Բ.
ԻՒՄԱՆԻՍՏԸ
Աւելորդ
չեմ
նկատեր
սա
օտար
վերադիրը,
քանի
որ
Դուրեան
Սրբազանի
իմացական
գործունէութեան
մէկ
շատ
ընդարձակ
ու
կարեւոր
երեսը
արդարօրէն
պիտակող,
լուսաւորող
բացատրութիւն
մըն
է։
Բայց
աւելորդ՝
զայն
մեկնաբանելու
փորձ
մը։
Մեր
/57/
միջին
ընթերցողին
շատ
ընտանի
այդ
տարազը,
մաշելէ
վերջ
անխնայ
գործածութեամբ
մը,
այսօր
վերստին
հնոց
է
մտած։
Քսաներորդ
դարու
կիսուն,
եթէ
երբեք
կարելի
ըլլայ
փրկել
Արեւմտեան
քաղաքակրթութեան
մեծ
նուաճումները
իրեն
սպառնացող
վտանգներէն,
բառը
պիտի
վերագտնէ
ճշմարիտ
տարողութիւն
մը,
ընդգրկելու
ատակ՚
իմացական
բարձրագոյն
կրթանքները,
հակադրօրէն
մեքենագիտական
ու
զօրութենական
կրթանքներու,
ըլլալով
դրօշակ
մը,
հասկնալի
խորհրդանշան
մը
մարդոց
միջեւ
որոնք
միտքի
գերազանց
լայն,
հոգիի
նոյնքան
ներող
ընդարձակութիւն
մը
ու
մեր
թշուառութիւնները
(սրտի
ու
հոգիի
մանաւանդ)
ամոքելու
հետամուտ
քաղաքական
ու
ընկերային
բարենորոգումներու
խոր
պահանջ
մը
պիտի
գիտնան
հաշտեցնել
այժմու
դրամապաշտ,
ստոր,
շահագործող
կարգերուն
դիմաց։
Փոխադրելով
զայն
հայկական
իրականութեան,
կը
մնամ
կրկին
վերապահ։
ԺԸ.
եւ
ԺԹ.
դարերուն
բանաձեւին
տակ
կենդանի
յղացքները,
գլխաւորաբար
մխիթարեան
առաքելութեամբ
մեր
ընտրանիին
սեփականութիւնն
էին
արդէն
ու
էն
տակաւին։
Քիչ
վերը
թելադրուած
կողմերէն
ոմանք
ցանցառ
մարդոց
մօտ
դժուար
չէ
հաստատել։
Ու
մէկ
երկու
եթէ
ոչ
նոր,
բայց
մեր
իրականութեան
համար
այդպէս
անցնող
կողմեր,
Դուրեան
Սրբազանի
անձին
ընդմէջէն,
եղան
տարաղելի։
Արդարեւ,
կեանք
մը
չավելու
եւ
զայն
ըստ
այդ
չափերուն
ապրիլը
ինքնին
չի՞
լիդեցներ
համբաւաւոր
մարդերը
որոնք
նոր
ժամանակներու
մուտքին
կռնակ
դարձուցին
տիրական
կեցուածքներու
ու
սուրին,
սպանդին,
մոլեռանդ
տգիտութեան
թատերավայր
Երոպայէն
հաւատացին
երեւան
բերել
նոր
քաղաքակիրթութիւն։
Իմաստին,
բանին
այս
նոր
առաքեալները
մեծ
մասով
պարեգօտ
կը
հագնէին
Դուրեան
Սրբազանին
նման։
Ու
անոնց
աշխատանքին
եղանակը
շատ
ալ
չի
տարբեր
իր
անկէ
որով
յատկանշուած
է
կիսադարեան
վաստակը
Երուսաղէմի
Պատրիարքին։
Ու
նախասիրութիւններ։
Ու
իմացական
կեցուածք։
Բոլորը,
մօտիկ
յատկանիշներ
եւրոպական
յղացքին,
անշուշտ
յապաղուն,
քանի
որ
2-3
դարեր
մեզ
կը
բաժնեն
արեւմտեան
մեծ
իւմանիստներու
ոլորտէն։
Բայց
ըսի
արդէն,
ԺԹ.
դարու
կէսերէն
իսկ
յղացքը
ընդարձակած
է
ինքզինքը,
ընդունիլ
կարենալու
համար
մտածման
դրութիւններ
ու
զգացութեան
կերպեր
—
ծնունդ
մեր
ժամանակներու,
առաւելապէս
գիտութեան
յաւակնութեանց
ու
յանդգնութեան
—
որոնք
նորոգեցին
մեր
մէջ
ամէն
բան։
Ու
ատոնց
կարգին
գրելու
դասական
կեցուածքը։
Պոսիւէ
որ
չէր
տառապեր
պատմութիւն
գրելու
ատեն,
անհուն
այն
/58/
տագնապներով,
տարակոյս–խղճահարութիւններով,
որոնք
Ռընանի
մը
գործը
ըրին
այնքան
եղերական
վկայութիւն
մը։
Նորութիւն
մը
չեմ
յայտներ
երբ
ըսեմ
թէ
Ֆրանսայի
երկու
մտածողներն
ալ
իւմանիստներ
են։
Մխիթարեան
իւմանիզմը
կը
պատկանի
պատմութեան։
Մեր
մէջ
Դուրեանի
անունին
հետ
ի՞նչ
է
աւելցած
յղացքէն
ներս։
Աւելի
պարզ
ըլլալու
համար,
կը
շրջեմ
հարցումը
ու
կը
գրեմ
—
Ի՞նչ
գլխաւոր
խնդիրներ
[1]
կը
դրուին
Դուրեան
Սրբազանի
գործին
առջեւ։
*
*
*
Այս
հարցերէն
ամենէն
շահեկանն
է
ապահովարար
Հայ
բանասիրութիւնը՝
ասոր
սպասը,
մեթոտները,
ոգին,
հորիզոնը։
Պատմական,
լեզուաբանական,
մատենագրական,
քննադատական,
ազգագրական,
բնագրային
հետազօտութեան
շուրջ
այդ
մարդէն
վատնուած
վաստակին
[2]
կշիռը,
իրացուած
արդիւնքին
տարողութիւնը։
Իրողութիւն
է
որ
Դուրեան
Պատրիարքի
ամբողջական
գործերուն
վեցերորդ
հատորը
որ
ութածալ
ու
մանրատառ
575
է
ջնոց
գիրք
մի
ըն
է,
իրեն
ենթատիտղոս
ունի
«ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՔ
ԵՒ
ՔԸՆՆԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆՔ»
անունը,
ու
բացառիկ
ալ
ճակատագիր։
Զայն
կը
կարդան
մատենադարան
կազմելու
հետամուտ
գրասէրներ,
այդ
կարող
է
նիւթերու
համար
գաղջ
հետաքրքրութեամբ
մը
տոգորուած,
ինչպէս
անոնց
մէջ
կորացած
մասնագէտներ։
Երկու
պարագային
գիրքը
չի
տառապիր։
Առաջինները
լայն
չեն
անարգեր։
Վերջինները
անկէ
օգտուելով
հանդերձ
կերպը
կը
գտնեն
վերէն
նայուածքին,
մանրագին
արժէքը
տասանորդող
հոգեբանութեամբ
մը։
Բայց
ահա
աւելին։
Զայն
կը
կարդան,
այս
անգամ
խանդավառ
հաճոյքով,
իւմանիստ
խորքէ
մարդեր
ալ,
երբեմն,
որոնք
իմաստի
ամէն
հեղումնե/59/րու
համար
բաց
միտքեր
են,
կը
պատկանին
միտքէ
չանցած
ասպարէզներու
(բժիշկ,
հասառու,
իրաւաբան,
եկեղեցական,
պետական
պաշտօնատար)
ու
երբեմն
ալ…
գրագէտ
են։
Այս
վերջինները
ճշմարիտ
բարեկամները
կ՚ըլլան
ոգիին։
Նոյն
այդ
ամբողջական
գործին
առաջին
հատորը
կը
կոչուի
«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ
ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ»։
Չեմ
կարծեր
թե
կարիք
կենալ
բացատրելու
հատորին
հրապոյրը
ընթերցողներու
լայն
խաւի
մը
վրայ,
այն
աւագ
բարիքին
համար,
որ
քննադատական
զբաղումն
է
միջին
ուղեղներու։
Ուրիշ
հատոր
մը,
նոյն
շարքէն,
«ՀԱՅՈՑ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ»,
իր
կարգին
խանդավառիչ
նիւթ
մի
ուր
ընթերցողը
կ՚ենթադրէ
հանդիպիլ
ամենէն
հզօր
զգացումներու
բարիքին։
Ուրիշ
մը՝
կը
կոչուի
«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ԿՐՕՆԻՑ»
որուն
մէջ
լայն
տեղ
ունի
հայոց
հեթանոսական
աստուածծնութիւնը
(théogonie):
Կը
յիշեմ
զուտ
դպրոցական
ձեռնարկներու
շարքէն
«ԱՅԲ
ՈՒ
ԲԵՆՔԸ»
որ
ճշմարիտ
զննողութեան
վկայութիւն
մըն
է
լեզուական
յեղաշրջումի
տեսութիւնը
լայնօրէն
լուսաւորող։
Արժէքով
գործերու
սա
ցանկէն
դուրսը
մնացա՞ծը։
—
ՍՐԲԱԶԱՆ
ՔՆԱՐ
որ
կը
հաւաքէ
Դուրեան
Սրբազանի
չափաբերեալ
վաստակը,
ինքնագիր
եւ
թարգմանածոյ,
նախնեաց
թէ
արդի
բարբառով։
Իմա՞ստը,
սա
ուսումին։
—
Ան՝
որ
Դուրեան
Սրբազանի
գործը,
գէթ
իբր
քանակ
(կ՚աւելցնեմ
նաեւ՝
որակ)
կը
պատկանի
իւմանիստ
կալուածին։
Ու
հետեւանք՝
—
Ի՞նչ
է
տարողութիւնը
այդ
ճիգին։
/60/
—
Ի՞նչ
կը
մնայ
անկէ։
—
Կրնա՞նք
գրականութեան
պատմութեան
մը
մէջ
տեղ
տալ
այդ
վաստակին։
Պատրաստ
եմ
անմիջապէս
աւելցնել
հոս
թէ
իւմանիստական
ամ
էն
կարգի
հարցեր,
յաջողութիւններ
ուղղակի
չեն
կրնար
չափա
գրգռել
գրականութիւնը
(եւ
հետեւաբար՝
իր
պատմութիւնը,
որ
մասնակի
տիսիփլին
[3]
մըն
է,
իր
աշխարհովը,
մեթոտովը,
ձգտումներով,
տարբեր
անկէ։
Սակայն
մեր
գրականութեան
արդի
վիճակը,
իր
արժէքներուն
փոքր
թիւը,
յետոյ,
իւմանիստ
երանգին
տակ
ստեղծագործ
աւելին
հոծ
ստուգութիւնը
պատճառներ
կը
կազմէն
որպէսզի
ներեմ
ինձ
ի
լայն
տեղում
մը,
զբաղելու
համար
յղացքին
հետ
տրուող
մէկ
քանի
մեծ
հարցերով։
Դուրեան
Սրբազան
բաւականէն
աւելի
տուած
է
ինծի
ապահովութիւն՝
գրողի
մեծ
իր
տուրքերէն։
Իր
հմտութիւնը
զուտ
գրական
հարցերու
շուրջ
ուշագրաւ
էր,
միջինէն
շատ
վեր
չափով
մը։
Իր
ընթերցումները
ժամանակակից
մեծ
գրականութիւններէ
(վէպ,
թատրոն,
բանաստեղծութիւն)
իրենց
զանազանութեամբը,
լրջութեամբը,
արմատական
ա/61/րիութեամբը
(Ճէյմս
Ճոյս,
Մարսել
Պրուստ,
իրեն
համար
հաճոյքի
աղբիւրներ
էին)
կը
պաշտպանեն
իմ
այս
զիջումը։
Դուրեան
Սրբազան,
նոյնիսկ
բանասիրական
կալուածին
վրայ,
հո՛ն
ուր
Ակինեան
մը
չէ,
յաւակնոտ
բայց
անխելք,
մխրճուելու
համար
խնդրական,
առեղծուածային
եղելութիւններու
յաւակնոտ
ու
անխելք
բացատրումին։
Բռնի
ստեղծուած
կնճիռներու
քմահաճ
ու
միշտ
անխելք
լուծում
ին։
Ինչ
որ
տեսած
է
այդ
անցեալէն,
ատիկա
լայն
զննութեան
մը
զգոյշ
բովքէն
անցող
բայց
ալ
անվերածելի
մատուցում
մըն
է,
կշիռ
է,
վճիռ
մը։
Այդ
իսկ
պատճառով,
իր
գրա–քննադատական
տեսութիւններուն,
սկզբունքներուն
հանդէպ
արդար
վերապատութիւն
մը
պէտք
չէ
տարածուի
իր
բառաքննական,
ստուգաբանական,
հին
բնագիրները
ուղղելու
իր
փորձերուն
ալ
վրայ,
որոնք
աւելի
գոհացում
կու
տան
միտքին
քան
աս
ու
ան
եղջերուաքաղային
ենթադրանքները,
որոնցմէ
շքեղօրէն
անիմաստ
նմոյշ
մըն
է
Եղիշէի
շուրջ
ստեղծուած
վէճը
Հ.
Ն.
Ակինեանի
կողմէ։
*
*
*
Կը
կենամ,
իւմանիստ
Դուրեանի
ստորոգելիներէն,
ամենէն
առաջ,
բանասէրին
դիմաց։
ԺԹ.
դարուն,
հայոց
հին
պատմութեան,
կրօնքին,
լեզուին,
մատենագրական
վաստակին,
բնագիրներու
ուսումնասիրութեան,
/62/
մեկնաբանական
փորձերու,
գրողներու
վերյօրինման
մասին
ի
գործ
դրուած
լայն
աշխատանքը
ու
ձեռք
բերուած
արդիւնքները,
ըսի
անգամ
մը,
չպատկանելով
հանդերձ
մեր
նոր
գրականութեան
պատմութեան,
երեւոյթներ
են
որ
չեն
կրնար
անտարբեր
թողուլ
իմաստով
հետաքրքիր
միտքերը։
Այս
ուղղութեամբ,
դժուար
չէ
հաստատումներ
ալ
կատարել։
Ունինք
այս
կրթանքներուն
նուիրուած
երկու
գլխաւոր
դպրոցներ
-
ա)
Արեւմտեան
(Մխիթարեանները,
մասնաւորաբար
Վիեննան,
եւ
եւրոպական
բանասէրները,
գլխաւորաբար՝
գերմանականը)
եւ
բ)
Արեւելեան
(Թիֆլիս
եւ
Ռուսիա)։
Տարակոյսէ
վեր
է
արժէքը
այս
զոյգ
գործունէութեանց,
ու
պատուաբեր՝
անոնց
բերած
նիւթին
մթերքը
ի
նպաստ
հայագիտական
ուսումներու։
Ամբողջ
ԺԹ.
դարուն
այդ
դպրոցները,
հիանալի
յարատեւութեամբ
մը,
անհամար
խոչերու
ընդմէջէն
շարունակած
են
իրենց
սրբազան
առաքելութիւնները։
Եթէ
երբեք
հարիւր
տարի
վերջը
ԲԱԶՄԱՎԷՊի
հրատարակման
թուականէն,
այսօր
մենք
չունինք
լիակատար
հասկացողութիւնը,
մտատեսական
ստուգութիւնը
մեր
ժողովուրդին,
իբր
օրկանիզմ
ու
անոր
յեղաշրջման
իբրեւ
պատմութիւն,
պատճառը
թերեւս
նիւթին
խրթնութիւնը,
աղբիւրներուն
անբաւարարութիւնը
ու
ջան.
քլն
անհատական
հանգամանքները
կու
տան։
Եւ
սակայն
այսօրուան
դպրոցականը
քիչ
մը
աւելի
հաստատ
ու
իրաւ
բան
մը
գիտէ
այդ
հարցերուն
լուրջ
քան
ամենէն
ծիրանեփառ
քերթողը,
Ալիշան։
Երկու
դպրոցներն
ալ,
ուրեմն,
կատարած
են
մարդկօրէն
կարելին։
Նոյն
ատեն
ուշագրաւ
է
դարձեալ
որ
այս
ընդհանուր
ճիգին՝
Պոլիսը
—
որ
ամբողջ
արեւմտահայութիւնը
կը
ներկայացնէ
—
ըլլայ
մասնակցած
զանցառելի
չափով
մը։
(Չեմ
քններ
պատճառները)։
Քիչ
շատ
խորհող
միտք
մը
պիտի
գոհանայ
Պոլսոյ
դերը
տեսնելով
իր
ուժերուն
չափին
մէջը,
յատկացուած
աւելի
կենսական
կարիքներու
սպասին։
Դուրեան
Սրբազան,
այդ
Պոլիսէն,
միակ
անունն
է
որուն
գործը
անարժան
չէ
հասարակաց
արդյունքներուն։
Պէտք
կա՞,
արդեօք
ենթարկելու,
քիչ
մը
կանխահաս
արագութեամբ,
այդ
դպրոցներուն
գործը,
եթէ
ոչ
հաշուեյարդարի,
գէթ
հաշուեկշիռի,
երեւան
բերելու
համար
ասլակով,
ընդմիշտ
շահուած
մթերք
մը
դէպքերու,
որոնց
շուրջ
ըլլալ
լռած
տարակոյսը
եւ
տիրած՝
ստուգութիւնը։
Չեմ
կարծեր։
Դիտել
կու
տամ
որ
արեւմտեան
դպրոցը,
պատկառելի
է
պատրաստ
գիտուններու
իր
շարքին
հակառակ
(ուր
կը
մտնեն
արեւմտեան
մեծ
ազգերի
ականաւոր
ալ
անձնաւորութիւններ)
չէ
յաջողած
հրապարակ
նետել
գաղափարներ,
/63/
որոնք
ի
զօրու
ըլլային
փոխակերպել
կարգ
մը
պատրանքներ,
ոսկոր,
շէնք,
առնուազն
ուրուագիծ
ճարէին
ամորֆ
վիճակներու,
մէջտեղ
դնէին
մեր
միտքին
շրջափոխման
մեծ
դարձուածքները.
մեր
մտածումի
պատմութիւնը,
հոգ
չէ
թէ
ամփոփ,
բայց
ընդունելի
նկարագիրներով՝
կարճ՝
ըլլային
սպառած
քանի
մը
տարրական
անստուգութիւններ։
Դեռ
գրողներու
ծննդեան
թուականներէն
անդին
չէ
համարձակած
անցնիլ
մեր
մատենագրական
քննադատութիւնը.
վկայ՝
Խորենացիին
դժբախտութիւնը։
Ոչ
մէկ
հին
մատենագիր
վերլուծուած
է,
բառին
տալով
գիտական
տարողութիւն
մը,
ու
վերածուած
[4]
իր
բաղադրիչներուն։
Ըսի
վերը,
հարիւր
տարին
քիչ
բան
է,
երբ
նկատի
առնուին
նիւթերուն
նորութիւնը,
մթագնութիւնը,
զանոնք
նուաճելու
համար
տրամադրելի
ուժերուն,
միջոցներուն
անբաւարարութիւնը,
որքան
անկազմակերպ
նկարագիրը
(պետական
գանձէն
չի
պաշտպանուիր
հայագիտութիւնը)։
Բայց
ուրիշ
չէ
եղած
ճակատագիրը
ուրիշ
ազգերու
մօտ
ալ,
այդ
կարդի
նիւթերու
վրայ
աշխատողներուն։
Գիտենք
թէ
ինչ
խեղճ
պայմանների
մեկնեցան,
կանխող
դարու
առաջին
կիսուն,
այն
մարդերը
որոնց
ձեռքով
պատմութիւնը
(ասոր
մեթոտները,
ուսումը)
եղաւ
այն
ինչ
որ
է
այսօր,
այսինքն
ամենէն
ազատ,
ընդարձակ,
խոր
ու
մարդկային
կրթանքը,
հերիք
է
որ
խելք
մը,
ջղային
դրութիւն
մը,
տեսնելու,
հաւաքելու
եւ
դատելու
արարքները
պահէ
իրենց
համեմատական
փոխյարաբերութեանց
միջինին
վրայ։
ԺԹ.
դարէն
առաջ
ալ
կը
գործածուէին
հնութիւն,
արեւելք,
միջին
եւ
նոր
ժամանակներ
բացատրութիւնները,
քանի
մը
հազար
տարիները
պիտակող
մարդկային
ընդհանուր
ապրումին։
Բայց,
ամենէն
խելացիին
մօտն
իսկ
այդ
պատմողներուն
(առէք
Վոլթերը)
այդ
տարազները
կը
տառապէին
հեքիաթին
մշուշովը,
կամ
դասաւորուած
էին
դասական
կրոնական
կարիքներու
ի
սպաս,
ու
իբր
այդ
կը
մատուցուէին
տղոց
յիշողութեան,
ըլալով՝
ամէն
բանէ
առաջ,
գոց
սորվելու
յարմար
կտորներ։
Ամէն
տղայ,
որ
պատերազմէն
առաջ
հասած
է
դատելու
տարիքին,
իր
դպրոցական
/64/
ուսումներին
միայն
պահած
է
Սրբազան
Պատմութիւնը
ու
ասիկա
անշուշտ
բան
մը
կը
նշանակէ։
Անցնող
դարուն
ֆրանսացիները
նորոգած
են
պատմութիւնը
[5]
։
Ու
նորոգած`
քանի
մը
տիրական
գաղափարներու
լոյսին
ընդմէջէն։
Չեմ
կրնար
լայննալ,
արձանագրելու
համար
այդ
իսկապէս
կենագործող
մեթոտին
քանի
մը
գիծերը։
Անմիջապէս
կաելցնեմ,
որ
մեզի
համար
այդ
նորոգումքը
չունեցաւ
ակնկալելի
մեծ
բարիքները,
վասնզի
անոր
գործաւորները
մտածողներ,
տեսանողներ,
կենագործողներ
ըլլալէ
հեռու,
էին
չոր,
մեթոտիկ,
պարկեշտ
հաւաքողները
դարձեալ։
Աւելի
հմուտ,
աւելի
բաղդատող,
աւելի
պրպտող,
աւելի
բնագրի
ճանաչող
expert,
բայց
քիչ
կամ
բնաւ
թափանցող,
կեանք
ներշնչողներ։
Այս
է
պատճառը,
որ
Հայոց
հնաբանութիւնը
(մերձաւորը
անշուշտ։
Սնպադրային
յաւելումները
այդ
գիտութեան
վրայ
հարցը
աւելի
հեռացուցած
ըլլալ
կը
թուին)
կը
մնայ
հոն
ուր
ձգած
են
զայն
վենետիկեան
հայրերը
ԺԹ.
դարու
վերջերուն։
Անծանօթ
չենք
անշուշտ
պատմութեան
այն
մեծ
հոլովոյթներուն,
որոնք
մեր
ժողովուրդին
դարերը
եղան։
Բայց
հիմնովին
կ՚անզիտանանք
այդ
ժողովուրդը
այդ
դարերուն։
Պատմիչներ,
քրոնիկներ,
որոշ
չափով
արուեստի
գործեր
(նկար,
ձայն,
գիծ,
քար,
քանդակ)
մեծ
չահեկանութեամբ
աւերակներ
ոստաններէ,
տաճարներէ,
ու
տեղագրական
առաւել
կամ
նուազ
խելքով
գործադրուած
սեւեռումներ
բոլորը
մէկ,
նոյնիսկ
արդի
լաւագոյն
աշխատողներու
ուսումնասիրութիւններովը
լուսաւորուած
դեռ
չեն
զօրեր
փարատելու
[6]
մշուշը
մեր
մտքէն։
Ու
ասիկա
տխուր
է
/65/
անով
իսկ,
որ
այդ
սպասին
անձնուէր
պիոներները
տակաւին
չեն
կասկածիր
իսկ
ուղղութեան
թերիէն
[7]
։
Դուրեան
Սրբազան,
ըսի,
միջին
մըն
է
այդ
մարզին
վրայ։
Ու
անոր
բանասիրական
վաստակը,
լայն
հմտութեամբ
մը
պաշտպանուած,
հասած
է
մնայունի
մօտ
արդիւնքներու,
նախանձը
չարժելու
աստիճան
որեւէ
համալսարանական
մխիթարեանի։
Այդ
իսկ
տարո/66/ղութեամբ
անիկա
բեռ
մը
չէ
Հայոց
գրականութեան,
ոչ
ալ
իր
յիշատակին։
Զայն
կը
կազմեն
զուտ
բանասիրական
եռանդով
aride
մասնագիտօրէն
գործադրուած
անջատ
աշխատասիրութիւններ,
բ/67//67/նագիրներու
քննութիւն,
ու
սրբագրում
[8],
վերակազմում
[9],
ուսումնասիրութիւններ
[10],
քննադատական
տեղեկագիրներ
[11]
մատենախօսական
ճշմարիտ
կտորներ
որոնց
մէջ
բանասէրը
կ՚երկրոր/68/դուի
գրագէտով
մը։
Հաճոյք
մըն
է
ինծի
խոստովանիլը
որ
արեւմտահայ
գրախօսականին
զրաբանութիւնը
եւ
արեւելահայերու
շատախօս
կրկնապատմումը
մնան
օտար,
խոտելի
այդ
էջերուն
վրայ։
Նոյն
ատեն
մենք
զգանք
լրջութիւնը
ոգիին,
անկեղծութիւնը
համոզման.
բացարձակ
անկողմնակալութիւնը
տեսակէտին,
որոնք
դատելու
արարքին
կը
դարձնեն
իր
երբեմնի
(կ՚ակնարկեմ
ԺԹ.
դարու
երկրորդ
կէսին)
ծանրախոէ
կերպարանքը։
Դուրեան
Սրբազանի
որեւէ
կտորէն,
ըսի
անգամ
մը,
չի
պակսիր
մտածումը։
Բայց
մատենախօսականներու
մէջ
այդ
մտածումը
ինքնին
առանձին
բարիք
մըն
է։
Երբեմն
դատողի
մը
անձնասիրութիւնը
կը
թաղէ
դատուածը։
Կորո՞ւստ
մը։
—
Թերեւս։
Բայց
ահա
յատկանշականը։
Պիտի
զգուշանանք
կարդալէ
գիրքեր
որոնց
մասին
գէշ
վկայութիւններ
կը
պտտուին։
Դուրեան
Սրբազանի
քննադատութիւնը
առարկայէն
վեր
է
ու
ատով
ինքզինքը
կը
հարկադրէ
յիշել
Ս.
Պարթեւեանի
պարագան)։
Գաղափարի
դէմ
սա
զիջումը
շնորհն
է
Դուրեանի
քննադատութեան։
Օրինակ
մը
լաւ
պիտի
գար
բացատրելու
սա
երանգը։
Հ.
Ղեւոնդ
Ալիշանի
«ՀԻՆ
ՀԱՒԱՏՔ
ՀԱՅՈՑ»
գրքոյկին
վրայ,
պատառիկի
մը
մէջ
(Զ.
հատոր,
ամբողջ:
Երկեր,
էջ
569)
Դուրեան
քնքուշ
դառնութեամբ
մը
կը
կշռէ
պատկառելի
վենետիկեանին
նեղմտութիւնը
երբ
Ալիշան,
մոռցած
թէ
գիտութիւն
կ՚ընէ,
կը
գանգատի
հեթանոսական
կրօնէն,
ասոր
ուրանալով
բարոյական
տարողութիւն
մը,
ու
վրան
թափելով
հազար
տարիներու
գործածութեամբ
մաշած
argument–ները՝
որոնք
ծառայած
էին
Բ.
-Գ.
դարերու
քրիստոնեայ
ջատագովներուն։
Նոյն
նպատակով։
Ալիշան
կը
պժգայ
Հայոց
հեթանոսական
կրօնէն,
մոռնալով
անմոռանալին.
—
Իր
պարտքը
որ
պարզումն
էր
այդ
կրօնքին
զանազան
երեսներուն
եւ
ոչ
թէ
իր
քրիստոնէի
զգացումներուն
արժեւորումը։
Դուրեանին
(այն
օրերուն
վարդապետ)
դառնութիւնը
ներքին
իմաստութիւն
մըն
է,
լայն,
բարի,
քանի
որ
կ՚առաջնորդէ
մարդկային
սկզբունքի
մը։
Ամէն
կրօն
ունի
իր
բարոյականը,
որ
կը
համապատասխանէ
քաղաքակրթութեան
որոշ
աստիճանի
մը,
միտքի
կազմի
ու
ընկերային
կարգուսարքի։
Այո,
ինքնին
պարզ,
հանրամատչելի
մտածումը՝
երեսնամենի
եկեղեցականի
մը
գրչին
տակ,
ուղղուած
80
տարիներու
ու
նոյնքան
մը
մեծատարած
հատորներու
վաստակովը
փառաւորուած
ազգային
համբաւի
մը,
Ալիշանին
աւելի
քան
պարզ
վկայութիւնը։
Դուրեան
վարդապետ,
առանց
Վիեննա
կամ
Պոլիս
թարթափած
ըլլալու,
խեղճուկ
մը
գիւղի
մը
ժամէն
ներս,
նոյնքան
խեղճուկ
պայմաններու
հանդէսով
մը
գտած
էր
կերպը
իր
միտքը
լայն
բանալու
/69/
ԺԹ.
դարու
աղատ
քննադատութեան,
մանաւանդ
այն
իմաստուն
շարժումէն
որ
նորոգած
է
սրբագրական
ուսումներուն
արժէքը,
զեղչած
հեքիաթին
ու
անբանութեան
բաժինը
Սուրբ
Մատեանին
շուրջը
կուտակուած
կիրքերուն
ու
միացումներուն,
աստուածայինին
քով
չէ
վախցած
տեսնել
է
մարդկայինը։
Այս
լայնամտութիւնը
ահա
նկարաdիր
մըն
է,
որ
քիչ
թե
շատ
իմաստասէր
հոգին
կը
մատնէ :
Այս
լայնամտութիւնը
բարիք
մըն
է,
նոյն
ատեն
երբ
կը
պահէ
իր
կորագիծերը
ամփոփ,
առանց
զառածելու
դէպի
սոփեստութիւնը,
քանդում
էին
եռանդը
ու
գիտական
կեցուածքին
այլապէս
ծիծաղելի
նանրամտութիւնը։
Տարածեցէք
սա
տրամադրութիւնը
կրօնականէն,
աստուածաբանականէն
անդին
հարցերու
վրայ։
Պիտի
տեսնէք
որ
բան
մը
փոխուի
պիտի
այդ
հարցերու
էութեան
իսկ
ծոցը
(զի
շատ
անգամ
հարցերը,
իրենք
զիրենք
ըլլալու
չափովը
եւ
աւելիովը
անձնականութեան
գրութիւններ,
կարծրացումներ,
թնճուկներ
են,
որոնք
եղան
ասիկա,
զիրենք
օգտագործող
մարդոց
կիրքերուն
հեղումովը։
Ամէն
հերձուած
գաղափարի
բզկտում
մը
ըլլալէ
առաջ
ջղային
դրութեան
մը
գրգռութիւն
է,
աս
ու
ան
ազդակներու
երեսին)։
Այս
լայնամտութեամբ
է
որ
Դուրեանի
տեղեկագիրները
(Իզմիրեանց
գրական
յանձնաժողովին
ներկայացող
հատորներու
մասին),
կը
զատուին
սովորական,
կոկիկ,
ուղղափառ,
յաճախ
անկնիք
խօսքերու
շաղապատում
ու
նոյնքան
հետեւակ
մտածումներու
հանգոյց
մը
ըլլալու
ընթացիկ
բախտէն,
ու
կը
դառնան
շլացուցիչ
կառոյց
մը
իրարմէ
աւելի
խոր,
նոր
գաղափարները
որոնք
կը
մարմնական
զուսպ,
հիմնականէն
երբեք
չբաժնուող
բայց
նոյն
ատեն
անձին
ալ
ջերմութեամ
բը
թրթռուն
ոճով
մը,
միսմինակը
բարձր
տարիք՝
մարզի
մը
վրայ,
ուր
ձանձրոյթը,
յոգնութիւնը,
օտարութիւնը
դարանակալ
կը
սպասեն
ամէն
ոչ
ուղղափառ,
այսինքն
փարախէն
դուրս
ընթերցողի։
Անասելի
հաճոյք
մըն
է
գեղջուկ
դպրոցի
մը
դասատուն
կարդալ
այնքան
մեծատարած
հմտութեամբ
գործադրուած
խորացումներ.
—
աս
ալ
անշուշտ
բարիքը՝
իր
անհուն
ընթերցումներուն։
Անասելի
հաճոյք
մը
դարձեալ,
այդ
գաղափարներուն,
մեթոտին
օգտագործումը
մեր
պատմութեան,
լեզուին,
կրօնքին,
գրականու
թեան,
կարճ՝
մեր
մշակոյթին
մարզերուն
վրայ,
այնքան
որ
անոնք
առաջին
անգամ
մեր
մէջ
բանաձեւի
ընկած,
ճաշակ
մը,
երջանիկ
սկիզբ
մը
պիտի
կրնային
նկատուիլ
արգաւանդ,
վերանորոգիչ
շարժումներու.
