու համար։ Այգէկութին այս փոսերու մէջ կը կայնին, խաղողներ կը կթեն, որ ողկոյզները չտրորուին։
       Նորատունկները այգիներու մէջտեղը աշտարակաձեւ շէնք մը ունին եռայարկ. հնձան է այն, որոյ բարձր տանիքէն կ՚երեւայ այգիին չորս կողմը։ Խաղողի հասած ամիսը նորատունկներու մէջ մեծ ուրախութիւն կ՚ընեն երիտասարդները. հրացաններով կը հաւաքուին այդ աշտարակները եւ գիշերուան գողերէ կը պահպանեն այգին՝ հնձանի տանիքն ելլելով։ Լուսնակի լուսուն պատուական տարեխ ձուկը, սունկով ջըլբուր եւ մսի խորովածը չամչի արաղով եւ տարի մը առաջ այգիի մէջ տուճիկով թաղած կարմիր գինիով կը ճաշակեն, խաղ ու տաղ կը կանչեն, հրացան կ՚արձակեն։
       -Բերէք, հողմո՛ւնք, այդ կրակի ծուխն ու հոտ, այդ աղաղակի ձայնն ու դղորդը, հասուցէք ինձ մօտ-։
       Խաղողի ափներէն հեռու՝ մինչեւ պատերուն քովի առուն, չորս դեհէն ածուներ կան, զորս փորելով ամէն գարնան՝ զանազան հունդեր կը սերմանեն, եւ այն ածուներու ցած թումբերուն եզերքը կարգ ի կարգ տնկուած են ծառեր սերկեւիլի, քաղցրակողինձ եւ դառնակողինձ ծիրանի, դամոնի, շարտաղուկի, ամառնուկ եւ ձմեռնուկ խնձորի, կէսիկ եւ թթու ալուչայի, պնտուկի, ընկուզի, կեռասի, բալի (ֆիշնէ), տանձի։ Տանձի տեսակները եւ անունները տարբեր են, զորօրինակ` վաղահաս (թէզ դէյէն) տանձ, մեղրուկ տանձ, ճենճուկ տանձ, դըղդըղեկ տանձ, պռկօշ տանձ, մարտիրոս տանձ, չալաբիկ տանձ, մոկաց տանձ, մալաչիկ տանձ, մերնիկ տանձ, նռնեկ տանձ, մալաղի տանձ։ Մալաղին պատիւ ունի անուանիլ տանձից արքայ թէ՛ իր համեղութեամբ եւ թէ՛ մեծութեամբ։
       Այս միրգերը, մանաւանդ տանձն ու խնձորն, սկսեալ մայիս ամսէն մինչեւ հոկտեմբեր իւրաքանչիւր տեսակներն զատ-զատ ամսոց մէջ կը հասուննան. աշնան հասածները «ձմեռնուկ» կ՚ըսուին, զորս կախուան (միլաղ) կ՚ընեն սենեակներուն մէջը կը կախեն, եւ մինչեւ նորն հասնի, դեռ հինէն կը ճաշակեն։ Ամըռնուկներէն ալ տապակ-տապակ, շերտ-շերտ կը կտրտեն, կ՚իստակեն, «չիր» կ՚ընեն, կը չորցնեն կ՚ուտեն, ինչպէս նաեւ ծիրանն ու ալուչան կը չորցնեն, կօռօվայ (բէստիլ) կ՚ընեն եւ կերակուրի մէջ գործ կ՚ածեն. ծիրանի չիրէն «մուժբանայ» կ՚ընեն, մարդու կերպ, թռչնոց կերպ եւ այլ զանազան ձեւերով կը շարեն։ Քաղցր կողինձները ասեղով ու դերձանով շարելով՝ հագնելու զրահ կը շինեն, տուրիկ (չանթայ) կը յօրինեն եւ այլն։ Ամռնուկ տանձի եւ խնձորի բռուածք (թուռշի) կը դնեն, որ շատ համեղ կը լինի, նոյնպէս խաղողի, սեխի բռուածքներ ունինք, որոց հետ ռէհան եւ այլ հոտաւէտ բանջարներ դնելով եւ կամ քիչ մը մեղր, կամ աշնան օրեր քաղցր գինի (շիրայ) լեցնելով մէջը, ադոնց համին ու հոտին մարդ մշտակարօտ կը մնայ։
       -Օ՛հ, բերանս ջրալիր կը չըփչըփայ… ուտողաց կմունքն (քիմքը) ակռկի-։
       Խնձորենեաց ազնիւ տեսակներէն՝ Արտամէտու խնձորն ամռնուկ է. կեղեւը շատ նուրբ, միսը փափուկ, խատուտիկ կարմրով եւ անոյշ հոտով։ Ձմեռնուկները «Խլաթ խնձոր» ըսուած, որ քանի մը տեսակի կը բաժնուի եւ որ նոյնպէս կարմրախայտ ու հոտաւէտ է. իսկ «Դալասլիկ խնձոր» կրնայ պարծիլ իբրեւ թագուհի բոլոր մրգեղինաց, որ իր վրայ կը կրէ ամէն ազնուական յատկութիւնը, մեծ, կարմիր, նրբակեղեւ, անուշահոտ եւ սաստիկ ախորժահամ, ասոր ծառին վրայ կ՚ելլեն լուսնակ գիշերները աղջիկներ ու հարսներն, դեռ աղէկ չհասած ժամանակ եւ կարօսի (մաղտանօզի) տերեւիկները կը փակցունեն, երբ հետզհետէ հասուննայ, կարմիր կը գունաւորի, այնուհետեւ կարօսի տերեւները կը փրցունեն վրայէն, եւ անոնց փակած տեղեր՝ ըստ գեղեցիկ ձեւոց տերեւոց կը մնան ճերմակ, այնինչ բոլոր մարմինը արեան գոյն կարմրած է։ Սովորաբար երբ բարեկամ մը կամ սիրելի մը պատուեն եւ յարգի ու հրաւէրի համար խնդրակ ղրկեն, կամ աչքի լուսի երթան, հատ մը այս խնձորէն իրենց ծոցէն կը մատուցանեն, երբեմն նաեւ գինւոյ պոզիկի (հողէ իբրըղ) բերանը կը դնեն, եւ ընդհանրապէս սեղանի զարդ եւ գինւոյ մազէ է աս։