Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՀԱՆԵԼՈՒԿՆԵՐ, ԱՌԱԿՆԵՐ ԵՒ ՆՈՐԵԼՈՒԿՆԵՐ
       Ժողովրդեան զուարճութեանց եւ սրամտութեանց մէկ միջոցն ալ է հանելուկներ եւ առակներ յօրինել։ Հայերն ալ իրենց համար Եզովբոսներ եւ Լաֆօնթէններ ունեցեր են։ Անշուշտ Խիկարն մեծ հեղինակ է առակախօսութեան եւ առածներու, ինչպէս իրաւամբ դիտած եւ ընդարձակ գրած է գիտնական գեր, Գաբրիէլ ս. արքեպիսկոպոս Այվազովսքին Հազար եւ մի առածներու յառաջաբանութեան մէջ։ Հայաստանի մէջ նաեւ շատ տեղեր կը գտնուին Աղուէսագիրք անունով գիրք մը, իսկ ժողովրդոց բերանը լի են առածներ, առակներ եւ հանելուկներ, եւ այն ամէն յայտնի է‚ որ հայոց գիւտ եւ հեղինակութիւն են, վասնզի հայոց կեանքի հանգամանքներով շինուած են եւ Հայաստանի կենդանեաց, բերքերուն, բոյսերուն, եւ սովորութեանց վրայ խօսելով իրենց բան կը կազմեն, ինչպէս որ է իսկական հայ առակագիրն Մխիթար Գօշն։ Հազիւ ուրեք Պարսկաստանի խառնուրդ եւ տիպ կը ցուցնեն, բայց եւ այն բնական է, իբրեւ դրացի ազգի։
       Ժողովրդական առածները բաւական ծանուցեալ են բանասիրաց, գրեթէ մեծաւ մասամբ հաւաքեալ եւ տպագրեալ են ի զանազան հանդէսս եւ պարբերականս։ Նոյնպէս եւ հանելուկներն եւ առակներն, թէպէտ տակաւին շատ բան կը հաւաքուի, եւ ես մաս մը ունիմ, հանդերձ Կաճէտցի ծռերու (պակասամտաց) վրայ շինուած առասպելներով։ Բայց‚ տեսնելով‚ որ բաւական ստուար եղաւ Մանանայս, կը պահեմ այլ պատեհութեան։ Եւ որոցմէ գումար մը ի ձեռին ունէր մեր հայրենակից ուսումնական պ. Մ. Անանեանն, որ այժմ ի Ս. Պ. Բուրգ կը գտնուի եւ կ՚ուզէր հրատարակել՝ հանդերձ իմաստասիրական տեսութեամբ մը։ Յիշեալ պարոնը արդէն ի Գերմանիա լեզուագիտութեամբ պարապած է, եւ ազնիւ հայրենասէր Սանասարեանցի բարերարութեամբ ուսանողներէն մինն է, որոյ յաջողութիւն ի սրտէ կը ցանկամք։
       Հանելուկ աշուղներու մէջ աւելի շատ կայ, եւ այնու մէկզմէկ կը յաղթահարեն‚ եւ յաղթեալն յաղթողին անձնատուր կը լինի՝ իր սազը տալով։ Իսկ մեր գրականութեան մէջ Շնորհալին կը տեսնենք, որ այնքան բարձր եւ վսեմ սրբազան երգեր եւ աղօթքներ յօրինելուն հետ, մանկական հանելուկներ ալ յօրինած է։ Ինձ կը թուի‚ թէ ժողովրդեան բերան եղածներէն առեր, կանոնաւորեր է։