-
թերեւս՝
մեզի
յուսահատօրէն
պակսած
մեր
մշակոյթին
արդար
ու
իրաւ
համապատկերը
ստեղծող
—
վերածուած
էր
ճարտարապետման
տիրական
օրէնքներուն,
պարզուած
օ/70/տարոտի
խաւերէ,
գտած
կնիքը
մեր
ժողովուրդին,
ինքն
իր
մէջ,
այնպէս
դրուած
«ընդմէջ
երկրի
եւ
երկնի»,
բայց
մեզապատկան,
հաւանաբար
մեր
չափովը,
այսինքն
քիչիկ
մը
պզտիկ,
բայց
չդադրող
մեր
սիրտը
խռովելէ
(յիշեցէք
մեր
երգին՝
Կոմիտաս
Վարդապետի
կողմէ
մաքրուած՝
առթած
անհուն
հայութիւնը,
որուն
հանդէպ
պատրաստ
եղան
սլատկառ
մնալ
մեծ
երգերը
արեւմուտքին),
եթէ
երբեք
քաղաքական
աղէտքներ
իրարմէ
սրավազ
ու
անպարագիծ
չընէին
տակնուվրայ
մեր
հոգին,
մեր
հողերը,
ալելու
աստիճան
մեր
անցեալը
երկրէն
ու
սրտերէն։
Այսօր
Սփիւռքի
տնանկներում
բախտը
կ՚ուզէ
որ
շարժումը
ըլլայ
վրիպած
[12]
։
Մշակներուն
պակասը՝
անդարմանելի։
Հիներուն
զառածումը՝
ուղիղ,
կենսագործող
մեթոտին։
Նորերուն
այլուրութիւնը
այդ
ամենէն։
Ու
մեր
ամենուն
անընկալուչ
/71/
հոգեկան
տրամադրութիւնը
որ
կը
մերժէ
յարդարել
ինքզինք
ամէն
բանի
դէմ
որ
թիւ
չէ,
վայելք
չէ,
ձեւ
չէ։
Կը
մնայ
խօսիլ
սուր,
առոյգ,
շահեկանութիւն
ստեղծող
թափանցումէն
(ինք
պիտի
ախորժէր
որակել
ներհայեցական
թափանցումէն)
որ
մատենագրական,
բնագրական,
թուագրական
ու
լեզուաբանական
մանր
խնդիրը
ներսէն
կը
լուսաւորէ,
կը
զատորոշէ
ու
կընէ
յստակ,
քիչ
խնդրական:
Դուրեանի
մօտ
այս
կարողութիւնը
թերեւս
մէկ
զանակն
է
իր
ընդհանուր
խառնուածքին։
Խոշոր
բառ
մը,
բանաստեղծական,
չեմ
կարծեր
որ
անատակ
ըլլայ
պատկերելու
սա
մտավիճակը
որ
ստեղծագործ
երեւակայութիւն
տարազին
տակ
ծանօթ
է
գիտութիւններուն
եւ
որուն
համեմատ
փոքր
էրիտակ
մը
բաւ
է
թելադրելու
ամբողջ
շէնք
մը
այդ
մարդոց
միտքին
մէջ
(յիշեցէք
Քիւվիէն
եւ
իր
տեսութիւնը)։
Դուրեան
վարդապետին
համար
յաճախ
այդ
կարգէ
հրիտակ
մը,
բառ
կամ
աւանդութիւն,
երջանիկ
պողոտայ
մըն
է
անհուն
մթարքն
ի
վար
տեւողութեան։
Անիկա
պիտի
քակէ
այդ
խեփորին
բոլոր
խաւերը
ու
պիտի
տեսնէ
ինչ
որ
շիջած
բայց
չէր
մեռած
պատեանէն
ներսը։
Անկախաբար
խոր
հաճոյքէն
որ
ամէն
անակնկալ
լոյս
կը
պատճառէ
մեզի,
այդ
թափանցումը
նոյն
ատեն
տիրական՝
չըսելու
համար
իմաստասիրական
սեւեռում
մը
կ՚ըլլայ,
մեթոտ
մը
որ
կ՚առաջնորդէ
գիւտերու,
վերականգնումներու,
տարօրինակ
բայց
թելադրական,
լայնօրէն
փոխարինող՝
աշխատանքը։
Բնագրական
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՔ
ԵՒ
ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆՔ
տիտղոսուած
էջերը,
Զ.
հատորին
մէջ
այնքան
բացառիկ,
այս
ուղղութեամբ
կը
կազմեն
զարմանախառն
մերձեցումներու,
ճշդումներու,
անցումներու
հրաշախաղ
մը,
որ
այդ
ապաշնորհ,
ապերախտ
նիւթերը
վէպի
մը
չափ
քաղցր,
շահեկան
ու
իմաստառիթ
կ՚ընծայէ
ու
մեզ
կը
կապէ
անոնց
հաւանական
ալ
բարիքին,
վասնզի
կը
խանդավառէ
դէպի
անոնց
ուսումը
մարդեր։
Բոլոր
այս
կարգ
հաւաքումներուն,
ձեռնումներուն,
դասաւորումներուն
inhérant
անպատեհութիւնը
Դուրեան
Սրբազան
կը
հակակշռէ
իրապէս
իմաստասիրական
(առէն
զեղչելով
դասական
կրթանքը
եւ
տալով
անոր
իմաստին
բարեխառնութիւնը)
կեցուածքով
մը
որ
մեր
բանասիրական
դպրոցին
մէջ
կը
ներկայացնէ
եւրոպական
մեծ
աւանդութիւնը,
հմտութենէն,
հաւաքումէն,
Վերածննդեան
իւմանիզմէն
անդին
նոր
իւմանիզմ
ին։
Ո՞ւր
է
սակայն
բանալին
որ
բանար
սա
գաղտնիքը։
«Հարցո՛ւմը
տարօրինակ»,
պիտի
բացագանչեն
վիեննացիները։
Լուրջ
է
սակայն
անիկա։
Գրագէտի՞
տուրքեր։
Որքան
անկնիք
դրուին
կարգ
մը
բաներ
—
տեղեկագիրներ,
օրինակի
համար
—
այնքան
աւելի
կը
/72/
համարուին
կատարեալ։
Հմտութեան
քանա՞կ։
Միջին
զարգացման
վիեննացի
մխիթարեան
մը
իր
նախասիրած
ճիւղին
մէջ
աւելի
գիտէ
քան
միւսները։
Այն
ատե՞ն։
Պարտաւոր
եմ
կանգ
առնել
անոր
միտքի
տեսակարար
կշիռին
առջեւ։
Երեսնամ
ենի,
Դուրեան
վարդապետ
գրած
է
ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
վերնագրին
տակ
ուսումնասիրութիւն
մը,
առաջին
անգամ
լոյս
տեսած
1893Ի
ՄԱUԻUին
մէջ։
Ու
այդ
կարճ
էջերուն
մէջ
անիկա
յաջողած
է
կաղապարել
արդի
բանասիրութեան
ամենէն
հզօր
մէկ
քանի
ձգտումները,
բարերար
վարկածները
որոնց
հեղինակը
ինքը
չէ
անշուշտ։
Բայց
իր՝
արժանիքը,
փառքը
զանոնք
փորձարկելու
մեր
իրականութեան
վրայ,
վասնզի
իր
իրագործումը
արդիւնք
էր
իր
միտքի
ձեւին,
նորին
հետամուտ,
քննարկու
եւ
յանդուգն։
Այս
է
պատճառը
որ
անիկա
(որ
մեր
բանաստեղծութեան
պիտի
ծառայէր…
Նար–Պէյին
հետեւելով
ըլլայ
գտած
սեփական
ճամբայ
այնպիսի
ատեն
մը
երբ
Վիեննայի
Մխիթարեանները
«ՀԱՆԴԷՍ
ԱՄՍՕՐԵԱՅ»ի
հիմնումով
հզօր
տիրապետութիւն
մը
կը
հաստատէ
ին
մեր
հրապարակին
վրայ,
պարտադրելով
իրենց
ըմբռնողութիւնը,
ճաշակը,
աշխատանքի
դրութիւնը,
ճիշդ
ինչպէս
կէս
դար
առաջ
ըրեր
էին
Վենետիկցիները,
այս
անգամ
պատմութեան
եւ
բանասիրութեան
կալուածներուն
մէջ։
Այդ
ճամբան
յստակ
է
այդ
յօդուածին
մէջ
որ
կերպով
մը
կը
համառօտագրէ
ԺԹ.
դարուն
երկրորդ
կէսը
յատկանշող
քննադատական
(մանաւանդ
բանասիրական
մարզի)
բոլոր
ամուր
կողմերը։
Այսօր
մեծ
դպրոցներ
—
գերմանական,
անգլիական,
ֆրանսական,
ռուսական
—
հաշուեյարդարի
կ՚ենթարթարկեն
ծերացած
իւմանիզմը
ու
կը
ձեռնարկեն
նորին
որ
պիտի
սահմանաւորուի
բաղդատական
ընդհանուր
կրթանքի
մը
զգուշաւոր
ցուցմունքներով
ու
պիտի
վտարէ
իրմէ
ամէնի
յառաջագունէ
մտադրութիւն։
Մարդը,
նիւթը
այս
նոր
իւմանիզմին։
Անշուշտ։
Բայց
ոչ
այն,
զոր
ԺԵ.
եւ
ԺԶ.
դարերը
լաստակերտեցին
երկու
ներհակ
մտայնութիւններ
(դասական
եւ
արեւելեան)
իրարու
հաշտեցնելու
դժուար
ձեռնարկին
մէջ
վատնելով
անհուն
կորով
ու
ժամանակ։
Այլ
մեր
օրերու
մարդը,
որ
անշուշտ
կապ
ունի
դեռ
իր
մէջ
քսան
դարեր
առաջ
ապրող
էակէն,
բայց
որ
ինքն
է
նախ,
ափրիկեան
խորշերու
պաշտպանութեանը
մէջ
անաղարտ
պահելով
կէս-անասունի
իր
հոգին,
Միջին
Ասիոյ
տափաստաններուն
վրայ
պտտցնելով
թերեւս
հոգիի
ծուէններ
նախապատմական
հորդաներէն։
Ափրիկէի,
Ասիոյ,
Աւստրալիոյ
շահարկումը
օրակարգի
վերածեց
այդ
խուլ
անկիւններուն
անմատչելի
թափառաշրջիկները։
Ու
աւելի
պարկեշտ
մտածողութիւն
մը
ջանաց
իրարու
հաշտ
ընել
քաղաքակիրթ
որակուածն
/73/
ու
վայրին։
Այսպէս
ընդարձակուած,
այս
դրութիւնը
ապրող
էակէն
պիտի
անցնէր
ապրելէ
դադրած
բաներուն
ալ
կեանքին,
իմաստին,
փաստերուն
վերլուծումին։
Ու
պիտի
առնէր
իր
զննումի
պարունակին
մէջ
բոլոր
աւանդները
հին,
ծեր,
թաղուած
քաղաքակրթութեանց,
պիտի
կամ
ըջէր
պատմութեան
մեծ
խրամատները
ու
պիտի
յաւակն
էր
վերստին
յօրինել
մեծ
յղացքը
մեծ
ու
մէկ
մարդուն,
բայց
ի
յետսագունէ։
Երիտասարդ
Հայ
վարդապետը
կը
զգայ
մեծվայելուչ
գեղեցկութիւնը
ձեռնարկին։
Ու
իր
յօրինածին
մէջ
յաջողակ
բանաձեւերով
կը
դնէ
փառքը,
ծանր
արժանաւորութիւնը
այս
նոր
կրթանքին,
որուն
տարողութիւնը
մէկ
հարուածով
կ՚ազատագրէ
անփառունակ,
ստերջ,
դիակ
հմտութենէն,
ամուլ,
աննպատակ,
սնոտի
հետաքրքրութենէն,
որով
զինաւոր
մարդիկ
յիշատակարան
կ՚օրինակեն,
բայց
ոչինչ
կը
սորվին
անոր
տակ
թաղնուած
իմաստէն,
ու
կու
տայ
անոր
իբր
սատման
ու
դեր
գործօն,
լայն,
կենդանի
թափանցումը,
բաղդատական
կրթանքին
տարիքը,
անով
ընելու
համար
գիւտը
հայ
հոգիին,
իր
արտայայտմանց
բազմատեսակ
արդիւնքներուն
ընդմէջէն։
Ու
թող
ներուի
ինծի
քանի
մը
ցուցմունքներով
բանալ
տարազին
շքեղ
տարողութիւնը։
Ըստ
այդ
տեսութեան
հին
մատեան
մը
միշտ
արժէք
մըն
է,
հերիք
է
որ
գիտնանք
կերպը
այդ
արժէքը
կորզելու
անկէ։
Ամենէն
աննշան
նշան
մը,
անոր
մէկ
էջին,
օր
մը
ապած
իմաստի
մը
պատրանքն
է
թերեւս։
Ինչ
սխրագին,
երկիւղած
սարսուռով
մեր
օրերու
հնաբանութիւնը
կը
հետեւի
քարայրներու
պատերուն
կոշտ
գիծերուն,
որոնք
ինկած
են
նախապատմական
արուեստագէտին
մատուըներէն
եւ
կը
պատմ
են
անկէ,
ինչ
որ
դիրքերը
չեն
սորված։
Այդ
ճամբուք
է
որ
բիւր
մը
դարեր
առաջուան
քաղաքակրթութիւններ
յարութիւն
են
առած։
Ու
մեր
թանգարանները
կեանքի
վկայութեան
հանդէսի
մը
վերածող
սա
շարժումը
մասն
է
այդ
քննադատական
ոգիին։
Ամենէն
ընդհանուր
գործածութեան
առարկայ
ձեռագիրն
իսկ
նիւթ
կու
տայ
մեր
պատմութեան,
առնուազն
լուսանցային
ճշդումներով,
յաւելումներով։
Ու
ամենէն
շատ
իր
այնքան
տարօրինակ,
այնքան
թելադրական
յիշատակարաններով։
Ըստ
այդ
տեսութեան,
բառերը
բառարանի
բնակիչներ
ըլլալէ
առաջ,
իրաւ
արարածներ
են,
որոնց
ուշադիր
զննողութիւնը
մեզ
կարող
է
առաջնորդել
մեղմ
է
այսօր
մոռցուած
բայց
ատենին
մեզ
պատկանող
եղանակներու՝
զգացումի,
մտածումի,
երազի։
Միշտ
ըստ
տեսութեան,
արձանագրութիւններ,
փշրանքներ,
աւերակներ
աւելի
քան
պերճ
վկաներ
են,
պատրաստ
լեզու
առնելու,
հերիք
է
որ
իյնան
շունչին
տակը
կախարդներուն,
որոնք
միայն
օձերը
չեն
հմայեր,
այլ
/74/
դարերը
գիտեն
խօսեցնել։
Այդ
յօրինուածին
մէջ,
պատի՛ւ
այդ
երիտասարդ
վարդապետին,
կը
խարանուի
սխալը,
որով
մեր
մէջ
իրարու
դէմ
դիրք
կը
բռնեն
գրագիտութիւնը
(այն
ժամանակ
կը
գործածուէր
այսօրուան
գրականութեան
տեղ)
եւ
բանասիրութիւնը,
զիրար
արհամարտող,
հալածող։
Տարածեցէք
սա
կարճ
նկատողութիւնը
իր
կարելի
լայնքին։
Այն
ատեն
Վենետիկի
հաստ,
անկնիք,
մթերք
միայն
ըլլալ
ձգտող
հաւաքումները
պիտի
վարձատրուին,
բայց
ըստ
էութեան,
այսինքն
իրենց
հում—նիւթի
ոչ
նուազ
մեծ
արժանիքով,
բայց
պիտի
դադրին
իբրեւ
հարազատ
գիտութիւն,
արդար
աշխատանք
իրենք
զիրենք
պարտադրելէ
երբ
ատաղձը
ատաղձ
է
միայն,
ամ
էն
տեղ
ու
իբր
այդ
միայն
կարեւոր։
Այն
ատեն,
Վիեննացիներուն
նեղմիտ,
յաւակնոտ,
այլամերժ
մասնականացումը
պիտի
վիրաւորուի
աւելի
լայն,
աւելի
պարկեշտ,
աւելի
ընկալուչ
համայնացումով
մը
ու
ամէն
արուեստի
մէջ
էական
նկատուող
խելքը,
intuition-ը
պիտի
չհալածէ,
քանի
որ
հում
նիւթը
այդ
գինով
միայն
կը
բարձրանայ
արժէքի։
Դարերով
հողի
երեսին
պառկող
ժայռը
ունէր
անշուշտ
տարրերը
կախարդական
այն
ուժ
ին,
զոր
կ՚արտայայտէ
անիկա
Պարթենոնի
վրայ։
Բայց
մերժեցէք
իրեն
խելքը,
որ
իրմէ
հանեց
այդ
հրաշալիքը
ու
դուք
քարի
հաստամեստ
մը
պիտի
ունենայիք
մինչեւ
այսօր,
նման
այն
բիւրաւորներուն,
որոնց
կը
հանդիպի
ձեր
նայուածքը,
ամէն
օր,
Աստուծոյ
վայրի
աշխարհին
մէջ…։
Այն
ատեն
տափակ
պրպտումը,
յիշողութեան
միայն
հաւատացող
հաւաքումը
պիտի
տառապէին
իրենց
թշուառ
յոխորտանքին
մէջ,
ու,
թիւերու,
թուականներու,
ձեւերու,
լեզուներու,
բառերու
ու
ասոնց
կերպարանքները
պիտի
դադրէին
գերագահ
հռչակելէ,
աշխատանքի
միակ
արժանի
մրցանք,
ու
պիտի
ընդունէին
այս
ամէնը
իբր
միջոց
մէկ
կրթանքի,
մէկ
նպատակի,
այդ
ամենուն
տակը
ծուարած,
մրոտած,
անճանաչելի
ըլլալու
աստիճան
աղաւաղուած
ու
պարզ
աչքերու
անմատչելի
խորհուրդին,
հոգիին
գիւտին,
ու
ասոր
արտաբերման։
Դուրեան
վարդապետ
այդ
պղտիկ
էջերուն
մէջ
ըսած
է
այս
ամէնը։
Կատարեալ
իմաստասիրական
կեցուածք
մը,
ըմ
բռնողութիւն
մը
ի
յայտ
կու
գայ
այդ
էջերէն,
անշուշտ
արեւմտեան
մտածողութենէն
անդրադարձ,
բայց
քաղցր՝
անով
որ
խեղճուկ
գեղի
մը
մէջ,
ամէն
պատեհութիւններէ
լքուած
ու
միայն
իր
իմացական
կորովի
դրամագլուխը
ունեցող
վարդապետէ
մը
բանաձեւուած
է
առաջին
անգամ։
Ոչ
Վենետիկը,
ոչ
Վիեննան,
ոչ
1848ի
Փարիզին
նուէրը
եղող
ռոմանթիք
Պոլիսը,
այդ
օրերուն
(1890),
չէին
իսկ
այցուած
այդ
խուլ,
խորունկ
ճշմարտութեանց
ստուերէն։
Պարտիզակի
մէջ
իր
դասերը
/75/
սովորական
տղոց
մակարդակին
պահելու
համար
իսկ
տառապող
այս
ուսուցիչը,
ո՞ր
հրաշքին
միջամտութեամ
բը,
պիտի
աշակերտի
այնքան
բարձր,
հեռահաս
ճառագայթում
մը
թելադրող
վարդապետութեան
մը։
Հարցուցէք
ու
լրջութեամբ
գորովի
եկէ
ք
ձեր
ներսէն
այն
ամէն
խոնարհ
բայց
օր
մը
գմբէթ
նետելու
ընդունակ
ուժերուն,
որոնք
կը
քնան
ձեր
ամենուն
ալ
մէջը։
Որոնք
երբ
պաշտպանուին
կամք
ըսուած
ուրիշ
յուռութքէ
մը,
պիտի
բարդաւաճին։
Դուրեանին
գիծը
ինքն
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Վիպող
մը,
բանաստեղծ
մը
անկարելի
երեւոյթներ
չեն
այդ
կողմերուն
համար։
Մեր
գրականութիւնը
հարուստ
է
այդ
կարգի
օրինակներով։
Բայց
եւրոպական
լայնքով
իմաստասէր-բանասէ՞ր
մը։
…Դուրեան
վարդապետ
ըսած
է
այդ
յօդուածին
մէջ
հիմնականը
բանասիրական
կրթանքին
շուրջը։
Ու
ըսած
վճռական
արիութեամբ
մը,
տիրող
դպրոցին
ընդդէմ
նուրբ
humeur-ով
մը,
որ
իր
անձնաւորութեան
ամենէն
յանկուցիչ
մէկ
մասը
տուաւ։
Յետոյ,
միշտ
այդ
յօդուածին
մէջ,
անիկա
թելադրեց
բանասիրութեան
կապուած
ուրիշ
ալ
կրթանքներուն
ընդարձակութիւնը,
զանազանութիւնը։
Ամէն
մէկ
բառի,
նախադասութեան
ետին՝
բանակ
մը
դէպք,
դիտողութիւն,
փայլակնաձեւ
ապրում,
մըտածում
ու
մերձեցումներ։
Այս
հանգանակին
հեղինակը
սակայն
մահացու
մեղքը
ունէր
մինակ,
երիտասարդ
[13]
ըլլալու։
Ու
մնաց
առանձին։
Դուրեան
վարդապետ,
ապա
եպիսկոպոս,
հուսկ
ուրեմն
պատրիարք,
պիտի
չդաէր
սակայն
իր
առաջին
երիտասարդութեան
սա
կրակոտ
պատգամներուն։
Կարդացէք
իր
վերջին՝
պատրիարքու/76/թեան
շրջանին
ստորապրած
իր
պատառիկները
«ՍԻՈՆ»
հանդէսին
մէջ։
Բառերու
վրայ
իր
գործողութիւնները
իմաստներու
հանգոյցներու
վերածող
մարդն
է
միշտ։
Եզնիկի
բնագրին
վրայ
իր
թելադրած
սրտադրութիւնները
(պարագան
կ՚
ընդղրկէ
բոլոր
նման
աշխատանքները)
ոչ
միայն
ողջմտութեան,
բանականութեան
փաստը
ունին
իրենց
հետ,
այլ
որեւէ
գրուած
բան
յընդհանուրն,
յիմաստն
հասկնալու
մասնայատուկ
զգայարանքի
մը
շատ
ապահով
վարկը։
Ընթերցումը
[14]
անոր
մէջ
հաւաքումի
մարզանք
մը
չէր։
Այլ՝
այն
զգայարանքը
մշտապէս
սնուցանող,
զօրացնող
պարտք
մը,
քաջութեամբ,
հեշտագին
համակերպութեամբ
մը
ընդունուած,
զոհողութեան
ալ
լայն
հարկադրանքներով։
Գնած
է
բոլոր
իր
գրքերը։
Իր
մատենադարանին
ահարկու
ընդարձակութիւնը
գլխու
պտոյտ
կու
տար
այցելուին։
Այս
վիճակը
վախի
կը
վերածուէր,
երբ
մօտէն
տեղեակ
ըլլայինք
թէ
ինչպէս
հաստափոր,
հսկայ
այդ
հատորներէն
հարիւրաւորներ
մարսուած
էին,
ինչպէս
կը
թելադրեն
լուսանցային
հարցականները,
գրեթէ
ամ
էն
էջի,
զարմացականները
երբեմն
ռմբակոծման
մը
չափ
առատ,
առաքումները,
իրարմէ
հեռու
գրականութիւն/77/ներու
տարրերուն
ու
նիւթերուն։
Հեշտանք
մըն
է
իր
գրքերուն
մէջ
սա
պտոյտը։
Քանի
մը
գոյնով
մատիտներ
են,
որ
կը
կատարեն
կապ
խարդ
առաջնորդութիւն
մը։
Այդ
անկիւնէն
դիտուած,
ընթերցումը
կը
դառնայ
ոչ
թէ
կրաւոր,
եսամոլ,
ծոյլ
զբաղանք,
այլ
յարձակողական
արի
կեցուածք
մը։
Որեւէ
գիրք
իրեն
համար
անհրաժեշտութիւն
մըն
է,
թշնամի
կամ
բարեկամ,
բայց
միշտ
մարդ
մը,
դրութիւն
մը,
փաստ
մը,
որուն
դէմ
անիկա
կը
ներկայանար
հաւասար
զէնքերով։
Ըսի,
զանոնք
կը
կարդար
ոչ
տափակ
հեշտանքովը
ուրիշներու
աշխատանքը
վայելողի,
իմաստներու
հացկատակին,
այլ
արու
ոգիովը՝
անոնց
դէմ
պայքարին։
Լուսանցքներու
վրայ
իր
դիտողութեանց,
նկատողութիւններուն
օգտագործումը
նորութիւն
պիտի
կրնար
բերել
իր
իմացականութիւնը
ուսումնասիրողին։
Այսպիսով
է
որ
կարդալը
կը
վերածուի
ներգործական
զբաղման,
վասնզի
այն
քիչերէն
էր
որոնք
կը
զգան,
գիտեն,
գրուածէն
անդինը,
կ՚այցուին
անորակելի
այն
սարսուռէն
որ
փայլակի
մը
լոյսին
նման
կը
պատմ
է
իմաստին
ու
միտքին
յաճախ
մռայլ
հորիզոնները
եւ
մեր
առջեւի
խեղճուկ
էջը
անհունական
արագութեամբ
մը
կը
կապէ
նորանոր
բաղադրումներով
(combinaison)
հազարով
տարի
առաջուան
ու
իրարու
կը
նետէ
հիմնովին
հակադիր
վիճակներ,
զանոնք
վերածելու
համար
մէկ
ու
նոյն
բանէն
տարբեր
երեսակները։
Այս
զգայարանքին
գինն
է
ահա
իր
ԱՅԲՈՒԲԵՆԲԸ
որ
բանասիրութիւն
չէ
անշուշտ,
ինչպէս
զայն
սովոր
են
հասկնալ
Վիեննացիները,
երբ
բաղդատուի
այդ
/78/
կարգէ
նիւթերու
շուրջ
հաստափոր
ձեռնարկներու
(traité),
բայց
կը
վկայէ
դատելու,
մերձեցնելու,
համադրելու,
տրուածէն
չտրուածը
գտնելու
իր
կարողութեան։
Կարծեմ
իմաստասէրը
դատող
մըն
է
որ
քիչ
բանով
կը
տարբերի
սա
գործողութեանց
թելադրած
կրթանքէն։
Ահա
թե
ինչու
անիկա
հաւատարիմ
մնաց
իր
ուղեղին:
Իմաստասէր–բանասէր
տարազը
ընդարձակ
յղացք
մըն
է։
Զայն
կազմող
ստորոգելիներէն
կը
ծանրանամ
քանի
մը
հատին
վրայ
միայն,
վախնալով
չափէն
աւելի
ընդարձակել
այս
լուսանցքը,
գրականութեան
պատմութեան
մը
մէջ։
Կը
խօսիմ
հմտութ
եան
վրայ
որ
առանձին
վիճակ
մըն
է
Դուրեան
Սրբազանին
մէջ.
զարմանք,
գրեթէ
վախ
ազդող
dimension–ներով։
Խոր
ու
զանազանակ
է
անիկա։
Ու
դիւրին
չէ
ճչդել
թէ
երկու
կիրքերէն
—
ընթերցում
ու
հմտութիւն
—
ո՞րն
է
որ
վարած
է
այս
կրթանքը։
Ըսի
ձեզի
քիչ
մը
բան
իր
մատենադարանին
տարողութենէն։
Հասկնալի
է
որ
բանասիրական,
եկեղեցա–պատմական,
ազգային–մատենագրական
հարցերու
շուրջ
գիրքերը
ըլլան
կարելի
չափով
ամբողջ։
Բայց
ընդհանուր
պատմութիւն,
գրականութեանց
պատմութիւն,
իմաստասիրութիւն
ու
իր
պատմութիւնը,
ամբողջ
դասական
գործերը
ներկայ
էին
հոն։
Ու
աւելին։
Մեր
մէջ
առաջին
մարդն
էր
որ
Ռոմ
էն
Ռոլան
ու
Մարսել
Փրուստ
ունենար,
իրենց
ամբողջական
գործերով։
Ալ
չեմ
խօսիր
զրական,
քննադատական
օտար
գործերէ։
Այս
ամենուն
մի՞տք
բանին։
Ան
որ
Սրբազանը
կարդացած
է
ինչ
որ
քանի
մը
կրթանք
կը
պարտադրեն
իրենցմով
զբաղողին,
առանձին
առանձին։
Ու
արդիւնքը
անհուն
ընդարձակութեամբ
հմտութիւն
մը
եղաւ։
Գիտէր
ամէն
բան
այդ
կրթանքներուն
շուրջ։
Ու
գիտէր
մէկ
քանի
կրթանքներուն
չափ
մագիստրոսաբար։
Պարտքը
ունիմ
յայտնելու
որ
այդ
հմտութեան
մէկ
նկարագիրն
է
չըլլալ
հմտութիւն
հմտութեան
համար
որակուած
ուրիշ
մեծամտութիւն
մը
որ
յաճախ
կրաւորական
ժամավաճառութիւն
մըն
է։
Հ.
Ղեւոնդ
Ալիշան
անշուշտ
դիտէր
անկէ
աւելին
մանաւանդ
հայրենի
հողէն,
պատմութենէն,
յիշատակներէն
ու
նշխարներէն։
Բայց
գիտէր
գիտցած
ըլլալու
համար
ու
տեսնելու
իր
հորիզոնը
չանցաւ
իր
առաջին
դրուածէն։
Պատուական
պենետիկտէնին
մեզի
ձգած
վաստակը
այդ
մասին
պերճ
որքան
տրտում
վկայութիւն
մըն
է։
Անիկա
կը
վախնար
իսկ
գիրէն,
գրուածէն,
դէպքէն,
աւանդուածէն
անդին
անցնիլ,
թերեւս
քիչիկ
մը
շատ
բարեմտութեամբ,
թերեւս
միտքին
իսկ
նկարագրով։
Ու
իբր
արդիւնք,
ծովածաալ
այդ
հմտութիւնը,
նոյնիսկ
բանասիրական
մարզին
վրայ
չհասաւ
նորոգող
անդրադարձ։
Իբրեւ
հում
նիւթ,
հաւաքուած
/79/
մթերք,
տեղագրութիւն,
պատմում
է
հսկայական
իր
համադրումը
Կիլիկիայէն,
ՍԻՍՈՒԱՆ,
թուղթ
է
այսօր,
այսինքն
անարձագանդ
ամայք
մը
որ
երկներ
էին
օր
մը
հին
յիշատակութիւնները
այդ
ամենուն
շուրջը
ու
մեռած
է,
ընդմիշտ,
վասնզի
ոչինչ
ունէր
իր
աչքին
առջեւ
տրուած
էն
աւելի
ու
այդ
Կիլիկիային
մասին
մենք
այդ
ամէնը
կրնանք
գտնել
իրմէ
առաջ
որեւէ
տեղ
գրուած։
Ընթերցողը
կրնայ
մտածել
աներեւոյթ
բանի
մը
—
նորութեան
պէտքին,
գերազանցապէս
հին,
հնութիւն
նիւթի
մը
շուրջը։
Բայց
նոր
նիւթ
հնարելը
վէպերուն
արտօնելի
ազատութիւն
մըն
է։
Քիչեր
գիտեն
թէ
նիւթը,
այն
որ
իբրեւ
հին
ինկած
է
գետի
պատանքին
տակ,
չէ
այն
զոր
սովորեր
ենք
ճանչնալ։
Թէ
իրարու
վրայ
շարուած
աւերակներուն
տակ
իրարու
հետեւող
բայց
իրարմէ
տարբեր
քաղաքակրթութիւններ
ապրեր
են։
Թէ
ամէն
փշրանք
իր
սեպհական
իրականութիւնը
առեր
ու
պառկեր
է
դարերով։
Թէ
դէպքերը
որոնց
նշխարանքն
են
մեր
արձանագրութիւնները,
տեղի
են
ունեցեր
ոգիով
մը,
տռամաթիք
գործողութեանց
ընդմէջէն,
բոլորովին
տարբեր
մեր
գիտցածէն,
ենթադրածէն։
Ատոր
համար
է
որ
երկու
հազար
տարիէ
ի
վեր
կը
գրուին
յոյներու
եւ
Հռովմայեցիներու
պատմութիւնները
ու
այդ
գիրքերը
իրարու
չեն
նմանիշ,
վասնզի
նիւթը
տեսնելու
կերպը
կը
նորոգուի,
նիւթին
անայլայլ
մնալուն
հակառակ։
Կը
դիմանայ
այն
գործը
որ
նիւթերը
տեսնելու
անփառունակ
արարքը
պաշտպաներ
է
intuition-ին
ալ
բարիքովը։
Դէպի
արուեստի
գործը
ուրիշ
չէ
ճամբան։
Բայց
ահա
հիմնականը։
Ճշմարտութիւնը
բանասիրականին
համար
ճակատազրական
է։
Միշըլէ
պիտի
օգտագործէ
Ալիշանին
չափ
ու
աւելի
հին
նիւթ
(իր
առջեւ
բաց
էին
Ֆրանսայի
բոլոր
կարելիութիւնները),
պիտի
գրէ
ֆրանսացիներու
միջնադարը,
մեկնելով
դիւաններու
նկուղներուն,
պիտի
չինէ
իբրեւ
պատմական
կառոյց
բան
մը
որ
կը
յիշեցնէ
անշուշտ
«Սիսուան»ի,
«Սիսական»ի,
«Այրարատ»ի
ճարտարապետումները,
միակ
տարբերութեամբ
մը
սակայն,
էական
որքան
բախտորոշ։
Ատիկա՝
կեանքն
է,
զայն
տալու,
ղայն
վերակազմելու
ուժը
որ
գրողին,
գրագէտին
չնորհն
է
այս
անգամ։
Կրնաք
Միշըլէի
կառոյցին
մէջ
գտնել
խրամատներ,
թերեւս
սխալ
թուականներ,
անորոշ
շրջաններ։
Բայց
չէք
կրնար
որեւէ
էջի
վրայ
կեանքի
պակաս
մը
հաստատել։
Նոյնն
է
պարագան
Ռընանի։
Ճշմարտութիւնը,
գիտութեան
պայման,
չէ
սպաննած
կեանքի
պայմանը
վերեւ
նշուած
հեղինակներուն
մօտ։
Ալիշանի
խնամքով
ճշդուած
թուականները,
բոլոր
համայնքագիտարաններէն
հաւաքած
տեղեկութիւնները
իր
ուսումնասիրութիւնները
չփրկեցին
գործին
կորանքը,
զի
այդ
ամե/80/նուն
ետին
վարիչ
ուժը
հմտութիւնը
միայն
եղաւ։
Ու
հմտութիւն
մը
միս
մինակը
միշտ
արձագանգ
մըն
է,
օր
մը
պատահած
բանի
մը
վկայութիւն։
Ստեղծագործ
է
հմտութիւնը
երբ
տեսնելու
նոր
կերպի
մը
կ՚առաջնորդէ։
Դուրեան
Սրբազանի
մօտ
հմտութիւնը
յաճախ
իր
ետեւէն
ունի
այդ
բարիքը։
Եզնիկի
(ՍՐԲԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԵՒ
ԴԻՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,
Զ.
