Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Է հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Ահաւասիկ իր վերջին հանգրուանին կը հասնի Յակոբ Օշականի «ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» գործին հրատարակութեան ոդիսականը:

Գործին երկունքը ՝ պատրաստութիւնն ու կենսագործումը՝ որքա՞ն տեւեց. չգիտեմ։ Հաւանաբար ո՛չ ոք գիտէ կամ կրնայ գիտնալ։ Ապահովաբար, սակայն, Յ. Օշականի կեանքին հետ գոյութենական սերտութեամբ ընդելուզուած ընթացք մը եղաւ անոր կազմաւորումը թէ՛ որպէս յղացք, թէ՛ որպէս յօրինում։ Որովհետեւ, գրականութիւնը ընդհանրապէս եւ հայ գրականութիւնը մասնաւորապէս Oշականի ո՛չ միայն ուղեղին եւ սիրտին, այլեւ միսին ու ոսկորին, ջիղին ու երակին միախառնուած ապրում էր, աւետարանական պատկերով՝ « գոյիւ չափ զկեանս իւր »։

Գրականութիւնը՝ ինք՝ կեա՛նք էր Օշականի մտատեսութեան եւ զգայնութեան մէջ։ Աւելի յստակ պատկերացումով մարդկային կեանքին կեանքոտ վերստեղծումը, իր իսկ բառով՝ « անդրափոխանցումը » (transposition) կեանքին։ Իր իսկ կեանքը միազանգուեցաւ Հայ գրականութիւն–կեանքին հետ, իր սիրտը բաբախեց անոր տրոփովը, Պրուսայէն ուր կեանքի շունչ առաւ մինչեւ Հալէպ, ուր կեանքին շունչն աւանդեց եւ Արմաշէն ուրկէ գիրին ճաշակն առաւ մինչեւ Երուսաղէմ, ուր իր գրիչը ոսկի աշնան հասուն կերպն զգեցաւ, անցնելով Պոլիսէն ուր իր գրական խառնուածքը խմորուեցաւ մտաւորական եւ գեղարուեստական ընտրելագոյն աւանդութիւններով։ Վստահաբար, ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ–ի իննեակ հատորներու այս կոթողական գործը իր կեանքին մէն մի բջիջին հետ աճեցաւ եւ տարիներու երկունքի լուռ ներգործութեամբը մարմին զգեցաւ։ Որովհետեւ, կը հաւատամ, որ գիրին յանձնուելէն առաջ «գրուեցաւ», երկնուեցաւ ան իր հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ։ Այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ մարդու մը պարագային, որուն համար գրականութիւնը սոսկ վայելք, դասաւանդութեան առարկայ, յօդուածի նիւթ եւ գիրքի բովանդակութիւն ըլլալէ շատ առաջ եւ շատ վեր՝ համակ ապրում էր, տեսակ մը իր գոյութեան արդարացումը (raison d'étre), կոչումի մը նուիրականութեամբ գեղեցկացած։

Ինքն էր, որ կը յայտարարէր առաջին իսկ հատորի բացումին.

«Նպատակս է դարու մը կեանքին (արուեստի ելած իր կերպարանքին մէջ) համապատկերը դնել ընթերցողի աչքին։

«… Ուրեմն.

«– Գործեր, դէմքեր, մտայնութիւններ, բարեխառնութիւններ, գաղափարագրութիւններ, վիճակներ, կարճ՝ ամէն տագնապները, երազանքը, կսկիծները, քաղցրութիւնները, ձգտումները, խոյանքները, կիրքն ու խանդը, տրտմութիւններն ու լքումները, որոնք գրական կերպարանքներու տակ կը սեւեռեն իրենք զիրենք սերունդի մը տեւողութեան մէջ, կը կերպադրեն շրջանը, ու ցեղային գիծերու վրայէն նոր լոյս մը, նոր խորութեան ակօս մը կապահովեն կը կազմէն իմ աւագ մտահոգութիւնները » [1] ։

«... Ամէն մէկ հեղինակ ինծի համար հատոր մըն է, քանի որ իր գործը համառօտութիւնն է արդէն հազարաւոր զգայութիւններու, բոլորն ալ բանտուած՝ բառերուն ծոցը, բայց ընդունակ՚ կեանքին դառնալու»։

