Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ
       Կը փափագէի‚ որ գրքուկիս մէջ խօսուած զանազան իրաց եւ նշանագրաց պատկերները, ձեւերը դրուէին, որոցմով ընթերցողն կ՚զբօսնու եւ լաւապէս կ՚ըմբռնէ ի մտի։ Սակայն զանոնք փորագրել եւ տպագրել տալը մեր ձեռնհասութենէն վեր գտանք։ Աստ կը դնենք միայն երաժշտական խազերն եւ անոնց անունները, որ մեր ժամագրքի եւ շարականաց մէջ գործածուած են՝ իբրեւ հնութիւն համարելով եւ իբրեւ հայկական նօթա, ձայնագրութիւն, ցոյց տալով‚ թէ Արեւելեան ազգաց մէջ յայսմ եւս մեր նախնիք առաջին հանդիսացած են եղանակները մարմնաւորել, որով եւ իրենց գեղեցիկ ճաշակ ու մտադրութիւն ունենալը ցոյց տուած են։ Հարկ չկայ քննութեան մտնել երաժշտական գիտութեան‚ մանաւանդ թէ անգէտ եմ այնմ, եւ ոչ քննել կ՚ուզեմ աստ, թէ ո՞ր դարուն գիւտն է եւ ո՞վ հեղինակած է։ Առ այս մենք ալ բանասիրաց հետ կ՚սպասենք Գաղղիացի հայագէտ Պ. Ե. Տիւլօրիէի ձեռնարկած հետազօտութեանց արդեանց, որ անցեալ տարիէ հետէ սկսած է տեղեկութիւններ հաւաքել եւ դիտողութեան առնուլ։ Կրնան մեր ազգային երաժիշտներն ալ նպաստել իրենց կողմէն յիշեալ գիտնականին, որոյ օգուտն ու պարծանք Հայութեան կը վերաբերի։ Ուստի եւ մեծ շնորհակալեաց արժանեօք կը յիշենք Պ. Ե. Տիւլօրիէն՝ յաջողութիւն մաղթելով իրեն եւ յորդորելով‚ որ ազգային ձայնագէտք աջակցին անոր։
       Բաւական գործ մի էր մեր բարեկամ Պ. Եղիա Տնտեսեանին 1874-ին հրատարակած «Նկարագիր Երգոց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ» անուն գիրքը‚ յորում փորձառութեան եւ հնութեանց ու աւանդութեանց դիմելով բազմակողմանի տեսութիւններ գրած եւ հնար եղածին չափ այս նիւթիս վրայ բացատրութիւններ տուած է։ Գործ՝ արժանի ուշադրութեան‚ եւ հեղինակն՝ քաջալերութեան։
       Հայ ձայնագրերուն կամ խազերուն միայն պարզ ու հիմնաւոր համարուածներն կը նշանակենք։
       «խազերը՝ էջ 400 հ. 322 ն. »