Հատոր,
406–416)
վրայ
իր
նշմարները
մեր
մտքին
մէջ
ծնունդ
կու
տան
բազմաթիւ
թելադրութեանց
ու
հակառակ
հին
նիւթ
մը
մեկնելնուն,
մեզի
կը
թուին
առաջին
անգամ
զգացուած։
Հմտութիւնը
նորոգումի
մը
պայմանը
կազմեց
հոս։
Ու
ահա
չահը
այս
մեթոտին։
Եզնիկի
վրայէն
տարածեցէք
սա
տեսնելու
կերպը
ամբողջ
մեր
հին
մատենագրութեան։
Դուք
կը
հասկնաք
թէ
ինչ
մեծվայելուչ
բարիքի
մը
հետ
պիտի
ըլլար
մեր
շփումը։
Ըսի
անգամ
մը,
բոլոր
այդ
թելադրանքները
կրնային
հերքուիլ
(ինչպէս
հերքուեցան
Ռընանի
բանասիրական
տեսութիւնները
բայց
անմած
են
այդ
տեսութեանց
քովն
ի
վեր
այս
կախարդին
վերակազմած
կեանքի
պատկերները,
խտացուցած
ոգեղէն
աշխարհները),
բայց
պիտի
չկորսնցնէ
ին
իրենց
ուժը,
ղի
բարիքը,
հմտութիւնը
կեանքի
կրթանքի
մը
վերածելու,
կ՚անցնի
շատ
անդին
քան
տարողութիւնը
բանասիրութեան։
Դէպի
գրականութի՞ւն,
դէպի
համադրական
նուաճո՞ւմը
հայ
դպրութեանց։
Աւաղ,
Դուրեան
Սրբազան
չէր
հաւատար
հայ
գրականութեան
ներգոյակ
արժէքին
ու
ասիկա
իր
դժբախտութիւնն
էր։
Այդ
մասին
քիչ
անդին։
Սա
նշմարներէն
վերջ,
կարելի՞
է
Դուրեան
Սրբազանի
մեզի
ձգած
բանասիրական
արդիւնքէն
հանել
տիպար
մը
աշխատաւորի,
եւրոպական
տարողութեամբ
(Մ.
Միւլլեր,
Հիւբշման,
Ռընան,
Միշըլէ,
Գառիէռ)։
Չեմ
կարծեր։
Կարելի՞
է,
միշտ
այս
նշմարներէն
մեկնելով,
կենալ
Դուրեան
Սրբազանի
յիշատակին
առջեւ
իմացական
այն
հաղորդութեամբ,
պատկառանքով,
զորս
չենք
սակարկեր
երբ
կը
մտաբերենք
անունները
Այտընեանի,
Տաշեանի,
Խալաթեանի։
Դարձեալ
կը
վարանիմ։
—
Առաջին
շարքի
անուններուն
հետ
մերձեցում
մը
պիտի
նշանակէր
ուրանալ
շատ
մը
անհրաժեշտ,
բախտորոշ
ազդակներ,
կրթութիւն,
մասնագիտական
նուիրման
ձեռնտու
ռազմադիմի
պայմաններ
(որոնք
դժնդակօրէն
պակսեցան
Դուրեան
Սրբազանին),
թերեւս
իմացականութեան
տեսակարար
արժէքն
ալ։
Այս
տողերը
մեզ
պէտք
է
դարձնեն
մեր
իրականութեան
ողբերգականին։
Վերջին
կէս
դարու
ընթացքին
Եւրոպան
ծիծաղելի
ընող
մեր
համալսարանական
կապիկները
մեզի
սխալ
դատումներ
պարտադրեցին,
դատումներ
/81/
հիմնովին
անարդար
ու
մեզ
կոյր
ընող
եւրոպական
կրթանքներուն
խոր
տարողութիւններէն։
Ծիծաղելի
բանակ
մը
իմաստակ
դոկտորներու
(ի
գիտութիւն,
յիմաստասիրութիւն,
ի
դպրութիւն)
պատասխանատու
է
այդ
տրտում
զառածումին։
Ըսի
Մորկանին
պարագան։
Ֆրանսացի
բանասէր
մը
տեսաւ
հայ
լեզուն
եւ
Գերման
լեզուագէտ
մը
գրեց
հայերու
քերականութիւնը։
Դուրեան
Սրբազան
չէր
կռթնած
ոչ
Փարիզի,
ոչ
Լոնտոնի,
ոչ
ալ
Պերլինի
մեծ
մատենադարաններուն։
Ան
հայ
եպիսկոպոս
մըն
էր
ու
իբր
այդ
մէկը
պարտաւոր
էր
մտածել
նաեւ
ապրուստին։
Առանց
անկախ,
անհոգ
կենցաղի
ու
մանաւանդ,
ոստանային
մատենադարանի
բանասիրութիւնը
գաւառացի
վարժապետի
մը
զբաղումը
կ՚ըլլայ
յաճախ։
—
Երկրորդներուն
հետ
մերձեցում
մը
անիրաւ
կը
կարծեմ,
Այտընեանի
մագիստրոսական
վաստակը
միակտուր,
բացարձակ
նուիրման
մը
ծնունդ,
լեզուական
է,
այսինքն
մակածական։
«ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԴԻ
ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐԻՆ»ի
հեղինակը
անխառն
լեզուաբան
մըն
էր,
ուշադիր,
պրպտուն,
օրէնքներու
հետամուտ,
առանց
իմացական
այլ
կարգի
շահագրգռութեանց։
Տեսաւ
պատուական
Մխիթարեանը
հայոց
լեզուն,
մանաւանդ
բարբառային
իր
կեանքը,
անշուշտ
դարերու
մէջէն,
սեւեռեց
երեւոյթներ
ու
հաւատաց
ընդհանուր
լինելութեանը
այդ
լեզուին,
մտքէ
չանցնելով
որ
այդ
լեզուին
տէր
ժողովուրդ
մըն
ալ
կար։
Այսօր
այս
պակասը,
տիրական
վիճակ,
մեզ
չի
նեղեր։
Ֆրանսացի
քերական
մը
ըրաւ
նոյն
բանը
ֆրանսերէնին
համար։
Զգլխիչ
ընթերցում
մըն
է
Պրիւնոյի
հատորներուն
շարքը,
զի
քաղաքակրթութեան
պատմութիւն
մըն
է,
զոր
կը
մատուցանէ,
քանի
որ
լեզուին
փոփոխումները,
շրջափոխութիւնը
մէկ
կարեւոր
երեսը
կը
կազմեն
այդ
լինելութեան։
Բայց
ատկէ
անկախաբար
Այտընեանի
գործը
կը
մնայ
իր
մտադրութեան
իրացումը։
Դուրեան
Սրբազան
մեր
լեզուէն
մասնակի
որեւէ
շրջան
չէ
ընտրած
իրեն
ուսումնասիրութեան
առարկայ։
Կ'ընդունիմ։
Բայց
այդ
ժողովուրդին
հոգին
հասկնալու
աշխատանքին
մէջ
իր
որեւէ
պատառիկը
ահաւոր
շահ
կը
բերէ։
Նոյնն
է
պարագան
Տաշեանի
վաստակին։
Պատկառելի
Մխիթարեանը
համադրական
միտք
մըն
էր
անշուշտ։
Բայց
կնիքին
տակը՝
հմտականին։
Ան
ալ
չէ
այցուած
կեանքի
տագնապէն,
գիրքերուն
ետին
մշտագոյն
այն
ոգիէն
որուն
հասկացողութեանը
կը
ծառայեն
բոլոր
մեր
ջանքերը,
ծառայելու
էին։
Փաստ
է,
որ
երկուքն
ալ
իրենց
իրագործումները
կը
պարտին
իրենց
հետաքրքրութեանց
մասնաւորման։
Անոնք
աշխատանքի
ալ
մասնագէտներ
եղան։
Ու
չունեցան
իրենց
հորիզոնէն
անդին
որեւէ
նայուածք։
Գրականը,
ի/82/մաստասիրականը,
իրենց
բառովը՝
վարկպարազի
կրթանքներ
էին
իրենց
համար.
խառնուածքի
սա
տեսակը
զիրենք
կընէ
վճռական
բանասէրներ,
մեր
մէջ
ընթացիկ
տիպարին
ընտրելագոյն
նմոյշներէն։
Դուրեան
Սրբազան
մէկն
է
մեր
բանաստեղծներէն։
Ահա
թէ
ինչու
անճիշդ
պիտի
ըլլար
գնահատման
նոյն
կշիռով
մօտենալ
իրարմէ
տարբեր
խառնուածքներու
[15],
թէեւ
զբաղանքի
արտաքին
նմանութիւններ
արտօնէ
ին
ատիկա։
*
*
*
Իւմանիստական
զբաղանք
մըն
է
դարձեալ
մատենագրական
սլատմութեան
շուրջ
ամէն
աշխատանք։
Դուրեան
Սրբազան
դեռ
/83/
1884–ին
այցուած
է
այդ
հետաքրքրութենէն
հրատարակելով
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ
ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
գրքոյկը,
որ
յաւելումներով
գտած
է
«ամբողջ.
երկերուն»
առաջին
հատորին
ծաւալը։
Թէ
Հայոց
գրականութեան
լիակատար
պատմութիւն
մը
որեւէ
բանասէր-իմաստասէր—գրագէտ
միտքի
մը
համար
գերազանցապէս
արժանաւոր
փառասիրութիւն
կը
կազմէ,
-
չունիմ
առարկութիւն։
Թէ
երրեակ
սա
հանգամանքները
իր
վրայ
միացնող
քիչ
անձերէն
մէկը
մեր
մէջ
Դուրեան
Սրբազանն
է,
դարձեալ
դուրս
է
կասկած
է։
Թէ
բնագիրներու
ճշգրիտ
թափանցում,
օտար
գրականութեանց
լայն
ծանօթութիւն,
այս
գրականութիւններուն
մէջ
գործող
մեթոտներուն
ընտանի
ըլլալ
ստիպողական
պայմանները
կը
յօրինեն
այդ
կրթանքին,
նորէն
առարկութեան
չեն
հանդիպիր
Դուրեան
Սրբազանի
անունին
առջեւ։
Եւ
սակայն
հակառակ
այս
բոլորին
ՊԱՏՄՈՒՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆը
լիակատար
ձախողանք
մըն
է։
Այս
մասին
ոչ
մէկ
վարանում։
Ուրկէ՞
եւ
ինչո՞ւ։
—
Անոնք
որ
այդ
դասերը
ունին
իրմէ,
կը
պատմեն
անհուն
հմտութենէն,
հարցերը
յարուցանելու,
զարգացնելու,
լուծելու
նոյնքան
շնորհալի
դիւրութենէն,
իր
դատը
պաշտպանող
փաստարկումի
մը
ջերմ
խանդէն,
որով
դասամիջոցը
կ՚ըլլար
կայծկլտուն
պահ
մը
անորակելի
մրցանքի
մը։
Դասէն
յետոյ
ունկնդիրներուն
միտքին
կը
շարունակեն
ծփալ
անուններ,
դէպքեր,
հարցեր,
Սրբազանին
քաղցր
humeur–ին
մէջ
կիսամշուշ,
ժպտագին,
—
քիչիկ
մըն
ալ
feerique:
Բայց
այդքան։
Անոնք
գրագէտի
մը
գիծերը
ունէին,
գործին
վրայ
ստեղծուած
հարցերուն
գումարը,
բայց
ոչ
այդ
անձը,
ոչ
ալ
այդ
գործը։
Ահա
այս
տարօրինակութիւնն
է
որ
կը
բացատրէ
սա
վրիպանքը։
Առաջին
խանդին
մէջ
գիրի
առնուած
այդ
դասերը
Սրբազանը
մօտ
կէս
դարու
վրայ
աւանդած
է
անընդմ
իջարար։
Բայց
միշտ
ալ
խուսափած
այդ
դասերը
երկրորդ
անգամ
մամուլի
յանձնելու
[16]
։
/84/
Աւելորդ
կը
նկատեմ
այդ
հատորը
ներկայացնելու
որեւէ
փորձ,
տրուած
ըլլալով
ամենէն
առաջ
հեղինակին
տրամադրութիւնը
այդ
դասերուն
դէմ։
Իրողութիւն
է
որ
հատորը
կազմող
չորս
հարիւրը
անցնող
էջերը
գրեթե
անխառն
կերպով
մը
կը
պատկանին
բանասիրութեան,
պատմութեան
կալուածներուն,
բայց
չար
բախտով
մը
առանց
այս
կրթանքները
ոգեւորող
մտածումներու
ոլորտի
մը,
որում
է
այնքան
խանդավառ
խօսեցայ
կանխող
էջերուն
մէջ։
Դուրեան
Սր/85/բազան
Հայոց
գրականութեան
հասկացողութեան
նպաստ
մը
չբերելէն
զատ,
զայն
իր
թիւր
ուղղութեան
մէջ
յարատեւելու
մղող
մտայնութեան
մը
քաջալեր
է
կանգնած,
հետեւելով
բանասիրական
չոր
տեսակէտին։
Ու
ասիկա
տարօրինակ։
Հոս,
կը
բաժնուիմ
իրմէ։
Ու
Վենետիկի,
Վիեննայի
դպրոցներէն
հաւասարապէս։
Չունիմ
մեծ,
վճռական
առարկութիւններ
իր
պատճառաբանութեանց
դէմ
Չեմ
ուրանար
ժխտում
է
իր
ազդակներուն
ուժն
ու
կշիռը։
Հայոց
մատենագրութիւնը
տղայամտութիւն
պիտի
ըլլար
բաղդատական
նպատակներով
մերձեցնել
դասական
կամ
ժամանակակից
գրականութեանց,
որոնք
իրենց
թելադրածը
իրագործած
են:
Գրականութեան
մը
ստեղծիչ
ազդակներն
ալ
չեմ
քններ
հոս։
Դուրեան
Սրբազանի
հետ
չեմ
երբ
մեր
քիչը
(կայ
այդ
քիչը,
գրական
յղացքը
շքեղօրէն
կերպադրող,
քանի
մը
սեռերու
մէջ
—
բանաստեղծութիւն,
պատմում
)
կը
նկատէ
արհամարհելի,
ընդունելով
աս
ալ
ոչ-գիտակից,
պատահական
արդիւնք
մը,
գրական
կրթանքին
հիմնովին
օտար
պայմաններու
ծնունդ
Պահ
մը
զիջում
ընելով
վարկածին,
որուն
համեմատ
լիակատար
շարժումներու
արգասիք
գործերու
գոյութիւնը
յոյն
ճիգը
կ՚ընէ
դրական
կրթանք
մը,
չենք
կրնար
հերքել
խորունկ
ալ
անտարբերութիւնը,
որով
կը
կարդանք
նոյնիսկ
գլուխ
գործոցներու
մէջ
հարիւրաւոր
էջեր,
միշտ
ամենէն
դասական
մեծափառ
գրականութեանց
պատկանող։
Իրաւ
է,
շատ
են
էջերը,
որոնք
տակաւին
այսօր
ալ
կը
յուզեն
մեզ,
Իլիականէն
Բայց
որքան
առաւելազանց
այն
միւս
էջերն
ալ,
միշտ
նոյն
գրքէն,
որոնք
մեզ
կը
ձգեն
անտարբեր,
թեեւ
երբեք
չեն
ալ
նեղեր։
Հելլէն
բանաստեղծութենէն
մեզի
եկած
նմոյշները
ուրիշ
կերպ
չեն
տպաւորեր
մեզ։
Կրնայ
ըլլալ
որ
Սամփովի
գործին
գրեթէ
հետախաղաղ
կորուստը
պաշտպանէ
այդ
բանաստեղծուհիին
վարկը
իր
փառքին
վրայ,
երբ
մէկ–երկու
իրմէն
ազատուած
քերթուածներու
վրայ
մեր
հիասթափումը
կը
զգանք
անդարձ
կերպով
վճռական։
Բայց
ուրիշ
չէ
մեր
տպաւորութիւնը
Պինդարոսէն,
որուն
լայնատարած
գործին
մէկ
չորրորդը
ունինք
այսօր,
մեզի
չխօսող
ու
ընդմիշտ
պաղած։
Ու
«Աստուածային»
պտուղն
ալ,
իմաստասիրական
իր
շահեկանութենէն
ալ
դուրս
քիչ
էջերով
մեզ
կը
նուաճէ
[17]
։
Ու
չմոռնալ
հասարակաց
կար/86/ծիքն
ալ,
որուն
համեմատ
բոլոր
ժամանակներու
մեծագոյն
արուեստագէտներէն
մէկն
է
Փետանի
կախարդը։
Ու
Հռովմէական
կեանքին
ներքին
լուսաւորման
անշուշտ
կարեւոր
տեսակէտէն
դուրս,
երբ
ձեռք
կ՚առնենք
փառքերը
լատին
գրականութեան,
Վիրգիլիոսը,
Ովրատիոսը,
Ովետիոսը,
ինչ
չափով
վայելք
կրնանք
առնել,
եթէ
ոչ
այն
չափով,
զոր
ունինք,
օրինակի
մը
համար
Ն.
Շնորհալիի
մէկ–երկու
երգերէն
ու
շարականներուն,
որոնք
այդ
մարդուն
մեծատարած
գործին
մէջ
փոքր
բայց
վերջնական
յաջողութիւններ
են
ու
լայնօրէն
կը
հակակշռեն
քերթող
կաթողիկոսին
տափակապատում
վիպասանութիւնները,
ողբերը,
սպաննող
միօրինակութեամբ
տաղաչափումի
մը
մեղքովը
կրկնապէս
տաժանելի։
Ու
միշտ
այդ
քիչ
չափն
է
որ
հանդուրժելի
կընէ
դէզը
տափակութեանց,
բոլոր
դասական
փառքով
պատմուճանուած
համբաւներէն։
Բայց
դրականութիւնը
ինչո՞ւ
կազմէր
բացառութիւն
ու
նկատուէր
զանցելի,
արհամարհելի։
Հակառակն
էր
որ
պիտի
ըլլար
կարծես
ճիշդ
Ըսի
թէ
մեր
ժողովուրդը
մեծ
անծանօթ
մըն
էր
նոյնիսկ
մեզի
համար։
Զայն
գտնելու
մեր
ճիգը
ամենէն
արդիւնաւոր
գետին
ունի
սա
փշրանքները,
որոնք
որքան
իրաւ
զգայութիւններ
կ՚արթնցնեն
մեզմէ
ներս։
Ամենէն
սպաննող
միջոցներէն
մէկը,
հայ
հոգին
երեւան
բերելու,
հայոց
մատենագրութեան
պատմութիւնն
է։
Կ'ըսեմ
այսպէս
իբրեւ
մէկը
որ
ըրած
է
փորձը
իր
ենթադրումին։
Այդ
ոգին
ես
զգացեր
եմ
շարակնոցէն,
քրոնիկներէն,
անգիր
բանահիւսութենէն,
աւերակներէն,
հին
պատմումներէն,
ձեռագիրներէն,
մանրանկարներէն,
բարբառներէն,
նոյնիսկ
դէմ
քերէ,
երբ
ասոնք
յոյզի
մէջ
կը
մտնեն
ու
կ՚ըսեն
անհուն
պատգամներ
—
բոլոր
այն
ոգեղէն
իրողութիւններէն,
որոնք
երբեմն
խիտ,
շքեղ
կարկառներու
ձեւով,
երբեմն
ալ
ճապաղ,
անկնիք
տր/87/ուածներով
կը
պատմեն
մեզմէ։
Ու
գրականութիւնը
ձեւերու
աւելի
կամ
նուազ
փցուն
հանդիսարան
մը
չէ։
Անիկա
կրկէսն
է,
ուր
ինկան
ծուէնները
մեր
հոգիներուն
Բոլոր
արուեստները
ունին
մասնիկներ
այս
սրբազան
իսկութենէն
Գրականութիւնը
ինչո՞ւ
զրկուի
իր
այս
իրաւունքներէն,
աւելի
բան
ստոյգ
է
որ
անիկա
կը
սնանի
այդ
ներ—
քին
աիչով։
Անշուշտ
գիտակից
գրողներու
գործին
ինչ-ինչ
մասերուն
մէջ
այդ
Հոգին
աւելի
շքեղ
իսկատպութեամբ
մը
ձեւ,
մարմին
կ՚առնէ
Բայց,
տաղաչափութիւն,
գրագիտական
օրենսդրութիւն,
ճաշակ,
հռետորական
traité-ներ
ու
տակաւին
ուրիշ
սնոտի
հոգեր,
երբեմն
իրենք
իրենց
համար
կը
դառնան
նպատակ
ու
կը
խեղդեն
բուն
նպատակը,
որ
այդ
միջոցներով
իրագործելի
գեղեցկութիւնն
էր,
սեւեռելի
հոգիի։
Այսպէսով
է
որ
կը
թերանանք
մեր
պարտքին
դէմ,
որ
հոգիին
սսլասը
ըլլալու
էր
միշտ
Օրինակ
մը
աւելորդ
պիտի
չըլլար։
Ոչ
ոքի
համար
տարակուսելի
մեծութիւն
մըն
է
Հայկ
Դիւցազն
անուանուած
դիւցազներգութիւնը
սանկ
կէս
դար
մը
առաջ
Մարդիկ
պատկառանգին
հիացումով
մը
կ՚ըմբոշխնէին
այդ
հարկ,
սիրտ
քերականական
բազմաթիւ
խաղերով
զարդարուն
տողերը,
դաշնակութեան
սաստկութիւնը,
պատկերներուն
թափն
ու
թաալը,
անուններուն
պատմականօրէն
վաւերագրուած
զանգը,
ու
միտքէ
չէին
անցներ,
թէ
ո՛ր
ժողովուրդին
կը
պատկանին
այդ
ամէնը,
անոր՝
որուն
զաւակներն
էին,
նետուած
չորս
աշխարհներուն
ու
լքուած
իրենց
բոլոր
առաքինութիւններէն,
թէ
ուրիշի
մը,
որ
սերած
ըլլար
աստուածներու
արիւնէն։
Ասիկա
փարթամ
օրինակ
մըն
է
գրական
մեղքին
Անդին
ուրիշ
անուն
մը,
քիչերու
ծանօթ,
ՍԱՍՈՒՆՑԻ
ԴԱՒԻԹ
կամ
ՍԱՍՄԱՆՑ
ՏՈՒՆ։
Բարբառ,
պատմում
է
գործողութիւն,
կառուցում
[18],
կարճ՝
գիրքերու
ճարտարութեան
բոլոր
պահանջները
չեն
յարգուած։
Ինչ
փո՜յթ։
Ժողովրդեան
այդ
թերի
յուզումը,
այդ
/88/
ձեւին
մէջն
իսկ,
անհամեմատ
աւելի
վարժ
է
քան
հայոց
գրական
լեզուին,
գրաբարին
կոթողը
նկատուող
անկարելի
Հայկ
Դիւցազն
մը։
Հայոց
հին
մատենագրութիւնը
պատմութիւնն
ըլլալով
առնուազն
հայ
հոգիի
եղափոխմանց,
չէր
կրնար
անտարբեր
ձգել
որեւէ
միտք,
որ
կեանքի
հարուստ
վկայութիւններ
կը
փնտռէ
ամենահին
ձեռագիրներու
վրայ,
երբ
կը
թափէ
իր
աչքին
լոյսը։
Տող
մը
Եզնիկ
ճիշդ
կարդալու
համար,
հարիւրաւոր
հատորներ
խուզարկելէ
չվարանող
մը,
ինչո՞ւ
չըլլար
խանդավառ
համապատկերովը,
որ
հայոց
գրականութեան
15
դարերը
ունէր
իրեն
նիւթ։
Այդ
ճիգը,
հակառակ
կարգ
մը
մարզերու
վրայ
իր
անբաւարարութեան,
ճիգն
էր
իր
պապերուն
Այդ
վաստակէն
անիկա
կարող
էր
փոքր
հատոր
մը
իրաւ
զգացում
է
արդար
ու
արդիական
մտածում
ալ
ճարել։
Անջատ,
փոքր
հարցերու
շուրջ
իսկ
շահեկան
մնալու
գործիքը
ունէր
անիկա։
Համապատկերներ
իրեն
համար
շքեղ
բարիքներ
պիտի
կազմէին։
Դուրեան
Սրբազան
ժամերով
կը
պաշտպանէ
ր
իր
վարանումները։
Ու
այս
հոգերուն
վիճակը,
վերջ
ի
վերջոյ,
տարիքին
հետ,
զինքը
ըրաւ
ձեռընթաց
այն
գեղեցիկ
փառքէն,
որ
իր
խմորէն
մարդոց
համար
ամենէն
ամուրն
ու
մաքուրը
կը
նկատուի։
Անիկա
խաղաց
քանքարաթագոյց
բառին
վրայ
ու
շարունակեց
իր
ընթերցումները։
Իր
անունին
անարժան
այդ
գիրքը
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ
ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ,
չեմ
ներած
իրեն
երբ
ձեռագիր
էր։
Հիմա՞
…..
Հարցը
այսպէս
դնելէ
վերջ,
չեմ
զեղծանիր,
երբ
արագ
քանի
մը
նշմարանքներով
հոս
տեղ
կու
տամ
այն
նկատողութիւններուն,
որոնք
տարիներով
իմն
են
եղել,
այդ
գրականութեան
շուրջը։
Այդ
գրականութիւնը
-
պէտք
է
միանգամ
ընդմիշտ
յայտարարել
—
մի
բաղդատէք
դասական
կամ
ժամանակակից
այդ
անունով
ծանօթ
կրթանքներուն
Ասիկա
պիտի
ըլլար
անգթութիւն,
որքան
անխելքութիւն։
Այդ
գրականութիւնը
տեսէք
ինքնիր
մէջ,
առանց
ուրիշներու:
Այն
ատեն
անիկա
կը
ներկայանայ
սրտառուչ
հանգոյց
մը,
հանդէս
մը
չահէկան
ճիգերու,
խորացումներու,
առնուազն
մեզի
համար
այն
անկապտելի
ժառանգութիւնը,
ուրկէ
անշուշտ
պիտի
չսնանանք
(ինչպէս
կը
սորտին
թէ
կ՚ընեն,
յիմարաբար,
օտար
մեծ
գրականութեանց
ժառանգորդները,
երբ
տարիներով
Շէյքսփիր
կամ
Բոռնէ
եւ
կը
վերլուծեն,
իբր
թէ
տղոց
հողին
կազմելու
արարքը
որեւէ
կերպով
աղերս
ընծայէր
այդ
մարդոց
միտքին,
զդացումներուն
հետ։
Տղաքը
կը
կազմուին
ուրիշ
բաներով),
բայց
ո՛ւր
պիտի
ապաստանինք,
երբ
պէտքը
զգանք
մենք
մեզի
ըլլալու։
Կու
տանք
քանի
մը
դիտողութիւններ
հպանցիկ
ու
թերի.