* * *

Արեւմտահայ գրական ժառանգութեան՝ ողջ կեանքի մը վրայ տարածուած սեւեռումի այս բացառիկ, շեշտօրէն ինքնադրոշմ, իր իսկ բառերով «անձնացեալ» ճիգը՝ գիր ը հագնելէն ետք՝ տիպ ին անցնելու համար, սակայն, քալեց երեսունչորս տարիներ …։ Առանց վարանումի կրնանք ըսել՝ ոդիսական մը ապրեցան իր ձեռագիրները։ 1945–ին լոյս տեսաւ, իր իսկ աչքերուն լոյսին տակ, առաջին Հատորը ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՍԵՐՈՒՆԴ բնորոշումով, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Վանքի տպարանէն։ Ինք կրցաւ արեւու լոյսով տեսնել իր հոգեծնունդ ստեղծագործութեան առաջին հատորը։ Անոր յառաջաբանն ալ գրելու երջանկութիւնը ապրեցաւ, հին ձեռագիրներու յիշատակարաններու մէջ մոռացութենէն փրկուելու անձկութեամբ տագնապող եւ «մեղօք լցեալ» գրիչներուն պէս, շնորհակալութեան իր սրտաբուխ տուրքը ընծայելով բոլոր անոնց, որոնք հատորի հրատարակութեան մէջ դեր ունեցած էին, Երուսաղէմի Սրբազան Պատրիարքէն մինչեւ տպարանի գրաշար ու տպագրիչ աշխատաւորները։ Այդ հակիրճ եւ հոգելից տողերը կը փակէր հետեւեալ սրտառուչ կտակով.

«Գիրքը կը յանձնեմ իր իրական տիրոջը՝ կարդացող հասարակութեան, որ սա էջին վրայ չի նշանակեր հմուտը, գրող, փղշտացին, այլ այն պարզ դասը մարդոց, որոնք հաւատքը ունին իրենց ժողովուրդի արժէքներուն, ու կարօտ՝ այդ արժէքներուն հարազատ, արդար փառքին։ Չհասկցուելու, սխալ հասկցուելու վա՞խ մը։ Մեծ կշիռ մը չառաւ այդ վախը իմ աշխատանքի ճամբուն վրայ։ Գիտեմ, թէ գիրքերն ալ մարդոց կը նմանին, իրենց ճակատագիրը իրենց հետ բերող։ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ–ը իմ ժողովուրդի հարիւրամեայ ապրումներուն կարելի խտութեամբ մատուցումն է դարձեալ իմ ժողովուրդին։ Անոր հեղինակը, այդ աշխատանքը կատարած ըլլալու գոհունակութենէն դուրս ուրիշ փառք կամ բարիք չէ սիրած»։

Իր կեանքի թելը, արդէն ազազուն, յանկարծ կտրուեցաւ 1948–ի Փետրուարին, Հալէպի մէջ, ուր իր գրականութեամբ խանդավառ երիտասարդ գրողներ ու գրասէր հասարակութիւն իրեն կ՚ընծայէին քիչ գրագէտներու վերապահուած այնքան հազուագիւտ պատիւը, որ թէեւ յատուկ անուն չունեցաւ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ, Prix Goncourt կամ Pulitzer Prize եւ այլ համաշխարհայնօրէն պայծառ անուններուն պէս եւ ոչ ալ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ՝ Հայկական շրջագծին մէջ, բայց ապահովաբար ունէր իր մէջ վաւերական վկայութեան անստուեր կնիքը հայ ժողովուրդի սիրտին, անոր թաթաւուն սիրոյն եւ բաբախուն երախտագիտութեան։

Իր առաջին հատորի հրատարակումէն ետք եօթը տարիներ (եւ մահէն՝ չորս տարիներ) սահեցան, մինչեւ որ, 1952–ին, լոյս տեսա նոր հատոր մը իր ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ–էն, դարձեալ Երուսաղէմէն, այս անգամ հինգերորդ հատորը, ԻՐԱՊԱՇՏՆԵՐուն նուիրուած, այսպէս կանխելով երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ հատորները։

Սիրոյ, յարգանքի եւ երախտիքի երրեակ զգացումներէ թելադրուած եւ գրական արժեւորումի արդար հասկացողութենէ զսպանակուած այս հրատարակութեան յառաջարանին մէջ, իր հոգեխառնութեան հաղորդ եւ իր անձի ու կեանքի մտերմութեանը մէջ ապրած Եղիվարդ կը վկայէր Հայ Գրականութեան այս Մեծ Վկային վկայախօս գործին մասին.