       Հայոց ժողովրդեան մէջ կայ եւ մէկ ճարտարութիւն ալ, ագռաւերէն եւ ճնճղուկերէն լեզուով խօսիլ, բառադարձութեամբ խօսիլ, զորօրինակ՝ փոխանակ հացի, ցահ ըսել, փոխանակ մարդ ի, դրամ, եւ այսպէս ամէն բառ եւ բայ յեղաշրջել։ Մինչեւ անգամ երբեմն ալ գրով այս ոճերը գործածած են։ Եւ ծանուցեալ է այն, որ եղբայրագիր կ՚ըսեն, այսինքն՝ փոխանակ ա -ի՝ բ, փոխանակ բ -ի՝ գ, փոխանակ գ -ի՝ դ, եւ այսպէս յաջորդաբար‚ զորօրինակ՝ ոսկի գրելու տեղ կը գրէ չվհլ‚ դանակ գրելու տեղ կը գրէ եբշբհ եւ այլն։ Կայ եւ կերպ կերպ ծածկագրութիւնք։ Ահաւասիկ անոնց մէկ տեսակը, բոլոր այբ ու բենն չորս բաժին կ՚ընէ, ինչպէս մեր հին քերականները ըրած են՝ ա, ժ, ճ, ռ։ Այս չորս տառերուն իւրաքանչիւրին միջոցը իննական տառ կայ, նախ ուղիղ գիծ մը կը գծէ‚ եւ գրած բառին իւրաքանչիւր տառը ո՛ր սիւնակին որ կը վերաբերի, նոյն գծին տակի դրուած կէտերով կը հասկցուի։ Իսկ գծէն վեր շարուած կէտերն ալ կը ցուցնեն թէ՝ ա կամ ժ, կամ ճ, կամ ռ-էն ետքը քանիերո՞րդ տառն է։ Ահաւասիկ ձեւ մը կը դնեմ հոս.
      
       Այս կերպով կրնայ երեք սիւնակի կամ հինգ, կամ քանի որ ուզէ բաժնել այբ ու բենն‚ եւ սոյն կարգով գրել գրելիքը։ Յիշել պէտք է Անիի ծածկագրութիւնը։ Իսկ երբ ուշադրութիւն դարձնենք Ագուլիսի եւ Զէյթունի հայոց գաւառական տեղական լեզուին վրայ, իրօք հանելուկ մ՚ալ անոնց լեզուն է։ Զորօրինակ՝ գիտնական Մեսրոբ Թաղիադեանցի գրածներէն ագուլեցւոց մէկ կտոր խօսքը դնենք այստեղ։
       «Նահալ ամ, տահալ ամ, ահալ ամ, ակալ չի»‚ այսինքն՝ գնացի, տեսի, ասացի, ոչ եկն։ Կա՞յ հայ մը‚ բացի ագուլիսցիներէն, որ կարող լինի հասկնալ այս հայերէնն։ Այլ սակայն իր մէջը, կանոն մը ունի բայերու լծորդութեան, եւ ց եւ ս փոխանակ հ կը հնչէ, ինչպէս դիտողի մը պարզ կ՚երեւի։ Գրեթէ շատ տարբեր չէ նաեւ զէյթունցիի լեզուն, եւ անոր մէջն ալ կը նշմարուի կանոն մը, որ փոխանակ ա ո կը հնչէ, զորօրինակ՝ հաց ըսելու տեղ հոց կ՚ըսէ, եւ գլխաւորապէս ձայնաւոր գրերու մէջն է անոր փոփոխութիւնն։ Ասոնց քով քիչ մը պարզ կը թուին Վանայ եւ իր շրջակայ գաւառաց լեզուները, ինչպէս խիզանցւոյն, մոկացւոյն եւ այլն։
       Ժողովրդեան մէջ մէկ հնարք եւ կրթութիւն ալ կայ լեզուի դիւրաթեքութեան համար, յատուկ այս նպատակի համար տեսակ մը բառերով խօսք մը կը կազմեն եւ անսխալ արտասանողն պարծանք կը վաստըկի, զորօրինակ. «Քեռի էլ առ էն Քռէլայ լօռ ալիւրէն»։
       «Ուլն էլաւ ուռի ծառ, ուլն իւր ոռով ուռ ոլորեց»։
       «Մեր բաղչան կայ տասն տանծի ծառ, տասն տանծի ծառի ծէրին՝ տասն ծանր տանծ»։
       «Ձեր բաղչան կա՞յ տասն տանծի ծառ, տասն տանծի ծառի ծէրին՝ տասն ծանր տանծ»։
       «Ձուկ ձըգեմ ձուկ ուտեմ, մուկ ձըգեմ, ձուկ ուտեմ» եւ այլն։ Եօթնիցս կրկնելու է ասոնք անսխալ եւ արագ արագ։