/89/
ա)
Հայոց
գրականութեան
մէջ
կարաւան
մը
կայ
իրաւ,
յատկանշական
մարդերու,
շատ
աւելի
յստակ,
պայծառ
դիծերով,
քան
ըլլայ
ասիկա
հաստատելի
ուրիշ
մարզերու
վրայ։
Տրտում,
տգեղ,
յաճախ
ստորին
տիպարներ
են
անոնք,
որ
մեր
արքաները
եղան,
քիչ
բացառութեամբ։
Ամ
բաւարար,
անամ
բողջ,
առնուազն
տարտամ
անձնաւորութիւններ
են
անոնք
որ
եկեղեցական
նուիրապետութեանց
գահակալները
եղան,
քիչիկ
մը
հեքիաթունակ,
բայց
աղօտած՝
իրենց
անձնականութեան
գոյնին
ու
դերերուն
տարողութեանը
մէջ։
Այդ
տժգունութիւնը
սակայն
կը
դադրի
տիրական
ըլլալէ
մեր
գրողներուն
քով։
Ամէն
դարու,
մեր
քրոնիկներուն
տարտամ
խաժամուժին
ու
կործանած
ամբոխներուն
մէջէն
կը
զատուին
սանկ
ութ-տասը
անուններ,
մեծն
ալ,
պզտիկն
ալ,
դասական
վերադիրներու
(քերթող,
եռամեծ
փիլիսոփոս,
երանելի
վարդապետ
եւայլն)
պատմուճանին
մէջ,
իրենց
փառքը
կրելով
անգիտակից
լրջութեամբ
մը։
Մեր
գրողներուն
[19]
անուններն
են
անոնք
առաւելազանց
չափով
մը
Հայաստանեայց
Եկեղեցիին
պատկանող,
քանի
որ
ասոր
uպաuին
մէջ
ու
համար
էոր
այդ
մարդերը
կը
ստեղծեն
իրենց
զրաւոր
գործը
Ասինքն
մարդեր,
որոնք
հոգեւոր
գործիչի
իրենց
դերին
վրայ
հպարտ
են
անշուշտ,
բայց
չեն
արհամարհեր
ուրիշ
ալ
դերեր։
Ու
կը
գրեն
երբ
այդ
դերը
պահանջէ
իրենց
այդ
աշխատանքն
ալ։
Ասով
անոնք
չեն
զատուիր
տիպարին
միջինէն,
բոլորովին
հակապատկեր
մը
ըլլալով
արդի
իրականութեան,
ուր
գրականութիւնը
առանձին
աշխարհ
մըն
է,
գրեթէ
ինքզինքը
պարսպլած
անանցելի
պատնէշներով,
ինքնաբաւ
ու
չոլորտ։
Կրթանքին
նկարագիրը
կրկնուած
կրնայ
ըլլալ
աշխատաւորին
ալ
վրայ։
Կը
հասկցուին
արդի
գրողին
մօտ
արտակեդրոնութիւն,
անսանձութիւն,
անբաւ
յանձնապաստանու/90/թիւն,
եւ
ուրիշ
այլանդակութիւններ։
Ասոնք
աւելի
աղօտ,
աւելի
նուազ,
հիներուն
ալ
մօտը,
որոնք
անսովոր
մարդեր
են,
կրքոտ,
անիրական՝
վասնզի
թաղուած
են
իրենց
գործին
մէջը,
բազմեռանդն,
իրենց
զգայութիւնները,
մտածումները
յորդութեամբ,
զեղումով
տալու
հակամէտ,
զանցումներ
է
ախորժ
առնող,
առանց
ուզելու
ալ,
սանկ
քիչիկ
մը
ինքնատիպ,
առնուազն
խորունկ,
մեծատարած
չափերու
վրայ
գործնական
բնազդներով
պաշտպանուած
ալ։
Երբեմն
երկինքէն
լիովին
«առնուած»,
դրաւուած
մագաղաթ
(մեր
կաթողիկոսները,
եսլիսկոպոսները,
վարդապետները,
նոյնիսկ
սարկաւագները)
Սա
վերադիրները,
այդ
մարդերը
պիտակող,
իմ
մէջ
կը
նմանին
սրբազան
շիրմաքարերու։
Վերցուցէք
քարին
բեկորը
անոնց
վրայէն։
Մեր
գտնելիքը
որդնակեր
կմախք
մը,
հաւանաբար,
բայց
զոր
պիտի
չուշանանք
կենսաւորելու
շուտով
եւ
ընելու,
օրինակի
մը
համար,
Ղազար
Փարպեցի
կոչուած
պարեգօտաւոր,
այսինքն՝
ասոր
վաւերական
անձը
այնքան
թշուառունակ,
իր
ժամանակին
օտար
ու
հալածուած,
մեծերու
պալատներուն
մէջ
ապրելու
ճակատագրուած
տեսակ
մը
գերի,
որ
իր
խոնարհ
ծագումին
տառապանքը
պիտի
հագնի,
սքեմին,
պարեգօտին
նման
ու
նախարարներու
դղեակներուն
մէջ
իր
անազատութեան
ամօթը
մարսելու
յատկացնէ
իր
ուժերը։
Իր
մասին
մեր
գիտցած
քիչը
նա
է
սակայն
մեզի
թելադրելու
մէկը
ամենէն
եղերական
ճակատագիրներէն,
ամէն
դարու
ալ
նմանակ
իրարու։
Իրենց
ժամանակին
համար
կանուխ
մարդերը,
որոնք
պիտի
չհասկցուին
շատ
մը
պատճառներով,
ամենէն
առաջ
թերեւս
իրենց
տաղանդին
մեղքովը,
պիտի
արհամարհուին
ամբոխէն
(որ
ամօթալի
զզուանք
մըն
է,
երբ
կը
կազմուի
միտքի
սպասարկուէն)
թուքովն
ու
հալածանքովը
վռնտուելով
իրենց
ամենէն
սիրած
զբաղումներէն։
Փարպեցիին
գիրքերն
անգամ
պատուհաններէն
դուրս
պիտի
նետուին
Հայոց
Հայրապետարանի
կրթանոցէն,
պիտի
պատռուին
իր
աչքերուն
առջեւ,
ու
այս
ամէնը
հանդուրժելու
դատապարտուած
գրագէտը
իր
պաշտպաններէն
իսկ
պիտի
ուրացուի։
Եւ
սակայն
այս
նահատակը
(միտքի,
Հայոց
մէջ
անօրինակ
բան
մըն
էր
ըրած
իր
երկրին
պատմութեան
մէկ
երկու
դրուագները
զիրի
առնելով,
հին
վարպետներու
վայել
միտքի
վիճակով
մը։
Ահա
այրն։
Չեմ
գիտեր
անարժէ՞ք
է
սա
պատկերը
Դուրեան
Սրբազանին
աչքին,
որ
իր
ազգային
պատմութեան
դասագրքին
մէջ
հարիւրաւոր
մարդեր
անցուցած
է
գրչէն,
ամէնն
ալ
սանկ
ու
նանկ
թշուառութիւններ,
թագաւոր,
իշխան,
նախարար։
…
Ուրիշ
մարդ,
հակառակ
սրբութեան
լուսապսակին,
սուրբ
Մեսրոպը
(որուն
կեանքը
բացառիկ
բախտով
մը
հա/91/սած
է
մեզի
առանձին
ալ
գրքոյկի
մը
մէջ)։
Կորիւնի
հատորիկը
անշուշտ
անբաւարար
է,
թեթեւ
իբր
կեանքի
վկայութիւն,
ծանրաբեռն
վարդապետական
շաղփաղփանք
Դժուար
չէ
զիրքէն
անդին
անցնիլ
ու
տեսնել
այդ
տարօրինակ
տիպարը,
այնպէս
ինչպէս
ապրած
ըլլալու
էր
ան,
իր
օրերու
մեծ
տագնապներուն
մէջ։
Այդպէս
զետեղուած
ձեր
միտքին
առջեւ,
անիկա
թերեւս
պիտի
երեւի
իբրեւ
մէկը
աշխարհի
տարօրինակ
արկածախնդիրներէն,
որոնք
չեն
կրնար
կանգ
առնել
իրենց
զծուած
պարունակին
մէջ,
ու
իրենց
սահմանուած
գործերը
կը
կտրտեն
միշտ
նորեր
սկսելու
տագնապէն
խթանուած։
Մեսրոպ
կեանքին
դիտակից
մուտքը
կ՚ընէ
արքունի
պալատի
դիւաններով
ու
ռազմի
դաշտերուն
վրայ՝
փորձառութիւնը
արեան
խենդութեան։
Իրողութիւն
է
որ
անիկա
առաքեալի
մեծ
տիպար
մըն
է,
ու
իր
միտքին
չափ
կը
վստահի
իր
ոտքերուն,
ճանչնալու
համար
վէտերը
Հայոց
գաւառներուն
ու
ասոնց
սահմաններէն
դուրս՝
օտար
ալ
մշակոյթներուն
ծանր
ինքնատրութիւնը,
ամենէն
շատ
իրենց
հողերուն,
հաստատութեանց
ուղիով,
ոգիով։
Ու
կը
պտտի,
դուք
գիտէք
թէ
ինչեր
ընելու։
Կանցնիմ
արագ
Հեքիաթին
մէջէն
թէեւ
պարզ,
իրաւ,
մարդկային,
որով
իր
անձը
կը
մատուցուի
դարերու
հիացման։
Ս.
Մեսրոպ
միայն
գիրերու
տժգոյն
կաղապարիչ
մը
չէ,
այլ
այն
մարդը,
որուն
միտքին
մէջ
քաղաքական
զօր
պատրանք
մը
կը
տառապի։
Անիկա
«Հանուրց
Հիւսիսականներուն»
համախմբումն
է
անոնց
գլխաւորին,
Հայաստանի
քաղաքական
կեանքին
շուրջ,
մեր
օրերու
մտայնութեամբ
ասիկա
կայսերապաշտ
իմացականութիւնն
է,
զեղչուած
իր
շահապաշտ,
ստրկացնող,
անարդար
ու
անմարդկային
ախորժանքներէն,
ու
ոզիի,
հաւատքի
բարձրագոյն
երազի
մը
վրայ
ամ
բարձիկ
Ս.
Մեսրոպի
«Հիւսիսայնոց»
միութիւնը
դուրս
չէ
անշուշտ
քաղաքական
նկարագրէ,
ինչպէս՝
կրօնական
տարողութիւնը
ընդհանրական
եկեղեցւոյ
մեծվայելուչ
սկզբունքներէն։
Բայց
այս
ամենուն
մէջ
ու
հետ,
մեր
երկրին
երեւան
եկած
լիակատար
համադրութեան
մը
շքեղ
նմոյ:
է
անիկա
Իր
հայրենիքը
տեսնել
իբր
հանգոյց
մը
փոքր
ժողովուրդներում,
երկու
մեծ
ու
հակամարտ
ուժերու
բախման
կէտն
ի
վեր,
ու
ցեղերու
փոշիներով
ստեղծել
ձգտիլ
հոգեկան
միութիւն,
ասիկա
հանճարայինն
է
ապահովագար։
Միամիտ
կենսագիրը
այս
երազը
չէ
հասկցած,
երբ
Մեսրոպը
կ՚ընէ
գտիչը
նաեւ
աղուաններու
նշանագրերու։
Ս.
Մեսրոպ
խոտաճարակ
մըն
է
նոյն
ատեն
խարազանող
ու
հալածիչ։
Ու
քանի
մը
մշակոյթներ
—
պարսկական,
ասորական,
յունական։
Ու
Կովկասեան
տնկարանը
լեռնական
ժողովուրդներու։
Գեղջուկ
փուռէն
մինչեւ
արքունի
դահ92/լիճները։
Ու
ամբողջ
մերձաւոր
արեւելքը։
Էջեր
չեն
բաւեր
այս
համառօտուած
մարդուն
կենդանագիրը
կազմելու,
որ
անշուշտ
աւելի
կ՚արժէ
քան
դեւերով
իդացող
պապը,
որուն
կեանքը
պատմեց
սակայն
Դուրեան
Սրբազան։
Ահա
մարդը,
տեղն
է
ըսելու։
…
Առէք
անոր
ժամանակակից
Սահակը։
Միայն
դժբախտ
իր
կաթողիկոսութիւնը
բաւ
էր
անոր
անձը
բարձրացնելու,
ամենէն
բախտորոշ
դէպքերու
լուսաւորումին։
Անոր
մանկութիւնն
ու
պատանութիւնը
ինծի
տուին
խորունկ,
տրտում
էջեր։
Ու
ասիկա
այսպէս
ամէն
դարերու
համար
եղերապէս
ճիշդ
ու
անխուսափելի։
Մատենագրութեան
պատմութիւն
մը
անշուշտ
գործերով
միայն
կը
սնանի։
Բայց
մարդերը
երբեմն
համազօր
են
գործերում,
երբ
իրագործուին
Մեսրոպը
չգրուած
գիրք
մըն
է,
Սահակը
անաղարտ
քերթուած
մը,
Փարպեցին
կենդանի
ողբերգութիւն։
Մատենագրութեան
արձակ
պատմիչ
մը
շատ
դիւրաւ
պիտի
յաջողէր
շրջանակներ
տեսնել
այս
մարդերը
իրագործելու։
Սխալ
չեմ
ուզեր
հասկցուիլ։
Կենսագրութիւնը
գրականութեան
չի
պատկանիր,
բայց
գրականութեան
գերազանց
նիւթեր
են
մարդերը,
որոնք
ուրիշ
բան
չեն,
եթէ
ոչ
կատարուած,
իրագործուած
գիրեր
(ճակատէ)։
ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄին
մէջ
(Մ.
Օրմանեան)
պատմուած
են
այս
կեանքերը,
բայց
աղօտուած
այս
անձերը։
Դուրեան
Սրբազան
որ
բնագիրներ
սրբագրելու,
ճշդելու
անփառունակ,
չոր,
վանիչ
արարքն
իսկ
գիտէր
կեանքի
հանդէսի
մը
վերածել,
ինչ
սրտառուչ
գեղեցկութեամբ
մարդեր
կարող
էր
ստեղծել
մեր
հին
մատենագրութեան,
այնքան
ընդարձակ,
փորձանաբար,
յուզիչ
ամբոխումներէն
Արցունք
կու
գայ
աչքերում,
երբ
մտովի
կը
կենամ
կարաւանին
անպարազիծ
տրտմութեան,
մեծավայելուչ
յուսահատութեան
դիմաց։
Ընդդէմ
աշխարհ
մը
արգելքի,
ներսէն
ու
դուրսէն,
քալող
այդ
հերոսները
արժանի
են
ոչ
միայն
փառքի
այլ
սիրուելու,
վասնզի
գրած
են
մեր
օրերու
ընթացիկ
բարոյական
արժէքներէն
բոլորովին
օտար
հրամայականներու
մղում
են
ներքեւ։
Բոլորն
ալ
իրենց
անձին
վրայ
չեն
մտածած
երբեք,
ու
դուք
չէք
կրնար
ճիշդ
չափել
նանրամտութիւնը
գրագէտ
ըսուած
անասունին,
մանաւանդ
մեր
օրերուն,
երբ
իրենց
նանիր
անձերուն
կրկէս
միայն
կը
դաւանին
այլապէս
բարձր,
այլապաշտ
կրթանքը,
ինչպէս
դարեր
ու
դարեր
գործադրուեցաւ
անիկա
Բոլորն
ալ
գրած
են
իրենցմէ
դուրս
շատերու
ի
սպաս։
Ու
խտութիւններ
են։
Օ՜,
դիւրութիւնը
մատի
փաթթելու
անոնց
խոշոր,
երբեմն
զարհուրելի
թերացումները։
Չտեսութի՛ւնը
քսաներորդ
դարու
ստատակներուն,
որոնք
երկու
պոռնիկի
պատմութիւն
մը
դարձնելու
հերոսութիւնը,
այնքան
աժան
սակայն
/93/
քանի
որ
այնքան
հարթ
են
հիմա
կիներուն
միսերուն
տանող
ճամբաները,
կը
վերածեն
ամբարհաւաճութեան,
կոտրելու,
թափելու
իրենց
պապերուն
բոլոր
տախտակները։
Մեր
մատենագիրներուն
ամենախեղճ
փշրանքին
[20]
մէջ
իսկ
մեր
լաւագոյն
շնորհներէն
կայծեր
կը
թրթռան,
երբ
մօտենանք
անոնց
ընկալուչ
հոգիով
եւ
ոչ
թե
ուրիշներու
բաղդատումին
մէջ
զանոնք
չախչախելու
անարի,
նենգ
փառասիրութիւններով
Դուրեան
Սրբազան
իրեն
անարժան
զբաղում
մը
չդատեց
դէպքեր,
տխմարութիւններ,
իշխաններ
պատմել
կամ
կենսագրել
(վկայ
իր
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ)։
Բայց
պիտի
մնար
սխալին
մէջը
Մխիթարեան
յղացքին,
մեր
մատենագրութեան
պատմութիւնը
[21]
վերածելով
բանասիրական
/94/
կրթանքի։
Միայն
մարդերը,
առանց
իրենց
գործերուն
շուրջ,
լայն
ու
խոր
Հետաքրքրութեանց
բարիքին,
բաւ
էին
անոր
ներշնչելու
անմահ
մատեան
մը,
ոչ
թե
այն
անփառունակ,
բառարանական
ծանօթոյքը
որ
իր
գիրքին
մէջ
(ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ
ԵՐԿԵՐ,
Ա.
հատոր,
Պատմութիւն
Հայ
Մատենագրութեան)
մարդերը
կը
ձգտի
կերպադրել։
Անդարմանելի
կորուստ
մըն
է
այս
վրիպանքը,
վասնզի
մինչեւ
հիմա
այդ
գետնին
վրայ
քրտինք
թափող
աշխատաւորներէն
Դուրեան
Սրբազան
այն
մէկ
հատիկ
մարդն
էր,
որ
կը
հասկնար
կեանք
ըսուած
այնքան
պարզ
բայց
այնքան
ալ
խուսափուկ
իրողութիւնը,
անխառն
գրագէտներու
միայն
խոնարհով։
Սենթ–Պէօվ,
Աբբա
Պրեմոն
մեծ
դիրքեր
թողուցին
այդ
իսկ
կալուածին
վրայ։
Ու
պէտք
կը
զգամ
աւելցնելու,
որ
ասոնց
տուած
մարդերը
գրողներ
ալ
չէ
ին
ստուար
մեծամասնութեամբ։
Առաջինին
Port
Royal-ը
մենաստանի
մը
մէջ
ապաստանած
խումբ
մը
մարդոց
(գրող,
գիտուն,
կրօնաւոր,
աշխարհիկ
ասպետներ,
կիներ,
կոմսուհիներ
եւայլն)
հոգիներուն
վերլուծումն
է,
բայց
այնպէս
մը
գործադրուած
որ,
այդ
առիթով,
մենք
կ՚ապրինք
ԺԷ.
դարու
բարձր
դասակարգին
ամբողջական
իրականութիւնը,
այդ
մարդերուն
զգացողութիւնները,
երազները,
տագնապները,
մտածումները,
խստամ
բեր
հայեցողութեան,
հոգիի
փրկութեան
երկնասոյզ
լռութեանց
ընդմէջէն։
Մի
առարկէք
որ
Հայաստանի
մէջ
վանքերը
ուրիշ
առաքելութիւն
ունէին։
Կարեւորը
Հաղբատի
վանականներուն
լիակատար
մատուցումը
պիտի
ըլլար,
օրինակի
մը
համար,
այնպէս
մը
իրագործուած,
որ
կը
տեսնայի
այդ
մարդերը
իբրեւ
արիւնիս
ժառանգորդ,
մեր
ցեղին
բոլոր
մեծ
յուզումներով
տրորուած,
այդպէս
խեղճ,
անապահով,
մահուան
համար
ամէն
րոպէ
պատրաստ,
բայց
ամէն
րոպէ
հոգիի
փրկութեան
ողբերգութիւնը
ապրելու
չվախցող։
Աբբա
Պրեմոնին
ԿՐՕՆԱԿԱՆ
ԶԳԱՑՄԱՆ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
(Ֆրանսայի
մէջ)
ութածաալ
բազմահազար
էջերով
յիշատակարան
մըն
է,
որուն
մէջ,
դարձեալ,
այդ
ընկերութիւնը
կը
մատուցուի
մեզի
միակ
զգացման
մը
ակօսէն,
կրօնական
զգացումի
ակօսովը։
Պէտք
չկայ
մեծ
կղեր
ըլլալու
—
ԺԷ.
դարուն
արքունիքը,
մտաւորականութիւնը
դուրս
էր
այդ
զգացման
ճնշումէն
Աբբան
առած
է
իր
տիպարները,
ուր
որ
գտած
է
զանոնք,
ժողովուրդի
ինչպէս
իշխաններու,
գեղջուկներու
ինչպէս
մեծ
զարգացման
տիրացած
եկեղեցականներու
շարքերէն։
Ու
մասնաւորած
իր
վերլուծումը
ասոնց
ամենէն
բացառիկներուն,
—
սուրբերուն
եւ
սրբուհիներուն:
Բայց
մեզի
տրուածը
Յայսմաւուրք
մը
չէ,
այլ
ամբողջ
Ֆրանսան,
քիչիկ
մըն
ալ
ամբողջ
մարդկութեան
քանի
մը
էն
սրտայոյզ
գեղեցկութիւնները,
/95/
ինչպէս
ամենէն
խոնարհ,
ամենէն
անոյշ
պարզութիւններուն
քերթուածը,
երբ
ժողովուրդի
աղջիկներ,
երկինքով
զգեստաւոր,
կը
պտտին
թշուառ
կայաններուն
մէջ
ու
երկինքը
կը
մօտեցնեն
հացին
հոգովը
միայն
տագնապող
զանդուածներուն։
…
Դուրեան
Սրբազան,
նման
ձեռնարկներու
համար
ամենէն
յարմար
է
ընտրեալ,
ցուցեալ
(indique)
գրողն
էր
մեր
մէջ։
Ըսի
պատճառները։
Ու
կ՚աւելցնեմ,
ԺԷ.
դարու
Ֆրանսայի
սուրբերը,
սրբուհիները,
մտածողները,
աւելի
չէին,
գէթ
իբրեւ
հոգիի
խտութիւն,
խորութիւն,
գեղեցկութիւն
քան
մեր
Օձնեցիները,
Սիւնեցիները,
Անձեւացիները,
դիտելու
համար
քանի
մը
անուն։
Հայոց
մատենագրութեան
պատմութիւնը,
գէթ
իր
մարդոց
կարաւանին
այնքան
սրտառուչ
պատկերովը,
անարժան
չէր
Դուրեան
Սրբազանի
հետաքրքրութեան,
համակրանքին,
նոյնիսկ
խանդավառութեան։
Իր
ողորմելի
ծանօթութիւնները
(կենսագրական,
որոնք
գրագէտ
մը
կը
շրջանակեն
իր
հատորին
մէջ,
տիրացու
մըն
ալ
կրնար
հաւաքել։
Իր
նկատողութիւնը
գրական
զանազան
երեւոյթներու
լուրջ
իրենց
նախնականութեամբը
մեզ
կը
զարմացնեն
ու
այս
ամէնը
ցաւ
է
ինծի։
բ)
—
Հայոց
հին
մատենագրութեան
մէջ
գոյ
են
մարդերը
մշտապէս
յուզող
առաջնակարգ
տագնապներ։
15
դարերու
վրայ
երկարաձգուած
ու
ատով՝
այս
ցեղին
ամենախոր
լինելութեան
մէջ
սաղմնաւոր
ու
զայն
մեզի
վեր
բերող։
Քաղաքական
պատմութիւնը
ժողովուրդի
մը
չարժումներուն
արձանագրութիւնն
է
ու
իբր
այդ
կիսով,
երբեմն
աւելիով
ենթակայ
արտազգային
ազդակներու։
Չենք
կրնար
Հայոց
պատմութենէն
հայ
ժողովուրդը
հանել։
Փորձը
պիտի
առաջնորդէր
ամենէն
տխուր,
հակասական
արդիւնքներու։
Բայց
Հայոց
մատենագրութիւնը
մեզի
կու
տայ
կարելի
հարազատութեամբ
հոգեկան
տեuագիծը
այդ
ժողովուրդին։
Աւելորդ
չեմ
նկատեր
քանի
մը
ընդլայնումներ,
յղացքը
լուսաւորելու
համար։
Ով
որ
կը
կարդայ
մէկ
երկու
տարի
մեր
հին
գիրքերը,
կը
զգայ
թէ
իր
մէջ
մարմին
կը
դառնան
իրար
յիշեցնող
կարդ
մը
վիճակներ,
մեր
օրերու
բառով
հարցեր,
նախապէս
մշուշային
բայց
հետզհետէ
թանձրացող
ու
իրաւ։
Ահա
մէկ
քանիները։
1.
—
Ցեղային
Պայքար,
որուն
այժմէական
նկարագիրները
չէ
որ
կ՚ակնարկեմ։
Ասիկա
հոգեվիճակ
մըն
է
մեր
բոլոր
գիրքերուն
մէջ
Այդ
պայքարը
ըրեր
են
մեր
դրացիներուն
դէմ
ամէն
դարու,
նոյնիսկ
ամէն
տարի։
Այդ
ճամբով
մենք
զգացեր
ենք
ամենէն
խորունկ
կսկիծները
որոնք
ըլլան
գրուած
մարդերու
սրտին,
երբեւիցէ
Սկիզբէն
մինչեւ
վերջ,
Վարդան
Մամիկոնեանէն
մինչեւ
Դաւիթ
/96/
Բէկ,
այսինքն
մօտ
15
դար,
մեր
ժողովուրդը
ընդուներ
է
այդ
կռիւը,
երբեմն
քաջութեամբ,
երբեմն
վախով,
զարկեր
է
ու
զարնուեր,
(Ժողովուրդին
«զարկիր
զարկուարը»)
բայց
չէ
նահանջեր,
ամուր
փաթթուած
իր
լերանցը
գօտիներուն։
Անցեր
ենք
ամօթին,
նախատինքին
ճահիճներէն։
Կտրեր
ենք
յուսահատութեան
ծովերը,
միշտ
ցեղային
բախումներու
կիկլոնին
տակ։
Երկու
տասնեակ
դարերու
սա
գուպարը
մեր
մատենագրութեան
մէջ,
գրեթէ
ամէն
էջի,
ունի
իր
ձայնը,
առնուազն
արձագանգը։
Չէ
կարելի
չխանդավառուիլ
քրոնիկագիրներով
երբ
կը
պատմ
են
սա
անպատմելին
ու
երբեմն
փարթամ,
երբեմն
անպաճոյճ
դրուագում
էին
ընդմէջէն
կը
սեւեռեն
Հայոց
ժողովուրդին
պատկերը,
որ
անվախճան
խաչելութեան
յաճախանք
մը
կ՚ըլլայ
տակաւ։
Գիրքեր
ունինք
ուր
մեր
կռիւները
կը
դառնան
վկայութիւն,
պարզ
բայց
վսեմ,
ըսես
հեքիաթէն
փրցուած
որոնց
վաերականութիւնը
անարդները
միայն
կասկածի
տակ
կ՚առնեն,
քանի
որ
մեր
օրերուն
ալ
հաստատելի
արարքներ
եղան
անոնք։
Դուրեան
Սրբազան
խանդավառ
էր
Հոմերական
կռիւներով,
ասոնց
պարզունակ
փաթեթիռին
մէջ
գտնելով
Հելլէն
ժուժկալ
շնորհը
ու
չափաւորութեան
(mesure)
փաստեր։
Բայց
ինչո՞ւ
չէր
զիջեր
նոյն
այդ
շնորհները
ընդունել
նաեւ
մերիններուն
մօտ
մեր
Փաւստոսը,
Փարպեցին,
երբ
կը
պատմ
են
մեր
անհաւասար
կռիւները
պարսից
բանակներուն
հետ,
բնական,
մարդկային
իրականութեամբ
մը
կը
ստեղծեն
դիւցազներգութեան
ախորժած
հրաշալին,
վասնզի
իրականութիւնը
տարբեր
չէր
արդէն
Վահան
Մամիկոնեանի
երեսուն
հոգիով
հինգհազար
պարսիկ
տարտղնելը
ոչ
հեքիաթ
է
[22],
ոչ
ալ
չափազան/97/ցութիւն։
Հրաշալի
սա
պատմումը
գեղեցկութիւն
է
ինքնին
բնական
որքան
ժողովուրդէն։
Յետոյ,
ամէն
մարդ
փորձն
ունի
ասոր,
—
դէպքերուն
կենդանի
թաւալման,
գուպարին,
աղմուկին
ու
տագնապին
ու
ասոնց
թուղթի
վրայ
մեզի
ներկայացած
պատկերացումին
միջեւ
անդունդ
կայ
միշտ։
Գիրը
շուքն
իսկ
չի
տար
երբեմն
իրականութեան՝
այդ
պարզուկ
պատմողներու
գրիչին
տակ։
Մեր
մատենագիրները
երբեմն
հազիւ
քանի
մը
էջ
կարող
են
յատկացնել
աշխարահասասան
(իրենց
բառն
է
որ
կը
գործածեմ)
եղելութեանց,
բայց
կը
մնան
թելադրական
Ռաֆֆին
խոշոր
հատոր
մը
հանեց
Փաստոսի
մէկ
էջէն։
Ու
գրականութիւնը
զոր
կամ
բաստանենք
իբր
անհա
ղորդ
մեծ
տագնապներուն
մեր
ցեղին,
երբ
կը
թելադրէ
այս
կարգի
յուղումներ,
անարժան
չէր
համակրանքի։
2.
—
Բարոյական
պայքարը,
որ
առաջինին
չափ
հզօր,
համատարած
իրականութիւն
է
Հայ
քրիստոնեայ
տարազին
մէջ
թանձրացած։
Մղեր
ենք
այս
կռիւը
դարձեալ
դարերով
չարիքին
դէմ
որ
օտարին
կրօնքն
էր
մեր
վրայ
բռնացող։
Կը
զգայի՞նք
քաղաքական
տարողութիւնն
ալ
կրօնական
այդ
հալածանքներուն,
զանոնք
վարող
ուղեղներուն
տակ
իրենց
հեռահայեաց
արդիւնքներուն
բոլոր
լրբութեամբ,
անգթութեամբը,
բնաջնջման
անզիջող
վճիռովը։
—
Շատ
վստահ
չեմ
Բարձր
դասակարգը,
ազատորեարը
ամենէն
շուտ
տկարացողը
պիտի
ըլլար։
Բայց
զանգուա՞ծը։…
Ինչ
որ
ալ
ըլլայ
իրական
ազդակը
սա
ընդդիմութեան,
մենք
գիտենք
որ
մեր
ժամերուն
վրայ
յարձակում
մը
յարձակում
էր
մեր
լեռնական
ժողովուրդի
խղճմտանքներուն
ամենէն
անբռնաբարելի
սրբութիւններուն
վրայ
Մանաւանդ
այն
հեռու
դարերուն
(Դ.
Ե.
Զ.
Է.
)
երբ
քաղաքական
իշխանութեան
բարձումը
չէր
վերածուած
ստրուկ
ճակատագրապաշտութեան
մը
ու
մեր
եկեղեցին
մեզ
կը
պաշտպանէր
մեր
գերութեան
ընդդէմ։
Հարիւրներով,
հազարներով,
հարիւրհազարներով
տուինք
մենք
զոհը,
մեր
տաճարներուն
համար։
Չեմ
գիտեր,
կա՞յ,
ուրիշ
աւելի
սրտառուչ
նիւթ
քան
իր
անձին
կամաւոր
զոհը։
Ու
մեր
մատենագրութիւնը
ծայրէ
ծայր
պատմութիւնն
է
բարոյական
սա
/98/
տռամին
Դուրեան
Սրբազան
կը
զգա՞յ
այնքան
խռովիչ
փաթեթիքը
սա
պայքարին,
աստուածային
գեղեցկութիւնը
անոր
հերոսներուն
ու
անհուն
տարողութիւնը
այդ
արարքներուն,
երբ
կը
համադրենք
զանոնք
ազգային
հոգի,
ազգային
նկարագիր,
ազգային
հոգեմոյնք
քիչ
մը
ուռուցիկ
թուող
բայց
շատ
հաստատ
յղացքներ
տարազող
բացատրութեանց
ետին։—
Չունիմ
տարակոյս։
Կ՚ընդունիմ,
իրեն
հետ,
որ
այս
փաթեթիքին
շուրջը՝
որքան
աւելորդ,
ապականող
խօսքեր։
Թէ
մերինները
ամենէն
վսեմ
ողջակէզն
անգամ
վարդապետական
չափաբանութեան
առիթ
մը
իբրեւ
կը
շահագործեն։
Բայց
նոյն
ատեն,
այդ
բոլոր
սնոտիքը,
պատեպատ
շեղումները
չեն
կրնար
չքացնել
բուն,
մաքուր,
լուսեղէն
արարքը
մեռնող
քահանային,
եպիսկոպոսին,
որուն
արձանագրութիւնն
էր
այդ
անարուեստ
քրոնիկը։
Մեր
պարտքը
պիտի
ըլլար,
նման
վիճակներու
շուրջ
ինքնաբերաբար
կազմուող
աւելորդը
ընել
մէկդի,
ու
հիացիկ
մնալ
անմար
այդ
գեղեցկութեան,
հրաշքին
առջեւ։
Պատմութեան
զգայարանքէն,
դէպքերը
համադրելու
տարրական
շնորհէն։
Հիմնովին
անմասն
գրողն
իսկ
նման
նիւթերու
հետ
պիտի
գտնէր
իր
ցեղին
բարոյական
զգայնութեան
հեռահոս
ակունքները։
Անտանելի
Եղիշէն,
որ
տղայական
կռիւներ
եւ
ուռուցիկ
նամակներ
միայն
գիտէ
խմ
բագրել,
մոգական
հատուածի
մը
տակ
կը
պայծառակերպէ,
կը
վսեմանայ
կարծես,
երբ
կը
պատմէ
նահատակութիւնը
Ս.
Ղեւոնդեանց
վարդապետական,
դավանաբանական,
ատենական
հարց-պատասխաններուն
տաղտուկը,
չարչարանքը,
տղայականութիւնը
լիուլի
վճարելով
սուրբերուն
մահուան
սրտառուչ,
զուսպ,
խորապէս
քրիստոնեայ,
աստուածային
ըսելս
կու
գայ,
հրաշալիքովը,
որ
հաւասար
է,
իբրեւ
գրական
իրողութիւն,
ամենէն
մեծ
ծրագէտէն
յղացուած
որեւէ
դրուագի։
Ե.
դարէն
քսաներորդ
դար,
բարոյական
այս
վսեմութեամբ
բիւրաւոր
արարքներու
շտեմարան
մըն
է
Հայոց
հին
մատենագրութիւնը։
Աւելին՝
գիրքերէն
դուրս,
կենդանի
վկայութիւն
մըն
է
ան,
նոյն
ատեն
յիշեցէք
1915ը
ու
մեր
կրօնքին
համար
մեռնող
նոյնիսկ
անհաւատ
մտաւորականներուն
ամենախոր
հաւատքը
մեր
բարոյական
ըմբռնողութեան
վրայ։
Դուրեան
Սրբազան,
շատ
ուշադիր,
ընդհանրացնող,
իմաստասէր
ընթերցող
մըն
էր։
Անոր
աչքէն
չէին
կրնար
վրիպած
ըլյալ
սա
արարքները,
խորքին
մէջ
մէկ,
պայմաններով
իրարում
է
հազիւ
տարբերող
ու
տեւողութեան
երկայնքին՝
միշտ
գոյ,
որոնք
այս
ժողովուրդին
հոգեկան
ուժերուն,
կշիռին
(տեսակարար),
նկարագիրին
ամենէն
ամուր,
աննահանջ
տարրերը
կազմեցին
եթէ
կը
ներուի
այս
տարազը։
Մեր
քրոնիկները
մեր
հոգիին
ալ
դրուագումը
/99/
կ՚ընեն։
Ու
իրենց
պատմում
է
բոլոր
մեղանչումները,
ըսի
քիչ
վերը,
չեն
կարող
կործանել
այն
անկորնչելի
դասը,
պատգամը,
գեղեցկութիւնները,
որոնք
մեր
պապերուն
ճամբովը
կը
մատուցուին
մեզի։
Գրեցէք
Հայոց
պատմութիւն
մը,
Հայոց
գրականութեան
պատմութիւն
մը,
երեւան
բերելու
համար
անոնց
էջերուն
մեզի
պակսող
ցեղային
հպարտութեան
զգացումը,
մեր
օրերուն
նորոգուած
հայրենիքի
մը
սէրը
Ու
դուք
պիտի
ըրած
ըլլաք
բարիք
մը
ամենէն
մեծ
սուր–
բերուն
հաւասար։
3.