«Մեզի համար գոհունակութեամբ լի, սիրելի պարտք մը կը նկատենք անգամ մը եւս յայտարարելու, թէ Իրապաշատներուն նուիրուած այս հատորը, ինչպէս ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ-ի բոլոր հատորները, իրենց բացառիկ տեղը ունին մեր գրականութեան պատմութեան մէջ, թէ՛ իրենց յղացքով եւ թէ մեթոտով»։

Եւ կ՚աւելցնէր.

«Թոյլ կու տամ ինծի ըսելու, թէ երէկ, երբ տակաւին ողջ էր այս հատորին հեղինակը, անիկա շատերուն կը թուէր ապրող անցեալ մը. այսօր, իր մահէն տարիներ վերջ, անիկա մտքիս մէջ կը վերածուի հեռաւոր ու մեծ ապագայի մը»։

Դէպի ապագայ տարածուող այս ժամանակին մէջ մեծութեան շաւիղով վերթեւելու համար, սակայն, Յ. Օշականը պէտք ունէր ճանչցուելու գալիք սերունդներէն։ Գո՛րծն էր կնիքը իր անձին։ Պտղաբերումն իր կեանքին։ « Եւ ծառն ի պտղոյ իւրմէ ճանաչի » աստուածային յաւերժախօս ճշմարտութեան համաձայն։ Եւ այդ գործին մէջ՝ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ–ն էր ամենէն պերճախօս վկան՝ այդ ապագային մէջ գիծ ու գոյն հագնելիք իր մեծութեան։

Այս գիտակցութեան թելէն ահա իրերայաջորդ օղակներու պէս 1953–էն մինչեւ 1956, լոյսին կը բացուէին երեք նոր հատորներ, Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Վանքի տպարանէն.

Երկրորդ հատորը՝ «ՌՈՄԱՆԹԻՔՆԵՐ» անունին տակ (1953)

Երրորդ հատորը՝ «ԿՐՏՍԵՐ ՌՈՄԱՆԹԻՔՆԵՐ» վերնագրով (1954)։

Չորրորդ Հատորը՝ «ԴԷՊԻ ԻՐԱՊԱՇՏՆԵՐԸ» մակագրութեամբ (1956)։

Հրատարակութեան այս ոսկի շղթան կանգ առաւ, սակայն, լման երկոտասնամեակ մը։ Ձեռագիրները տեղի տեղ քալեցին, թերթերը խունացան, մելանը՝ արդէն տժգոյն՝ աւելի աղօտեցաւ, ընթերցումը դարձաւ մեհենագրութեան քակումի պէս դժուար։

1968–ին լոյս տեսաւ վեցերորդ հատորը, «ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՍԵՐՈՒՆԴ»ի առաջին բաժինը, այս անգամ Համազգային Մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի տպարանէն, նոր յոյսի նշոյլ մը բանալով Յ. Օշականի մեծութեան հետզհետէ պայծառացող հորիզոնին վրայ։ Բայց հատորը մնաց առանձին եւ հրատարակութեան ընթացքը վերստին մտաւ ոդիսականի իր լուս—ու–մութ ճամբաներուն մէջ։

Տասներկու նոր տարիներ սահեցան, մինչեւ որ կարելի եղաւ համատեղել բոլոր ձեռագիրները, կատարել հարկ եղած արտագրութեան տաժանագին աշխատանքը եւ վերըստին լոյսի սեւեռումին տակ բերել ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ–ը իր վերջին երեք հատորներով, այսպէս ամբողջացնելով ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՍԵՐՈՒՆԴին իր խորահայեաց եւ յայտնաբերիչ վերլուծումին եւ արժեւորումին նուիրուած աշխատասիրութեան հրատարակութիւնը։