—
Մեր
մտածողութեան
կարելի
պատկերը։
Անշուշտ,
չունին
գոյութիւն
հայ
աստուածաբանութիւն
մը,
իմաստասիրութիւն
մը,
իրաւագիտութիւն
մը,
քաղաքական
մտածողութիւն
մը,
յստակութեամբ,
ճշգրտութեամբ,
ինչպէս
կը
հաստատուին
այս
կրթանքները
դասական
կամ
ժամանակակից
մեծ
գրականութեանց
մէջ,
որոնք
տրուած
ժողովուրդի
մը
իմացական
ընդունակութիւնները
կը
կերպադրեն։
Ու
նոյն
ատեն
չկայ
պայծառ
ձեւով
ճշդուած
ճամբան,
ուրկէ
ըլլար
քալած
հայ
միտքը։
Բայց
կա՞ն
այս
ամէնը,
պահանջուած
ամբողջականութեամբ
մը
այն
գրականութեանց
մէջ,
որոնք
կը
կոչուին
բիւզանդական,
ասորական,
վրացական,
յիշելու
համար
սահմանամերձ
ու
չափով
մըն
ալ
վիճակակից
ժողովուրդներու
երկունքը։
Բայց
վրացիները
երէկ
հպարտ
էին
իրենց
հին
մատենագրութեամբը,
այսօր
զայն
կը
սիրեն
յիմար,
յուսահատ
սիրով
մը։
Կ՚անցնիմ
արագ
Յունաբան
որակուած
դպրոցին
ճիգէն,
զայն
նկատելով
սակայն
առաջին
վրդովումը
մեր
մէջ,
իմաստի
հարցին
դիմաց։
Լեռնաշխարհին
վրայ,
որուն
անունն
է
Հայոց
երկիր,
իմաստասիրական
մտածողութիւն
մը
հրաշքներուն
հրաշքը
պիտի
ըլլար։
Ու
կը
յիշեմ
մեր
կաթողիկոսներուն
թուղթերը,
յաճախ
պայծառ
հատոր
մը
բարոյախօսութեան,
մեր
մեծ
աղօթքները,
ժամագիրքին
ու
Մաշտոցին
մէջ,
իրաւ,
պայծառ,
մեր
հողերուն
ընդերքէն
ամբարձիկ
սա
թելուրային
իմաստութիւնը,
որ
ժամերգութեան
ձեւով
ամէն
օր
կը
թարմացնէ
մեր
հոգին
ու
մեզ
կը
սպառազինէ.
քանդումի
տարրերուն
դիմաց
շքեղ
համադրումները
մեր
ծիսարանին,
խորունկ
պատկերները
մեր
շարականներուն,
երբ
անանուն
կամ
համբառայեղց
աղեղի
մը
մէջէն
կը
կատարուին
ու
երկինքը
կը
բերեն
մեզի
շատ
մօտիկ,
հերձուածներու
դէմ
մեր
հայրապետներէն
յօրինուած
կոնդակ–ճառերը,
հաւատքի
հարցերու
շուրջ
մեր
կառուցումները,
նոյնիսկ
անձերու
առիթով
մեր
քնարական
ներբողները,
ու
մեր
եկեղեցիին
դաւանաբանական
շէնքը,
օրէնսդրութիւնը,
դիմագիծը,
ինչի
համար
վկայութիւններ
են
մեր
մտածողութենէն։
Առանձին
/100/
առանձին
այս
ամէնը
չեն
եկած
մեզի։
Բայց
այս
ամէնը
շտեմարանուած
են
մեր
դասական
մատենագրութեան
մէջ։
Դժուա՞ր,
այս
ամենէն,
հանել
իմաստութիւն
մը,
այն
իմաստութիւնը,
որ
իրական
էր
արդէն
ուղեղներուն
խորը
մեր
կրօնապետներուն,
վարիչներուն,
նոյն
իսկ
գիւղի
տէրտէրներուն։
Մեր
մատենագրութեան
պատմութիւնը
մեզի
պիտի
բերէր
մեծ,
գեղեցիկ
բարիք,
եթէ
երբեք
այս
իմաստութեան
հոլովումը
ընէր
մեզի
զգալի,
տեսանելի
դարէ
դար։
Ու
ո՜վ
հեգնութիւնը
մեր
մեթոտներուն,
երանելի
այլուրութիւնը
մեր
պրպտողներուն։
Այդ
թուղթերուն
վաերականութիւնը,
կասկածելիութիւնը,
անվաւերութիւնները,
հաւանական
աղբիւրները,
խմբագրում
են
թուականները,
անոնց
մէջ
աս
ու
ան
բառին
տարողութիւնը,
անունին
փաստերը
մեզի
գիրքեր
արժած
են
Վիեննա
ու
Վենետիկ։
Բայց
մտքէ
չենք
անցուցած
անոնք
լեցնող
ոգիին
իրական
նկարագիրը
վեր
բերել։
Ու
եղերական
է
ասիկա։
ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍ
անունով
գիրք
մը
կայ
մեր
մատենագրութեան
մէջ,
աւանդութեամբ՝
գրուած
Դ.
դարուն։
Անիկա
շատ
շահեկան
հատոր
մըն
է,
վասնզի
իրարմէ
կարեւոր
բազմաթիւ
հարցերու,
երեւոյթներու
հանդէս
մըն
է
անոր
պարունակութիւնը.
—
Արշակունիներու
քաղաքական
դիմագիծը,
պահպաւներու
դերը,
կայսերական
Հռովմը,
հայ
արքունիքը,
նախաքրիստոնէութիւնը,
ի
քրիստոնէութիւն
դարձը
մեր
երկրին,
Սուրբ
Գրիգորի
շքեղ
անձնաւորութիւնը
ու
անոր
կապուած
հոծ,
հսկայ
հրաշալին,
կոյսերու
նահատակութիւնը,
քուրմերու
տագնապը,
ընդհանուր
քրիստոնեայ
հրաշալին,
վկայաբանական
փառաւոր
դրուագումներ,
ռոմանթիք
ոճով
ճամբորդութիւններ,
եւայլն,
եւայլն։
Ինչպէս
կը
տեսնենք
այս
շատ
արագ
ցուցմունքներէն,
հատորը
եռակողմանի
հետաքրքրութիւններու
անսպառ
աղբիւր
մըն
է
եւ
իբր
այդ
ծնունդ
է
տուած,
ԺԹ.
դարու
երկրորդ
կիսուն,
գրա–քննադատական
ընդարձակ
աշխատասիրութեանց։
Կարդացէք
ասոնցմէ
Հ.
Բ.
Սարգիսեանի
հրատարակած
մեծածաւալ
գործը,
արդիւնք
խոր
հմտութեան։
Պիտի
զգաք
բոլոր
հարցերը,
աղօտակի
ու
թեթեւ։
Ու
պիտի
զգաք
տարօրինակ
ալ
բան
մը։
Ձեր
միտքին
մէջ
մնացածը
ո՛չ
հեղինակն
է,
ո՛չ
գիրքին
աշխարհը,
ոչ
ալ
այդ
դարուն
հոգեբանութիւնը
կամ
բարքերը,
կարելի
ամփոփոյքով
մը։
Այլ՝
աս
ու
ան
գլուխներուն
ուրկէ
եւ
ինչպէս
գալը,
աս
ու
ան
բառին
ինչպէս
գործածուած
ըլլալը։
Կ՚ընդունիմ
թէ
այլապէս
շահեկան
է
այս
կերպ
աշխատութիւն
մը…
պատմութեան,
լեզուին,
բանասիրութեան
համար։
Գրականութեան
պատմութիւնը
չի
կրնար
տարածուիլ
մինչեւ
այդ
սահմանները։
Ու
պիտի
պակսի
ձեր
միտքին
այդ
գիրքը,
ինքը։
/101/
Իրմով
տրուած
հարցերը
չէին
կրնար
սպառիլ,
ու
մնացած
են
հարց,
վասնզի
այդ
աշխատանքը
բանասիրական
էր,
այսինքն
ձեւի,
կեղեւի
պրպտում։
Ու
կրկնեցէք
այս
աշխատանքը
ու
կեցուածքը
յաջորդ
դարերու
բոլոր
արդիւնքներուն
համար։
Մեր
ներկայ
անբաւարարութիւնը
մեզի
իրաւունք
չի
տար
այդ
հարցերուն
խորունկ
լրջութիւնը
վերածելու
մանտարենեան
մանրակրկիտ
պրպտողութեան
մը։
Ոչ
ոքի
պիտի
ներենք
Հայոց
մատենագրութեան
պատմութիւնը
մեծ
շահաստաններու
դրութեան
մը
վերածել
թէկուզ
ադամանդի,
ոսկրի
ապահով
գիւտերու
գինով
հանքերը
հանածոներ
միայն
կ՚արտադրեն։
Մեր
ուզածը
արձակ,
ամուր,
մարդկային
աշխատանքն
է։
Մեր
մատենագրութեան
պատմութիւնը,
ըլլալէ
առաջ
քերականական,
լեզուաբանական,
պատմա-բանասիրական
հարցերու
կրկէս
մը,
պատկերն
է
մեր
միտքին,
դաշտը՝
մեր
հաւաքական
զգայնութեան,
մեր
ամենէն
գողտր
ու
յամառ
յատկութեանց
հանդէսը:
Ե.
դարուն
գրուած
Փարպեցին
ՀԱՅՈՑ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը
էջեր
ունի,
որոնցմէ
բառ
մը
անդամ
չէ
հինցած,
ուր
թաւալող
հոգին
կարծես
հոգին
է
մեր
իրար
բզկտող
խմբաւորումներուն։
Հոն
հերոսները
կը
պայքարին
այսօրուան
յեղափոխականներուն
յուսահատ
արիութեամբը։
Երբ
գիրքերը
ոգին
ու
ձեւը
այդքան
հարազատ
կը
կերպադրեն
այդքան
դարեր
առաջ,
չեն
կրնար
արհամարտուիլ։
Կարդացեք
այս
պատուական
գրագէտին
վրայ
Դուրեան
Սրբազանի
էջը,
ու
ըսէք
ինծի,
թէ
ի՛նչ
անուն
պէտք
է
տալ
անոր։
Ու
աւելի
ընդարձակելով
այս
պարագան,
ձեզ
կը
ղրկեմ
Զարբհանէլեանի
գործին,
որ
Հայոց
մատենագրութեան
պատմութիւնը
գրական
Յայսմաւուրքի
մը
վերածած
է։
Ձեր
գտնելիքը
Յայսմաւուրքի
վայել
կենսագրում
մը
ու
գործերու
անուանացանկ
մըն
է
շատ
շատ։
Վենետիկէն
աւելին
սպասելը
միամտութիւն
պիտի
ըլլար
անշուշտ։
Ինչ
որ
անգութ
անակնկալ
մըն
է,
ատիկա՝
Ա.
հատորն
է
Դուրեան
Սրբազանի
ամբողջ
երկերուն,
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ
ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ,
ու
ըսէք
ինծի,
թէ
կա՞յ,
այդ
չորս
հարիւրը
անցնող
էջերուն
մէջ
գէթ
տող
մը
խելքը,
որ
1500
տարուան
իմացական
վաստակը
ըլլար
թելադրած։
Դժնդակ
կերպով
այդ
խելքը
կը
պակսի
այդ
հատորին,
ինչպէս
Զարբհանէլեանի
գործին
մէջ։
Ու
առանց
չարութեան,
հոս
կը
կրկնեմ՝
ազգային
առածը.
«Մարդոց
ուղեղը
ձմերուկ
չի
տնկեր»,
այլ`
…
կը
մտածէ։
Հին
մատենագրութեամբ
զբաղում
մը
նախապայման
ունի
գրագէտ
մը։
Այդ
գրագէտը
կար
Դուրեան
Սրբազանի
մէջ։
Բայց
ունի
նոյնքան
հիմնական
ուրիշ
պայման
մը,
—
ատիկա
հաւատքն
է,
վստահութիւնն
է
առնուազն
ընելիքին։
Ինչ
որ
պակսեցաւ
պատուական
սա
/102/
նիստին։
Անհեթեթ
պիտի
ըլլար
մեղքը
փաթթել
մեր
գրողներուն,
մատենագիրներուն
վիզին։
Ուղեղ
մը
որ
չի
մտածեր։
Կը
կեցնեմ
ընթացքը
սա
նկատողութեանց,
ոչ՝
որովհետեւ
անոնք
սպառած
են,
այլ
որովհետեւ
վրիպանքի
մը
առթիւ
շահագործուած
ամէն
փաստ
կը
տառապի
այդ
անբաւարարութեանց
իսկ
ճնշումով։
Դուրեան
Սրբազան,
իբր
պատմող
մը
հայ
մատենագրութեան,
վրիպած
է։
Չունիմ
այդ
մասին
կասկած։
Վրիպանքին
ընդհանուր
ազդակներն
ալ
(գլխաւորներէն
մէկը
բանասիրական
ծանր
հմայքն
է)
զիս
այնքան
չեն
դառնացներ
որքան
կորուստին
գրեթե
անփոխարինելի
մտածումը։
Դուրեան
Սրբազանի
անձնաւորութիւնը,
նման
աշխատանքի
մը
յարմարութեան
տեսակէտէն,
բացառիկ
ըսուելու
չափ
հազուադէպ
էր։
Իմացականութիւն,
խառնուածք,
արուեստագէտ
զգայնութիւն,
աշխատանքի
անհուն
կորով,
հմտութիւն,
դատումի
ուժ,
իմաստասիրական
քանի
մը
հզօր
շնորհներ,
մտատեսութիւն,
կամք,
ձրի
բառեր
չեն,
երբ
կը
ներկայանան
իմ
գրչին
իբր
յատկութիւններու
նշաններ,
որոնք
երաշխաւորէին
սա
աշխատանքին
արդիւնաբերումը։
Չեմ
գիտեր,
բախտը
մեզի
ե՞րբ
անգամ
մըն
ալ
շնորհը
պիտի
ընէ
նման
մարդու
մը,
որուն
մէջ
գիտունն
ու
բանաստեղծը
ապրէին,
քով
քովի,
հաշտ
ու
իրարու
քաջալեր,
հաւաքողը
իր
մենագարութիւնը
չպարտադրէր
դատողին,
աշխատողը
չարհամարհէր
ճաշակը
ու
վայելչութիւնը,
մթերքի
մոլուցքը
չտկարացնէր
ճարտարապետը,
ու
տեսնողը,
հոտ
առնողը,
մտատեսողը
իրարու
պաշտպան
կանգնէին։
Զի,
կը
հաւատամ
թէ
հայ
մատենագրութեան
պատմութիւնը
նուաճելի
չէ,
առանձինն,
ոչ
հմտութեամբ,
ոչ
ալ
ընդհանրացման
ոսին,
լայն,
անապահով
ախորժակներով։
Անիկա
կարելի
է
այն
ատեն
միայն
երբ
վերլուծող
մուտքի
մը
փնտռտուքը,
համադրող
միտքի
մը
տեսանող
փայլը,
լոյսը,
ուրիշ
խօսքով՝
գիտունն
ու
գրագէտը,
իմանիստն
ու
ստեղծագործը
իրար
հաւասարակշռէին
անխոնջ
աշխատանքի
նուիրման
մը
մէջ,
հզօր
ջերմութեանը
տակ
հաւատքին։
Այս
եզրերէն
մէկուն
կամ
միւսին
նուազումը
կամ
գերաճումը
պիտի
անդրադառնային
արդիւնքին
վրայ
անխուսափելի
ճակատագրականութեամբ
մը։
Ունինք
այդ
վիճակներուն
ալ
փաստերը։
Արշակ
Չօպանեան
ներած
է
իրեն
խօսիլ
մեր
հին
մատենագիրներուն
վրայ
(չունիմ
նկատի
Նարեկացիին
վրայ
իր
ուսումնասիրութիւնը
որ
բանասէրի
մը
խանդը
կը
միացնէ
պրոպականտիստի
մը
ջերմութեան
բայց
կը
մնայ
իրաւ,
զի
բանաստեղծութիւնը
ամենէն
նախնական
ձեւն
է
արուեստներուն),
Խորենացի
եւայլն,
ու
խօսած
է
ուռուցիկ
ու
աժան
քարոզ։
Հ.
Ն.
Ակինեանի
մատենագրութեան
ըմբռնո/103/ղութիւնը
Յայսմաւուրքէն
չի
զատուիր
ուրիշ
տարիքով
եթէ
ոչ
ամէն
անուն
յիշելու
կատաղի
կամ
քով
մը,
ու
չի
տառապիր
այն
ահաւոր
սխալով
որ
շփոթելն
է
մատենագիտութիւնը
(bibliographie)
մատենագրութեան
պատմութեան
հետ։
Այս
երկու
կրթանքներէն
առաջինը
ընելու
անկարող
մարդ
մը
չեմ
երեւակայեր,
հերիք
է
որ
մատենադարան
մը
եւ
ազատ
ժամեր
տրամադրուին
որեւէ
կարդալ
գիտցող
ժամկոչի։
Փնտռեցէք
երկրորդ
անուն
մը
մերձաւոր
ու
ժամանակակից
մեր
գրականութեան
մէջ,
որուն
վրայ
իմ
պահանջած
յատկութիւնները,
ձեռնարկին
յաջողութեան
համար,
միանային
իրարու։
Չէք
գտներ։
Հայոց
մատենագրութեան
պատմութիւնը
չէ
գրուած
տակաւին։
Այս
տողերէն
վերջ,
աւելորդ
կը
նկատեմ
զբաղիլ
Դուրեան
Սրբազանի
հատորով
հոն
ոչ
մարդ
կայ,
ոչ
միտք,
ոչ
ալ
զգայնութիւն։
Հոն
չկայ
դարձեալ
վիեննական
դպրոցին
գէթ
չոր,
հում
նիւթին
ալ
արժանիքը։
Ու
տրտմօրէն
հասկնալի՝
իր
խուսափումները,
նախակրթարանի
տղոց
համար
պատրաստուած
դասերը
հրապարակ
դնելու:
*
*
*
Դուրեան
Սրբազան,
միշտ
դասական
նպատակներու
համար,
Արմաշի
մէջ
գրի
առած
էր
Հայոց
պատմութեան
քանի
մը
շրջանները։
Իմ
տարուան
մը
ուսանողութեանս
ամենէն
թարմ
որքան
տխուր
յիշատակն
է
Հայոց
պատմութեան
դասը
Արմաշէն
Դուք
հիմա
կ՚անգիտանաք
թերեւս
թէ
ինչ
խռովիչ
հրապոյր,
ձգողութիւն,
խորհուրդ
մը
ունէր
1900ի
պատանիներուս
համար
այդ
դասը։
Իմ
աչքիս
տակը,
մեր
գիւղի
դպրոցէն
երկու
վարդապետներ
հետախաղաղ
կորսուած
էին
թուրքերուն
ձեռքով
այդ
դասը
մեզի
աւանդելու
մեղքը
քաւելով
ջուրերուն
ծոցը
95ի
դէպքերուն
կը
զուգադիպէր
այդ
արիւնոտ
յիշատակը։
Խեղճ
ձայնաւոր
վարժապետներ
էին
երկուքն
ալ։
Իմ
12
տարեկան
տղու
երեւակայութիւնս
չէր
կրնար
դատել
այդ
մարդոց
միտքը։
Միայն
երբ
Նիւգարը
կը
կախէին
ճակտէն
գամելով,
այդ
իսկ
հերոսութեամբ
կը
մեծնային,
աշտարակին
չափ,
իմ
նահատակ
ալ
վարժապետները։
Գեղէն
վերջը
քաղաք։
Ուր
քիչ
մնաց
բանտին
մէջ
անօթի
մեռցնէր
զիս
մեր
գեղագրութեան
ուսուցիչը
վասնզի
տախտակին
վրայ
իր
գրած
նախադասութեան
տեղ,
գեղագրութեան
տետրակին
մէջ,
անշուշտ
առանց
գիտնալու,
Եղիշէի
Մահ
/104/
ոչ
իմացեալ…ը։
Անհուն
տակնուվրայութիւնը
որ
արդիւնք
էր
այդ
տողին
Նետեցին
զիս
դպրոցին
զնտանը,
Գէորգ
Զ.
Կաթողիկոսի
(երբ
Պրուսայի
առաջնորդ
էր)
ձեռքով
փորուած
գետնայարկին
մէկ
խորշը,
ով
գիտէ
ինչ
տեսակ
տղաք
պատժելու
համար։
…
Այս
ամենէն
յետոյ
ձեզ
կը
դնեմ
տեղը
պատանիին
որուն
համար
նորափետուր
հրաշք
մըն
էր
այդ
դասը։
Արմաշի
մէջ
ուր
չէին
վախնար
մեր
ուսուցիչները
թուրքէն
Դուրեան
Սրբազան
խօսեցաւ
Խորենացիէն
զոր
ըրաւ
ծիծաղելի։
Ներկայացուց
Հայկին
ու
Բելին
պատերազմը,
որ
իմ
միտքին
մէջ
աշխարհ
մըն
էր,
շունի
կատուի
օրինակներով
ու
խնդացուց
տղաքը,
մինչ
իմ
մէջ
կը
կործանէր
անհուն
գեղեցկութիւն
մը։
Այդ
դրուագէն
դուրս
ոչինչ
կայ
իմ
ուղեղին
մէջ
այդ
դասերուն
դասէն։
Տարի
մը
տեւեց
Հայկազեանց
հարստութիւնը։
Ոչ
իմ
մտածողութիւնը
ընդարձակուեցաւ,
ոչ
մեր
պատմութիւնը
բարձրացաւ։
Ու
չեմ
կարծեր
որ
իմ
միտքը
եւ
մեր
պատմութիւնը
պատասխանատուներն
էին
այս
վրիպանքին։
Անձնական
այս
տպաւորութիւնները
աւելորդ
բեռ
մը
չեն
երբ
կը
բերուին
սա
էջերուն։
Հիմա,
երբ
կը
պատրաստում
դատել
պատմողը,
պատմաբանը
Դուրեան
Սրբազանի
մէջ,
դժնդակ
զգացումներ
կը
նեղեն
իմ
դատաստանը։
Գիրքը
(հատոր
մը
նորէն
ամբողջ.
Երկերէն)
ան
է
զոր
ես
ընդօրինակեր
էի
1900ին
փոխուածը
լեզուն
է
որ
այն
ատեն
1885ի
աշխարհաբարին
(գիրքը
գրուած
էր
հաւանաբար
1890ին)
այլանդակ
զգեստը
կը
կրէր
այնքան
անիմաստ
յաւակնութեամբ
մը։
Հոն
են
Հայկն
ու
Բելը,
ինչպէս
շինուած
է
պատկերը
միտքիս
մէջ
ու
սեղանին՝
մեր
ամենասիրելի
ուսուցիչը
որ
շունի
եւ
կատուի
կռուի
մը
կը
վերածէ
մեր
պատմութեան
ամենէն
տարօրինակ
դրուագը։
Չեմ
կրկներ
մեղադրանքը
զոր
բանաձեւեցի
«ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ
ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ»
առիթով
բայց
որ
նոյնութեամբ
կը
ներկայանալ
դարձեալ։
Նախակրթարանի
ու
քիչիկ
մը
աւելի
աստիճանով
դպրոցներու
համար
գիրի
առնուած
այդ
դասերը
Դուրեան
Սրբազան
յամառութեամբ
զգուշացած
էր
մամուլին
յանձնելէ
Երբ
1908էն
յետոյ
ազգային
պատմութեան
դասագիրքերուն
համար
ոսկեդար
մը
սկիզբ
կ՚ընէր։
Մօտն
էի,
Պոլիս,
երբ
չոր,
դաժան
նենգութեամբ
մը
ճամբու
դրաւ
գրավաճառ
հրատարակիչ
մը
որ
կը
ջանար
Սրբազանը
համոզել
իր
գիրքին
չքնաղ
արժանիքներուն
վրայ
զոր
չէր
ալ
կարդացած
բայց
որուն
ձեռագիրը
կրցեր
էր
ճարել
արմաշական
վարժապետէ
մը։
Գրավաճառը
չէր
ըմբռներ
Սրբազանին
տագնապը,
այնքան
շահաբեր
ձեռնարկի
մը
առջեւ
անոր
ընկրկումը։
Անիկա
համոզուած
էր
որ
«փուռէն
նոր
ելած»
հացի
պէս,
տաքուկ
տաքուկ
պիտի
/105/
սպառէր
առաջին
տպագրութեան
հինգ
հազարը
Մարդը
գնաց
ու
ես
սիրեցի
իմ
ուսուցիչը։
Փրկուած
էր
տասը
տարի
առաջուան
պատրանքը։
Դուրեան
Սրբազան
կասկած
չունէր
իր
գիրքին
տարողութենէն։
Անկէ
քառորդ
դար
յետոյ,
աւելորդ
խղճմտութիւն
մը
անօգուտ
ըրաւ
սակայն
գեղեցիկ,
զգաստ
պարկեշտութիւնը
պատմաբանին
Ու
մենք
ստիպուած
ենք
դատել
դպրոցական
դասագիրք
մը,
քանի
որ
անիկա
լրացուցիչ
հատոր
մըն
է
ամբողջ
երկերէն։
Մէկ
անգամէն
պարտաւոր
եմ
մոռնալ
կարելի
է
ներելի
չքմեղանքը
դասագիրքին:
Երանելով
միայն
կը
զատուին
դասն
ու
կեանքը
ու
պատասխանատու
են
իրարու։
Հայոց
պատմութիւնը
յղացք
մըն
է
որ
կը
փորձէ
ամէն
ազնիւ
հայորդի
եւ
որուն
բոլոր
մանրամասնութիւնները
գաղտնիք
չունէին
Դուրեան
Սրբազանի
համար։
Հայոց
պատմութիւնը
կրթանք
մըն
է
որ
հակառակ
երկդարեան
կեանքին
(Հ.
Մ.
Չամչեան)
ու
վատնուած
նոյնքան
յամառ,
կորովի
ջանքերուն,
կը
յիշեցնէ
ճակատագիրը
Հայոց
մատենագրութեան
պատմութեան։
Վրիպած
գործի
մը
առջեւ,
ինչպէս
է
ինքնին
Դուրեանի
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅՈՑը,
աւելորդ
ցո՞յց
մը
բանգիտութեան,
այն
քանի
մը
նկատողութիւնները,
որոնք
իմն
են
եղած
տարիներով
Եւ
որոնց
ընթացք
կը
փորձուիմ
տալ
իր
առիթով
—
Չեմ
կարծեր։
-
Ամբողջ.
Երկերուն
Գ.
Հատորը,
ԱԶԳԱՅԻՆ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը,
ունի
յառաջաբան
մը,
ուր
Թորգոմ
Սրբազան
կը
պարզէ
շարժառիթները
անոր
հրատարակման։
Սրբազանը
ընդունելով
հանդերձ
գործին
անբաւարարութիւնը,
դպրոցական
նկարագիրը,
կ՚ուզէ
ուշադրութեան
յանձնել
նաեւ
անոր
շահեկան
կողմերը։
Ըսել
կ՚ուզէ
անշուշտ՝
այն
անհուն
փաթեթիքը
որ
ՀԱՅՈՑ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
անուանուած
նիւթը
կը
խտացնէ
միշտ
իր
մէջ,
ինքնաբերաբար։
Ատիկա
մեր
պատմութիւնը
ըլլալէն
յառաջ
չի
դար
անշուշտ
մինակ
Կայ
աւելի
բան
մը
որ
այդ
պատմութիւնը
կ՚ընէ
բացառիկ,
ճակատագրին
պէս
զայն
յօրինող
ժողովուրդին։
Նիւթի
այս
շահեկանութիւնը
գրագէտին
համար
թանկագին
նպաստ
մը
պիտի
դառնար։
Արդարեւ,
ով
որ
մշակած
է
զայն,
ամենէն
տափակ
Մխիթարեանէն
ու
նախակրթարանի
վարժապետէն
մինչեւ
ամենէն
մեծատիտղոս
պատրիարքները,
պաշտպանուած
է
անկէ։
Հետեւա՞նքը։
Այն՝
որ
կարդացուիլը
թերեւս
պատասխանատուն
է
սա
զառածումին։
Որո՞նք
էին
շարժառիթները
Դուրեանի
հատորին
կազմութեան
ինըսունական
թուականներուն,
երբ
հրապարակ
ելած
էին
արդէն
այդ
կարգի
դասական
գործեր,
մասնաւորապէս
Ա.
Պալասանեանի
/106/
գիրքը,
տպուած
1899ին,
Թիֆլիս։
Կը
զեղչեմ
միւս
բոլոր
պատճառները
ու
կը
կենամ
միակ
կարեւորին
առջեւ,
—
պակաս
մը
լեցնելու
կարիքին
առջեւ։
Արդ,
Պալասանեանի
գործը
իր
առաջին
մասին
մէջ
աւելի
մօտիկ
է
քննադատ
դպրոցին,
քան
Դուրեանի
ՀԱՅԿԱԶԱՆՑ
ՇՐՋԱՆԸ
ԱՐՇԱԿՈՒՆԻՆԵՐՈՒՆ
ՄԷԿ
ՄԱՍԸ
Ա
ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆԵՐԸ
Հայոց
դասական
պատմութեան
դրուագներն
են,
ոչ
մէկ
կողմով
նորոգուած
են
բացի
թերեւս
այն
փոքր
ճշդումներէն
որոնք
ԱՐՇԱԿՈՒՆԻՆԵՐՈՒՆ
առիթով
կատարուած
են
արտաքին
պատմիչներու
օգտագործումով
Երբ
այդ
դասերուն
խմբագրում
ը
ծրագրեց,
Դուրեան
վարդապետ
հասկացողութիւնը
ունէր
նիւթին։
Նաեւ
հմտական
պատրաստութիւն
ու
քանի
մը
քիչ
շատ
տանելի
առաջնորդներ։
Ասոնցմէ
Մեյյէ,
Մասփերօ,
արեւելքի
հին
ազգերուն
նուիրած
իրենց
հատորներով
փորձիչ
օրինակներ
էին,
քանի
որ
այդ
գործերն
ալ
նպատակ
ունէին
դպրոցները։
Դուրեան
վարդապետի
վրիպանքը
սխալ
պիտի
չըլլար
բերել
այդ
մարդերուն
հետեւելու
իր
նախասիրութենէն։
Ժողովուրդի
մը
պատմութիւնը,
թուղթ
ու
քար,
պարտաւոր
է
խօսիլ
մեր
զգայարանքներուն
Կը
հետեւի
թէ
Հայոց
Պատմութիւնը
ինչ
բաբախուն
նիւթ
մըն
է
երբ
կը
մատուցուի
մեր
զգայարանքներուն։
Մասփերոյի
ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐԸ,
ԱՐԵՒԵԼՔԸ
մեր
միտքին
խօսող
գիրքեր
են,
վասնզի
ապրող
խմորին
հզոր
առաքինութիւնը
հարկադրաբար
կը
պակսի
անոնց,
պակասովը
ժողովուրդներուն։
Հայոց
պատմութիւնը
Հայ
ժողովուրդին
տռաման
է,
անոր
ամենէն
յուզումնահար
զգայնութեանց
հանդէսը։
Կը
հասկցուի
թէ
անիկա
պարտքին
տակն
է
խօսելու
մեր
զգայարանքներուն։
Ուրիշ
խօսքով՝
մեր
պատմութիւնը
սահմանուած
է
առաւելազանց
չափով
մը
արուեստի
գործ
մը
ըլլալու,
անշուշտ
առարկայական
Հաստատ
տուիքներու
վրայ
բարձրացող։
Այսպէս
գործադրուած
այդ
նիւթը
պիտի
գոհացում
տայ
մեր
զգայարանքներուն,
վասնզի,
անոր
մեծ
ծալքերուն
մենք
պիտի
հանդիպինք
անասելի,
անմոռանալի
ողբերգութիւններու
զորս
կրեր
ենք,
հազարամէ
հազարամ,
իր
նմանը
չունեցող
յամառութեամբ
մը։
Գոհացում
պիտի
տայ
մեր
միտքին,
վասնզի
այդ
տռամային
հետ,
մէջը,
քովն
ի
վեր
մեր
երկիրը
պիտի
արտադրէ
իր
չափովը
քաղաքակրթութիւն
մը,
պիտի
ստեղծէ
արեան
մէջ
մարմին
ճարող
մեր
հոգին,
ու
պիտի
պատրաստ
է
մեր
այսօրուան
իմացա
կանութիւնը։
Ան
որ
մտադրած
է
դրել
Հայոց
պատմութիւնը,
չի
կրնար
չյաճախուիլ
այս
հիմնական
մղումներէն։
—
Բայց
Հայոց
Պատմութիւն
մը
չեմ
կարդացած
ես
որ
բաւարարէր
իմ
մէջ
սա
զոյգ
յատկութիւնները։
Ու
խորունկ
ցաւս
է
որ
կը
/107/
գրեմ։
—
Ցաւը
որ
այդ
պատմութիւնը
չըլլայ
գրուած
Դուրեան
Սրբազանի
կողմէ։
Նիւթը
փորձողներէն
(Պալասանեան,
Գարագաշ,
մանաւանդ
Օրմանեան)
Դուրեան
մինակն
էր,
որ
զգայարանքներու
խօսելու
շնորհն
ունենար
բնածին
կերպով
մը։
—
Արուեստագէտը
ան
էր
փաղանգին
մէջ։
Եւ
սակայն
չես
գիտեր
ինչ
տխուր
բախտ
մը
պիտի
միջամտէր
հոս
ալ,
որպէսզի
վարդապետը
զառածէր,
գիրք
գրելու
տեղ
դասագիրք
պատրաստէր,
այսինքն
սիրէր
աշխատանք
մը
զոր
տիրացու
մըն
ալ
կրնար
գլուխ
հանել
եթէ
գրելու
իր
վարժութիւնը
չըլլար
մոռցած։
Հայոց
Պատմութեան
ըմբռնողութիւն
մը,
մեր
հրապարակին
վրայ
աւելի
պայծառ
է
քան
յղացքը
Հայոց
մատենագրութեան
պատմութեան։
Ընդունուած
իրողութիւններ
են
նախահայաստանի
ժողովուրդներուն
լիակատար
ճանաչումը,
պեղումներով,
արձանագրութեանց
ընթերցումներով,
Միջագետքի,
Սուրիոյ,
Հիթիթներու
քաղաքակրթութեանց
ուսումնասիրութենէն
գոյանալիք
բոլոր
բարձր
նպաստներովը։
Յետոյ
կու
գայ
հայերու
ծագման
առեղծուածը,
դեռ
անլոյծ
եւ
զոր
չեն
դադրած
լուծել
աշխատել
է
Յունական
եւ
Հռովմէական
մշակոյթներու
ծաւալումը
Արիական
եւ
պահլաւ
քաղաքակրթութիւնները։
Մինչեւ
Ե.