* * *

Վերջին այս երեք հատորներու հրատարակութեան յաջողութեան գլխաւորագոյն եւ նուիրեալ վաստակաւորները եղան նախ հեղինակի հարազատ ընտանիքի անդամները, առաջին հերթին՝ իր Տիկինը, Արաքսի Օշական, որ համբերատարութեան գերագոյն աստիճանով՝ իր ամուսնոյն ձեռագիրները փրկեց, անոնց մաշող գիրը փոխադրելով իր սեպհական ձեռագրին՝ աւելի ընթեռնելի եւ մատչելի։

Ձեռագիրներու մէկտեղման, ապահով եւ կոկիկ պաշպանութեան եւ նոյնիսկ ոմանց մեքենագրութեան աշխատանքին իրենց հետեւողական եւ գուրգուրոտ հոգածութիւնը բերին իր դուստրը՝ Տիկին Անահիտ Ոսկերիչեան (Ամման) եւ որդին՝ Վահէ Օշական (Հիւս. Ամերիկա), որոնք գրականութեան սէրն ու հասկացողութիւնը գեղեցկօրէն ներդաշնակած ծնողական սիրոյն եւ երախտիքին հետ՝ իրենց անգնահատելի ծառայութիւնը բերին այս նոր հատորներու հրատարակութեան այնքան դժուարացեալ աշխատանքին։ Իրենց հետապնդումներուն եւ անձնական աջակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ ունենալ բոլոր ձեռագիրներն ու անոնց մասամբ արտագրեալ օրինակները եւ լծուիլ լուրջ հաւաքումի, դասաւորումի, արտագրութեան եւ հրատարակումի գործին:

Աշխատանքի այս գործնական ծիրին մէջ, իր նախանձախնդիր եւ մանրազնին, մեթոտիկ եւ հետեւողական ջանքով այս երեք հատորներու հրատարակութեան իր մեծ սատարը բերաւ Պր. Եղիշէ Վարդերեսեան, Անթիլիասի Դպրեվանքի նախկին սաներէն, այժմ ուսուցիչ եւ սպասաւոր Հայ Դպրութեան։ Ի՛նք էր որ կատարեց մեքենագրութիւնը Օշականի ձեռագիրներուն, երբեմն զանոնք բաղդատելու կատարած այլ արտագրութեանց հետ, կատարելով որոշ պրպտումներ, ճշդումներ եւ սրբագրութիւններ։ Պարզ մեքենագրութենէ անդին՝ յաճախ վերծանութեան աշխատանք եղաւ իր գործը։

Այս եօթներորդ հատորին առաջին մասին մեքենագրեալ օրինակը կարդաց նաեւ Յ. Oշականի աշակերտներէն, գրագէտ եւ քննադատ Պր. Պօղոս Սնապեան եւ կատարեց կարեւոր թելադրութիւններ՝ հրատարակութիւնը խնամեալ ձեւով ի լոյս ընծայելու տեսակէտէն։

Բոլորին կը յայտնենք Մեր շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքը այն անսակարկ եւ անխոնջ աշխատանքներուն համար, զորս տարին եւ որոնք բնականօրէն չէին կրնար այլապէս տարուիլ, եթէ չըլլար իրենց անսահման սէրն ու հիացումը Յ. Օշականի բացառիկ տաղանդին եւ անզուգական վաստակին նկատմամբ:

Շնորհակալութեան եւ երախտիքի Մեր խօսքը նաեւ այն երկու հայանուէր եւ գրասէր ազգայիններուն, որոնք ինքնայօժար ընդառաջումով պատասխանեցին Մեր խնդրանքին, յանձն առնելով մեկենասութիւնը այս երեք հատորներուն.

Ազգային բարերար Պր. Աւետիս Ն. Չագըճեանին (Եգիպտոս), որ յանձն առաւ հոգալ ծախսերը եօթներորդ եւ ութերորդ հատորներուն, անոնց յաւերժական արժէքին հետ միասին յաւերժացնելու համար նաեւ յիշատակը իր ամենասիրելի Տիկնոջ՝ Վերժին Չագըճանի, որ Յ. Օշականին աշակերտած ըլլալը նկատած էր միանգամայն պատիւ եւ երջանկութիւն։