դար
երկարող
սա
առնուազն
հազար
տարին
մուտքն
է
Հայոց
Պատմութեան
Ու
ինծի
պէս
դուք
բոլորդ
ալ
պէտք
է
ընդունիք
որ
շատ
քիչ,
չըսելու
համար
ոչինչ
գիտէք
այդ
ամենէն։
Առաւելապէս
գիտուն,
թափանցող,
տարօրէն
հմուտ
ու
intuitif
միտքերու
աշխատանք
մըն
է
ասիկա
Այժմու
պայմանները
չեն
ստեղծած
այդ
միտքերը
մեր
մէջ։
Բայց
ֆրանսացիները
իրենց
պատմութիւնը
դրեցին
ԺԹ.
դարուն։
Ու
գիտէք
թէ
այդ
դարուն
գրուեցաւ
Հռովմի
մեծ
պատմութիւնը։
Յոյներու
այլապէս
շահեկան
պատմութիւնը,
առաջին
անգամ
Յուսահատ
չեմ
ուրեմն
կու
գայ
սերունդը։
Կը
հաւաքուին
նախանիւթերը։
Կը
ծնի
մարդը
որ
այդ
ամենը
նետէր
ոտքի,
հսկայական
յիշատակարանի
մը
նման,
մեր
ցեղը
գտնելով
վերջապէս։
Դուրեան
վարդապետի
գործէն
սա
մուտքին
անբաւարարութիւնը
ցաւ
չէ
ինծի։
—
Բայց
անիկա
գրած
է
ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻՆԵՐԸ
Հայոց
Միջին
դարը,
իր
բոլոր
երեսներովը
մեզ
մատչելի
էր
այդ
շրջանով
Ունինք
բոլոր
աղբիւրները,
մեծ
մասը
ականատեսի
յուշագրութիւններ
(մեր
քանի
մը
մեծ
պատմիչները՝
Յովհաննէս
կաթողիկոս,
Թովմա
Արծրունի,
Ա.
Լաստիվերտացի,
յիշելու
համար
միայն
վատերական
գրողները),
արտաքին
պատմութեան
մեզի
անծանօթ
բայց
այնքան
ալ
կարեւոր
գործերը,
թուրքերու,
արաբներու,
բիւզանդացիներու,
/108/
արեւմտեան
ուղեւորներու
ձեռքով
հաւանաբար
գրուած։
Ունինք
տակաւին
անգիր
աւանդութեանց
մեր
հարիւրաւոր
ձեռագիրներու
յիշատակարաններուն
նպաստը։
Ու
ամփոփ
շրջան
մը,
երկու
դարու
վրայ
երկարող
(Ժ.
-
ԺԱ.
)։
Յետոյ,
ինչ
որ
ամենէն
շահեկանն
է՝
ժողովո՛ւրդ
մը,
որուն
թէեւ
կոտրած,
բարոյակա՛նը՝
բայց
դեռ
կանգուն
է
ֆիզիքականը
եւ
Արշակունի
արքաները
անհասկնալի
մարդեր
են,
հեռաւորութեան
որքան
պատմական
պարտասութեան
ենթակայ,
մշշային
ու
անսեւեռ,
(չունինք
գիրքեր,
ԲԻՒԶԱՆԴԸ,
ԱԳԱԹԱՆԳԵՂՈՍԸ
օտարներ
են։
Փարպեցին
մինակն
է)։
Ռուբինեանները
շատ
կը
նմանին
Միջնադարի
ասպետներու։
Բագրատունիները
արեւելքն
են
ամբողջութեամբ։
Արաբ
ճնշումը,
աւազանին
ջնջելու
իրենց
քաղաքականութիւնը,
երկու
կրօնքներու
բախումը
ու
գաղթային
մեծ
տեղափոխութիւնները
այդ
դարերը
կ՚ընեն
անգերազանցելի
աստիճանով
խռովայոյզ,
կենդանի,
փաթեթիք:
Ու
փաստերուն
փաստը,
—
աւերակներու
վկայութիւնը։
Անին
անոնց
ոստանն
է։
Ու
անոր
ոսկորակոյտը
այսօր
ստեղծած
է
Հայկական
ճարտարապետութեան
մը
փառքը։
Ու
արքունիքը
այդ
Բագրատունիներուն։
ճշմարիտ
Միջնադարեան
ասպետներ։
Ու
մեր
մեծ
կրօնականները,
հեքիաթով
ու
սրբութեամբ
ծանրաբեռն։
Ու
դղեակները,
ամրոցները,
դաւերը,
կռիւները,
հերոսութիւնները,
ու
ճակատամարտները։
Արեւելքի
մեծագոյն
ուժերէն
մէկուն,
թուրքին
խուժումը։
Ու
դարաւոր
քաղաքակրթութեան
միջնաբերդը
եղող
Բիւզանդիոնին
անկարելի
կայսրութիւնը
ու
նոյնքան
անըմբռնելի
նահանջը,
կորանքը
Ու
նահատակութիւնը։
Ինչպէս
կը
զգացուի
սա
արագ
թուումին
ընդմէջէն,
գրագէտի
մը
համար
բոլոր
ցանկալի
տարրերը
պատրաստ
էին
երեւան
բերելու
համար
գոնէ
երկու
դար
Հայոց
պատմութեան
մը
արդիական
մէկ
կոթողը։
Դուրեան
վարդապետ
անընդունակ
մէկը
չէր
նման
յաղթանակի
մը։
Իր
մեղքը՝
չմտածելն
էր
նման
պարտքի
մը։
«Որում
բազում
աւանդեցաւ,
առաւել
եւս
պահանջեսցեն
ի
նմանէ»:
Ճիշդ
է
առածը
ոչ
միայն
Յիսուսի
ժամանակներէն
այլ
եւ
այսօր,
թերեւս
միշտ։
Ի՞նչպէս
դատել
իր
աւանդը
Հայոց
Պատմութեան
ընդհանուր
ուսումին։
—
Կ՚ըսեմ
անվերապահ
որ
այդ
գործը
ոչինչ
կ՚աւելցնէ
թէ
իբր
մեթոտ,
թէ
իբր
հում
նիւթ։
Այդ
չորսհարիւր
էջերուն
ետին
չկայ
բան
մը
որուն
անծանօթ
ըլլայինք,
ինչպէս
չկայ
միւս
շնորհը
որով
պիտի
բաւարարուինք
երբ
մէկը
անձնական
կնիքով
մը
մեզի
կ՚ըն
/1
09/ծայէ
մեզածանօթ
բաներ,
խնայելով
մեզի
նեղութիւնը,
առնուազն
տաղտուկը
արդէն
տեսնուածին,
գիտցուածին։
Բայց
ատկէ,
այսինքն
Հայոց
Պատմութեան
կալուածէն
դուրս
այդ
գիրքը
—
անարժան
չէ
իւմանիստ
իր
կազմութեան
ու
անունին։
Ըսեմ
նորէն,
անհրաժեշտաբար,
թէ
չանցնիր
անկէ
անդին
գործին
առաջին
կէսը
հասարակ
պատմում
է
անշուշտ
ու
նիւթը
նորոգել
ձգտող
պրպտումները
հետեւակ
ձեռնարկի
մը
պէս
կը
տպաւորեն
կարդացողը։
Գործին
երկրորդ
կէսը,
այսինքն
երկու
հարիւրէ
քիչ
մը
աւելի
այն
էջերը
որոնք
ծրագրած
են
Բագրատունի
ինը
արքաներու
երկու
դարերը
սեւեռել,
դասական
նպատակներու
ենթակայ
մնալով
հանդերձ,
ու
ըլլալուն
հակառակ
խորապէս
անբաւական
մտադրուածը
նուաճելու,
չեն
կործաներ
Դուրեան
Սրբազանի
վարկը,
ինչպէս
ըրին
ատոր
կրկինը
էջեր,
Հայոց
մատենագրութեան
պատմութեան
եւ
յարակից
հարցերուն
նուիրուած։
Նիւթին
նպաստը
դիմաւորեց
գրագէտին
անփութութիւնը,
անբաւարարութիւնը,
կեցուածքին
անլրջութիւնը։
—
Դպրոցականներու
համար
ֆորմա
լեցնելը
թուրք
վարժապետներուն
փառասիրութիւնն
էր
ատեն
մը։
Ու
մենք
միշտ
պիտի
արժեւորենք
մեր
միտքին
զաւակները,
երբ
մեր
զգայարանքներուն
հանդէպ
կը
համարձակինք
կասկածիլ։
Դուրեան
Սրբազան
այրած
է
հարիւրաւոր
քերթուածներ։
Լաւ
նշան։
Այրած
է
1890ի
մատենագրական
իր
դասերը
հերոսութիւն։
Կրնա՞նք,
ունի՞նք
իրաւունք՝
պահանջելու
նման
խստադատութիւն
«Ազգային
պատմութեան»
դաuերուն
համար։
—
Չեմ
կարծեր։
Դուրեանի
ղիրքը
արժանիքներ
ունի։
Անիկա
զերծ
է
ա)
—
Միամիտ,
անծակ
ռոմանթիզմին,
աւանդութեան
վրայ
ամրախարիսխ
կառչելու
անփառունակ
հպարտանքէն,
մեր
ամէնականը
կատարեալ
յայտարարող
ինքնաբաւութենէն,
ու
մանաւանդ
մեր
պատմութիւնը
պատնէշեալ
կալուած
մը
նկատող
պահպանողականութենէն.
—
բոլորը
միտքի
ձեւեր՝
որոնք
մեր
նոր
ժամանակները
մինչեւ
կը
կազմէին
դպրոց,
հանգանակ,
ու
կը
սպառնային
նորոգման
ամէն
փորձի։
ԺԸ.
դարու
Վենետիկը,
ու
ԺԹ.
դարու
առաջին
կէսի
Պոլիսը
վառարաններն
էին
այս
մտայնութեան։
բ)
—
Անորակելի,
ապուշ
տղայականութենէն,
շահատիրական
ստոր
փառասիրութենէն,
գրավաճառի
հոգեբանութենէն
որոնք
մինչեւ
հայկական
ջարդերը
ներկուած
ազգասիրութիւններ
կը
նկատուէին,
անանուն
վարժապետներու
սանկ
ու
նանկ
համբաւ
մը
գահաւորող,
երբ
Հայոց
Պատմութեան
ընթացքի
մը
ճակատին
(յա/110/ճախ՝
սկիզբէն
մինչեւ
մեր
օրերը)
կը
տեղաւորէին
իրենց
եռամեծ
անումները։
Նրա
գրավաճառները
գաղտնիքը
ունէին
սնտուկ
սնտուկ
գիրքերը
իբրեւ
ապրանք
կասկածոտ
Թուրքիոյ
բոլոր
անմատչելի
խորշերը
առաքելու,
ու
տուն
տունի
ետեւէ
կը
կանգնէին,
Հայոց
Պատմութեան
անսխալ
ֆերման
այդքան
ճոխաբար
շահագործելով
գ)
—
Պատուելիութենէն
(որ
գէշ
կը
թարգմանէ
ֆրանսացիներուն
pédantisme-ը),
որ
գոյութիւն
ունեցող
ամէն
նիւթ
պիտի
ձգտի
արժեւորել,
պիտի
ծանրաբեռնէ
ինքնին
կճող,
մութ
նիւթը
մեր
պատմութեան,
հոսկէ
ու
հոնկէ
ճարուած
տեղեկութիւններու
սթոքը
նետելով
կրկէս։
Պիտի
դիզէ
փաստ,
վկայութիւն,
թիւ,
թուական,
ձեռագիր
ու
եւրոպական
մատենադարաններու
փոշիներէն
վերբերուած
գոհար
յիշատակարաններ
մէկ
ու
նոյն
թշուառ
դիւանին
մէջը
Հայոց
Պատմութեան
(Վիեննական
առաջին
դպրոցը),
ըսելու
համար
Վենետիկցիներուն
դար
մը
առաջ
ըսածը,
քիչիկ
մը
բարեփոխեալ,
ճոխացեալ։
Դպրոցին
մեծ
Ներոնն
է
Գարագաշ։
դ)
—
Չոր
—
ամուր
—
գիտական
հմտութենէն,
որ
կը
կազմէ
Վիեննացիներուն
ուրիշ
մէկ
մեղքը,
առաջինին
չափ
ծանր։
Կ՚ակնարկեմ
գերմանական
մեթոտին,
ուրկէ
փոխադրում
մըն
է
անիկա
մեր
մէջ
եւ
որ
սխալը
կը
յաւերժ
է
իրարու
մօտ,
բայց
իրարու
անվերածելի
երկու
կրթանքներ
անխտրաբար
կիրարկելու
բանասիրութեան
եւ
պատմութեան
մէջ։
Չեմ
սահմաներ
այս
եզրերէն
առաջինը
ու
անոր
մեծ
օրէնքները,
դուրս
գտնելով
զանոնք
իմ
ձեռնհասութենէն։
Երկրորդին
մէջ,
հմտութիւնը
հեռու
արհամարհելէ,
նախապայման
ընդունելով
հանդերձ,
չեմ
բարձրացներ
անխելք
գերագահութեան
մը,
որ
ապրող
խմորը
ժողովուրդներու
կեանքին
(պատմութեան
ամենէն
արդար
տարազումներէն
մէկը)
ստիպուած
է
ուշքի
կեդրոնէն
հեռու
պահելու
ու
կը
գոհանայ
վիճակագրական
մեթոտներուն
ապահովութեամբը,
չըսելու
համար
անսխալութեամբը։
Ապրող
մարմիններու
համար
շատ
ուժեր
կը
գործեն։
Ու
մեռած
բաներուն
մեթոտը
անատակ
է
անոնց։
Վիեննացիներուն
նոր
դպրոցը
(Տաշեան,
Մենէվէշեան,
Գալեմքէրեան,
Ակինեան)։
ե)
–
Արկածախնդրական
տեսութիւններու
սնոտիքէն,
ռոմանթիզմէն
(շրջուած
ու
ատով
աւելի
անտանելի,
վասնզի
հմտութեան
շուրջպարը
կը
պարտկէ
այդ
ցուցամոլութիւնը),
որոնք
քննադատ
դպրոցի
յերիւրանքները
մեծաբարբառ
պատգամեցին,
երբ
փաստերը
կը
մնային
միշտ
նոյնը,
տարրական
ու
խախուտ։
Չեմ
գիտեր
ի՞նչն
էր
իրաւունք
տուողը
մարդոց,
որպէսզի
Հայոց
Պատմութեան
աւանդական
ֆերմային
վրայ
աւելցնէին
նաեւ
քննադատական
ածականն
/111/
ալ,
երբ
այնքան
քիչ
բան
աւելցած
էր
մեր
նախանիւթերուն
մթերքին,
Ալիշանէն
ասդին
Գարագաշ,
որ
այդ
պիտակով
պատմութիւն
մը
ունի,
կը
կարծէ
արդարացնել
ֆերման,
Հայոց
Պատմութեան
քանի
մը
դէմքերուն
շուրջ
(Ս.
Մեսրոպ,
Վասակ
Սիւնի,
Արշակ
Բ.,
Պապ
եւն.
)
տեսակէտներ
պաշտպանելով,
որոնք
դէմ
երթային
պատմութեամբ
մեզի
հասած
վճիռներուն,
մտավիճակներուն։
զ)
—
Յայսմաւուրքեան
երկարաբանութենէն,
որ
համաբարբառներու
եւրոպական
մեթոտին
կրկնութիւնն
է
Հայոց
Պատմութեան
վրայ։
Ատոր
մեծ
հերոսը
Օրմանեան
Սրբազանը
եղաւ
իր
ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄով,
ուր
միակ
արժանիքը
ծրագիրը
միայն
կը
մնայ
եւ
խոշոր
վրիպանք՝
գործադրումը։
Առանց
գրագէտէ
մը
պաշտպանուելու,
որեւէ
գործ
որ
այդքան
լայն
մտադրութիւններ
կը
հետապնդէ,
տարբեր
ճակատագրի
մը
չէր
կրնար
արժանանալ։
Սա
քանի
մը
նկատումները
կը
թելադրեն
անշուշտ
առաւելութեանց
կշիռ
մը։
Բաղդատութեան
գետնէ
մը
սակայն։
Իրենք
իրենց
անոնք
չեն
երաշխաւորեր
պատմիչը,
դժնդակօրէն
պակսող՝
մեր
նոր
գրականութեանց։
Անոնք
Դուրեան
Սրբազանի
զգուշաւոր,
անյաւակնոտ
ու
քիչիկ
մըն
ալ
զգացական
կեցուածքը
կը
լուսաւորեն,
կ՚ընեն
աւելի
հասկնալի
անոր
մէջ
կարելիութիւններ։
Ու
այդքան։
Անոնցմէ
անդին
չգրուած,
Հայոց
Պատմութեան
գիրքը
[23]
վրիպանքն
է
սակայն
նոյն
մարդուն,
ծանր,
դժնդակ,
այնքան
որքան
եղած
էր
ատիկա
Հայոց
մատենագրութեան
պատմութեան
առիթով։
*
*
*
/112/
Իւմանիստ
երկու
մեծ
կալուածներուն
վրայ
տեսնելէ
վերջ
Դուրեան
Սրբազանի
ճիգը,
ասոր
արդիւնքը
ու
իր
կարգին
այս
արդիւնքին
ալ
տարողութիւնը,
կը
սեղմեմ
վերլուծումին
շրջանակը։
Նոյն
կրթանքին
հետ
անուղղակի
կապեր
ունին
անոր
միւս
աշխատասիրութիւնները։
Ասոնց
ՀԱՅՈՑ
ԴԻՑԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ
նուիրուած
գրքոյկը,
Վիեննական
մասնաւորումով
մը
գրուած,
գրեթէ
դուրս
է
գրականութենէն,
ծանօթոյքներու
ընթացիկ
հանգամանքէն
չտարբերող,
գրուած՝
առանց
մեծ
գաղափարներին
պաշտպանուելու։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ԿՐՕՆՆԵՐՈՒՆ
թարգմանածոյ
դպրոցական
աշխատանք
մըն
է։
Նոյնն
է
ԲԱՐՈՅԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Նոյնը
ԴԱՍԱԿԱՆ
ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ,
որոնք
ֆրանսերէն
դասագիրքերու
համառօտագրութեանց
հայացումներն
են։
Ու
չեմ
գիտեր
պատճառը,
որ
զանոնք
մղած
ըլլայ
հրատարակելու։
Բոլոր
այս
գիրքերուն
մէջ
ուսուցիչի
մը
մտահոգութիւնը
միայն։
Անոնք
բեռն
են
Դուրեան
Սրբազանի
յիշատակին։
Քիչ
է
ըսելիքս,
դարձեալ
իր
անջատ
յօդուածներուն
մասին,
բարոյախօսական
եւ
կրօնական
որոշ
բարեխառնութեամբ։
Անոնք
մուտք
ունին
Զ.
հատորին
մէջ
Ամբողջ.
Երկերուն։
Ոմանք
կը
կրեն
վերտառութիւնը
կրօնա–փիլիսոփայական
յաւակնոտ
տարազին,
անտեղի
կերպով
մը
բռնադրուած
իրենց
ճակտին,
հրատարակիչներուն
կողմ
է,
քանի
որ
անոնցմէ
եւ
ոչ
մէկը
այդ
տեսակ
պատուանիշով
մը
չէր
երեւցած
հայոց
մամուլին
մէջ։
Անոնք
հասարակ
լրագրական
մանրուք
են,
պուտ
մը
մտածումով
իւղոտած,
բայց
չափազանց
աժան։
Սովորական,
ու
մանաւանդ
հիմնովին
վիրաւոր
ալ
են
1900ի
բռնազբօսեալ
արձակին
բոլոր
մեղքերովը։
Իբրեւ
գաղափար
անոնք
այնքան
աղերս
ունին
վիլիսոփայութեան
որքան
Պիւթագորի
աղիւսակը՝
անհունական
հաշիւին։
Որեւէ
լրագրող,
առանց
տող
մը
բան
կարդացած
ըլլալու
այդ
փիլիսոփայութենէն
(զոր
այնքան
աժանցուց
մեր
1900ը)
պիտի
կրնար
ստորագրել
զանոնք,
աւելի
շնորհալի
թերեւս,
ու
աւելի
նուազ
դատապարտութեամբ
գոնէ
ձեւին
մէջ
սահելով
սանկ
սահուն
վայելչութիւն
մը։
Տասնով
քսանով
էին
մեր
մէջ,
այդ
օրերուն
այդ
անմահները
որոնք
խմբագրական
երկու
սիւնակ
իմաստութիւն
կրնային
ածել
մէկ
ժամուան
մէջ,
խմբագրատան
թոհուբոհին
խորը
սուզուած,
ճգնելով,
թքնելով,
հայհոյելով,
հիւր
ընդունելով
ու
նոյն
ատեն
ալ
իրիկնաթերթին
համար
իմաստասիրելով։
Դուրեան
Սրբազանի
մօտ
անընտելութիւնը
պատճառ
է
այդ
յօդուածներուն
ունայն
պոռոտութեան,
զի
դժուար
էր
անոր
իր
/113/
ժամանակին
դառնալ,
անմիջապէս
հասցնելու
համար
պոլսական
թերթերուն
ու
հանդէսներուն
պաղատագին
հայցուած
յօդուածը
տօնական
կամ
բացառիկ
թիւերու
համար,
ինչպէս
կ՚ընէին
մարդիկ
շահագործելով
հրապարակին
փառքերը։
Զուտ
կրօնաչունչ
իր
յօդուածները,
որոնցմէ
ամենէն
ծաւալունները
լոյս
տեսան
Սիոնի
մէջ,
իր
պատրիարքութեան
շրջանին,
դուրս
կը
մնան
Զ.
հատորէն
Ու
լաւ
կ՚ընենք
եթէ
երբեք
չխանգարենք
անոնց
յաւիտենական
քունը։
Դուրեան
Սրբազան
գրապաշտ
միտք
մըն
էր
ու
զուրկ
ոգեղէն
սուզումներու
ախորժակէն
որքան
կարողութենէն։
Այս
ճնշումը
անոր
համար,
որովհետեւ
փիլիսոփայութիւնը,
կրօնքը
իբր
հայեցողական
զբաղումներ
կը
պատկանին
խառնուածքի
կալուածին։
Կը
մնայ
փակել
այս
ընդարձակ
գլուխը
թեթեւ
ակնարկով
մը
իր
այն
կտորներուն
վրայ,
որոնք
գրական
վերտառութեամբ
կը
գրաւեն
Զ.
հատորին
վերջին
յիսուն
էջերը։
Գրականը
թարմատար
է
այնքան
որքան
փիլիսոփայականն
էր
քիչ
վերը։
Այդ
յօդուածները
ուրիշ
բան
չեն
եթէ
ոչ
միեւնոյն
պայմաններուն
մէջ,
միեւնոյն
նպատակներով
գրի
առնուած
լրագրական
յօրինումներ,
միշտ
լրագրի
վարիչներուն
կամ
տարեգիրք
կազմողներուն
թախանձանքին
զիջուած։
Կը
տարբերին
քրոնիկէն,
վասնզի
լրագրին
դէմ
բնազդական
վերապահութիւն
մը՝
Սրբազանը
մղած
էր
որդեգրելու
քիչիկ
մը
ընդհանուր,
օրէն
վեր
տարողութեամբ
ձեւ
մը,
օրուան
նիւթը
մշակելու։
Անշուշտ,
մնալով
բաղդատական
կշիռներու
առջեւ,
այդ
կտորները
կարժեն
աւելի
քան
փիլիսոփայականները,
քանի
որ
ասոնք
մօտէն
իսկ
չեն
անցած
իմաստասիրական
կրթանքին
ու
գրականութիւնը
պոլսեցիներուն
համար
միակ
ընտանիք,
կարելի
կրթանքն
էր
իմացական
գործունէութիւններէն
Բայց
վար
կը
մնան
գրականին
ալ
պարզ
արժէքէն,
վասնզի
Դուրեան
Սրբազան
entiché
էր
իմաստասիրականով,
1880ի
բոլոր
վարժապետներուն
նման,
սկսելով
Գարագաշէն
մինչեւ
Եղիա,
Չերազ,
Պէրպէրեան։
Գրական
անունին
տակ
ոչ
մէկ
կտոր
մեզ
կը
գոհացնէ
այսօր
այդ
մարդէն։
Կարդացեք
ՍԱՀԱԿ
ՄԵՍՐՈՊԸ,
գրուած
տօնական
ներշնչումներու
ընդմէջէն
ու
ըսէք
ինծի
թէ
ի՞նչ
է
նպատակը
այդ
մարդիկը
այդպէս
կենդանագրելու։
Ոչինչ,
այդ
էջերուն
ներսը
որ
ըլլար
մեզի
անծանօթ։
Համաձայն
եմ
որ
մեր
պատմութեան
ամէնէն
ծանօթ,
մաշելու
աստիճան
ձեռնուած
անուններուն
նորը
ըլլայ
անկարելիութիւն։
Բայց
ասիկա
կրկնապէս
պատճառ
էր
ըլլալու
գիտցուածը,
արդէն
ըսուածը
մեզի
կրկին
քշելու
մեղքէն
զգուշանալու:
ՍԱՀԱԿ
ԵՒ
ՄԵՍՐՈՊը
ոչ
նորացում
է,
ոչ
հմտութիւն,
ոչ
ալ
այդ
մարդերը
տեսնելու
իւրայատուկ
կերպէ
մը
վկա/114/յութիւն
մը։
Քարոզ
խօսելու
վարժանք
մը՝
հաւանական
զսպանակը
այդ
քանի
մը
էջերուն։
Քիչ
զեղուն,
զգաստ,
զգուշաւոր
իմացականութիւն,
Դուրեան
Սրբազան
անշուշտ
այդ
անուններուն
առջեւ
մեզի
խնայած
է
Խրիմեանի
կամ
Սրուանձտեանցի
մը
հռետորական
խոյանքները,
իրենց
ծիծաղելին,
բայց
չէ
նորոգած
այդ
մարդերը,
առնուազն
չէ
ազատագրած
զանոնք
պատմութեան,
առասպելին,
մեթոտին
մշուշէն։
Վասնզի,
ինչպէս
դիտել
տուի
մատենագրութեան
մասին
նշմարներուս
մէջ,
այդ
մարդերը
իսկապէս
մեծ
մարդեր
էին,
ու
մեծ
մարդը
կը
պատկանի
ամէն
ժամանակներու։
Բոլորովին
ներելի
տափակութիւն,
սովորականութիւն,
անկնիք
պատկերացում,
այդ
մարդոց
դիմաց
այնպիսի
գրողներու
համար,
որոնք
պիտի
փորձուին
տալ
զանոնք,
երբ
կը
կոչուին
Գարագաշ
կամ
Հ.
Ակինեան։
Բայց
աններելի
նման
անփութութիւն
Դուրեան
Սրբազանի
համար
որ
բարձի
գիրք
ունէր
Ռընանը,
Թէնը,
Սէնթ–Պէօվը։
Գրականներէն
ամենէն
յաջողը
Ա.
Բ.
Գ.
Ի
ԴԱՍԸ,
եպիսկոպոսացման
առթիւ
Ս.
Մեսրոպի
գերեզմանին
վրայ
կարդացուած
ուխտէ
մը
ներշնչուած։
Կ՚ընդունիմ
նիւթին
խռովիչ
հրապոյրը,
արեւմտահայ
վարդապետի
մը
համար
որ
ծունկի
կու
գայ
մեր
ամենէն
տարօրինակ
մարդուն
շիրմաքարին
առջեւ։
Բայց
որքան
նրբութի՜ւն։
Որքան
սնոտիք,
մեր
1900ի
rococo–էն։
Կը
կարդանք
կտորը,
յուզուելու
տեղ
տրտմելով,
նեղուելու
աստիճան
այդ
չորնալիք
բառակոյտով,
որ
մեր
իրապաշտներուն
առոյգ,
արու,
մարդկային
քրոնիկը
այդպէս
ոuին
մրցանքի
մը
վերածեց
ու
մեռաւ
1910ին։
Սրբազանը
անկարող
կը
հանդիսանայ
հոն
իրական
տեղ
մը
դնելու
մեր
աչքերուն
առջեւ,
անշուշտ
սարսափիին
տակը
նկարագրելու
մոլութեան,
միւս
կողմէն
իյնալու
համար
հոգեկան
նկարագրութեան
նոյնքան
ոսին
մոլութեան
մէջ։
Հոգեբանութիւն
փորձելու
ձախող
կերպն
էր
ատիկա։
Ու
փոխանակ
ունենալու
հայրենի
տեսարաններէն
գրաւիչ
անկիւն
մը,
որ
իբր
գոյն
ու
իրականութիւն
առնուազն
անմոռանալի
էջ
մը
կրնար
դառնալ,
մենք
կը
պարտաւորուինք
հանդուրժել
յուզումէ
զուրկ,
կեանքէ
չայցուած,
չէզոք
վայրի
մը
տարտամ
պատկեր
մը։
«ՕՇԱԿԱՆԻ
ԱՆՀՈՒՆ
ՄԵՌԵԱԼ»ը
արժանի
էր
աւելիին։
Ահա
իւմանիստ
կրթանքին
մեծ
կողմերը,
իր
մօտ։
Կը
լռեմ
ուսուցչէն
զոր
եղաւ
երբեմն
նուիրումով,
յաճախ
օգուտով,
միշտ
մեծ
ձեռնասութեամբ,
սերունդ
պատրաստողի
լայն
շնորհներով
ու
հզօր
գրաւչութեամբ
բայց
որուն
ստորոգելիները
չեն
պատկանիր
գրականութեան։
Կը
լռեմ
իր
դասագիրքերէն
(գրաբարի
ուսուցման
նուիրուած,
որոնք
անարժան
են
իր
մեծ
արժանիքներուն։
/115/
Շատ
մեծ
ուսուցչի
շատ
խեղճ
այդ
գիրքերը
արդեն
չեն
առնուած
ամբողջ:
Երկերուն
մէջ։
Չունինք
ձեռքի
տակ
իր
քարոզները,
որոնց
մասին
այնքան
հիացիկ,
խանդոտ
էջեր
ստորագրած
է
Թորգոմ
Սրբազան,
բայց
որոնցմէ
իմ
տպաւորութիւնս
չի
պատասխաներ
նոյն
խանդին։
Սրբազանը
չունէր
խօսքին
դժուարութիւնը։
Երբեմն
կը
գտնէր
ներշնչում։
Բայց
չէր
իջնար
սիրտերու
խորը,
բացի
այն
պահերէն
ուր
նիւթն
ու
անձը
հաշտ
էին
իրարու։
Սրբազան
պերճախօսութիւնը
ատեն
մը
մարզին
մէջն
էր
գրականութեան
Այսօր
անիկա
անճարակ
բանգէտներու
ձեռքին
տակ
դարձած
է
ուրիշ
իրողութիւն:
Հիմա,
բեմէն
խօսքը
եթէ
չուղղուիր
երկինքէն
առնուածներու,
դժուար
կը
բանայ
իր
ճամբան
դէպի
հոգիները
պարզ
մարդերուն։
Ֆրազ,
ոճ,
փայլ,
հռետորական
շնորհներ
փոխարինած
են
բուն
խօսքին
կեանքը
մեզմէ
ներս
ինչպէս
թատերական
բեմին
տեգորը
հալածած
է
արուեստին
խռովքը։
Հիմա
կը
կենանք
խօսողին
դէմք,
անոր
ըսածներէն
աւելի
ըսելու
կերպին
ընկալուչ
հոգիով։
Այդ
ուղղութեամբ
Դուրեան
Սրբազան
օժտուած
մըն
էր։
Բայց
գիրի
տակ
իյնալէ
վերջ
իր
խօսքը
կը
դառնար
բառերու
պալատ,
ուր
մարած
ըլլային
շողիւնները
հողեղէն
կայծերուն։
[1]
Չփորձեցի
տաղանդի
երեսներու
արտահանում,
վասնզի
իւմանիզմը
միտքի
ձեւ
մը
եւ
ոչ
թէ
տաղանդ:
Դուրեան
Սրբազան
բանաստեղծ
մերն
է,
այսինքն
մէկը
անոնցմէ
որոնք
միակ
կողմով
մը
իրենք
զիրենք
կ՚ազատագրեն։
Ու
այդ
կողմը
–
այս
անգամ
ամբողջ
տաղանդը
—
Դուրեան
Սրբազանի
մէջ
բաւ
է
ինքնիրեն:
Եւ
սակայն
Դուրեան
Սրբազան
նորէն
այն
միակ
մարդն
է,
որուն
գործը
բազմաթիւ
ու
տեսակ
հարցեր
կը
դնէ
դատողին
առջեւ։
[2]
Դուրեան
Սրբազանի
մատենադարանը
սրտառուչ
օրինակ
մըն
է
զոհողութեան,
բառին
տալով
կարելի
ընդարձակութիւն։
Կ՚ըսեմ
այսպէս,
աչքի
առջեւ
ունենալով
բանասիրական
հատորներուն
թանգ
գինը
(որովհետեւ
tirage-ը)
ու
Սրբազանին
նիւթական
միջոցները։
Այդ
պայմաններուն
տակ,
անիկա
կազմած
էր
արեւմտահայոց
մէջ
իր
նմանը
չունեցող
իր
գրքերու
պալատը։
Բայց
ահա
աւելին։
Այդ
գիրքերը
անոր
համար
հիւրեր
կամ
արձաններ
չէին։
Անիկա
այդ
Լիլլիբուտեան
հսկաներուն
հետ
գրեթէ
ամէն
ժամեայ
յարաբերութեան
մէջ
էր։
Ու
ձեզմէ
քիչեր
ծանօթ
են
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
յիմար
ընդօրինակիչի
մը
սխալը
ճշդելու
համար
երբեմն
տասնով,
քսանով
քանի
մը
լեզուներէ
կարդալ
ու
կարդալ,
ու
մտածել,
կասկածը
փարատելու
ճիգին
մէջ
սպառելով
ամենէն
քիչ
բանը
կեանքի
մը
—
ժամանակը։
Խուլ
հեշտանքի
զգացումը
այդ
մշտաշար
ջանքին
մէջ
կը
վերածուի
տանջանքի։
Յետոյ
աւելին։
Տարիներու
քրտինք
արժող
գործ
մը
յաճախ
կը
դիմաւորէ
անփառունակ
ալ
ճակատագիր
մը,
վախճան
մը։
Դուրեան
Սրբազանի
գործը
չկշռուեցաւ.
արժանաւոր
լրջութեամբ։
Ասպարէզէն
բանասէրները
չէին
հանդուրժեր
այս
վարժապետին
կտորը
որուն
կը
պակսէին
մագաղաթները
գերման
համալսարաններուն։
Միջին
ընթերցողը
չէր
խանդավառ
Սրբազանին
շատ
նուրբ
մտածման
գնացքէն։
Թերեւս
իր
ալ
պայծառ
դատումը
իր
գործին
վրայ,
քանի
որ
լուսանցքէն
անդին
չախորժեցաւ
յանդգնիլ
ու
մանր
իրերու
–
հիմա
կ՚ըսեն
մանրուկ
—
տեսակ
մը
հաւաքիչ
դաւանելու
ինքզինքը։
Համեստութիւնը
երբեմն
տառապանք
մըն
է։
[3]
Խոշոր
ու
ոչ
բոլորովին
լուծուած
վէճ
է
նկարագիրը
այդ
տիսիփլինին։
Գաղտնիք
չէ
որ
ժամանակակից
քննադատութիւնը
յայտնի
հաճոյքով,
չըսելու
համար
չարամիտ
յաւակնութեամբ
նեղցուցած
է
տիսիփլինի
մարզը,
անկէ
դուրս
ձգելով
մէկէ
աւելի
կրթ
անքներ,
որոնք
նոյնիսկ
դար
մը
առաջ
կը
ներկայացնէին
գրականութեան
բարձրագոյն
սեռեր։
Այսպէս
ԺԹ.
դարը
շատ
յատկանշական
կեցուածք
մը
որդեգրեց
պատմութեան
դիմաց,
զայն
գրականութենէն
վտարելու
իր
բուռն
խաչակրութիւնը
պաշտպանելով
հզօր
փաստերով,
ոչ
ստեղծագործ
կրթանք
մը
միայն
տեսնելով
աշխատանքի
մը
մէջ՝
որ
դարեր
շարունակ
ներշնչման,
ոգեւորման
բեմ
մըն
էր
հանդիսացած
արեւմտեան
մէ
ծ
ազգերու
մշակոյթին
մէջ:
Ան,
արդի
քննադատութիւնը
չէր
կրնար
անշուշտ
տապալել
անուններ,
որոնք
կը
կոչուին
Միշէլէ,
Ռընան,
ԹԷն,
Սէնթ-մէօվ,
Մազօրել,
Մոմսըն,
Քարլայլ,
յիշելու
համար
քանի
մը
խորհրդանշական
դէմքեր։
Բայց
դիտեցիք
հարկաւ
որ
այս
մարդերը
միայն
չեն
պատմած։
Անոնք
մտածողներ
ու
համադրողներ
են
նոյն
ատեն.
երբեմն
վիպասանէ
մը
աւելի
լաւ
գիտեն
իրենց
պատմումը
կենսաւորել
ու
տռամաթիք
գործողութիւնները
կը
վարէն
թատերագիրէ
մը
աւելի
տագնապով։
Ասոնց
տաղանդովը
պաշտպանուած,
պատմութիւնը
գրականութեան
կը
պատկանի,
ոչ
իր
նիւթով
այլ
նիւթը
շահարկելու
կերպովը։
Ուրիշ
օրինակ՚
ճակատագիրը
բարոյախօսութեան,
պերճախօսութեան,
որոնք
առանձին
առանձին
անմահացուցած
են
մէկէ
աւելի
անուններ
(Տեմոսթենէս,
Կիկերոն,
Սենեկա,
Լապրիւյիէր,
Պոսիւէ,
յիշելու
համար
քանի
մը
համբաներ,
գրեթէ
խօսքի
եւ
հոգեկան
վերլուծման
կրկէսէն
մեզի
հասած)
բայց
որոնք
այսօր
չեզոքացուած
են,
չըսելու
համար
ընդմիշտ
վտարուած
գեղեցիկ
դպրութեանց
մարզերէն։
Եւ
սակայն
ոչ
ոք
կ՚անգիտանայ
մեր
օրերուն
մէջ
խօսքին
ուժըորով
կայսրութիւններ
կը
լաստակերտուին:
Ու
չկայ
ընթերցումի
համար
այնքան
խռովիչ
նիւթ
որքան
հոգեղէն
խորհուրդը
մարդկայնացնող
ճիգը։
Այսպէսով
է
որ
իրենց
ազդեցութիւնը
ունեցան
միտքերու
եւ
հոգիներու
վրայ
Կիւյօ,
Նիցչէ,
Քէյզերլինկ
—
մարդեր
որոնց
գործին
վարձը
պայմանաւոր
է
հոգեբանական
խոր
վերլուծումներով։
Ընդմիշտ
մեռած
է,
արտաքսուելէ
վերջ,
գրական–իմաստասիրական
որակուած
որձեւէգ
խօսքը,
որ,
uանկ
1850–ի
դռներուն
ամբոխներուն,
պատանիներուն,
լրագրի
ասպետներուն
բերնէն
ջուր
կը
վազցնէր,
յարդարելով
անըմբռնելի
համբաւներ
(Վ.
Քուզէն,
բարիին
եւ
գեղեցիկին
ծիծաղելի
տրիբունը,
Հէկէլ՝
պատմութեան
անգոյ
փիլիսոփայութեան
մը
անկարելի
տեսաբանը,
Վ։
Հիւկօ,
մտածելու
արար
քին
հիմնովին
անատակ
մարդու
մը
խրտուիլակը)
գրականութենէն
ներս:
Իբրեւ
նախապայման
ու
անհրաժեշտ
տարր,
ստեղծումը
կը
կազմէ
գրական
տիսիփլինի
ամենէն
կարեւոր
ազդակը։
Գրական
է,
հիմա,
գործը
ուր
fictionը,
imaginationը
կուտան
նկարագիր:
Այս
հիմնական
տեսակէտը
կ՚արտօնէ
վէպը,
թատրոնը,
բանաստեղծութիւնը
(իր
բոլոր
տեսակներով)
ու
անսպասելի
կերպով
մըն
ալ
քննադատութիւնը
(իր
բոլոր
տեսակներով,
որ
գիրքերու
շուրջ
հիներու
բարոյախօսութեան
նորոգեալ
մէկ
ձեւն
է
թերեւս։
Դժուարութիւնը
կը
ծագի
այն
ատեն
երբ
հմուտ
պատմող
մը,
նոյն
անձին
մէջ
կը
պաշտպանուի
նոյնքան
հզօր
ստեղծագործ
շունչէ
մըն
ալ։
Մեր
մէջ
Դուրեան
Սրբազանը
կը
մնայ
ամենէն
սիրելի
նմոյշը
այդ
գիծէ
մարդոց։
Ու
ասիկա
եւ
արդարացնէ
այս
փարակրափը։
[4]
Կը
յիշեմ
Եզնիկը,
որ
ամենէն
առատ
նիւթ,
վէճ,
բառ
ու
ջերմութիւն
թելադրող
անուն
մըն
էր:
Եւրոպացի
գիտուն
մը
Լ.
Մարիէր
գտաւ
սակայն
այդ
մարդուն
աղբիւրները
ու
վերջ
դրաւ
մէկէ
աւելի
պատրանքներու:
Ինծի
համար
Եզնիկը
թարգմանութիւն
մըն
է,
ու
այդքան։
Մեր
հին
մատենագրութեան
ամենէն
ականաւոր
գիրքը
երբ
կը
գտնէ
իր
ճշմարիտ
պատկերը
պէտք
չէ
յուսալքէ
զմեզ:
Թարգմանութիւն
մը
ազգային
արժէք
չէ
անշուշտ։
Բայց
այդ
դարուն
մեր
միտքը
իրերը
տեսնելու
ուրիշ
եղանակ
չունի։
Ու
մեր
բանասիրութիւնը
մեր
միտքին
սպասը
միայն
պարտաւոր
է
հետապնդելու:
[5]
Նմանութիւնը
ժամանակով
ու
ոգիով
կը
պատշաճի
մեզի
ալ։
Զուտ
հաւաքչական
նկարագիրը
ԺԹ.
դարու
Մխիթարեան
ճիգին,
յաջորդ
դարուն
կը
փոխուի,
կը
նորոգուի
թերեւս
անգիտակից
ճնշումին
տակը
տիրող
մտածողութեան,
արեւմտեան
մեծ
ոստաններու
մէջ։
Վիեննացիները
որդեգրած
են
դերը,
ու
առաջին
անգամ
փորձը
ըրած
հաւաքումներէն
բարձրանալ
ընդհանուր
գաղափարներու։
Հայ
լեզու,
դասական
հայերէն,
հայ
պատմութիւն,
աշխարհարարը
(իբր
լեզու
եւ
շրջափոխութիւն),
հայ
դպրոցներ,
կը
վերածուին
մասնագիտական
յղաց
քներու:
Դժբախտութիւնը
հոն
էր
որ
այդ
տարազները
գործն
էին
անորոգուած,
չփոխուած
մարդոց։
Լեզուն
անոնք
վերածեցին
քսան–երեսուն
տարիներու
շրջանի
մը
ու
ստեղծեցին
տակաւ
հայերէն
հեքիաթը։
Հայոց
գրականութիւնը
մատենագիտութիւն
մը
դարձաւ,
հեղինակներու
կենսագրութեամբ
ու
գործերու
յիշատակմամբ։
[6]
Ինչ
աւելի
տպաւորիչ
օրինակ
սա
վիճակէն
քան
այն
անհուն
աշխատանքը,
զոր
Արշակ
Չօպանեան
նուիրած
է
մեր
հին
մատենագրութեան
մէկ
որոշ
մարզին.
—
ժողովրդական
գրականութեան`
գլխաւորաբար
կազմուած
աշուղներու
տաղերով,
երգերով։
Հաւաքուած
հում
նիւթը՝
ասոր։
Թարգմանութիւնները
(ֆրանսերէնէ)
տանելի,
հեղինակների
շուրջ
ծանօթոյքը՝
բաւարար։
Բայց
երբ
հաւաստէք
իր
La
Roseraie
d'Arménie
եռահատոր
գործը,
ձեր
մտքին
մէջ
չի
գոհանար
այդ
ամենը
թելադրող
անմահ
խմորը,
այդ
ժողովուրդը:
Արշակ
Չօպանեան
բանասէր
մը
չէ
(թէ
եւ
Վիեննացիները
զինքը
չարաչար
պատուեցին
այդ
տիտղոսով),
ըսել
կ՚ուզեմ
ամուլ
հաւաքիչ
մը,
քանի
որ
ստեղծագործ
միտքի
որոշ
տիպար
մը
եղած
է
իր
լայն
ասպարէզին
որոշ
շրջաններուն։
Եւ
սակայն
իր
վրիպանքը
չի
պաշտպաներ
Հ.
Ն.
Ակինեանի
այլապէս
անկանգնելի
կորանքը,
նոյն
այդ
հարցերուն
նուիրուած
հատորներուն
մէջ։
Զի
երկու
ուղղութիւններն
ալ
կ՚անգիտէին
հիմնաւոր
պակասը
իրենց
աշխատանքին։
[7]
Հոս,
պարտաւոր
կը
զգամ
ինքզինքս
արձանագրելու
անձնական
վկայութիւն
մը։
Տարիներու
յամառ
աշխատանքը
(որ
կ
՚ընդգրկէր
մեր
բոլոր
պատմիչներուն
ընթերցումը),
ԺԹ.
դարու
անջատ
ձեռնարկներու
մանրամասն
վերլուծումին
ընդմէջէն,
զիս
անկարող
ըրած
էին
մեր
պատմութիւնը
զետեղելու
իմ
մտքին,
այն
պայծառութեամբ,
ամուր
գիծերով
ու
կարկառներով,
որոնք
կ՚ընէին
Հին
Յունաստանը,
Հռովմը,
Ֆրանսական
եւ
իջին
Դարը,
դնել
իմ
միտքին
մէջ,
այնքան
իրաւ,
հաստատ,
պայծառ
բան
մը:
Կիպպըն,
Ֆիւսթէլ
տը
Քուլանժ,
0.
Թիերի
իրենց
քանի
մը
հատորներով
իրագործեր
էին
այդ
հրաշքը,
ուր
հայոց
հարիւրաւոր
պատմիչները
վրիպած
էին։
Ու
տառապանք
էր
ասիկա։
Գահիրէ,
բուռն
խօսակցութենէ
մը
վերջ,
ուր
իմ
դառնութիւնը
կը
ստանար
յուսահատութիւն,
Թորգոմ
Սրբազան
ինծի
թելադրեց
կարդալ
Մորկանի
ՀԱՅՈՑ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ։
Այդ
հեղի
նակը
մասնագէտ
մը
չէր
Հայ
ժողովուրդի
գիտութեան
մը։
Հատորը
ծնունդ
էր
Հայկական
դատին
շուրջը
եւրոպական
հետաքրքրութիւն
ստեղծելու
պրոպականտին։
Հեղինակը
չէր
ըրած
լայն,
խոր
ընթերցումներ,
ծանօթ
չէր
մեր
լեզուին։
Չէր
անցած
մեր
մատենագիրներուն
խորհրդաւոր
մեռելագրութեանց
բաւիղներէն։
Բարեկամներ,
համառօտագրութեանց
ձեւով,
իրեն
հայթայթած
էին
ատաղձը
պրոպականտի
հատորի
մը։
Այս
մանրամասնութիւնները
յատկանշական
են
չափազանց։
Կը
խոստովանիմ
թէ
հատորին
առաջին
100
էջերը
յայտնութեան
մը
չափ
խռովիչ
էին
ինծի
համար։
Ես
տեսեր
էի
իմ
ժողովուրդը,
իր
դարերուն
մէջէն,
իր
հողերուն
վրայ,
իր
ճակատագրին
կրունկներուն
հերքեւ,
այնպէս
իրաւ,
այնպէս
համոզիչ
որչափով
որ
իրաւ
էին
Բուլանժի
յոյները
իմ
միտքին
մէջ :
Անշուշտ
յաջորդող
քանի
մը
հարիւր
էջերը
տժգոյն
էին,
նման
իմ
կարդացածներուն։
Բայց
շուտով
բացատրեցի
այդ
վրիպանքը
անով
որ
բնագիրներու,
ժամանակի,
լուսաւոր
ման,
լեցուելու
անբաւարարութիւն
մը
տարբեր
արդիւնքի
չէր
կրնար
տանիլ
Մորկանը։
Բայց
առաջին
հարիւր
էջերը
իմ
մէջ
վստահութիւնը
ամրացուցին
մեր
ժողովուրդը
ուսումնասիրելու
սա
եղանակով։
Յետոյ,
Մորկան
ոչինչ
գիտէր
ԺԹ.
դարու
հայագիտութիւնը
ներկայացնող
ընդարձակ
աշխատանքին,
աշխարհէն։
Բայց
գիտէր
աւելի
բան
մը,
—
մարդոց,
ազգերու
պատմութիւնը,
որոնք
ապրեր
էին
իմ
ազգիս
հետ,
քովը,
ենթակայ
հաւանական
ազդակներու,
հաւաքական
տագնապներու:
Ու
պարզ
այս
գիտութիւնը
ահա
կը
լուսաւորէր
ամբողջ
շրջանը
ու
կ՚ըլլար,
նոյն
ատեն
հայոց
պատմութիւն
մը,
գիտութիւն
մը:
Մորկան
կեցուածքն
ունէր
եւրոպական
մեծ
իւմանիստներուն։
Ու
այսքան։
Համեմատութեանց,
մերձեցումներու,
հետեւցնելու
մեթոտին
գով
քը
չէ
որ
կ՚ընեմ
այս
դրուագը
հոս
յիշելով։
Կ'ուզեմ
որոշապէս
արտայայտել,
չըսելու
համար
պոռալ՝
իմ
ցաւը
Վիեննայի
դպրոցին
չոր,
անգաղափար,
տառապաշտ,
հաւաքածոյ
կազմողի
մոլուցքին
(passion)
դէմ։
Կը
հաւատամ
թէ
Մորկան,
այդ
երանելի
հայրերու
սքեմին
տակ
շատ
բան
կրնար
փոխած
ըլլալ
սա
ստերջ
ոգիէն,
յամառութենէն
որ
կեանքը
հասկնալու
կերպը
վերածած
է
անոր
կռնակ
դարձնելու
կրկներեւոյթին
եւ
հպարտ
է
ստեղծելով
իր
նիւթն
ու
աշխարհը,
այդ
իսկ
ցանկութեամբ,
կարծես
ուրիշ
նիւթի
մը,
աշխարհի
մը
համար,
սանկ
որեւէ
ժողովուրդի
մը:
Վիեննական
հայրերու
պատկառելի
մատենադարանին
մէջ
(կ
ակնարկեմ
ազգային
մատենադարանի
շարքերուն)
ուսումնասիրուածը
երրորդ
սեռի
ժողովուրդ
մըն
է
կարծես,
որուն
հետ
ընթերցողներու
կապը
կը
տառապի,
յաճախակի,
այլուրութեամբ
մը,
անձկութեամբ
մը,
թերեւս
գիտական
ամուլ,
բացարձակ
կեցուածքի
հետեւանքէն։
Ու
կու
գամ
կարեւորին:
Պատմաբանասիրական
նոյն
այս
չեզոք
ուսումնասիրութիւնները,
կարծես
կախարդութեամբ,
կը
ստանան
ուրիշ
նկարագիր,
այս
անգամ
ջերմ,
հաղորդական,
ոգեւորիչ,
երբ
գործն
են
արեւելահայ
դպրոցին
(Խորհրդային
Հայաստանի
համալսարանին
մէջ
կատարուած
աշխատանքը
անհունօրէն
շահեկան
է,
ինքը
իր
մէջ,
առանց
բաղդատուելու)։
Ըրի
փորձը
Գրիգոր
Մագիստրոսի
վրայ։
Վիեննայի
շատ
պատուական,
գերհմուտ,
վարդապետ
ու
վաստակափառ
հայր
մը
շատ
խանդավառ
մտածումն
է
ունեցած
Գ.
Մագիստրոսի
մէկ
էջնոց
նամակի
մը
բացատրումին
հատոր
մը
նուիրել։
Կը
զգանք
թէ
որքան
յուզիչ
շահագրգռութեամբ
պիտի
մտնէք
հատորէն
ներս։
կանխապէս
գրաւուած
համոզում
են,
որ
այնքան
docte
վարպետ
մասնագէտ
մը,
անշուշտ
առիթը
պիտի
օգտագործէ,
այդ
մարդուն
մէջէն
նուաճելու
մեր
միջնադարյան
գոնէ
քանի
մը
յատկանշական
կողմերը,
պիտի
տայ
գրական
այդ
օրերու
հասկացողութեան
պատկերը,
պիտի
յօրինէ
մեր
գրականութեան
ամենէն
խռովիչ
մէկ
անձնաւորութեան
լիակատար
կենդանագիրը,
ու
այս
ամէնուն
հետ
անշուշտ
հայ
ժողովուրդը
որ
ԺԱ.
դարերուն
կ՚ընէր
իր
գիտութեան
այնքան
դժխեմ
իր
սպասը,
շքեղ
վայելքի
սա
զգացումը։
Առաջին
էջերը,
հարկադրեալ
չորութեամբ
մը,
կը
հակադրուին
մտավայելքին
ու
կը
դիմանան
մեր
իսկ
զիջումին։
Բայց
քանի
կ՚առաջանաք,
նոյն
համեմատութեամբ
կ՚աճի
ձեր
անհանգստութիւնը։
Հատորին
քառորդին
արդեն
պարզուած
է
գրողին
նկարագիրը:
Պատուական
Մխիթարյանը
մոռցած
թէ
մէկը
կայ
զինքը
կարդացող,
կը
մոլորի
իր
նախասիրութեանց
կախարդական
բաւիղներն
ի
վար
ձեր
անհանգստութենէն,
յուսահատութենէն
յուսահատեցնող
չափով
մը
անտեղեակ։
Ու
գիրքին
կէսին
արդէն
զայրոյթի
մէջ
էք,
որ
խորունկ
մելամաղձութեան
պիտի
վերածուի
հատորի
վախճանին։
Երանելի
Մխիթարեանը,
կարծես
հաւատաքննիչի
մը
մոլեռանդութեամբը,
կը
տառապի
իր
պարտքէն
դուրս
—
մէկ
էջ
նամակի
մը
բացատրումը
—
ամէն
սրբապիղծ
մտածումէ։
Անիկա
արդէն
իբրեւ
գիտուն,
հպարտ
էր
լռեցուցած
ըլլալուն,
զգացումը
իր
աշխատանքին,
մեզի
համար
տարօրէն
անփառունակ՝
բայց
ետին
համար
եղերականօրէն
բարձր
ու
այլամերժ։
Չներել
մեկնումի
դասական
պարտքէն
դուրս
ուրիշ
հետաքրքրութիւն։
Ու
տալ
երկու
հարիւր
էջ,
որպէսզի
յիմար
աճպարարի
մը
ձաբռտուքը
վերածուի
մեր
օրերու
աշխարհաբարին,
ու
մեզի
ըսուի
թէ
այդ
գամագտական
եղջերուաքաղը
յանդիմանութեան
գիր
մըն
է,
յոյն
քահանայի
մը
ուղղուած,
անոր
տգիտութիւնը
խարանող։
Կարելի՞
է
ասկէ
բարձր
հաճոյք
երեւակայել։
Պատուական
հայրը
կարծես
մոռցած
էր,
թէ
մարդ
մը
կար
այդ
հանելուկին
ետին։
Գրող
մը։
Իշխան
մը։
Այսինքն
յղացքներ,
որոնք
այնքան
լարերու
հանգոյցներ
են
մեր
մէջ:
Կը
հասկցուի
թէ
ինչ
դառնութեամբ
առի
Կոստանդեանցի
հրատարակած
նամականին,
գործ
Գ.
Մագիստրոսի,
ուր
հռչակաւոր
նամակը
իր
էջը
ունի
ուրիշներու
մօտիկ։
Արեւելահայ
բանասէրը
(թող
օրհնուի
յիշատակը)
60–70
էջնոց
դասական
յառաջաբանի
մը
մէջ
ինծի
տուաւ
ազգատոհմ
մը,
մարդ
մը,
ժողովուրդ
մը,
քաղաքակրթութիւն
մը,
երկիր
մը,
շրջան
մը
այն
պայծառ,
իրաւ,
հաստատ
գիծերով,
որոնք
զգացեր
էի
Մորկանի
մօտ։
Ու
այս
հաւաստումը
հոս
վեր
է
պարզ
ցաւէն։
Որեւէ
վիեննացի
տեսակ
մը
արհամարհանք
կը
սնուցանէ
այն
ամէն
բաներուն
դէմ,
որոնք
կեանք
կը
թելադրեն
ու
պաշտամունք՝
այն
գրքունակ
հմտութեան,
որ
մեզի
պիտի
բերէ
առեղծուածային
փաստը
200
էջ
վատնելու,
պայմանաւ
որ
գաղափար
մը,
կյանքի
կրակ
մը
չանցնէին
այդ
էջերէն։
[8]
Երուսաղէմի
հատորը
(Զ.
հատոր,
ամբողջ.
գործեր),
մօտ
քառասուն
տարիներու
մտածման
ու
պրպտումի
յիշատակարան,
կը
թելադրէ
բազմազան
զգացումներ։
Առանց
հիացման
դուք
չէք
կրնար
կարդալ
մանրախոյզ
բաղդատման,
խոր
ու
նուրբ
թափանցումի
այն
էջերը,
որոնք
կը
խօսին
ձեզի
հին
բնագիրներու
շուրջ։
բայց
բախտով
մը,
որ
զանոնք
կ՚ազատէ
վիեննական
դպրոցի
չորութենէն,
քանի
որ
գաղափարը,
մերթ
ընտանի,
մերթ
բարձր,
միշտ
կը
պաշտպանէ
զանոնք։
[9]
Վրթանէս
Քերթողի
կողմէ
ճառի
մը
վերակազմումը,
«ՅԱՂԱԳՍ
ՊԱՏԿԵՐԱՄԱՐՏԻՑ»
եւ
գլուխներ
(նոր
գտնուած)
Սիրաքի
հին
թարգմանութենէն։
[10]
Ահա
քանի
մը
անուններ,
ԵՂԻՇԷ
ԵՒ
ԲԱՐԺՈՒՄԱ,
ՀԱՅՈՑ
ԵԿԵՂԵՑԻՆ,
ԵՓԵՍՈՍԻ
Ա.
ԺՈՂՈՎԸ,
ԱՍՈՐԱԿԱՆ
ԵՒ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՏԱՂԱՉԱՓՈՒԹԻՒՆ,
ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ,
ՆԿԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՀԱՅ
ԱՇՈՒՂՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՍԻՆ։
Ասոնք
երելոյթներու,
հոսանքներու
շուրջ
չափազանց
շահեկան,
կենդանի
վերլուծումներ
են
ու
կը
պահեն
իրենց
թարմութիւնը,
նոյնիսկ
այն
պարագային,
երբ
արդի
քննադատութիւնը
հերքէր
այդ
արդիւնքները։
Անոնք
հարցեր
կը
լուսաւորեն,
կը
ձգտին
զանոնք
լուծել,
հմտականին
չափ
ոգեկան
ալ
ուղղութեամբ։
[11]
Որոնք
Իզմիրեանց
գրական
մրցանակին
ներկայացուած
աշխատասիրութեանց
վրայ,
գեղեցիկ,
ու
ինչու
չըսել՝
մագիստրոսական
փորձեր
(essais)
են
առողջ,
արդի,
իրաւ,
իւմանիստ
քննադատութեան:
Անոնք
կը
յայտնեն
տարողութիւնը
Դուրեան
Սրբազանի
նորատարր
իւմանիզմ
են,
ուժը
անոր
խոր
իմացականութեան,
ընդարձակութիւնը
անոր
լայնաջան
հետաքրքրութեանց,
հարցեր
տեսնելու,
դասակարգելու
իր
չափանիշներուն:
Ու
կը
յայտնեն
այս
մասին
տարբեր
ալ
առաքինութիւն
մը:
—
Ոճին
շնորհը,
արտայայտման
իւրայատուկ
դիւրութիւնը
ու
վայելչութիւնը,
միշտ
յանկուցիչ
մնալու
գիտութիւնը,
կարճ`
գրագէտը
որ
այն
քան
սրբազան
վահան
մըն
է
այդ
նիւթերուն
վանողական
նկարագրին
ընդդէմ։
Լաւագոյն
բանասէրին
ետին
մեծ
գրագէտ
մը
կայ
որ
չունի
պարապ,
նեղող,
գռեհիկ
նախադասութիւն
մը։
[12]
Հայագիտութեան
ի
քաջալեր
հոս
ու
հոն
երեւցող
ժեսթերը
(հայոց
պատմութեան
համար
նախանիւթերու
հաւաքում,
հանդէսներու
հրատարակում
-
Revue
des
Études
Arméniennes,
Սուրբ
Թարգմանչաց
Դուրեան
մրցանակ
եւ
այլն)
անշուշտ
թելադրիչ
են
բաւական,
վտանգը
յայտարարելու
տեսակէտէն։
Խանդավառ
եմ
ես,
Հայաստանի
համալսարանին
աշխատանքներովը։
բայց
մանուկ
մը
չեմ
ինքզինքս
բաւարարելու
ցարդ
իրագործուած
ով
վասնզի
եզան
տակ
հորթ
փնտռելու
հոմանիշ
է
մեր
երկրին
մէջ
Մարքսիստ
տուեալներու
ապացուցումը
հետապնդել,
մանաւանդ
անցեալն
ի
վար։
Հայոց
ժողովուրդը
սրտառուչ
յղացք
մըն
էր։
Ու
Դուրեան
վարդապետի
մտապատկերը
այդ
ժողովուրդին
ուսումնալի
էր
իր
գործադրած
մեթոտներով։
Իրմէն
յետոյ
ունեցանք
Ադոնցը
որ
շատ
գեղեցիկ
փորձեր
ստորագրեց
ու
ջանաց
շրջաններ
լուսաւորել
(ինչ
որ
տպուած
է
իրմէն
Ամերիկայի
«Հայրենիք»
հանդէսի
տոմարներուն
մէջ,
թանկագին
է
իբրեւ
խելք
որքան
օգտագործուած
նախանիւթ)։
Արեւելահայ
բարձր
աւանդութեան
այդ
վերջին
ներկայացուցիչը,
Յ.
Մանանդեանի,
Հ.
Աճառեանի
շքախումբը
սա
վերջալուսային
օրերուն
ուրախութիւններ
են
ինծի։
Բայց
խոր
տրտմութիւն
անոնց
վաստակը
դիմաւորող
անտարբերութիւնը:
1890–ին,
այս
մարդոց
ձեռքով
երեւան
բերուած
արդիւնքները
ինքնաբերաբար
կը
տարածուէին
որոշ
զանգուածներուն
վայելումը
դէպի։
Այսօր,
մեր
չտես,
աղքատ,
բան
չհանող
երիտասարդութիւնը
(կ՚ակներկեմ
մտաւորական
որակուած)
ինչ
այդ
ամէնը
կը
նկատէ
ապայժմէ,
անօգուտ,
խոտելի։
Սփիւռքը,
ինքնին
իբր
հոգեբանութիւն,
կը
կրէ
ծանր,
տարրալուծող
ազդեցութիւնը
կյանքի
պայմաններուն։
Ու
սերունդը
որ
1880–ին
երկիր
իջաւ
ու,
նորոգեց
հայ
կեանքը
շատ
մը
գետիններու
վրայ,
հիմա
լքուած
փառք
մըն
է։
Ու
մեր
ժողովուրդին
գիւտը
անպայման
ժամանակով
հետաձգուած։
Հիմակուան
Վենետիկը
չենք
հասկանար,
երբ
կը
ջանայ
դատել
հայոց
եկեղեցւոյ
սպասաւորները
(Թորգոմ
եւ
Դուրեան
պատրիարքներու
հաւատքը
գերեզմանէն
դուրս
կը
քաշեն
մարդիկ,
խարուկելու
համար)։
Վիեննան
ցուրտ,
խիստ,
մասնացած
պրկումներու
կամ
օդային
կառոյցներու
կրկէս։
Ի՞նչ
կրնայ
շահիլ
հայագիտութիւնը
երբ
Եղիշէն
փոխադրուի
Է.
կամ
Ը.