Պր. Եդուարդ Սահակեանին (Նիւ Եորք), որ ոչ միայն սիրողն է Հայ գրականութեան, այլ նաեւ իր իսկ գրչովը սպասաւորն է եղած Ս. Մեսրոպի անժանգ ժառանգին՝ որպէս յօդուածագիր եւ խմբագիր «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»ի, միշտ մնալով սերտ ու յաճախ մտերիմ բարեկամը անուանի գրչեղբայրներու եւ մտաւորականներու: Ինք ուրախութեամբ ստանձնեց բարերարութիւնը իններորդ հատորի հրատարակութեան։

* * *

Յուսով ենք, որ 1980–ը չփակուած Յ. Օշականի ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ–ի այս վերջին երեք հատորները սեպհականութիւնը դարձած կըլլան իրենց հարազատ տիրոջ՝ Հայ ժողովուրդին։ Աւելի քան յիսուն հայ գրողներ Օշականեան գրչով վրձինուած են այս ինը հատորներուն մէջ, երեք գլխակարգումներու կամ բաժանումներու տակ դրուած [2], իր իսկ պատրաստած ծրագրին մէջ.

*

Զարթօնքի սերունդ եւ Ռոմանթիքներ . . Հատորներ) .

Իրապաշտներ . եւ Ե. Հատորներ)։

Արուեստագէտ Սերունդ . . Հատորներ)։

Բնականօրէն սոյն հրատարակութեան հանգամանքերը ամփոփ կերպով ուրուագծող այս յառաջաբանին ծիրին մէջ չիյնար արժեւորումը կատարել Յ. Oշականի ծաւալուն եւ բարձրարժէք գործին։ Ատիկա կը պատկանի ընթերցողին, քննադատին, գրագէտին, պատմաբանին, մէկ խօսքով՝ անոնց, որոնք այս հատորները կարդալու եւ ուսումնասիրելու բախտը պիտի ունենան։

Բախտը կ՚ըսենք, որովհետեւ՝

Իրական բացառիկ վայելք է այդ հատորներուն հաղորդակից դառնալը։ Անոնց մէջ տրուած Արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը, պատմութիւն ըլլալէ առաջ՝ գրականութիւն է։ Անուններու, թուականներու, թուակարգումներու, կենսագրական նշմարներու, բովանդակութեանց ամփոփումներու, ազդեցութեանց նշումներու, ոճային յատկանշումներու դասականացած, սովորութենացած արժեչափերէն եւ մօտեցման եղանակներէն շատ վեր, անբաղդատելիօրէն հեռու կը մնայ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐի այս հսկայածաւալ գործը իր բովանդակութեամբ, իր ոճով, իր մթնոլորտով, ամէ՛ն ինչով։ Օշական՝ գրագէտի իր շեշտուած հոգեխառնութեամբը, իր հոգեկան շաղուածքի բոլոր տարրերով ու թելերով՝ ապրա՛ծ է այդ գրականութիւնը, իր տպաւորութիւնները այնքան ուղղակիօրէն, մտերմօրէն քաղուած են հեղինակներէն եւ անոնց գործերէն, որ իր իսկ իւրայատուկ բառով՝ « անձնացած » են, դարձած՝ իր աշխարհին ալֆան եւ օմեղան: Պարզ խօսքով՝ Oշական գրականութիւնը կը վերստեղծէ նկարիչին պէս աւելի քան զայն կը պատկերացնէ լուսանկարիչին նման։

  Խորասոյզ է իր նայուածքը, որ գիտէ տեսարաններէն անդին անցնիլ եւ երեւոյթներուն թափանցել, պատկերներէն շատ հեռուն երթալ եւ իջնել գաղափարներուն, մանաւանդ գիրին մէջէն բռնել կեանքի թելը եւ տալ այդ կեանքը իր իրաւ էութեանը մէջ։

Այո՛, կը հաւատանք եւ կ՚ըսենք՝

Բախտաւոր մըն է այս հատորները կարդալ գիտցոդը։ Որովհետեւ անոնց մէջէն, եւ գրականութեան վայելքէն անդին, հայութի՛ւնն է որ վերջին մէկ դարու իր կեանքովը յարութիւն կ՚առնէ կարդացողի աչքերուն դիմաց։ Անտարակոյս, հայ կեանքը իր ամենախիտ արտայայտութիւնը գտած է հայ գրականութեան մէջ։ Օշական այդ գրականութենէն դուրս կը բերէ կեանքը ինչպէս հասկէն՝ ցորենը…։ Հայ գրականութեան քննադատութեան ամենէն անձնադրոշմ տիպարն է ան, այնքան անձնադրոշմ՝ որ ոչ մէկ ծանօթ ուղղութեան կը պատկանի, ոչ մէկ ճանչցուած դպրոցի հետ կը նոյնացուի եւ կը մնայ անկրկնելի։ Oշականեան գրական պատմագրութիւնը, աւելի ճիշդ՝ արեւմտահայ գրականութեան յայտնաբերման իր կերպը ինք եզական դպրոց մըն է հայ ժողովուրդի արդի գրական ժառանգութեան մէջ Օշականեա՛ն դպրոցը:

Երրորդ անգամ կը կրկնենք։

Բախտաւոր մըն է այդ գործը կարդացողը, որովհետեւ անոր մէջ ան ինքզինք կը գտնէ իր ցեղային ամենէն հարազատ, ամենէն վաւերական, ամենէն յատկանշական, ամենէն բաբախուն էութեանը մէջ։ Օշականի գրական այս «փոքր ածու»ին մէջ մտնողը՝ հայութեան հոտն ու գոյնը կ՚առնէ, եւ՝ երբ յամենայ այդ ածուին մէջ ու մտերմանայ անոր հողին ու կանաչին հետ՝ պիտի զգայ, որ այդ հոտն ու գոյնը իր սեպհական էութենէն կը բխի, որովհետեւ ինքզինք միախառնուած պիտի զգայ այդ ածուի ակօսներուն հետ, իր ժողովուրդի կեանքին ձայները այնպէս պիտի արձագանգեն իր անձին մէջ, որ կարծես ի՛ր հոգիէն կ՚արտաբերուին։

Հաղորդութեան բաժակ է Յ. Օշականի գրիչը։ Անկէ կը հոսի իր ազգի հոգին՝ մարմնով եւ արեամբ։ Իր գրիչը՝ իր անձին, Հայութեամբ սպունգացած, ոռոգուած էութեան, խօսքն է «բանն կենաց հայութեան»։ Իր անձը, անհատական անձը՝ հաւաքական, առհաւական եւ յաւերժական Անձին՝ Հայութեան մարմնացեալ եւ խօսուն պատկերը։

Յ. Օշականի գրչով վերստին կը խօսին բոլոր այն գրիչները, որոնց գիրը կայ այս գիրքին մէջ Օշականի շունչով վերստին կեանքի կոչուած։ Եւ եթէ Միքէլ Անճելօն Մովսէսի արձանը քանդակելէ ետք, պահ մը եւ քայլ մը հեռանալով անկէ, դիտե՜ց, դիտե՜ց ու ձեռքի գաւազանը վերցնելով զարկաւ հոգի ի՛ր հոգին հագած մարմարին եւ ըսաւ.

Խօսէ Մովսէս,

այսoր Օշականն ալ հեռացած այս աշխարհէն, կը նայի այս ինը հատորներուն եւ, այլեւս երկնի աստղերուն ցոլքն իրենց մէջ առած գիրերուն լեզուով կը բարբառի եւ կ՚ըսէ.

Խօսէ՛ Մեսրոպ

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.

2 Դեկտեմբեր, 1979

Անթիլիաս

 


 



[1]        Ընդգծումները՝ հեղինակէն։

[2]        Դժբախտաբար իր առաջին հատորին մէջ ծրագրուած չորրորդ բաժինը ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԿԱՄ ՍՓԻՒՌՔԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ բնորոշումով ծանուցուած իր առաջին հատորի ՄՈՒՏՔ–ին մէջ, կեանքի չկրցաւ կոչուիլ։ Ինքն իսկ կը տարակուսէր, թէ պիտի կարենա՞ր ամբողջացնել այդ բաժինը։ Կ՚ըսէր. «Թէեւ կաղապարները պատրաստ են յետ–պատերազմեան սերունդին վրայ կատարուելիք աշխատանքին, իբր շարունակութիւնը երեք սերունդներու նուիրուած սա վկայութեան, բայց կը տարակուսիմ թէ ինծի պիտի տրուի ժամանակ այդ կաղապարները վերածելու գործի»։