դարերը։
Եղիշէն
ժամանակէն
դուրս
է
որ
արժէք
կ՚ըլլայ:
[13]
Դուրեան
վարդապետ
Արմաշի
մէջ
իրեն
ընկեր
ունէր
համալսարանական
Օրմանեանը։
1900–ին
իմ
առջեւս
դրին
յուսահատեցնող
ծաւալով
բուրգ
մը
տետրակները,
որոնք
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
պատմութեան
դասերը
կը
պարունակէին,
պատրաստուած
Օրմանեան
Սրբազանի
կողմէ
ու
պիտի
ընդօրինակուէին։
Առաջին
իսկ
տետրակին
ստեղծած
սարսափը
չէ
անհետացած
իմ
մէջէն,
տակաւին
այսօր։
Անհուն
այդ
տափակութիւնը
անով
զարհուրելի
էր,
վասնզի
գրուած
էր
Արմաշի
մէջ,
այսինքն
հաստատութեան
մը
մէջ,
ուր
Դուրեանի
ոգին
(որմէ
ձըգուած
էի
Արմաշի
արկածախնդրութեանը)
տիրական
էր,
ըլլալու
էր,
եղած
էր,
կը
մտած
եմ,
ինքնիրեն։
Օրմանյանի
բոլոր
խելքը
անօգուտ
էր
գետնի
մը
վրայ,
—
ատիկա
ստեղծագործ
գիտութեան,
intuitif
կառուցման
գետինն
էր։
Երիտասարդ
վարդապետին
մարդիկ
չներեցին
այդքան
իմաստութիւն
ու
մեր
հրապարակը
շարունակեց
երդում
ընել
Վենետիկով
ու
Վիեննայով։
Ուրիշ
ալ
իրողութիւն
որ
իր
շունչին
մէջ
կազմուած
սերունդը
անհաղորդ
մնաց
Դուրեանի
գերագոյն
բարիքին։
Թող
ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄը
գրուէր
Դուրեանի
քննադատ
ոգիովը,
մենք
կունենայինք
անմահ
մատեան
մը,
որ
կրնար
յեղաշրջած
ըլլալ
Հայց.
Եկեղեցւոյ
ըմբռնումը։
[14]
Մեր
մէջ
ամէնէն
շատ
ու
լաւ
կարդացող
մարդը
եղաւ։
Ոչ
ոքի
համար
գաղտնիք
է
թէ
այս
է
նաեւ
կերպը,
գնացքը
բոլոր
մոլութիւններուն։
«Քանքարաթագոյցի»
մեղադրանքը
պէտք
է
սրբագրել
այս
դիտողութեան
ընդմէջէն։
Կէս
դար
ու
աւելի,
անիկա
կարդաց,
հեշտագին
ու
հիւանդ
ըսուելու
չափ
սարսռուն
հոգեբանութեամբ
մը։
Իր
կիրքը
կարդալն
էր,
այս
ամէն
ուրիշ
կիրքէ
զերծ
մարդուն
մօտ
այնքան
հզօր
տիրապետութեամբ
մը։
Բայց
ահա
տարբերութիւնը։
Իր
ահաւոր,
սարսափ
ստեղծող
իրողութիւնը,
որ
զինքը
կարող
կ՚ընէր
մտքին
մէջ
բաց
տախտակի
մը
նման
պահելու
գրքին
էջը,
ընթերցումէն
քառորդ
դար
յետոյ,
չէ
վնասած
անոր
իմացականութեան,
որ
զատ
պաշտօն
fonction
մըն
է
մեր
ուղեղէն։
Այդ
յիշողութեան
գերաճումին
անիկա
հսկեց
ուշադիր,
իր
միտքը
չվերածելու
համար
համայնագիտարաններու
փոշեթ
աթ
ան
ճակատագրին։
Թէեւ,
ըսի,
կրնար
որեւէ
բառի
տեղը
էջովը,
տողովը
բռնել
մտովի
եւ
հրամցնել։
Բայց
երբեք
իր
ընթերցումները
չենթարկեց
մթերային
նպատակներու։
Իր
ուղեղը
թանգարան
մը,
նոյն
ատեն
կենդանի
տանջարան
մը
եղաւ
իրեն
համար:
Գերազանցապէս
համադրող
միտք,
այդ
ընթ
երցումները
կատարեց
միշտ
օր
մը
կարելի
կառոյցներու
ի
խնդիր։
Ու
եթէ
երբ
ե
ք
ամբ
արուած
ատաղձին
անհունութիւնը
խոտոր
կը
համեմատի
իրագործուած
կառոյցներուն
հետ,
պատասխանատուն
թերեւս
ուղեղն
է
դարձեալ
որ
ինքզինքը
հսկեց,
շարունակ,
պատուհասելու
մշտապատրաստ,
սանձելով
ամէն
խնդրական,
անբաւարար,
փխրուն
յօրինում,
մարզի
մը
մէջ,
ուր
այն
քան
դիւրին
էր
զառածումը։
Ամբողջ
հայ
հին
մատենագրութիւնը
գրուած
տախտակ
էր
իր
ուղեղին
մէջ:
Ու
իր
ասպարէզին
հետ
կապ
ունեցող
ուրիշ
գիտութիւններ,
գրականութիւններ՝
նմանապէս:
Այսպէս
անցան
իր
տարիները։
Մարմինը
կը
տկարանար։
Իր
աչքերը
կը
ցաւէին։
Անիկա
կ՚աշխատէր
պատանիի
մը
հոգեկան
աշխատանքովը։
Պատրիարք
Երուսաղէմի
անիկա
չէր
խղճահարեր
իր
ալ
շիջած
աչքերէն
պահանջել
ինչ
որ
երեսնամենի
իր
ուղեղը
(իր
ամբողջ
ուժը
պահած
եօթանասունին
ալ)
տուեր
էր
իրեն։
6–7
լեզուներուն
ամէնէն
մութ
մատեաններուն
մէջ
թաւալող
սխալները
(բնագրական,
ընդօրինակման,
աւերման)
անիկա
կը
գնդասեղէր
(ինչպէս
կ՚ըսեն
գաղղիացիք)
անոնցմէ
կորզելու
համար
իրենց
իրական
դիմագիծը։
Ու
հրաշք։
Այս
ամէնը
միշտ
ի
խնդիր
իմաստին,
միշտ
նշանին
տակը
(sous
le
signe)
իմաստին։
Ընթերցումներու
լայնատարր
սա
ծաւալը,
բազմերկ
զանազանը
ամենէն
ապահով,
մեծատարած
փաստերը
կը
մնան
անոր
ուղեղին
էապէս
իմաստասէր
տարողութեան
(բառին
դարձնելով
իր
հին
առումը,
ըստ
որում
25
դար
առաջ
իմաստասիրութիւնը
համադրումն
էր
բոլոր
գրուած
բաներուն)։
Ընթերցումը
իր
մոլութիւնն
էր,
ըսի
ատիկա։
Բայց
չէր
վնասած
անոր
մէջ
ոչ
իմաստի
դրութեան,
ոչ
ալ
զգացական
աշխարհին։
Հանքերու
խորը
տարիներով
աշխատողներ
ալ
չեն
կրնար
լոյսին
ապրիլ,
կորսնցուցած
ըլլալով
իրենց
աչքերուն
կարգ
մը
յարմարանքները
(adaptation),
որ
տեսնել
թ
եան
զսպանակները
կը
կազմեն։
Ուրիշ
չէր
բախտը
հնաբանութեան
խուզարկուներուն։
Դուրեան
Սրբազանի
քնարական
ստեղծումները
շքեղ
հերքումն
են
տեսութեան։
Աւելին`
նպաստ
ալ
քաղեց
անիկա
իր
գրքերէն
իր
կարգ
մը
քերթուածներուն
համար։
[15]
Մէնէվիշեան,
Գալէմքէրեան,
Գարագաշ,
կոգեան,
Հացունի
անուններ
են
սա
կրթանքին
մէջ
իրենց
անպէտ
իրաւունքովը:
Բայց
բոլորին
ալ
հասարակաց՝
միտքի
չորութիւնը,
մասնագիտականին
մանրակրկիտ
պաղութիւնը,
մանաւանդ
գրելու
շնորհներէն
անդարմանելի
անմասնութիւն
մը։
Բայց
այս
տարազները
դըժբախտ
երեւոյթներու
հանդէս
մը
կը
յօրինեն
երբ
վերլուծուին :
Չունիմ
ատոր
ժամանակն
ու
տեղը։
Ատենին
մեր
մէջ
անգործ
մնացող
խանութպանը
քահանայ
կը
դառնար:
Այսօր
ընելիք
չունեցող
լեզուագէտը՝
բանասէր։
Ինչ
որ
Դուրեան
Սրբազանին
դէմքը
կը
զատէ
այս
խումբէն,
բանասիրականին
իսկ
մէջը,
խելքին,
իմաստին,
ներհայեցման,
զգաստ
պաշտօնը,
պաշտամունքն
է
որ
առանց
վտանգելու
գործին
այլապէս
արժանաւոր
ծանրութիւնը
կու
տայ
ասոր
ոգեղէն
որոշ
բարեխառնութիւն։
Միայն
ձեր
տրամաբանութիւնը
չէ
որ
կը
լիանայ
Դուրեանի
ճշմարներուն
մէջ,
այլեւ
ձեր
իմացականութիւնը
կը
ջերմանայ,
առնուազն
չի
տառապիր
երբ
հարիւրաւոր
առաքումներու
ստեղծած
անհանգստութիւնը
չէք
զգար,
իր
հետ:
Զի
գրելը,
ասոր
գիտութիւնը
զգայարանքներու
fonction
մըն
է
յաճախ։
Հացունի
ձեւերու
գիրք
մը
գրած
է
(ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ
ՏԱՐԱԶԻՆ)
առանց
տառապելու
անհուն
ձանձրոյթէն
որ
թուում
ըսուած
գործողութեան
մեղքն
է
էջին
մարմնէն
ներս:
Ուրիշ
մը
գրելու
արուեստին
վրայ
հոս
ու
հոն
հանդիպած
ձեռնարկներ
համախմբած
է
ու
կազմած
դասագիրք
մը
որ
պիտի
սորվեցնէ
պատահական
յիմարներու
ինչ
որ
հիւր
կը
բերենք,
զոր
աշխարհի
բոլոր
համալսարանները
անկարող
են
դիմաւորելու:
Այս
ամէնը,
անշուշտ
ծիծաղելի՝
երբ
կը
կատարուի
մարդոց
կողմէն
որոնք
զուրկ
ծնան
գրելու
զգայարան
քէն։
Հ.
Ակինեան
գրագէտներ
կենսագրած
է,
գիրքեր
դատած,
առանց
կասկածելու
թէ
գրագէտէ
մը
մեզի
համար
կենդանի
բանը
գործն
է,
ասոր
աշխարհը,
ոգին։
Գիրքի
կազմը
չորրորդաբար
մեզ
կը
շահագրգռէ։
Անկէ
մեր
փնտրածը,
սիրածը
գեղեցկութեան,
յուզումի,
կեանքի
բաժիններն
են
ամենէն
առաջ:
Գրագէտին
կեանքը
հետաքրքրութիւն
է
լոկ։
Ահա
թէ
ինչու
հոս
յիշուող
անունները
—
իմ
յարգանքն
անայլայլ
կը
մնայ
անոնց
խորհրդանշած
աշխատանքին,
կորովին,
հաւաքմանցը
օգուտին
վրայ
—
ուրիշներու
շուքին
համար
միայն
կրնան
մուտք
ունենալ
գրականութեան
պատմութենէ
մը
ներս։
Այս
նկատումներով
է
որ
Դուրեան
Սրբազանի
բանասիրական
վաստակը
ինծի
թելադրեց
վերի
գլուխը:
Այդ
վաստակը
իմաստի
կրթանք
մը
մանաւանդ,
չէր
կրնար
չեզոքացուիլ
իր
ընդհանուր
արդիւնքին
արտայայտմանը
նուիրուած
խօսքերու
բեմէն:
[16]
Առանձին
պատմութիւն
է
ասիկա։
Թորգոմ
Սրբազան
կը
պատմէ
որ
հին
մատենագրական
դէմքերու
վրայ
անոր
դասախօսութիւնները,
սարկաւագութեան
շրջանին,
խնամքով
գիրի
առած
ու
ենթարկված
էր
իր
վերաքննութեան։
Բազմաթիւ
տետրակներու
կը
հասնէր
անոնց
գումարը։
Աւելի
յետոյ
միայն
իմացած
էր
թէ
Սրբազանը
անոնք
այրած
էր,
ինչպէս
այրեր
էր
քերթուածներու
ուրիշ
դիւաններ։
Սրտառուչ
բայց
արդար
այս
դժուարահաճութիւնը
չեմ
դատեր
հոս:
Ինծի
համար
հարցը
վեր
է
Դուրեանին
զգայական
վիճակներէն։
Գիտեմ
որ
միշտ
մերժեց,
երբ
ողջ
էր,
այդ
դասերուն
հրատարակումը,
օր
մը
կարելի
մշակման
մը
պատրանքին
առաքելով
մեր
ակնկալութիւնները։
Ու
համոզուած
եմ
որ
պիտի
ընդդիմանար
որեւէ
պայմանի
տակ
այդ
հատորին
կեանքին։
Ու
կ՚աւելցնեմ
արձագանգը
հոս
այն
խօսակցութեանց
ուր
հայ
գրականութեան
պատմութիւնը
տիրական
էր
երբ
կ՚այցելէի
իրեն։
Անիկա
չէր
հաւատար
այդ
տեսակ
բանի
մը։
Ինչ
որ
այդ
անունին
տակ
եկած
էր
մեզի,
իր
կարծիքով
զուրկ
էր
գրական
տարողութենէն։
Չէր
ուրանար
մասնակի
գեղեցկութիւններ,
երբեմն
յաջող
ալ
իրագործումներ,
բայց
ատոնք
պատահական
էին
որոք
չէին
կրնար
փոխել
ամբողջին
անկանգնելի
ճակատագիրը։
Գրականութիւնը
մրցանք
մըն
է
որուն
գոյութեան
տէրերը
գրագէտներ
են,
մարդեր
որոնք
գիտեն
թէ
ինչ
կ՚ընեն,
ինչու
կ՚ընեն,
ինչպէս
կ՚ընեն։
Մեր
մէջ
նման
վիճակներու
մասին
մտածելն
իսկ
աններելի
տղայամտութիւն
պիտի
ըլլար։
1500
տարի
մեր
իմացականութիւնը
միայն
ու
միայն
դաւանական,
ծիսական,
կրօնական
ու
քիչիկ
մըն
ալ
պատմական
կարիքներու
գոհացումին
էր
յատկացուցած
իր
լաւագոյնը։
Գրականութիւն
ընելը
ինքնին
առանձին
գործունէութիւն
մըն
էր։
Սրբազանը
այս
մտածումներուն
ատեն
կը
տառապէր
անշուշտ :
Բայց
չէր
քաշուեր
հնութեան
երկու
մեծ
գրականութիւնները
ոգեկոչելէ
որոնք
գրականին
յղացքը
այնքան
սկզբնատիպ
կատարելութեամբ
կերպադրեր
էին։
Քանի
մը
աղօթքէ,
երգէ,
նկարագրական
հատուածէ
ներելի
չէր
բարձրանալ
այս
յղացքներուն
պարտադրած
մiծ
իրագործումներուն։
Այնպէս
որ
հայոց
մատենագրութիւնը
կ՚ըլլար
առանձին
տեսակ
մը
աշխարհ
ուր
արուեստի,
գեղեցկութեան
հարցերը
չէին
կրնար
սեղանի
գալ։
Անոր
մէջ
բանասիրական
հետաքրքրաշարժ
իրողութիւններ
պակաս
չէին։
Ասոր
մէջ
առանձին
նիւթեր
էին
մասերը,
որոնք
բոլորն
ալ
կը
պատկանէին
արդէն
Հայաստանեայց
Եկեղեցիի
պատմութեան,
որեւէ
ձեւով
անոր
սպասին
մէջ
իրենց
դերովը։
Սրբազանը
1900ին
իր
դասերուն
մէջ
պաշտպանած
այս
տեսակէտը
կը
պաշտպանէր
1930ին
նոյն
անզիջող
պայծառամտութեամբ։
Մ.
Կաղանկատուացիի
վրայ
դաս
մը,
տպուած
ՍԻՈՆի
մէջ,
ինծի
արժեց
ձրի
չնորհներ
բաշխողի
հեգնանք
մը
քանի
որ
այդ
գրքին
մէջ
գրագէտ
մը
գ
այս
ամէնը
հոս,
խորունկ
համոզումով
թէ
իր
վրիպանքին
պատասխանատուն
ամենէն
առաջ
սա
հոգեվիճակն
էր։
Չենք
կրնար
գրել
բան
մը
որուն
հաւատքը
տկար
է
մեր
ներսը։
Այս
սկեպտականութիւնն
էր
որ
մեր
հին
մատենագրութեան
զբաղումները
անոր
մէջ
վերածեց
կենսագրական
թեթեւ
նշմարներու,
գիրքերու
շուրջ
ստեղծուած
աղմուկէն
քանի
մը
խելքի
մօտ
բաներու,
դրական
բան
մը
ընելու
պարտքին
գիտակցութիւնն
էր
որ
այդ
պատմութիւնը
ենթարկեց
լեզուի
յեղաշրջման
մը
հանդէսին։
Ինք
չէր
գիտեր
թէ
հպատակ
էր
ընդհանուր
ճնշումի
մը
որ
հայոց
գրականութենէն
առաջ
հայոց
բանասիրութիւնը
ունէր
մեկնակէտ:
Վիեննացիներուն
արհամարհանքն
էր
ատիկա,
անոնց
չքնաղ
գիւտը,
հայոց
գրականութեան
ոսկեդարը,
թարգմանութեան
տողի
մը
մէջ
ընդունելու,
—
մտավիճակ
որ
բանասիրական
է
դարձեալ,
քանի
որ
լեզուն
ու
իր
փոփոխութիւնները
կ՚առնէ
նկատի,
անգիտելով
գործը:
[17]
Ինծի
այնպէս
կու
գայ
որ
ծանր
պատրանքներ,
եթէ
ոչ
ամուր
կեղծիք
մը,
կը
հանգչի
մեր
հիացումներուն
ծոցը,
դասական
որակուած
գրականութեանց
վրայ:
Կեանքին
հիմնապայմանը
փոփոխութիւն
ըլլալով,
ինքնին
անհասկնալի
պիտի
դառնար
միամիտ
պահպանողականութիւնը
հանդէպ
փառքերը,
որոնք
ժամանակ
մը
նուաճած
են,
բայց
մեզ
կը
հետաքրքրեն
իբրեւ
երեւոյթ,
պատահած
բան
եւ
ոչ
կեանքի
զսպանակներ:
Ոչ
ոքի
միտքէն
պիտի
անցնէր
Շէյքսփիրի
թեքնիքով
ու
արուեստով
խաղ
մը
գրել
այսօր։
Այն
անկեղծ
խօսքը,
զոր
կարդացեր
եմ
Ռասինի
վրայ
(le
bon
vieux
poète
qu'on
ne
lit
plus)
ֆրանսացի
թատերագրի
մը
մէկ
յառաջաբանին
մէջ,
իրաւ
է
թէ
կը
նկատուի
տակաւին
սրբապղծութիւն։
1939ը
Ֆրանսացիները
Ռասինի
տարի
անուանեցին,
անոր
ծննդեան
300ամեակը
ազգային
յաղթանակ
մը
իբրեւ
փառատօնեցին։
Բայց
խորունկ
ձանձրոյթը
այդ
փառքերուն
կ՚ըլլար
տխուր
հանդէս
մը,
երբ
աչքի
առջեւ
ունենանք
այն
քիչ
էջերը
միշտ
այդ
շատերէն,
ու
աւելի
վատ
ժամանակներէ
մեզի
հասած,
որոնք
մեզ
կը
յուզեն,
իբր
թէ
երէկ
ըլլային
գրուած։
Գրական
բարքերը,
օրենսդրութիւնները
կարծ
ես
կը
կրկնեն
քաղաքականները։
Արիւնոտ
յեղափոխութիւններ
պէտք
եղան,
այդ
ամենէն
բաներ
մը
փոխելու:
Կը
հաւատամ
թէ
ուշ
չէ
օրը,
երբ
յանդուգն,
անկեղծ
մարդեր
պիտի
կատարեն
ուրիշ
ալ
յեղափոխութ
իւն
մը,
աւլելու
համար
մեր
միտքերը
ծերացած,
մեռած
կուռքերէն:
[18]
Նկատի
ունիմ
Խորհրդային
Հայաստանի
պետական
հրատարակութիւնը,
առաջին
հատորը
իր
1500–է
աւելի
էջերով։
Հաւաքումը
անշուշտ
որ
ստեղծում
չէ։
Բայց
ես
կը
հաւատամ
թէ
պիտի
գայ
արուեստագէտը,
որ
այդ
հում
նիւթը
պիտի
մշակէ
ու
հանէ
բարձրագոյն
արուեստի։
Թէ
ի՞նչպէս,
Ե՞րբ:
–
Ատիկա
ապագային
գիտնալիքն
է։
Իմ
տեսակէտս,
անհուն
արժէքն
է
այդ
հում
նիւթին,
վասնզի
անիկա
խտացումն
է
մեր
դարաւոր
կեանքին։
Բացէք
այս
երկու
բառերը,
հոն
գտնելու
համար
մեր
միլիոնաւոր
հայրերուն
ու
մայրերուն
զգայութիւնները,
մեր
երկրին
վրայ,
մեր
պայմաններուն
ընդմէջէն։
Եւ
որովհետեւ
արուեստը
կեանքն
է,
առաւել՝
անորակելի
համն
ալ՝
որ
հոգին
է
եւ
դէմքի
մը
միսերէն
անդին
կը
հասկցուի
թէ
խռովիչ
գեղեցկութիւն
է
գործ
մը,
ուր
այս
երկուքը
իրար
կը
պաշտպանեն։
Թող
խղճամիտ
ու
մեծ
գրագէտ
մը
այդ
երեք
հազար
էջերը
համադրէ,
համաձայն
իր
ներքին
ճարտարապետութեան,
մենք
կ՚ունենանք
մեր
Էլիականը,
մեր
հոգիին
ամենէն
հարազատ
հայելին։
[19]
Դիտել
կու
տամ
անցողակի,
որ
գրող,
գրագէտ
յղացքին
խորը
դասական
կամ
արդի
տարրը
անհրաժեշտ
է
զեղչել,
երբ
կը
գործած
ենք
մերիններուն
համար:
Մերձաւոր
գաղափար
մը
կարելի
է
կազմել
յղացքին
հին,
մեզայատուկ
տարոզութեան
մասին,
երբ
նկատի
առնենք
գործունէութիւնը,
ան
ձ
երը,
գործերը
մարդոց
որոնք
կը
կոչուին
Խրիմեան,
Սրուանձտեանց,
Նար–պէյ,
Օրմանեան,
Դուրեան,
Թորգոմ
Գուշակեան
Մատենագրութեան
պատմութիւնը
չի
կրնար
ասոնք
դուրս
ձգել
իրմէն
իւրաքանչիւրին
համար
ալ
պարտքի
զօրաւոր
զգացման
մը
տեղի
տալով։
Բայց
Խրիմեանի
ընդարձակ
գործունէութիւնը
ո՞ր
չափով
գրագէտը
կը
պաշտպանէ։
Հարցումը
կրկնեցէք
բոլոր
յիշուած
անուններուն
համար:
Մխիթարեան
զոյգ
դպրոցները
ուրիշ
փաստ
կու
տան
յղացքէն։
Մեր
հին
մատենագրութիւնը
գրող
բառին
տակ
դրած
է
շատ
աւելի
ընդարձակ,
ու
ատով
խառնակ,
անհարազատ
բան
մը.
յիշատակարան
մը
գրողն
ալ
գրագէտ
էր
այդ
դարերուն,
քանի
որ
գրական
ըմբռնումը
մեր
մէջ
չգտաւ
իր
հարազատ
իմաստը
ոչ
մէկ
ատեն։
[20]
Պէտք
է
զեղչել
այս
գնահատումէն
վարդապետական
գրականութիւնը
որ
զատ
բան
է,
տեսակ
մը
քարոզ,
որ
խօսուած
ըլլալու
տեղ
գրուած
է
ու
թափանցած
մեր
ստեղծագործութեան
բոլոր
կալուածներէն
ներս:
Ատիկա
զեղծանիլն
է
ուրիշներու
մտածումներով,
նոյնիսկ
բառերով։
Ատիկա
ընթացիկ
նիւթ
մը
մշակելն
է
անհուն
անփութութ
եամբ
մը։
Այս
զառածումին
ընդհանրութիւնը
ամէն
դարու
գոյութիւնը
թերեւս
դարձեալ
կրնան
վերագրաւել
համայնական
պէտքերու
ճնշումէն։
Բայց
ժամանակին
հետ
անիկա
տուած
է
այդ
մատենագրութեան
բոլոր
քլիշէները
մտածում
է,
ձեւէ,
բառէ։
Միայն
հզօրագոյն
շունչ
մը
երբեմն
կը
փոխակերպէ
զանոնք։
Աղօթամատեանը
նմոյշ
մըն
է
այս
վիճակին:
[21]
Անհեթեթ
յղացքը։
Իմ
գիտցածս,
գոյութիւն
չունի
գրականութեան
պատմութիւն
մը
աշխարհի
հին
ու
նոր
որեւէ
ժողովուրդէ,
ուր
գործադրուի
այս
բարբարոս
եղանակը։
Ձեռքիս
տակն
են
յոյներուն,
լատիններուն,
պարսից,
արեւելքի
ժողովուրդներուն
մատենագրութեանց
պատմութիւնները,
ուր
գործերուն
ոգին,
Ժամանակին
մեծ
կիրքերը,
գրողները,
բարքերը,
գրելու
արուեստին
առընչակից
խնդիրները
կը
գրաւեն
բոլոր
էջերը
եւ
որոնց
մէջէն
ի
սպառ
վտարուած
է
բանասիրութիւնը,
դէպի
իր
սեպհական
կալուածը։
Հոմերոսի
վրայ
բանասիրութիւնը
երկդարեան
վէճեր
ունի
բայց
մատենագրութիւնը
կ՚անգիտանայ
զանոնք
ու
կը
խօսի
միայն
գրական
արժէքներէն
(անորի
գործերուն։
Մեր
մէջ
գրագէտ
մը
նախ
բանասէրներուն
կալանաւորն
է։
Խորենացի,
Եղիշէ,
Փարպեցի
գրագէտներ
ըլլալու
համար
դեռ
սպասելու
են
չեմ
գիտեր
որքան։
Անհուն
մելան
է
սպառած
այդ
անուններուն
շուրջը,
բայց
անոնց
գործերը
դեռ
արգելափակ
ապրանքներու
նման
կը
սպասեն
արդարութեան։
Ու
կազմուած
է
անհեթեթ
յղացքը
գրականութեան
պատմութեան,
ուր
բնագրի
մը
այս
կամ
այն
հատուածը,
էջը,
պարբերութիւնը,
խմբագրման
թուականը,
տեղը
կը
փոխարինեն
գործին
տարողութեան
միակ
օրինաւոր
յղացքը,
որ
կը
պակսի
դժնդակ
անհասկացողութեամբ
մը։
Միակ
ձեռնարկը,
Հ.
Գ.
Զարբհանէլեանի
կողմէ,
մեր
օրերու
Յայսմաւուրք
մըն
է
որ
հեղինակներուն
հեքիաթախառն
կենսագրումը
կ՚ընէ,
գործերու
թուումով
մը
իբրեւ
թէ
մասնաւորուած,
բացարձակ
անհասկացողութեամբ
մը
գրականութիւն
ըսուած
իրողութեան։
Վիեննացիները
յղացքը
աւելի
մութ
զնտաններու
մէջ
կը
պահեն։
Հ.
Ակինեան
Մատենագիտութիւնը
(Bibliographie)
կը
շփոթէ
մատենագրութեան
պատմութեան
հետ
(Histoire
de
la
litterature),
երբ
ամէն
գրուած
էջ
յիշելու
մրցան
քի
կը
վերածէ
մեր
միտքին
պատմութիւնը:
[22]
Պարտաւոր
եմ
յիշել
անձնական
դրուագ
մը,
իմ
երիտասարդութեան
օրերէն,
ուր
ինծի
տրուեցաւ
հասկանալ
այդ
փարպեցին
զոր
անհաւատալի
կ՚որակէր
Դուրեան
Սրբազան։
Մօրաքրոջս
մէկ
տղուն
հետ,
ուրիշ
երկու
հոգի
ալ
ունենալով
ընկեր,
մենք
կը
վարէինք
կարաւան
մը
տասնեակ
մը
ձիերու,
բոլորն
ալ
ծխախոտով
բեռնաւոր,
դէպի
Ուշագի
դաշտերը:
Պետը,
մօրաքրոջս
տղան,
պարզուկ
մարդ
մըն
էր,
բայց
հրացանը
կը
գործած
էր
անասելի
գեղեցկութեամբ
ու
անվրէպ
ճշմարտութեամբ:
Ձմրան
առտու
մըն
էր,
երբ
կարաւանը
կիրճէ
մը
ելլելուն
ինքզինքը
գտաւ
բաց
դաշտի
մը
առջեւ:
Գիտէինք
ջաղացը
զոր
մշուշ
մը
կը
ծածկէր։
Ձիերը
կեցան
ու
ահա
մեր
աչքերուն
պարզուեցաւ
հազարէ
աւելի
մարդոց
բազմութիւն
մը,
ոստիկաններ,
զինուորներ,
ժողովուրդ
խառնիխուռն։
Տասը
ձիերու
տեսքը
արդեն
պարզ
էր
հոդ
հաւաքուած
մարդոց :
Բռնուած
էինք,
քանի
որ
մաքսանենգութիւնը
(ծխախոտի)
այդ
վայրերուն
մէջ
մահուամբ
կը
պատժուէր
ընդդիմութեան
մը
պարագային
Աչքիս
առջեւ
է
Պանապատը
(անունը
պետին)
որ
ակընթարթի
մէջ
կը
նետուի
գետին
եւ
հրացանին
փողը
երկարած
կը
հրաւիրէ
ամբոխը
անշարժութեան։
Մահուան
իրաւ
ու
պարզ
սա
սպառնալիքը
բաւ
եղաւ
որ
հազարը
անցնող
այդ
բազմութիւնը
որուն
մէջ
հարիւրէն
աւելի
էին
զինեալ
ուժերը,
սառի,
բառին
իրական
առումովը։
Մենք
քշեցինք
ձիերը,
սքանչելի
երիտասարդին
հրամանին
վրայ,
մարդոց
անշարժ
վախին
ու
թերեւս
հիացման
ալ
մէջէն
ու
անցանք
ձորակը
ջաղացին։
Անկէ
անդին
գիւղերը
մեզ
ներս
առին։
Բայց
իրականը
այդ
երիտասարդին
ուժն
էր,
հեքիաթի
վայել
ու
հեքիաթի
առաջնորդող։
Մեր
յեղափոխականներուն
յուշերուն
մէջ
նման
դրուագներ
չեն
պակսիր:
Չեմ
գիտեր,
ուրի՞շ
բան
է
դիւցազներգութեանց
մարդկային
հրաշալին:
[23]
Ըսի՞
թէ
այժմու
ըմբռնողութեամբ,
տեսակէտներու
ընդարձակումը
չափազանց
դժուարացուցած
է
նիւթին
ամբողջական
պարագրկումը։
Օտարներու
մօտ
15–20
հատորնոց
համադրումներ
եթէ
երբեք
արձանագրուած
են,
մեզի
համար
նման
կառուցումներ
առայժմ
անկարելի
կը
թուին։
Մենք
դեռ
չենք
զարգացուցած
հաւաքման
իսկ
միջոցները
նախանիւթերուն։
Հայոց
պատմութեան
շրջաններ,
ամրօրէն
սահմանափակ,
պէտք
է
իյնան
ուսումնասիրութեան։
Մարդու
մը
կեանքին
ընդհանուր
միջինին
արտօնած
գործունէութիւնը
հազիւ
պիտի
բաւէր
լիակատար
նուաճելու
օրինակի
համար
ԱՅՐԱՐԱՏը
(զոր
Ալիշան
իրագործել
կարծած
է
հաւաքումը
տպագրութեան
յանձնելով),
այնպէս
ինչպէս
կը
ներկայանայ
նիւթին
կերպարանքը
գրագէտին
ու
գիտունին
միտքերուն
առջեւ։
Բագրատունիներու
երկու
դարը
առնուազն
հինգհարիւրը
անցնող
էջերու
տասը
հատոր
է
իմ
մտքիս
մէջ,
ամէն
մէկ
արքայի
հատ
մը
նուիրելով,
ու
առանձին
ալ
ուրիշ
մը`
հաշուեկշռելու
համար
երեւոյթը։
Այս
լայնքով
ձեռնարկներ
ընդհանուր
են
մեր
ժամանակներուն
համար,
մեզի
ոչինչ
կը
պակսի
Մարդկային
կեանքը
տեսնելու
կերպին
մէջ
միայն
անհրաժեշտ
նորոգումը
չունինք
մենք։
Ապագայ
Հայոց
Պատմութիւնը
կեանքի
մը
վէպն
է,
զոր
պիտի
ընէինք
ոչ-վիպական: